Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ

(Լայնանիստ դղեակ մը. բակին՝ ժողովուրդ. քովնտի մատուռ: Մատուռի գաւթին)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Տօնն է այսօր
Մարութայ սուրբ Աստուածածնին։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

(Խաչակնքելով):

Թող տարածուին իր սուրբ ձեռներ,
Զաւկըներուն վրայ մատաղ
Մեր բոլորին։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Բացուին դուռները մեղաւոր
Հոգիներուն.
Օր է ուխտի, օր ուզելու
Ամէն բարիք
Աստուածածնէն Մարութայ սուրբ։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Օրհնեալ, գովեալ, բարեբանեալ
Օրն է փոխման,
Տարեդարձին մօրն Աստուծոյ.
Ըրէք առջեւն իր պատկերին
Ուխտերը ձեր։
Ընծաներն ալ բխած սրտէն
Ձեր բարեպաշտ,
Մեծ ու պզտիկ,
Բերէք դնել իր սեղանին։
Օրհնեալ, գովեալ, բարեբանեալ։

ԱՂՋԻԿԸ

(Փունջ մը ծաղիկ կը դնէ սեղանին, ու ծնրադիր)

Բա՛ց, Տիրամայր,
Ճամբան լոյսին
Աչուրներուն իմ քոյրիկին՝
Կուղպ թարթիչով եկած աշխարհ։

(Կը խաչակնքէ, կը համբուրէ խորանին մարմար խաչը ու կը քաշուի)։

ԿԻՆ Մ Ը

(Սափոր մը մեղր կը դնէ սեղանին)։

Մեղրի նման ըրէ անուշ
Սիրտն անօրէն բռնաւորին
Վրան գերի մէկ հատիկիս՝
Մսրայ քաղաք, երեք տարի։

ՄԱՐԴ Մ Ը

(Գիրկ մը որայ կը դնէ սեղանին ոտքին)։

Տուր արտերուն
Առատութիւն,
Ցորենն ըրէ դուն անսպառ
Գեղ ու քաղքի
Ամբարներուն։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ

(Սակառ մը խաղող կը դնէ նոյն սեղանին)։

Արիւնը մեր ըրէ կրակ
Երակներուն մէջ բոլորին։
Վազքուր ուժէդ, քաղցրութենէդ,
Բազուկներուն ու սրտերուն
Մեր բոլորին։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ընդունական ըլլայ նուէրն,
Սասնայ բարի ժողովուրդին։
Մայրն Աստուծոյ մատուցանող
Ամենահաս իր Միածնին։
Օրն է բարի, օր ուզելու,
Բաց են երբեմն երկնի դուռներ։

ՁԱՅՆԵՐ

Մհե՜րը, Մհե՜րը, Սասնայ առիւծ
Թագաւորը:

ՄՀԵՐ

(ԶԷն ու զարդով կը մտնէ մատուռ: Կը ծնրադրէ խորանին ու կը բարձրանայ գետնին դանդաղ)։

Ինկաւ առջիդ, Սուրբ Տիրամայր,
Սասնայ իշխան։
Օրն է նորէն Քու մեծ տօնին։
Քառսուն տարի, ես այս օրին,
Չպակսեցայ ծունկ դնելէ,
Քու սեղանին սա մարմարի։
Քառսուն տարի, ես այս օրին,
Բերի խնդրանքն իմ մէկ հատիկ
Քու խորանին։
Ա՛լ կը դողայ սուրը ձեռքիս,
Պաղն է բռներ հուրքը սրտիս,
Ձիւն է ինկեր վրան գլխուս
Ու մօրուքիս։
Բայց չէ մարած լոյսն իմ հոգուն։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Վեր է մարդոց համրանքներէն
Չափն Աստըծոյ։
Պարտքը մարդոց որդիներուն
Ուզելն է միշտ,
Առանց դուլի ու լքումի
Անոր անբաւ բարութենէն։
Օրն է բարի, օր ուզելու։

ՄՀԵՐ

Ահա առջիդ Թուր-Կայծակին։

(Մէջքէն կը հանէ թուրը եւ կը դնէ սեղանին)։

Ահա առջիդ խաչը Հզօր Պատարագին։

(Կուրծքէն կը հանէ խաչը ու կը դնէ սեղանին)։

Ահա ոսկի կամար գօտին։

(Կը քակէ ու կը դնէ սեղանին)։

Նուէր քեզի, Աստուածածին,
Հրեղէն ձին,
Սասնայ մեծ տան
Քուռկիկն աղուոր,
Իմ Ճելալին։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ընդունական ընծան ըլլայ

Սասնայ իշխան Մեր Մհերին։

ՄՀԵՐ

Մեծ տասն աւան, երկու տաս շէն
Մարութայ սուրբ եկեղեցւոյն
Նուէր ինձմէ։
Յիշատակին մեռելներուն
Սասմանց տունին,
Բարօրութեանը ողջերուն,
Ժողովուրդին,
Թող մատուցուի սուրբ պատարագ
Աւուրանցն դատաստանին։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Յիշատակը արդարներուն։
Օրհնութիւնով ըլլայ ընդմիշտ։

ՄՀԵՐ

Քուկդ է իմ տուն,
Սասունն ամբողջ՝
Աստուածածին,
Տղեկ մը մերկ
Տայիր ինծի
Չորցած բունէն տարիներուս։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ընդունական ուխտն ըլլայ թող
Սասնայ իշխան մեր Մհերին։

ՄՀԵՐ

Մանչ մը ժառանգ Սասմայ գահին։
Անցնի գլուխն այս գեղեցիկ,
Լեռնաշխարհի ժողովուրդին։
Պաշտպան ըլլայ սահմաններուն,
Խաղաղութիւն՝ գիւղակներուն,
Վահան անյաղթ՝ սուրբ վանքերուն,
Ապառաժի նման քամակ՝
Մեր զօրքերուն։
Կապէ մէջքին ոսկի գօտին.
Կողէն շողայ Թուր–Կայծակին,
Հեծած նժոյգը հրեղէն
Քուռկիկն իմ բոց
Աջ թեւին՝ խաչ պատարագին,
Պտըտցնէ ահը Սասնայ
Արեւելքին ու Հարաւին։
Կապէ թեւերն իսկ հաւքերուն
Անցնիլ սարէն ու դուռներէն,
Ոտքերն աղտոտ վոհմակներուն
Արեւելքին ու Հարաւին.
Զաւակ մը մանչ
Չորցած բոլնէն տարիներուս։

(Կը քաշուի մէկդի՝ առանց գլուխը վերցնելու, խոր երկիւղածութեամբ)։

ԹԱԼԻՆ

(Բազկատարած: Ճերմակ մազեր լուսապսակ կը յօրինեն գլխուն շուրջ: Պարզ է ու

վսեմ)։

Տէր երկնաւոր,
Քու գութն հասաւ չոր Սառային,
Յովակիմին ու Աննային, Եղսաբէթին,
Մարմիններէն անոնց սառած
Ծնունդ տալու քու սուրբերուդ.
Մօրկանդ անուշ պաղատանքով.
Դուն մարդասէր Յիսուս Քրիստոս,
Քակէ մարմնէս հանգոյցը պիղծ
Իմ ամլութեան։
Աղախինին քու սա թշուառ
Տուր ջերմանալ
Կրակովը մայր ըլլալու.
Անուշութիւնն զգալ կուրծքիս
Մանկան միսին,
Հաճոյքն անճառ՝ կաթ բաշխելու
Սրտէս փրթած շրթունքներուն՝
Իմ ձագուկիս։
Զաւակ մը, Տէ՜ր, չորցած բունէն
Տարիներուս։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Օրհնեալ ես դուն, կիներուն մէջ,
Մայր Աստուծոյ։
Պտուղն օրհնեալ՝ որովայնիդ,
Մայր Աստուծոյ:
Ըրէ քու սիրտդ բաց է բոլորին
Խնդիրներուն,
Թագաւորէն մինչեւ որբին,
Մայր Աստուծոյ։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ալէլուիա, ալէլուիա,
Օրհնուած է ան որ կու գայ
Անուամբ Հօր
Եւ Որդւոյ
Եւ Սուրբ Հոգւոյն։

(Խոր լռութիւն, որմէ վերջ թեթեւ շրշիւն մը թեւերու: Սեղանին վրայէն հրեշտակի նկարը կը զատուի, կ՚իջնէ ատեան)։

ՀՐԵՇՏԱԿԸ

Ողջո՜յն՝ Սասունի հզօր իշխանին։
Ողջո՜ւյն՝ բարեպաշտ անոր կողակից
Թալին տիկինին։
Ողջո՜ւյն՝ Սասունի շէն ժողովուրդին։
Հասաւ ձայնը ձեր
Աստուծոյ գահին՝
Միջնորդութեամբը Սուրբ Կոյս Մարիամին։
Աւետիս ձեզի,
Ժառանգ կ՚ունենայ
Երկիրը Սասնայ։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Փա՜ռք բարձունքներու
Բարի Աստըծուն:

ՀՐԵՇՏԱԿԸ

Չըսի ամէնը։ Լա ըրէք մտիկ։
Սասնայ իշխանն, իշխանուհին
Ծնունդ տալէ վերջ ժառանգին,
Նոյն օրուան մէջ ու նույն ժամուն
Պիտի յանձնեն իրենց հոգին
Մէջն իմ ձեռքին։
Սասնայ իշխանն, իշխանուհին
Կ՚ընդունի՞ն գինն իրենց զաւկին,
Կը հարցնէ Տէրն իմ բերնով։

ՄՀԵՐ

Թող օրհնուի՜ կամքն Աստուծոյ.
Ո՞վ յաւիտեան մնացեր հոս։
Թող գայ ժառանգն իմ արիւնէն,
Գոցուին աչքերն իմ այս խաղաղ
Լոյս աշխարհին։
Ծոցն ես իջնեմ գերեզմանին
Ու ինծի հետ մայրը զաւկին՝
Թալին տիկին։
Թող օրհնուի՜ կամքն Աստուծոյ։
Խօսէ, Թալին, քուկդ է կարգը։

ԹԱԼԻՆ

Դժուար՝ սրտէս փրթած որդին
Յանձնել օտար ստինքներու.
Բայց քանի որ կամքն Աստուծոյ
Կ՚ուզէ այդպէս,
Ես աղախին, գետնի փոշի,
Կը խոնարհիմ, այս րոպէին,
Իր պատգամին:
Մէկ հատ փափաք,
Իմ Հրեշտակ
Տամ ժում մը կաթ
Իմ ձագուկին.
Պագնեմ բերնիկն անոր մէկ հեղ.
Յետոյ գոցուին թող իմ աչքեր
Այս աշխարհին.
Մէկ բարձի ենք քառսուն տարի
Ապրեր սիրով.
Թող քնանանք մենք նոյն բարձին
Մհերին հետ
Աւուրանցին դատաստանին.
Օրհնեալ ըլլայ կամքն Աստուծոյ։

ՀՐԵՇՏԱԿԸ

Ինը ամիս ու ինն օրէն,
Ինը ժամէն վերջ սա պահուն,
Թալին տիկին,
Դուն կը բերես այս աշխարհին
Ժառանգը մեծ.
Ան որ կոչուի պիտի դարեր
Սասնայ Դաւիթ.
Բազկով անյաղթ,
Մարմնով ահեղ,
Առիւծ պաշտպան
Սա բարեպաշտ ժողովուրդին.
Ինկէք ծունկի դուք սեղանին
Մարութայ սուրբ Աստուածածնին։

(Կը ծնրադրեն բոլորը)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Թող օրհնուի՜ ան որ կու գայ
Անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։

 

(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)