Քնարախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԿԵՐ ԵՐԿՐՈՐԴ

(Հրապարակ մը: Աշուղներ: Գինիի սեղան։ Ժողովուրդ)։

ԴԱՒԻԹ

(Բաժակը վերցնելով).

Խմեցէք, տղա՛ք, խմողաց անուշ
Իմ հօր մառանին անապակ գինին։

(Կը վերցնէ բաժակը երեք անգամ)։

Լուսահոգի Հօրն իմ գինին։
Երգէ՛, աշուղ, գովքն աղուորին
Աղուորներուն, սուլթաններուն։

Ա. ԱՇՈՒՂ

Յօնքերն անոր ոսկի կամար,
Հալալ է,
Հասակն անոր սէլվի չինար,
Հալալ է։
Մատաղ սիրտն իմ էն աղուորին,
Հալալ է,
Ու աչքերուն աղեղնակին,
Հալալ է։
Ծոցին մէջի աղւընակին,
Հալալ է։

ԴԱՒԻԹ

Անո՞ւնն, աշուղ, այդ աղուորին։

Ա. ԱՇՈՒՂ

Խանտուտ՝ անունն այդ աղուորին։
Մսրայ քաղաքից
Վարդը ձեռքին
Սպասելով սիրականին,
Հալալ է։
Ով ուզենայ տիրել սրտին
Էդ աղուորին,
Պէտք է գետին փռէ հասակն
Երկու քսան հսկաներուն,
Հալալ է, հալալ է։

ԴԱՒԻԹ

Եղէգի պէս առուի եզրին,
Ես կը փշրեմ երկու քառսուն
Հասակները հսկաներու:

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Տարեդարձն այսօր Դաւթի ծնունդին,
Անոր հօր մահուան Առիւծ Մհերին,
Տէրն իր լոյսերուն մէջ
Հանգչեցընէ Մհերին հոգին,
Ընէ երկաթ բազուկն անյաղթ
Անոր զաւկին.
Խմողաց անուշ։
Աչքն անպակաս վրան Սասնայ
Ժողովուրդին,
Մարութայ սուրբ Աստուածածին։

(Բաժակը վերցնելով).

Խմեցէք, տղա՛ք, Դաւթի մառանէն,
Նռան այս գինին,
Խմողաց անուշ:

Բ. ԱՇՈՒՂ

(Խմելէ վերջ)։

Մեր լեռներուն իշխան կտրիճ՝
Սասունցի Դաւիթ։
Մեր աղջիկներուն, մեր կնիկներուն,
Մեր մանուկներուն
Ազատող կտրիճ՝
Սասունցի Դաւիթ.
Օրհնուի, գովուի օրը ծնունդին,
Յիշատակն ալ սուրբ հօրը Մհերի,
Որ պիտի կապէ
Նարօտն իր քողին
Քու սաղաւարտին,
Խմեցէք, տղա՛ք, անոր արեւուն,
Խանտուտ սուլթանին։

Գ. ԱՇՈՒՂ

Լիքն են բոլորին սրտերը սիրով.
Ամբարները կուշտ, արտերը ազատ
Թշնամու ոտքէն։
Ապրի թող հազար, վառի միշտ պայծառ
Արեւը հպարտ Սասնայ Դաւիթին.
Փշրուի այսպէս շառաչն իր առջին։

(կը կոտրէ գաւաթը գետին նետելով)։

ՏԻՐԱՑՈՒ

(Հեւալով կը մտնէ ներս)։

Ըլլայ բարի մեր պարոնին,
Նստի, խմէ նռան գինին:

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ի՞նչ է, տիրացու, խռով կերեւիս:

ՏԻՐԱՑՈՒՆ

Եկան զօրքերը Կոզպատինին,
Թալեցին ողջ վանքը Մարութայ:
Կործանեցին խորանը սուրբ։
Սպաննեցին
Քառսուն վարդապետ,
Քառսուն քահանայ,
Քառսուն մէկ պակաս
Ինձ պէս տիրացու։
Ըլլայ բարի մեր պարոնին,
Նստի, խմէ նռան գինին։

ԴԱՒԻԹ

Խո՞ւնկն է պակաս, ձէ՞թն է պակաս,
Տուէք, տիրացուն առնէ ու տանի։

ՏԻՐԱՑՈՒՆ

Վանք թալեցին, կործանեցին
Խորանը սուրբ Աստուածածնի՝
Ըլլայ բարի մեր պարոնին,
Նստի, խմէ նռան գինին։

ԴԱՒԻԹ

Խո՞ւնկն է պակաս, ձէ՞թն է պակաս,
Էյ տիրացու,
Եօթը ջորի ու քառսուն ձի
Խունկի պարկին, ձէթի տիկին։

(Երկարելով բաժակը)

Խմէ գինին,
Օրն է այսօր իմ ծնունդին։

ՏԻՐԱՑՈՒՆ

(Նետելով մէջտեղ արիւնոտ շապիկը ժամուն).

Շապիկն է այս անուշ ձէնով
Տիրացուին։
Քառսուն քահանայ,
Քառսուն վարդապետ,
Քառսուն մէկ պակաս
Ինձ պէս տիրացու
Մորթուեցան ու կը պառկին
Սօսիին տակ
Մարութայ վանք Աստուածածնին,
Բանակն ըրա Կոզպատինին։

ԴԱՒԻԹ

(Շապիկը ձեռքը)։

Կտոր–կտոր փրթէր ուսէն
Իյնար գետին
Ձեռքն սպաննող վարդապետներ,
Որ գաւազան ոսկի կ՚առնեն,
Քարոզ կու տան ժողովուրդին։
Ձեռքն սպաննող քահանաներ,
Որ սուրբ սկիհ կ՚առնեն ոսկի,
Հաղորդ կու տան ժողովուրդին,
Ձեռքն սպաննող տիրացուներ,
Որ բուրվառէն արծաթ ոսկի
Խունկ կը ծխեն ժողովուրդին։

ՁԷՆՈՎ ՕՀԱՆ

(Շուարուն, խռով ներս մտնելով):

Փորձանք բերիր Սասնայ գլխուն,
Լերան ոտքն է Մսրայ Մելիք

Զարկեր բանակ։
Թիւ ու համրանք չկայ զօրքին,
Նստեր գինի դուն կը խմես։

ԴԱՒԻԹ

Մ ի նեղուիր շատ, իմ հօրեղբայր,
Մսրա Մելիք կ՚առնէ չափը,
Իմ հասակին, այդ գործն է իմ.
Անկէ առաջ, դուն մունետիկ
Արձակէ շուտ իմ բերանով։
Կ՚ուզեմ հազար հիմունք փորող,
  Կ՚ուզեմ հազար կիր շաղախող,
Կ՚ուզեմ հազար փորոք հիւսող,
Կուզեմ հազար գմբէթ նետող,
Ու հինգ հազար ալ պարզ բանուոր,
Մինչեւ կէսօր:
Շինուի վանքը Աստուածածին.
Սուրբ պատարագ լսուի կրկին
Նոր խորանէն,
Տօն յաղթութեան թշնամու դէմ։
Շո՛ւտ, հօրեղբայր, անցիր գործի,
Թուր–Կայծակին կը դողդղայ
Տես իմ ձեռքին։

ՁԷՆՈՎ ՕՀԱՆ

Մարութայ սուրբ Աստուածածին,
Դուն տարածէ աջդ իր վրան
Իմ Դաւիթին.
Մինչեւ կէսօր,
Հիւսն ու բանուոր
Գմբէթ նետող ու որմնադիր
Կը շինեն նոր
Մարութայ վանք:
Քառսուն վարդապետ,
Քառսուն քահանայ,
Քառսուն տիրացու,
Ու քառսուն դպիր
Ձայնով անուշիկ կ՚ընեն
Պատարագ:

ԽՄԲԵՐԳԸ

Քառսուն քահանայ, քառսուն վարդապետ,
Քառսուն սարկաւագ ու քառսուն դպիր
Սուրբ պատարագին։
Դաթի յաղթութեան, ննջեցեալներուն
Ալ յիշատակին։
Մարութայ սուրբ Աստուածածին,
Պաշտպան Սասնայ։
Առաջ, դուք քաջեր՝
Դաւիթ ու Թորոս ու Պարոն Աստղեկ,
Լերան ոտքին Մսրայ Մելիք
Զարկեր բանակ։
Թող Հասկնան ուժը բազկին
Մեր քաջերուն:

ԴԱՒԻԹ

Դուն տիրացու, դուք վարդապետ,
Դուք երգողներ,
Գացէք կանգնել Մարութայ վանք։
Թորոս Քեռի, Պարոն Աստղեկ՝
Դուք ինծի հետ։
Կռիւն է մեծ, որ կը սկսի։

(Բեմը կը պարպուի։ Խորքէն կը վերանայ վարագոյրը։ Տեսարանը դաշտ մըն է, վրաններով: Փող ու թմբուկ)։

ԴԱՒԻԹ

Հէ՜յ, անօրէն Մսրայ զօրքեր,
Ո՛վ քներ էք, շուտ արթնցէք,
Ո՛վ արթուն էք, զրահ առէք,
Ո՛վ սուր առեր, ձի թամբեցէք,
Ո՛վ ձի թամբեր, ելէք հեծէք,
Եղէք պատրաստ մեծ կռիւին,
Վերջը չըսէք, Դաւիթ գող-գող
Եկաւ, գնաց։

ՔԵՌԻ ԹՈՐՈՍ

Վար առնեմ բարտին, մէյտանը մաքրեմ։

(Աղմուկ է ու իրարանցում։ Րոպէ մը ամբողջ վրանները կը խառնակուին, Դաւիթ կը շարժէ Թուր–կայծակին, Քեռի Թորոս՝ բարտին, Պարոն Աստղիկ՝ մահակը)։

ԱԼԵՒՈՐԸ

Արեւդ Աստուած պահէ, Դաւիթ,
Սուրդ կտրուկ չիյնայ ձեռքէդ:
Մէկ ինծի դուն ըրէ մտիկ։

ԴԱՒԻԹ

Ժամ է երկու,
Չըլլար փառքը այդ մազերուդ
Ու մօրուքիդ,
Թըռած գլուխդ արդէն կ՚ըլլար:
Քաշուէ՛ մէկդի։

ԱԼԵՒՈՐԸ

Ինչո՞ւ վրան սա խեղճերուն
Կը խաղցնես Թուր–Կայծակին։
Ամէն մէկը մէկ տան ճրագ,
Ո՛րը հարսն է թողած անտէր,
Ո՛ր մէկն ունի տունով զաւակ,
Մէկն է դեռ նոր զատուեր հարսէն,
Ուրիշն հասուկ նշանածին,
Բռնի՝ Մելիքն է հաւաքեր
Բերեր այստեղ։
Թէ քաջ մարդ ես, գնա՛ կռուի
Մելիքին դէմ։
Մեղք չէ՞ շարժես Թուր–Կայծակին
Այս անճարակ մարդոց գլխուն։

ԴԱՒԻԹ

Շիտակ կ՚ըսես դուն, ալեւոր,
Մեղք է տան տէր ու զաւկի տէր
Այս մարդերուն։
Կ՚ուզեմ գլուխն ես Մելիքին,
Դաշտի մուկի պէս մտեր ծակ՝
Չկայ մէջտեղ։

ԱԼԵՒՈՐԸ

Նա, կը տեսնե՞ս վրանն այն մեծ,
Ուր է ծայրէն կ՚ելլէ փոշի
Ամպի նման։
Ան է վրանը Մելիքին.
Ան ճերմակ մուխն ալ չկարծես
Ամպ ու փոշի,
Շունչ է ելլող քթէն–բերնէն։
Թէ քաջ մարդ ես՝ գնա՛ արագ։

ԴԱՒԻԹ

(Մելիքին վրանին մօտ).

Մսրայ Մելիք, Մսրայ Մելիք։

(Ձայնէն վրանը կը բացուի. Մելիք պառկած. բերնին՝ ծուխ. պահակներ)։

Ինչ է պառկեր գոմշու նման,
Զօրքն իր թափած թուրի բերնին։

ՊԱՀԱԿԸ

Եօթը օրով պետք է պառկի,
Դեռ օրն երեք չեղաւ իրկուն։

ԴԱՒԻԹ

Եօթ օր, ութ օր չեմ հասկնար,
Արթնցուցէ՛ք։
Ի՞նչ է թափեր մարդերը խեղճ
Սուրի բերնին
Ու մտեր է անծայր քունի։

(Շարժելով սուրը)

Արթնցուցէ՛ք, թէ ոչ՝ կտոր–կտոր
Կ՚ընեմ ձեր գլուխներ։

(Պահակը տաքցած երկաթը կը փակցնէ ոտքին)։

ՊԱՀԱԿԸ

Այս շիկացած երկաթն ըսաւ,
Դնենք ոտքին, արթնցնել
Երբ ըլլայ պէտք։

ՄԵԼԻՔ

(Մէկ կողմէն միւսը շրջելով):

Մարդ չի կրնար կուշտ քուն առնել
Սա անպիտան մոծակներէն։

ԴԱՒԻԹ

Մսրայ Մելիք, Մսրայ Մելիք,
Ցատկէ ոտքի, կռիւ կ՚ուզեմ,
Էրիկ մարդ ես՝ իջիր մէյտան,
Թէ մահ չունիս՝ մահ եմ բերել,
Ինծի կ՚ըսեն Սասնայ Դաւիթ.
Պատառ-պատառ կը բզկտեմ:
Ես քու բերան. ելի՛ր ոտքի։

ՄԵԼԻՔ

(Նստելով, աչքերը շփելով, զայրացած իր դէմ կանգնած պատկերէն)։

Փուճ արարած, ըրիր հարամ
Քունս ու հանգիստ,
Ճանճի նման քեզ մէկ շունչով
Ես շպրտեմ մինչ Հինդիստան։

(Զօրաւոր շունչ մը կը փչէ Դաւթի վրայ)։

ԴԱՒԻԹ

(Արհամարհոտ).

Կամաց, կրնաս ճաթիլ կէսէդ։

(Զայրացկոտ, սուրը ձեռքը)։

Ոտքի՛,
Ելիր ոտքի, ու ցուցընեմ
Քեզ չափը քու բերանիդ։
Քառսուն գոմշու կաշի հագնիս՝
Չես ազատիր դուն իմ սուրէն,
Չորցած ճիւղի պէս փրցընեմ՝
Բազուկները քու ուսերէդ։
Այնպէս դաս մը տամ քու ցեղիդ,
Որ ա՛լ մտքէն իսկ չանցընէ
Աչքն իսկ ածել Սասնայ կողմեր՝
Աւուրացըն դատաստանի։
Ելի՛ր ոտքի։

ՄԵԼԻՔ

Օրէնքն այս չէ մեր աշխարհին,
Կռիւ կ՚ուզես, շատ–շատ բարի։
Բայց մէկ նստիր, հանգչէ, առ շունչ:
Կեր կտոր մը հացն Աստուծոյ:
Դուն իմ հիւրն ես, բիբն աչքերուս
Վրանիս տակ։
Օրէնքն ատադ է անսասան։
Յետոյ կռիւ՝ ուզածիդ չափ։
Արի նստիր։ Տես քեզ համար
Գահ եմ սարքեր։

(Պահակներուն).

Շո՛ւտ, տաքուկ ջուր, մեղրով շարպաթ,
Մսրայ Մելիք գիտէ յարգել
Հիւրն Աստուծոյ՝

(կամացուկ, Դաւթի ձեռքին բռնած կը քաշէ դէպի գահը, կը նստեցնէ զգուշութեամբ ու կը քաշուի։ Գահը կը սուզուի, Դաւիթն ալ հետը):

Հիմա գնա՛, անդունդին տակ
Ուզէ կռիւ։

(Կ՚առնէ խոշոր քարը ու կը փակէ բացուածքը. յետոյ՝ վրանին առջեւ բոլոր ձայնով կը

պոռայ)։

Մսրայ զօրքեր՝
Պատի, Կոզպատի, Սիւտի, Չարխատի,
Անցէք առաջ, չկայ Դաւիթ.
Կրա՛կ՝ բոլոր աւաններուն,
Քաղաքներուն ու գիւղերուն,
Կրա՛կ՝ բոլոր անտառներուն,
Այգիներուն, պարտէզներուն,
Ամբարներուն,
Կախեցէ՛ք ողջ՝ վարդապետներ,
Քահանաներ, սարկաւագներ,
Առջեւն իրենց պիղծ վանքերուն։
Սուրէ՛ անցնին ծերեր բոլոր
Ու պառաւներ,
Ողջ-ողջ թաղուի՛ն երիտասարդներ
Ու չափահաս։
Բոլոր անոնք, որ պեխ ունին,
Սուրէ՝ անցնին օրնի տղան,
Եօթնի չելած ամէն պզտիկ։
Շղթա՛յ դրուին աղջիկներուն
Ու կիներուն՝
Ծախենք սուղ–սուղ,
Մսրայ պազար։
Քարը քարին թո՛ղ չմնայ,
Այնպէ՛ս աւրենք ու կործանենք
Հողը Սասնայ,
Որ մեռելներն իսկ ետ դառնան
Երկիրն իրենց թող չճանչնան։
Առա՛ջ, առա՛ջ, Մսրայ զօրքեր։

(Հեռուէն խորունկ ձայն մը):

Ի՞նչ ձայն է աս։

ՁԷՆՈՎ ՕՀԱՆ

Դաիթ, Դաւի՛թ, Դաւի՜թ։

ՄԵԼԻՔ

Հա, Հա, Ձենով Օհանն է կը պոռայ.
Պատռէ կոկորդդ, որ ձայնդ հասնի
Ծուռ Դաւիթին։

ՁԱՅՆԸ

Դաւիթ, յիշէ Մարութայ բարձր
Աստուածածին,
Աջ թեւիդ խաչ պատարագին,
Պոռա, սրտանց՝
Մարութայ բարձր Աստուածածին։

ԴԱՒԻԹ

(Հողին տակէն).

Մարութայ բարձր Աստուածածին։

(Հարուած մը։ Քարը կը գլորի։ Դաւիթ դուրս է)։

Հերթը քուկդ է, Մսրայ Մելիք,
Մեղրով շարպաթ ճաշակելու
Վերջին անգամ.
Ես չեմ խաբեր.
Ըսէ կամքդ, կտակ ըրէ։
Մօրդ ու քրոջըդ ու կնիկիդ։
Թուր–Կայծակին հիմա կ՚ընէ մարմինդ քու
Ճիշդ երկու կէս։
Դժոխք փախչիս՝ չես ազատիր
Իմ հարուածէն։

ՄԵԼԻՔ

Հերթը իմն է առջի զարկին։

ԴԱՒԻԹ

Առջի–վերջի չեմ հասկնար,
Դէմդ եմ կեցեր, զարկ որքան ուժ,
Որ կայ բազկիդ։

ՄԵԼԻՔ

(Ամբողջ ուժով սուրը կ՚իջեցնէ Դաւթի գլխուն)։

ԴԱՒԻԹ

Ա՞յս է ամբողջ ուժը բազկիդ։
Լուի ծեծի չափ ալ չկայ
Սուրիդ մէջ ուժ։
Իմն է հերթը, ամուր կեցիր։

(Կը բարձրացնէ Թուր–կայծակին)։

ՄԵԼԻՔԻ ՄԱՅՐԸ

(Մէջը նետուելով).

Դաւիթ, ինծի կ՚ուզեմ բաշխես
Զարկն առաջին.
Քեզ պէս առիւծ թող մեղքնայ
Մօրն արցունքին։

ԴԱՒԻԹ

(Սուրն իջեցնելով)

Քեզի պարգեւ զարկն առաջին։

(Երթալով ետ՝ երկրորդ զարկին կը պատրաստուի)։

ՄԵԼԻՔԻ ՔՈՅՐԸ

Ինծի, Դաւիթ, բաշխես պիտի
Զարկը երկրորդ.
Քեզ պէս սրտոտ երիտասարդ
Չի կոտրեր սիրտը
Աղբօրն իր օր փնտռող քրոջ։

ԴԱՒԻԹ

(Սուրը իջեցնելով).

Քեզ կը բաշխեմ զարկը երկրորդ։

(Ետ երթալով՝ պատրաստուելով երրորդ զարկին)։

ՄԵԼԻՔԻ ԿԻՆԸ

Ծունկի ինկեր է քու առջին
Մելիքի կին,
Բաշխէ երրորդ զարկդ, Դաւիթ,
Կանաչ անոր արեգակին

ԴԱՒԻԹ

(Սուրը իջեցնելով):

Ըլլայ պարգեւ զարկը երրորդ
Քու մատղաշուկ արեւնակին։
Բայց ասկէ վերջ ինքն Հոգէա՛ռն
Իսկ մտնէ մէջ,
Ալ չի կրնար Մսրայ Մելիք
Ողջ ազատիլ իմ դանակէն։
Գացէ՛ք մէկդի, պահակ, նաժիշտ,
Մայր, քոյր ու կին,
Հոգի տալու պարտքը մինակ
Գրուած է, որ մարդ վճարէ։
Բոլո՛րն ալ դուրս։

(Բեմը կը պարպուի. վարագոյրին մեղմ էջքին մէջ կը լսուի շառաչը Թուր–Կայծակիին)։

 

(ՎԱՐԱԳՈՒՅՐ)

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Ապրի հազար աղջիկն աղուոր,
Հարսն անարատ Սասմանց տունին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ո՜վ ժողովուրդ.
Ձերն է հերթը ուրախութեան,
Ծով է գինին, Նռան գինին։
Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց
Սուրբ Հոգւոյն, ամէն։

(Վարդապետը կը քաշուի. բակին՝ աշուղները)։

Ա. ԱՇՈՒՂ

Կարգը մերն է տօն տօնելու,
Սասնայ տղերք.
Ըսէք. Աստուած շուտով լսէ
Աղօթքը մեր,
Ղրկէ Սասուն Խանտուտ Խաթուն,
Դաւիթին հարս,
Հուռռա՜

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Վարդեր բուսնին բերնիդ, աշուղ։

Բ. ԱՇՈՒՂ

Բերէք պսակը դափնիի,
Դրէք գլխուն քաջ Դաւիթին։

ԱՂՋԻԿՆԵՐ

(Աղջիկները պսակներով եւ պարելով).

Բերինք պսակ ու խուրձով սիրտ
Մեր Դաւիթին.
Մեզ ազատեց անօրէնին
Գերութենէն։

. աղջիկը կը դնէ պսակը).

Մանուկներուն պսակն է այս,

101

Առիւծ Դաւիթ,
Մայրերուն սիրտն է, որ կը բերենք
Պսակ գլխուդ։

. աղջիկը կը դնէ պսակը).

Կարճ ու երկայն կնիկներուն
Պսակն է այս,
Աստուած սրտիդ չափովը տայ,
Հսկայ Դաւիթ։

. աղջիկը կը դնէ պսակը. յետոյ՝ պարը երգելով)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Աստուած բիբն իր պահէ վրադ,
Առիւծ Դաւիթ.
Հայրենիքի ձայնը մեզմէ
Կը բարբառի։
Լեռն ըլլայ դաշտ ոտքերուդ տակ.
Բազուկդ հասնի
Այրիներուն, մանուկներուն ու
Որբերուն։

ԴԱՒԻԹ

Թուր–Կայծակին, հրեղէն ձին,
Մարութայ բարձր Աստուածածին,
Փառքը անոնց, ոչ իմ բազկին։
Մայրեր, քոյրեր ու եղբայրներ,
Մաքրուած է հողը Սասնայ
Թշնամիէն։
Ամէն տունի ցորեն, գինի,
Լուծք ու լծկան։
Ա՛լ չի վազեր Սասնայ ոսկին
Մսրայ քաղաք։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Մեծ է արդիւնքն արտերուն մեր,
Կարագն ու մեղրը մեր տուներուն,
Նժոյգն աղուոր, մանուկն առոյգ
Ա՛լ չեն երթար օտարի տուն։
Փառք քո բազկիդ, Առիւծ Դաւիթ,
Հայրենիքի տէր ու պաշտպան։

Գ. ԱՇՈՒՂ

Յօնքերն անոր ոսկի կամար.
Հալալ է։
Անունն անոր Խանտուտ Խաթուն.
Եաման է։

ԲՈԼՈՐԸ

Հուռռա՜, հուռռա՜, հուռռա՜։

ԱԼԵՒՈՐԸ

(Որուն հետն են Մելիքի մայրը, քոյրը եւ կինը):

Մեզ ալ ձեր մէջ, մեզի ալ տեղ,
Մեր ցաւերուն մենք արձագանգ
Կ՚առնենք երգէն ձեր յաղթութեան։
Մի՛ վստահիք դուք աշխարհին։

(Ցոյց տալով Մելիքի կինը):

Առտուն կինն այս
Վէս թագուհի, հիմա՝ գերի,
Ո՜վ ինչ գիտէ ինչ կը բերէ վաղը
Գլխուն մեր բոլորին։

ԴԱՒԻԹ

Կիներն այդ քեզ, ո՜վ ալեւոր,
Ես կը յանձնեմ։
Տանիս յարգով ու պատիւով Մսրայ քաղաք։
Ու չմոռնան սորվեցընել
Իրենց տղոց,
Որ օտարին զաւկըներուն գինը գիտնան,
Մենք չունինք աչք
Ուրիշներու ո՛չ իսկ շիւղին.
Բայց կը քակենք թել-թել պինչէն
Մեր իրաւունքն ուրիշներէն։
Երթաք բարով։

(Գերիները կը քաշուին)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ազնըւութիւն ու բարութիւն՝
Բերքն են Սասնայ,
Պարտեալներուն դէմ գթութիւն՝
փառքը Սասնայ.
Ապրի յաւէտ եւ Մհերի տուն,
Հետն ալ ՍԱՍՈՒՆ։

 

(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)