Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Պիթլիսի կառավարական պալատին մէջ արտասովոր շարժում մը կը տեսնուէր։ Ոստիկան զինւորները, հապճեպ քայլերով կ’երթեւեկէին, կառավարութեան պաշտօնեաները հաւաքուած կը խօսակցէին օրուան մեծ դէպքին վրայ։ Ամենուն դէմքին վրայ կը կարդացուէր շուարումի, դողի ու սրտաբեկումի արտայայտութիւնը։

Քիչ յետոյ, պալատին ՄԵծ Դուռնէն ներս մտաւ նահանգին վալին, իր հետ ունենալով ոստիկան զինուորներու հրամանատարը, եւ նահանգային վարչական ժողովի իսլամ եւ քրիստոնեայ անդամներէն մէկ քանիները։ Ասոնք, լուրջ ու մտածկոտ դէմքով մը, ճեղքեցին հրապարակը խռնուած զանազան ազգայնութիւններու ստուար ամբոխ մը, եւ, դանդաղ քայլերով վեր ելան, պալատին երկրորդ յարկը, ուր կանխած էին արդէն զինւորական բարձրաստիճան սպաներ, բաց ի միւշիր Զէքի բաշայէն, որ կ’ուշանար տակաւին։

Իրարանցումը մեծ էր եւ ընդհանուր։

Օրուան մէծ դէպքը՝ բոլոր միտքերը լարած էր. ամէն մարդ, անհամբեր, տենդագին, կը սպասէր վախճանին։

Հրապարակին մէջ խռնուած ամբոխին մէջէն յանկարծ աղաղակ մը բարձրացաւ.

Ահա՛ կուգա՜ն, ահա՛ կուգա՜ն…։

Ու ներկաներուն աչքերը յառեցան կառավարական Մեծ Դուռին կողմը։

Երկու վայրկեան ետքը, զոյգ զոյգ հեծելազօրքեր, արագ արագ ու կարգով կը մտնէին հրապարակը։

Հեծելազօրքերու ետեւէն կուգային եւրոպական տարազով հեծեալ, համազգեստներով, գլխարկաւոր մարդիկ ու կը մտնէին Մեծ Դուռնէն ներս։

Ասոնց ետեւէն կուգային դարձեալ հեծելազօրքեր, որոնք ամբոխը ճեղքելով, ճամբայ կը բանային այս նորեկ Եւրոպացիներուն։

Հրապարակին մէջ եռուզեռը սկսաւ. նեղ կուգար հրապարակը, մարդիկ զիրար հրմշտելով կուզէին ճամբայ բանալ ու խուժել պալատէն ներս։

Բերնէ բերան միեւնոյն խօսքը կը պտըտէր.

Քննիչնե՜րը, Եւրոպացի քննիչնե՜րը…։

ՍԱՍՈՒՆԻ ԴԷՊՔԻՆ քննութիւնը տեղին վրայ կատարելու պաշտօնով Պիթլիս հասնող անգլիական, ֆրանսական ու ռուսական Մեծ տէրութեանց ներկայացուցիչներն էին, որոնք նոյն օրը պիտի նիստ գումարէին Պիթլիսի կառավարական պալատին մէջ։

  Այս առաջին նիստի՛ն միայն պիտի ներկայ գտնուէր նահանգին վալին, ինչպէս նաեւ Դ. Զօրաբանակի միւշիր Զէքի բաշան։ Իսկ Բ. Դուռէն նշանակուած երեք քննիչները որոնք ընդունուած էին վերջապէս եւրոպական երեք մեծ տէրութեանց կողմէն, մասնակցելու քննութեան տակաւին կ’ուշանային, ինչպէս կ’ուշանար Զէքի բաշան։ Վալի՛ն միայն ներկայ էր.

Դուրսը, սպաները կ’սպասէին, կարգով ընդունելու եւ թուագրելու համար բողոքարկուներու աղերսագիրները, որոնք պիտի մատուցուէին Խառն Քննիչ Յանձնաժողովին։

Երեք Եւրոպացի քննիչները, սպասելէ յոգնած, Վալիին դիտել կուտային Օսմանեան երեք քննիչներուն ու միւշիր Զէքի բաշային յապաղումը։ Վալին ինքզինք կ’ուտէր արդարացնելու համար այդ աչքառու անկանոնութիւնը, որ Եւրոպացիներու լեզուով զանցառութիւն, կամ աւելի ճիշտը, պարտազանցութիւն պիտի թարգմանուէր։

  Վարը, հրապարակին մէջ, որ նոյն պահուն փոթորկատանջ ու կոհակակոծ ծովի մը տեսարանը կը պարզէր, բողոքարկուներուն տխուր թափորը, ամէնքն ալ ջարդէն վերապրողները, մէկ երկու տողերով սեւցած թուղթի թերթեր ձեռքերնին, օդին մէջ բարձրացուցած, կ’աղաղակէին,

Արդարութի՜ւն, արդարութի՜ւն…։

Ու սրտակեղեք այդ աղաղակները կը լսուէին վերէն։

Եւրոպական երեք մեծ տէրութեանց ներկայացուցիչները, սենեակին լուսամուտի փեղկերը բանալով վարը կը նայէին ու կը հարցնէին վալիին.

Ի՜նչ կը պօռան այդ մարդիկը.

Ոչի՜նչ, ոչի՜նչ, կը պատասխանէր վալին սադայէլեան շնական ժպիտով մը, հաւատարմութեան ցոյցե՜ր են, Վեհափառ Սուլթանին գթութիւնը եւ իրենց գործած յանցանքներուն համար ընդհանուր ներում շնորհուիլը կը խնդրեն բարձրաղաղակ։

Իսկ օտար քննիչները, պաշտելիօրէն միամիտ ու դիւրահաւան, կը գոցէին փեղկերը, չը լսելու համար այդ նեղացուցիչ աղաղակը։

Եւ սակայն կը կրկնուէր նոյն աղաղակը, աւելի՛ ուժգին, աւելի՛ մորմոքալի.

Արդարութի՜ւն, արդարութի՜ւն, մա՜հ ոճրագործներուն, մա՜հ մեր օճախը քանդողներուն…։

Այսպէս, շարունակ, անընդհատօրէն կ’աղաղակէր ամբոխը, հետզհետէ աւելի՛ կատաղի, աւելի՛ սրտաճմլիկ։

Յանկարծ, աղաղակները լռեցին. հրապարակի ժողովուրդին աչքերը դարձեալ ուղղուեցան դէպի պալատին Մեծ Դուռը, ուրկէ արագաքայլ ներս կը մտնէին հեծելազօրքեր, երկու կարգի բաժնուած, եւ ասոնց ետեւէն ոսկեճամուկ համազգեստներու մէջ ողողուած, երեք հեծեալներ, համիտական պաշտօնատարի անժպիտ դէմքով ու վէս կեցուածքով, որոնք, Բ. Դրան կողմէն նշանակուած երեք քննիչները պէտք է ըլլային։ Ասոնք կը պատրաստուէին վար իջնել իրենց ձիերէն, երբ Մեծ Դուռէն ներս իր հանդիսաւոր մուտքը գործեց, ճանճկէն ձիու մը վրայ գամուած նոր Ատտիլա մը։

Զէքի բաշան էր, Դ. Զօրաբանակի միւշիրը։

Օդին մէջ բարձրացած վրէժխնդիր բռունցքներու, հեկեկախառն լուտանքներու եւ աղեխարշ անէծքի աղաղակներուն մէջէն անցաւ, առանց բոլորտիքը նայելու, եւ կորսուեցաւ պալատին խորը։

Զէքի բաշային ներկայութեամբը կը լրանար անդամներուն թիւը։

Մինչեւ այն ատեն, ժողովին սեղանին վրայ դիզուած էին հրապարակին մէջ խռնուած բողոքարկուներուն աղերսագիրները, որոնք, ամէնքն ալ, կսկծալի ու քստմնելի մանրամասնութիւնները կը պարունակէին Սասունեան Արհաւիրքին, եւ հատուցում կը պահանջէին բռնաբարուած պատիւներու, թալլուած ինչքերու, հրդեհուած կալերու եւ բնակարաններու, վայրագօրէն յօշոտուած կեանքերու, եւ արդարութեան գործադրութիւնը, արժանի պատիժը մարդասպաններուն, որոնց ոճիրներուն հետքերը դեռ մնացած էին բնակիչներէն ամայացած անթիւ գիւղերուն մէջ։

Սակայն, Զէքի բաշա, այս գեհենային Եղեռնին իսկական հեղինակը, Եըլտըզէն նոյն օրը հասած հեռագրական գաղտնի հրահանգի մը համաձայն, կը փորձէր ուրիշ խնդիրներով զբաղեցնել եւրոպական քննիչները, ուրիշ օրուան յետաձգել տալով մատուցուած աղերսագիրներուն քննութիւնը, որ կրնար շատ անախորժ ու վտանգաւոր դիրքի մը մէջ դնել թէ՛ զինքը, թէ՛ Պիթլիսի նահանգին տեղական իշխանութիւնները։ Ուստի, եըլտըզեան գաղտնի հրահանգը միշտ ուղեցոյց ըրած իր այն օրուան բռնելիք ընթացքին, կը ջանար վրիպեցնել եւրոպական քննիչներուն ուշադրութիւնը, երկրորդական, խիստ աննշան կարեւորութիւն մը տրուելու համար այն աղերսագիրներուն։ Յաջողեցաւ ի վերջոյ համոզել քննիչները, նախապէս հարցաքննութեան ենթարկուելու նահանգին կեդրոնական բանտին մէջ ձգուած յեղափոխականները, որոնց գլուխը կը գտնուէր անուանի Մուրատը, Սասունի Ապստամբութիւնը վարած ըլլալու ծանր ամբաստանութեան տակ։

Եւրոպական քննիչները, որոնք արդէն կը շահագրգռուէին այդ հերոսով, դիւրաւ համոզուեցան Զէքի բաշայի թելադրութիւններէն, եւ պահ մը մոռնալով աղերսագիրները, համամտութիւն յայտնեցին Մուրատի հարցաքննութեամբը զբաղելու նոյն օրը։

Որոշուած էր, նոյն օրը Մուրատ պիտի հարցաքննուէր Խառն Քննիչ Յանձնաժողովին առջեւը։

Կուսակալի նշանացի ազդարարութեանը վրայ, դուռը սպասող ոստիկան զինւոր մը մեկնեցաւ, ուղղելով քայլերը դէպի կեդրոնական բանտը։

Բանտին մէջ ոգեւորութիւն մը տիրեց վայրկենապէս։

Բանտապանները գործի վրայ էին։

Հինգ վայրկեան ետքը, ոտքերն ու ձեռքերը շղթաներու զարնուած, նիհարակազմ, ամիսներէ ի վեր խոնաւ նկուղի մը մէջ ապրելէն ու թունաւոր օդը ծծելէն ու ծծելէն կմախք մը դարձած հազիւ երեսուն տարու երիտասարդ մը, մերկ սուիններով զինւորներու կրկին շղթայի մը մէջէն քալելով, բանտին դռնակէն կ’ելլէր ու կ’առաջանար դէպի պալատին հրապարակը, ուր, ոտքի վրայ կ’սպասէին բողոքարկուներու խումբեր, իրենց մատուցած աղերսագիրներուն ելքին։

Մուրա՜տը, Մուրա՜տը, կ’աղաղակէին բոլոր բերանները, ցոյց տալով շղթայակապ մարդը, որուն թախծոտ դէմքին վրայ կը յածէր ցաւագին համակերպութեան ու քայքայուած էութեան ցուրտ ուրուականը։

Եւ իրօք, Քննիչ Խառն Յանձնաժողովին առջեւ հարցաքննութեան կը տանէին Մուրատը, Սասունի Ապստամբութեան ղեկավարը։

  Անցքին վրայ, տեղ տեղ, կառավարական պաշտօնեաներ, զարմացական ակնարկներ կը փոխանակէին իրարու եւ կ’ըսէին.

Ա՛յսքան նիհար, ա՛յսքան տկարակազմ մարդո՞ւկ մըն էր այսքան մեծ աղմուկ հանողը…։

Ու գլուխնին կ’երերցնէին։

Բողոքարկու ամբոխին մէջ կը նշմարուէին ծերեր, պառաւներ, որոնք կուրծքերնին ծեծելով կ’անիծէին Մուրատը, որ իրենց զաւակները գլխէ հանելով լեռը տարած էր կռուելու եւ կռուին մէջ սպաննել տուած էր…։

Սակայն, շատեր ալ կային այդ ամբոխին մէջ, որոնք երիտասարդ յեղափոխականին բաղդը կուլային ու անէծքի կարկուտ մը կը թափէին հայակեր Զէքի բաշայի գլխին, որ իրենց օճախը քանդել տուած էր։

Պալատին կամարները կ’արձագանգէին յեղափոխականին ոտքերն ու ձեռքերը պրկող ցուրտ շղթաներուն շառաչները։ Պալատին ներսի բնակիչները, առհասարակ քարտուղարներ, իրենց սենեակներէն դուրս ելած, կը դիտէին անցքը։

Վերջապէս, աւազակութենէ վկայեալ ոստիկան զինւորներու մեծագոյն մասը Սասունեան Թալանին ու Սպանդին հերոսները կոպիտ վարմունքին ու նախատինքներուն առարկայ, եւ, իր շղթաներէն առանց վայրկեան մը բաժնուելու, Մուրատ հանուեցաւ Խառն Քննիչ Յանձնաժողովին ատեանը։

Քննիչները, առաջին անգամ էր որ արգահատանքի բնական զգացումով մը որ դժբաղդաբար կը պակսի առհասարակ պետական պաշտօնատարներու, կամ, ընդհանրապէս, ամէն կառավարողներու քով–, կը դիտէին հայ յեղափոխական մը, շղթաներու մէջ, եւ կ’ընդվզէին։

Պիթլիսի վալին ոտքի ելաւ, ու Յանձնաժողովի եւրոպական պատուիրակներուն ուղղելով խօսքը մասնաւորապէս եւ Մուրատը ցոյց տալով։

Պարոննե՛ր, ըսաւ, ահա՛ Մուրատ­Համբարձում ըսուած խռովարարը, Ապստամբապետը, Անիշխանականը, որ այս կողմերու խաղաղիկ բնակչութիւնը գլխէ հանեց ու կայսերական բարեխնամ կառավարութեան դէմ զինեց. այս մարդը խանգարեց նահանգիս անդորրութիւնը, զինուած, ասպատակային խումբեր կազմակերպեց Հայերէն ու, առանց խղճահարութեան, ընտանիքներ նստեցուց մոխիրի վրայ, գիւղեր այրել ու քանդել տուաւ, քանի՛ քանի մզկիթներ օդը հանել տուաւ, եւ ա՛յսքան տարապարտ արիւնհեղութեան ու ցաւալի դէպքերու առիթ տուաւ. ահա՛ այն մարդը…։

Բայց ինչո՞ւ շղթաներու տակ է, առարկեց պաղարիւնով մը, բրիտանական պատուիրակը, իր վրայ ծանրացած ամբաստանութիւնները հաստատուա՞ծ են, դատավարութիւնը վերջացա՞ծ է, վճիռ մը կա՞յ, եւ եթէ կայ, վաւերացուա՞ծ է այդ վճիռը Պոլսոյ Վճռաբեկ Ատեանէն։

Վալին կեցած տեղը մնաց, լեզուն կապուած, ի՞նչ պիտի պատասխանէր։ Մուրատ ձերբակալուելէն ի վեր հարցաքննութեա՛ն անգամ չէր կանչուած…։

Միւշիր Զէքի բաշան, որ անպատկառ սուտեր ստեղծելէ չէ՛ր քաշուեր, մէջ նետուեցաւ, առանց նշմարելու իր շուրջը խմորուող դժգոհութեան ու զայրոյթի արտայայտութիւնը, որ կը կարդացուէր միւս եւրոպական պատուիրակներու դիմագծերուն վրայ եւ աչքերուն մէջ.

Պարո՛ն պատուիրակներ, ըսաւ միւշիր Զէքի բաշա, այս մարդուն ձերբակալումը գիտէ՞ք ի՛նչ պարագաներու մէջ տեղի ունեցած է։ Կայսերական զօրագունդերս թեւերու բաժնած, հետապնդել կուտայի ապստամբ անիշխանականները, որոնք լեռները քաշուած, յաճախ դաշտերը կ’իջնէին, կողոպտելու համար պարկեշտ գիւղացիները, եւ որոնք, քանի՛ քանի անգամներ ճակատ առ ճակատ կռիւ մղեցին մեր զօրքերուն հետ, ահա՛ այս վտանգաւոր աւազակներուն, անիշխանականներուն պետը Մուրատ, նոյնինքն այս մարդը, լեռներու թագաւոր մը հռչակած ինքզինք, կը վարէր հայկական ապստամբութիւնը թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։ Վերջապէս, զօրքերս յաջողեցան գտնել իր որջը, ուր ապաստանած էր։ Զէնք ու զանազան պայթուցիկ նիւթեր, ուժանակ, ռումբ, եւն, հոն, իրեն ապաստանարան ծառայող որջին մէջ գտնուեցան. մի՛ կարծէք երբէք թէ՝ սոսկ ենթադրութեան մը կամ պարզ ամբաստանութեան մը վրայ ձերբակալուած ու բանտարկուած ըլլայ, en flagrant délit բռնուած է. ճիշդ այն րոպէին, երբ ոճիրը կը գործէր։ Այսպիսի պարագաներու մէջ ձերբակալուած ոճրագործ մը, ինչպէս որ շատ լաւ պէտք է գիտնաք, պարո՛ն պատուիրակներ, բնական է թէ՝ խիստ հսկողութեան տակ կը դրուի։ Եւ յետոյ, մեր երկրին բանտերը՝ ձեր երկիրներու բանտերուն չեն նմանիր, ո՛չ ալ հսկողութիւնը՝ ձերինին չը կրնար հաւասարիլ ապահովութեան եւ կանոնաւորութեան կողմէ, այնպէս որ յաճախադէպ են բանտէ փախուստներ. հետեւաբար, նո՛յնիսկ Եըլտըզէն ղրկուած կայսերական իրատէի մը հպատակելո՛վ է որ մենք ստիպուած ենք շղթաներու մէջ պահել այս յայտնի՜ եղեռնագործը…։

Ո՛չ, ո՛չ, կը սխալիք միւշի՛ր, ընդմիջեց ֆրանսական պատուիրակը, այս մարդը, (ցոյց տալով Մուրատը) մեզի համար Հնչակեան կուսակցութեան գործիչ մըն է, հայ յեղափոխական մը, քաղաքական բանտարկեալ մը, որ պէտք է վայելէ իր մարդկային իրաւունքները, ցորչափ չէ՛ կրած ոչ մէկ դատապարտութեան վճիռ. եւ ես կը խորհիմ թէ ՝ այդ շղթաները, գէթ առ այժմ, անյարմա՜ր են քաղաքական բանտարկեալի մը ձեռքերուն ու ոտքերուն, կ’առաջարկեմ հանել այդ շղթաները։

Այո՛, այո՛, պէտք է նախ հանել շղթաները, դիտել տուին միւս քննիչները, եւ այնուհետեւ սկսիլ հարցաքննութիւնը։

Երկու ոստիկան զինւորներ, անմիջապէս եկան քակեցին Մուրատի շղթաները։

  Յետոյ, նախագահին նշանացի ազդարարութեան վրայ, Մուրատ գնաց նստաւ անկիւնը դրուած աթոռակի մը վրայ, ամբաստանեալի նստարանը, եւ սկսաւ խորհրդաւոր նայուածքներ պտըտցնել բոլորտիքը։

Հարցաքննութիւնը պիտի սկսուէր, երբ, նոյն պահուն, հեռագրատան պաշտօնեայ մը ներս մտաւ, ձեռքին մէջ հեռագիրներու ծրարով մը, առաջացաւ դէպի վալին, որուն յանձնեց ձեռքի ծրարը։

Ժողովականներուն աչքերը դէպի վալին դարձան. ամէնքն ալ անհամբեր կը սպասէին իմանալ այդ հեռագիրներուն պարունակութիւնը։

Վալին, մէկիկ մէկիկ աչքէ անցընելով, մէջէն հեռագիր մը զատեց ու յանձնեց զայն միւշիրին, ուրիշ մը՝ եւրոպական քննիչներուն պետ բրիտանական պատուիրակին, եւ ուրիշ մըն ալ՝ օսմանեան քննիչներու պետին։ Իսկ ինքը, հեռագիր մը ձեռքին մէջ, կը լափէր, ու քանի՛ առաջ տանէր ընթերցումը, ա՛յնքան կ’այլագունէր։ Միւշիր Զէքի բաշային ձեռքէն ինկաւ հեռագիրը. իսկոյն ոտքի ելաւ ու հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած գինովի մը պէս սկսաւ երերալ. առանց մէկ բառ արտասանելու, եւ առանց շուրջը նայելու, մեկնեցաւ սրահէն։

Եւրոպական երեք պատուիրակները, սրահին մէկ անկիւնը քաշուած, իրենց հեռագիրը կը կարդային։

Նոյնը կ’ընէին օսմանեան պատուիրակները։

Անդին, ամբաստանեալի նստարանին վրայ գամուած, հայ քաղաքական բանտարկեալը կը դիտէր տեսարանը։

Վալին մոմէ արձանի մը պէս, բերանը չէր բանար։

Խորունկ լռութիւն մը սաւառնեցաւ ժողովասրահին վերեւ։

Մուրատ, նոյն ամբաստանեալի աթոռակին վրայ նստած, անկիւնէն ու կ’ըմբոշխնէր տեսարանը։

Հեռագրական այդ ծրարը խորհրդաւոր, ահաւոր բան մը կը պարուրէր իր մէջ։

Վալին ալ ոտքի ելաւ, հեռագիրը ձեռքին մէջ, եւ, առանց շուրջը նայելու, դանդաղ ու վարանոտ քայլերով, դուրս ելաւ եւ անցաւ դիմացի սենեակը, ուր կ’սպասէին նահանգին վարչական ժողովի անդամները։ Այդ սենեակին մէջ էր նաեւ միւշիր Զէքի բաշան որ տակաւին չէր կրցած բաժնուիլ իր ձեռքի հեռագրէն։

Ժողովասրահին մէջ մնացին միայն վեց քննիչները, որոնք իրենց մտքի խռով վիճակին մէջ մոռցած էին ժողովասրահին անկիւնը նստած քաղաքական բանտարկեալին ներկայութիւնը։

Կարծիքներու կարճատեւ փոխանակութենէ մը վերջ, օսմանեան պատուիրակներէն մէկը, դէպի դուռը մօտեցաւ ու ներս կանչեց ոստիկան զինւոր մը, որ հոն կը սպասէր։

Խուրշի՛տ, ըսաւ, ա՛ռ այս մարդը (ցոյց տալով Մուրատը), դարձեալ բանտը տար, բայց չըլլա՛յ թէ շղթայ զարնուի ոտքերուն կամ ձեռքերուն. թո՛ղ ազատ պտըտի բանտի շրջափակին մէջ. խստութիւններ ի գործ դնելէ զգուշացուի՛ թող…։

Երբ ոստիկան զինւորը, մօտենալով Մուրատին, կը պատրաստուէր գործադրելու քննիչին պատուէրը, Մուրատ, յանկարծ ոտքի ելաւ ու,

Էֆէնտինե՛ր, գոչեց, մինչեւ ե՞րբ պիտի տանջուիմ հասարակ ոճրագործներու յատուկ բանտի մը մէջ. ե՞րբ պիտի խօսեցնէք զիս.

Տղա՛ս, ըսաւ օսմանեան քննիչը, քիչ մըն ալ համբերէ՛, ամէն բան կարգի պիտի մտնէ. հիմա գնա՛, մէկ երկու օրէն պիտի կանչուիս, պիտի հարցաքննուիս ու թերեւս պիտի… արդարանաս եւ կամ կայսերական ներման արժանանաս։

Կ’արհամարհե՜մ ես այդ տխուր Մարդուն ներո՜ւմը… ես գթութիւն չե՜մ մուրար, այլ արդարութի՜ւն կը պահանջեմ…։

Շա՛տ լաւ, տղա՛ս, շա՛տ լաւ, շարունակեց քննիչը միշտ մեղմ ու կարեկցող շեշտով մը, դուն հիմա գնա՛, քիչ օրէն պիտի վերջանայ ամէ՜ն բան։

Մուրատ, շղթայազերծ, ոստիկան զինւորին առջեւէն կը քալէր։ Երբ վար իջաւ ու կ’անցնէր հրապարակէն, տեսաւ հոն խռնող ամբոխին մէջ դէմքեր, որոնք ծանօթ էին իրեն, Տալւորիկէն, Սէմալէն, Շէնիքէն ու շրջակայ գեղերէն, ամէնքն ալ իր զէնքի ընկերներուն դժբաղդ ծնողքները կամ պարագաները։

Հրապարակը դարձեալ յուզուեցաւ ծովի մը պէս։ Ամէն կողմէ կը գոչէին,

Արձակեցի՜ն Մուրատը, արձակեցի՜ն, օրհնեա՜լ ըլլան եւրոպական քննիչները, օրհնեա՜լ ըլլայ քրիստոնեայ Եւրոպա՜ն…։

Սակայն, իսկոյն, լռեցին այդ ուրախութեան ձայները, եւ ամբոխին գլխին վրայ պաղ ջուր մը թափուեցաւ, երբ միամիտ գեղջուկները, որոնք մէկ րոպէ առաջ եւրոպական քննիչները կ’օրհնէին ու քրիստոնեայ Եւրոպան, իրենց սեփական աչքերովը տեսան Մուրատի մուտքը բանտի դուռնէն ներս։

Վերը, ժողովասրահին մէջ, վեց քննիչները, փոխադարձաբար իրարու կը հաղորդէին ստացուած հեռագիրներուն պարունակութիւնը։

  Հեռագիրներէն մէկը Մեծ Եպարքոսէն էր, օսմանեան քննիչներուն ուղղուած, եւ կը հաղորդէր կայսերական «իրատէ» մը, որով կ’արգիլուէր Պիթլիսի վալիին ու միւշիր Զէքի բաշային մասնակցութիւնը Սասունի Դէպքի քննութեան, միեւնոյն ժամանակ յիշելով թէ Բ. Դուռը հարկադրուած էր դնելու այդ արգելքը, երեք ծանօթ մեծ տէրութեանց դեսպաններուն հաւաքական ծանուցագրին հետեւանքովը։ Իսկ միւս հեռագիրը՝ ծանօթ մեծ տէրութեանց երեք դեսպաններուն ստորագրութիւնը կը կրէր, իրենց երեք պատուիրակներուն ուղղուած, եւ խստիւ կ’արգիլէր Սասունի Դէպքի քննութեան մասնակցելէ Պիթլիսի վալին ու Դ. Զօրաբանակին միւշիրը, աւելցնելով թէ՝ այս երկու օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները պատասխանատու պիտի բռնուին ջարդերուն եւ թերեւս Պոլիս պիտի կանչուին ու դատի ենթարկուին։ Հեռագիրը մասնաւորապէս կը պատուիրէր քննիչներուն, կարելի եղածին չափ շփումէ զգուշանալ տեղական իշխանութեանց պաշտօնեաներուն հետ եւ ջանալ չազդուիլ ատոնց թելադրանքներէն, քննութիւնները կատարել իւրաքանչիւր տեղի վրայ, ճշդել պատասխանատուութիւնները, զոհերուն թիւը, կորուստներուն ու վնասներուն քանակը, թալլուած, քանդուած կամ հրդեհուած վանքերուն, եկեղեցիներուն, վարժարաններուն, հանրային շէնքերուն ու բնակարաններուն մանրամասն ցուցակը ներկցել պաշտօնական տեղեկագրին, որ գործուած խժդժանքներուն քննութեան արդիւնքէն զատ, պէտք է պարունակէ նաեւ տեղական պէտքերուն ու պահանջումներուն վրայ ձեւուած բարենորոգումներու ծրագիր մը, եւն. ։

Օսմանեան քննիչները, դեսպանական հեռագրին յայտնութիւններէն սահմռկած, եւ մանաւանդ, դարձեալ երեք մեծ դեսպաններուն հաւաքական ծանուցագրին հետեւանքով թէ՛ Պիթլիսի վալիին եւ թէ՛ միւշիր Զէքի բաշային նկատմամբ կայսերական այսքան ծանր ու նուաստացուցիչ կարգադրութենէ մը շփոթած, կը մտածէին արեւելեան մէթոտներու դիմել, կաշառելու համար իրենց եւրոպացի պաշտօնակիցներուն խղճմտանքը։

Հեռագրական հրահանգին տպաւորութեանը ներքեւ, եւրոպացի պատուիրակները կը զգուշանային բացուելէ օսմանեան քննիչներուն, եւ պէտքը կը զգային առանձնանալու, իրենք իրենց մէջ գաղտնի խորհրդակցութիւններ ընելու եւ յետոյ խօսելու։ Շատ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին Պոլսոյ մէջ, կը խորհէին երեք մեծ տէրութեանց պատուիրակները, եւ թերեւս իրենց իւրաքանչիւրին պատկանած կառավարութեան քաղաքականութեանը մէ՛ջ ալ պէտք է փոփոխութիւններ կատարուած ըլլային, որպէս զի յանկարծ, երեք մեծ դեսպանները միասին, հաւաքական ծանուցագիր մը տուած ըլլային Բ. Դրան եւ պահանջած՝ միւշիր Զէքի բաշային ու Պիթլիսի վալիին չեզոքացումը, եւ նոյն իսկ, ասոնց երկուքին ալ դատի ենթարկուիլը, եւն…։

Բ. Դրան քննիչները, երեքն ալ հոտառու, թափանցող միտքի տէր մարդիկ, եւրոպական պատուիրակներուն վարանոտ, այլամերժիկ ու կասկածոտ կերպերուն մէջ հոգեկան նոր վիճակ մը կը գուշակէին, վիճակ մը, որ նոյն օրուան հեռագրին ազդեցութենէն կրնար առաջ եկած ըլլալ։ Ա՛լ կասկած չէր վերցնէր, կը խորհէին օսմանեան քննիչները, եւրոպացիները չը պիտի ուզէին ո՛ եւ է քննութիւն կատարել նոյն օրը, եւ կը փափագէին մեկուսանալ, առանձնանալ։ Աւելորդ էր ուրեմն հակառակը պնդել։ Սակայն, լոկ փորձի համար, առաջարկեցին սեղանին վրայ դիզուած աղերսագիրներուն քննութիւնները սկսիլ։

Հարկ չը կա՛յ, հարկ չը կա՛յ, ըսաւ ռուսական պատուիրակը, այսօր բան մը չենք կրնար ընել, այսօր պէտք է լաւ մը խորհինք, որոճանք, մեր պաշտօնին փափուկ հանգամանքը նկատի առնելով՝ պէտք է ճամբայ մը գծենք, ուղղակի կարենալ հասնելու համար մեր նպատակին։ Հետեւաբար, ես կ’առաջարկեմ որ այսօրուան նիստը փակենք եւ մէկ քանի օր դադար առնենք, ի՞նչ կ’ըսէք։

Այո՛, յարեց ֆրանսական պատուիրակը, համամիտ եմ մեր դաշնակից կայսրութեան յարգելի պատուիրակին. մէկ քանի օր լավ է դադար տալ եւ սպասել նոր հրահանգներու, որոնք թերեւս մեծ կարեւորութիւն ունենան եւ որոշեն մեր քննութեան ընթացքը։

Ե՛ս ալ համամիտ եմ, ըսաւ բրիտանական պատուիրակը, պէտք է լաւ ուսումնասիրենք այսօրուան հեռագրով հասած հրահանգները, այնպէս չէ՞…։

Օսմանեան պատուիրակները լռեցին, ստիպուած էին համակերպիլ։