Սասունէն ետքը. Ա. Դիակապուտները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ.

Անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական նոր պատուիրակները Մուշ հասած, շոգեպինդ առաջ կը տանէին քննութիւնները, օժանդակ քննիչ մասնախումբեր հանելով Սասունի զանազան կողմերը, երբեմն ալ իրենք անձամբ այցելելով Արհաւիրքին վայրերը։

Արիւնի, Մոխիրի, Ոսկերոտիքներու զարհուրելի համայնապատկե՜ր մը, ուր գեհենային ոճիրները, բոլոր հակամարդկային հրէշութիւնները, իրենց գարշանքով ու քստմնեցուցիչ զանազանութիւններով ցուցադրուած էին հոն, Աղէտքի, Անէծքի եւ Արհաւիրքի այդ չարաշուք վայրերուն մէջ։ Մուշի երբեմնի գեղեցիկ ու բերրի դաշտերը, Սասունի երբեմնի ծաղկաւէտ բլուրներն ու անտառուտ լեռները, անհուն մոխրակոյտ մը կը պարզէին այցելուի աչքերուն առջեւ։ Հոս, Համիտիյէ հրոսակներուն ցանած հրդեհներէն այրած վանքեր ու եկեղեցիներ կը մխային տակաւին. հոն, երբեմնի շէն գիւղերու աւերակները կուլային. հոս, ձորերու մէջ ու բլուրներու կողերը, գիշատիչ թռչուններէն ու գազաններէն յօշոտուած ու կերուած անճանաչ դիակներու կարկառներ. հոն, գարշահոտ փոսեր, աճապարանքով ծածկուած հողակոյտեր, լքուած, մոռցուած մարմիններու մնացորդներ…։

Ահա՛ Սասունը, Ապտիւլ Համիտի անդրանիկ Գլուխ Գործոցը։

Պիթլիսի վալի Թահսին եւ միւշիր Զէքի բաշաները, ջարդին մեծութիւնը, զոհերուն թիւը, թալաններուն քանակը ծածկելու համար ամէն ճնշողական միջոցներ ի գործ դրած էին, աքսորի, բանտի, մինչեւ իսկ մահուան սպառնալիքներով ահաբեկելով նահանգին հայ բնակչութիւնը, բռնի հանրագրութիւններ ստորագրել տալով Հայերուն, անիծել տալով յեղափոխականները, անիշխանականները (՞)… եւ շնորհակալութեան ուղերձներ ղրկել տալով Եըլտըզ, Ապստամբութիւնը զսպած ու Արդարութիւնը վերահաստատած ըլլալուն համար։ Միւս կողմէ, Բ. Դրան Քննիչ Յանձնաժողովը, այդ ոճրագործ երկուորեակին ձեռքով ու գործակցութեամբ, յաջողած էր բոլոր կանխազգուշութիւնները ձեռք առնել, Աղէտքին բովանդակ պատասխանատուութիւնը բեռցնել տալու Մուրատին վրայ, որ իր խռովարար (. ՞) ու չարագործ (. ՞) հրոսախումբերով յաջողած էր կերպով մը Սասունի սահմաններէն ներս մտնել, ու Կովկասէն փախած հարիւրաւոր ծպտուն զինուորներու հետ ասպատակել ամբողջ նահանգը. կողոպտել խաղաղ թուրք եւ ուրիշ իսլամ ցեղերը, ջարդել, հրդեհել, եւն. եւն. եւն։ Հետեւաբար, այդ Յանձնաժողովին վճիռով, մահուան դատապարտուած էր Մուրատ իր զէնքի ընկերներով։

Յանձնաժողովին լրբութիւնը չափ ու սահման չունէր։ Միւշիրին թելադրութեամբ եւ վալիին աջակցութեամբ, լրտեսներու գաղտնի խումբեր կազմակերպել տուած էր, որոնք կը մտնէին զոհերու տէր ու բողոքարկու անմեղ Հայերու մէջ, զրպարտութիւն մը կը փակցնէին անոնց ճակտին, մուր կը քսէին ու մէկիկ մէկիկ ձերբակալելով բանտարկել կուտային զանոնք եւ այդ կերպով կը խեղդէին բողոքի ձայները։ Գաղտնի ոստիկան զինւորներու խումբեր, վալիին ու միւշիրին կողմէն կազմակերպուած, տունէ տուն կը պտըտէին ու սուտ վկաներ կը հաւաքէին, որոնք Յանձնաժողովին առջեւ կը յայտարարէին թէ՝ հայ անիշխանականներ, անգլիական զօրքերու տարազով, շատ մը մզկիթներ այրեցին, խեղճ քուրտ ընտանիքներ կողոպտեցին, աղջիկներ ու կիներ առեւանգեցին ու բռնաբարեցին, մէկ խօսքով, այդ վարձուած վկաները՝ Մուշի ու Սասունի հայ բնակչութեան ուսը կը բեռցնէին բոլոր վայրագութիւնները, որոնք գործուած էին Զէքիի զօրքերուն, քուրտ աշիրէթներուն ու համիտիյէ հրոսակներուն ձեռքով։ Ուրիշ գաղտնի գործակալներ, դարձեալ Յանձնաժողովէն հովանաւորուած ու վարձուած, վկայեալ մարդասպաններու հաւաքածոյ մը, որոնք Սասունի Ջարդին մէջ մեծագոյն դերը խաղցած էին, կոյսերու բռնաբարումներով եւ ուրիշ ահռելի ոճիրներով, Մուշի ու Սասունի ամայացած գիւղերուն անկիւնները դիակներ կը փնտռէին, անթաղ մնացածներուն դիակները, եւ մէկիկ մէկիկ հաւաքելով, ձորերու եւ հեղեղատներու մէջ, կամ ապառաժներու կողերը, հորեր կը փորէին ու խառն ի խուռն հոն կը նետէին զանոնք, այնպէս որ, արագ արագ առաջ տանելով այս եղեռնական գործողութիւնը, դեսպանական քննիչները Մուշ հասնելէ առաջ, Թալանին, Հրդեհին ու Ջարդին հետքերը յաջողած էին ջնջել։ Եւ այս դիակներու փնտռտուքին մէջ, այդ գերեզմանափորներէն շատերը հարստացան, զոհերուն վրայ մոռցուած գումարներու եւ գոհարեղէններու կողոպուտներով։

Դիակապուտներ Բ. Դրան Քննիչ Յանձնաժողովի համիտաբարոյ անդամները, Դիակապուտներ՝ ասոնց վարձած այդ մեռելներու փոսերն ու հորեր փորող վայրենիները. դիակապուտներ՝ Պիթլիսի Թահսինը, Երզնկայի Զէքիին ու իրենց արբանեակները. Դիակապուտներ՝ Եըլտըզի Բորենին ու իր Կամարիլլան…։

Այս Մութ Ուժին, այս Սեւ Ուխտին ու Դիակապուտներու այս գաղտնի Դաշնակցութեան դէմ ո՞ր օտար ոյժը պիտի զօրէր։ Դեսպանական Քննիչ Մարմինը կը շարունակէր իր քննութիւնները, անկախաբար եւ անջատօրէն, սակայն հազար ու մէկ խոչընդոտներու կը հանդիպէ։ Արդէն այս Քննիչ Մարմինը Պոլսէն չը մեկնած, Եըլտըզին Ա. Քարտուղար Թահսինի ստորագրութեամբ գաղտնի հեռագիր մը ղրկուած էր Պիթլիսի Թահսինին, օրինակ մըն ալ Բ. Դրան Քննիչ Յանձնաժողովի նախագահին, հրամայելով փութացնել անիշխանական (. ՞) Մուրատի դատավարութիւնը, անպատճառ դատապարտել զայն մահուան եւ դատական թուղթերը Պոլիս ղրկել անմիջապէս։

Եւ կայսերական այս բացարձակ հրամանը կատարուած էր վայրկենապէս։

Դեսպանական Քննիչ Մարմինը հոն հասնելէն երեք օր առաջ, Պիթլիսի հրապարակները, մզկիթներուն դռները, կառավարական պալատին պատերը, ամէն հանրային կարեւոր հաստատութեանց դռները, Մուրատի մահավճիռը փակցուած էր։ Մոլեռանդ ամբոխը տենդագին անհամբերութեամբ մը կը սպասէր մահուան պատիժին գործադրութեան, որ, ինչպէս մունետիկը ծանուցած էր, յաջորդ օրը պիտի տեղի ունենար։

Սակայն, Էրզրումի բրիտանական հիւպատոսարանի քարտուղար Մ. Շիբլի, իմանալով ամէն բան, ժամանակին հեռագրած էր եղելութիւնը Պոլսոյ բրիտանական մեծ դեսպանին՝ Սըր Ֆիլիբ Քըրրիի, որ կրցած էր անմիջապէս արգիլել տալ Մուրատի մահուան պատիժին գործադրութիւնը։ Ու երբ, Քննիչ Մարմինը Պիթլիս հասած էր, արդէն ոչնչացուցած էին բոլոր փակցուած թուղթերը։

Այսպէս, մահուընէ կ’ազատուէր Մուրատ ու իր ընկերները, բանտի արհաւիրքներուն մէջ սպասելով վաղորդայնին, որ տակաւին մութ էր։

Նախորդ եւրոպական քննիչները, երեքն ալ Էրզրումի երեք ծանօթ մեծ տէրութեանց հիւպատոսարաններու քարտուղարներ, հարիւրաւոր վկաներ մտիկ ընելէ, հարիւրէ աւելի նիստերու ներկայ գտնուելէ եւ երբեմն ալ անուղղակի ու գաղտնի քննութիւններ կատարելէ յետոյ, երեքն ալ համաձայն էին հետեւեալ երկու կէտերուն վրայ, այսինքն նախ թէ՝ Սասունի մէջ անիշխանականներ չը կային եւ Հայերը՝ պարզապէս ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած էին եւ ապստամբներ չէին. երկրորդ թէ՝ Սասունի Արհաւիրքին բովանդակ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ Համիտի կառավարութեան վրայ։

Սասունի Ջարդին ծագման, զանազան փուլերուն ու Քննիչ Յանձնաժողովի դերին վրայ որոշ ու յստակ գաղափար մը կազմելու համար կ’արժէ աչքէ անցընել ԲՐՕՖ. Կ. ԹՈՒՄԱԵԱՆի «Պատմութիւն Արեւելեան Խնդրոյ եւ Առաջնորդ Հայկական Հարցի» երկին տեսութիւնները. (Տես. Հատոր Բ. Գլուխ ԻԸ. Հայկական Հարցին Ճգնաժամը, եւ այլն)։

ՍԱՍՈՒՆԻ ՋԱՐԴԸ ԵՒ ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ

  Թիւրքիոյ կառավարութեան բռնած ընթացքը ապուշութեան, յիմարութեան գործ չէ, այլ քաղաքականութեան մը արդիւնքը։ Եւրոպական միջամտութիւնը իր գործոց մէջ միայն իր հպատակ քրիստոնէից պատճառաւ տեղի կ’ունենայ, Եւրոպական Թիւրքիոյ քրիստոնեայք այդպէս ազատուեցան։ Ասիոյ մէջ իրեն միակ հոգ պատճառողը հայ ցեղն էր, մանաւանդ Պէրլինի դաշնագրով անոր խնդիրը միջազգային ձեւ մը առնելէն ի վեր։ Ուստի Պէրլինի ժողովէն ի վեր փոխանակ անոր արդար եւ շատ համեստ պահանջումներուն գոհացում տալու, Հայոց յառաջդիմութեան եւ նիւթական, բարոյական ու թուական զարգացման առջեւն առնելու տուաւ իր բոլոր ջանքը։ Այդ բանը նախ գաղտնի, մեղմ միջոցներով ըրաւ, եւ ապա յայտնի, հրապարակաւ եւ բուռն միջոցներով, մինչեւ իսկ զանոնք դիմադրութեան գրգռելով ու ջարդելով։

Հայերը տկարացնելու, Հայաստանի մէջ նուազեցնելու այս քաղաքականութեան շատ նպաստաւոր սեպուեցաւ Քիւրտերը ձեռք առնելը։ Կազմուեցաւ Քիւրտ Համիտիյէ հեծելագունդը, եւ անոնց արտօնութիւն շնորհուեցաւ Հայերը վանել Հայաստանէն եւ անոնց տեղը գրաւել։ Այս քաղաքականութիւնը բոլոր թրքական կուսակալութեանց հասարակ է։ Թէ հին Թիւրքեր թէ երիտասարդ Թիւրքեր Ասիոյ մէջ Թիւրքիոյ ամբողջութիւնը պահելու միակ ճարը Հայերը իրենց երկրին մէջ տկարացնելը գտած են։

 

Ասկէ ծագեցաւ Քիւրտերուն համարձակ գործած եւ միշտ անպատիժ մնացած հարստահարութիւնները։ 1894 Յուլիսին Քիւրդ աշիրէթներ Սասունցի քաջ հայերուն վրայ ըրած մէկ արշաւի ժամանակ ետ մղուելով՝ իրենց կորուստին համար իրենց պաշտպան կառավարութեան կը գանգատին։ Պիթլիսի կառավարիչը՝ Հասան Թահսին փաշա՝ ասիկայ իբր Հայոց ապստամբութիւնը մեկնելով եւ մեծ բանակ մը ժողված՝ Սասունի վրայ կուգայ, եւ հետեւանքը կ’ըլլայ Սասունի ծանօթ ջարդը, որուն ամենէն սոսկալին տեղի կ’ունենայ Սուլթանին գահակալութեան տարեդարձին օրը, Օգոստոս 30։ Ըստ վկայութեան Վանի Անգղիական հիւպատոս Մ. Հօլվօրտի, (Կապոյտ Գիրք, Թիւրքիա. Նօ. 1 1895, Մասն Ա. էջ 15) Սասունի բոլոր գիւղերը ջարդուեցան։ Կառավարութիւնը կ’արգիլէ Մ. Հօլվօրտը քննո՞ւթիւն կատարելու համար Սասուն մտնելէ, եւ կ’ամբաստանէ զայն իբր Հայերը ապստամբութեան գրգռող։ Դեսպանը՝ Սըր Ֆիլիբ Քըրրի՝ ասոր դէմ բողոքելով անկախ քննութիւն մը կատարելու համար դեսպանատունէն մէկը ղրկել կ’ուզէ։ Սուլթանը այս ազդու միջամտութենէն վախնալով, ամբաստանութիւնը ետ կ’առնէ, խնդրելով որ քննիչը չի ղրկուի։ Դեսպանը կը հաճի, բայց քննութիւն մը կատարուելուն վրայ պնդելով, Սուլթանը ի՛նք քննիչ յանձնաժողով մը ղրկել կը խոստանայ։ Ասոր վրայ դեսպանը կը խնդրէ որ այդ յանձնաժողովը խառն ըլլայ եւ անդամոց երեքը պետութեանց երեք հիւպատոսները ըլլան։ Սուլթանը դեսպանին թուլութենէն, եւ ըրած զիջումներէն քաջալերեալ, ասիկայ կը մերժէ, եւ ժամանակ վաստկելու համար ձգձգելով երկար բանակցութեան մը կը սկսի։ Վերջապէս դեսպանը կը ստիպուի կրկին տեղի տալ եւ Սուլթանին թիւրք քօմիսիօնը ընդունիլ։ Միայն թէ շատ աշխատութեամբ կը յաջողի արտօնութիւն ստանալ որ գոնէ Անգղիա, Գաղղիա և Ռուսիա ալ երեք պատուիրակներ կցեն քօմիսիօնին, ոչ թէ իբր անդամ, այլ լոկ ականատես վկայ՝ նիստերուն ներկայ գտնուելու, եւ պէտք սեպած ժամանակնին ալ հարցումներ ուղղելու։ Այս երեք պատուիրակներն ալ ոչ թէ նախնական առաջարկին պէս պաշտօնական անձինք՝ հիւպատոսներ՝ պիտի ըլլային, որ մի քիչ ազդեցութիւն ունենային, այլ լոկ Էրզրումի հիւպատոսաց գրագիրները։

Ասիկայ մեծ պարտութիւն մըն էր Անգղիոյ համար, որ մինչեւ վերջը այս թոյլ ընթացքը շարունակեց, միշտ տեղի տալ եւ զիջանելով։ Բայց Անգղիա շատ գոհ մնաց ասկէ եւ Քօմիսիօնին մեկնելովը մի քիչ հանգիստ շունչ առաւ, քանզի Րօզպրիի ազատական տկար կառավարութիւնը առանձին սկսելու յանդգնած այս գործը՝ վերջապէս կը յաջողէր 3 պետութեանց վրայ դնել եւ պատասխանատուութիւնը բաժնել անոնց հետ։

Եթէ Անգղիա այսպիսի անօգուտ քննութեանց համար, որուն պէտք չի կար, ժամանակ չի վատնելով եւ առանց ձգձգելու, մէկէն, ազդուապէս գործէր, Սասունի Դէպքերուն վրայ կռթնած, հաւանական էր որ քիչ թէ շատ գոհացուցիչ արդիւնք մը ձեռք ձգէր։

Այսպիսի թիւրք Քօմիսիօնի մը ընելիքը արդէն յայտնի էր։ Դուռը պաշտօնապէս հրատարակել տուաւ թէ «Հայ աւազակաց արարքները քննել կ’երթան» ։ Ասկէ կը հասկցուէր թէ Դրան նպատակը ի՛նչ էր, եւ ի՛նչ խաղքութիւն պիտի կատարուէր։ Անգղիա այս յայտարարութենէն ալ չսթափեցաւ, այլ լոկ քաղաքավարի բողոք մը ղրկելով Դրան, շարունակեց մասնակցիլ այդպիսի խայտառակութեան մը, Գաղղիան եւ Ռուսիան ալ իր ետեւէն ձգած։ Իտալական կառավարութիւնը մերժեց մասնակցիլ այդ քօմիսիոնին։

Գաղղիոյ եւ Ռուսիոյ միութիւնը Անգղիոյ հետ, այնչափ ալ անկեղծ բան մը չէր, այլ աւելի Անգղիան կաշկանդելու համար էր, որմէ կը կասկածէին երկուքն ալ։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց պաշտօնեայք ալ, Լօպանօֆ եւ Հանօթօ, դժբաղդաբար թրքասէրներ էին։ Հանօթօ ժամանակաւ Պոլիս գտնուած եւ Սուլթանին սիրելի եղած էր, նաեւ գաղղիական թերթեր Սուլթանին ծախուած էին այդ ժամանակ։

Թիւրք քօմիսիոնը Եւրոպացի պատուիրակներէն ամիս մը առաջ հասաւ Մուշ, եւ ամէն բան կարգի դրաւ Համիտի ուզածին պէս։ Երեք պատուիրակներ առանց մեծ հեղինակութեան եւ առանց թարգմանի ըլլալով, Թիւրք պաշտօնէից խաղալիկ էին, մինչեւ որ Անգղիոյ դեսպանը բռնի թարգման մը ղրկեց անոնց։

Այս քօմիսիօնը 1895 Յունուար 24էն Յուլիս 21 տեւեց, վեց ամիս, 108 նիստ ունեցաւ Մուշ, 190 վկայ մտիկ ըրաւ, եւ ըստ Եւրոպացի պատուիրակաց հաստատեց թէ Հայք ոչ թէ ապստամբ էին, այլ յարձակմանց դէմ ինքզինքնին կը պաշտպանէին, եւ թէ պատասխանատուութիւնը կառավարութեան վրայ կը ծանրանայ։ Հետեւեալն է Անգղիոյ նուիրակ Մ. Շիբլիի վկայութիւնը.

«Հայերը ջարդուեցան առանց հասակի եւ սեռի խտրութեան։ Երեք շաբաթի չափ ժամանակամիջոցին մէջ, Օգոստոս 12 Սեպտեմբեր 4, Հայերը վայրի անասուններու պէս հալածուեցան…։ Ես ստիպեալ եմ ըսել որ սա համոզումը իմ մէջս գոյացաւ թէ Թուրք կառավարութեան փափաքածը ոչ թէ այնչափ խառնակիչ Մուրատ մը գտնել էր, որչափ Կէլիէկիւզեան եւ Տալվորիկ գաւառաց հիմնովին ջնջումը»։

ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐԸ

Մինչդեռ Քօմիսիօնը իր քննութիւնը կը կատարէր Մուշ, Անգղիա կրկին իր ետեւը ձգած Ռուսիան եւ Գաղղիան, Հայկական վեց նահանգներուն համար Էրզրում, Պիթլիս, Վան, Սվազ, Խարբերդ, եւ Տիարպէքիր բարեկարգութեանց ծրագիր մը պատրաստել սկսաւ, Պոլսոյ 3 դեսպաններուն միջոցաւ։ Ասոնք սկսան 1895 Ապրիլ 18ին եւ լմնցնելով ներկայացուցին Դրան Մայիս 11ին։ Բայց ասկէ կ’սկսի իրենց դժուարութիւնները։ Սուլթանը կարծուածին չափ դիւրամարս պատառ մը չէր, եւ փոխանակ մէկէն այո՛ կամ ո՛չ պատասխան մը տալու, Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր 15, Անգղիոյ եւ Ռուսիոյ իրարու դէմ տածած անվստահութեան վրայ յենած՝ 5 տարբեր ժամանակներ մասնակի պատասխաններով եւ կերպ կերպ առաջարկներով եւ առ երեւոյթս զիջումներով՝ 3 պետութիւնները ամբողջ 5 ամիս զբաղցուց եւ ձանձրացուց, մինչեւ որ իր ուզած ծրագիրը ընդունել տալով՝ վերջացուց խնդիրը, խափ խայտառակ ընելով երեքն ալ։

Ռուսիա Հայոց համար բան մը ընելու մտադիր չէր, եւ Անգղիոյ ընթացքն ու առաջարկները հաշտ աչօք չէր դիտէր։ Ուստի Լօպանօֆ Ռուսիոյ արտաքին գործոց պաշտօնեայն՝ Անգղիոյ բոլոր առաջարկութեանց դէմ կը դիմադրէր։ Կ’առաջարկէր թէ,

Հայերը ցրուեալ են եւ տեղ մը չիկայ որ Հայաստան կոչուի ու անոր համար մասնաւոր վարչութիւն մը տրուի։ Թէ Կովկասի Հայք գրգռեալ վիճակի մէջ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ մեծ ապստամբութիւն յառաջ բերել կը ջանան։ Եթէ Թուրքիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն համար բարեկարգութիւն կ’ուզուի, ինքն ալ համամիտ է, իսկ եթէ Հայոց համար բացառիկ արտօնութիւններ կ’ուզուի, որ ապագայ Հայկական թագաւորութեան մը կեդրոն դարձնեն, ինք անոր դէմ է։ Ռուսիոյ կողքին երկրորդ Պուլկարիա մը ստեղծել չուզեր։ Կ’առարկէ թէ դեսպանաց գծած սահմանները խիստ ընդարձակ են, գրեթէ Փոքր Ասիոյ կէսը։ Մանաւանդ եթէ Սուլթանը չընդունի, ի՞նչ պիտի ընեն։ Ձարը եւ ինք Սուլթանին վրայ ճնշում գործածելու հակառակ են, եւ ուրիշ պետութեան մը գործածելն ալ իրենց սիրելի չէ։

Ահաւասիկ այսպիսի առարկութիւններով, զորս առանց պատեհութիւն փախցնելու կը կրկնէ իր բոլոր հեռագիրներուն եւ գրութիւններուն մէջ, Լօպանօֆ արգելք եղաւ Հայոց գոհացուցիչ բան մը տրուելուն։ Անգամ մը իմանալով որ Անգղիոյ դեսպանը ճնշում գործածելու առաջարկութիւն կ’ընէ Ռուսիոյ Դեսպանին, իսկոյն բացարձակ արգելք մը դրաւ եւ խնդիրը այդ ժամանակէն (Յունիսի սկիզբը) դեսպանաց ձեռքէն առնուելով՝ կառավարութեանց մէջ կը կատարուէին բանակցութիւնները ժամանակ մը։

Կը մնար Անգղիա մինակը, որ անկեղծօրէն կը փափաքէր Հայոց համար բան մը ձեռք բերել, բայց շատ թոյլ ու երկչոտ վարուելով ամէն ինչ վիժեցուց։ Անգամ մը Լօրտ Քիմպըրլիին համբերութիւնը հատած, համարձակութիւն ունեցաւ առաջարկել որ որոշ պատասխան մը տալու համար 48 ժամ միջոց տրուի Սուլթանին։ Բայց Լօպանօֆ բացէ ի բաց մերժեց զայդ։ Վերջապէս Յունիս 2ին եկաւ Սուլթանին առաջին պատասխանը, իր կողմէն առաջարկուած ընդարձակ ծրագիրի մը ձեւով, որ դեսպանաց ըսածին նայելով իրենց առաջարկին մերժումն էր։

Դեսպանաց ճնշումին վրայ Յունիս 7ին Սուլթանը 2րդ. պատասխան մը կուտայ։ Համառօտ գրութեամբ մը կը պատասխանէ թէ սկզբունքով կ’ընդունի ծրագիրը, իրեն վերապահելով վերջը մանրամասնութեանց վրայ վիճելու ազատութիւնը։

Այս ժամանակ Լօրտ Րօզպըրիի ազատական նախարարութիւնը կ’իյնայ, առանց յիշուելու արժանի բան մը ընելու, բացի անօգուտ բանակցութիւններով անգին ամիսներ կորսնցնելու, որոնք եթէ անմիջապէս գործելու նուիրուէին, հաւանականաբար Հայկական Խնդիրը հիմա լուծուելու ճամբուն մէջ մտած կ’ըլլար։

Լօրտ Սօլզպըրի Յունիս 29ին պահպանողական կառավարութեան գլուխն անցնելով շատ աւելի բաղդաւոր չեղաւ։ Ամբողջ Յուլիս ամիսը բանակցութիւններով անցնելէն, խոստումներ ընդունելէն եւ 2 անգամ Սօլզպըրի Թուրք դեսպանին խիստ լեզու գործածելէն վերջը, Յուլիս 31ին դեսպանաց թարգմանները հանդիսաւոր կերպով Դուռը կը հրաւիրուին. իբր թէ մեծ բան մը լսելու, եւ երբ կ’երթան, իրենց կը յայտարարուի թէ նախարարաց յանձնաժողով մը մեծ զգուշութեամբ ծրագիր մը պատրաստած է, եւ Սուլթանն ալ վաւերացուցած, եւ որ թարգմանուելով հետեւեալ օրը պիտի հաղորդուի դեսպանաց։ Օգոստոս 1ին Սուլթանին այս 3րդ պատասխանը կը տրուի, որ կրկին բոլորովին անգոհացուցիչ բան մը կը գտնուի դեսպաններէն։

ԼՕՐՏ ՍՕԼԸԶՊՐԻ ԵՒ ՍՈՒԼԹԱՆ

Ասոր վրայ Լօրտ Սօլզպըրի ճնշում գործածելու հարկը տեսնելով, հասկնալ կուզէ Օգոստոս 5ին թէ Ռուսիա մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ։ Լօպանօֆ բացէ ի բաց մերժելով ճնշումի գաղափարը, Լ. Սօլզպըրի ալ ետ կը կենայ, Ռուսիայէն զատուիլ գործին չի գալով.

Լօրտ Սօլզպըրի Դրան հետ այս ու այն կէտի վրայ վիճելէն ձանձրացած՝ կեդրոնական հարուած մը կը փորձէ. կ’առաջարկէ թէ բարեկարգութեանց գործադրութեան ապահովութիւն ստանալու երկու կերպ կայ, մին որ պաշտօնեայք առնուին անխտիր քրիստոնեաներէ եւ մահմէտականներէ՝ իրենց թուոյն համեմատութեամբ, որ էր դեսպանաց ծրագրին պահանջածը, եւ զոր Սուլթանը չընդունեց։ Կը մնայ ուրիշ միջոց մը այն, է որ 4 Թուրքերէ եւ 3 պետութեանց 3 ներկայացուցիչներէ բաղկացած քօմիսիոն մը նստի Էրզրում կամ Վան կամ Պիթլիս, եւ հսկէ մօտէն։ Լօպանօֆ ի սկզբանէ ասիկայ ընդունեց։ (Թէեւ վերջը այսպիսի քօմիթէի մը Ռուսիոյ շատ մօտ ըլլալը չի սիրելով, անոր Պօլիս նստիլը յարմար սեպեց, եւ աւելի վերջն ալ բոլորովին ձգեց, առարկելով որ Պէրլինի դաշնագիրը ստորագրող ուրիշ պետութիւնք կրնան ալ պահանջել որ անդամ ունենան այս քօմիսիօնի մէջ)։

Մինչ կառավարութիւնք այս բանակցութեանց մէջն էին, դեսպանք ալ ծրագրին վրայ կը բանակցէին Դրան հետ, եւ չի գիտնալով թէ ի՛նչ է ընդունուածը եւ ի՛նչ է մերժուածը, իրենց կարծիքին համեմատ Դրան այլեւայլ անգամներ ընդունած կէտերը գրութեան մը մէջ ամբոփելով՝ կը ղրկեն Դրան, հարցնելու թէ ասո՞նք են ընդունուածները, եւ իրենց թարգմանները պատասխան մը ընդունելու կը ղրկեն մուրացկանի պէս։ Դուռն ալ դեսպանաց այս անդիւանագիտական ընթացքէն քաջալերուած, այս անգամ չորրորդն ըլլալով աւելի աննպաստ պատասխան մը կուտայ Օգոստոս 19ին, արդէն ընդունած շատ մը կէտերն ալ յետս կոչելով։

Ասոր վրան Լօրտ Սօլզպըրի աւելի պնդեց իր խառն քօմիսիոնի պահանջին վրայ։ Սուլթանը իր Լոնտրայի դեսպանին միջոցաւ յայտարարեց Լ. Սօլըզպրիին թէ խառն քօմիթէն չի կրնար ընդունիլ (Օգոստոս 21), եւ սպառնաց որ եթէ Լ. Սօլզպըրի պնդէ ասոր վրայ, Թիւրքիա ալ քաղաքականութիւնը փոխելով, Ռուսիոյ գիրկը նետուիլ պիտի ստիպուի։ Իսկ Լօպանօֆ Ս. Բէթերսպուրկի թիւրք դեսպանին կը յայտարարէ թէ ինք Անգղիոյ համաձայն է եւ Անգղիա ատկէ պակաս բան չէր կրնար պահանջել (Օգոստոս 28)։

Սուլթանը ժամանակ մը վախցաւ ասկէ եւ զիջումի երես բռնեց։ Որպէսզի Լօրտ Սօլզպըրիի Խառն Հսկող քոմիսիօնէն ազատուի, դեսպանաց սկիզբէն առաջարկածները ընդունելու միտում ցոյց տուաւ, սկսաւ կրկին բանակցիլ ընդունուելիք կէտերուն վրայ, Սեպ. ի սկիզբէն մինչեւ Հոկտեմբերի կէսը։ Հայք համբերութեամբ սպասելէն յոգնած եւ դեսպանաց զիջողութենէն կասկածելով եւ վախնալով՝ որոշեցին ցոյց մը կատարել Պապը Ալին Հոկտ. 1ին, որպէսզի խնդիրը շուտ եւ արդիւնաւոր կերպով վերջացնելու նպաստած ըլլան։ Կառավարութիւնը այս ցոյցը արգիլել ուզելով խռովութիւն տեղի կ’ունենայ։ Հայք եկեղեցիները կ’ապաստանին, մինչեւ որ դեսպանք միջամտելով՝ իրենց պաշտպանութեան տակ կը հանեն եկեղեցիներէն Հոկտ. 10ին։ Հոկտ. 13-14ին ալ արտաքին գործոց պաշտօնեայ Սաիտ բաշան 3 դեսպանաց հետ ծրագրին վերջին խմբագրութիւնը կատարելով, Սուլթանն ալ իր հաճութիւնը տալով կ’ընդունի Հոկտ. 15ին։ Այս անգամ ալ Դուռը զայն հրատարակել չուզեր, Սուլթանն ալ հրովարտակ հանել կը մերժէ, առարկելով որ Մահմետականք գրգռեալ են եւ հրովարդակ մը օգուտէն աւելի վնաս կ’ընէ։ Դեսպանք ստիպուեցան աս ալ կլլելով նստիլ եւ քիչ մը հանգչիլ, եւ այսպէս խնդիրը փակուեցաւ առժամապէս։

ԼՕՐՏ ՍՕԼԶՊԸՐԻՆ ԵՒ ՍՈՒԼԹԱՆԸ
Լօրտ Սօլզպըրի առ Պարոն Հէրպըրթ

Այս օրուան հեռագիրնիդ ստացայ, որով Սուլթանէն ինձ ուրիշ լուր մը կը բերէք, որ կը զարմանայ իրեն նախկին պատգամին պատասխանը չստանալուն համար, որուն մէջ Ն. Կայսերական Վեհ. վերահաստատած էր իր խոստումները Հայկական Նահանգաց մէջ ներմուծուելիք բարեկարգութիւններու մասին, եւ որ Նորին Վեհ. Թագուհւոյն Կառավարութեան օգնութեանը կը դիմէր իր այս գործին մէջ օգնելու համար։

  Ի պատասխանի, Ն. Կ. Վեհ. պէտք է բացատրէք որ իր վերջին պատգամին տալիք պատասխանս յետաձգած էի, մինչեւ որ անոր մէջ ինծի խոստացածը կատարէ, բարեկարգութեան ծրագիրը նոր իրատէով մը հրատարակելով։ Դուք կրնաք նաեւ հրատարակման յետաձգուելուն պատճառաւ գացած ցաւս եւ յուսախաբութիւնս յայտնել իրեն։

Դուք Ն. Կ. Վեհ. հաղորդեցէք որ իր դէպի այս երկիր ունեցած բարեկամութեան վստահացումը յարգանօք կ’ընդունիմ, նաեւ տեղեկացուցէ՛ք իրեն որ Ն. Կ. Վեհ. Թագուհւոյն Կառավարութիւնը տակաւին կը փափաքի օգնել իրեն, բայց թէ անհրաժեշտ կը նկատուի որ քայլեր առնուին, վերջնապէս արգիլելու համար Մահմետականաց կողմանէ Քրիստոնեաներու դէմ ի գործ դրուած յարձակումները, որոնք Օսմանեան Կայսրութեան երբեմն քանի մը մասերուն մէջ տեղի կ’ունենան։ Մեզի հասած տեղեկագրութիւնք կը ցուցնեն որ Սուլթանը սխալած է իր համոզման մէջ, թէ հայերը պատճառ տուած են այն անկանոնութեանց։ Մեզի տեղեկագրուած է որ գրեթէ ամէն տեղ իրողութիւնը ասոր հակառակն է, եւ թէ շատ տեղեր թրքական իշխանութիւնը եւ զօրքերը քաջալերած են, նոյնիսկ մասնակցած են խռովութեանց։

Այն իրողութիւնը որ Սուլթանը վերջերս պատուանշան տուաւ պաշտօնատարի մը, զոր ինքը պաշտօնանկ ըրած էր խիստ յոռի վարչութեան պատճառաւ, չի քաջալերեր Նորին Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութիւնը ո՛ եւ է վստահութիւն ունենալու թէ՝ խոստացեալ բարեկարգութիւնները հաւատարմութեամբ գործադրելու մասին Ն. Կ. Վեհափառութեան դիտաւորութիւնը լուրջ բան մըն է։

Ն. Վեհ. Սուլթանի պատգամը առ Պր. Հէրպըրթ.

«Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ իմ բարեկամական տեղեկագրերէս եւ իմ բարի նպատակներս յայտնող արտայայտագրերէս վերջն ալ տակաւին ոչ մի պատասխան չեմ ստանար Լօրտ Սօլզպըրիէն։

«Ես Անգղիայէն օգնութիւն կը սպասեմ, եւ կը կրկնեմ որ Անգղիա պէտք է վստահ ըլլայ իմ խոստմունքներս կատարելու մասին ունեցած ջերմ փափաքիս նկատմամբ։ Բարեկարգութիւնք շնորհուած են։ Աշխարհի մէջ չկայ պատճառ մը ենթադրելու որ անոնք ի գործ չպիտի դրուին հաւատարմաբար։ Իմ եւ այս երկրին շահերը կը պահանջեն որ բարեկարգութիւնները ներմուծուին. եւ բնականաբար այս մասին մենք մեր շահերը նկատողութեան կ’առնենք։ Բարեկարգութեան գործադրումը սակայն կարգ ու կանոնին վերահաստատումէն կախեալ է, անոնք ազդեցիկ կրնան լինիլ միայն երբ խաղաղութիւն կը տիրէ։

  «Հայերը իրենց էնթրիկներուն եւ ապստամբութեանց պատճառաւ, ինչպէս նաեւ իրենց անկանոնութեանց առիթ տալովը, բարեկարգութեանց գործադրութեան յետաձգուելուն պատճառ եղած են եւ տակաւին կ’ըլլան։ Շաքիր փաշան Էրզրում հասածին պէս սկսաւ քրիստոնեայ ժանտարմներ կազմակերպել, ինչ որ ապացոյց մըն է թէ ես փափաքեցայ մէկէն գործի սկսիլ։ Յետոյ խռովութիւններ տեղի ունեցան Էրզինկեանի մէջ, որուն յաջորդեցին Պայպուրթի եւ Էրզրումի խռովութիւնները։ Չեմ գիտեր որ Շաքիր փաշան կարողացա՞ւ աւելի բան մը ընել, բայց անիկայ հոն հասած օրը անմիջապէս գործի սկսաւ, եւ եթէ անիկայ շարունակելու անկարող եղած է, խառնակութիւններն էին որ զինքը արգիլեցին։ Մեծ զոհողութեամբ բազմաթիւ զօրքեր հաւաքել հարկադրուեցայ անկարգութեանց վերջ մը տալու եւ ապա ըստ կարելւոյն շուտ բարեկարգութիւնները գործադրելու համար, եւ կարծեմ թէ կարող պիտի ըլլամ զանոնք կատարելապէս գործադրել նուազ քան երկու ամսուան ժամանակամիջոցի մը մէջ, կարգ կանոնը վերահաստատածիս պէս։ Այսպէս չեմ կարծեր որ շատ երկար ժամանակ պիտի անցնի բարեկարգութիւնը կանոնաւոր կերպով գործադրելէ առաջ։

«Այս նպատակս աւելի յառաջացնելու համար, վաղը պիտի ղրկեմ երկու փաշաներ՝ Ապտուլլահ եւ Սաատէթտին փաշաները՝ քաղաքային պաշտօնատարաց հետ, առաջինը պիտի երթայ Էրզրումի կողմերը եւ երկրորդը Պիթլիս։ Իրենց առաջին ջանքը պիտի ըլլայ խաղաղասիրական միջոցներով եւ ժողովրդոց ամէն դասակարգին խրատ տալով կարգ ու կանոնը վերահաստատել, եթէ կարելի ըլլայ. ասիկայ իմ հաւատարմութեան մէկ ուրիշ ապացոյցն է։

«Թող ուրեմն Անգղիա օգնէ ինծի, Հայոց լաւ խրատներ տալով, նոյն իսկ սպառնալով անոնց, որ ոչինչ կրնան շահիլ իրենց ներկայ ընթացքով, նաեւ ըսելով որ բարեկարգութիւնք չէ կարելի գործադրել որքան ժամանակ որ իրենք կը շարունակեն գրգռել ժողովուրդը եւ խռովութիւններ ստեղծել։

«Ինչո՞ւ ուրեմն Անգղիա չի՛ օգներ ինծի։ Չեմ կրնար հասկնալ։ Լօրտ Սօլզպըրին ինծի օգնել չո՞ւզեր։ Հակառակ իմ բոլոր անկեղծ ջանքերուս, կը տեսնեմ որ անգղիական թերթերը տակաւին զիս կը դատափետեն։ Անոնք չե՞ն կրնար տեսնել որ ես մեծ եռանդով կ’աշխատիմ եւ կը հետապնդեմ իրերը ուղղութեան բերելու համար։ Չէ՞ կարելի բան մը ընել զանոնք դադրեցնելու համար։ Կը սպասեմ որ Անգղիան ինծի մեծապէս օգնէ։

Պարոն Հէրպըրթ առ Լօրտ Սօլզպըրի.

Սուլթանը հետեւեալ պատասխանը յղած է Ձերդ Լօրտութեան տեղեկագրոյն.

Զէյթունցիներուն այդ կերպ ընթացք մը ցուցնելէն ետքը, թրքական կառավարութիւնը զիջողութեան նախաքայլը չի կրնար առնել։ Կայսրութեան ամէն կողմերը գտնուող զինուորական հրամանատարներ արդէն հրաման ստացած են չի վնասելու ոչ ոքին որ չի դիմադրէր իշխանութեան։ Նորին Վեհ. հրաման պիտի ղրկէ Մարաշ պատրաստ գտնուող զօրքերուն որ երկու օր ալ իրենց տեղէց չի շարժին։ Եթէ իրենց Զէյթուն հասած ժամանակ ապստամբները հաւանին հպատակիլ եւ յանձնել իրենց մէջ գտնուող ապստամբապետները, ինչպէս ալ իրենց զէնքերը, իրենց ոչ մէկ վնաս պիտի հասնի։

Սուլթանը կրկին կը խնդրէ Ձերդ Լօրտութենէն, որ հրապարակաւ ծանուցանէք թէ բարեկարգութիւններ Նորին Վեհ. կողմէ ի գործ պիտի դրուին առանց յապաղման, համաձայն այն կրկնակի խոստումներուն, որք նախորդ տեղեկագրոյն մէջ Ն. Կ. Վեհափառութեան կողմէ տրուած էին, նաեւ Ձեր մէկ պատասխան տալուն վրայ կը պնդէ։

Մարտանաւերուն կրկնապատկուելուն շշունջը Ն. Վեհ. ականջը հասած է։ Սուլթանը կը յուսայ որ Ձեր Լօրտութիւնը այդ քայլը պիտի չառնէ։ Քանի որ անիկայ հանրային զգացումները պիտի գրգռէ, եւ պիտի վրդովէ խաղաղութիւնը, որ անհրաժեշտ է բարեկարգութիւնները կարենալ գործադրելու համար։

Ն. Վեհափառութիւնը նաեւ կը խնդրէ որ Ձերդ Լօրտութիւնը ազդու կերպով խրատէ Հայերը, իրենց Պատրիարքարանի միջոցաւ, որ հանդարտ կենան, եւ նոր խռովութիւններ չի յարուցանեն։

ՆՈՐԻՆ ՎԵՀ. ՍՈՒԼԹԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Շատ երախտապարտ եմ Լօրտ Սօլզպըրիին պատգամի այն օգնութեան համար որ ինծի պիտի ընէ, եւ ես կը փափաքիմ որ Պարոն Հէրպըրթ հաղորդէ իմ անկեղծ շնորհակալութիւններս այն մասին, ինչպէս նաեւ նոյն պատգամին մէջ գտնուած բարեկամական արտայայտութեանց համար։ Սակայն ես տեսած եմ Լօրտ Սօլզպըրիի ըրած բանախօսութեան մը համառօտագրութիւնը, որուն մէջ սա պարբերութեան կը հանդիպիմ. Ես քիչ վստահութիւն ունիմ որ բարեկարգութիւնք պիտի գործադրուին։ Այս խօսքը ստուգիւ մեծ ցաւ պատճառած է ինձ, քանի որ բարեկարգութեանց գործադրումը իմ կողմանէ որոշուած խնդիր մըն է։ Բաց աստի, ես փափաքող եմ կարելի եղածին չափ շուտ զանոնք գործադրել։ Ես զայս արդէն քանիցս կրկնած եմ նախարարներուս։ Այս այսպէս ըլլալով՝ Լօրտ Սօլզպըրիին իմ բարի նպատակացս վրայ կասկածելու միակ պատճառը՝ այստեղի մարդոց էնթրիկներն ըլլալու են, եւ կամ թէ այնպիսի գաղափար մը տալու համար չարախօսութիւններ եղած են։ Բարեկարգութեանց գործադրութիւնը բացարձակապէս որոշուած խնդիր մըն է, բայց հարկ է որ նախ այս երկրին մէջ խաղաղութիւնը հաստատուի։ Կարգ ու կանոնը վերահաստատելու համար ամենէն կատարեալ միջոցներ ձեռք կ’առնուին եւ առնուելու վրայ են։ Տարակոյս չկայ որ այս քայլերուն արդիւնքը ընդհուպ երեւան պիտի գայ, եթէ արդէն երեւան եկած չեն։

«Օրինակի համար, ժամանակէ մը ի վեր Տրապիզոնի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Տիարպէքիրի մէջ նորանոր խռովութիւններ տեղի ունեցած չեն։ Սակայն ես կը կրկնեմ որ բարեկարգութիւնները պիտի գործադրեմ։ Եւ այդ բարեկարգութիւնները պարունակող թուղթը պիտի առնեմ, զայն առջեւս պիտի դնեմ, եւ անձամբ պիտի հսկեմ որ մէն մի յօդուած ի գործ դրուի։ Ասիկայ իմ ամենահաստատ որոշումս է, ես իմ պատուոյ խօսքս կուտամ։ Ես կը փափաքիմ որ Լօրտ Սօլզպըրի ասիկայ լաւ հասկնայ, եւ կը խնդրեմ ու կը փափաքիմ որ Նորին Լօրտութիւնը, այս յայտարարութեանս վրայ կատարեալ վստահութիւն մը գոյացնելով՝ մէկ ուրիշ բանախօսութիւն մը եւս արտասանէ այն բարեկամական զգացմանց համար, որ տածած է դէպ ինձ եւ իմ երկիրը։ Իմ այս պատգամիս արդիւնքին պիտի սպասեմ ամենախիստ մտահոգութեամբ։ Ասկէ զատ պիտի խնդրեմ որ դեսպանատունը ինք խրատէ Հայերը. նաեւ հրահանգ տայ իր հիւպատոսներուն որ անոնք ալ ամէն ազդու կերպերով խրատեն Հայերը գոհ մնալ եղած բարեկարգութիւններով, ինչպէս Լօրտ Սօլզպըրի իր բանախօսութեանը մէջ կը յայտնէ «թէ անոնք պէտք է գոհ ըլլան եւ հանդարտ կենան»։ Անոնց պէտք է հասկցնել որ բարեկարգութիւնք չեն գործադրուիր, եթէ խառնակութիւններ առաջ բերեն։

Սըր Ֆ. Քըրրի առ Լօրտ Սօլզպըրի.

Այսօր կէսօրէն ետքը Սուլթանին կողմէ մասնաւոր ունկնդրութեան արժանացայ, որ տեւեց երկու ժամ ու կէս։

Նորին Վեհ. խօսք առաւ Թագուհւոյն որպիսութիւնը հարցնելով։ Ես պատասխանեցի որ Նորին Վեհ. Թագուհին քաջառողջ է եւ ինձ պաշտօն յանձնած է իր յարգանքները մատուցանել Սուլթանին եւ շնորհակալութիւն յայտնել այն պատգամին համար զոր իրեն ղրկած էր։ Նորին Վեհ. Թագուհին մեծ ցաւով լսեց այն դէպքերը որ անցեալ քանի մը շաբաթներու ընթացքին տեղի ունեցան ի Թուրքիա, եւ վստահութիւն ունի որ Սուլթանը իր կարողութեան սահմանին մէջ եղող ամէն միջոց պիտի գործածէ, անոնց շարունակութիւնը արգիլելու համար։

Նորին Կայս. Վեհ. պատասխանեց թէ՝ ես ինքս անշուշտ տեղեկութիւն ունէի որ կարգ ու կանոն վերըստին հաստատուեցաւ, քանի որ Դուռը հրահանգ ստացած էր դեսպանաց հաղորդելու այն ամէն տեղեկութիւնները, որոնք նահանգներէ կ’առնուէին, ինչպէս նաեւ կարգ ու կանոնի վերահաստատման մասին տեղական իշխանութեան ղրկած հրամանագիրներուն պատճէնները։ Խառնակութեանց վերսկսումը արգիլելու համար, նաեւ ամէն կողմերը զօրքեր ղրկուած են, եւ արդարեւ ինչ որ կարելի էր ընել, եղած են։ Ամենէն ետքը ըսաւ թէ, ես ալ լսած ըլլալու եմ հիւպատոսներէն որ քանի մը օրերէ ի վեր խաղաղութիւնը բոլորովին հաստատուած է։

Ես ըսի որ իմ ստացած տեղեկութիւններս Նորին Վեհ. յայտարարութիւնները կը հաստատեն, բայց քանի մը տեղեր խառնակութիւնք տակաւին կը շարունակուին, թէեւ համեմատաբար փոքրիկ շրջանակի մէջ։

Նորին Վեհ. շարունակելով իր խօսքը, ըսաւ թէ տակաւին ցաւալի տպաւորութիւնը կը մնայ թէ՝ ինքը բարեկարգութիւնները առանց յապաղման գործադրելու իր փափաքին մէջ անկեղծ չէ։ Այսպիսի ծրագիրներ բնականաբար երկար խորհրդակցութեանց կը կարօտին, բայց թէ անգամ մը որ անոր նկատմամբ հաւանութիւն ցուցուցած եւ որոշում տրուած է, ինք մտադիր է զայն իր ամբողջութեամբը ի գործ դնել։ Սակայն, ամենէն աւելի պէտք եղած բանը կարգ ու կանոնը հաստատելն է, որովհետեւ միայն ա՛յն ատեն բարեկարգութեան կարելի է սկսիլ։ Այսու ամենայնիւ արդէն սկզբնաւորում մը եղած է։ Քանի մը քննիչներ ընտրուած են ինչպէս նաեւ վալիներու եւ միւթէսարրիֆներու օգնականներ։ Շաքիր փաշա սկսած է քրիստոնեաներէ բաղկացեալ ոստիկանապետութիւն մը կազմելու. եւ եթէ խռովութիւններ չի ծագէին, մինչեւ հիմա անոնք վեց վիլայէթներու մէջ ալ ներմուծուած էին։

Ես պատասխանեցի թէ՝ նորին Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութիւնը Սուլթանին բարեկարգութիւնները գործադրելու մասին ունեցած հաստատ որոշումը գոհունակութեամբ լսեց, բայց դժբաղդաբար վերջին դէպքերը անոնց վստահութիւնը միայն տկարացնելու կը ծառայէին։ Բարեկարգութեանց ընդունուելուն յաջորդեց ամբողջ Հայ նահանգաց մէջ ջարդ ու կոտորած, եւ հազարաւոր հոգիներ, որոնք կորուսած էին իրենց տուները եւ ստացուածքները, անօթութենէ պիտի կորսուէին ձմրան միջոցին եթէ օգնութիւն չի հասնի։ Ըսի թէ դեսպանատունէն մեկնելէս ճիշդ առաջ տեղեկութիւններ ստացած էի, որոնք վստահութիւն ներշնչելէ շատ հեռու էին, այսինքն թէ շատ հայեր մահուանէ ազատելու համար բռնադատուած էին Մահմետականութիւն ընդունիլ։

Նորին Վեհ. դիտել տուաւ որ ինքը երբէք չի համակրիր որ եւ իցէ մէկու մը որ կրօնափոխ կ’ըլլայ, եւ նա մէջ բերաւ դատական նախարարութեան մէջ գտնուող բարձրաստիճան եւ հանրածանօթ Հայու մը դէպքը, որ Մահմետականութիւնը ընդունած է։ Եւ թէ ինքը այս մարդուն երբէք կարեւորութիւն չի տար։ Նա խնդրեց որ յիշած բռնի կրօնափոխութեանց մասին իրեն մանրամասնաբար տեղեկագրեմ։ Ես ալ այնպէս ընել խոստացայ։

Վերջը՝ ես հաղորդեցի Նորին Վեհ. որ ես նոյն օրը ստացած էի հեռագիր մը, Նորին Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութեան Մուշի մէջ գտնուող Դեր­Հիւպատոսէն որ կը գրէր թէ Հայերը Պիթլիսի մէջ սպառնալիքի եւ տանջանքի ենթարկուած են, որպէս զի զանոնք ստիպեն հեռագրելու Պօլիս թէ Պիթլիսի մէջ կոտորածը առաջին անգամ Հայերէն սկիզբ առաւ։ Սուլթանը նախ չի գիտնալ ձեւացուց՝ ըսելով թէ ո՞վ ստիպած է Հայերը այդպիսի բան մը ընելու։ Ես պատասխանեցի թէ տեղական իշխանութիւնները որ կը փափաքէին պատահած դէպքերուն պատասխանատուութիւնը իրենց վրայէն նետել։ Սուլթանը պատասխանեց թէ այդ մասին քննութիւն պիտի կատարէ, եւ հարցուց թէ ի՞նչ ապացոյց կարող էր զիս համոզել։

Ես ըսի թէ, Նորին Վեհ. ը, անշուշտ այնպիսի պաշտօնատարներ ունի, որոնց վրայ կրնար վստահիլ. որուն վրայ անիկայ առաջարկեց իբրեւ յարմար անձինք Ապտուլլահ փաշան կամ Սաատէտտին փաշան, այն Յանձնաժողովին նախագահը, որ վերջերս առաքուած է։ Բայց ես հրաժարեցայ միջամտել ղրկուելիք պաշտօնէից ընտրութեան գործին, միայն բաւական համարեցայ թելադրել որ Նորին Վեհ. Թագուհւոյն Փոխ­Հիւպատոսներէն մին՝ կատարուելիք քննութեանց մէջ մասնակցութիւն ունենայ։ Սուլթանը ասոր հաւանութիւն տուաւ։

Յետոյ ըսի որ, երկու պարագաներ կան որոնց մասին Նորին Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութիւնը ցաւով տեղեկութիւն ստացաւ։ Մին՝ այն էր որ ջարդերուն համար տակաւին ոչ ոք պատժուած է, միւսը՝ որ Նորին Վեհափառութիւնը տակաւին խոստացած հրովարտակը չի հանեց։

Սուլթանը միայն վերջնոյն պատասխանելով ըսաւ որ գործը աւելի կարեւոր է քան խօսքը եւ հրատարակութիւնը։ Նա Դրան միջոցաւ ինծի պիտի հաղորդէ հրովարտակ չի հրատարակելուն պատճառները։ Նա կրկին եւ կրկին անգամ ըսած էր որ բարեկարգութիւնները պիտի գործադրէ։ Ըսաւ որ ինքը յամառ մարդ մըն է, անգամ մը որոշում տալէն վերջը անիկայ զայն ամբողջովին պիտի կատարէ։ Սակայն ես շարունակեցի շեշտել այն կէտը թէ՝ Նոր. Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութեան գաղափարով՝ հրովարտակին հրատարակումը երեք պատճառներով կարեւոր էր։ Ա. Պետութիւնները Նորին Վեհափառութեան անկեղծութեանը մասին վստահացնելու համար. Բ. Հայերը համոզելու համար որ իրենք իրօք բարեկարգութիւններ պիտի վայելեն. Գ. համոզելու մահմետականները որ բարենորոգումները իրենց շահերուն վնասակար չեն։ Սուլթանը պատասխանեց թէ ինքը հրահանգ պիտի տայ իր նախարարաց որ այդ Բ. եւ Գ. կէտերու մասին ինծի բացատրութիւն տան. ինքը կը յուսար որ զիս պիտի համոզեն թէ իրեն հրովարտակ չի հրատարակելը արդարացի է։ Ա. կէտին գալով բարեկարգութիւնք արդէն պաշտօնապէս, հաղորդուած են դեսպանաց, անոնցմէ կախեալ է իրենց կառավարութեան տեղեկացնել թէ՛ զանոնք գործադրելու համար իր տուած որոշմանը մասին, եւ թէ՛ իրեն այդ նպատակաւ առած գործնական քայլերուն մասին։ Յետոյ նա դառնալով իմ Բ. եւ Գ. կէտերուս՝ ըսաւ որ հակառակ իր բոլոր ըսածներուն, ինքը կ’ուզէր զայնս քննել ինծի հետ բարեկամաբար։

Յետոյ երկար պատմական քննութեան մը մտաւ ցուցնելու համար թէ հրովարտակի մը հրատարակութիւնը փուճ բան մըն է։ Իր հօրը Կիւլհանէի հրովարտակին, եւ Հաթթը Շէրիֆի մասին ակնարկութիւններ ըրաւ։ Վերջինը՝ մէկ կողմէն՝ Գաղղիացւոց կուսակից Ալի եւ Ֆուատ փաշաներու, միւս կողմէն՝ Անգղիացւոց կուսակից Րէշիտ փաշայի մէջտեղ վէճի նիւթ եղաւ, եւ վերջապէս երբ հրատարակուեցաւ, Շէյխ Իւլ Իսլամի եւ այլ Մահմետական առաջնորդներու մէջ խիստ թշնամական զգացումներ յառաջ բերաւ, սակայն եւ այնպէս, այս ամէնէն վերջը, անոր ալ գործնական արդիւնքը մեծ չեղաւ։ Ինքը երբ գահը բարձրացաւ, իր հօրը հրովարտակին քանի մը պարբերութիւնները ի գործ դրաւ, Բարլամէնթ մը հաստատեց, որուն մէջ բաւական թուով տգէտ եւ տղայամիտ անձնաւորութիւններ գտնուելուն՝ դադրեցնել պէտք եղաւ։ Ինք դատաստանական վարչութիւնը բարեկարգած եւ նոր օրինագրքի մը ծնունդը տուած է։ Ներկայ բարեկարգութիւնք նախ Հաթթի Շէրիֆին մէկ ուսումնասիրութիւնն են եւ իր գաղափարով պէտք չկար զանոնք հրատարակել մանրամասնաբար։ Ինք մամուլի միջոցաւ փոքրիկ ծանուցում մը ընել տուաւ, որ երբեմն բարեկարգութիւններ պիտի ի գործ դրուին, եւ այդ բաւական է, աւելի հրատարակում մը ո՛չ ոք ատկէ աւելի պիտի համոզէ։ Իր նպատակն է բարենորոգութիւնները գործնականապէս կատարել, եւ յայնժամ մարդիկ պիտի հասկնան անոնց ի՛նչ ըլլալը։

Ի պատասխանի ես տակաւին պնդեցի այն խնդրոյ մասին եւ ըսի որ, ամէն քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ ի գործ դրուելիք օրէնքները նախ կը հրատարակուին։ Նորին Վեհ. Թագուհւոյն կառավարութեանը գաղափարով կարեւոր է որ բարեկարգութեանց մանրամասնութիւնք ճանչցուին հանրութենէն, թէ ամէն մէկ վիլայէթի մէջ պէտք է որ հրատարակուին, նաեւ ամէն Հայ գիւղերու մէջ եւ տուներու առջեւ փակցուին։

Սուլթանը պատասխանեց թէ՝ պարագաները աւելի պիտի բացատրէ։ Ըսաւ թէ ինք բարենորոգումները հրատարակելու մտադիր էր, անոնք մամուլի յանձնուելու համար մանրամասնաբար ընդօրինակուած էին, հանդերձ ծանօթութեամբ՝ ցուցնելով թէ իւրաքանչիւր պարբերութիւն վիլայէթի ո՞ր օրէնքին կը պատկանէր։ Ես անտարակոյս գոյութիւն ունեցող օրինաց մի թարգմանութիւնը կարդացած ըլլալու եմ, հետեւաբար ինձ ծանօթ ըլլալու է որ բարեկարգութեան ծրագիրը իր մէջը նոր բան մը չի պարունակեր։

Ես պատասխանեցի թէ՝ ես այդ մասին տեղեկութիւն ունիմ, եւ Նորին Վեհափառութեան յիշել տուի որ քանի մը ամիսներ առաջ, երբ ինքը ինծի հարցուցած էր թէ այն բարեկարգութիւնները ի՞նչ էին որոնք մենք առաջարկելու մտադիր էինք, ես ըսած էի թէ անոնք արդէն հրատարակուած օրինաց մէջ չի գտնուող ոչինչ կը պարունակէին։ Հետեւաբար շատ փափաքելի էր որ հանրութիւնը թէ՛ Քրիստոնեաներ եւ թէ՛ Մահմետականներ զայս գիտնային։ Սուլթանը պատասխանեց թէ՛ այս ամէնը գիտնալով հանդերձ՝ կրկին չէր համարձակած ո՛ եւ իցէ հրատարակութիւն ընել։ Սակայն կրկին պիտի խորհրդակցի նախարարաց եւ Սայիտ փաշային հետ հրովարտակի մասին, եւ արդիւնքը ինծի պիտի տեղեկագրէ։ Կը յուսար որ ես քիչ մը բանաւոր պիտի ըլլայի եւ հաւատք ընծայէի յառաջ բերուած փաստերուն անկեղծութեանը մասին, մինչեւ իսկ եթէ հրովարտակին հրատարակուիլը դարձեալ անպատշաճ համարուէր։ Եթէ այս խնդիրները լուրջ կերպով քննէի, պիտի տեսնէի որ անոնք մեծապէս օգտակար են թէ՛ Անգղիոյ եւ թէ Թուրքիոյ շահերուն։

Լօրտ Սօլզպըրիի Թուրքիոյ Դեսպանին խօսածները [1]

«Թիւրքիոյ դեսպանին հետ այսօր ունեցած տեսակցութեանս միջոցին շատ մեծ եռանդով խօսեցայ Նորին Վսեմութեան, Հայկական խնդրոյն նկատմամբ։

«Ըսի որ իմ անկեղծ փափաքն էր որ Օսմանեան Կայսրութիւնը պահպանուի, եւ թէ Սուլթանին արդար իրաւունքները միջամտութիւններէ պաշտպանուին, բայց թէ ցաւով նկատողութեան առի որ Նորին Վեհափառութիւնը Անգղիոյ եւ Եւրոպայի մէջ այս խնդրոյ մասին եղած հանրային կարծիքներուն ճիշդ համապատասխանող ո՛չ մի քայլ չէ առած։

«Էական խնդիրը այն էր որ, Հայոց անաչառ կառավարութեան մը երաշխաւորելուն համար միջոցներ ձեռք առնուին։ Ինքնավարութեան բոլոր գաղափարները մերժեցի իբրեւ անտեղի բաներ, եւ ես խնդրեցի անոնց համար ոչ մի առանձնաշնորհում, բայց միայն պարզ արդարութիւն. թէ Քրդեր պէտք չէ որ ճնշում բանեցնեն Հայոց վրայ, ոչ ալ Հայեր քրդերուն։ Այս նպատակին համար մատնանիշ ըրի որ, այս ներկայ պարագաներուն մէջ Փոքր Ասիոյ Արեւելեան մասը պէտք է դրուի կառավարչի մը իշխանութեան տակ, որուն վրայ Եւրոպան վստահութիւն ունենայ։ Բաւական է որ անիկայ հաստատամիտ, ուղղադատ եւ հաւատարիմ ըլլայ, իր կրօնքը շատ քիչ նկատողութեան պիտի առնուի։ Բայց անհրաժեշտ էր որ նա իր վրայ ունենար այս յատկութիւնները եւ ազատութիւն տրուէր իրեն ի պահանջել հարկին գործելու, առանց Կ. Պօլսէն միջամտութիւն կրելու։

Յետոյ, շարունակելով յայտնեցի Րիւսթէմ փաշային որ ես կը պնդեմ այն պահանջներուն վրայ, որոնք երեք պետութեանց Կ. Պօլսոյ դեսպաններուն միջոցաւ ներկայացուեցան, եւ թէ ես պիտի շարունակեմ այն քաղաքականութիւնը, զոր ներկայ կառավարութիւնը ժառանգած է իր նախորդ պաշտօնատարներէն։

Ես պնդեցի որ Սուլթանը այդ սկզբունքներով եղած պահանջներէն կարելի եղածին չափ շատերը ընդունելու է։ Ես Նորին Վսեմութեան մտքին վրայ ազդու կերպով տպաւորեցի այն ահաւոր ու վտանգալից կացութիւնը, որուն մէջ ինձ կը թուէր թէ այժմ Օսմանեան կայսրութիւնը կը գտնուէր։ Պաշտօնիս նորէն հասնելուս՝ զարմանքով տեսայ թէ անիկայ ո՞րքան մեծ տեղ մը կորուսած էր անգղիական հանրային կարծիքին մէջ։ Անիկայ այլ եւս այս խնդրոյ մասին եղած դրդում մը չէր, հապա հաստատուն համոզում մը կ’աճէր, թէ՝ ոչինչ կը յուսացուէր Թիւրքիայէն բարեկարգութեանց կամ բարեփոխութեանց նկատմամբ, եւ թէ՝ միակ ընել կարենալիք բանը յարաբերութիւնը դադրեցնելն էր։ Ես մատնանիշ ըրի որ վտանգը չափազանց մեծ էր, եւ եթէ Սուլթանը ժամանակին զգուշութիւններ ձեռք չառնէ, հարուածը գրեթէ անխուսափելի կերպով պիտի իջնէ իր գլխուն վրայ իր ամենէն քիչ սպասած ատենը։ Ես աւելցուցի թէ՝ Սուլթանին կառավարութեան դէմ ամեն կողմերէն գանգատներ լսեցի, եւ թէ Եւրոպայի կարծիքը առհասարակ նուազ նպաստաւոր է քան այն ատեն, երբ ասկէ առաջ պաշտօնի վրայ էի։

Կը խնդրեմ Ձեր Վսեմութենէն որ հաճիք ինձ տեղեկագրել անմիջապէս, երբ որ եւ իցէ որոշում մը տրուի Սուլթանին կողմանէ ի մասին բարեկարգութեան ծրագրոյն այն մասերուն, զոր նա կրնայ ընդունիլ։

ԼՈՐՏ ՍՕԼԶՊԸՐԻ»

 

«Րիւսթէմ փաշան այսօր այցելութիւն մը տուաւ ինձ տեղեկացնելու համար այն զիջումներու հանգամանաց մասին, զորս Սուլթանը կը պատրաստուէր ընել, ի մասին Հայկական Հարցին։

«Րիւսթէմ փաշան պնդեց այն իրողութեան վրայ թէ խառնակութիւնք սկսած էին Հայոց անհանդարտութեան եւ կազմակերպեալ ապստամբութեան պատճառաւ, եւ թէ տեղի ունեցած ոճրագործութեանց ա՛յնքան Հայերը պատասխանատու են որքան թիւրք զօրքերը։

«Ես պատասխանեցի որ մեր տեսակէտով իր պաշտպանութիւնը բոլորովին անտեղի էր։ Մեր գանգատը այն է թէ կառավարութիւնը իրեն մասնաւոր պարտականութիւնը չէ կատարած, թէ շատ մը նահանգաց մէջ ընկերութեան վիճակը պարզ անիշխանականութիւն է, այս յանցանքներէն արդարանալու համար խօսուած ժամանակ քիչ նկատողութեան կ’առնուի այն հարցումը թէ թշնամութիւնք Հայոց կողմանէ Տաճկաց դէմ եղած են, եւ թէ Տաճկաց կողմանէ Հայոց։ Ես ըսի որ, իրաց այս ընթացքին պատասխանատուութիւնը բոլորովին Սուլթանին վրայ կը ծանրանայ, եւ ես կը վախնամ որ անիկայ շրջապատուած է այնպիսի խորհրդականներէ, որոնք ճշմարտութիւնը անոր աչքերէն կը ծածեն։

Ձերդ

ՍՕԼԶՊԸՐԻ

 

Տաճկական դեսպանը այսօր ինձ այցելութիւն մը տուաւ եւ շատ ազդու կերպով պնդեց Հայկական Բարենորոգումներու առթիւ կազմուելիք Խառն Հսկիչ Յանձնաժողովի մը կազմուելու պահանջին Սուլթանին կողմէ ընդունուելուն անկարելիութեանը վրայ։ Նորին Վսեմութիւնը պարզապէս տաճկական քաղաքականութեան հաւանական փոփոխում մը սպառնաց որ զինքը պիտի առաջնորդէ բոլորովին Ռուսիոյ ձեռքը յանձնուելու։

Նորին Վսեմութիւնը այս կերպով մէկ ժամէն աւելի վիճաբանեցաւ այս խնդրոյն վրայ, սակայն ոչ մի պատճառ յառաջ բերաւ, որոյ մասին Ձերդ Վսեմութիւնը տեղեակ չըլլայ։ Այն կէտը, որուն վրայ մանրամասնաբար կը ծանրանար, սա էր թէ այս տեսակ որ եւ իցէ զիջողութիւն մը Սուլթանին ազդեցութեանը պիտի վնասէ եւ զայն վարկաբեկէ յաչս մահմետական հպատակաց։

***

Մինչ Սուլթանը այսպէս դեսպաններուն՝ մանաւանդ Անգղիոյ դեսպանին հետ կը խաղար Պօլիս եւ ներսերն ալ ջարդերը ամենայն արագութեամբ շարունակել կուտար, ուրիշ խաղ մըն ալ Լօրտ Սօլզպըրիին կը խաղայ։ Երբ սա Անգլիոյ ժողովրդեան գրգռուած ժամանակը Նոյեմբերի սկիզբը՝ ի Կիլտհօլ եւ ապա ի Պրայթըն՝ ատենաբանութեանց մէջ Սուլթանին դէմ խիստ լեզու գործածելով կը դատապարտէր, կը սպառնար, Սուլթանն ալ պետութեանց անհամաձայնութեան եւ ճնշում գործածելու անկարելիութեան վրայ վստահացած՝ Լօրտ Սօլզպըրիին պատգամներ կը ղրկէր, իբր թէ Անգղիոյ պաշտպանութեանը կը փափաքի, եւ կը թախանձէ որ Լօրտ Սօլզպըրի իրեն նպաստաւոր խօսի, եւ կը խոստանայ, եւ կրկին կը խոստանայ որ բարեկարգութիւնները պիտի գործադրէ, միայն թէ նախ երկիրը խաղաղելու է եւն, եւն. ։ Սուլթանին այս նշանաւոր պատգամները արդի լուսով՝ կարդալով ուրիշ մեկնութիւն չեն վերցներ, եթէ ոչ սա որ Անգղիան ծաղրելու նպատակաւ եղած էին աղուէս Սուլթանին կողմէն։ Սուլթանին այս պատգամները կը գտնուին գործոյս Է. մասին մէջ։

 

Ի լրումն ամենայն խաղքութեանց Լօրտ Սօլզպըրի՝ սպառնալիքը քիչ մըն ալ առաջ տանելով նաւատորմիղը դէպի Տարտանէլ շարժեց, եւ երբ ամէն կողմէն բան մը ըլլալու կը սպասէին, Հայոց ակնկալութիւնները վերջապէս իրականանալու վրայ էին, յանկարծ նաւատորմիղը կեցաւ ու քիչ մը վերջն ալ ամօթալի եւ խայտառակ կերպով ձեռնունայն ետ դարձաւ։ Անգղիա պարտեալ ետ քաշուեցաւ ասպարէզէն՝ իր պաշտպանեալ Հայը ձգելով գազան Սուլթանին վրէժխնդրութեանը։ Ճիշդ ինչպէս որ Խաչակրաց ժամանակ իր թագաւորներէն մին՝ առիւծասիրտն Րիչարտ՝ ըրած էր 700 տարի առաջ, երբ որ Սալահէտտինի հետ կռուած՝ 1192ի դաշինքէն Կիլիկիոյ Հայերը դուրս թողած ու Արեւելքէն հեռանալով՝ Հայերը Սալահէտտինի վրէժխնդրութեան յանձնած էր։ Բարեբաղդաբար Հայք ալ յայնժամ իրենց առիւծը ունենալով, Լեւոն Բ., վերահաս վտանգէն ազատուեցան (տես էջ 325)։

ԱՆԳՂԻՈՅ ՊԱՏԱՀԱԾ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ահաւասիկ պաշտօնական աշխարհին մեզի տուածը, Կապոյտ գրքերուն քննութիւնը մեզ այն եզրակացութեան կը տանի թէ սարսափներու ժամանակ Անգղիոյ ազդու կերպով միջամտելով Հայկական խնդրոյն գոնէ ժամանակաւոր լուծում մը տալուն, գոնէ թափուած արիւնին եւ վատնուած նիւթական ուժին համապատասխանող քայլ մը առնելուն արգելք հանդիսացողը Ռուսիան էր։ Սակայն Կապոյտ Գիրքերը ամէն բան չեն տար։ Անոնց պարզ ընթերցումը, ձգէ, մանրակրկիտ քննութիւնը, կը ցուցնէ թէ շատ պակասներ կան, դիւանագիտական ամբողջ թղթակցութիւնները չեն տար, այլ միայն որչափ որ արտաքին գործոց պաշտօնատունը կրնայ եւ յարմար կը սեպէ տալ։ Հարկաւ շատեր գաղտնի մնալու են, զորս միայն ապագայ պատմիչը պրպտելով անոր դիւաններէն լոյս աշխարհ պիտի բերէ։

Պէտք է խոստովանինք որ միայն Ռուսիոյ դիմադրութիւնը բաւական չէ Անգղիոյ այսչափ խայտառակ կերպով Հայկական գործէն ետ քաշուիլը մեկնելու։ Անպատճառ գաղտնի բան մը ըլլալու էր, եւ այնչափ ծանրակշիռ, որ Լօրտ Սօլզպըրին ստիպէր այս ամօթալի քայլը առնելու։ Մանաւանդ որ Անգղիա Լօպանօֆին աննպաստ տրամադրութիւնները գիտէր. Լօպանօֆ գաղտնի պահած չէր զայն, Սասունի քօմիսիոնին անօգուտ ըլլալը յայտարարած էր բարեկարգութեանց ծրագիրը Դրան մատուցուելէն ալ առաջ, 1895 Մարտ 28ին, Հայերը ցրուած ժողովուրդ մը ըլլալով Հայաստան կոչուած երկիր մը չըլլալը կը պնդէր, Մայիս 7ին իսկ բարեկարգութեանց ծրագիրը պիտի չի յաջողի կը գուշակէր, մանաւանդ Մայիս 30ին, բացարձակապէս կ’ըսէ թէ «Ոչ մէկ պարագայի տակ Ռուսիա ճնշում գործածելու համար կը միանայ», թէ հրահանգ ղրկած է Նէլիտօֆին (Պոլսոյ դեսպան) այդ տեսակ քայլ մը չառնել։ Յունիս 4ին նոյնը կ’ըսէ եւ պարզապէս կը յայտարարէ թէ հակառակ է Փոքր Ասիոյ մէջ նահանգ մը կազմելու գաղափարին, ուր Հայք բացառիկ արտօնութիւններով սկսին ապագայ Հայկական թագաւորութեան մը համար աշխատիլ։ Յունիս 19ին երբ Լ. Քիմպըրլի Սուլթանին 48 ժամ միջոց տալ կ’առաջարկէր, Ռուսիա յայտարարեց թէ Ձարը ատոր չի հաճիր։ Եւ այսպէս ամէն առթիւ Ռուսիա կը ցուցնէր թէ Հայկական շարժման դէմ է, եւ ո՛ եւ է աստիճանի ճնշում գործածուելուն չի հաճիր։

Լօրտ Սօլզպըրի իր հակաթիւրք շարժումը սկսելէն առաջ ասիկայ գիտէր։ Ինչպէս որ հնար չէ ենթադրել թէ Լօրտ Սօլզպըրի միայն ցոյցի համար՝ առանց ինչ ընելիքը գիտնալու՝ տղայամտաբար այս գործին մէջ նետուեցաւ, նոյնպէս ալ հնար չէ երեւակայել թէ Լօրտ Սօլզպըրիի պէս պահպանողական մը, որ մինչեւ այն ժամանակ Թուրքիան պաշտպանած էր, Սուլթանին մեծամեծ ծառայութիւններ մատուցած էր, Ռուսիոյ անցեալ ու ներկայ տրամադրութիւնները լաւ գիտէր, Հայոց նկատմամբ այսպիսի դիրք մը բռնէ, Լոնտրայի Թիւրք դեսպանին այնպիսի սաստիկ յանդիմանութիւններ տայ, Սուլթանն ալ այնպէս գետնէ գետին զարնէ, դատապարտէ, սպառնայ, 15 օրուան մէջ իրարու ետեւէ Նոյեմբերին իր արտասանած Կիլտհօլի եւ Պրայթընի ճառերուն մէջ, մինչեւ իսկ Անգղիոյ նաւատորմիղը դէպի Պօլիս շարժումի մէջ դնէ, առանց հաշիւի առնելու թէ Ռուսիան պիտի հակառակի իրեն։ Ոչ, աւելի հաւանական կ’երեւի թէ Լօրտ Սօլզպըրի, Ռուսիան հաշիւի առած էր, բայց դէպք մը պատահեցաւ, անակնկալ մը, զոր հաշիւի առնել կրցած չէր, եւ որ զինք ստիպեց նահանջել։

Ի՞նչ էր այդ անակնկալը, ահաւասիկ ատիկա գաղտնիքը։ Ոմանք կ’ըսեն թէ այդ ժամանակ Ամերիկայի մէջ հողային խնդիրի մը համար Միացեալ Նահանգաց հետ վէճի բռնուելով, նախագահին սպառնական դիրք բռնելն էր։ Ուրիշներ աւելի հաւանականութեամբ կ’ենթադրեն որ Գերմանիոյ կողմէն էր արգելքը։ Թէ Գերմանիան այնչափ ալ ձեռնպահ կեցած չէր խնդիրին մէջ, թէ կայսրը անտարբեր աչօք չէր կրնար դիտել Անգղիոյ ազդեցութեան հաստատուիլը այն երկրին մէջ ուրկէ նա իր սիրական երկաթուղին պիտի անցընէր։ Կը կարծուի թէ Ռուսիայէն աւելի Գերմանիա՛ն էր Սուլթանը դիմադրութեան գրգռողը. եւ որ Աւստրիոյ հետ Թուրքիան պաշտպանելու նպատակաւ Անգղիոյ հակառակ դաւադրութիւն մը նիւթած էր։

ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՔ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆՑ ԾՐԱԳՐԻՆ ՎՐԱՅ

Դեսպանաց պատրաստած ծրագիրը մէկ մեծ պակաս մը ունէր, այն է երաշխաւորութիւն թէ՝ ծրագրին գծած բարեկարգութիւնք, մինչեւ իսկ եթէ ընդունուէին, պիտի իրօք գործադրուէի՞ն։ Թէ ասիկայ ալ՝ նման հին ֆէրմաններու եւ հաթթերու՝ թղթի վրայ մնացած չոր խոստում մը պիտի չըլլա՞ր։

Լօրտ Սօլզպըրի տեսաւ այդ պակասը եւ ուզեց դարմանել զայն։ Իր առաջարկած Խառն հանձնաժողովով, որ պիտի բաղկանար չորս Թիւրքերէ եւ երեք պետութեանց ընտրած երեք Եւրոպացիներէ։ Այս յանձնաժողովը պիտի նստէր Վան, Պիթլիս, կամ Էրզրում եւ մօտէն հսկէր գործադրութեան վրայ։ Ասիկայ բոլոր ծրագիրէն անհամեմատ լաւ բան մըն էր, ամենալաւ բանը որ Անգղիա կրնար ընել Հայոց համար։ Այն իրողութիւնը որ Դուռը աւելի նախընտրեց դեսպանաց ծրագիրը ընդունիլ քան թէ այսպիսի մի Քօմիսիոն, ապացոյց մըն է ասոր աւելի ազդու միջոց մը ըլլալուն։

Ի՞նչ օգուտ որ Լօպանօֆի առարկութեանց վրայ թուլնալով՝ Սօլզպըրի տեղի տուաւ այս Խառն Քօմիսիօնի մասին ալ։

Ժամանակին շատ խօսուեցաւ Դեսպանաց պատրաստած բարեկարգութեանց ծրագրին (մայիս 11), եւ Դրան ընդունածին (17 հոկտ. ) մէջտեղը եղած մեծ տարբերութեան վրայ։ Առաջինը երկրորդէն շատ լաւ կարծուեցաւ առ հասարակ։ Սակայն մօտէն քննութիւն մը կը ցուցնէ թէ իրարմէ շատ ալ տարբերութիւն չունին, եւ երկուքն ալ ո եւ է յարգ չեն կրնար ունենալ, քանի որ գործադրութիւնը երաշխաւորող ապահովութիւն մը չի կայ, հսկողութեան միջոց մը տրուած չէ։

Որովհետեւ այժմ Հայերը կառավարող վարչական օրէնքն է այս, ասոնց երկուքն ալ դրած ենք Է. մասին մէջ, որպէս զի ամէն ոք ձեռքը ունենայ զանոնք եւ անձամբ կարենայ բաղդատել իրարու հետ։ Մենք միայն հետեւեալ դիտողութիւններով կը բաւականանանք։

Թէ՛ դեսպանաց եւ թէ՛ Դրան ծրագրին մէջ չի կայ բան մը որ նոր ըլլայ, որ հին ֆէրմանները կամ օրինագիրքը տրամադրած չըլլան։ Դուռը ասիկայ մատնանիշ ընելով՝ այսպիսի իբր թէ նոր ծրագիր մը հարկ չըլլալը ցուցնելու նպատակաւ՝ միշտ արդէն գոյութիւն ունեցող Օսմանեան հին կանոնագրութեանց կոչ կ’ընէ։

Կարեւոր երկու տրամադրութիւններ կային դեսպանաց առաջարկին մէջ, որոնք աստիճան մը կրնային երաշխաւորել քրիստոնէից իրաւունքները, եւ բարեկարգութեան գործադրութիւնը։ Բայց Սուլթանը ատոնց երկուքն ալ մերժելով, բոլոր ծրագիրը անհետեւանք մնալու դատապարտեց։ Ասոնք մին էր Վալիներու եւ Բարձր Գօմիսէրի ընտրութեան մէջ պետութեանց մասնակցութիւնը, եւ միւսը՝ վարչային պաշտօններու մէջ քրիստոնէից մասնակցութեան որոշ չափը ճշդելը։

Այս վերջինը արդէն սկզբունքով ընդունուած էր Դռնէն, բայց միշտ անորոշ թողուած էր, «Պաշտօնեայք առանց կրօնի եւ ազգի խտրութեան պիտի ընտրուին» աղօտ ասացուածով ձգուած էր։ Դուռն ալ քանի մը Հայեր անկարեւոր պաշտօններու կարգելով՝ Թուրքիոյ մէջ հաւասարութիւն մտցուցած կը յայտարարէր։ Դեսպանաց ծրագիրը վարչային երրեակ դրութիւն մը կը սահմանէ Հայաբնակ գաւառաց համար։ Պաշտօնեայք, Վալի, Միւթէսարըֆ, Գայմագամ եւՄիւտիր բնակչաց մեծամասնութեան պիտի վերաբերին եւ անոնք ալ Մուավիններ (օգնական) ունենալով, այս Մուավիններ փոքրամասնութեան պիտի վերաբերին։ Նաեւ ո՛ եւ է ժամանակ Վիլայէթի մը Միւթէսարըֆներուն եւ Գայմագամներուն ամբողջ թուոյն մէկ երրորդը՝ եւ ոչ պակաս՝ միշտ քրիստոնեայ պիտի ըլլայ։

Այս որոշ կարգադրութիւնը որ փախուստի ճամբայ չի թողցներ, Դրան գործին չի գալով փոխեց զայն, եւ քրիստոնեաներէն միայն Մուավիններ ընտրել խոստացաւ, ըսել ուզելով թէ՝ քրիստոնեայք պետութեան ոչ մէկ կողմը մեծամասնութիւն կը կազմեն, այլ ամէն տեղ միայն փոքրամասնութիւն են, եւ այսպէսով դեսպանաց պնդածը ջրել ուզեց։ Դեսպանք այսպէս իրենց ծրագրին էական մասին նկատմամբ տեղի տալով, ամէն ինչ կրկին Թիւրքին ձեռքը յանձնած եղան առանց երաշխաւորութեան։

Ասով ծրագրին ուրիշ բարի տրամադրութիւններն ալ, զորս Դուռն ալ ընդունեց, ո՛ եւ է կարեւորութիւն եւ արդիւնք չունեցան, քանզի չի գործադրուեցան։ Այսպիսի ապարդիւն մնացած բարի տրամադրութիւններէն գլխաւորներն են.

Վարչական բաժանումները փոխելով համացեղ տարրերուն մէկտեղ խմբումը։

Քիւրտերուն գաղթումներուն վրայ հսկելու պաշտօնով Աշիրէթ Մէմուրիի մը հաստատութիւնը։

Զէնք կրելու մասին եղած օրէնքը Քիւրտերուն համար ալ ի գործ դրուելու խոստումը։

Հարկերու հաւաքման ժամանակ բռնութիւն չի գործածելու, պիտանի իրեղէններ, անասուներ եւ կարեւոր գործիքներ չի ծախուելու օրէնքը։

Ձրի աշխատութեանց, կամ ոստիկանաց, զօրաց եւ հարկահաւաքի կերակուր եւ ձիերուն կեր տալու դրութեան, տասանորդի վարձակալութեան ջնջուիլը, եւ դատարանաց համար սահմանուած օրէնքներ, բոլորն ալ հետեւանք չունեցան, եւ ո եւ է փոփոխութիւն մը յառաջ չի բերին, եւ չէին կրնար յառաջ բերել։

Մինչեւ իսկ եթէ Վալին, Միւթէսարըֆը, եւ Գայմագամը քրիստոնեայ ըլլային՝ դեսպանաց ծրագրածին համեմատ եւ աւելի՝ կրկին մեծ բան մը ակնկալել հնար չէր։ Քանզի նախ՝ որ Դրան քրիստոնեայ պաշտօնեաները Թիւրքերէն լաւ չեն, եւ երկրորդ՝ եթէ լաւ ալ ըլլան քանի որ Դրան կամքէն եւ քմահաճոյքէն կախուած են, բան մըն ալ չեն կրնար ընել։

Իսկ Բարձր Գօմիսէրի մը ժամանակաւոր պաշտօնէն շատ բան չէր կրնար յուսացուիլ։ Եւ իրօք Սուլթանը Շաքիր փաշան այդ պաշտօնով ժամանակ մը ղրկեց գաւառները, դեսպանք ալ կամայ ակամայ ճանչցան անոր պաշտօնը, բայց բան մը չի կատարեց։ Եթէ մինչեւ իսկ դեսպանք իրենց Թիւրք պաշտօնեայ մը ընտրէին այդ պաշտօնին, կրկին անօգուտ կ’ըլլար, եթէ Դրան իրաւասութեան տակ դրուէր նա։ Դուռնէն ու Սուլթանէն անկախ հեղինակութիւն մը պէտք է ո՛ եւ է բարեկարգութիւն ի գործ դնելու համար»։



[1] Այս եւ յաջորդ երկու նամակները Լօրտ Սօլզպըրի կ՚ուղղէ Պօլսոյ Անգղ. դեսպանատունը, իր Թուրքիոյ դեսպան Րիւսթէմ փաշայի հետ ունեցած խոսակցութեանը մասին։ Կապոյտ Գիրք, Թիւրքիա, Նօմ. 1, 1896, էջ 94, 118, 123։