Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՊՈԼՍԵՑԵԱՆ
       Բարեւ ձեզ, տոքթէօր։ Ծառայականս ազգիս պանդուխտ զաւակներէն եմ։ Օր մը երբ գրի առնուի մեր ցեղին այս վերջին արիւնոտ տագնապը, մենք ալ մեր համեստ անունը պիտի ունենանք մարտիրոսներու ցանկին մէջ…։ Արդէն անունս ալ Մարտիրոս Պոլսեցեան. ճակատագի՛ր…։
       Արհե՞ստս. Մարտիրո՛ս, տոքթէօր, Մարտիրո՜ս…։ Ծննդավա՞յրս. Պոլսեցեան չըսի՞…։ Ես կ ՚ուզեմ որ երբ մէկու մը այցետոմս տամ, իսկոյն հասկնայ թէ անունս ի՞նչ է, ո՞ւր տեղ ծներ եմ, ի՞նչ գործով կը զբաղիմ. մարտիրոս մը ի՛նչ գործով կրնայ զբաղիլ վերջապէս…։
       Ամբողջ կենսագրութիւն մը երկու բառով. Մարտիրոս Պոլսեցեան։ Ուշիմ մարդ մը կրնայ թուականն անգամ հասկնալ՝ որ այս խեղճը 1896֊ ի զոհերէն ըլլալու է։ Ճիշդն ալ այս է, տոքթէօ՛ր։
       Այդ կարմիր թուականէն առաջ՝ ես Սամաթիոյ մօտերը ի՜նչ եզներ, ի՜նչ կովեր ունէի։ Բայց ո՛չ թէ դրամ շահելու համար։ Ես վաճառականի գլուխ ունի՞մ…։ Հապա, կուրծքս տկար ըլլալուն. այն ատենի բժիշկները աղբի կը դատապարտէին թոքախտաւորները։
       Վրայ հասաւ կոտորածը։ Եզ, կով, ազգական, բարեկամ, ետեւ ձգելով փախայ Եգիպտոս։ Բայց այն ատենի Եգիպտոսը գիտէք. բոլոր ջարդէն փախչողները հոն էին։ Մէկը ջրկիր, միւսը բեռնակիր, միւսը գրագիր, ամէնքն ալ անօթի։
       Իմ վտիտ առողջութիւնս այս կեանքին կրնա՞ր դիմանալ։ Նայեցայ որ հաշիշի առուտուրը խստիւ բայց խստի՛ւ արգիլուած է։ Հետեւապէս ես այդ գործին նուիրուեցայ։ Արգելքին դէմ կռուիլը միշտ սիրած եմ արդէն։ Գրպանիս մէջ ոսկիները խրշկալ սկսան. ամէ՛ն օր նոփս֊նոր. որովհետեւ օրուան վաստակս գիշերը արաբական սրճարանի մը մէջ կ՚ուտէի։
       Ես դրամ ծախսելը միշտ սիրած եմ արդէն։ Մա՛նաւանդ որ այդ սրճարանին մէջ սուրիացի երգչուհի մը կար, Աստծուն մէկ հրաշալիքը…։
       Ի՜նչ հառաչներ արձակեցի, ի՜նչ շամփանիա ներ պայթեցուցի. բայց իմ կողմս չէ՛ր իսկ նայեր…։ Գիշեր մըն ալ ատրճանակս հանեցի, տա՛նկ, տա՛նկ, տա՛նկ, տա՜նկ, ո՛չ թէ երգչուհիիս վրայ, խե՞նթ եմ, այլ առաստաղին վրայ, պարզապէս ձայն հանելու համար։
       Ի՞նչ, դատարա՞ն ըսիք։ Խելացի սրճարանապետ մը ինծի պէս առատաձեռն յաճախորդ մը դատարանին կը յանձնէ՞…։ Ընդհակառակը. շատ քաղաքավարութեամբ քովս եկաւ, ի՞նչ ուզելս հարցուց։ Ըսի որ ես այդ աղջկան գէշութիւն մը ցանկացած չունիմ, իմ միակ փափաքս այն է որ իրարու բարեկամ ըլլանք։
       Վերջապէս ի՞նչ երկնցնեմ։ Այդ աղջիկը արիւնս խմեց, քսակս քամեց, անկողնի գամեց, ու գաղտնիքիս ալ մատնելով՝ զիս Եգիպտոսէն աքսորել տուաւ…։ Մարտիրո՜ս՝ չըսի՞…։
       Պատմե՞մ հիմա աքսորականի կեանքս, անծանօթ երկիրներու տակ, անծանօթ երկիրներու մէջ, դատարկութիւնը գրպանիս գոգը, փտութիւնը թոքերուս խորը, պանդխտութեան ցուպը ձեռքիս…։ Կը հետաքրքրուի՞ք. գուցէ օր մը գրի կ՚առնէք… լալո՜ւ բան է…։
       Ուրեմն հիմա ալ Գահիրէէն ելանք, Լոնտոն գացինք։ Բայց ասանկ վիթխարի ու եսասէր քաղաքի մը մէջ դուք ըլլաք նէ ի՞նչ կ'ընէք…։ Ես, անօթի ու հիւանդ, հազալով ու թքնելով, կը պտտէի Թայմզ գետին եզերքը։ Երբ օր մը շնորհքով հագուած անգլիացի մը քաղաքավարութեամբ ինծի մօտենալով տարօրինակ առաջարկ մը ըրաւ.
       –Կը տեսնեմ որ ապրելու միջոց չունիս ու կեանքէդ յուսահատ ես, ըսաւ։– Առ քեզի սա ոսկին ու գետը նետուէ։
       –Է՛, վերջը՞…
       –Վերջը ես քեզ իսկոյն կ՚ազատեմ. դուն ոսկին պիտի շահիս, ես ալ ազատարար մէտայլ մը…։
       Որոշումը տալս ու գետը նետուիլս մէկ եղաւ։ Միայն թէ ջուրէն հանուելուս պէս, անգլիացի փոլիսմէն ները զիս շիտակ բանտ տարին, թաց֊խխում…։
       Մի՛ զարմանաք, այս ասպէ՛ս է։ Տարօրինակ երկիր մը։ Անօթի կը մնաս, հաց չեն տար։ Անձնասպանութիւնդ կ՚արգիլեն, ու մարդասպանութեան պէս կը պատժեն։
       Ինչեւէ։ Ազատարարս կառավարութենէն իր մէտայլը շահեցաւ. ես ալ իրմէ ոսկի մը շահեցայ, միայն թէ այդ պաղ ջուրերուն մէջ կողատապ մըն ալ շահեցայ որ հաշուի մէջ չէր…։ Այս կողատապը ա՜լ աւելի ծանրացուց թոքախտս։
       Հիմա ալ հազալով ու թքնելով, Լոնտոնէն ելանք, Փարիզ գացինք։
       Յանձնարարական նամակով մը շիտա՛կ հայ որբեւայրիի մը տունը գացի ու լոյս իջնէ իր հոգւոյն հոն կառապանութեան ընդունուեցայ։
       Քանի մը ամիս հանդուրժեցի այդ ախոռի հոտին։ Բայց այժմ արդէն բժշկական մէթօտ ները փոխուած էին, ու աղբին դրացնութիւնը ուղղակի գէշ կու գար կուրծքիս։
       Նայեցայ որ ես այս կեանքով չեմ կրնար ապրիլ. ու օր մը տանտիկինիս նամակ մը գրեցի որ եթէ վեց ամսական իսկոյն կանխիկ տալով զիս ազատ չարձակէ, իր դիակը կառքիս ետեւէն կապելով Փարիզի փողոցներուն մէջ պիտի քաշկռտեմ…։
       Պարա՛պ խօսք…։ Եկուր տես որ տիկինը այդ նամակով զիս դատարան յանձնեց։ Երբ դատարանը ինք հարցուց որ պաշտպանութեանս համար ըսելիք խօսք մը ունէի՞, յայտնեցի որ եթէ լեզու գիտնայի՝ հարկաւ ըսելիք բան մը կը գտնայի բայց. ես տանտիկինիս դառնալով.
       –Աստուածամա՛յր, ըսի, ես փտած մարդ մըն եմ, ես քենէ կեանք մուրացի, դուն ինծի բանտ կը նետես…։
       Միա՛յն այսքան։ Ես կտրուկ խօսքերը կը սիրեմ։ Ինք ալ բարեպաշտ կին մըն էր արդէն։ Նամակը ետ առաւ. ո՛չ միայն զիս ազատ արձակեց, այլ ուրիշ հայու մը համար ալ յանձնարարական մը տուաւ։
       Այս մէկը հարուստ մարդ մըն էր. բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ թեթեւ խենթութիւն մը եկեր էր վրան։
       Բաւական ատեն իրեն հետ երկիրէ երկիր ճամբորդեցինք։ Մէ՛կ հարցում մը ունէր՝ «Կլո՞ր է թէ ո՛չ», ու իմ պաշտօնս էր միշտ «Ո՛չ» պատասխանել։
       Այս տգէտ խենթին ցաւը այն էր որ աշխարհը իրաւցընէ՞ կլոր է, թէ Կալիլէոս սխալած է պարզապէս…։
       Օր մը լողալու համար ծով գնաց. յանկարծ ջուրին տակը մտաւ (տեսնելու համար որ ծովին տակն ալ կլո՞ր է… մարդերուն պէս) ու ա՜լ դուրս չելաւ…։ Ազգականներն ալ շատ խորը չփնտռեցին արդէն, որովհետեւ գոնէ՛ թողած ժառանգութիւնը կլոր էր…։
       Աս կռնակիս մուշտակը, աս արծաթ գաւազանը, աս ոսկի շղթան, աս ձեռքիս մատանին, որոնց թերահաւատի աչերով կը նայէիք, համոզուեցէ՛ք որ կեղծ չեն, ես կեղծ բան չեմ սիրած կեանքիս մէջ, անոնք խենթիս ինծի թողած յիշատակներն են որ ծովէն ժողվեցի…։ Քանի մը բան ալ երախտապարտ ընտանիքը ինծի նուիրեց։
       Բայց կը հաւատա՞ք, տոքթէօր, երբ ըսեմ թէ այդ մարդը իր խենթութիւնն ալ ինծի փոխանցեց, ճամբորդելու խենթութիւնը։ Ի՜նչ, յիմարութիւնը փոխանցիկ չէ՞՝ կ ՚ըսէք։ Հիմա ես ալ սկսայ ճամբորդել կլոր բաներ փնտռելու համար, բայց իմ փնտռածներս ուրիշ կլորներ էին…։ Լուսահոգիին մահէն ի վեր մոռցայ թէ անգլիական ոսկիները ի՞նչ ձեւի էին…։
       Թերեւս դուք իմ հոգեբանութիւնս հասկնաք, տոքթէօր։ Թշուառ եմ ու թշուառութիւնը կ ՚ատեմ։ Ես անոնցմէ չեմ որ սոխ ու հաց կ ՚ուտեն ու փառք կու տան Աստուծոյ։ Եթէ ես իսկ հանդուրժեմ, առողջութիւնս կրնա՞յ հանդուրժել, տոքթէօ՛ր։
       Բարեյիշատակ խենթիս շնորհիւ եւրոպական մայրաքաղաքներուն է՛ն մեծ պանդոկներուն մէջ դռնապանի ծանօթութիւններ հաստատեցի, որոնք կանխա՛ւ ինծի իմաց կու տան նշանաւոր ժամանումները։ Որովհետեւ եթէ թերթերուն գրելուն սպասեմ՝ այդ մարդերը մեկնած կ ՚ըլլան արդէն. չնայած որ շատերն ալ անուննին կը կեղծեն։
       Ասկից զատ, ես ալ մեծահարուստներուն սովորութիւնները ուսումնասիրեցի։ Օրինակի համար, գիտեմ որ այսինչ երգչուհին ո՞ր օրը Մօնթէ ֊Քարլօ պիտի հասնի՝ քազինո յի բացումը ընելու. նո՛յն օրն իսկ Եիւդպաշէֆ հոն կը հասնի, նո՛յն ժամուն ես ալ հոն եմ…։ Ամէն Յուլիսի վերջը Պատրիկ պէյ Լօզան կը հասնի իր տղոց ամավերջի քննութիւններուն ներկայ ըլլալու. գիտեմ որ շնորհքով տղաքներ են, անպատճա՛ռ կը յաջողին, հետեւապէս ե՛ս ալ հոն կ ՚երթամ զիրենք շնորհաւորելու…։ Ամէն Մարտի սկիզբը Գալանթարօֆի աղջիկը Ժընեւ կու գայ… զաւակ մը ծնելու. Փարիզի հայ քահանային հոն հասած օրն իսկ, նո՛յն շոգեկառքով ե՛ս ալ հոն կը հասնիմ կնունքին…։
       Ամէն մարդուն ուրախ ժամը գիտնալու է։ Ամէն սուրբ իր օրը ունի։ Ամէն քաղաք իր տօնը ունի։
       Ձմեռը Նիս կը գտնուիմ ընդհանրապէս, առողջութեան եւ ուրիշ տեսակէտներով։
       Գարնան Միջերկրականը կ ՚եզերեմ եւ Վենետիկ կը հասնիմ. հոն ոսկեզօծ ձուկեր կը լողան Լիտօ կղզիին շուրջը։
       Ամառը Սէմբլօնէն կ ՚անցնիմ Զուիցերիա. Ալպեաններուն օդը սքանչելի է թոքերուս համար։ Ու շատ մը հարուստներ ալ ինծի պէս մտածելով միեւնոյն ատեն հոն կը հասնին։
       Անկից Փարիզ քայլ մըն է. ու Փարիզն ալ աշնան թագուհին է…։ Գիտե՜մ, տոքթէօր, գիտե՜մ, այդ քաղաքին օդը ինծի չի գար…։ Բայց աղուէսին վերջին օթեւանը մուշտակավաճառի խանութն է՝ կ՚ըսեն. մեր վերջին հանգրուանն ալ Փարիզն է միշտ։ Մա՛նաւանդ որ հոն իւղոտ պատառներ չեն պակսիր աշնան։
       Այսպէս, անգամ մը Մանթաշօֆն ու Պօղոս փաշան տեսայ թեւ֊թեւի, ու իսկոյն երկուքին ալ փէշերը պագի։ Յայտնի է թէ եթէ առանձին ֊առանձին ըլլային՝ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէին։ Բայց մարդերն այնպէս են, որ երբ քով քովի դնես ուրիշ մարդ կ ՚ըլլան։ Բժշկութեան մէջ ալ ասանկ դեղեր կան կարծեմ որ իրար միանալով գոյն կը փոխեն։ Այս բաղադրութիւնները գիտնալու է. արուեստին դժուարութիւններն են ասոնք…։
       –Դուն դեռ հո՞ս ես, կշտամբեց Մանթաշօֆ հայրաբար։
       –Ամերիկա գործ գտայ բայց ճանապարհածախս կը պակսի, կակազեցի։
       Թղթապանակը բացաւ, այն թղթապանակը որուն վրայ էր ամբողջ ազգին աչքը, մէջէն քանի մը դրամատոմս հանեց.
       –Վերցրու ու կորիր, ըսաւ։
       Բայց Պօղոս փաշան ալ պզտիկ մնալ չուզեց. երկու թուղթ ալ ան ոլորեց ձեռքիս մէջ։
       –Աստուած ձեր երկուքն ալ անպակաս ընէ անտիրական ազգիս գլխէն…։
       Հիմա պիտի հարցնէք որ ինչո՞ւ այդ դրամով Ամերիկա չգացի։ Բայց չէք մտածեր որ ես Ամերիկա երթալիք մա՞ր դ եմ. իմ թոքերս այդ գործարանի ծուխերուն ու ձիու միսերուն կրնա՞ն դիմանալ…։
       Մանաւանդ որ այս անվերջ տեղափոխութիւններէն բոլորովին քայքայուած էր առողջութիւնս։ Կը զգայի որ ա՜լ մեռած մարդ մըն էի, ու այս իմ վերջին յաջողութիւնս էր։
       Արեւոտ երկիր մը գացի թոքերս տաքցնելու։ Օր մը գրպանիս վերջին դրամը կ ՚ուտէի անձնասպանութենէ զատ ճար մը չգտնելով վաղուան համար, երբ յանկարծ՝ ժառանգութեան լուր մը հասաւ ականջիս…։
       Ողորմած֊հոգի Արթին փաշա մեռնելով՝ Փարիզի հայ աղքատներուն 10. 000 ֆրանք ձգեր էր բաժնուելու։ Իսկոյն հաշուեցի որ մենք հոն 17 հայ աղքատներ էինք, եւ ամէն մէկուս 588 ֆրանքի պէս բան մը կ ՚իյնար։
       Շունչս Փարիզ առնելով շիտա՛կ Քահանային դիմեցի, անկէ Ատենապետին, անկէ Քարտուղարին, անկէ Գանձապետ պէյին։
       Աշունը արդէն անցեր, ձմեռը եկեր էր, Փարիզի աղտոտ ձմեռ մը։ Ճաշարանի մը առջեւ ժամերով Գանձապետ պէյին սպասեցի, չեկաւ։ Միւս օր աւելի կանուխէն գացի հոն, դարձեալ սպասեցի, ոտքերս ցեխերու մէջ, ձեռքիս ծաղկավաճ առի կողով մը, ձիւներուն տակ առա՛նց վերարկուի։ Խոնաւութիւնը ոտքերէս վեր կ՚ելլէր, արիւնս կը սառեցնէր։ Հազացի, թուքս ձիւնը կարմրցուց …։ Պիտի գա՞ր, չպիտի՞ գար…։
       Ա՜խ, տոքթէօր, հիւա՜նդ ըլլալ, ճերմակ բարձերու վրայ պառկիլ, փափուկ ձեռքերէ խնամուիլ. հիւանդութի՞ւն է այս…։ Բայց երբ ամէ՛ն հազալուդ թոքերուդ պատառ ֊պատառ փրթիլը կը զգաս, երբ կարմիր կը թքնես, երբ աշխարհէ աշխարհ դարման կը մուրաս, երբ ապրելու համար մէկու մը կնունքին, միւսի մը մահուան կը սպասես, երբ ցեխերուն մէջ կը դողաս որ Գանձապետ պէյը անցնի, ա՜խ, սարսափելի՜, սարսափելի՜ բան է, այս հիւանդութիւնը գիրքերուն մէջ չէ՛ գրուած…։
       Բայց ահա ճաշարանին առջեւ գոց կառք մը կեցաւ. ճարպոտ մարդ մը դուրս ելաւ։ Առաջ նետուեցայ, տժգունեցաւ։
       –Ի՞նչ կ ՚ուզես ինձմէ…
       –Արթին փաշային ժառանգութիւնս…
       –Կտակի մասնախումբին գնա…
       –Ես քեզ չեմ ճանչնար. գնա դրա՛մ շահէ, խաչագո՛ղ…
       Երբ այս բառը լսեցի, արիւնս գլուխս ցատկեց…։ Թոքախտ մարդուն խաչագո՜ղ ըսել…։
       –Դուն որի՞ն դրամը որի չես տար, զզուելի՛ մակաբոյծ. հապա դուն օր մը դրամ շահած ունի՞ս…։
       Այսպէս պոռալով վրան յարձակեցայ, սիլէնտր գլխարկը ցեխերուն մէջ գլորեցի, ածելիով մը երեսները քզքզեցի, բայց ո՛չ թէ մեռցնելու համար (խե՞նթ եմ), այլ իր խնամուած դէմքին վրայ անա՛նկ յիշատակ մը ձգելու՝ որ, երբ մեռնիմ զիս չմոռնայ…։
       Ի՜նչ երկնցնեմ, տոքթէօր. ինծի օդ ու արեւ պէտք էր, զիս բռնեցին աղտոտ բանտ մը նետեցին։ Ամիսներով այդ խորշին մէջ ամբողջ թոքերս թուքի…։ Վա՜յ այն խեղճին որ ինձմէ վերջ այդ ծակը նետեցին. եթէ նոյնիսկ ըմբիշ մըն է, թոքախտաւոր պիտի մեռնի…։
       Հիմա ալ, հազալով ու թքնելով, Փարիզէն ելանք ու Լօզան եկանք։ Լօզան շիտա՛կ քեզի եկանք, գրպանիս մէջ առանց մետաղի կտորի մը…։
       Կը խնդրեմ, Տոքթէօր, օ՜, անհանգիստ մը ըլլաք, ես քենէ դրամ չեմ ընդունիր…։ Ուզածս միա՛յն… դեղի դրամ մը, ու թոքախտի վկայական մը՝ տեղացիներուն դիւրութեան համար…։
       Արդէն դեռ քանի՞ օր հոս պիտի ապրիմ։ Երկու շաբաթէն Գալանթարօֆի աղջիկը Ժընեւ կու գայ՝ ծնելու…։