Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻՊԱՐՆԵՐ

Ա

Բարթող աղան բարի մարդ մըն է, բոլոր անոնցմէ, որոնք մեզ կը տրամադրեն այդպէս կոչելու զիրենք։ Ան կարող չէ չար ըլլալու, եթէ բաղձայ իսկ, եւ ոչ ալ կրնայ առաքինի ըլլալ (բառին տառական առումովը)։ Մեծ չար մը եւ մեծ առաքինի մը ըլլալու համար տաղանդ պէտք է։ Ան տաղանդ չունի այսուհանդերձ զինք կը կոչենք տիպար մարդ. այնքա՜ն մենք վարժ ենք միջակութիւնը փառաբանելու, վասնզի մենք այնքան միջակ ենք եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կը խուսափինք տաղանդէն եւ հանճարէն եւ անոնց բախումներէն. այդ խուսափումը մեր մէջ կը մատնէ ինքասիրութիւնը, եւ միջակ մարդուն մէջ ինքնասիրութիւնը քօղազերծ կ՚ընէ փոքր եւ ծաղրելի հոգի մը։ Ես կը սիրեմ Բարթող աղան պարզ անոր համար, որ ստեղծուած արարած մըն է, անոր համար, որ երբ դուրս գալ ուզեմ հոգեկան գալարումներէս, մտածումներուս պարտասիչ այլազանութենէն, թռիչներէս եւ անկումներէս, անի՛կայ միայն կը գտնեմ, որ իր տափակութեամբ միտքս կը հանգչեցնէ եւ իր լաւատես միապաղաղութեամբ ինծի խորհիլ տայ, թէ իմ ճիգերս գերմարդկային են, եւ թէ յատակի մարդկութեան վրայ դեռ կրնամ լայն շուք մը տարածել։ Բարթող աղան մահն է կեանքին մէջ, կամ լաւ եւս ըսեմ՝ իր հոգիին մահը կապրի անմահ մը, որ յաւիտենական քունէն նուազ խորհրդաւոր է, բայց աւելի արգահատելի եւ հետաքրքիր մանաւանդ անոնց համար, որոնք կոչուած են մարդ էակը բարձրացնելու։ Երբ առանձին ենք Բարթող աղային հետ, ինքնաբերաբար կը խոսինք ամենէն շատ ծեծուած եւ ծանծաղ նիւթերու վրայ, որոնք անցեալին կը պատկանին իրենց ծնած օրէն իսկ. սակայն երբեմն ես կը խորհիմ թէ ամենէն յաւիտենական նիւթերն ատոնք են միայն, քանի որ յաւիտենական են զանոնք հասկցող աղէկ մարդիկը։ Եւ այս մտածումը ստէպ զիս կը տանջէ. ես, որ հաւատքը ունիմ մարդ էակին յեղափոխումին դէպի գերմարդը, դէպի կիսաստուածները, զոր մեր պապերը իրենց ծոցին մէջ ունեցան՝ երբ վրանէն դեռ չէր վերցեր Աստուծոյ ստեղծագործ տաք մատը։ Մեր խօսակցութիւններուն ժամանակ միշտ իմ եռապատիկս կը խօսի ան. եւ ես իր խօսածին մէջ երրորդին կ՚ունկնդրեմ։ Օ՜, որչա՜փ պէտք էին լռութեան պատկանիլ եւ դժբախտաբար չեն պատկանիր։ Բարթող աղան եւ իր նմանները ուղտերն են ամայի անապատին, որուն մատիկ մը խոտը օրերով կորոճան՝ վե՛ր բերելով իրենց լայնածաւալ ստամոքսէն։ Ան իր յայտնած գաղափարներուն մէջ չըսեմ ԻՐ գաղափարներուն մէջ կատարելապէս հին է, բայց ոչ այն քաղցրաբոյր հնութիւնը, զոր ես թանգարաններուն մէջ կը սիրեմ յառաջդիմութեան իբրեւ հիմ ծառայելուն համար, այլ տեսակ մը փտութիւն՝ նման շաղփաղփուն շէնքերու թափթփող ծեփին։ Նորութիւն եւ այլազանութիւն՝ քաղաքակրթութեան այդ էական մասերը օտար են այդ միջակ մարդէն։ Ինք զանոնք կատէ, վասնզի չի՛ կրնար հասկնալ եւ եթէ հասկնայ իսկ՝ չի՛ կրնար մարսել ա՛յն ըղեղով, որ աղիքէ մը տարբերութիւն չունի։ Ժամերով փորձած եմ զինք հպատակեցնել նորագոյն իտէալներու, քանի որ խորհած եմ, թէ իտէալով մարդ միայն կը տարբերի անասուններէն։ Եւ մարդ կատարելութեան մօտենալու համար ո՞չ ապաքէն քիչ մը մարգարէ պէտք է ըլլայ։ Հոգին ապագային տիրապետութեան համար ստեղծուած է, եւ այն հոգին, որ ապագան չընէր իրեն որսը, ինքը կ՚ըլլայ որսը ժամանակ ջնջումին այդպիսի հոգիի մը աչքերը բացուած են միայն ծոծրակին վրայ, եւ կը տեսնէ անցեալը միայն եւ անցաւոր է մարմինին նման եւ մարմնին հետ։ Բարթող աղան երբեմն ինծի կունկնդրէ նաեւ, եւ երբեք չըլլար, որ չտայ ինծի հաւանութիւն, հաւանութիւն մը, որ ոչ թէ նպատակ ունի հաստատելու զիս իմ միտքերուս մէջ, այլ փութացնելու անոնց վերջակէտը։ Ան կատէ իմ գաղափարներս եւ չի՛ ըսեր թէ կատէ. այնքա՜ն միջակ մարդը կը վախէ բախումներէ։ Բայց ես ստէպ լսած եմ, որ ուրիշ վայրերու մէջ, ուրիշ միջակներու պատմած է ան, թէ ես կատարեալ երազող մըն եմ եւ տեսակ մը խենթ, արժանի միայն Յայտնութեան Գիրքին հեղինակը կոչուելու։

Բարթող աղան հիանալ չի՛ գիտեր. գիտէ զարմանալ. վասնզի հիացումն ըմբռնում կը պահանջէ բարձր նորութիւններու եւ ճշմարտութիւններու, որոնք ապագայէն կու գան։ Ան կը զարմանայ, վասնզի չի՛ հասկնար, չի՛ հասկնար, վասնզի հոգին ձկտումներ չունի։ Ձկտումը ներշնչման ատակ հոգիներու յատուկ է։ Բարթող աղան չի ձկտիր, որովհետեւ ինքնագոհ է. ան կ՚ընդունի եւ կը հպատակի եւ զարմանալի է, ան կը հպատակի ոչնչութիւններու, որդերու, բաւական է, որ որդերը պսակուած ըլլան։ Նիւթերը չի՛ եփեր, այլ ուրիշներէ եփած նիւթերը կը մարսէ։ Կան մարդիկ, որ եւ ոչ իսկ կ՚ըրնան մարսել, ինք անոնցմէ չէ. անոնք յատակի մարդիկ են։ Բարթող աղան ոչ բարձրն է եւ ոչ ստորը. ան բրինձը չէ, որ յատակը կ՚իջնէ, եւ ոչ ալ արգանակը, որ վրան կ՚ելլէ, այլ անիկա ապուրին ջուրն է, որ մէջտեղը կը մնայ։ Ան միջակ մարդն է։

Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իրեն համար իտէալ կառավարութիւնը՝ պիտի պատասխանէ. «Այ՛ն Սահմանադրական Միապետութիւնը, որ Լուի Ֆիլիպով իրագործուեցաւ»։

Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իր սիրած կինը՝ պիտի պատասխանէ. «Այ՛ն կինը, որ բեղնաւոր կողեր ունի եւ գաւաթ մը ջուր հրամցնելէ վերջ ձեռք կը պագնէ»։

Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իր նախընտրած հրապարակագիրը. «Երուանդ Տէր-Անդրէասեանը» պիտի պատասխանէ. վասնզի միջակ մարդ է Բարթող աղան։