Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԿԻՆ Ն... ԻՆ [1]

1

Խոստացած չէի՞ քեզի բուի մը նման հանդարտ ըլլալ եւ անոր նման ցո՜ւրտ։ Կը սիրեմ այդ թռչունը։ Իմ հոգիիս խորհրդանիշը պիտի ըլլայ այլեւս ան։ Երբեք չ՚երգեր։ Ոչ տխուր կ՚երեւայ եւ ոչ ալ ուրախ։ Բարեկամ չունի։ Կարծես սիրտ չունի կամ սառէ շինուած սիրտ մը ունի։ Օրուան մէջ անշաժ եւ պահուըտած կը մնայ մեծ ծառի մը խորը կամ մութ ցուիքի մը տակ, իսկ անմիջապէս որ գիշերը գայ, ան կը բանայ թեւերը եւ կը թռչի ստուերին մէջ՝ դէպի անգոյն հեռուները։ Բոյն չունի։ Մռայլ ու մենաւորիկ կ՚ապրի, որովհետեւ, միւս թռչունները չեն սիրեր զինք՝ իր լռութեան ու անձկութիւն արտայայտող երեւոյթին համար։ Սուգի թռչունն է։ Ո՞ւր կը պահուըտի մեռնելու համար։ Այնքան հետաքրքրական պիտի ըլլար մեռած բու մը տեսնել. այդ է պատճառը որ իր դիակը չի գտնուիր։ Երբ մահուան մօտ զգայ, կը սպասէ որ գիշերը գայ, եւ այն ատեն կը բանայ թեւերը վերջին անգամ, յոգնա՛ծ թեւերը, եւ առանց աղմուկի կը թռի դէպի ամայի տեղ մը, խաղաղութեամբ հոն մեռնելու համար։

Ահ, շա՛տ հետաքրքրական պիտի ըլլար ուսումնասիրել պզտիկ կեանքը այդ թռչունին՝ այնքան տրտում, այնքան համակերպած։ Սէր չունի՞ն ասոնք։ Կարելի՞ է. ինչպէ՞ս ուրեմն անոնց տեսակը ամբողջովին անհետ չ՚ըլլար երկրի երեսէն։ Թերեւս միայն մէկ անգամ կը սիրեն իրենց կեանքին մէջ։ Այդ ժամանակ, ինչքա՜ն խորունկ ու բուռն եւ անդիմադրելի պէտք է որ ըլլայ այդ սէրը. որովհետեւ, միշտ այսպէս է սէրը անոնց որոնք միայն տրտմութիւն եւ ընկճում զգացած են։ Կը սիրե՜ն։ Քանի մը օրուան համար անծանօթ գողեր կ՚անցնին անոնց այլանդակուած մարմնոյն վրայէն ու մռայլ հոգիին մէջէն։ Գուցէ կ՚երգեն քիչ մը՝ այդ օրերուն։ Եւ յետոյ, յեղակարծ ու գուցէ ուզելով իսկ, կրկի՛ն կը մխրճուին իրենց լռութեան ու խաղաղութեան մէջ... ։

Կը սիրե՜մ այդ թռչունը։ Երբ կը մտածեմ անոր մասին, միտքս կու գան պահեր իմ անցած օրերէս...

Երեսուն օր է բանտին մէջն եմ։ Ինծի կը թուի թէ տարիներէ ի վեր հոս եմ։ Տարօրինակ կերպով վարժուած եմ ա՛լ այս լռութեան, այս պատերուն, այս կուրացնող մթութեան, այս ծանր մելամաղձոտութեանը մարդերուն եւ իրերուն։ Կեանքս կը նմանի գետի մը որ յանկարծ պիտի դադրէր դէպի ծով հոսելէ եւ յամրօրէն պիտի մխուէր լուռ, անսահման հորի մը խորը, ուր ոչ մէկ լոյս կայ։ Գրեթէ մոռցած եմ լոյսը արեւին, բուի մը նման։ Երբեմն բանտարկեալները աշխատելու կը տանին։ Սեղմ շարքերով դուրս կու գանք, կոշտ չաւուշներու հսկողութեան տակ։ Մէկ կամ երկու ժամուան համար՝ հող կը հերկենք կամ հսկայ սայլերով քար կը փոխադրենք, փայտ կամ ջուր։ Լաւ չեմ տեսներ. աչքերս ներքին մթութիւններով լեցուած են։ Լոյսը շատ կը ցաւցնէ զիս, որովհետեւ ջղայնացնող կծկումներ կը զգամ աչքերուս մէջ։ Կը գոցեմ զանոնք, եթէ աշխատանքս թոյլատու ըլլայ, եւ ամբողջ սրտով վերադարձի ժամը կ՚ըղձամ, կրկին իմ խաղաղ անկիւնս գրաւելու համար, կռնակս եւ գլուխս խոնաւ պատին հանգչեցնելու համար ու կրկին ինքզինքս ժամերու մոռացումին տալու համար։ Օրուան մեծ մասը քնանալով   կ՚անցընեմ։ Այս թմրութիւնը մարմինս կը սպառէ եւ հոգիս կը մեռցնէ։ Երբ կ՚արթննամ, ա՛յնքան ծանր կը զգամ որ կարծես հազար քիլօ ծանրացեր եմ... եւ հոգիս թմրութիւնը սարսափելի կը դառնայ։ Այն ատեն, սիկարէթի ետեւէ կը վառեմ, առանց որեւէ մտածումի, աներազ, աչքերս սեւեռած վիթխարի սիւնի մը ոտքերուն՝ որ գերեզմանի գոյն ունի։ Եւ գիշերը կու գայ։ Բանտի գիշերը։ Տարօրինակ բան։ Այդ ատեն է որ քիչ մը լոյս կ՚ունենանք։ Անկիւն մը, պզտիկ լապտեր մը կը վառեն՝ փոշիէն եւ աղտէն դեղնած ապակիներով։   Կը սկսի վառիլ ան պատին վրայ՝ մռայլ արհամարհանքի երեւոյթով մը. կարծես ան ալ մեզն թշնամի մը ըլլար։ Շատ յաճախ, կը մարի ան մեկ-երկու ժամ ետք, որովհետեւ չաւուշները բանտարկեալներուն սահմանուած կագը գողցած կ՚ըլլան։ Մինչ կը վառի, կ՚աճապարեմ օգտուիլ իր լոյսէն. որովհետեւ, 24 ժամուան մէջ միակ առիթն է, երբ կարելի է կարդալ կամ գրել։ Գրպանիս մէջ ունիս քանի մը նամակներ զորս պատահմամբ հետս բերած եմ, ու երկու անգլերէն պարբերաթերթ՝ որոնք մոռցուած են նախապէս հոս ապրող անգլիացի բանտարկեալներու կողմէ։ Ինչպէ՜ս կ՚օրհնեմ զանոնք։ Ոչինչ կայ հետաքրքրական ասոնց մէջ. հասարակ սիրոյ վէպեր, կամ վիպակներ՝ աւելի հասարակ, ոստիկանական. բայց անոնք կարդալու պատեհութիւն կու տան ինծի, նաեւ մարզելու մտքիս կարողութիւնները, որոնք, առանց ատոնց, անդարմանելիօրէն պիտի բթանային։ Նախ,   ընթերցանութեան սկիզբը, բան չեմ հասկնար. երկու, երեք, չորս էջ կը դարձնեմ, առանց գաղափար մը կարենալ կազմելու։ Բառերը, նախադասութիւնները իրարու կը յաջորդեն, այնպէս որ՝ կարծես թէ պարապ փոսի մը մէջ ինկած ըլլային։ Ինծի կը թուի թէ թանձր ու սեւ ծուխ մը կը բարձրանայ ուղեղիս պարապէն եւ աչքերէս դուրս կը փախչի ցաւագին դանդաղութեամբ։ Բայց ճիգ կ՚ընեմ, եւ քանի կը կարդամ այդ ծուխը կը բարակնայ, կը հատնի, մինչեւ որ բաւական պայծառութիւն ձգէ հասկացողութեանս մէջ։ Բայց այդ ծուխը երբեք ամբողջովին չի դադրիր։ Գլուխս միշտ բաւականին լեցուն է անով, պարպել ու ցրուել տալու համար հոս-հոն՝ խեղճ պզտիկ մտածումները որոնք երկչոտօրէն ծնունդ կ՚առնեն գանկիս տակ։ Երբ այս մտային մարզանքը բաւական երբութիւն կու տայ իմ թշուառ ուղեղիս, մէկ կողմ կը դնեմ անգլերէն պարբերաթերթը եւ մեղկօրէն գրպանէս կը հանեմ նամակներս։ Հին թուական ունեցող նամակներ են, որոնք ինծի գրուած են երիտասարդ աղջկան մը ձեռքով։ Սիրեցի այդ աղջիկը։ Երեք օր միասին եղայ իրեն հետ, անտառներով շրջապատուած պզտիկ գիւղի մը մէջ։ Երեք թախծալի երեկոյեան մէջ, երեք պտոյտներ ըրինք միասին։ Ծաղիկներ տուաւ ինծի։ Միասին ունկնդրեցինք առուակներու ձայնը։ Սիրոյ ոչ մէկ բառ ըսինք իրարու։ Ան քաղցրութեամբ նայեցաւ ինծի. ես տրտմութեամբ նայեցայ անոր։ Ահա ամբողջը։ Միայն թէ, չորրորդ օրուան առաւօտը - երեկոյեան պիտի մեկնէր ան ծնողքին հետ -, քիչ մը լացի ես։ Տեսա՞ւ արցունքներս։ Միայն վերջին վայրկեանին ըսաւ թէ՝ երազել իմ հոգիիս ու աչքերուս նուազումին մասին՝ շատ մեծ զմայլանք մը պիտի տար իրեն, երբ հեռուն ըլլար։ Ան մեկնեցաւ։ Քանի մը օր ետք ստացայ իր առաջին նամակը, ուր կ՚ըսէր թէ շիտակ մտածած էր, որովհետեւ իմ հոգիիս մասին իր երազը շատ քաղցր էր իրապէս, եւ թէ՝ իմինիս նման մելամաղձոտութիւն կու տար այդ նաեւ իրեն։ Պատասխանեցի։ Նամակները իրարու յաջորդեցին ժամանակ մը։ Յետոյ իրար մոռցանք։ Ես զինուոր եղայ... զինուոր... ։

 

2

Երրորդ գիշերն է որ կ՚անցընեմ հիւանդանոցին մէջ եւ արդէն ինծի կը թուի թէ դարմը սահած է այն օրէն երբ ոտքս ներս դրի այս մռայլ նրբանցքներէն։ Ըսել չէ թէ կը ձանձրանամ շատ. ոչ, այդ բանը շիտակ չէ, որովհետեւ միշտ եւ ամէն վայրկեան բան մը կայ ընելիք. ու երբ բան մը չունենաս, կը հնարես՝ ահաւոր պարապէն չսպաննուելու համար։ Իրա՜ւ, ինչքան գիւտեր ըրի սա օրերուս... ու կը զուարճանամ՝ զանոնք պրպտելով ցերեկը, իսկ գիշերը նոթագրելով միմիայն, վիրակապերու սրահին մէջ, հակած վերակառքի մը վրայ։ Իմ գիւտեր՞ս։ Հա՞րկ է խօսիլ անոնց մասին։ Բան մը ըսեմ սակայն, նախ, այս երեկոյ (գրեթէ գիշեր է) շատ թոյլ տրամադրութեան մէջ եմ, եւ անկարելիութիւն մը չէ որ՝ քեզի հետ շատախօսելու ժամանակ՝ գլխու ցաւ պատճառեմ... Ուրեմն, ուշադրութիւն ըրէ։ Կը տեսնես թէ ինչքան բարի տղայ եմ եւ կը զգուշացնեմ իմ ընթերցողուհիս, անոր գլուխնին նետելէ առաջ   նամակներս։

Սկսի՛նք. ուրկէ՞։ Օբարէթէ՞ն։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Բաւակա՛ն է ալ։ Չեմ կարող մտածել այդ մասին, առանց պզտիկ դողի մը՝ կռնակիս երկայնքին, երբ կ՚երեւակայեմ բառերի որ փոխանակած էք իմ շուրջ, սիրելի օր. Մ... ին հետ։

Ահ, բնաւ միտք չունիմ հոդ իյնալու կրկին այս գիշեր։ Գետես թէ որքան ցուրտ է հոս, ու ես գրեթէ կը դողամ, երբեմն մէկ կողմ դնելով գրիչս, մատերուս վրայ փշրելու համար։ Ոչ մէկ այլ միջոց խուսափելու, բացի գիտական խօսակցութենէ մը այս հիւանդանոցին վերաբերեալ. և այդ՝ մոռնալու համար ցուրտը։ Կը հաւատա՞ս. երեք օր է որ հոս եմ ու 20 հատ նորավէպի գաղափար ունեցած եմ (թերեւս աւելի), առանց բառ մը գրելու անշուշտ։ Շատ տարօրինակ եւ շատ հետաքրքրական բան մըն է թրքական հիւանդանոցը։ Հոն այնքան բաներ կան խնդալու եւ երբեմն այնքան ալ սրտառուչ բաներ։ Օրինակ՝ երէկ անկարելի եղաւ ինծի զսպել քանի մը արցունք, մինչ ամբողջ օրը այնքան խենթ զուարթութեամբ լեցուն էի եղեր (ինչու որ ամբողջ օրը թափառեր էի, շատախօսեր ու... սիրաբաներ քիչ մը), այլ յանկարծ, իրիկուան դէմ, դիակ մը տեսայ, ճերմակով ծածկուած. չորս զինուրներ կը տանէին զայն։ Շատ մռայլ բանի մը մասին մտածել տուաւ ինծի այդ հանդիպումը։ Օհ, ի՜նչ վրդովիչ են մերկ ոտքերը դիակի մը... ։

Բայց, ինչպէ՜ս ինկայ այս թախծոտ պատկերներուն մէջ, ես որ կը փնտռէի զէնք մը լոկ՝ ցուրտին դէմ։ Ուրեմն, վերջակէտ։

 

3

Այս գիշեր մեռել մը ունեցանք 5-րդ սրահին մէջ։ Մէկն էր այն գերիներէն՝ որոնք Ռուսիայէն կը վերադառնան, մարմնապէս անկարող ըլլալով հայրենիքին ծառայելու։ Շատեր ունինք ցրուած՝ զանազան սրահներու մէջ, ըստ իրենց հիւանդութեան։ Շատ բաներ կը պատմեն իրենց «ուխտագնացութենէն» դէպի Սիպերիա։ Խիստ տառապած են։ Ինծի համար լաւ զբաղում մըն է՝ երթալ յաճախ հակիլ անոնց սնարին, լսելու տարօրինակ տպաւորութիւնները եւ մանրավէպերը անոնց։ Ան որ այս գիշեր մեռաւ, ա՛յնքան քիչ կը խօսէր։ Անոր գլուխին վրայ դրած էին երկու գիրեր - T. B., որ կը նշանակէ թէ հիւանդը թոքախտէ վարակուած է։

Միշտ անձկալի էր որ նամակ չէր ստանար իրեններէն։

Գրած էր բազմաթիւ նամակներ, տեղեկացնելով մօտիկ վերադարձը։ Ըսած էր, անշուշտ, թէ քանի մը օրէն կրնար համբուրել զանոնք։ Ի՜նչ երազներ չէր ըներ իր անկողնին մէջ, ուրկէ երբեք պիտի չելլէր։ Մոմի մը պէս մարեցաւ, լուռ, խաղաղ։ Անոնք որ տեսան մեռնիլը, կ՚ըսեն թէ ոչ մէկ գանգատ ըրաւ։ Նոյնիսկ հոգեվարքներու մահասարսուռ շնչառութիւնը չունեցաւ։ Մեռնելէն կէս ժամ առաջ, քիչ մը ջուր ուզեց, խմեց, օրհնեց տուողը՝ քանի մը շփոթ բառերով, յետոյ, մէկ կողմ դարձաւ ու չչեց իր վերջին շունչը, Բոլոր այս մանրամասնութիւնները քիչ մը չե՞ն վերակոչեր Վահագնին մահը։

Յուսահատեցնող գիշեր մը։ Կ՚անձրեւէ դուրսը, եւ շատ ցուրտ է սրահին մէջ։ Այս կէսօրէն ետք, փիլիսոփայութիւն կ՚ընէի քեզի։ Հիմա ա՛լ ոյժ չեմ զգար։ Հոգիս մշուշով լեցուն է։ Ի՜նչ տարբերութիւն՝ հոգեկան վիճակին մէջ մարդուն որ այնքան թեթեւ, ուրախ էր քանի մը ժամ առաջ, եւ անոր՝ որ հիմա կը խեղդուի մելամաղձութենէ, այս տողերը գրելով հանդերձ։

Բան մը կայ որ բնական չէ իմ մէջ, անհա՜շտ բան մը։ Կը զգամ։ Իմ պատանեկութեանս առաջին օրերէն զգացի։ Միշտ անորոշութիւն մը կայ հոգիիս մէջ... ։

4

Այս առաւօտ, Առնաուտգիւղէն վերադարձիս (Կիրակի հոն էի արձակուրդով), գործիքներու պահարանին մէջ գտայ քու պզտիկ (պզտիկ-քա՜ղցր բառ) նամակդ։ Վիրակապումի ժամն էր։ Նամակդ առի եւ մեղմօրէն քաշուեցայ անկիւն մը, ուր կրնայի խաղաղութեամբ կարդալ։ Անշուշտ, շատ մը բաներ կային հոն որ իրապէս ճիշդ չէին, նոյնիսկ խայթող նախադասութիւններ, բայց եւ այնպէս հրապուրիչ էր, ու պէտք է որ շնորհակալ ըլլամ քեզի այն լաւ տրամադրութեան համար որ նամակդ ստեղծեց իմ մէջ այս առաւօտ. որովհետեւ, սովորութիւն ունիմ քիչ մը մռայլ ըլլալու առաւօտները։ Բարեկամուհիի մը նամակը կարդալ՝ այն րոպէին իսկ որ կը պատրաստուիս   սոսկալի վէրքերու վրայ հակիլ.. ։

Ա՜հ, այդ operetteը։ Հազար բողոք ունիմ դէմդ այդ մասին գրածներուդ համար, բայց չեմ ըներ, երդում ըրած ըլլալով որ ա՛լ բառ մը պիտի չըսեմ այդ մասին։ Միայն, պիտի աղօթեմ գիշեր ցերեկ որ շուտով առիթը ըլլայ աշխարհի մինչեւ ծայրը վազելու (սրունքներուս ամբողջ արագութեամբը), քեզ գոհ ձգելու համար։ Միայն, կ՚ըսեմ... անձրեւ չեմ ուզեր։

Կեսօրե ետք...

Տեսակ մը օրագիր ըլլալու վրայ է։ Յոգնելով նրբանցքներու մէջ դեգերելէ, եկայ առանձին նստիլ սրահին մէջ, եւ քանի որ կարդալու տրամադրութեան մէջ չեմ, գրպանէս կը հանեմ այս նամակը (բժշկական շապիկիս գրպանէն), քանի մը տող աւելցնելու։

Այս Չորեքշաբթի Սկիւտար պիտի գամ, որով՝ թերեւս զիս աւելի առաջ տեսնես քան այս նամակը որ հետզհետէ աւելի անվերջանալի կը դառնայ։ Իրապէս, այնքա՜ն   բան ունիմ ըսելիք։ «Ինչու այդքան զզուած, մելամաղձոտ կը զգա՞մ»։ Երբեմն պէտք է մտածել թէ հոգիներ կան որոնք նուազ տրամադիր են զզուած եւ մելամաղձոտ զգալու, բայց ակամայ թէ կամաւ ստիպուած են։ Ահ, ճակատագիրը, այնպէս չէ՞, դժոխքի է՛ն սեւ սատանան... չէ՞։ Ինչո՞ւ փակուած պիտի ըլլամ ես այս սարսափելի հիւանդանոցին մէջ, ամբողջ օրը ստիպուած թափառելու տեղէ տեղ, խենթի մը նման, կամ ծխելու՝ կէս մը կոտրած աթոռի մը վրայ կծկտած։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչ իմաստ կայ ասոր մէջ։ Ինչո՞ւ սա ժամուն Եւրոպա չըլլամ կամ չվարեմ իմ ճաշակիս համաձայն կեանք մը։ Եւ դո՛ւն։ Ինչո՞ւ բոլոր այդ յիմար պարտադրութիւնները, անիմաստ տառապանքը, այդ առանձնութիւնը, ձանձրոյթը, կեանքի յոգնեցնող միօրինակութիւնը։ Ամէն օր միեւնոյն շարժումները, սկսիլ եւ վերջացնել նոյն գործերը։ Մտածումն իսկ միշտ ազատ չէ իր սովորական շրջագիծէն դուրս երթալու եւ տեսնելու թէ ի՛նչ կայ անդին։ Բայց ինչ ընել։ Խենթենա՞լ։ Ահ, եթէ դիւրին ըլլար այդ, հիմա երկիրը լեցուն պիտի ըլլար խենթերու բազմութեամբ, որոնք դէմքերնին արեւուն դարձուցած պիտի խնդային։ Բայց յիմարութիւնն ալ առանձնաշնորհ մըն է որ ամէնուն չէ տրուած։ Անձնասպա՞ն ըլլալ։ Ահա ինչ որ շատ բարդ է։ Ինքզինք սպաննելը ոչ միայն աշխարհի ամէնէն սոսկալի՝ այլ նաեւ տաղտկալի բանն է, երբ խելքդ չես կորսնցուցած։ Գորէն առաջ, այնքան շատ բան կայ մտածելիք, այնքան մտահոգութիւն, ա՛յնքան տանջանք... որ մարդ կը նախընտրէ յաւերժօրէն տառապիլ քան այդքան մռայլ րոպէ մը ապրիլ։ Կ՚ուզե՞ս իմ կարծիքս ունենալ այս մասին։ Երկար եւ ունայն տառապանքներէ ետք ստացուած նոր տեսակէտ մըն է. - երբեք չնայիլ կեանքի ողբերգական կողմին՝ առանց ժպիտ մը ունենալու շրթունքիդ... Կեցցէ՛ Ծիծաղը։ Հեգնե՜լ ամէն բան, ոչինչ նկատի առնել լրջօրէն, միշտ հաճոյակատար խօսք մը ունենալ ըսելիք՝ ամէնէն լուրջ բաներուն առթիւ։ Կարելի վերջին իմաստութիւնն է այս, ըստ ինծի։ Ըսել սատանային. «Կը տառապեցնես զիս, բայց կը հեգնեմ քեզ. միշտ քու վերեւդ պիտի ըլլամ իմ Ծիծաղովս... »։ Տրտմութիւնը, մելամաղձութիւնը, անձկութիւնը՝ թունաւոր զէնքեր են անոր ձեռքին, մեր ոգին սպաննելու համար։ Արցու՞նք թափել... ։ Ի՜նչ օգուտ։ Որպէսզի ան խնդա՞յ։ Ահ, եթէ կարելի ըլլար որ րոպէ մը, միակ րոպէ մը, ամէն մարդ մոռնար իր վիշտերը, ու խենթ զուարթութիւն մը տիրէր երկրի չորս անկիւններուն՝ կ՚երեւակայեմ թէ ինչ ապո՛ւշ դէմք մը պիտի առնէր Չար Ոգին որ մեզ կը կառավարէ. ան սրավազ պիտի փախչէր, ձգելով մեզի ուրախութիւնը եւ ընդհանուր անփութութիւնը։

Կը հաւատամ թէ, օր մը, ա՛լ հարկ պիտի չըլլար պոռալու «կեցցէ՛ ազատութիւնը», որովհետեւ ամէն մարդ կատարելապէս ազա՜տ պիտի ըլլայ, ու պիտի մոռնանք սա թշուառական բառը «քաղաքականութիւն» (politique). այն ատեն, ուրիշ բան մը պիտի բարձրանայ բոլոր շրթներէն՝ «կեցցէ՜ ԾԻԾԱՂԸ»։

Հաճելի է գիտնալ թէ պզտիկ աղջնակը՝ փողոցէն անցնող բոլոր սպաներուն մէջ զիս կը կարծէ տեսած ըլլալ։ Բացատրէ իրեն թէ ես սպայ չեմ։ Ի՜նչ պատիւ։ Ըսէ իրեն թէ ես պարզապէս պզտիկ զինուոր մըն եմ որ ստիպուած է մեծ բարեւ մը տալ բոլոր սպաներուն... ։

 

5

Իրաւունք ունէի՞ Սկիւտարէն բաժնուիլ չուզելուս համար։ Երէկ առաւօտուընէ ի վեր այս հարցումը կ՚ընեմ պարապութեան մէջ, ինչու որ՝ մէկը չկայ հիմա շուրջս, որուն հետ կարենամ բառ մը փոխանակել։ Թերեւս իմացած չէք դեռ բռնուիլս։ Նորէն ճակատագրիս կը յանձնուիմ. նորէն կը ստիպուիմ գլուխս հակել աշխարհի խելառ, անհասկնալի կարգադրութիւններուն առջեւ։ Ճար չկա՜յ։ Ո՛ւր որ ալ երթայի, ցուրտ ձեռքը, որ երկար ատենէ ի վեր կը հալածէ զիս, ուսիս վրայ պիտի հանգչէր օր մը։ Գիտէի այդ, բայց չէի ուզեր խորհիլ որեւէ կարելիութեան մասին. գիտէ՜ք թէ որքան անբնական զուարթութիւն մը ստացած էի վերջերս։

Une nouvelle phase ! Նոր կարելիութիւններու անհուն շարք մը կ՚երկարի առջեւս, բոլոր հիները թաղելով։ Ո՛չ կրնամ, ոչ ալ կ՚ուզեմ որեւէ ընտրութիւն ընել այդ բոլորէն. կը վերսկսիմ վայրկեանի կեանքը ապրիլ en fumant, en souriant et en m՚attristant tour a tour. Ոչինչ արժէք ունի. անգամ մը որ հոգիս դադրած է որեւէ կշիռ ունենալէ մտածումիս վրայ, կրնա՞մ ակնարկս պտտցնել շուրջս ու լուրջ սեւեռումով մը յառիլ որեւէ պատկերի։ Անցած եմ այդ բոլոր շրջաններէն, եւ այդ բոլորը տարօրինակ կերպով հեռու եւ օտար կը թուին ինծի։ Տեսակ մը մելամաղձոտ անդորրութիւն կ՚օրօրէ զիս հիմա. ամէն բանի կ՚ուզեմ համակերպիլ եւ անցնիլ։ Աղէ՞կ ճամբու մէջ եմ - չեմ գիտեր, չեմ ալ ուզեր գիտնալ։ Թերեւս իմաստութիւնն իսկ է ասիկա, հոգեկան այս վիճակը, թերեւս՝ գերագոյն տխմարութիւնը։ Ինչ որ գիտեմ՝ սա է թէ այլեւս չեմ դժգոհիր... ։

 

6

Ձեզի պզտիկ պատմութիւն մը պիտի պատմեմ, եթէ տրամադրութիւն ունիք մտիկ ընելու. -

Օր մը, երբ դեռ ուսուցիչ էի Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, ծուլօրէն նստեր էի ճաշասրահը, ցերեկուան ճաշս աւարտած, ու սիկարէթ մը կը ծխէի։ Ինձմէ զատ մարդ չկար (կը սիրէի ճաշերս առանձին ընել)։ Յանկարծ, աղմուկ մը փրթաւ սեղանին տակ, ոտքերուս ճիշդ մօտը։ Գիտէ՞ք թէ ինչ էր։ Վարժարանին ծերուկ, տգեղ կատուն մուկ մը բռներ էր... վտիտ, նորածին մկնիկ մը... Աթոռս քիչ մը անդին քաշեցի, երկրորդ սիկարէթ մը վառեցի եւ սկսայ դիտել... ։ Կատուն պարզապէս խանդավառուած էր իր տարած յաղթանակին համար... Երկու թաթերը առաջ նետած՝ պառկած էր գետնին վրայ, ակռաներուն մէջ առած խեղճ պզտիկ մուկը, որ կը ճուար։ Երկար րոպէ մը անցաւ այսպէս։ Կատուն մնաց հիացիկ անշարժութեան մը մէջ, իսկ իր զոհը գալարուեցաւ յուսահատ, գրեթէ կիսամեռ։ Բայց յանկարծ կատուն թոյլ տուաւ մկնիկին որ հեռանայ... ։ Ապշած մնացի։ Խեղճ խա՞յթ ունեցաւ արդեօք - մտածեցի։ Իրողութիւն էր թէ ձգած էր իր զոհը եւ, գլուխը անդին դարձուցած, գրեթէ չէր հետաքրքրուեր անով, մինչ այս վերջինը, ուժասպառ, արիւնի հետքեր ձգելով տախտակամածին վրայ, կը փանխչէր կամաց կամաց։ Բայց ահա երեք թիզ հազիւ հեռացեր էր, երբ վհուկ անասունը զարհուրելի գրոհով մը նորէն առաւ զայն իր սեւ թաթերուն տիրապետութեանը   տակ։ Ու մկնիկը նորէն ճուաց։

Կատուն շատ անգամներ կրկնեց իր այդ անգութ խաղը։ Կը ձգէր, յետոյ կռնակի վրայ կը պառկէր ու կը սկսէր առանձին խաղալ, չնայելով իսկ իր զոհին։ Ամէն անգամուն ալ կը կարծէի թէ այլեւս իրապէս զզուած էր, այլեւս պիտի չհետապնդէր, ու գրեթէ կ՚ուրախանայի խեղճ պզտիկ մկնիկին համար, որ այնչափ արիւն էր կորսնցուցեր, այնչափ տառապեր։ Կատուն, սակայն, մեր երկուքին ալ քթինկը խնդար։ Հազիւ երեք թիզ հեռացած՝ կը ցատկէր, կը բռնէր... ։

Ա՜հ, սիրելի Տիկին, գիտէ՞ք ինչպէս վերջացաւ այս... ողբերգութիւնը։

Մկնիկը փախա՜ւ... ։ Իր խելայեղ երջանկութեանը մէջ, կատուն չէր տեսեր թէ պզտիկ ծակի մը մօտ տարեր էր իր զոհը։ Եւ ափիբերան մնաց, երբ տեսաւ թէ արիւնաթաթախ մկնիկը, յանկարծ, յուսահատական ճարպիկութիւնով մը, աներեւութացաւ այդ ծակին խորը... ։ Տեսնելու բան էր կատուին... յուսահատութիւնը։ Դերերը յանկարծ եւ անյուսալի կերպով մը փոխուած էին. հիմա ա՛ն էր որ կը ճուար, ծակին շուրջը կը դառնար կատաղի մլաւիւններով ու թաթերովը կը փորձէր խորտակել ծակին շուրջի գերանները, մինչեւ որ, տեղէս ելայ ու փառահեղ կիցով մը ստիպեցի զայն որ երթար իր չար բախտը լալու խոհանոցին մէկ անկիւնը... ։



[1]            Բարեկամուհիի մը ուղղուած այս նամակները չունին թուական։ Կու տանք զանոնք այն կարգով որով կ՚երեւան օրագրութեան էջերուն մէջ ցրուած։- ԽՄԲ.