Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ [1]

Ատանա, 10 Մարտ 1914

Սիրելի մայրս,

Քանի օր է որ կ՚ուզեմ գրել, բայց միշտ պատճառ մը կ՚ըլլայ որ չկարենամ։

Անշուշտ Հիւանդութեանս մասին անհամբեր տեղեկութիւն կը սպասէք։ Բացարձակապէս առողջացած եմ. ամէն ինչ անցաւ։ Բաւական ծանր հիւանդութիւն մը անցուցի, մանաւանդ՝ վտանգաւոր հիւանդութիւն մը, բայց, փառք Աստուծոյ, վրայէս նետեցի՝ շնորհիւ առողջ եւ ուժով մարմինիս։

Շաբաթ մըն է որ ֆրանսական հիւանդանոցը փոխադըրուած եմ։ Ամերիկեան հիւանդանոցէն բնաւ գոհ չմնացի։ Եկած օրս այնքան տկարացած էի որ ոտքի վրայ իսկ չէի կրնար կենալ. զիս շալկելով վեր հանեցին։ Բայց մէկ շաբաթուան մէջ այնքան լաւ խնամեցին զիս սեօռերը՝ որ հիմա, օրը քանի մը անգամ։ ամբողջ շէնքին մէջ կը պատիմ։ Բժիշկը այսօր ըսաւ թէ տասը օրէն կրնամ հիւանդանոցէն մեկնիլ։

Կիւլպէնկը [2] ամէն օր քովս կու գայ, նաեւ՝ Գալուստ պէյին տղան, Արթին պէյը եւ Պօղոս էֆ. Խիւպէսէրեանը։ Ամբողջ քաղաքը գիտէ թէ ես հիւանդ եմ. միշտ տեղեկութիւն կ՚ուզեն, մանաւանդ՝ աշակերտներուս ծնողքները։ Ամէն կողմ մեծ համակրութիւն շահած եմ. ամէնքը կը հետաքրքրուին ինձմով։

Ամերիկեան հիւանդանոցը եղած ատենս՝ նոյնիսկ կաթ չէի կրնար խմել. թէ՛ ախորժակ չունէի եւ թէ կերածս անմիջապէս ետ կու տայի։ Հիմա այնքան սաստիկ բացուած է ախորժակս՝ որ գիշեր ցերեկ, ժամը անգամ մը կ՚ուտեմ եւ չեմ կըշտանար։ Այսօր բժիշկը հացի արտօնութիւն տուաւ։

 

Ատանա, 21 Մարտ 1914

Սիրելի մայրս,

Ասկէ գրեթէ 10 օր առաջ նամակ մը գրած էի, որուն պատասխանը տակաւին չառի։ Անկէ ի վեր առողջութիւնս անբաղդատելիօրէն բարւոքեցաւ։ Կատարելապէս առողջացած եմ այլեւս։ Շաբաթէ մը ի վեր է որ սկսած եմ պտտիլ քաղաքին մէջ։ Տեսնողները հրաշք է կ՚ըսեն, այնքան որ գիրցած եմ երկու երեք շաբթուան մէջ, շնորհիւ ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ շռայլուած խնամքներուն։ Այս երկու շաբթըուան մէջ 7 քիլօ աւելցեր եմ- անհաւատալի բան։ Ամէն բան կ՚ուտեմ... անանկ սարսափելի ախորժակ մը ունիմ որ... կ՚ուտեմ, կ՚ուտեմ՝ չեմ կշտանար։

Հինգշաբթի Կիւլպէնկին հետ պիտի ճամբորդէինք, բայց հոգաբարձութեան հետ խնդիրս վերջնականապէս կարգադրուած չըլլալով՝ ստիպուեցանք երեքշաբթի օրուան յետաձգել։ Պէյրութ քանի մը շաբաթ կը մնամ, յետոյ Պոլիս կու գամ։ Ըսածնիդ շատ ճիշդ է. Պոլիս եթէ գամ, շատ աղէկ պիտի ըլլամ։ Պոլսոյ օդը, ջուրը ուրի՜շ է։ Այսօր հոս, վաղը հոն կը պատիմ։ Բժիշկը կ՚ըսէ թէ առաջուընէ աւելի առողջ պիտի ըլլամ եւ սոսկալի գիրնամ... ։

Հիւանդանոցին մէջ այնքան հանգիստ եմ որ բաժնուիլը դժուար պիտի ըլլայ։ Գրեթէ տունիս պէս եմ։ Այնպէս որ, սիրելի մայրս, կը տեսնես թէ ա՛լ հոգ ընելու որեւէ պատճառ չկա՜յ։ Պէտք է փառք տալ Աստուծոյ որ զիս մեղքցաւ եւ անդիի աշխարհէն նորէն ասդիի աշխարհը բերաւ։ Երբեմն, հաւ կերած ժամանակս, կը մտածեմ այն սեւ օրերուն վրայ երբ կա՛թ իսկ չէի կրնար խմել եւ օրերով անսնունդ կը մնայի... միշտ ե՛տ տալով ամէն բան։

 

Պէյրութ, 13 Մայիս 1914

Սիրելի Սիրան,

Հակառակ կամքիս, պիտի չկրնամ երկար նամակով մը պատասխանել նամակիդ։

Հիւանդութեանս հետքերը գրեթէ անհետացած են, սակայն անսահման տխրութիւն մը կը տիրէ վրաս. ոչինչ կրնամ ընել։ Ամբողջ օրեր կ՚անցընեմ մինակս, շոճիներու մութ անտառներուն խորը, սիրական գիրք մը թեւիս տակ։ Աղօթէ՛ ինծի համար. գթացող մը չունիմ, աւա՜ղ... ։

 

Պանտըրմա, 9 Հոկտեմբեր 1919

Սիրելի Լիւսի,

Կը ցաւի՞ս որ մեկնեցայ։ Ես՝ այո՜։ Միշտ ալ լաւ բան մը ունի տունը, մանաւանդ ձմեռը լա՜ւ է սեփական տան մէջ ըլլալը։

Ճամբորդելը անշուշտ գէշ չէ, եթէ սիրտդ խաղա՜ղ է։ Բայց երբ վիշտերդ պիտի գան ետեւէդ, ո՛ւր որ ալ երթաս, անշուշտ պիտի նախընտրէիր մնալ տունը, ուր վստահ ես թէ սիրտ մը (եթէ ոչ բոլոր սրտերը) քեզի համար կը զգայ։

Այնքան տխուր եմ այս գիշեր, չեմ գիտեր ինչու։ Է՜հ, աւելի ուրախ բաներու մասին խօսիմ. չեմ ուզեր քեզ ալ տրտմեցնել։

Մինչ ես կը գրեմ քեզի, մեր խումբին միւս զինուորները թուղթ կը խաղան այն սեղանին վրայ։ Այնքան աղմուկ կ՚ընեն։ Կը խնդան, կը պոռան եւ անփոյթ կը ծխեն։ Երբեմն այնքան բուռն կը վիճաբանին որ կարծես պիտի կռուին։ Այնպէս երեխաներ են։ Երբեմն անոնց նման կ՚ըլլամ եւ ամէն բան կը մոռնամ, թէեւ բաներ կան որոնք մարդ չի կրնար դիւրութեամբ մոռնալ։ Անշուշտ չես հասկնար այս, որովհետեւ դեռ պզտիկ աղջիկ մըն ես։ Բան մը ըսեմ քեզի, Լիւսի, միշտ հանդարտ սիրտ մը ունեցիր, մի՛ ձգեր որ որեւէ զղջում կրծէ զայն. ուրիշ բան մը մի՛ ցանկար։ Այնքան ատեն որ այս տեսակ սիրտ մը ունենաս, կեանքը պիտի կարենաս վայելել։ Ա՛յն րոպէէն երբ ինքնադատապարտութեան կսկիծը մտնէ սրտիդ մէջ, վերջացած է, կեանքդ թունաւորուած է։ Զղջումը օգուտ չունի։ Լաւագոյն կեանքի մը իրական բաղձանքն ու ջանքերը նոյնիսկ՝ քեզի ետ չեն տար կորսուած երջանկութիւնդ։ Եղբօրդ պէս մի՛ ըլլար. ան շատ մեղքեր ունի իր սրտին, թէեւ պէտք չէ շատ մեղադրել զինք։ Շատ դժբախտ եղաւ ան։

 

Սկիւտար, 21 Դեկտ. 1920

Սիրելի Պերճուհի,

Ստացայ վերջին նամակդ, որ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ տխուր էր։ Սիրելիս, կը դատապարտես զիս նորէն, քեզի շուտ շուտ նամակ չգրելուս համար. իրաւունք ունիս տեսակէտէ մը, բայց ուրիշ տեսակէտէ մըն ալ ե՛ս իրաւունք ունիմ, թէեւ պիտի չըսեմ թէ ո՛ր տեսակէտէն։

Եսլանտին հիւանդութիւնը տրտմեցուց զիս։ Իր ներկայ վիճակին մասին շուտով գրէ ինծի. այնչափ կարօտցած եմ զիրենք։ Այս շաբթու տուն գացեր էի եւ իրենց գլուխ-գլխի պատկերը հետս բերի։ Հիմա, սեղանիս վրայ, ձախ կողմս, աղուոր աղուոր ինծի կը նային. Եռլանտը՝ իր խորունկ, թախծոտ նայուածքով, իսկ Միրալտան իր զարմացած, կարծես հեռաւոր նուագի մը մտիկ ընողի երեւոյթով։

... Այսպէս, պարապ վայրկեաններուս իրենցմով կ՚ըզբաղիմ միշտ, ներշնչումի աղուոր աղբիւր մըն են ինծի համար։ Բանաստեղծութիւններս երթալով շատցան, բայց կարծեմ թէ հրատարակելիքս չկայ։ «Ոստան»ի նոր թիւին մէջ միայն քանի մը հատ պիտի երեւան. քեզի կը ղրկեմ։ Ի՜նչ ընեմ. ձեռքըս անցած դրամը ստիպուած եմ բացառիկ սնունդի յատկացընել. բաւական աւրուած էի ժամանակ մը. հիմա Տոքթ. Խնդիրեանը կը դարմանէ զիս. միայն այս մարդը հասկցաւ հիւանդութիւնս։ Երկու շաբաթ է որ կ՚առնեմ իր դեղերը եւ անճանաչելի ըլլալու աստիճան բարելաւուած եմ։ Ամէնէն աւելի՝ ախորժակ չունենալուս կը նեղուէի, իսկ հիմա կարծես թէ միջոց մը գտնելու է քիչ մը քիչ ուտելու համար... ։ Գիրցայ եւ ուժովցայ շուտ մը։ Հրաշալի բժիշկ է, թէեւ Վահագնը մեռցուց, գիտես եա՜... ։

Շատ կը փափաքիմ որ գարնան միասին ըլլանք. ելիր եկուր Մայիսին, կամ աւելի առաջ։ Կղզի կ՚երթանք, շատ աղէկ կ՚ըլլայ։ Մերինները Սկիւտար գալու միտք ունին. տուն մը յարմարցուցի, հաւանաբար մօտերս գան։ Շատ յարմար է, մեծ ալ է. եթէ գալու ըլլաք, առատ տեղ կայ։

Քունս եկաւ, գիշեր բարի՜։ Համբոյրներով։

 

Պերպերեան Վարժ.., 21 Ապրիլ 1921

Սիրելի Պերճուհի,

Առի վերջին անգամ գրած քարդդ։ Երկար ատենէ ի վեր չեմ գրած քեզի, եւ անշուշտ դուն նորէն վշտացած ըլլալու ես ինծի։ Բայց չես գիտեր, սիրելիս, ինչե՜ր, ինչե՜ր պատահեցան ինծի այս վերջերս։ Պատմելը երկար պիտի ըլլար, բայց պզտիկ գիծերով ըսեմ քեզի է՛ն կարեւորները։ Նախ ըսեմ թէ նշանուած եմ - չխնդա՛ս։ Մատթէոսը կրնայ ընել եղեր ասանկ բաներ, կը տեսնե՞ս... ։ Պերճուհի, զմայլելի աղջիկ մը սիրած եմ։ Որչա՜փ պիտի ուզէի որ դուն հոս ըլլայիր. շատ շատ պիտի սիրէիր զինք, մեր genre աղջիկ մըն է, գոլէճէն նոր շրջանաւարտ եղած, նիհար, գրեթէ հիւանդագին, սեւ խորունկ աչքերով ու Մելիսանտի(*) հոգիով... ։ Զիս սաստիկ կը սիրէ. հարուստ չէ բարեբախտաբար. մէկ խօսքով իմ երազս է։ Մեր ամուսնութիւնը ուշ պիտի ըլլայ, 2-3 տարիէն։ Պիտի աշխատիմ կատարելապէս առողջանալ, քիչ թէ շատ դիրք մը շինել եւ յետոյ։

Ուրախ եղիր, Պերճուհի, եղբայրդ փրկուած է. ես միայն այսպիսի հոգիի մը միջոցաւ կրնայի կեանքին դառնալ. չես գիտեր որչա՜փ մթագնած էր իմ կեանքս այս վերջերս։ Կատարեալ խենթ մըն էի դարձած - փոխանակ ինքզինքիս նայելու՝ կ՚ընէի ամէն ինչ որ օր մը առաջ զիս պիտի մեռցնէր...

Բայց հիմա՜...

Ապրի՜լ կ՚ուզեմ - եւ կ՚ուզեմ՝ անո՜ր համար։

Ուրիշ կարեւոր դէպք մը (թէեւ անբաղդատելիօրէն նըուազ կարեւոր) սա է՝ թէ բանաստեղծ եղած եմ։ Այս մասին երկար չգրեմ- քեզ տեսնելուս կը խօսինք։ Ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, Պերճուհի, սա՛ է թէ կ՚ուզեմ շուտով քեզի գալ։ Կը տեսնե՞ս, առաջ կը գրէիր այնչափ, ու չէի գար, բայց հիմա կ՚ուզե՜մ, կ՚ուզե՜մ։ Երթանք, Պերճուհի, երթա՜նք Լիբանանի շոճիներուն տակ, որպէսզի կեանքին դառնամ եւս. ես պէտք է որ ապրի՜մ։ Եւ այնչափ դիւրին է ասիկա. բաւական է որ ես ուզեմ։ Բժիշկս (Խնդիրեանը) կը վստահեցնէ թէ քանի մը ամսուան հեռացումով ես կատարելապէս կը բուժուիմ։ Արդէն մեծ բան մը չէ հիւանդութիւնս։ Պերճուհի, նամակս առնելուդ պէս ինծի ճամբու ծախքի համար դրամ ղրկէ. հոդ գալուս պէս գիրքերս կը ծախենք, ու ես կը վճարեմ, քանի որ չեմ ուզեր որեւէ ձեւով պարտական մնալ։

 

Մեծ-Կղզի, 3 Դեկտ. 1922

Սիրելի Պերճուհի,

Վերջապէս հոս եկանք երկու օր առաջ։ Քաղաքական անորոշ կացութիւնը ստիպեր էր մեզ մինչեւ հիմա Սկիւտար մնալ։ Ասիկա ըսել չէ թէ հիմա բարւոքած է կացութիւնը. ընդհակառակը. բայց խորհեցայ թէ խոհեմութիւն չէր աւելի երկար ատեն ենթարկուիլ մեր «Թէփէ»ի սարսափելի հովին։ Առողջական վիճակս շատ շատ աղէկ է, ամէն ատենէ աւելի լաւ կը զգամ ինքզինքս, կարծես թէ բնաւ հիւանդ չեմ... ։

Նոր տուներնիս շատ կը սիրեմ կոր - սքանչելի պարտէզ մը ունինք, վարդերով եւ միմոզաներով։ Ճիշդ պատուհանիս տակ գտնուող վարդենին անհամար կարմիր կոկոններով ծածկուած է, խանի մը օրէն կը բացուին։ Խաղաղ, անոյշ մըթնոլորտի մը մէջ ենք հոս, բայց հոգինիս հանգիստ չէ... ։ Պոլիսը հիմա զարհուրելի խառնարան մըն է. կրնանք մէկ ժամէն միւսը այդ խառնարանին մէջ հալիլ... թէեւ, չկարծես թէ շատ միտք կը յոգնեցնեմ ըլլալիքին վրայ. գիտես թէ բաւական փիլիսոփայ եմ... ։ Առտուէ առտու միայն, թերթերը աչքէ անցուցած ատենս, քիչ մը կը մտմտամ. անկէ յետոյ ամէն բան կը մոռնամ՝ մտածելու համար վաղուան բացուելիք վարդերուն... ։ Այսօր շատ աղուոր օդ մը ունինք։ Կիրակի է, բայց դուրս պիտի չելլեմ։

Թերեւս նորէն բաւական պիտի նեղուիմ հոս ձմեռը, բայց ի՜նչ ընել. բժիշկ մը գտած է թէ այս հիւանդութեան դեգերէն մէկն ալ... ձանձրոյթն է։

 

Մեծ-Կղզի, 19 Դեկտ. 1922

Սիրելի Պերճուհի,

Հայրիկը այսօր-վաղը Պոլիս պիտի իջնէ՝ քեզմէ նամակի յոյսով. ես ալ առիթէն կ՚օգտուիմ քեզի գրելու։ Ձանձրոյթս փարատելու մեծագոյն միջոցս նամակ գրելն է, ասկէ աւելի մեծ մխիթարութիւն չունիմ։

Սիրանը եւ Լիւսին հարկաւ ողջ առողջ հասան հոդ. տակաւին իրենց ճամբորդութեան մասին տեղեկութիւն չունինք։ Թէեւ Լիւսիէն նամակ մը ստացանք, բայց այդ նամակը ճամբորդութեան սկիզբը գրուած էր. մնաց որ՝ Լիւսիին նամակը կարդալու համար բացառիկ ոյժ մը ունենալու է մարդ...

Կ՚երեւակայեմ թէ բաւական «շէնլիքցաք» դուք հոդ. երանի՜ թէ ես ալ հոգ ըլլայի։ Միրալտան, Եսլանտան ով գիտե ո՛րչափ ուրախ են. թող Սիրանը անպատճառ հայերէն սորվեցնէ երկուքին ալ. ուրիշ ամէն բանէ աւելի կարեւոր է այդ։ Եթէ 10 լեզու ալ գիտնան եւ հայերէն չգիտնան՝ անհանդուրժելի չըփացածներ միայն կ՚ըլլան։ Քեզ տեսնեմ, աղջիկներդ «մտաւորական» ըրէ որ վրանին նայիմ ու քէ՜ֆս գայ։

Մենք հոս կը շարունակենք նոյն կեանքը։ Ես աղէկ եմ. հետզհետէ կը զօրանայ հաւատքս թէ պիտի աղէկնամ։ Վերջին Քրիզս անհաւատալիօրէն թեթեւ անցաւ։ Սկիւտարի մէջ ունեցածներս ալ շատ թեթեւ էին։ Կ՚երեւի ասանկով քիչ քիչ բոլորովին պիտի դադրի այս անպիտան արիւնը, ուրկէ վերջ՝ վէրքս ալ պիտի չորնայ լմննայ։ Քրիզիս միջոցին, Տոքթ. Թալան կանչեցինք. կ՚ուզէի որ հոս թուրք բժիշկ մը գիտնար հիւանդ ըլլալս եւ արիւնին ատենը տեսնէր զիս, ինչու որ՝ վերջը հազար վկայ պէտք է որ երեսս նայելով հասկնայ թէղ հիւանդ եմ։ Աղէկ մարդ մըն էր. իր կինն ալ թոքախտաւոր եղած եւ աղէկցած է եղեր. ինծի համար ըսաւ թէ հիւանդութիւնըս իր aigu վիճակէն ելած է, եւ վտանգը անցած կարելի է համարել։ «Արիւնէն մի վախնաք», ըսաւ, «բաւական է որ տաքութիւն չունենայ»։ Ես գրեթէ բնաւ տաքութիւն չունիմ։

Կարօտագին կը սպասեմ գարնան օրերուն, որպէս զի սանկ քիչ մը պատիմ։ Կաղանդին երկու շաբաթ մնաց. մենք հոս միտք ունինք Նուարդը եւ իր բանակը կանչելու, որպէս զի քիչ մը զուարթ ըլլանք։ Մայրիկին անուշապուր եփել պիտի տամ։ Կաղանդի առթիւ ձեզի համար աղուոր մաղթանքներ ունիմ . ես հիմա սուրբի մը կեանքը կ՚ապրիմ, անանկ որ իրաւունք ունիմ կարծելու թէ իմ մաղթանքներս կը կատարուին։

Հոդ հիմա բազմահազար հայութիւն մը կայ. հարկաւ հանդէսներ, բանախօսութիւններ կ՚ըլլան - ինչպէս մայրիկը՝ իր հաւերը հայերն ալ ա՛յդ բաները անպատճառ հետերնին կը տանին։ Եոլիկին համար աղուոր քերթուած մը պիտի գրեմ որ արտասանէ։ Հիմա շատ ծոյլ եմ քերթուած գրելու մէջ։ «Ճակատամարտ»ի կաղանդի թիւին համար հազիւ կրցայ բան մը գրել։ Արդէն հին ճաշակները եւ ուղղութիւնը կորսուած գացած են, ու նո՜ր բաներ կազմուելու վրայ են։ Կ՚ուզեմ մեծ, լայնաշունչ բաներ գրել, բոհեմ կամ վէպ, բայց հիւանդագին վիճակս թոյլատու չէ։ Ա՜խ, եթէ անգամ մը աղէկնամ... ։

 

Բրինքիբօ. 4 Փետր. 1923

Սիրելի Պերճուհի,

... Ուզած թարգմանութիւններդ սկսայ ընել եւ յաջորդով պիտի ղրկեմ. յոգնելու բան չկայ. ընդհակառակը, աղուոր զբաղում մըն է։

Ա՜խ, Պերճուհի, չես գիտեր որչափ կը նեղուիմ. երբեք այսչափ զգացած չէի մինակութեան տաղտուկը։ Ես որ ատենօք այնչափ կը սիրէի առանձնութիւնը՝ հիմա պարզապէս կը վախնամ անկէ...

Ինչ որ է, մեծ բան մը չմնաց. գարնան կը յուսամ որ տրամադրութիւնս պիտի փոխուի։ Կը խորհիմ վէպս շարունակել, բայց այդ յոգնութենէն ալ կը վախնամ, երբ որ հոդ գամ, կ՚աւարտեմ եւ տպել կու տանք։ Կը յուսամ որ աղուոր բան մը պիտի ըլլայ. դուն շատ պիտի սիրես։

Կը խնդրեմ որ քեզի ղրկած ֆրանսերէն poesieներուս մէկ քոբին ղրկես ինծի։ Հոս չունիմ ես. մէկու մը պիտի ղրկեմ. հաւնեցա՞ր։

Տակաւին սանաթորիումի մասին կը խօսինք... ։ 2-3 տարի առաջ եթէ ըլլար՝ կը հասկնայի, բայց հիմա շատ անտրամաբանական բան մըն է ելլել սանաթորիում երթալը։ Հոն գացողը նիւթական դժուարութիւն պէտք չէ որ ունենայ։ Այլապէս, եթէ ձախող բան մը պատահի՝ կրնայ եշ-նահատակ ըլլալ. եւ յետոյ այն գլխաւոր պատճառը որով պէտք էր որ սանաթորիում երթայի՝ հիմա գոյութիւն չունի այլեւս. ըսել կ՚ուզեմ թէ առաջուան պէս խենթ չեմ հիմա եւ պարզապէս կը գուրգուրամ առողջութեանս վրայ։ Չկարծէք թէ սանաթորիումի մէջ մարդուն հոգի կու տան. անոնց ըրածէն շա՛տ աւելին կ՚ընէ հոս մայրիկը ինծի։ Անշուշտ, մաքրութիւնը եւ այլն քիչ մը աւելի դեքնիդ հիմերու վրայ գրուած են հոն, բայց ատոնց փոխարէն մեծ անպատեհութիւններ ալ կան - զոր օրինակ՝ միշտ հիւանդներով շրջապատուած ըլլալու տանջանքը, հայրենաբաղձութիւնը, օտարներու դժկամ անտարբերութիւնը, սիրելիներէդ հեռու մեռնելու հեռանկարը... ։ Ասոնք բոլորը ինծի պէս հիւանդի մը համար շատ մեծ նշանակութիւն ունեցող բաներ են։ Չեմ խօսիր ճամբորդութեան դժուարութիւններուն վրայ։ Եւ յետոյ, առողջական վիճակս ներկայիս կը գտնուի այնչափ հիանալի շրջանի մը մէջ, որ յիմարութիւն է որեւէ փոփոխութեան ենթարկել ներկայ ապրելակերպս։ Զգալիօրէն կը դիմեմ դէպի բարելաւում։ Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ քիչ մը աւելի ւկ զօրանայ վերջնական բուժումի հաւատքս։ Հիանալի ախորժակով կ՚ուտեմ - հիմա չեմ վախնար շատ ուտելէ, քանի որ արիւնահոսութեան վտանգը հեռացած է։ Վաղը պիտի սկսիմ ձկան իւղի 4-րդ քիլօն... ։ Ամառը, շատ տաք օրերուն, լաւ տեսակ ձիթաիւղ պիտի խմեմ։ Իւղը շատ օգտակար կու գայ կոր ինծի, ինչպէս նաեւ խավիարը-մեղք որ այս տարի զարհուրելի սուգ է, ինչպէս ամէն բան։

Այսպէս, սիրելիս, այս ամառ ալ տեղէս չեմ խախտիր (պայմանաւ որ չստիպուիմ... ) իսկ աշունին՝ շատ կը փափաքիմ Եգիպտոս անցնիլ. հոս ձմեռը աղէկ չէ ինծի... ։

 

Բրինքիրօ, 6 Փետր. 1923

Սիրելի Պերճուհի,

Օրերէ ի վեր անձկալից նամակի կը սպասենք Պէյրութէն, բայց մինչեւ այսօր ոչ մէկ լուր. ու հազար տեսակ բան կ՚անցնի մտքերնուս. ի՞նչ եղաք, ի՞նչ եղան աղջիկները, ինչու՞ տող մը բան չեն հաճիր գրել, ի՞նչ տեսակ զգացում է ասիկա։

Հոս քաղաքական կացութիւնը ամեն ատենէ աւելի մութ է. ոչ ոք գիտէ թէ ինչ պիտի ըլլայ այս ամէնուն վերջը. այս օրերս ամէնուն բերանն է թէ պատերազմ պիտի ըլլայ։ Ես անձնապէս շատ վախցած չունիմ, բայց վերջապէս սիրտս սանկ պզտիկ «թըբ» մը կ՚ընէ հարկաւ... ։ Ֆրանքին վիճակը ողորմելի է այս օրերս։ Գոնէ ե՛ս ասանկ չըլլայի եւ իմ գլխուս ճարը նայէի։ Մինչեւ ե՞րբ պիտի ըլլամ ես ձեր վիզին կախուած այս խոշոր քարը։

Ցուրտ, խոնաւ իրիկուն մըն է։ Կարօտագին կը սպասեմ արեւին բացուելուն՝ քիչ մը պատիլ կարենալու համար։ Առողջական վիճակս՝ հակառակ գէշ օդին՝ շատ աղէկ է։ Անցեալ շաբթու չափազանց տառապեցայ ակռայի ցաւէ մը. վերջապէս քաշել տուի եւ ազատեցայ... ։

Մութ է, եւ աչքերս չեն տեսներ որ աւելի երկար գրեմ։

 

Բրինքիբօ, 20 Փետր. 1923

Սիրելի Պերճուհի,

Անձկալից սպասումէ մը յետոյ, ստացանք վերջապէս շատ մը նամակներ ճեզմէ։ Մեր այս տխուր կեանքին մէջմիակ սիրելի անակնկալը նամակ ստանալն է, բայց դժբախտաբար շուտ շուտ չէք գրեր։

Նուարդը մեզի էր երկու օր է. այսօր պիտի երթայ։ Երէկ գիշեր, հայրիկին պառկելէն ետք, բաւական մը նստանք ու կրակարանին շուրջ՝ հին օրերը վերյիշեցինք- քու եւ իր մանկութիւնը, մեծ հայրիկը, մեծ մայրիկը, Կէտիկ-Փաշայի մեր տունը, յետոյ... իր միակ սէրը՝ Հրանդը, յետոյ՝ մեր ընտանիքին մեռելները՝ խեղճ Տօնիկը, Վահագնը... Ալէմտաղին... Սրբուհին... ։ Այս նիւթը անշուշտ տրտմեցուց զիս քիչ մը եւ պատճառ ե»ղաւ որ մեր tete a tete-ը վերջ գտնէր։

Երկու շաբաթէ ի վեր յուսահատեցնող օդ մը կ՚ընէ հոս. երկնքի երես տեսած չունինք. այս տարի կարծես թէ գարունը կ՚ուշանայ... ։

Ուզած թարգմանութիւններդ ըրի. շատ հաճելի աշխատութիւնը մը եղաւ։ Գիտե՞ս, գաղափար մը ունեցայ- կը խորհիմ երկու հատորներէս ընտրանօք կտորներ ֆրանսերէնի վերածել բաւական թուով ու պզտիկ հատորի մը ձեւին տակ հրատարակել հոգ կամ Բարիզի մէջ։ Այս մասին պիտի գրեմ Պրն. Չօպանեանին...

 

3 Մարտ 1923

Շատ սիրելի Պերճուհի,

... Շատ սոսկալի խնդիր է հոդ գալու չգալու խնդիրը. միտքը միշտ ատով զբաղած է։ Հոս գարուն է. թէեւ քիչ մը ուշ՝ բայց սկսաւ վերջապէս. օդը շատ լաւ եկած է ինծի. հիանալի եմ, երեսներս կլորցած են... ։ Եթէ ամբողջ ամառը ասանկ երթայ (եւ պատճառ մը չկա՜յ որ չերթայ) սքանչելի պիտի ըլլամ։ Բայց քաղաքական վիճակը անստոյգ է. այս երկիրը այլեւս մեզի պէս մարդոց համար չէ. մենք պիտի չկրնանք շնչել այս օդը։ Եւ յետոյ, հիմա ճամբորդելու դիւրութիւն կայ, հապա եթէ արգելքներ յարուցանելու ելլեն... ։ Ինծիանանկ կու գայ թէ ամէնէն խելացի բանը ասկէ ժամ առաջ դուրս ելլելն է. բայց, միւս կողմէ կը վախնամ ալ. հապա եթէ crise մը ունենա՞մ. թէեւ շատ հաւանական չէ։ Ներկայ եզրակացութիւնս (այս օրուանը, այս վայրկեանինը) հետեւեալն է. - սպասել մինչեւ Մայիսի վերջը, ու եթէ քաղաքական կացութիւնը շարունակէ այսպէս շփոթ մնալ՝ ճամբայ իյնալ։ Ամէն պարագայի, պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն կերպով՝ Յունիսին մեկնելու համար։

Ամառը Լիբանան՝ կ՚անցընեմ, իսկ աշնան կը մեկնիմ Եգիպտոս, ուր վստահաբար կրնամ նոյնիսկ թեթեւ գործով մը զբաղիլ։ Առ այժմ այսչափ, նորէն կը գրեմ այս մասին։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք, գրեցէք։

 

... 1923

Սիրելիներս...

... Հիմա աղուոր օդ մը կայ հոս. թերասը նստած եմ, ծովը առջեւս է, հանդարտ քունի մէջ. թող տուէք քիչ մը վայելեմ։ Ձմեռը սոսկալի տառապած ենք ցուրտէն։ Նամակ գրելը զիս շատ կը յոգնեցնէ, աւելի՝ կը ջղայնոտէ։

Սիրանը թող վէպը ինծի ղրկէ. ես եթէ հաւնիմ, Ռումանիա կը ղրկեմ, հոն կը տպեն. շատ տժան է հոն։ Իր գրածներուն շատ կը հաւնիմ։ Իր մատիտը ստացած եմ։ Իրեն գրել սկսայ երէկ, բայց դեռ չվերջացուցի։ Սիրանին ոճը հետզհետէ գունաւորուելու վրայ է. յայտնի կ՚ըլլայ թէ աշխատելով պիտի կրնայ բաներ մը ընել. թող Dostoievsky եւ Tolstoy կարդայ՝ որչափ որ կրնայ. մեր խառնուածքին ամէնէն մօտ հեղինակներն են ատոնք. ինչպէս նաեւ Օսկար Ուայլտ, Ռոտենպախ, Մեթերլինկ եւ Ռոմէն Ռոլան։ Այս վերջինին «Jean Christoph»(10 հատոր) անպատճառ թող կարդայ։ Ինծի կու գայ թէ տակաւին կանուխ է գիրք հրատարակելու համար. թէեւ հետաքրքրութեան համար պզտիկ հաւաքածոյ մը կարելի է լոյս ընծայել։ Իր ոճը, ինչպէս ըսի, աղէկ ճամբու մէջ մտնելու վրայ է. ինչ որ դեռ կը պակսի իրեն՝ «suiet» է. ըսելու բան չունի դեռ. այդ ունենալու համար ապրիլ եւ կարդալ պէտք է։ Իր ֆրանսերէնը զարմացուց զիս, եթէ պզտիկ retouche մը չկայ, հիանալի է ըրած progresն։ Ամէն պարագայի տակ՝ յոյս կը ներշընչէ։ Եթէ Ամերիկա երթայ եւ ամսագրի մը աշխատակցի եւ բռնուի՝ պարզապէս միլիոնատէր կ՚ըլլայ, եւ այն ատեն՝ կարկուտի պէս տոլար կը տեղացնէ մեր գլխուն... ։ Լիւսին ալ թող աշխատի դաշնակին. գիտէ թէ շատ կը սիրեմ, մինչեւ հոդ գալս՝ Շոբէն նուագելու չափ սորված ըլլայ թող։

Միրալտին խաչը եւ Եոլիկին թաշկինակը սենեակիս պատէն կախած եմ։ Ախ, անգամ մը միասին ըլլայինք... շատ կարօտցած եմ բոլորդ ալ։ Համբոյրնե՜ր... ։

 

Մեծ Կղզի, 2 Ապրիլ 1923

Սիրելի քոյրիկներս,

Քանի մը օր առաջ դրած նամակիս մէջ ըսեր էի թէ ա՛լ գարունը եկաւ - չըսած ըլլայի - կ՚երեւայ թէ նազար առաւ, եւ ահա նորէն անձրեւ, փոթորիկ, սեւ երկինք... ։ Այս տարի համը փախցուց սա ձմեռը. Զատիկ եկանք, ու տակաւին մանկալին փակած ենք։ Երեք օր է որ Վահրամը մեզի է. այսօր կը մեկնի։ Շատ համով տղա է, բաւական ուրախացուց... ։

Հոդ հիմա հարկաւ հիանալի է։ Գարունը աղուոր կ՚ըլլայ Պէյրութի մէջ, թէեւ անձրեւ կու վայ, բայց հոստեղի պէս շաբաթներ չի տեւեր... ։

Ես ճիշդ այս եղանակին էր որ 9 տարի առաջ հոդ եղած եմ։ Իմ ատենս զմայլելի էր - ամէն կողմ յասմիկներու բոյրին կը հանդիպէի։ Առտուն, նախաճաշս ընելուս պէս, դէպի terminus գացող հանրակառքը կ՚առնէի, Բժշկ. վարժարանէն քիչ մը անդին գտնուող մեծ պարտէզի մը առջեւ կ՚իջնէի ու մինչեւ կէսօր, հովանոցաձեւ ծառի մը տակ Հայնէ կը կարդայի։ Այդ ծառը արդեօք մնացա՞ծ է մինչեւ հիմա։ Մէկ անկիւնը շրջանակի ձեւով աւազան մը կար, մէջտեղը պզտիկ հողամասով մը, որուն կեդրոնն էր այդ ծառը։ Անո՜յշ օրեր... ։ Արաբ ծառան, զիս տեսնելուն պէս, խոշոր գաւաթով սուրճս կը բերէր՝ վարդերով ողողուած ափսէի մը մէջ - «Էհլեն ուա սեհլեն»։

Երբեմն ալ կ՚երթայի միւս կողմը. Միջերկրականի ալիքներուն խենթութիւնը դիտելու... ։ Եւ պատահած է որ ժամերով պառկած մնամ «grotte des pigeons» ի ապառաժներուն վրայ։ Վերադարձիս՝ ի՜նչ քաղցր կը թուէր ինծի Հաճի Հանըմին բարի տափակութիւնը...

Ասոնք անցա՜ն։ Ա՜խ, մենք իսկ անցանք... ։ Հիմա, եթէ Պէյրութ գամ, որչա՜փ diminue հոգիով մը պիտի երթամ նստելու հովանոցաձեւ ծառին տակ... ։

 

Մեծ Կղզի, 29 Ապրիլ 1923

Սիրելի Պերճուհի

... Սանաթորիումի եւ այլնի վրայ շատ միտք չեմ յոգնեցներ. նախ՝ անոր

  համար որ չենք կրնար։ Սանաթորիումը օտար եւ հեռու տեղ է. պէտք է հոն գացողին նիւթականը շատ որոշ հիմերու վրայ նախատեսուած ըլլայ, խախուտ չըլլայ. վերջը, բախտի պզտիկ անստուգութիւն մը կրնայ մարդուս մեռնելուն պատճառ ըլլայ այդ լեռներուն վրայ։ Ես հիմա համոզուած եմ թէ ոտնաթորիումը զիս մինչեւ հիմա շատոնց փրկած էր, եթէ երկու տարի առաջ գացած ըլլայի. բայց ի՜նչկրնայի ընել. պէտք էր յարմարիլ։ Ըստ իս, լաւագոյն բանը որ կարելի է ընել՝ սա՛ է - մէկ երկու ամիս եւս մնալ Պոլիս, տեսնելու թէ ի՛նչ պիտի ըլլան աշխըրքին բաները, ինչպէս նաեւ քիչ մը աւելի կազդուրուելու։ Յետոյ, եթէ յարմար ըլլայ, Լիբանանգալ, անկէ ալ Եգիպտոս անցնիլ, ուր կը յուսամ թեթեւ գործով մը պարապիլ։ Հիմա շատ բարեկամներ հաւաքուած են հոն. օտար տեղ մը պիտի չըլլայ ան ինծի համար։ Թէեւ, անշուշտ, եթէ Լիբանանի օդը շատ շատ աղէկ գայ ինծի՝ ձմեռն ալ կը մնամ. ես ցուրտէն չեմ վախնար, կը վախնամ հովէն ու խոնավութենէն։ Մանրամասն գրէ ինծի։ Ամառը հոդ սաստիկ տաք կ՚ընէ. աղջիկները ի՞նչպէս պիտի կարենան աշխատիլ - ասիկա շատ լուրջ կէտ մըն է. չելլեն հիւանդանան... ։ Առողջութիւնը կորսնցնելու չէ մարդ. առանց անոր՝ զարհուրելի է ապրիլը... ։

Երբեմն յանկարծ սաստիկ կը տխրիմ՝ մտածելով թէ ասանկ խոշոր քար մը եղած եմ ձեր ամէնուն վիզէն կախուած։

 

Բրինքիբօ, 10 նոյեմբեր 1923...

Սիրելի Լիւսիցա,

Ձեզի շատ աղուոր լուր մը պիտի տամ. ուրախութենէդ օֆիսիդ մէջ պիտի ցատկռտես... ։

Երկու օր առաջ, Տոքթ. Խնդիրեանը բերինք մեր տունը. շատ մանրազնին քննութիւն մը կատարեց, լուռ ու երեսը կախ, ինչպէս իր սովորութիւնն է. յանկարծ դադրեցուց քննութիւնը, աղուոր մը ժպտեցաւ եւ ըսաւ.

-Ձեզի աւետեմ իսկոյն, թէ ձեր հիւանդութեան մեծմասը անհետացած է. վերջին անգամ ձեզ քննելէս ի վեր, այսինքն իրկու տարի եւ երեքուկէս ամսուան մէջ, անհաւատալի բարւոքում մը ունեցած էք։ Լրջօրէն հիւանդ էիք այն ատեն, մինչդեռ հիմա թեթեւ «pleuretigue lesion»ներ միայն մնացած են, որոնք եւս շուտով պիտի չորնան։ Ի զուր փնտռեցի այն ատեն արձանագրածներս. անոնցմէ հետք չէ մնացեր... ։

Կ՚երեւակայես անշուշտ մեր ուրախութիւնը. ես արդէն կը զգայի միշտ թէ առաջուան չափ հիւանդ չէի. իմ հիւանդութեանս ամէնէն aigu շրջանը 1920-21ին էր, Պէրպէրեանի տարիները։ Հիմա հիւանդութիւնս իր natureը փոխած է, եթէ կարելի է այսպէս ըսել. ունեցած «lesion tuberculeuse»ներս գոցուած կամ գոցուելու վրայ են. բայց, ատոր փոխարէն, շատցած է hemoragie ունենալու տրամադրութիւնս։ Արդէն այսպէս կ՚ըլլայ եղեր։ Ամբողջ խնդիրն է համա Յոբի համբերութիւն մը ունենալ եւ ջանալ որ ամբողջ տարի մը արիւն չգայ։ Ախ, եթէ վերջին թեթեւ քրիզը ունեցած չըլլայի, հիմա 81/2 ամիս եղած կ՚ըլլար։ Այդ քրիզին համար բազմաթիւ պզտիկ պատճառներ կային - 1) Նուպարին շրջանաւարտի թէզը. 2) սովորականէն քիչ մը աւելի քալել. 3) այդ գիշերը շատ մեծ ախորժակով ուտել. 4) շատ խօսիլ. 5) հիւս սաստիկ հով մը. 6) աջ կողմիս պառկած՝ ուժով մը հազալ եւ այլն։

Կը տեսնես թէ շատ դիւրին բան չէ բոլոր այս պզտիկ բաներուն համար լարուած ուշադրութիւն մը ունենալ միշտ, բայց հետաքրքրական պայքար է, եւ նորէն մեծ եռանդով գործի սկսած եմ։

Վերջին քրիզէս ի վեր 3 ամիս է, եւ տեսնես ի՜նչ աղէկ երեւոյթ ունիմ. տեսնողները կը զարմանան որ հիւանդ եմ։ Տոքթ. Խնդիրեանը ըսաւ թէ ճիշդ ինծի պէս ուրիշ հիւանդ մը ունի հիա, բերացի անգլուհի մը, որ ինծի պէս պզտիկ lesionներ միայն ունի, բայց սաստիկ hemorogie կ՚ունենայ։ Ամուսնացած է եղեր եւ ինծի չափ անշարժ կեանք մը չ՚ապրիր եղեր։ Յանձնարարեց որ ես ալ շատ նստուկ կեանք չունենամ, իր դեղերը գործածելէ ետք՝ պզտիկ պտոյտներ ընեմ, 90 տարեկան ծերունիի մը պէս քալելով... ։ Ա՜ս էր պակաս։

 

9 Դեկտ. 1923

Սիրելի Լիւսիցա,

Այս տարուան պէս աշուն մը երբեք տեսած չէր Պոլիսը։ Հոյակա՜պ բան էր. անձրեւի օր գրեթէ չեղաւ։ Երեւակայէ որ շատ տեղեր լելակները ծաղկած են, ինչպէս նաեւ սալորենիները, նշենիները եւ այլն։ Վիքին գրեցի որ լելակ բերէ ինծի։ Դեկտեմբեր 9 է այսօր, ու դեռ կը տեւէ գեղեցիկ օդը. թէեւ՝ կ՚ըսեն թէ այսչա՛փն ալ աղէկ բան չէ, հիւանդութիւն կ՚ըլլայ։ Ամէն պարագայի, ես շատ ուրախ եմ. սոսկալի բան է ինծի պէս բանտարկուած հիւանդի մը համար ամպոտ երկինքը, մանաւանդ երբ մարդ կը գտնուի երկու ծերունիներու միջեւ... ։

Առողջութիւնս երկար ատենէ ի վեր լաւ է. կարելի է ըսել թէ 6 ամիսէ ի վեր նշանակելի crise մը չեմ ունեցած. թէեւ 3-4 անգամ պզտիկ բաներ մը ունեցայ, բայց ատոնք ոչինչ բաներ էին. երբեմն 24 ժամէն, երբեմն ալ 3-4 օրէն ոտքի կ՚ելլէի։ Կը խորհիմ թէ արիւնահոսութեան ենթակայութիւնս երթալով կը նուազի։ Արդէն այսպէս կ՚ըլլայ եղեր. շրջան մը ունի եղեր, որմէ վերջ հետզհետէ կը դադրի. թէեւ չեմ գիտեր թէ ապրած այս ծայրայեղօրէն զգոյշ կեանքիս չե՞մ պարտիր այս վիճակը, եւ թէ՝ եթէ այսօր սկսիմ պտոյտ մը կամ որեւէ անխոհեմութիւն ընել՝ խոշոր crise մը պիտի չունենա՞ս։ Այս հիւանդութիւնը ի՜նչ սոսկալի պելա մըն է եղեր։ Երբեմն կ՚ապշիմ համբերութեանս վրայ խորհելով. ես որ ամենապզտիկ դժուարութեան մը առջեւ կը յուսահատէի եւ ինքզինքս մեռցնելու կ՚ելլէի, հիմա տարօրինակ, անբացատրելի յամառութիւնով կեանքին փարած եմ եւ ապրիլ կ՚ուզեմ... ։ Ի՜նչ խելք չհասնելիք բան է մարդկային հոգին, մանաւանդ իմս... ։

Ղրկած լուսանկարիդ մէջ թէեւ աղուոր ելած ես - քընքուշ ու մանկունակ -, բայց յայտնի է թէ նիհարցեր ես։ Տգիտութիւն չ՚ուզեր. ինքզինքիդ լաւ նայէ. մարդու մը համար չկա՜յ աւելի մեծ հարստութիւն (եւ արժանիք) քան իր առողջութիւնը... ։

Պզտիկներուն լուսանկարը զմայլելի էր։ Միրալտան՝ իր մեծավայելուչ լրջութիւնով, ու Եոլիկը իր հմայիչ աչքերով։ Համբուրէ զիրենք իմ տեղս։ Բիննան, Միրալտը ու Եոլիկը երեք հոյակապ աղջիկներ պիտի ըլլան. պիտի ուզէի չմեռնիլ եւ իրենց հարսնիքին ճառախօսել... ։

 

Մեծ Կղզի, 24 Յունուար 1924

Սիրելի Պերճուհի,

Նմանը քիչ անգամ տեսնուած ցուրտ օր մըն է. սարսափելի փոթորիկ մը կայ, եւ սաստիկ կը ձիւնէ։ Կէսօրին ելայ անկողինէս. գիտե՛ս, ես կը սիրեմ ասանկ ձիւնոտ օդը. վառարանը վառած նստած եմ դէմը։ Մայրիկը բազմոցին անկիւնը ֆանելա կը հիւսէ. հայրիկը նամակ կը գրէ, կարծեմ Սիրանին, որուն վերջին նամակը նեղսրտեց զինք (անշուշտ՝ շա՜տ իրաւամբ)։ Մայրիկը մերթ ընդ մերթ քոմիք դիտողութիւն մը կ՚ընէ ու կը խնդայ, բայց հայրիկը այնչա՜փ զբաղած է որ ասդին անգամ չի դարձներ գլուխը. առած է գերման փիլիսոփայի մը երեւոյթը... ։

Այս տարի Կաղանդը առանձին տօնեցինք։ Նուարդը չեկաւ։ Ծնունդէն յետոյ միայն եկաւ ու քանի մը օր մնաց. երէկ մեկնեցաւ։ Անանկ որ՝ կ՚երեւակայես հարկաւ թէ շատ ուրախ չեղաւ սեղաննիս այս տարի - թէեւ ոչինչ պակաս ըրինք։ Իրիկուն ըլլալուն պէս, մայրիկը՝ տասնըհինգ տարեկան աղջկան պէս ելաւ սեղանը շտկեց. պտուղ, անուշապուր, փելթէ, գոյնզգոյն մոմեր, ամէն ինչ կար։ Կար նաեւ շիշ մը օղի. ու տեսնելու էր հայրիկին ուրախութիւնը ... ։ Հոս, երկար ատեն է որ ոգելից ըմպելիները արգիլուած են, ու խեղճ մարդը ի զուր կը հառաչէ իրիկուն ըլլալուն պէս... «թէք մը ըլլար, խմէի... »։

Մայրիկը հոյակապ գիւտ մը ըրաւ այս տարի. Նուարդին հարսնիքէն աւելցած թելփեչեին ճախարակը մէջտեղ հանեց եւ անով զարդարեց պատէն կախուած եղեւինի պզտիկ շիւղը՝ որ մեր Կաղանդի ծառն էր. մաղթելով որ Նոր Տարին հարսնիքի տարի մը ըլլայ։ Անշուշտ, ի բոլոր սրտէ մասնակցեցայ այդ մաղթանքին... ։ Խեղճ մայրիկը ճախարակին վրայ մաս մը թելփեչե պահեց, միայն ու միայն ի՛մ փեսայութեանս համար։ Աղուոր էր իր մտածումը, բայց լալու փափաք մը ունեցայ չեմ գիտեր ինչո՛ւ... ։

Ժամը 9-ին պառկեցայ ես. մայրիկը, մինակը, մինչեւ 12 սպասեր է, որպէս զի դուռը բանայ եւ «բարիքներ բերէ» ամէնուս։ Խնայողութեան համար վառարանը չէ վառեր, ու հետեւեալ օրը ստամոքսը կը ցաւէր։

Լիւսիին ղրկած գրիչը ստացայ. շատ աղուոր էր եւ շատ պէտք ունէի։ Ստացայ նոյնպէս քու գիրքդ. սիրուն էր, բայց Սիրանին ըսածին չափ աղուոր չէր. արդի Բարիզցիի մը պզտիկ հոգիով գրուած գիրք մը՝ որ սակայն 18րդ տպագրութեան կ՚արժանանայ ... Գէշ բախտ չէ. մարդ Բարիզ ծնած ըլլալու է եղեր՝ բանաստեղծութիւն գրելու համար։ Սիրանին քարդն ալ ստացայ - բոլորիդ շնորհակալութիւն։

Սիրանը կը գանգատի թէ իրեն նամակ չեմ գրեր. ինքը շա՞տ կը գրէ։ Ձգէ թէ քիչ մը վշտացած ալ եմ իրեն, մասնաւորապէս սանաթորիումի խնդրին համար։ Այս եղածը շատ ցաւ պատճառած է ինծի։ Աղէկնալ կ՚ուզեմ, բայց ո՛չ ի գին ամէն բանի։ Հոգեկան այնպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուիմ հիմա՝ որ շատ պզտիկ բաներէ անգամ կ՚ազդուիմ. ո՜ւր մնաց՝ ասանկ բաներէ... ։ Եւ յետոյ, կը կրկնեմ, եթէ ես ուզէի բերան ծռել, ինծի համար շատ դիւրին պիտի ըլլար, ոչ թէ Վիեննա, այլ մինչեւ հարաւային բեւեռը երթալ։ «Մարդոց սրիկայութեան» մասին կը ճառէ։ Այդ մեզ չի հետաքրքրեր, կամ կը հետաքրքրէ սա՜ կերպով թէ մտքէ իսկ չանցընենք անոնց դիմել, երբ հպարտ հիւանդի մը վրայ է խնդիրը։ Մնաց որ շատ ալ հոգ ընելու պէք չկայ։ Շատը գնաց, քիչը մնաց, կարծեմ։ Կա՛մ քիչ ատենէն ինքնապահ կը դառնամ (եւ շա՜տ յուսալից եմ այդ մասին), եւ կամ կը մեռնիմ։ Իմ հոգիս աւելի հեռուն պիտի չկրնայ տանիլ այս խաչը։ Յոգնած եմ։

 

6 Փետր. 1924

Երկար ատեն է որ գրած եմ այս նամակը ու մնացած է։ Այսօր հայրիկը նամակ պիտի ձգէ paste. իրեն կու տամ իմս ալ։ Ես շա՜տ աղէկ եմ (կամ պիտի ըլլամ»։ Սիրանին մի ցուցըներ այս նամակը. նեղսիրտ վայրկեանի մը գրած եմ։ Շատ արդար չեն գրածներս։ Պէտք է ներել ինծի պէս հիւանդի մը - շա՜տ տառապած եմ։ Համբոյրներ։

 

Բրինքիբօ. 16 Փետր. 1924

Սիրելի Լիւսի,

Նուիրած գրիչովդ է որ կը գրեմ. շատ աղուոր է. մերսի՜։

Շատ անպիտան ձմեռ մը ունեցանք հոս այս տարի։ Յունուարի մէջ, ամէն օր ձիւն ու փոթորիկ եղաւ։ Սկիւտարի մէջ մարդու հասակ ձիւն եկեր է. հոս ալ մինչեւ ծունկերը հասաւ։ Հիմա ցուրտը դադրած է թէեւ քիչ մը, բայց խոնաւ է. դուրս չեմ կրնար ելլել. շուտ մը ներս գալ կը ստիպուիմ։ Անշուշտ ազդուեցայ քիչ մը այս օդերէն - առողջ մարդկը անգամ ազդուեցան։ Բայց նորէն մեծ բան մը չեղայ. նորէն ոտքի եմ ահա։ Հիւանդութիւնը ինծի հետ կը խաղայ, ես ալ՝ իրեն հետ. տեսնենք ո՜վ պիտի յոգնի։ Բայց այլեւս բացարձակապէս համոզուեցայ թէ Պոլսոյ կլիման ինծի բնաւ չի յարմարիր. մասնաւորապէս կղզիին օդը ինծի չէ եկած. հովը՝ որ միշտ կը փչէ հոս՝ այն ալ հիւսիսային խոնաւ հովը՝ շատ կը վնասէ ինծի։ Բժիշկները այս մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն չեն ըներ։ Ես համոզուած եմ թէ հովը իմ առաջին թշնամիս է։ Հիմա, ամէն crise ունենալուս, կը խորհիմ թէ հիւս. սաստիկ հով մը ելած է։ Թերեւս արիւնահոսութեան ենթակայ շեղող հիւանդներուն նպաստէ Կղզիին այս սանձարձակ օդը, բայց իմ հիւանդութեանս տեսակը շատ բացառիկ բան մըն է։ Ես հիմա երկու տեսակ հիւանդութիւն ունիմ - dilatation des arteres du poumon et tuberculose pulmonaire։ Բուն խնդիրը առաջինն է. եթէ ան չըլլայ, ես դիւրաւ կրնամ չորցնել թոքախտի վէրքս, որ մեծ բան մը չէ։ Ինծի հանդարտը, միօրինակ կլիմայ պէտք է. Պոլսոյ օդը ամէն վայրկեան կը փոխուի։ Երկու ամիս առաջ՝ գիշեր մը յանկարծ սարսափելի հարաւ. հով մը ելաւ, ու մինչեւ որ եկան պատուհանս գոցեցին՝ արդէն երակս պայթեցաւ։ Յետոյ temperature ի յանկարծական փոփոխութիւնն ալ շատ գէշ կ՚ազդէ։

Եզրակացութիւն։ Պէտք է այս կլիման փոխել... բայց դէպի ո՞ւր չուել. յո՞ երթալ։ Ճամբորդութիւն մը՝ sans passeport et sans fatigue։ Բայց կը խորհիմ թէ կանուխ է քիչ մը, անանկ չէ՞, հակառակ որ մայրամուտը շատ հեռու չըլլայ։ Ուրե՞մն։ Դէպի հիւսի՞ս։ Վիեննա՞... ։ Կը նախընտրեմ այս լուծումը, հակառակ անոր որ շատ ալ ուրախ բան չէ այդչափ հեռուները տանիլ տխուր կարելիութիւններով լեցուն մարմին մը։ Կը նախընտրեմ, շատ մը պատճառներով, որոնց թուումը երկար պիտի ըլլար հիմա։ Բայց շատ յիմարական պիտի ըլլար, կը կարծեմ, Պոլսոյ կլիմայէն փախչիլ ու Վիեննա երթալ, ուր տասնապատիկ աւելի ցուրտ եւ խիստ է։ Անձրեւէն փախչելով կարկուտի բռնուիլ պիտի ըլլար ատիկա։ Զուիցերիոյ մասին պէտք չէ շատ միտք յոգնեցնել. որովհետեւ, մատչելի չէ այդ բարձունքը մեր... քսակին։ Մնաց որ շատ հովոտ պէտք է ըլլայ։ Լիբանա՞ն։ Բայց հոն հով չկա՞յ։ Կարելի բան է որ չըլլայ։ Եգիպտո՞ս... Ձմեռը լա՜ւ է, բայց ամա՞ռը... ։

Ահաւասիկ անստոյգ կացութիւնը որուն մէջ կը գտնուիմ։ Երկու ամիսէն նորէն տունի խնդիր պիտի ունենանք. պէտք է շուտ որոշում մը տալ։ Դուք ալ խորհեցէք ու գրեցէք ինծի։ Մայրիկին վրայ անշուշտ շատ յոյս պէտք չէ դնել։ Անիկա Համլէդ մըն է. հազար տեսակ բան կը խորհի, բայց որոշում չի կրնար տալ։ Իսկ հայրիկը շա՜տ խորունկ է. ան ալ միւս ծայրն է. անանկ որ՝ անոր վրայ ալ շատ compter չ՚ըլլար։ Ե՞ս։ Ես ամէնէն գէշն եմ. ես բնաւ բան մը ընելու կամ մտածելու տրամադրութիւն չունիմ այս օրերս։ Կարծես ուղեղս վերցուցեր՝ տեղը քացախ լեցուցեր են։ Թերեւս գարնանամուտին շտկուիմ քիչ մը... այն ատեն կը գրեմ թէ ո՜ւր... ։

... Կը խորհիմ գործողութեան մը ենթարկուիլ. հոդ հարցուցէք pneumathorax artificiel-ի մասին։ Ինծի կը թուի թէ անհրաժեշտ է ինծի համար այդ բանը։ Անցեալ օր թուրք բժիշկն ալ այդպէս ըսաւ։

Ամէնուդ համբոյրներ... ։

 

Մեծ Կղզի, 17 Մարտ 1924

Սիրելի Սիրան,

Ստացած եմ երկու նամակներդ - որոնցմէ մին illustre. - ինչպէս նաեւ ոսկի մատիտ մը՝ խիստ սիրուն, որուն համար շա՜տ ու շա՜տ ու շա՜տ շնորհակալ եմ։ Կատակը մէկդի՝ շատ աղուոր բան մըն է աս մատիտը. ամէն մարդ հաւնեցաւ... ։

Թոյլ տուր հիմա, սակայն, որ նուէրդ քիչ մը քննադատեմ։ Սա խեղճ տղան ե՞րբ պիտի գործածէ զայն։ Թերեւս խորհած ես թէ amoureux նամակներս կրնամ անով գրել. բայց ինչէ՞ն պիտի գիտնան ստացող օրիորդները թէ ես ոսկի մատիտով եմ գրած իրենց։ Արդեօք պիտի թելադրէ՞իր որ Յ. Գ. մը աւելցնէի նամակներուս ծայրը եւ այդ պարագան յայտնէի իբրեւ նոր իմն Աբիսողոմ աղա։ Բայց, կատակն անգամ մը եւս մէկդի, մատիտդ շա՜տ սիրած եմ եւ ամէն վայրկեան ձեռքս է. մե՜ղք որ correspondance amoureuse-ս շատ ցանցառ քանակութեան մը վերածուած է սա օրերս։ Թէեւ, «մօտ է գարունը, շուտով կը բացուի... »։

Հիմա, սակայն մտածումս պիտի յայտնեմ առանց այլեւայլի, sans facon sans etiquette։ Շատ աղուոր, շատ շքեղ, շատ սիրուն է, եւ շատ շնորհակալ եմ, բայց pratique չէ՛։ Նուէր ըսածդ pratique կ՚ըլլայ։

Եթէ հին, երանելի օրերուն ղրկուած ըլլար ինծի ասանկ մատիտ մը, այսինքն այն օրերուն՝ երբ հազարումէկ աղջիկ հազարումէկ կտո՜ր կ՚ըլլային շուրջս, ու ես իրենց համար կտո՜ր կտո՜ր կ՚ըլլայի- այդ օրերուն անշուշտ շատ pratique պիտի ըլլար ասանկ մատիտ մը, բայց հիմա որ Յոբ երանելիին պէս բան մըն եմ եղած, եւ աղջիկներու ամբողջ շքախումբէն շուրջս մնացած է միայն խեղճ ու բարի Վիքը, (որ ըսել է պատառ մը ցամաք հաց)՝ ի՞նչ կ՚ուզես որ ընէ սա զավալլը աղբարիիկդ, աս զօռլու մատիտով։

 

Բրինքիբօ. 25 Մարտ 1924

Սիրելի Պերճուհի,

Երէկ ստացայ սանաթորիումի խնդրի մասին գրած նամակդ։ Ես ալ կատարելապէս համոզուած եմ թէ իմ ներկայ պայմաններով ապրելակերպս շատ կարճ ճամբայով մը պիտի չտանի զիս դէպի բուժում։ Թէեւ՝ գրեթէ յայտնի է թէ հոս անմիջական մահ չկայ, եւ նոյնիսկ զօրաւոր յոյս մը կայ հեռաւոր բուժումի, բայց շա՜տ հեռաւոր։ Կէս ճամբուն վրայ, կրնան շա՜տ մը անակնկալներ պատահիլ, անանկ որ՝ պէտք է ժամ առաջ ըլլայ այդ բուժումը։

Հիմա գարուն է հոս, եւ սկսած եմ ուժովնալ ու աղէկ ըզգալ. բայց ուրիշ տարիներու փորձառութիւնը կը մղէ զիս շատ մեծ յոյս մը չկապել այս երեւոյթին հետ։ Արմատական բան մը չէ՜ այս. վաղը եթէ հիւսիսային փոթորիկ մը փրթի՝ նորէն նոյն մարդը կ՚ըլլամ։ Մէկ խօսքով՝ պէտք է Պոլիսը թողուլ եւ նոր կեանք մը փորձել։ Զուիցերիոյ մասին գրածներդ շատ ճիշդ են. իմ ունեցած տեղեկութիւններս ալ համոզած են զիս թէ ամէնէն արագ բուժումը հոնկէ միայն կարելի է սպասել։ Այնտեղի թեքնիդ միջոցները անմրցելի են, կ՚ըսեն։ Յետոյ, Լէյզէնի կլիման չունի Վիեննայի կլիմային անպատեհութիւնները, եւ այլն եւ այլն... բայց... ա՜խ, այս խոշոր «բայց»ը։

Սիրելիս, հիմակուան ժամանակներուն մէջ կարելի չէ գրպանը 50 ոսկի դնել եւ լեռնէ լեռ ճամբորդելու ելլել։ Ի՞նչ garantie կայ որ մինչեւ վերջնական բուժումս (որ կրնայ երկու տարի կամ նոյնիսկ աւելի տեւել), կարելի պիտի ըլլայ բոցը վառ պահել, ինչպէս կ՚ըսես։ Եւրոպան Արեւելք չէ. հոն տեղ եթէ դրամդ հատնի՝ յատակիդ պզտիկ կից մը կու տան եւ քեզ դուրս կը նետեն։ Մեր միակ շոշափելի «garantie»ն՝ Լիւսինն եւ Սիրանին պաշտօնավարութիւնն է (չար բախտը ուզած է որ այսպէս ըլլայ)։ Արդ, չի՞ կրնար պատահիլ որ, որեւէ պատճառով, այս աղջիկները դադրին իրենց պաշտօնավարութենէն - հիւանդութիւն, պաշտօնազրկում, սիրահարութիւն, ամուսնութիւն եւ այլն, եւ այլն... ։ Այն ատե՞ն... ։

Կը կարծեմ թէ շատ գործնական չէ այս ծրագիրը. անշուշտ լաւագոյն է Ֆենեռի տեղ ելեկտրականութիւն գործածել, բայց քսակ եֆենտիին քմահաճոյքէն կախուած է ատ։

Կարճ խօսք. - Լիբանա՛ն կու գամ կոր։ Ամառը եւ աշունը հոն կ՚անցընեմ. յետոյ կ՚անցնիմ Եգիպտոս, ուր վստահաբար թեթեւ աշխատութիւն մը կրնամ ունենալ։ Զրոյց մը կայ թէ Շահանը հոն երթալով Պէրպէրեանը վերաբանալու միտք ունի Թաշճեանին հետ։ Իմ նախկին պաշտօնս երբեք յօգնեցնող գործ մը չէր. դարձեալ ատանկ բան մը կ՚ընեմ։ Կամ՝ Kodak-ի մէջ բան մը։ Եգիպտոսի մէջ շատ բարեկամներ ունիմ. հոն բոլորովին տարբեր է Զուիցերիայէն։

Նախ այդ Համմանայի Սանաթորիումը կը բնակիմ, յետոյ, եթէ գոհ չմնամ, առանձին, այսինքն մայրիկին հետ կ՚ապրիմ։ Ես Ամերիկացիներուն վրայ բնաւ հաւատք չունիմ, աշխարհի ամէնէն տափակ ժողովուրդն են։ Բայց, պանդոկի պէս, ատեն մը կը մնամ հոն, յետոյ կը կարգադրեմ ընելիքս։



[1]            Այս բաժնին մէջ, ժամանակագրական կարգով կը տրուին էջեր կամ հատուածներ բանաստեղծին այն նամակներէն որոնք ուղղուած են իր հարազատներուն, - մօրէ (Տկն. Հռիփ. Զարիֆեանին) եւ քոյրերուն՝ Պերճուհիին (Տկն. Կիւլպէնկեան), Սիրանին (Տկն. Սեզա-Ն. Քիւփէլեան), Լիւսիին (Տկն. Տ. Թոսպաթ), - ԽՄԲ. ։

[2]            Կիւլպէնկ Կիւլպէնկեան, ամուսինը բանաստեղծին քրոջ՝ Պերճուհիին։