Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Շահին մինակ, ձեռքը ետեւը կապած ու մտայոյզ՝ կը պտտի սենեակին մէջ վեր վար։ Պահ մը նստելու տեղը փոխելով, ծոցէն թղթեղէններ մը կը հանէ։ Խնդրի առարկայ եղած նամակ մը փնտռողի տագնապ)։

ՇԱՀԻՆ (Մինակ). Բուսած օրը արդէն կը գուշակէի թէ՝ ի՛նչ պիտի մեծնայ։ Ան օրը կրակ ընկաւ խանութս։ Երկու շաբաթ ետքը աղբօրս ոտքը կը կոտրէր։ Ո՞ր մէկը, ո՞րը՝ միտքս չէ։ Ատ տղան ահա ան սեւ օրերուն ծոցէն ցկնած լակոտն է։ Աղբօրս դագաղը դուռնէն դուրս կը հանուէր, ինք աշխարհք կուգար։

Շահեցի, ծնկներուս վրայ մեծցուցի, քսան քսանըհինգ տարի իրեն ու մօրը ցաւերը քաշեցի, զինք դպրոց դրի, մայրն ալ քընծ իմ կնիկս խաթուն պահեցի, որ աղբօրս մահովը, ըսի, թաց չի մնայ աչքերը։

Վերջին փափաքը Ամերիկա եղաւ մերժէի՞ չէ՛ ելայ, ծախքերու մտայ, գլխէս վեր ծախքերու, ուզած տեղը խրկեցի, որ՝ մէկ կողմէն՝ ականջս խաղաղի, ըսի, միւս կողմէն ալ ան ատենի հաւատքս անկէ մարդ դառնայ։ Աս բոլորին մէջ անխոհեմութիւնը, որ ձեռքէս ելած կ’ըլլայ, ան է եղեր որ շնորհքով ընտանիքը փընտռեր ընտանիքը հարուստ ալ զինք անոր աղջկան նշաներ եմ։ Իր ուզածը, իր երազածը, մինչեւ Ամերիկայէն, անունով, մականունով իր ապսպրածը։

Ի՞նչ կար ասոր մէջ, պարծուկ աղջիկ, գեղեցիկ աղջիկ, 17-18 տարեկան կայ չի կայ։ Լուսիկին աղջի՜կը, ատ կնիկը երկու երեք «ծին ծներ է», դեռ ճիշտ աղուընգէր [1] պտուղ կ’ըլմանի։ Փառէն, Փառէն… 



[1]            Ճերմակ խաղողի տեսակ մը, թարմին, անուշին գաղափարը որակելու համար գործածուած ոճ մը: