Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՐԻԿ, ՎԱՐԴՈՒԿ, ետքը ՍԱՀԱԿ

(Ասլըխանին դրան առջեւ, քարէ նստարանի մը վրայ)։

ԹՈՐԻԿ Աս ի՛նչ օրեր, Վարդուկ, աս ի՛նչ գէշ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Մարդերը սովորութիւն ունին որ երաշտ տարիներուն միայն լեռը ելլան։ Ինծի հարցնեն, ես պիտի ըսեմ թէ՝ տարին անգամ մըն ալ ուրիշ տէրտերու համար խաչ հանուէր։

ԹՈՐԻԿ Մէյ մը անպատճառ սա առուտուրներուն համար, դրացի։ Ես գործը ապառիկի ալ զարկի. նորէն հով չի խաղաց խանութս։

ՎԱՐԴՈՒԿ Միշտ մկնտօն [1], միշտ երկուշաբթի։

ԹՈՐԻԿ Աւելի մութ, աւելի վատ։ Վաթսուն փարանոց յաճախորդին քեռի, քեռորդի ալ կ’ըսես, ան կրկին քիթը ցուիքին կը բռնէ։ Ասանկ մնայ, Վարդո՛ւկ, կ’երեւայ, մենք ալ պիտի կրենք փորքաշնիս։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ես արդէն շատոնց է որ փոխեր եմ միտքս։

ԹՈՐԻԿ Ախըրը որ հոս սըվոր-նըվոր հաշւուն է չարչարանքնիս, կ’երթանք պահ մը ամերիկացուն չարխֆէլէկը կը լխրցնենք։

ՎԱՐԴՈՒԿ Կար ատեն որ պարտքերէս կուլայի, հիմայ նորէն արցունք կայ աչքս, սատանան ո՞ւր է, չես գիտեր։ Աղուոր գրել, աղուոր հաշուել գիտեմ, ինծի իմ երեսիս հայողը, ես անանկ կը յուսամ թէ՝ կաւէ կոտիկ [2] մը չպիտի ըսէ վերջապէս։

ԹՈՐԻԿ Ես քու ընտրած գործիդ տեսակին վրայ նո՞ր եմ զարմացեր կարծես, էհպա՛պ, գաւառի վաճառականը ինք հողմաղաց մը արդէն, դուն գացեր անկէ եփուած հաց կը սպասես։ Ատ քու ըրածիդ կ’ըսեն. «Մուկը ծակը չի սեղմուիր, ցախաւելը պոչին կը կապէ»։

ՎԱՐԴՈՒԿ Շիտա՛կ, շիտա՛կ։ Ես շատոնց հասեր էի տեղ, եթէ ընտանիքը ամնելու [3] կերպ մը գտնուէր։ Հոս որո՞ւ ձգենք, հոն՝ ինտո՞ր տանինք։

ԹՈՐԻԿ Հոս մեզի պէս չարչիներուն ի՞նչ կը վայլէր։ Կնիկս մեռաւ, տրտմեցայ պահ մը։ Վերջը, աղէկ որ մեռաւ ըսի։

ՎԱՐԴՈՒԿ Քէֆը քուկդ է։

ԹՈՐԻԿ Աս լեռները, աս աշխարհքը, բոլորը Պաղտիկին մնային։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ըսեմ քեզի որ շատ ատքան ալ չի փափաքիս ատ մարդուն վիճակին, Թորիկ։ Մենք «մութը նստեր՝ լոսը կը հայինք», գիտենք՝ թէ ամէն բան աղէկ տեղը առեր է հոն։ Քուրջը բեհեզ կ’երեւայ, պառաւը աղջիկ կը տեսնուի, լացողի մը թթու տեսքը անուշ պատկերի մը պէս կը զարնէ աչքիդ։

Դեռ ըսե՞մ բայց դուն մէյ մը մօտը գնա անոնց. տես թէ՝ ի՞նչ են անոնք իրականութեան մէջ։ Ես ատ մարդուն ներքին կացքէն շատ աղէկ գիտեմ, մօտէն գիտեմ թէ՝ դժբախտութիւնը ամէն օր ձեւ կը փոխէ անոր քովերը։ Չուտեր՝ որ չանօթնայ, չի հագնիր՝ որ չի կտրտի, ձգէ՛ ասո՜նք։ Մարդը բուսաւ թէ չէ, գայլուկն [4] ալ ետեւէն բուսաւ։

ԹՈՐԻԿ Ծառին գագաթը ելլողը ինքնիրեն չէջնայ նը, հովերը կ’էջըցնեն։

ՎԱՐԴՈՒԿ Հիմայ ամիս չանցնիր որ տղան Իզմիրէն չուզէ տասը ոսկի, ան լմնցաւ, քսան դեղին, քսանը ջուրն ընկաւ, ետեւէն ուրիշ քսան մը ժմնցուր։

Հիմայ սրինգը թողեր՝ քէմէնջէ կը զարնէ [5] հեռագրով կ’ուզէ։

ԹՈՐԻԿ Հոն տղան բանտ դրեր են եղեր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Յոյն աղջկան մը երեսէն։

ԹՈՐԻԿ Մէկ հատիկ տղոց պատմութիւնը չէ՞։ Փեսան քի՞չ ըրաւ։

(Ասլըխանին աղջիկը տունէն դպրոց երթալու ճանբուն վրայ, ասոնց առջեւէն կ’անցնի)։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Մատով ցոյց տալով). Աս էր որ Պաղտիկին փեսացուին հետ պայրո՜սուեր [6] պիտի, չի բռնեց։ Տղան հինին հետ նորէն։

ԹՈՐԻԿ Պաղտիկին կնկան վրայ ինչե՜ր խօսեցան, խունկը դարձեալ անոր…

ՎԱՐԴՈՒԿ Հարուստ է, չէ՞։ Հարուստին քածը տանիքը ելլայ, հով կ’առնէ կ’ըսեն, նոյնը աղքատ աղջիկը ընէ, պապի [7] կը հոտուըտայ, կ’ըսեն։

ԹՈՐԻԿ Երթա՛նք, Վարդուկ, երթա՛նք, մինչեւ Ոսկեհանք երթանք։

ՎԱՐԴՈՒԿ Տէրը ինչ որ սահմաներ է։

ԹՈՐԻԿ Իրաւ, չ’աջողուածը ամէն տեղ ալ բոպիկ է, բայց յոյսն ալ բան է։

ՎԱՐԴՈՒԿ Մենք ալ գեղացիներուն կը հետեւինք, Թորիկ ճան։ Ամերիկան անոնց փէթակը շէնցուց։

ԹՈՐԻԿ Քաղքէն գացողներուն մէկ հատը ան Փառէն ըսուածը չէ՞ր, դեռ քանինե՜րը։ Հինգ փարա՜։

Բերած ախտերնին, բերած աղտերնին, ան հիչ չէք ըսեր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Տղին բախտն է որ Շահինն ալ պզտիկ գամբ [8] չէ վերջապէս։

ԹՈՐԻԿ Հոն ատեն մըն ալ դպրոց մտեր է եղեր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Կ’ըսեն, շատ բան կ’ըսեն։ Բոլոր ատենը ամերիկացի աղջիկներուն դմակները [9] ծեծեր է կ’ըսեն։ Ասանկ ալ կ’ըսեն։

ԹՈՐԻԿ Ատի մեր շատ տղոց գործը։ Հոն մեղք չէ, ամօթ ալ չէ եղեր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Խելք ունենար, արհեստ կը սորվէր։

Արհեստ չէ բերեր, դրամ չէ բերեր։ Բայց կուտան, նորէն աղջիկ կուտան։ Ես չի հասկցայ աս աշխարհքը՜, վէսսէլամ…

ԹՈՐԻԿ Սահա՛կ (վրայ եկած), ինչո՞ւ Շահինին աղբրորդուն աղջիկ կուտան։

ՍԱՀԱԿ Հարուստին «թամբը արեւուն ալ գայ [10] », կաշին տանիք մը կը ծածկէ։

ԹՈՐԻԿ Ա՞լ։

ՍԱՀԱԿ Աղջիկը ո՞վ ինչ ընէր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ա՞լ, ա՞լ։ Մնա՛ կատակը։

ՍԱՀԱԿ Տուո՞ղը ով է որ։ Ան կնկան պատմութիւնը նո՞ր պիտի գիտնաք։

ՍԱՀԱԿ Ինչո՞ւ չէ, ան որ տղայ է, իմս ալ քած մը։

ԹՈՐԻԿ Քո՞ւկդ ուզեր նը։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ես ատանկ չեմ խորհիր, տղան արհեստ ունենար նէ, բան մըն էր։

ՍԱՀԱԿ Բաներն ասանկ մնան նէ…

ԹՈՐԻԿ Երթա՛նք, երթա՛նք…



[1]            Մկնտօն կ’ըսուի Մեծ-պահքի երկուշաբթին: Աս ըսուածքով կը բացատրուի այն թէ` օրերը լուրջ կ’անցնին, շարժում տեղի չունենար, ծախել-փոխելու դադրած վիճակ մը:

[2]            Հողաշէն գաւաթ:

[3]            Առաջին նշանակութիւնով բան մը իր տեղը դնել, երկրորդ` բան մը պահել-պահպանել, երրորդ` գողնալ փախիլ:

[4]            Չուանի պէս խոտ մը, որ որթատունկին կը փաթթուի եւ կը չորցնէ զայն:

[5]            Թղթով, գրով պահանջելը մոռցեր` հեռագրով կ’ուզէ:

[6]            Պայրոս, պատուաստ:

[7]            Էգ թռչունին ընկերը վարուժան:

[8]            Գամբռին կրճատ ձեւը: Խածան, ազդեցիկ հարուստներուն աս անունը կուտայ ժողովուրդը:

[9]            Աղջիկներուն ետեւը առեր ընկեր է:

[10]          Հեգնոտ ոճ մը մեռնելու իմաստով: