Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Բայց մեք, մինչ այլեւս մեր պտոյտն ըրած, զառիվարէ մը դէպ ի գիւղը կ’իջնէինք, խիստ դիւրաւ անցեր էինք ոգեհարցական իրերու, թէեւ ոչ ես կրնայի հաստատապէս ընդգրկել ոգեհարցութեան պաշտպանած գաղափարները, թո՛ղ թէ լաւ ծանօթ ալ չէի անոնց, ոչ ալ ինքը մանաւանդ, որ աւելի քիչ տեղեկութիւն ունէր անոնցմէ: Բայց հանդերձելոյն գաղափարն ամեն դրութենէ աւելի պաշտպանելու կարող այդ կէս գիտական ուսումը մեծապէս հրապուրիչ էր մեզի պէս ոչ բոլորովին դրական, ոչ կատարելապէս գիտական միտքերու համար, որ կրնայինք այնքան զբաղիլ պատրանքներով որքան անժխտելի իրողութիւններով, եւ զուտ ու անպաճոյճ իրականութեան ճաշակը չունէինք, եւ մեր մտքին ներքին իւրածին պատկերները զոր երեւակայութիւնն յառաջ կը բերէ՝ կը դասէինք արտաքին իրաց կարգը յանուն Արուեստին, եւ իրերը տեսլականացնելու ձգտումն ունէինք մանաւանդ, քան զանոնք խորապէս ճանչնալու եւ բացատրելու գիտական պէտքը: Բայց եթէ այս անգամ Պէրպէրեան նիւթապաշտ կամ դրական ըմբռնումները չպաշտպանեց՝ պատճառն այն էր որ ըսի թէ Ոգեհարցութիւնը (*) ճշդիւ դրական մեթոտներով գործող խուզարկութիւն մ’էր, պատմուածին նայելով վստահութեան արժանի, եւ թէ նիւթապաշտութիւնն ու ոգեպաշտութիւնն հաշտեցնելու բնոյթն ու կրնայ ըսուիլ յատկանիշն ունէր: Զարմացմամբ, գրեթէ յոյսով մտիկ կ’ընէր. թերեւս ա՛յնքան աւելի հաճոյքով՝ որքան ես փոյթ կ’ընէի վերջին ծայր վերապահումով խօսելու, եւ գիտնոց՝ բոլորովին դրամիտ, անժխտելի իրողութեանց միայն հաւատ ընծայող ճշմարիտ գիտնոց ոգեզննական փորձերու մասնակցիլն ու լրջօրէն ոգեզննութեան հետեւիլը շեշտելու: Սկսեալ Ալլան-Քառտէքի գրքէն որ այս հռչակաւոր գիտութեան կամ փորձարկութեան կրօնախառն սկզբնաւորութիւնը կ’արտայայտէ՝ մինչեւ արդի մեծամեծ բնագէտներու ինչ ինչ հազիւ տարաձայնուած խորհրդաւոր բայց աննախապաշար փորձերը ներկայացուցի խօսակցիս, բայց հետզհետէ խանդավառելով եւ նուազ վերապահ դառնալով, այդ փորձերուն մտածել տուած իրականութեանց հմայքին լաւ եւս անձնատուր, կամ մանաւանդ իրենց արտադրած երազներո՛ւն հրապոյրին մղուելով. կարծես ստուգութիւնն ու սփոփանքը գտնուած ըլլային: Միայն թէ… անծանօթ էին ինձ բոլոր փորձերն ու անոնց մանրամասնութիւնները, եւ մանաւանդ այն վճռական եզրակացութիւնները զորս իրենց դրական մտքին կը ներէին այդ գիտունք ընդունիլ: Սա միայն ծանօթ էր թէ անգայտ կերպարաններ, փափկօրէն բայց իրապէս մարմնաւոր երեւումներ հաստատուած, լուսանկարուած ու մասամբ կաղապարուա՜ծ իսկ էին. ըսե՛նք առժամաբար՝ հոգենիւթէ անձեր, կա՛մ ապրող մարդոցմէ բղխած, կամ մեռեալներէ… այս կէտին վրայ, որ սակայն էականն էր, որոշ բան մը չէի կրնար ըսել, զի չէի ուզած մտածել: Հոդ՝ Ալլան-Քառտէքի գաղափարները կը ցցուէին, եւ ո՛րքան ալ գիտական-կրօնական դրութեան մը ցուցումն համարած ըլլայի իրաւամբ այդ տարօրէն հեղինակին գործը, կը յամառէին իրենց կախարդութիւնն ի գործ դնել դատողութիւններուս վրայ: Այդ մարդը վստահ էր թէ կա՛ր յետ մահու հոգեղէն կեանքը. եւ եթէ «ոգի»ները չէին գար մեզ ներկայանալու, հակառակ մեր կոչին, պատճառն այն էր որ, կարծեմ, մեր բթամիտ թերահաւատութիւնը գիտէին, գիտէին նաեւ հիմա ի՛նչ զգացում որ կը տածէինք ներքնապէս իրենց նկատմամբ երբ յաշխարհի էին, եւ ամենեւին չէին խորհեր երեւելո՛ւ իսկ ծառայութիւնը մեզ մատուցանել: Եթէ չէին գար՝ պատճառն այն էր նաեւ որ իրենց զգացումները թողած չըլլալով՝ կը վարուէին ա՜յնպէս ինչպէս պիտի վարուէին երբոր կ’ապրէին մարմնաւոր կեանքով. եւ եթէ, զոր օրինակ, Ալֆիէռիի հոգին չի պատասխաներ բնաւ զինքը կոչող մարդոց բաղձանքին, պատճառն այն է որ չպիտի տեղափոխուէր երբեք Ալֆիէռի, երբ, իր կենդանութեանը, ո եւ է մարդիկ խորհէին զինքը կանչել:

Հա՞րկ է արդեօք ըսել թէ այսպիսի գաղափարներու հաւատ ընծայելու տրամադրութիւնս մտքի տեսակ մը կամաւոր ծուլութենէ յառաջ եկած ու խրախուսուած վիճակ մ’էր, չըսելու համար կատարեալ անմտութիւն, որ չէր կրնար երկարատեւ ըլլալ: Այդ երեւմունք անտարակոյս կ’ենթադրեն ապրող, խորհող էակներ, զոր օրինակ mռdium կոչուող այրերն ու կիները, որոնցմէ կը բղխին, եւ ոչ երբեք մեռած քայքայուած մարդիկ, որոնցմէ չէ՛ որ ազատագրուած են ու անջատուած, թէեւ այդ մեռած մարդիկը ներկայացնեն մերթ:

Բրօթիի զառիվարին վրայ, այդ օրը, չէի կրնար այս եզրակացութիւնն ընել: Թերեւս արեւը, որ յամրաբար իր լիութիւնը կը գտնէր վերստին, եւ զաշխարհ իր ուղփով համակել ու զուարթացնել կը վերսկսէր՝ վստահութիւն ու յոյս ներշնչելով կ’արգիլէր զիս յոռետես ըլլալէ ոգեզննական կարծեաց կամ համոզմանց մասին, եւ կղզւոյն գագաթէն երկբայութեամբ ու վերապահութեամբ պատմուիլ սկսած առարկան՝ վարը ծովեզրին վրայ հէ՜ք սիրելի յոյսեր յառաջ բերելու չափ հարկադրիչ դարձեր էր: Յետ մահու կեա՜նք, ո՞չ ապաքէն ա՛յնքան սովորած էր միտքը կրօնական, բանաստեղծական, փիլիսոփայական եղանակներով իրեն մատուցուած այս իտէալին: Ո՞չ ապաքէն գիտնոց այդ շահագրգիռ խուզարկութիւնները միւս եղանակներէն աւելի տիրաբար կը թուէին հանդերձեալ անընդհատ գոյութիւնը, «Հոգւոյ» անմահութիւնն ընդնշմարել տալ խեղճ մահկանացուներուս, ջնջումէն քան մահէն, Եսին կորուստէն քան մարմնոյն փճացումէն վախցող յաւիտենասէր յաւիտենատենչ Պէրպէրեանին եւ իր խօսակցին: Թերեւս տեսքն ալ երիտասարդի դիակի մը զոր ծովէն բերեր էին պանդոկի մը ծովեզերեայ պարտէզին մէջ, լոգանքի պահուն խեղդուեր էր խեղճ մարդը, որուն շուրջ հիմա բազմութիւն խռնուէր էր, եւ զոր միայն շնչահեղձութենէ նուաղած կարելի էր համարել եւ ոչ մեռած, այնպէս որ լեզուի կանոնաւոր քարշումով ու բազուկներուն ելեւէջով արուեստական շնչողութիւն մը փութացի փորձել տալ, թէեւ վերջը լսեցինք թէ աշխոյժ ու անձնուէր բժիշկ մ’արդէն նոյն գործողութիւնն ըրած էր ի զուր, թերեւս, կ’ըսեմ, այդ մեռելական տեսարանն ալ, որմէ վերջապէս հեռացուցի տժգունած Պէրպէրեանը՝ «Քալեցէք երթանք հոսկէ» ըսելով, հարկադրեց զմեզ ջնջումէն լաւագոյն յետմահու վիճակ մը ակնկալել, ուստի եւ հակիլ դէպ ի քաղցր յոյսերը զոր գիտուններուն ամենէն դրականներն իսկ կը թուէին տածել ու խրախուսել:

Ծովեզերեայ քազինօ մը նստանք, միշտ նոյն խօսակցութիւնը շարունակելով: «Միակ միջոց մը կայ, ըսի, մեր ձեռքը՝ spiritismeին թելադրած յոյսերուն հիմնաւոր կամ անհիմն ըլլալն որոշելու»: Հարցական դէմքով մը կը սպասէր Պէրպէրեան, «Մեռնիլ, ըսի, եւ ես շատ հետաքրքիր եմ մահուան»: Պէրպէրեան իրաւունք տուաւ, երազուն կերպով մը: Յետոյ, յանկարծ ըսի իրեն, ձայնս թրթռուն, ու թերեւս քիչ մը կարմրելով. «Եթէ ես ձենէ առաջ մեռնիմ, խօսք կուտամ ձեզի որ պիտի գամ, պիտի երեւամ ձեզի մահէս վերջը, եթէ ասանկ բան կարելի է. իսկ եթէ… դուք ինձմէ առաջ մեռնիք, խօսք կուտա՞ք գալ ինծի»: Պէրպէրեան կարմրելով ու ժպտելով «Այո՛» ըսաւ իսկոյն:

…Չեկա՜ւ սակայն, չեկա՜ւ, եւ պիտի չգայ ամենեւին, ամենեւի՜ն: Ո՛րքան յիմար կ’ըլլայ մարդ երբեմն. ի՜նչպէս կը խաբուի, եւ ի՛նչ կախարդիչ վայրկեաններ կան որոնց մարդ տղու, անասունի պէս անձնատուր կ’ըլլայ, իբրեւ թէ ոչինչ գտնուէր մտքին մէջ այդ հմայքին փցունութիւնն ու ծաղրելիութիւնն զգացող, պա՜րզ անջան տրամախոհութեամբ մ’իսկ այդ կախարդման յաւակնութիւնն հալածող: Բրօթիի երազները, զոր տրտմագին խաւարումն արթնցուցեր էր պահ մը, պատիր կենսականութեամբ մը հրապուրիչ, իմացականութեան իշխելու ո՛ եւ է ոյժ ու բնոյթ չունէին: Ներասքօղ հին նախնականութեան մը խաբուսիկ փթթումն էին՝ արեւէն մեր ունեցած անասնական, հանրէական կախման յանկարծ սաստկապէս զգալի դառնալէն, կամքէ ու բանականութենէ համեմատաբար զուրկ այն շուարումէն նպաստաւորուած, եւ ինչպէս իմ մէջս՝ անտարակոյս մանաւանդ ա՛յն մտքին մէջ ուր բանականութիւնը, յայտնապէս կամ ոչ, գերիշխան էր միշտ՝ այն երազք չկրցան տոկալ ու հալածական կորան, ուստի եւ ըստ անյոյս իրազգած դրականութեան որ տէր եղաւ իր սեպհավայրին առաւել քան երբեք՝ մեռա՜ւ Պէրպէրեան ալ, աննշան արարածի մը, ո եւ է հէք բոյսի մը փճացմամբը: Ի՛նքն ալ, մշտատեւութեան արժանի եւ այդ արժանաւորութեան նշանները տիրաբար ունեցող այն Մա՜րդն ալ մեռնելու հասարակ գռեհիկ ճակատագիրն ունեցաւ: Իր լոյսը մարող յետին խաւարին դէմ վհատաբար ոգորելէն ետքը վերջնապէս, իրապէս ընկճուեցաւ, ու թողուց որ պարուրուի, թափանցուի Վախճանին լուռ մթութեամբը: Ո՛րքան իրաւունք ունէր տրտմելո՜ւ արեւուն խաւարման օրը. տեսեր էր թէ ահա այնպէս կը խաւարի կը լմննայ մահկանացուի ջերմութիւնը, գոյութեան բերկրանքը, գիտացութեան փառքը, իմացականութեան անգնահատելի ժառանգութիւնը, հոգի՜ն՝ երկնից արեւուն հրաշալի ցոլքը, կեանքին արեւը: Եւ իսպառ մարեցաւ լմնցաւ Պէրպէրեան: Եւ իր մարմինը բան մը չունեցաւ, իր հոյակապ գլուխն ալ բան մը չունէր որ գար զմեզ մխիթարելու, իր կամքէն ու գիտակցութենէն առ յաւէտ զուրկ, անդարձ որս զգայազուրկ անէացման, չեկա՜ւ, չկրցա՜ւ գալ մեզի, եւ չպիտի գայ երբեք:

Բայց կեցէ՜ք: Ի՞նչ հարկ կար գալուն. պէտք էր ցո՞յց տալ թէ յետմահու կեանքը կարելի է. ո՞չ ապաքէն արդէն ցոյց տուած են զայն մեծ մարդիկ, եւ նոյն իսկ ամենէն խոնարհներն իրենց գործերով, իրենց աշխարհի վրայ թողած աւելի կամ նուազ խորադրոշմ ազդեցութիւններով: Արդարեւ անմահութիւն մը կա՛յ. քանզի բան մը կայ որ ընդունակ է տեւելու, որ տեւե՛լ միայն կրնայ, ցորչափ երկրի վրայ մարդիկ կան: Այդ բանը մեր գործոց ու մեր իսկ գաղափարացումն է, սիրելի ընդհանուր գաղափարի մը վերածումն է: Չեկաւ Պէրպէրեան, վասն զի իր լաւագոյն գոյութիւնը բաժնուած չէր մենէ. վասն զի մարմնոյն անհետացմամբ ցոյց տուաւ իր բուն էութիւնը, իր գաղափարացեալ, անկորնչելի եւ երանական ներկայութիւնն իմացական մթնոլորտին մէջ, իբրեւ մին անոր մաքուր ու կենդանարար տարրերէն: Եթէ մեք մեր կեանքին մէջ ներկայացուցած ենք հետեւողութիւն մը անդրժելի կանոնի մը, եթէ յաւերժական օրէնքի մը հպատակած ենք մեր զգացումներով ու մեր մտածմամբ եւ մեր արուեստով ու արարքներով, եթէ մեր վիճակներն ու գործերն համաձայն եղած են հանրամարդկային՝ ուստի անյեղլի ու մշտնջենաւոր իտէալի մը, նոյն իսկ այդ օրէնքը, այդ իտէալը մեր անմահութիւնը պիտի ապահովէ, անոր տեւողութիւնը պիտի ըլլայ մեր իսկ տեւողութիւնը. յանուն անոր պիտի ապրինք մեք: Հանրօգուտ ազնուացուցիչ անհատականութեան իտէալն ընդմիշտ պիտի պահպանէ զՊէրպէրեան. լուսապայծառ, մեծազօր ու վայելչագեղ մտքի իտէալն անմեռ պիտի պահէ զայն: Պէրպէրեան իր թողած այս գաղափարներուն վերածուած է հիմա: Ոչ մէկ միտք, ոչ մէկ պարագայ կրնայ ջնջել զանոնք, վասն զի անոնք անանց տեսլական մը կը կազմեն, որ իրեն ձգտած ու պատշաճած, որ զինքն իրագործած ու ներկայացուցած, զի՛նքն իսկ եղած հոգին պիտի յաւերժացնէ: Այս իսկ է այն անմահութիւնը զոր Կրօնքը կը ջանայ ճանչցնել մեզ իր ըմբռնած կերպերով, երբ ըսել կ’ուզէ թէ Տիեզերքի օրինաց ամբողջութիւնը, ուստի Ամենայնի Տեսլականը, այն է՝ Աստուած, անմահ եւ երջանիկ պիտի ընէ զանոնք որ պահանջումները գործադրեցին, որ պահեցին իր պատուիրանները, այսինքն համաձայն եղան ու ծառայեցին Իրեն:

----------------------------

  (*) Այս բառը սխալ կը գտնեմ. զի չի համապատասխաներ այժմու ըմբռնումներուն: Պէտք էր թերեւս ըսել զոր օր. «Ոգեզննութիւն, » կամ պարզապէս «Ոգեկանութիւն»: