Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԻՒՂԱՑԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
      
       Բաղդատաբար նոր տարր մըն է գիւղացին՝ արդի իրապաշտ գրականութեան մէջ։ Մասնաւորապէս մեր շնչատ ու տժգոյն գրականութիւնը դեռ լրջօրէն նկատողութեան առած չէ այդ զանգուածը, Հայութեան այդ դարաւոր կոճղը, որ իր ցաւերն ունի ու իր բաղձանքները, որուն մարտիրոսական համակերպութիւնը, նահապետական կենցաղն ու ժուժկալ փառասիրութիւնները եւ անյատակ թշուառութենէն ծնած խոտորումները անհուն ներշնչարան մը կը ներկայացնեն գրականութեան եւ գեղարուեստի։ Մեր քաղքենի գրականութիւնը թերեւս դեռ «անժամանակ» կը նկատէ զբաղիլ այդ խոնարհ խաւերով, թերեւս «չի յօժարիր» սուզուիլ այդ անհրապոյր խորութիւններուն մէջ, ուր իր հասկացողութիւններուն, իր խանդերուն բոլորովին անհամապատասխան կեանք մը կը հեւայ։ Բայց սերունդը, որ յեղափոխութենէն ծնաւ, սերունդը որ ընկերային յեղափոխութիւնը կ’երկնէ, ի հարկէ իբրեւ առաջին մտահոգութիւն՝ գիւղն ու գիղացին պիտի ունենայ իր առջեւ, գիւղը՝ իր կոյս, անծանօթ գեղեցկութիւններով, գիւղացին՝ իր բազմերանգ յոյզերով իր տառապագին ու միօրինակ գոյութեամբ։ Գիւղացին՝ հիմնովին նոյնն է ամէն երկրի մէջ եւ մասնաւորապէս հայ գիւղացին ունի մէկէ աւելի զարտուղութիւններ որոնց ուսումնասիրութիւնը՝ միջավայրի իրականութեանց բարեխիղճ վերլուծման հետ՝ ծնունդ պիտի տար իսկապէս նոր, երիտասարդ գրականութեան մը, - մէկ հատուածակողմը՝ վաղուան Գրականութեան։
      
       *
       ԺԸ. դարուն, գեղջկական կեանքը գրականութեան եւ գեղարուեստին կ’ընծայէր միայն քնքոյշ հովուերգութեանց եւ կայտառ պատկերներու նիւթեր։ Իր վարդապետական շարադրութիւններուն մէջ, Կռէօզ գեղջկական բարոյականը բաղդատութեան կը դնէ քաղաքներու լրբութեան հետ։ Քերթողները բանաստեղծական անդէորդներուն եւ միամիտ ու գեղանի հովուուհիներուն անմեղութիւնը կ’երգեն։ Հարկ եղաւ, որ յեղափոխութիւնը պայթէր եւ ըմբոստացած գիւղացիներ՝ համախումբ զայրագին ատելութեամբ խոյանային մեծ հողատէրերու անառիկ դղեակներուն վրայ, որպէսզի ընկերաբաններուն եւ արուեստագէտներուն աչքերը բացուէին կեղծ եւ թատերական երեւոյթներու տակ ծածկուած եղերական ճշմարտութեան։
       Պալզաքի թափանցող հանճարը թերեւս առաջինը եղաւ, որ նշմարեց նորութիւնը այն հարցերուն զորս արդի գրականութեան եւ ընկերաբանութեան առջեւ կը դնէր ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան մրրիկը։ Իր սովորական յստակատեսութեամբ, Պալզաք հասկցաւ գիւղական կեանքին բովանդակ բարդութիւնը։ Այս առթիւ խոստովանութիւն մը ունի որ շատ թանկագին է.
       «Եթէ, կ’ըսէ Գիւղացիներու յառաջաբանին մէջ, ամբողջ ութ տարի հարիւր անգամ ձգեցի եւ հարիւր անգամ կրկին ձեռք առի այս գիրքը, ամէնէն մեծը այն գիրքերէն զորս գրել մտադրած եմ, պատճառը այն է որ բոլոր բարեկամներս… հասկցած էին թէ մարդ կրնայ դեդեւիլ այս տռամին խառնուած այնքան դժուարութիւններուն, այնքան մանրամասնութիւններուն առջեւ…»։
       Ինչ որ Պալզաք ուզեց տալ իր Գիւղացի ներով, «ընկերային ուսումնասիրութիւն» մըն էր սա «մէկ գլուխով եւ քսան միլիոն բազուկով Ռոպեսփիէռի վրայ», քաղքենի դասակարգին «օժանդակ»ին եւ «աւար»ին վրայ որ «օր մը պիտի կլանէ պուրժուազ ին, ինչպէս այս վերջինը լափեց ազնուականութիւնը»։ Գիւղացիներուն պայքարը՝ հողի համագրաւողներուն դէմ, մանր եւ խոշոր պուրժուազիին դէմ, - ահա Գիւղացիներ ուն գլխաւոր նիւթը։ Հարկ եղաւ քառասուն տարի սպասել մինչեւ Զոլայի Հողը , եւրոպական գրականութեան մէջ գտնելու համար գրական գործ մը, որ իր հուժկու հանգամանքով, մտածումի խորութեամբ եւ կազմութեան ընդարձակութեամբ կարենար մրցիլ Պալզաքի պատկառելի գրքին հետ։ Հովուերգութեանց ժամանակը անցած է անվերադարձ։ Հողին մէջ, մարդ-անասունն է, որ կը ցցուի իր բովանդակ բիրտ եւ ժանտատեսիլ մերկութեամբ։ Զոլա շատ մօտէն քննեց խնդիրը։ Ան մեզի կը ներկայացնէ անբանացած եւ կեղտոտ գիւղացին, կքած տուրքերու եւ մրցումի ծանրութեան տակ, բոլորովին գրաւուած հողի անասնական եւ անյագ քաղցէն։
      
       Բոլորովին տարբեր հասկացողութեամբ մը կը քննուի խնդիրը լեհ գրագէտի մը՝ Ռէյմոնդի կողմէ, որ վերջերս հրապարակ հանեց իր քառահատոր Շլոփին (Գիւղացիները)։ Պալզաքի ընկերաբանական յոռետեսութեան, Զոլայի տնտեսական եւ բնապաշտ յոռետեսութեն դէմ, Ռէյմոնդ կը պարզէ իր ամբողջական լաւատեսութիւնը, իր խոր հաւատքը՝ լեհ շինականին վրայ, որ ազգին յոյսն է, գիւղական դասուն վրայ, ուրկէ պիտի բարձրանայ օր մը հայրենիքի ազատութեան եւ վերածնութեան պայքարին ազդանշանը։ Չմոռնանք թէ Լեհաստանի մէջ գիւղական դասը ազգին երեք չորրորդ մասը կը կազմէ։ Հետեւաբար բացայայտ է թէ ա՛ն է կամ աւելի ճիշդը՝ պիտի ըլլայ ազգային կեանքին էական ազդակը։ Այս տեսակէտով բոլորովին արդարացի է Ռէյմոնդի լաւատեսութիւնը. գիւղացիին վրայ հաւատք չունենալ՝ պիտի նշանակէր յուսակտուր ըլլալ ապագայէն։
      
       Թէ՛ Պալզաք եւ թէ Զոլա դուրս էն քննած են նիւթը։ Պալզաք գիւղացին կը վերլուծէ իբրեւ խոհուն ընկերաբան, զարհուրած՝ գիւղացիին եւ քաղաքացիին միջեւ բացուած պայքարէն, որմէ նոր յեղափոխութիւն մը կը նախատեսէ։ Զոլա կ’ուսումնասիրէ ճշմարտութեան սիրահար բնապաշտի մը խստութեամբ, միշտ հետամուտ ճշգրիտ եւ վերջնական փաստին։ Լեհ գրագէտը չուսումնասիրեր։ Ան ներսէն կը քննէ խնդիրը։ Ան գիւղացիին անունով չի խօսիր, կը թողու որ գիւղացին ինք երգէ իր ուրախութիւնները եւ իր թշուառութիւնները, իր երազները եւ յուսահատութիւնները, իր աշխատութիւնները եւ օրերը։ Ռէյմոնդի համար գիւղացին մանաւանդ եւ ամէն բանէ առաջ, գեղարուեստական հարց մըն է։ Հեղինակը եզական փորձ մըն է, որ կ’ընէ արդի գրականութեան մէջ, - ան ուզած է արձակ դիւցազներգութիւն մը գրել հոմերական ոճով, հոյակապ տողերով, հզօր եւ լայն շունչով։ Եւ զմայլելի կերպով յաջողած է, ինչպէս դիտել կուտայ հմուտ գրադատ մը։
       Երեւակայեցէք գեղացի ծերունի հագներգու մը, որ քաղաքէ քաղաք կը թափառի, գիւղի երեւութապէս միօրինակ եւ սակայն այնքան բարդ կեանքը երգելով։ Ամէն բան տեսած է, ամէն բան զգացած, ամէն բան ապրած է։ Օժտուած չափազանց սուր զգայարանքներով, ան կը զգայ ամէնէն այլազան աղմուկները, ամէնէն բազմերանգ գոյները, ամէնէն նուրբ բոյրերը։ Երկար ատեն գիւղացիներուն մէջ ապրած ըլլալով, գիւղացի ինքն ալ, իր եղբայրներուն ո՛չ մէկ ուրախութիւնը, ո՛չ մէկ ցաւը խորթ է իրեն։ Ինք գիտէ ամէն բանի ներել, որովհետեւ գիտէ ամէն բան հասկնալ։ Միամիտ հիացող բնութեան, խանդաբորբ սիրահար արտին, «ցանկալի հող»ին, իր համաստուածեան հաւատքին մէջ Աստուծոյ պաշտումը կը շփոթէ բնութեան սիրոյն հետ։ Իր կրօնական հաւատքը, իր յարումը կաթոլիկ դաւանութեան արտաքին շքեղութեանց՝ չեն չէզոքացներ արմատացած հին նախապաշարումները զորս ժառանգած է առհաւական եւ հեթանոսական դարերէ։ Երեւակայեցէք որ հեղինակը իր բազմալար եւ այլազան քնարը կը թողու այս հագներգուին ձեռքը, բոլորովին կ’անհետանայ եւ ասպարէզը կը ձգէ անոր, եւ այն ատեն գաղափար պիտի կազմէք Ռէյմոնդի գեղարուեստական մեթոտի մասին։ Գիւղացիներ ու հիւսքը կատարելապէս կը պատշաճի հեղինակին առաջադրած նպատակին։ Գիւղական կեանքը կանոնաւորուած է եղանակներու փոփոխման համաձայն, ուստի իւրաքանչիւր հատոր կը ներկայացնէ ընթացիկ եղանակին աշխատութիւններուն եւ օրերուն պատկերը։ Այսպէս, առաջին հատորը կը նկարագրէ Աշուն ը, երկրորդը՝ Ձմեռ ը, երրորդը՝ Գարուն ը եւ չորրորդը՝ Ամառը։ Ռէյմոնդի նպատակն է գեղջկական դիւցազներգութիւն մը գրել. հետեւաբար հարկադրուած է իրեն յատուկ լեզու եւ ոճ ստեղծել։ Իր վէպին տրամերգութեանց տեսարան ընտրած ըլլալով ռուսական Լեհաստանի Լիփսէ գիւղը, հեղինակը իր ոճին հիմ առած է այդ շրջանակին գաւառաբարբառը եւ անկէ դարբնած է բոլորովին ինքնայատուկ լեզու մը պատկերալից ու բազմերանգ։ Գիւղացիներու խօսակցութիւններուն մէջ, բնութեան նկարագրութիւններուն մէջ գեղջուկին հոգին է, որ կը թրթռայ իր բոլոր խորութեամբ։
      
       Աւելորդ պիտի ըլլար այստեղ ամփոփել Ռէյմոնդի վէպին նիւթը, որովհետեւ, այն ատեն պիտի ստիպուէինք լեհ շինականին կեանքն իսկ նկարագրել, իր ամէնօրեայ հոգերով, իր անդադար աշխատութեամբ, իր ճակատագրապաշտ եւ համակերպիկ փիլիսոփայութեամբ փիլիսուփայութիւնը բոլոր գիւղացիներուն։ Վէպին գլխաւոր անցքը կը դառնայ Պորինաներու հիւղին մէջ։ Ասոնք գիւղին ազնուականներն են իրենց հարստութեամբ, իրենց ազդեցութեամբ, իրենց հնութեամբ, վայրագ ու գոռոզ ընտանիք մը, մէկը անոնցմէ որոնցմէ սերած է ինչպէս կ’աւանդեն Լեհաստանի արքայական առաջին հարստութիւնը, Բիասդներու սերունդը։ Իրենց շուրջը ամբողջ աշխարհ մը կը վժայ ու կը շարժի, վատասերած սիրով եւ ատելութեամբ, ներքին կռիւներով, վարչութեան եւ Դիէծիներու մեծ կալուածատէրերու հետ ծագած անընդհատ վէճերով։
       Արդի լեհ արձակագիրներուն մէջ, Ռէյմոնդ միակ ճշմարիտ բնապաշտն է, բառին ամէնէն լայն առումով, միակը որ իրականութեան խոր եւ ընդոծին զգացողութիւն ունի։ Իր գրչին տակ, իր միշտ երեւակայական հերոսները որովհետեւ Գիւղացիներ ուն հեղինակը ռամիկ լուսանկարիչ մը չէ՝ միշտ ակնկառոյց մարդկային տոքիւմաններու, - անկենդան առարկաները, անասունները եւ բոյսերը, բովանդակ բնութիւնը ներոյժ եւ անհատական կեանք մը կը ստանան։ Բայց դիւցազներգական առարկայականութեան առջեւ, որ իր տաղանդին էական գիծն է, իր մարդու սիրտը բաբախելէ չի դադրիր։ Ռէյմոնդ հիմնովին բարի եւ զգայուն է։ Ան հաւատք ունի մարդուն վրայ։ Ամէնէն կարծրացած սիրտերուն խորը, ամէնէն վայրագ հոգիներուն խորը, միշտ բարութեան նշոյլ մը, տառապանքի շիթ մը կը գտնէ։ Իրեն համար միշտ կան այն վայրկեանները ուր ամէնէն չար էակները կը փղձկին, ընկճուած ուրիշներուն դժբախտութիւններէն, դժբախտութիւններ որոնք կ’անցնին մարդկային տառապանքին սահմանը։ Ամէնէն ստորին արարքներուն չքմեղանք մը կը գտնէ իրերու ճակատագրական անհրաժեշտութեան, ցաւին ծանրութեան մէջ. եւ կարծես հին խօսքը կը մրմնջէ. «Այն որ չէ մեղանչած երբեք, թո՛ղ առաջին քարը նետէ»։
       Ինչ որ քննադատելի է Ռէյմոնդի գրքին մէջ, նախ՝ այն կարգ մը երկարաբանութիւնները եւ կրկնութիւններն են զորս կրնար զանց առնել, յետոյ՝ իր անտեսումը կարգ մը տնտեսական եւ ընկերային հարցերու որոնք անկատար կը դարձնեն իր դիւցազներգութիւնը։ Գրադատ մը դիտել կուտայ թէ շատ մեկուսացուցած է գիւղացիները, տեսակ մը կանխակալ կարծիքով՝ զանոնք խզած է այն տնտեսական եւ ընկերային պայքարներէն որոնք կը վատասերեն արդի ընկերութիւնը։ Իր արուեստագէտի կամեցողութեամբ, հեղինակը լեհական գիւղը վերածած է ովասիսի մը, ուր դուրսի աղմուկները հազիւ թէ կը հասնին, խեղդուած հեռաւորութենէն։ Եւ սակայն Գիւղացիները Ռէյմոնդի գլուխ-գործոցն է եւ արդի լեհ գրականութեան մէջ կը գրաւէ այն տեղը, որուն արժանի են ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն գեղեցիկ արտադրութիւնները։
       Խոնարհ ազգի մը խոնարհ զաւակն է Ռէյմոնդ։ Եւ խոնարհ է միջավայրը, ուր կը խորասուզուի, արուեստի ստեղծագործութիւններ երկնելու համար։ Որքան թելադրիչ է իր օրինակը համաբախտ ազգի գրագէտ-արուեստագէտներուն համար, եթէ միայն զիջանէին իրենց հայեացքը ուղղել դէպի գիւղը, դէպի վայրի ու տառապալից կեանքը, որ կը թաւալի հոն, դաշտերու եւ հովիտներու գոգը, լեռներու կուշտին…։
      
       «Ազդակ», 1909 Յունիս