Ուսումնասիրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԵԱՆՔ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ
      
       ԳԻՐՔ ՄԸ
       Տրակոնեան սաստը, որով ուզեցին էնտէքս ի ենթարկել Մայրը, երիտասարդ գրողի մը ինքնատիպ նախափորձը, թերեւս հիմնաւոր ըլլար անոր գեղարուեստական արժանաւորութիւններուն տէսակէտէն։ Քննադատը պարտ էր ամէն բանէ առաջ նկատել անոր յաջողութիւնը՝ իբրեւ գրականութիւն, դատել զայն իբրեւ ոճի եւ մտածումի, դատողութեան եւ գիւտի հիւսք մը։ Այլապէս պիտի ենթարկուէր անվրիպելի փորձութեան մը, - պիտի պրկէր միակողմանի եւ կանխակալ դիտումներու ցանցի մը մէջ, փետրաթափ հայեացքը մթագնած՝ խափանարար մէգով մը։
       Պարզ է թէ, քննադատը, ի՜նչքան ալ ուժեղ ու անկապտելի առանձնաշնորհներ վերագրենք իրեն, իրաւունք չունի գեղարուեստական արտադրութեան մը քննութեան պահուն տիրօրէն հարկադրելու իր ուրոյն հայեացքները իր նախասիրութիւններն ու կամէութիւնները։ Իր մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ աչքի առջեւ ունենալով ընդհանուր ստուգանիշները, վճռել թէ հեղինակը իր առաջադրած ծրագրին կամ յաւակնութիւններուն իրագործման մէջ՝ ի՜նչքան յաջողած է մօտենալ իսկական Գեղարուեստի պահանջներուն։ Ինք պիտի ջանայ բացատրել գործը։ Եւ այդ բացատրութիւնը այնքան համապատասխան է ճշմարիտ գեղարուեստական քննադատութեան դերին, որքան քննադատը կարողացած է թօթափել կարգ մը հնօրեայ աւանդութիւններ, թշուառ նախապաշարումներ որոնք ընդհանարապէս այնքան աններող են որքան պապական կոնդակները։
       Մնաց, որ եթէ անպատճառ ուզէինք բարոյականի տեսակէտ մըն ալ փնտռել Մելոյեանի վէպին մէջ, յուսավրէպ պիտի չըլլայինք մեր այդ միամիտ հետաքրքրութեան մէջ։ Այնքան «վտանգաւոր» եւ «գայթակղական» նիւթը, -արկած մը՝ կեանքի գահավէժ յորձանքին մէջ, քան թէ թէզ մը՝ այդ բառին լայն առումով, ունի հասարակ, չափազանց մարդկային վախճան մը։
       Տեսնող եղեր էր, որ ան բարձրացեր էր այն ժայռին վրայ ուր դրուած է եղեր խանձարուրը։
       Փէրին է այս, - Մայրը, - որ եթէ գիտակցօրէն կամ ակամայ, թոյլ կուտայ որ Շահէն իր հարազատ զաւակը, մեղապարտ գգուանքներ փնտռէ իր ծոցին մէջ, բայց ահա վայրկեան մը իսկ հանգիստ չի կրնար մնալ։
       Խելակորոյս ու կատաղած՝ դուրս թռաւ սենեակէն, կորաւ խաւարին մէջ դէպի մռնչացող ալիքները ծովի…
       Հատորը, իսկապէս, մղձաւանջի մը տպաւորութիւնը կը գործէ։ Մելոյեան փորձեր է նոր խաւեր քրքրել, նոր որոնումներ կատարել կեանքի բովին մէջ։ Ուր իբր այդ՝ նկատելի է իր արժանիքը։ Իր վանական կենցաղի ուրուագիծը, իր աղօտ նիշերը՝ գարուն-տարիքի ալեկոծումներուն, գիշերօթիկի պղտոր հակումներու եւ փորձութիւններու մասին, իր յայտնի ձգտումը չափազանց մտերիմ յոյզեր, գաղտնի «պիղծ» խորութիւններ զննելու, - այս բոլորը, թէեւ սեւագրուած ոստոստուն, շնչատ արտորանքով մը, կը վկայեն իր դիտելու համարձակ ինքնուրոյնութիւնը։ Արտայայտութեան ձեւը, հիւսքը, գրուածքն է որ կրնայ կարծիքները բաժնել։ Լեզուն՝ վտիտ, նոյնիսկ լերկ՝ կ’ըսես կանխամտած անփութութեան մը հետեւանքով, բոլորովին անհամապատասխան է նիւթին խորութեան։ Պատկերները՝ ճիշդ է, թելադրական, կիսատ արտայայտուած, - որ տիրապետող յատկանիշ մըն է արդի գրականութեան մէջ, մանաւանդ բնորոշ մէկ գիծը ռուսական արուեստին, - իրարու կը յաջորդեն գեղադիտակի արագութեամբ ու անոր սարսռուն հմայքովը։ Սակայն կը մատնեն նրբախիղճ, անողորմ հոգածութեան բացակայութիւնը, յաճախ ծիւրում մը։ Այնտեղ մենք չունինք արուեստագէտի ոճ, երանգներու զանազանում եւ խտութիւն: Գրուածքի ամբողջութեան մէջ կա՛յ հիմնական կսկծալի թերութիւն մը եւ այդ՝ ապահովաբար հետեւանք է այն պարագային, որ հեղինակը, չափազանց խանդավառուած նիւթին նորութենէն, սրտատրոփ անձկութեան մը հեւքին մէջ, ատեն կամ տրամադրութիւն չէ ունեցած, կարգ մը սիրուն ինքնատպութիւններէ դուրս, խնամք տանելու ընդհանուր մշակման։
       Եթէ չըլլար այդ հեղգութիւնը արուեստագիտական բծախնդրութիւններու մասին, - թերեւս աւելի առոյգ ու որոշ դիմագծութեամբ ներկայանար Փէրին, որ, այնպէս ինչպէս նկարուած է այս հատորին մէջ, էգ մըն է պարզապէս, ստուերամած ու անճանաչելի, զուրկ միջավայրի առանձնայատկութիւններէ։ Իբր կին իսկ, ինքն իր մէջ ամբողջական կերպարանք մը չի կազմեր։ Աւելի զգուշաւոր աշխատութիւն մը, դարձեալ, պիտի պատկերացնէր միջավայրը իր հարազատ կենդանութեամբ, աւելի ցայտուն եւ յորդ, իր բոլոր մանր ու խոշոր գիծերով։
      
       «Ազատամարտ», 1911 Փետր.