Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍՈՒԳԻ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
      
       1915 Ապրիլ 11ը (24), թուական մըն է, որ անհնարին զարհուրանքով կը լեցնէ բոլոր մարդկային հոգիները, առանց միջավայրի խտրութեան։
       Այլեւս անօգուտ է յիշել ու մանրամասնել պատմութիւնը։ Ամէնուն շրթունքին վրայ են անոր զանազան էջերը։ Հարեւան պարկեշտ մարդիկ անգամ սոսկումով կը խօսին, երբ հարկ ըլլայ խօսիլ։ Ամբողջ ժողովուրդի մը երիտասարդութիւնը, մտաւորականութիւնը, յետոյ նաեւ նոյն այդ ժողովուրդը ոչնչացնելու այն հրէշային եղանակը, որ գործադրուեցաւ Թուրքիոյ երէկուան վարիչներուն կողմէ, կայսերական Գերմանիոյ հաւանութեամբ եւ աջակցութեամբ, - Դէպք մըն է, որ չի գտնուիր նոր ժամանակներու պատմութեան մէջ։ Հայաջինջ սարսափներէն յետոյ, թունդ իթթիհատական Ահմէտ Րիզա պէյն իսկ, Ծերակոյտի բեմէն յայտարարեց թէ՝ «Օսմանեան պատմութեան մէջ չէ արձանագրուած այսպիսի բարբարոսութիւն»։
       Եւ սակայն, օրուան վարիչները գործադրեցին այդ Ոճիրը, - Փրակայի ժողովին թուրք պատուիրակներն ալ անվարան խոստովանեցան թէ «ոճիր է¦ - չենք գիտեր որո՛ւ բարիքին համար - Գործադրեցին այնպիսի պատրուակներով, որոնք հաստատուած չեն մինչեւ այսօր, նոյնիսկ թրքական աղբիւրներէ։ Միլլի կառավարութիւնը պատերազմի յորձանքին մէջ, ժամանակ չունեցաւ Գերագոյն Ատեան կանչելու ընդհ. պատերազմի պատասխանատուները։ Երբ երկիրը խաղաղի, հաշտութիւնը վերջնապէս կնքուի եւ մարդիկ տրամադրութիւն ունենան, անշուշտ այս կէտն ալ կը վերաքննեն, գոնէ պատմութեան համար։ Ամէն պարագայի մէջ, Ապրիլ Տասնըմէկը սուգի եւ սարսափի թուական մըն է մեզի համար, եւ մենք խորին տրտմութեամբ, երկիւղածութեամբ կը խոնարհինք այն օրերու բոլոր մեռելներուն առջեւ, ծանօթ թէ անծանօթ, մանուկ թէ ծերունի…
       Եւ, մեր Սուգը յիշելով, մենք ուրիշները վիրաւորելու մեղքը գործած չենք ըլլար։ Մարդկային է վիշտը, ինչպէս մարդկային է ուրախութիւնը։
      
       *
       Ամբողջ սերունդ մըն էր, որ ոչնչացաւ, այն թուականին։ Ոչնչացա՞ւ։ Մարդիկ կը մեռնին, սերունդներ կը հատնին, բայց անպատճառ հետք մը կը ձգեն իրենց ետեւէն, Լոյսի շող մը, յոյսի կաթիլ մը, գաղափար մը, կորի՛զ մը։ Եւ, կ’ուզենք հաւատալ թէ մեր մեռելները ամէնէն շատ ունեցան այդ առաքինութիւնը։ Անոնք ձգեցին հետք մը, որ կրնայ եօթն անգամ եօթանասուն սերունդ ոգեւորել։ Անոնք մեզի թողուցին թանկագին կտակ մը Աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան մասին, հաւատքի եւ յարատեւութեան մասին, չարքաշութեան եւ այլասիրութեան մասին։ Անոնք մեզի աւանդեցին կտակ մը, որ կրնայ անշէջ վառել մեր բուխերիկները, եթէ միայն գիտնանք հաւատարմօրէն ընթանալ իրենց ճամբուն վրայ։
       Ամբողջ «խորհուրդ խորին» մը՝ հազար- հազար բազմութիւններու այդ անպատմելի Մահը։ Եւ կը կարծենք թէ լաւագոյն յարգանքը մատուցած կ’ըլլանք անոնց յիշատակին, կարելի եղածին չափ, իւրաքանչիւրը իրեն համար, թափանցելով այդ խորհուրդին։ Բանաստեղծը միեւնոյն ճամբուն վրայ մեռաւ գեղջուկին հետ. ծծկեր երախան եւ եօթանասուն տարեկան մամիկը միասին ոչնչացան. մանկամարդ աղջիկն ու ալեւոր տէրտէրը իրարմէ նախանձելու բան չունեցան։ Ամբողջ պատմութիւն մը՝ օրօրոցէն մինչեւ հողվրտիք։ Եւ այս բոլորին հանդէպ մեր յուզումը, մեր ընդվզումը՝ մէկ բանով կրնայ խաղաղիլ, - յիշելո՜վ զանոնք, հետեւելով անոնց մրմունջներուն, մասունքի պէս պահելով ու զարգացնելով անոնց թողած աւանդը։ Մենք ատելութիւն չունինք ուրիշներուն հանդէպ. ատելութիւնը՝ ուժի մը դէմ կ’ըլլայ. իսկ այն ձեռքը, որ վարեց ու կատարեց այս բոլոր սարսափները, իր ուժովը չէր, որ փայլեցաւ, այլ դաւադիր, անարժան խաղով մը։ Եթէ Նոր Թուրքիոյ փրկիչները այսքանը միայն ճշդեն, մեծագոյն բարիքը կատարած կ’ըլլան իրենց իսկ երկրին համար։ Դարաւոր միապետութիւն մը քանդելէ եւ անոր կուսակիցները «հայրենիքի դաւաճան» հռչակելէ յետոյ, Նոր Թուրքիոյ վարիչներուն համար շատ դիւրին է ցրուել նաեւ կանխակալ կարծիքները։ Ոչ մէկ պարկեշտ մարդ, ի՛նչ ազգի ալ պատկանի, պիտի կրնար քաջութեան գործ համարիլ 191516ի սարսափները։ Եւ մենք հարեւաններ գիտենք, որ լացեր են անոնց վրայ, աւելի ճիշդ՝ լացեր են իրենց թշուառութեան վրայ, անզօր կատաղութեամբ…
      
       *
       Անցնի՜նք։ Անօգուտ է թղթատել այս բոլորը։ Բոլորովին նոր պատմութիւն մը բացուեցաւ մեր առջեւ, Ապրիլ Տասնըմէկէն յետոյ։ Բոլորովին այլափոխուեցաւ մեր հայրենիքն ալ, ինչպէս մեր կեանքն ու ճակատագիրը։ Այլեւս դարձ չկայ այն ճամբուն վրայ ուր քշեցին մեզ պատերազմին փոթորիկները։ «Սկիզբն երկանց»։ Եւ ի՜նչ երկունք։ Ժամանակակից ազգերը չունին այդպիսի օրինակ։ Անոնք ունեցա՞ն մեզի չափ մեռել, եւ սուգ մը, որ սանկ հեռուէն մօտենար մեր սուգին։
       Ամէն մէկ Ապրիլ Տասնըմէկ՝ թող յիշեցնէ մեզի, թէ մենք անարժան ենք մեր Մեծ Մեռելներուն, եթէ չենք բերած մեր բաժինը, այդ երկուքը երջանիկ վախճանի մը հասցնելու եւ եկող սերունդները ամէն մղձաւանջէ փրկելու համար։
      
       «Ճակատամարտ», Ապրիլ 1923
      
       ԾԱՆՕԹ. - Այս խմբագրականը չէ տպուած՝ գրաքննութեան արգելքով։