Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ԲԱԶՄԱՎԷՊ»
      
       Հոկտեմբեր 18ին սկսան «Բազմավէպ» ի հարիւրամեակի տօնակատարութիւնները Վենետիկի մէջ։ Բուն տարեդարձէն քանի մը տարի վերջը։
       Բացառիկ երեւոյթ է պարբերականի մը հարիւրամեան։ Ոչ միայն հայկական, այլեւ միջազային կեանքի մէջ։ Մանաւանդ երբ նկատի ունենանք որ այդ պարբերականը եղած է ոչ թէ ընթացիկ արտադրութիւն, այլ մենաստանի մը ճիգը, որոշ սահմաններով։
       ինչպէս Վենետիկի Մխիթարեանց լրագրական առաջին ձեռնարկները, «Բազմավէպ»ն ալ ճամբայ ելած է տարրական գիտելիքներով։ Եւ նոյնքան տարրական լեզուով մը։
       Այնտեղ իրար դիմաւորած են վարժապետականն ու թերխաշ գրականը, գիտականն ու կրօնականը, բանասիրականն ու պատմականը։
       Կը թուի թէ որոշ ծրագիր մը չեն ունեցած, բացի մէկ մտահոգութենէ, - լոյս տարածել վանքի մը ճրագով։
       Տարիներու ընթացքին, հետզհետէ լայնցած է ճամբան։ Բացուած են նոր եւ աւելի խոր ակօսներ։ Երբեմնի տմոյն ճրագը արձակած է ճաճանչներ, բոցեր, Բագրատունիներով, Հիւրմիւղներով, Ալիշաններով։
       Մինչեւ անգամ, - տարիներ վերջը, - աշխարհական սերունդ մը ճեղքած է վանական մթնոլորտը, Վարուժաններով, Ահարոններով։ Եւ երիտասարդ վարդապետներու աչքերն ալ բացուած են նոր աշխարհի մը առջեւ, բանաստեղծութեան թէ բանասիրութեան ածուներուն մէջ։
       Կարճ խօսքով, բերքը ոչ միայն բազմապատկուած է, այլեւ դարձած է «տեսակաւոր», ինչ որ պզտիկ յաջողութիւն չէ վանական մթնոլորտի մէջ։
       Բանասէրներուն եւ քննադատներու կը մնայ ճշդել թէ որքան ցորեն կամ որոմ ցանուած է այս հարիւրամեայ անդաստանին մէջ, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ։
       Այսպէս հեռուէն հեռու դիտելով կը կարծենք թէ յարդը որքան ալ դէզ կապած ըլլայ, չի կրնար նսեմացնել ձեռք բերուած վաստակը։
       Ուրիշ ամէն բան մէկդի դնելով, հարկ է հրապարակաւ յայտարարել, թէ «Բազմավէպ»ը եղած է բանուկ արօր մը, աշխարհաբարի ժողովրդականացման անդաստանին մէջ։
       Մենք շատ մը վերապահումներ ունինք Մխիթարեանց մշակած լեզուի մասին։ Խորթ բառեր եւ ասութիւններ, շարադրական անճաշակ վարժութիւններ կան որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուին։ Մինչեւ անգամ երիտասարդ վարդապետներու գրչին տակ։
       Եւ սակայն, ապերախտութիւն պիտի ըլլար ուրանալ անոնց բերած նպաստը, հարիւր տարի առաջուան թրքախառն հայերէնը այսօրուան ճկուն եւ հոսուն, հարազատ աշխարհաբարին հասցնելու համար։
       եթէ տեսակ մը լճացում կը տիրէ տարիներէ ի վեր, այդ ալ անշուշտ հետեւանք է վանական եւ քիչ մըն ալ ակադեմական մթնոլորտին։
       Ինչպէս միւս վանքին, Վիեննայի մէջ, Ս. Ղազարի կամարներուն տակ ալ հետզհետէ պակսեցան այն հսկաները որ ընդունակ էին հաստափոր, երկարաշունչ հատորներ դիզելու գիշերաջան տքնութեամբ։ Քամելով իրենց երակներուն արիւնը եւ աչքերուն լոյսը, ամեհի երկունքի մը մէջ։
       Ո՞ւր են անոնք որ բառարաններ կը յօրինէին, կամ սրախաղութիւններ կը կատարէին Հայկազնեան բառերով, գրաբար թէ աշխարհաբար։
       Քանի՞ հոգի մնացած են այն դէմքերէն որ գիտէին շունչ եւ լեզու տալ դեղնած, բորբոսած թուղթերու։ Կամ Հայոց պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը վերակազմել քիչ մը գիտութիւն խառնելով բոցավառ երեւակայութեան մը…
       Մեր մաղթանքը «Բազմավէպ»ի հարիւրամեակին առթիւ։
       Նոր կորով եւ աւելի լայն հորիզոն, որպէսզի միշտ վառ մնայ Մխիթարի ճրագը։
      
       22 Հոկտեմբեր 1947