Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁԱՅՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ
      
       Անոնք որ ոչ Հայաստանի լեռներն ու ձորերը, ոչ ալ գետերն ու դաշտերը տեսած են, չեն կրնար պայծառ գաղափար մը կազմել Ռուբէնի էութեան մասին։
       Իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, աշխարհագրութիւնը եւ աշխարհահայեացքը մնացին անբաժան։ Ներշնչեցին եւ գործի մղեցին զինքը՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։
       Մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, դժուար է գտնել հեղինակ մը, որ այնքան մասնագիտօրէն քննած, սերտած, բանաձեւի մը վերածած ըլլայ Հայաստան աշխարհին լեռներուն խորհուրդը եւ գետերու լեզուն։
       Իր գրչէն ելած որեւէ ուսումնասիրութեան մէջ, կարմիր թելի մը պէս կ’երեւայ այս գիծը։ Եւ ամէնէն չոր ու ցամաք, հում նիւթն ալ կը դառնայ խօսուն, շօշափելի պատկեր։
       Ճարտարապետական հիւսուածքներ են իր քաղաքական եւ ընկերային տեսութիւնները։ մէկը միւսէն ինքնուրոյն եւ տոկուն։
       Յեղափոխական սլացքին հետ, գիտական-քննական միտքն է որ անդադար կը գործէ։
       Իւրաքանչիւր վերլուծման հետ, նոր լոյս մըն է որ կը ժայթքէ Հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ելեւէջներուն վրայ։
       Եւ ամէնէն համբակն ալ դիւրաւ կ’ըմբռնէ մեր մեծութեան եւ անկումի, փառքի եւ պարտութեան պատճառները։
       Միեւնոյն ատեն կը տեսնէ հեռանկարներ որոնք անմատչելի կը համարուէին։
       Տարօնցի ընկեր մը վերջերս կը գրէր, հեռաւոր Իրանէն, թէ Ռուբէնի պապերուն պապը Սասունցի էր, ինչպէս ինքն իսկ պատմեր է, հպարտօրէն։
       Ուրեմն ինք «դրսեցի» չէր Տարօն աշխարհին համար, զոր այնքան պաշտամունքով սիրեց ու սերտեց, որուն ազատութեան համար իր երակներուն արիւնը քամեց, երբ դեռ հասարակ զինուոր էր։
      
       Վրէ՜ժ, ընկերներ, դիմենք դէպի մահ,
       Պարոն Ռուբէնը մռնչեց անահ,
       Ա՛լ չվախենանք թշնամու սրից,
       Ազատ մեռնելը քաղցր է ամէնից։
      
       Ոչ մէկ տեղական հայրենասիրութիւն՝ իր յեղափոխական թէ քաղաքական գործունէութեան ընթացքին։
       Պայծառ, հասուն հայրենասիրութիւն մըն էր որ կ’առաջնորդէր իր քայլերը։ Խորաթափանց ոգի մը որ կը ներշնչէր ամբողջ բազմութիւններ՝ խօսքով թէ գործքով։
       Ձայնը, որ կը բխէր սրտին խորերէն- «Ձայն հայրենեաց»- դարձած էր թանձրացեալ հանգանակ, շնորհիւ իր հատու տրամաբանութեան եւ մշտանորոգ վերլուծումներուն։
       Այս տեսակէտէն, ոչ մէկ վկայութիւն պիտի կրնար այնքան հաստատօրէն պարզել իր մտածումներն ու եզրակացութիւնները, որքան իր աննման «Յուշերը», որոնք բոլորովին անտիպ էջ մը բացին մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ։
       Հակառակ վերջին տարիներու յոգնութեան եւ տառապանքին, Ռուբէն միշտ ալ մնաց կորովի եւ լաւատես։
       մինչեւ վերջին պահուն, աննկուն յեղափոխականի ոգին էր որ կը խօսէր իր մէջ։
       Դեռ քանի մը ամիս առաջ էր որ կը գրէր, ի պատասխան պաշտօնական նամակի մը.
       - Իսկ եթէ փոթորիկ մը պայթի, թող իմ չորցած ոսկորներս ալ խառնուին ձեր երիտասարդ ոսկորներուն…
       Որեւէ փոթորիկ մազաչափ չէր ազդած իր վրայ, սահմանէն ասդին թէ անդին։
       Այդ պատճառով ալ, անխռով կը սպասէր գալիքին։
       Պիտի կրնա՞ր իրապէս «հայացնել» ներկայ Հայաստանը, առանց այդ վճռական սրատեսութեան։
      
       12 Յունուար 1952