Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՅՍ ՄԷԿՆ ԱԼ ՕՏԱՐ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ…
      
       Հերոսը որ կը թաղուի այսօր, օտար հողի վրայ, ունեցաւ փառքի եւ դառնութեան օրեր։
       Փառք՝ Հայաստանի խստաշունչ սարերուն վրայ, «իբրեւ արծիւ»։ Դառնութիւն՝ քաղաքի մէջ, իբրեւ զէնքը վար դրած մարդ, որ ակռայ կը կրճտէ, գործը կիսատ մնալուն համար։
       Ժողովուրդի զաւակ էր Անդրանիկ, անոր բոլոր հարազատ յատկանիշներով։
       Անսեթեւեթ, յաճախ կոպիտ ողջմտութիւն, տոկուն կամք, եւ ծարաւ՝ սանձարձակ ազատութեան։
       Այս պատճառով ալ, պէտք չէ շատ զարմանալ անոր վրիպումներուն համար։
       Զինքը չհասկցողներ ուզեցին իբրեւ դրամագլուխ ծառայեցնել այդ վրիպումները։ Մինչեւ այսօր ալ, այդ լպրծուն գետնին վրայ կեցեր են, առանց ըմբռնելու որ ատով ոչ թէ կը բարձրացնեն, այլ կը փոքրացնեն հերոսը։
       Որովհետեւ, եթէ Անդրանիկ դառնացաւ իր ընկերներէն եւ անկիւն մը քաշուեցաւ, «պառաւ»ներուն հաճոյք պատճառելու համար չէր։
       Ընդհակառակն։ Եւ եթէ կարելի ըլլար կարդալ մարդոց սիրտը այնպէս ինչպէս կը թղթատենք ու կը կարդանք գիրք մը, ապահովաբար սրտաբեկութեան շատ աւելի ծանր փաստեր պիտի գտնենք։
       Նայեցէք իր վերջին պատկերին եւ դատեցէք։
       Ո՜ւր այն խստագիծ Հայդուկը, պողպատէ նայուածքով եւ պիրկ ջիղերով, եւ ո՜ւր սա տժգոյն, նկուն դիմագիծը։
       Տարի՞քն է որ կատարած է այդ այլափոխումը։
       Բայց Անդրանիկ նոր չծերացաւ։
       Հիւանդութի՞ւնը. - Սակայն տարիներէ ի վեր հիւանդ էր ան, սաստկօրէն կը տառապէր, յաճախ կը մռնչէր յօդացաւի չարչարանքներէն, եւ դէմքը նորէն ամուր էր, իսկ նայուածքը արու։
       Գիտութիւնը անճար է, մարդոց սիրտը վերլուծելու։ Բայց այն սերունդը որ Անդրանիկներով սնաւ ու ծաղկեցաւ, այն սերունդը հազար պատմութիւն կը կարդայ այս դէմքին վրայ, մանաւանդ 1920էն յետոյ։
       Ամէնէն առաջ կը տեսնէ անոր անզօր կատաղութիւնը, տարիներու հերակլեան պայքարին եւ սա տժգոյն մանրանկարին առջեւ.
       Հայրենիք մը՝ ո՛չ ազատ, ո՛չ ալ անկախ։ Երկիր մը, որ իր թափառական զաւակներն անգամ համրանքով կը զատէ, տասը հազարին մէկ համեմատութեամբ, այն ալ պատահաբար։
       Հայաստան մը, վերջապէս, որ ոչ իսկ իր մեռելներուն տէր կ’ըլլայ…
       Յետոյ կը լսէ անոր հառաչանքն ի խորոց սրտի, սա ջոջ ու շքե՜ղ թափօրին առջեւ որ պար բռնած է իր բոլորտիքը, եօթ-ութ տարիէ ի վեր, մինչ լման երեսուն տարի լսել անգամ չէր ուզեր իր անունը, երբ ինք իր իսկական գերին մէջ էր, եւ լեռ ու ձոր կը թնդացնէր իբրեւ «Անդրանիկը քաջ»։
       Յետոյ…։ Բայց կը բաւէ։
       Մեռել մը կը թաղենք օտար հողի վրայ, եւ լա՜ւ է որ կարճ կապենք։
       Հերոսը հանգիստ չունեցաւ, երբ կռիւները դադրեցան։
       Հանգիստ չի կրնար ըլլալ ե՛ւ այսօր, հակառակ բոլոր հանդիսաւոր յուղարկաւորութեանց եւ շքեղ դամբարաններուն։
       Ուրիշ ռազմիկներ ո՛չ մէկը ունեցան, ո՛չ միւսը։
       «Ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ լեռնասոյզ»։
       Բայց գոնէ ինկան հայրենի լերան վրայ, բուռ մը հողի տակ։
       Անդրանիկը թաղելով Փէռ Լաշէզի մէջ, կաղնեփայտէ սնտուկով, մեր ուխտը պիտի ըլլայ ոչ թէ ցուցադրել զայն իբրեւ հին փառքի ամուլ յիշատակարան մը, ինչպէս Լեւոն Լուսինեանը, այլ իբրեւ կենդանի մասունք մը, որ ուժ եւ հաւատք պիտի կաթեցնէ թմրութեան դատապարտուած հոգիներուն մէջ։
       Իր դամբարանը պէտք է դառնայ ներշնչարան մը, որպէսզի աւելի ամուր քալենք դէպի Անդրանիկներու երազը, - դէպի հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութիւնը։
      
       29Յունուար 1928