Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ԱՅՍ ԱԼ Կ’ԱՆՑՆԻ…»
      
       Ի՜նչքան սրտառուչ էին իտալական «Իլ Րէսթօ տէլ Կարլինօ» թերթին թղթակցութեան վերջին տողերը։
       Թղթակիցը, որ Ջուլֆայէն կը գրէր, նկարագրելով ներկայ Հայաստանի չարն ու բարին, կը պատմէ.
       - «Մասնաւորապէս մտաւորականները հալածանքի ենթակայ են։ Վերջերս շատ մը ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են։ Մամուլի ազատութիւն չկայ։ Ամէն ինչ հսկողութեան տակ է։ Կը վախնան։
       «Բայց գիւղացիները, որ հարիւրին 95ը կը կազմեն, կը հեգնեն այս հալածանքները։
       «- Կ’անցնի, կ’ըեն, շատ ենք տեսած։ Մեզի համար կարեւորը հողն է»։
       «Եւ այս ըսած ատեն, խիստ ակնարկներով, երկու քայլ անդին, դէպի տանկական սահմանը կը նայէին»։
       - Կ’անցնի՜. շատ ենք տեսած…։
       Փիլիսոփայութիւնը դարաւոր ժողովուրդի մը, որ ոչ յոգնիլ գիտէ, ոչ վհատիլ։
       Կը քանդեն, - կը վերաշինէ։ Կը կոտորեն- նոր ընձիւղներ կ’արձակէ ու կը ծաղկի։ Հայրենի հողէն կը քշեն, - նոր բոյներ կը հաստատէ ի հաշիւ վաղուան, եւ առտու մը վերադառնալու ամուր հաւատքով։
       Ի՞նչպէս կը յաւակնին արեւէ զրկել այս հաստարմատ, ինքնավստահ ուժը։
       Հալածա՞նք, բռնութի՞ւն, պանդուխտի տառապա՞նք, - կ’անցնի, շատ ենք տեսած։
       Այս թղթակցութեան յաջորդ օրը, հրատարակեր էինք ուրիշ նամակ մը, հեռաւոր Պրազիլիայէն։
       Սան- Փաւլոյի մէջ, երիտասարդներ քով քովի գալով, Միութիւն մը կազմեր եւ կառավարութեան վաւերացուցեր են։ Եռագոյնն ալ, իբրեւ ազգային դրօշ։
       Դեկտեմբեր 11ին, դրօշի բացման հանդէս կը կատարուի։ Երիտասարդ մը պիտի արտասանէ Ակնունիի «Դէպի Երկիր»ը։ Հազիւ բերանը բացած.
       «Ամէն տեղ Հայը որոնում է ապաստան,
       Բացի այն տեղից որ կոչւում է Հայաստան»
      
       կը փղձկի եւ կը ստիպուի ընդհատել։ Խորապէս կը յուզուի նաեւ ներկայ բազմութիւնը։ Այրեր եւ կիներ բարձրաձայն կուլան…
       Ու վերջապէս, երկու օր առաջ, հրատարակեցինք աշխատակիցի մը փաստացի պատմութիւնը, Ատրպատականի հերոսամարտի տասնամեակին առթիւ։
       Օրհասական կռիւ մը, լման եօթը ամիս դէմ դիմաց՝ 20. 000 քիւրտ-թուրք-թաթար եւ հազիւ 7500 Հայեր եւ Աորիներ։ Եւ արդիւնքը՝ փրկութիւն տասնեակ հազարաւոր Հայերու եւ Ասորիներու, մէջն ըլլալով Վանի վերջին նահանջէն փախած 20. 000 հայրենակիցները։
       Ի՞նչ կը հետեւի այս պատկերներէն։
       Այն որ, հակառակ բոլոր փոթորիկներուն, հայ ժողովուրդը ունի դաժան, բայց լուսաւոր ճամբայ մը։ Ունի ուխտ մը՝ այդ ճամբան կտրելու։ Հաստատելու իր հայրենիքը, ազատ եւ անկախ։
       Այս պատկերներուն լրացուցիւչն է նաեւ այն լեղապատառ կանչը, որ կը լսուի ամէն օր, աշխարհի բոլոր ծայրերէն, եւ մասնաւորապէս շքեղաշուք պողոտաներէն.
       Մինչեւ ե՞րբ այսպէս. հերի՛ք է հալինք ու փճանանք օտարութեան մէջ։
       «Մինչեւ ե՞րբ այսպէս մեր վիզը ծռած օտարին նայինք»։
       Իւղի գործարանի մը դժոխքէն կը հասնի այս ձայնը։ Եւ կը հասնի բոլոր գործարաններէն։
       Առանց հողի եւ երդիքի. ճիտը ծուռ՝ օտարին առջեւ, կքած՝ ամէնէն ծանր բեռներուն տակ, իրիկունը մեծով պզտիկով կծկուած՝ կեղտոտ հիւրանոցի մը ցուրտ սենեակին մէջ, մեր տարագիր հայրենակիցները աւելի սաստկութեամբ կը զգան մինակութիւնն ու զրկանքը։
       Բայց նորէն, ո՜ղջ է իրենց հոգին, եւ ամուր՝ իրենց հաւատքը։
       Այս ալ կ’անցնի. շա՜տ ենք տեսած…։
       Անդին, հայ գիւղացին կը հեգնէ խորհրդային իշխանութեան ահ ու սարսափը, հալածանքներն ու բանտարկութիւնը, եւ, ամէն բանէ առաջ, «հողը» կը փնտռէ, աչքերն ուղղելով դէպի տաճկական սահմանը։
       Ասդին, հայ բանուորը, երեսը մրոտ եւ ձեռքերը կարծրացած, «բացէք դուռները», կ’աղաղակէ, հազար լեզուներով։
       Միեւնոյն ուխտին երկու արտայայտութիւնները։
       Որովհետեւ, ի՞նչ բան պիտի արգիլէր անդին՝ յորձանքին խառնուելու եւ համակերպելու, ասդին՝ միջավայրին հրապոյրներէն քշուելու եւ ձուլուելու, եթէ չըլլար այդ ուխտը, աւելի քան գիտակից եւ անսասան։
       -Մեզի համար կարեւորը հողն է։
       Եւ եթէ միայն այսքանը հասկնային եւ անոր համեմատ քաղաքականութիւն վարէին բանուորա- գիւղացիական միմոսները, նորէն լայն իրաւունքներ պիտի ունենային այս ժողովուրդի երախտագիտութեան վրայ։
       Բայց, ո՜ւր անոնք, եւ ո՜ւր այս ժողովուրդը, որ հեգնութեամբ կը նայի իրենց ե՛ւ իշխանութեան ե՛ւ «իմաստութեան» վրայ, ու կը մրմնջէ.
       Կ’անցնի՜. շատ ենք տեսած…
      
       10 Փետրուար 1928