Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՅԵՏՈՅ
      
       Տասը տարի առաջ, 1918 Մայիս 28ին, պաշտօնապէս կը հռչակուէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը։
       Իրականին մէջ, դատը շահուած էր Մայիս 24էն սկսեալ, ռազմադաշտին վրայ, օրհասական եւ արիւնռուշտ կռիւներէ յետոյ, որոնց պատմութիւնը որքան կրկնուի, քիչ է, բութ գլուխները զգաստացնելու համար։
       Որովհետեւ, այդ անկախութեան տապալումէն ի վեր, դաս մը մարդիկ պարծանք եւ բանգիտութիւն կը համարին տանիքներէն պոռալ եւ քուրջերու վրայ գրել թէ՝ հայկական անդրանիկ հանրապետութիւնը Թուրքերուն «շնորհն» էր։
       Անբուժելի՜ ստրուկներ, որոնք միշտ ծունկի կուգան օտարին, հզօրին բաժակ մը ջուրին առջեւ, բայց չեն տեսներ հարազատին սրտէն եւ մարմինէն հոսած արիւնը, արեան յորդահոսան գետերը, եւ անոնց իմաստն ու արժէքը…
       Ուրեմն, տասը տարի առաջ ունեցանք պետական կորիզ մը։ Սեփական հայրենիքի եւ ազգային իշխանութեան ծիլ մը, որ կրնար զարգանալ ու զօրանալ, եթէ…
       Ծանօթ է պատմութիւնը եւ մենք ատոր մասին չէ որ պիտի խօսինք։
       Երկու բառ միայն, - տասը տարի յետոյ, այսօր աւելի քան երբեք հաստատուած, անվիճելի եւ անվիճաբանելի փաստ է, որ այդ կորիզը ոչնչացնող առաջին լախտը հանդիսացաւ Ռուսաստանի «բանւորա-գիւղացիական» իշխանութիւնը։ Ան յղացաւ ծրագիրը, եւ առաջ քշեց Թուրքերը։ Ա՛ն սարքեց ամբողջ դաւը, ու լարեց զսպանակը։
       Մեղք չունի՞ն միւսները, - քաղքենի- դրամատէր գիշատիչները։
       Աւելի քան սեւ է եւ անքաւելի՝ անոնց պատասխանատուութիւնը։ Բայց, ինչո՞ւ զարմանալ։ Անոնք հաւատարիմ են իրենց խառնուածքին եւ գռեհիկ շահերուն, մէկ բառով՝ իրենց արհեստին։ Իսկ համայնավարները՝ յեղափոխականնե՜ր…։
       Մեղք չունի՞նք մենք, իբրեւ Հայ, եւ առանձնապէս իբրեւ Դաշնակցական։
       Ինչպէ՞ս չէ։ Եւ չարաչար կը վրիպին մեր այն ընկերները, որ դէպքերը պարզած եւ պատասխանատուութիւնները բացատրած ատեն, կ’ուզեն ապացուցանել թէ մենք բոլորովին անմեղ ենք։
       Իբրեւ յեղափոխականներ, պէտք է ամէն բանէ առաջ արդարամիտ ըլլանք, ոչ թէ չարախինդ հակառակորդներու հաճոյք պատճառելու, այլ ճշմարտութիւնը երեւան հանելու համար։
       Բայց մեր բոլոր մեղքերն ու պատասխանատուութիւնները դնելով նժարին մէկ աչքը, հազիւ թէ փետուրի մը ծանրութիւնը կ’ունենանք, ուրիշներու եւ մասնաւորապէս կարմիր առաքեալներու սարքած, խրախուսած եւ գլուխ հանած քստմնելի դաւադրութեան դիմաց։
       Եւ յետոյ, վերջին տասը տարուան փորձառութիւնը կ’ապացուցանէ որ, եթէ հայ ժողովուրդին բոլոր իմաստունները, բոլոր դիւանագիտական եւ ռազմական հանճարները Երեւան համախմբուած ըլլային, ելքը այս էր նորէն, աւելի կամ պակաս տարբերութեամբ, խորտակում անկախ պետութեան, եւ խորհրդայնացում։
       Այստեղ յիշենք անցողակի Վրաստանը, որ այսօրուան խելացիներուն բոլոր թելադրութիւնները կատարած էր։
       Մնաց որ, այսօրուան բոլոր «իմաստունները» ծափ կը զարնէին երէկ, երբ կառավարութիւնը յաջողեցաւ զսպել Մայիսեան խլրտումը (1920)։ Բոլոր հոսանքներն ու կուսակցութիւնները տեղեակ էին անցուդարձերուն եւ համաձայն՝ կառավարութեան քաղաքականութեան, երբ Մոսկուա վերջնագիր կ’ուղարկէր Լըկռանի բերնով, կամ երբ հայեւթուրք պատերազմը կը պայթէր։
       Ակամա՜յ քրքրեցինք այս կէտերը։
       Մեր ըսելիքը բոլորովին ուրիշ բան էր, անկախութեան առաջին տասնամեակին առթիւ։
       Կ’ուզէինք ամէն բանէ առաջ, շեշտել անկախութեան գաղափարին հիմնաւորումն ու ծաւալումը՝ վերջին տասը տարուան ընթացքին։
       Արդարեւ, կենդանի նշանախօսք մըն է այսօր անկախութիւնը։ Ամէնուն սրտին խորը եւ ամէնուն շրթունքին վրայ։
       1920ի ճակատագրական հարուածէն յետոյ, տարիներ անցան տժգոյն եւ միօրինակ։ Բայց Մայիս 28ը փոխանակ տեղի տալու կամ նսեմանալու, ամբողջ բազմութիւններ կ’ալեկոծէ ամէն տարի, եւ այս տարի շատ աւելի ուժգնութեամբ ու խանդավառութեամբ։
       Ո՞վ ներարկեց այս կախարդանքը։ Այս ամուր հաւատքը՝ պլլուած եռագոյն դրօշի մը, այն ալ օտար հորիզոնի տակ։
       Հարցումին պատասխանը պէտք է տան բոլոր անոնք որ, ոչ միայն չեն հաւատար Մայիս 28ին, այլեւ կը համարձակին ծաղրել զայն ու կը ճգնին խափանել անոր յիշատակն անգամ։
       Թշուա՜ռ, թշուա՜ռ մարդիկ, որ խանութպանի կանգուն մը եւ ողորմելի պարսատիկներ միայն ունիք, ամբողջ ժողովուրդի մը առողջ եւ աննկուն բնազդին առջեւ…
       Մայիս 28ի առաջին տասնամեակը՝ միտքերը պատրաստեց։ Երկրորդը ապահովաբար կը պատրաստէ ե՛ւ հողը։
      
       27 Մայիս 1928