Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅՈՒԼԻՍ 14Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
      
       Այսօրուան աչքով, մանաւանդ ռուսական յեղափոխութենէն ի վեր, մարդիկ երկրորդական նշանակութիւն կուտան Յուլիս 14ի դէպքին։
       Այս ալ, ինքնին, հակայեղափոխական տեսակէտ մըն է։
       Ո՛րեւէ իրողութիւն դատած ատեն, ամէն բանէ առաջ, պէտք է աչքի առջեւ բերել անոր ժամանակաշրջանը։ Ա՛յն պարագաները ուր տեղի ունեցաւ դէպքը, եւ այն ճիգը որ կատարուեցաւ։ Յետոյ, նա՛եւ, ժողովուրդներու ընկերային եւ քաղաքական զարգացման աստիճանը։
       Անարդարութիւն է, 140 տարի յետոյ, նսեմացնել Յուլիս 14ը, երբ գիտենք որ անոր հռչակած նշանախօսքերը տակաւին չեն իրագործուած նոյնիսկ ընկերային- քաղաքական նորագոյն դրութեան, խորհրդային վարչաձեւին տակ։
       Ի^նչպէս կարելի է ուրանալ որ, ֆրանսական յեղափոխութիւնը ամէնէն առաջ գաղափարներ ցանեց։ Աշխարհը վարակեց նոր միտքերով։ Ու մինչեւ այսօր ալ, ամբողջ սերունդներ եւ ժողովուրդներ կ’ոգեւորուին Յուլիս 14ի նշանախօսքերով։ «Այլեւս հպատակնեգր չկան, այլ կան քաղաքացիներ»։ Չկան տէրեր եւ ծառաներ, իշխանաւորներ եւ ստրուկներ։ Առանձնաշնորհեալներ եւ զրկուածներ։ Միահեծան արքաներ եւ նախիրներ։
       Այս միտքերը քարոզուեցան, արծարծուեցան։ Քաջ մարդիկ, յեղափոխականներ հրապարակ իջան, զանոնք իրականացնելու համար։ Զարկին եւ զարնուեցան։ Եղբայր եղբօր կուրծքին դաշոյն մխեց։ Արքաներ եւ թագուհիներ դէպի կառափնատ առաջնորդուեցան, իրենց հաւատարիմներուն հետ, իբրեւ հասարակ ոճրագործներ։ Արիւնը հոսեցաւ գետերու պէս։ Տիրող կարգուսարքը սարսեցաւ ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ աշխարհի ուրիշ մասերուն մէջ։ Պասթիյլը դարձաւ կենդանի խորհրդանշան մը։
       Ի՞նչ փոյթ, եթէ կարելի չեղաւ ամբողջովին շահիլ դատը, եւ դրախտի մը վերածել աշխարհը։
       Յաջողա՞ծ է քրիստոնէութիւնը, որուն անունով ահռելի եւ արիւնռուշտ պայքար մը կը մղուի երկու հազար տարիէ ի վեր, որուն իշխանաւորները օրը տասն անգամ կը խաչեն մէկ անգամ խաչուած փիլիսոփան…
       Յաջողա՞ծ է կարմիր յեղափոխութիւնը, որուն առաջնորդները իրենց օգոստափառ կամայականութեան եւ շքեղութեան աշտարակներէն կը խնդան հաւատացեալներուն վրայ։
       Ինչո՞ւ կը զարմանանք որ, Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը փորձեց ջնջել առանձնաշնորհեալներուն, ազնուականութեան եւ կղերին վայելած ըմբոստացուցիչ արտօնութիւնները, ուզեց հաստատել ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն. բայց այսօր, քաղքենի դրամատիրական կարգուսարքի մը տակ, նոյնքան եւ թերեւս աւելի ահաւոր բռնութիւններ եւ անիրաւութիւններ կը գործուին, փոքրամասնութիւն մը կը կեղեքէ մեծամասնութիւնը, Ոսկի Հորթեր կը տիրապետեն եւ կը հրամայեն տիրաբար, ստուերի մէջ ձգելով նախկին եւ ներկայ միապետները։
       Եթէ ամէն ցանուած հունտ պտուղ տար, եթէ իւրաքանչիւր գաղափար անմիջապէս եւ ամբողջապէս գործի վերածուէր, աշխարհը իսկապէս դրախտ կը դառնար։ Կամ թերեւս իսկական դժոխք, քանի որ ամէն շարժում կանգ պիտի առնէր «հրաշիւք իմն»…
       Ո՛չ, հակառակ բոլոր յուսախաբութիւններուն եւ վրիպումներուն, հարկ է երկիւղածութեամբ խոնարհիլ Յուլիս 14ի յեղափոխութեան առջեւ, որ ճեղքրտեց, սարսեց բռնութեան եւ կամայականութեան միջնաբերդը, որ ճամբայ բացաւ լաւագոյն օրերու համար, եւ, իրականին մէջ, կատարեց շատ խոր փոփոխութիւններ, քաղաքական, ընկերային, պետական եւ վարչական գետնի վրայ։
       Չնախապաշարուինք բառերով։ «Քաղքենի-դրամատիրական» բացատրութիւնը չի կրնար մթագնել յիշատակը բոլոր անոնց, որ, մէկուկէս դար առաջ, հռչակեցին եւ արիւնով նուիրագործեցին բոլոր քաղաքացիներու ազատութիւնն ու հաւասարութիւնը, երբ ազատ էին միայն ազնուականն ու կղերը, իսկ հաւասարութիւնը՝ անմատչելի ցնորք մը։
       Այդ օրերուն ցանուած գաղափարներն էին որ, արշաւելով սերունդէ սերունդ եւ երկիրէ երկիր, յանգեցան աւելի բուռն, աւելի արմատական եւ համատարած շարժումներու եւ յեղափոխութեանց։
       Եւ այդ օրերէն կը սկսի Արեւելքի այս խոնարհ ժողովուրդին ալ վերածնունդը, որ այնքան սերտօրէն կապուած է ֆրանսական մշակոյթին հետ։
       Գիտենք, այսօրուան Ֆրանսան այն չէ ինչ որ երազեր կամ ներկայացուցեր էին մեր անդրանիկները, սկսած 60ական թուականներէն։ Ամբողջ աշխարհը այն չէ ինչ որ մենք ուզեր ենք տեսնել, ոտքերը գետնէն կտրած եւ նայուածքը դէպի բարձունքները։
       Մենք ունինք շատ խոր դառնութիւններ, որ ամէն բանէ առաջ մեր անուղղայ միամտութեան հետեւանքներն են։
       Բայց, ուրի՜շ բան է օրուան քաղաքականութիւնը, եւ բոլորովին ուրիշ բան՝ Յուլիս 14ը, որ ամբողջ երկունք մը եւ հանգանակ մը կը ներկայացնէ։
      
       14 Յուլիս 1928