Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԵԹԷ ԱՐԱՐԱՏԸ ԼԵԶՈՒ ՈՒՆԵՆԱՐ…
      
       Հարկ է անգամ մըն ալ քրքրել խորհրդային հրապարակագիր կամ գրագէտ Կոլցովի գոհա՜ր խորհրդածութիւնները՝ Արարատի մասին։
       - «Սակայն ի՞նչ օգուտ Արարատի տիրացումին։ Հողամա՞ս։ Այդ լպրծուն ծերպերը անբնակելի են եւ վտանգաւոր։ Գեղեցիկ տեսարա՞ն։ Մենք այժմ ալ ատկէ կ’օգտուինք եւ մեր սահմանակից բարեկամ պետութիւնը ատոր համար չի բողոքեր եւ չի փորձեր ցանկապատով ծածկել լեռը։ Զինանշանի մէ՞ջ դնել։ Արդէն կայ»։ Պրաւդա, Հոկտ. 31-Նոյ.
       Կսկծալի է դիտել որ, ռուս համայնավարը, հայ կարմրուկէ մը աւելի խորութեամբ կ’ըմբռնէ հայ ժողովուրդին դարաւոր ողբերգութիւնը. «Երկուքուկէս հազար տարիէ աւելի, որ կը ծնի, կը շինուի, կը կործանի եւ նորէն կը վերածնի հայ ժողովուրդին մշակոյթը»։ Բայց չի հասկնար, չուզեր ըմբռնել Արարատին իմաստը, այդ «ծնելու, շինելու, կործանելու եւ նորէն վերածնելու» հերոսական, անընդհատ եւ անվախճան հոլովոյթին առջեւ։
       Երեւի չոր ու ցամաք բանաձեւերը, սնամէջ կաղապարներն ու թխածոյ բանգիտութիւնը թոյլ չեն տար, որ քաղաքացի Կոլցովը կարենայ դատել, թէ աշխարհագրութիւնն ալ իր դերը ունի ժողովուրդներու ճակատագրին մէջ։ Թէ լեռներն ու գետերը, դաշտերն ու ծովերը իրենց անմիջական, առօրեայ օգտակարութենէն վեր, կը ներկայացնեն բախտորոշ արժէք, անփոխարինելի բովանդակութիւն, թէ՛ բառական իմաստով եւ թէ՛ փոխաբերաբար։
       Եթէ Արարատը լեզու ունենար, պիտի պոռար բոլոր տեսակի Կոլցովներու երեսին, թէ նոյնիսկ իբրեւ ամեհի ժայռ, իբրեւ դաժան քարակոյտ, ինք մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդի գոյութեան. կանգուն կը մնայ անոր հետ եւ կ’ապրի անոր համար։
       Ան պիտի բացատրէր մահկանացու Կոլցովներուն, կարմիր ըլլան թէ ճերմակ, թէ ե՛ւ խորհուրդ է ե՛ւ հողամաս, քանի որ իր յաղթ եւ յաւիտենական մարմնով, իր կեցուածքովն իսկ փարոսի դեր կը կատարէ այս ժողովուրդին համար, կը գօտեպնդէ եւ կ’առաջնորդէ, կ’ոգեւորէ ու կը կարծրացնէ զայն։ Ու մանաւանդ, կը սահմանէ անոր հայրենիքին, տարածութեան շրջագիծը։
       Արդարեւ, այս ժողովուրդին հայրենիքը ոչ թէ կը յանգի մինչեւ Արարատ- ինչպէս այժմ- այլ, իբրեւ խարիսխ ունենալովերկու Մասիսները, կը ծաւալի եւ կը հասնի մինչեւ հոն, ուր կ’երկարաձգուի իր ամեհի եւ անմատչելի կերպարանքը։
       Ի՞նչպէս կարելի է, փերեզակի հոգեբանութեամբ, պարզապէս անբնակելի ըլլալը առարկելով, ծաղրել Արարատը իբրեւ հողամաս, երբ նոյնքան «անպէտ» են Կազբէկն ու Էլբրուսը, Խրիմի քարաժայռերն ու Սիպերիոյ սառնարանները։ Քարաժայռ մը չէ՞ Ճիպրալթարը։ Բնակելի՞ է Նեվան, «ընկե՛ր» Կոլցով։ Տարին քանի՞ ամիս կրնաք օգտագործել Կրոնշդատի կամ Վլատիվոստոքի նաւահանգիստները։
       Թերեւս բանաստեղծութիւն փորձած է Մոսկուայի պաշտօնաթերթին աշխատակիցը, համաձայն «պրոլետ-գրող»ներու վարդապետութեան։
       Բայց ո՛չ։ ան շիտկէ- շիտակ «տարրալուծեր» է Արարատը՝ իբրեւ նիւթական-տնտեսական արժէք, եւ հետեւաբար, աւելի շատ քաղաքականութիւն կ’ընէ, քան թէ բանաստեղծութիւն։
       Ան կ’ուզէ մխիթարել խորհրդային իշխանութեան հաւատացող միամիտները, - թէ լեռնակոյտ մը կորսնցուցեր էք, բայց զրկանք չէ այդ, քանի որ Արարատը բնակելի չէ, իսկ իբրեւ տեսարան՝ արդէն կրնաք նայիլ Երեւանէն, ու վերջապէս ձեր զինանշանին վրայ ալ արձանագրուած է։
       Ուրիշ խօսքով, կ’ուզէ ապացուցանել թէ Հայաստանը այն է ինչ որ ունինք այսօր, եւ հարկ է մոռնալ «անօգուտ» Արարատը, մոռնալու համար Վասպուրականը եւ ուրիշ ինչ որ կը պահանջենք սահմանէն անդին, իբրեւ հայրենի սեփականութիւն, իբրեւ հայրենիք։
       Աբողջ ժողովուրդ մը բռնի, ֆիզիքապէս այս վիճակին ենթարկելէ յետոյ, կ’ուզէ մտքով եւ սրտով ալ վարժեցնել, վարկաբեկելու, չորցնելու համար ներշնչման ո՛րեւէ աղբիւր։
       Կը թուի թէ քաղաքացի Կոլցով իր գրածին ալ չի հաւատար։ Քանի որ սրտառուչ համակրանքով մը կը պարզէ հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը, անոր ծնելու եւ վերածնելու դարաւոր երկունքը. բայց, միւս կողմէ, կը փորձէ ցանկապատ մը քաշել անոր տենչերուն առջեւ, Արարատն անգամ աւելորդ պերճանք հռչակելով։
       Այստեղ արդէն համայնավար պոլիտիկոսն է որ կը խօսի, այնքան խարդախ եւ անբարոյական։
       Եւ իսկապէս, Կոմինտէրնի գործակալ մը կամ գործիք մը միայն կրնար այնքան տափակ եւ անպատկառ եղանակով ծաղրի ենթարկել ու վարկաբեկել աշխարհագրական տեսարան մը, որ խարիսխն ու հանգոյցն է հայ ժողովուրդի պատմութեան, փիլիսոփայութեան եւ դարաւոր պայքարին։
       Արարատը, «ընկեր» Կոլցո՛վ, յենարան մըն է որուն կարօտը քաշեր է նո՛յնիսկ վիթխարի Ռուսաստանը, այնքան դաժան և անյագ։
       Ինչո՞ւ շատ կը տեսնէք զայն, պզտիկ ժողովուրդի մը համար։
      
       25 Դեկտեմբեր 1928