Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԿՌՈ՛ՒՆԿ… ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԷՆ…
      
       Անիշխանական «ելոյթ» մը՝ այսօրուան Յառաջը։ Իսկ եւ իսկ մաքսանենգութիւն։
       Մեր տաքուկ տղաներէն երկու-երեքը, օգտուելով խմբագրին բացակայութենէն, եւ առանց բառ մը շշնջալու խմբագրատան մէջ, կը քաշուին յարակից սրճարան մը։ Կը փսփսան ու կ’որոշեն։
       Իւրաքանչիւրը կը ստանձնէ իր պարտականութիւնը։ երկու հեռախօս, քանի մը երկտող, բերանացի պատուէր մը՝ առաջին հանդիպողին։
       Ու մէկ օր վերջը, երբ խմբագիրը կը պատրաստուէր նիւթեր յանձնելու ուրբաթ օրուան թիւին համար, արդէն կը գտնէ երկու էջ ձօն՝ ի պատիւ Յառաջ ի հազարեակին, կէս առ կէս շարուած։
       Լա՞ւ է եղած թէ գէշ, - ընթերցողը պիտի դատէ։ Յառաջը ճամբայ ելաւ առանց շռնդալից կոչերու, եւ նախընտրելի էր որ այս հազարերորդ թիւն ալ անցնէր անաղմուկ, պարզ յիշատակութեամբ։
       Բայց, երիտասարդներ են։ Կ’եփին ու կ’որոճան։
       Եւ լա՜ւ է որ այդպէս է։ Ո՞րը կը նախընտրէինք, - բարեմիտ անհամբերութիւննե՞ր, վճիտ խանդավառութիւննե՞ր, թէ միապաղաղ սօսաւիւնը աշնան տերեւներու, մանաւանդ գարնան արեւի տակ…
       Եւ ահա գրական խնջոյք մը, ուր իւրաքանչիւրը իր երգը կ’երգէ, թեւերը բաց եւ ձայնը համարձակ։ Առանց քաշուելու հարեւանէն։ Միեւնոյն ներդաշնակութեան զանազան եղանակները։ Երգիծանքն ալ առանձին։
       Բոլորովին պատահաբար սարքուած է «սեղանը», եւ ի հարկէ վրիպումներ եւ մոռացումներ կան։ Աթոռներ կան որ պարապ են։ Ուրիշներ գիտենք որ ոտքի վրայ պիտի ճչային, իրենց ուրախութենէն։
       Անուն կամ համրանք չունին անոնք որ քրտինք թափեցին Յառաջին վրայ, անոր ծնած օրէն։ Ամէն հանդիպող իրեն պարտք սեպած էր «քալելու» վարժեցնել մանուկը։ Եւ եթէ կը յիշուին գրողները, պիտի չմոռցուին անոնք որ կուգային ծալելու, կապելու, ղրկելու եւ տարածելու, բոլորովին ինքնաբերաբար։ Եւ ամիսներ ու ամիսներ։ Ու մինչեւ այսօր։
      
       *
       Մեծ բան չէ, ընկերներ ու քաղաքացիներ, թերթի մը հազարթուեակը։ Տասը Յառաջ եւտասը հազար թիւ՝ բան մը պիտի չարժեն, կամ պիտի արժեն իբրեւ պարզ լրագրական ձեռնարկ, որ չի խանդավառեր ո՛չ մեզ, ոչ ալ Յառաջ ի շուրջը համախմբուած բազմութիւնը։
       Ի՞նչ էգաղտնիքը այն խանդավառութեան, որ շունչ եւ ուժ կու տայ Յառաջին, այն ալ՝ միջազգային քաղաքակրթութեան եւ «եօթներորդ մեծ պետութեան» բոցավառ հնոցին մէջ։ Լոյս-Քաղաքի լուսացնցուղ պողոտաներուն վրայ։
       Ոգի՛ն։ Եւ գի՛ծը։ Երկուքն ալ աւանդը սերունդի մը որ սերմ ու արիւն թափեց։ Որ արհամարհեց պողոտաները, ճառագայթներ արձակելու համար դաշտերուն վրայ։ Որ զարհուրելի, շնչակտուր երկունքի բռնուեցաւ, երիտասարդացնելու համար այս ալեւոր եւ քրտնաթաթախ ժողովուրդը։ Որ երգեց, թնդաց, զարկաւ ու զարնուեցաւ, վերջապէս, ճամբայ բանալու համար դէպի Ազատութիւն եւ Հայրենիք։
       Յառաջը իրաւունք ունի, ուրեմն, ապրելու, որքան ատեն որ կը պահէ այս ոգին ու գիծը։
       Որքան ատեն որ կրնայ ձայնակցիլ բանաստեղծին.
       Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
       -Քեզի ընծայ, իմ հայրենիք.
       …Ու պայքար, պայքար, պայքա՜ր երգեցի,
       -Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ։
      
       Եւ այստեղ է, ընկերներ եւ քաղաքացիներ, ձեր ալ ներշնչման աղբիւրը։ Ամբողջ պատմութիւն մը, եւ մեր նշանախօսքը. - Ազատութիւն եւ Հայրենիք։ Եւ անոնց վերեւ ու անոնց շնորհիւ. - Աշխատանք։ Ահա մենք ալ, ձեզի հետ, օտար սալայատակներու վրայ է որ կը թափենք մեր քրտինքը։ Կը գրենք ու կ’երգենք պայքարներն ու պարտութիւնները այս հալածական եւ հերոսական ժողովուրդին, որ կը տքնի ու կը տքնի դարերէ ի վեր։ Երէկ՝ մաճը ձեռքին եւ եզներն առջեւը. այսօր ածուխ տալով երկնակարկառ ծխնելոյզներու, կամ հրաշէկ երկաթ ծեծելով։ Կամ կեանքի եւ մահուան կռիւը մղելով անդնդախոր հանքի մը ստորոտը։
       Եւ այսօր, պահ մը աչքէ անցընելով հազար օրուան տագնապ ու ճիգ, Յառաջ ը կ’ուզէ ունենալ գոնէ մէկ մխիթարութիւն, - որ կրցաւ հարազատօրէն հետեւիլ այս արմատախիլ բազմութիւններու զարկերակին եւ ձայնին։ Ըմբռնել եւ թարգմանել անոր տառապանքն ու կարօտները։ Արծարծել ու բիւրեղացնել այն առաքինութիւնները որ սերունդ սերունդի կը կապեն։
       Կռո՜ւնկ, Յառաջ ն ալ ծառայ է ձայնիդ…
      
       5 Յուլիս 1929