Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՊԱՏՆԷՇԻՆ ՎՐԱՅ
      
       Հանդիսաւոր տօները չեն որ պիտի բացատրեն Դաշնակցութեան իմաստն ու արժէքը։ Ոչ ալ ճառերն ու երգերը։
       Աւելի խոր, աւելի խօսուն եւ աւելի տոկուն քան բոլոր ճառերն ու երգերը, մենք ունինք պատմութիւնը մեր կեանքին։ Պատմութիւնը ամէն օրուան։ Եւ ամէն տեղի։
       Լսէ՛, ընկեր, այս կայանին մէջ, վրանի մը տակ էր որ դրինք հիմը մեր կազմակերպութեան, 1923ին։ Անձրեւ, ցեխ։ Վրանը՝ կարկտան, մենք՝ փախստական, մեր հագուստը՝ ցնցոտիի։ եւ ահա կը տեսնէք պատկերը, - Շրջ. Կոմիտէ, Պատ. Միութիւն, խումբ խումբ ընկերներ, նոյնիսկ ընկերուհիներ։
       Եօթը հոգի էինք մենք ալ, մեր կայանին մէջ։ Ժողով՝ փուռի մը անկիւնը։ Ժողովուրդը տակաւին չունէր գլուխը դնելիք տեղ մը։ Տարին չանցած, արդէն կը հաշուէինք 120 ընկեր։
       Եւ կայաններ կան ուր մենր ընկերները մինչեւ ութ քիլոմեթրճամբայ կը քալէին, ժողովի երթալու համար։
       Եւ ութ տարին մեծ փոփոխութիւնմը չէ բերած անոնց կեանքին մէջ։ Գիւղէ գիւղ պտոյտ՝մէկուկէսէն երկու ժամ հեռաւորութեամբ, ժողովի համար (Մակեդոնիա)։ Ժողով՝ փլփլած տան մը անկիւնը, ուր ո՛չ աթոռ կը գտնուի։ ո՛չ նստարան, ուր մոմն անգամ դուրսէն կը բերեն (Կրետէ)։ Եւ մոմի լոյսով ժողով։ Ժողով՝ հազիւ դարձած աշխատանքէն, գիշերուան ժամը 11ին, աշխատաւորի գոգնոցը վրան։
       Դաշնակցութիւն, Դաշնակցական գործ՝ այնպէս ինչպէս քառասուն տարի առաջ, սարի մը ստորոտը, մարագներու կամ գիւղերու կամ քարայրներու մէջ։ Դաշնակցութիւն՝ առանց սեթեւեթի։ Առանց փողկապի եւ ձեռնոցի։ Կուրծքը բաց, ձեռքերն ու երեսը մրոտ, մազերը խառն ի խուռն։ Եւ բարի, բարի՜ աչքերով։
      
       *
       Դաշնակցութեան գլխաւոր ուժն անոր մէջ է որ, գիտցաւ, կրցաւ միշտ մնալ պատնէշին վրայ, հակառակ բոլոր փոթորիկներուն, որոնք ամէնէն առաջ կ’իջնէին իր գլխուն։ Մանաւանդ իր յեղափոխական աշխատաւոր շարքերու գլխուն։
       Դաշնակցութիւնը շատոնց թաղուած կ’ըլլար, առանց այդ բարի եւ արի բազմութեանց, որ գունդագունդ լեցուցեր են եւ կը լեցնեն, տակաւին իր շարքերը, ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղի մէջ։
       Փոթորիկներու պահուն ալ, ինչպէս վրիպումի վայրկեաններուն, այդնոյն բազմութիւնն է րո կը մնայ պատնէշին վրայ։ Կամ կը պահէ մեզ կանգուն՝պատնէշին վրայ։
       Առաջին իսկ օրէն հայ գիւղացին իր ճակատագիրը կապեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ։
       Հայ մշակը իր ամէնէն սրբազան երդումը կատարեց Դաշնակցութեան զինանշանին վրայ։
       Եւ փոխադարձաբար, Դաշնակցութիւնը ամէնէն աւելի ներշնչուեսցաւ ու գործեց գիւղին մէջ։ Եւ գիւղին համար։
       Գիւղէն, սարէն էր որ մեր կուսակցութիւնը արշաւեց դէպի քաղաքները, իր խիզախ եւ խրոխտ կերպարանքը պտտցուց պողոտաներուն վրայ։
      
       *
      
       Այս երկրին բարբարոս դէմքերէն մէկը յայտարարած է, ճակատագրական պահու մը.
       - Պիտի կռուիմ Փարիզի առջեւ. պիտի կռուիմ Փարիզի մէջ. պիտի կռուիմ Փարիզի ետին։
       Քառասուն տարի յետոյ ալ, Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ, նոյնքան անողոք վճռականութեամբ.
       Պիտի կռուիմ թշնամիներուն առջեւ. պիտի կռուիմ թշնամիներուն մէջ. պիտի կռուիմ թշնամիներուն ետին։
       Ինչ որ կը նշանակէ, - պիտի կռուիմ բոլոր ճակատներուն վրայ, յանուն այս ժողովուրդի փրկութեան։ Յանուն հայրենիքի ազատութեան։
       Թո՛ղ չմեղադրեն մեզ արիւնախանձ ախորժակներով։ Եւ ոչ ալ յետամնաց, ժամանակավրէպ ունակութիւններով։ Գիտենք թէ ո՛ւր ենք։
       Մե՛նք ալ տեղեակ ենք «աշխրքի բաներուն»։ Այո, պարոններ, այս աշխարհը բոլորովին ո՜ւրիշ բան է։
       Եւ սակայն, այս գիտակցութիւնն իսկ մեր վրայ կը դնէ պարտք աւելի ամուր կենալ պատնէշին վրայ։ Աւելի արթուն եւ աւելի աշխոյժ։
       Ի՞նչ կը քարոզէին, կամ կը փորձէին կատարել մեր անդրանիկները քառասուն տարի առաջ։
       Հաւաքել յեղափոխութեան, ազատագրութեա ցիրուցան, պատահական, յաճախ հակամարտ կայծերը եւ վերածել մէկ խուրձի, ուղղելով մէկ նպատակի. - Ազատութիւն եւ Հայրենիք։ Մէկ դրօշի տակ համախմբել բոլոր հալածական, աշխատաւոր եւ ռազմունակ տարրերը։ Չարին հանդէպ դառնալով երկու անգամ աւելի չար, զարնել՝ զարնողին։ Ներշնչել ինքնավստահութիւն եւ ապրելու կամք։ Մաքրել խանութպանի եւ փերեզակի արատը, պատրաստելու համար քաղաքացին։ Քակել, քանդել բոլոր տեսակի շղթաները։ «Բանաւոր հօտը» դարձնել ժողովուրդ, հատուածները՝ մէկ ամբողջութիւն։ Ժողովուրդին հարիւրին 80ը ըլլալով մշակ- բուն բանուորը յետոյ ունեցանք- ձեւակերպել եւ պաշտպանել անոր իրաւունքները։ Կազմակերպել, կարգ կանոնի վարժեցնել արի, չարքաշ այլ «պաշըպօղուք» բազմութիւնները։
       Այս բոլորը եւ դեռ ուրիշ առաջադրութիւններ՝անշուշտ հայրենիքի համար։ Հայրենիք եւ ազատութիւն ստանալու, կազմակերպելու համար։
       Ո՞վ կրնար պնդել, թէ ամբողջովինիրականացած են այս բոլորը։ Թէ մենք «անելիք չունինք այլեւս»։
       Եւ ո՞վ կրնար, առանց վտանգելու իր պարկեշտութիւնը, յայտարարել թէ կա՛ն ուրիշ ուժեր որոնք ընդունակ են եւ պատրաստ՝ տիրաբար գլուխ հանելու այդ աւանդը։ Նոյնիսկ անոր մէկ մասը։
       Սնապարծութեան տօն մը չէ Դաշնակցութեան Քառասնամեակը։ Ոչ ալ աժան պատեհութիւն՝ փող հնչեցնելու եւ թմբուկ զարնելու։ Դաշնակցութեան օր մը այս ալ, քառասնամեակով ճոխացած։
       Քառասուն տարուան զինուորութիւնը չէ փրկած մեզ՝ մեր յանձնառութիւններէն։
       Աւա՜նդ մը կայ սերունդէ սերունդ փոխանցուած, եւ մենք պատնէշին վրայ կը մնանք ոչ միայն մեր հիմնական ծրագրով եւ առաջադրութիւններով, մեր կենդանի խօսքով ու գործով, մեր արու կերպարանքով եւ պայծառ աչքերով, այլեւ իբրեւ հատուցում ուրիշներու անյատակ տգիտութեան եւ քստմնելի ապիկարութեան։
      
       *
      
       …Քառասնամեա՜կ։ Երկունք մը՝ զարհուրելի եւ աննման։ Առիւծի մռունչ՝ անդնդախոր վերիվայրումներով։
       Ողջո՜յն այն թանկագին փաղանգին որ անխնայ սպաս դրաւ իր միտքն ու սիրտը, շնչասպառ իյնալով ազատութեան ճամբուն վրայ։
       Եւ համբոյր այն անհամար եւ անանուն քաջերուն որ Դաշնակցութեան դրօշին տակ, կամ Դաշնակցութենէն առաջ, կամ անոր հետ զուգընթաց, կամ ուրիշ դրօշի տակ, կռուեցան մինչեւ շունչը, ազատութեան եւ հայրենիքի կարօտով։
      
       21 Դեկտեմբեր 1930