Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԹԱՓՈՒՐ ԲԵՄԸ
      
       Հայ ծնելըս՝ ինձ համար
       Կը համարիմ պարծանք ու բախտ։
       Պ. ԱԴԱՄԵԱՆ
      
       Վարպետներ շատէ ունեցած հայկական թատրոնը. բայց քիչեր կրցած են հասնիլ Ադամեանի բարձրութեան ու խորութեան։
       Արուեստագէտը, որ մեռաւ քառասուն տարի առաջ (1891 Յունիս 2), մինչեւ այսօր ալ կը պահէ իր տիրական գիծը եւ կ’ոգեւորէ իրական տաղանդները։ Եւ այն հմայքը զոր փռեց օտար պողոտաներու վրայ, մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ, ամէնէն թանկագին վկայութիւնն է իր հուժկու եւ բազմակողմանի արուեստին։
       Աժան հիացման պոռթկումներ չեն որ գրի առին, ութսունական թուականներուն, ռուսական եւ իտալական թերթերը, առաջնակարգ արուեստագէտներու ստորագրութեամբ։ Այն օրերուն, պատճառ ալ չունէին բարեհաճութեամբ նայելու խոնարհ, գրեթէ անծանօթ ժողովուրդի մը այդ զաւկին։ Ընդհակառակն։
       Եւ սակայն, անոնք չսակարկեցին իրենց խոր գնահատումը։ Եւ իտալացի արուեստագէտ մըն էր որ, տեսնելէ յետոյ Ադամեանի մէկ խաղը, ինքզինքը այլևս անարժան համարեցաւ երևալու բեմին վրայ, միեւնոյն դերով։
       Հայերէնն անգամ, օտարին համար այնքան խորթ համարուած այդ լեզուն, բան չպակսեցուց անոնց սքանչացումէն։ Ռուսերէն թերթ մըն է որ գրեց (1880).
       «Ադամեան թէեւ կը խաղայ մեզի բոլորովին անծանօթ լեզուով, բայց եւ այնպէս գեղեցկագիտական անսահման հաճոյք կը պատճառէ»։
       Եւ ուրիշ մը ձայնակցեցաւ (1884).
       «Ի՞նչ պէտք գիտնալու հայերէն լեզուն, երբ խաղացողը Ադամեանն է։ Եթէ աշխարհի վրայ կայ մարդ մը որուն միտքը կարելի է կարդալ իր երեսին ու մարմնին շարժումներուն մէջ, ատիկա միայն Ադամեանը կրնայ ըլլալ անշուշտ։ Կարծեմ թէ չկայ բառ մը, գիծ մը, եւ ոչ իսկ նշանախեց մը, որուն իմաստը ըմբռնած չըլլայ ան։ Ի՜նչ նրբութիւն, ի՜նչ զեղում, եւ որքա՜ն հարազատ»։
      
       *
       Ադամեանները կատարեցին իրենց դերը ու գացին։ Եկան ուրիշներ, աւելի կամ պակաս տիրական մեծութիւններ, անձնուիրութեամբ մշակելով բեմական արուեստը։ Կարելի թռիչքն ու զարգացումը տալով անոր։
       Ու մինչեւ այսօր ալ, ունինք թատրոն եւ թատերական արուեստ, արդար պարծանքի բոլոր ստորոգելիներով։
       Ունինք թատրոն Հայաստանի մէջ, թէեւ թեւատ եւ լուծի տակ, ինչպէս կեանքի ամէն արտայայտութիւն այդ աշխարհին մէջ։
       Ունինք բեմական գործունէութիւն գաղութներու մէջ։ Չափազանց դժնդակ պայմաններու տակ, բայց միշտ եռուն։
       Յետին գաղթակայանն իսկ վառ կը պահէ կրակը, ափյափոյ այլ սրտառուչ նախանձախնդրութեամբ մը։ Մեր դիմադրական կարողութիւնը թատրոն խաղալ կուտայ նոյնիսկ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի լպրծուն պողոտաներուն վրայ, ուր այնքան դիւրին է հրապուրուիլ ու նահանջել, վհատիլ ու խզուիլ։
       Բայց, խոստովանինք որ ծուլութիւնն ու ծերութիւնը կը սպառնան փորել հայկական թատրոնին հիմերը՝ արտասահմանի մէջ։
       Շատ ետ ենք մնացեր, եւ եղածն է որ կը մաշեցնենք սերունդէ սերունդ, թատերախումբէ թատերախումբ։
       Թափուր է հայկական բեմը՝ բովանդակութեան, շարժումի տեսակէտով։ Բորբոս կը հոտին մեր խաղացանկերը։ Դասական մեծութիւններու քով, որոնց հայերէն ներկայացումը չափազանց դժուար է եւրոպական ոստաններու մէջ, տակաւին ի պատուի են գոյնզգոյն թափթփուքներ եւ կապկութիւններ։
       Որքան ալ ծանր ըլլան պայմանները, կը կարծենք թէ անկարելի չէ ճիգ մը փորձել, ժամանակավրէպ եւ անճաշակ խաղերը թանգարան նետելու եւ նորեր մէջտեղ հանելու համար։
       Նիւթեր չէ որ կը պակսին մեր հին եւ նոր կեանքէն, մեր ժամանակակից բարքերէն։ Իսկ եթէ ստեղծագործող հեղինակն է որ կը պակսի, ինչո՞ւ չփորձել հայացումներ՝ օտար խաղացանկերէ։ Ոչ թէ անպատճառ թարգմանութիւններ, այլ նմանագործութիւններ։
       Յետոյ, չափազանց խճողուած է բեմը։ Առտուն կանուխ արթնցողը կըկարծէ սրտին մէջ ունենալ «սրբազան հուրը»։ Ինչ որ տեղի կուտայ ոչ միայն անհամութիւններու եւ համատարած թշուառութեան, այլեւ կը խափանէ իրական տաղանդներու զարգացումը, եւ պատ կը քաշէ թատերական զօրաւոր միութեան մը կազմութեան առջեւ։
       Այս պարագան ճիշդ է մանաւանդ Փարիզի համար, ուր ունինք դերասաններ, բայց ոչ տեւական թատերախումբ։
       Գոնէ Ադամեանի յիշատակը պիտի կրնա՞ր արթնցնել քիչ մը նախանձախնդրութիւն, դարմանելու համար տիրող ամայութիւն ու հեղգութիւնը։
       Ադամեանները գործ կը սպասեն մեզմէ, ինչպէս բոլոր ուխտաւորները ազատութեան եւ արուեստի։
      
       18 Հոկտեմբեր 1931