Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
JEAN JAURES
      
       Ճիշդ այն պահուն երբ յաղթականները նորէն ժողովի նստած են Փարիզի մէջ, նոր պատերազմի մը հաշուեյարդարը կատարելու համար, կը լրանայ Ժօռէսի սպանութեան տարեդարձը (1914 Յուլիս 31)։
       Աննման դէմք մը, եթէ այս բառը կը պահէ իր ուժը։ (Ո՜րքան լեցունկեկ բառեր մաշեցան, գործածուելով տեղի-անտեղի, -չքնաղ, փառաւոր, հոյակապ, եւայլն)։
       Արդարեւ, աննման էր ընկերվարութեան այս առաքեալը, ե՛ւ իր անսպառ տաղանդով ե՛ւ մղած խիզախ պայքարներով։
       Տեսաբան էր, բայց նաեւ՝ տրիբուն։
       Ականատեսներ կը պատմեն թէ երբ կրակոտ ճառ մը կը խօսէր քաղաքական կամ գաղափարական պայքարի մը առթիւ, յաճախ աջ ձեռքին թեւնոցը կը թռէր, տենդին ուժգնութենէն։
       Այս չի նշանակեր թէ ամբոխավար մըն էր։ Բառն իսկ նախատինք մը պիտի ըլլար իր պայծառ անունին համար։ Հռետոր, բայց նաեւ գիտուն։ Գիտէր շարժման մէջ դնել հազարաւոր բազմութիւններ, հրահրել անոնց ոգին, բայց նաեւ սնուցանել։
       Շատ քիչեր կրցած են իրեն պէս «մանրել» ընկերվարութեան բարդ գիտելիքները։ Գրած թէ խօսած ատեն, պայծառ էին իր միտքերը։ Մատչելի՝ ամէնէն համբակին, ինչպէս իր յաջորդներուն համար, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը պարծենան իբրեւ իր աշակերտները։
       Խօսքեր, բացատրութիւններ ունի որոնք առածի կարգ անցած են, եւ իբրեւ նշանաբան կը գործածուին։ Միտքեր՝ որոնք մինչեւ այսօր ալ իբրեւ ուղեցոյց կը ծառայեն։ Պատգամներ որոնց առջեւ համայնավարներն անգամ կը խոնարհէին։ Իւմանիթէ ն մինչեւ այսօր ալ Ժօռէսով կ’երդնու, անոր անունը պահելով թերթին ճակատը։
       Ինչպէս ուրիշ ականաւոր դէմքեր, Ժօռէսն ալ դարձած էր նշանակէտ անճոռնի զրպարտութեանց, գրգռիչ սուտերու եւ խեղաթիւրումներու։ Խուժանավարութեան դրօշը պարզած էր Շարլ Մոռասի թերթը, որ Ժօռէսը կ’ամբաստանէր իբրեւ գործակալ Գերմանիոյ։ - «Ամէն մարդ գիտէ որ Ժօռէս կը նշանակէ Գերմանիա»։
       Թշնամիները յաջողեցան թանձրացնել, թունաւորել մթնոլորտը, եւ ի վերջոյ Ժօռէսի գլուխն ուտել խելագարի մը ձեռքով։
       Ինչո՞ւ այդքան ատելութիւն, ընկերավարական առաջնորդին դէմ։
       Պարզապէս անոր համար որ Ժօռէս կը ճգնէր ամէն գնով պահպանել խաղաղութիւնը։ Անխնայ մերկացումներ կը կատարէր։ Կը պարզէր միջազգային աշխարհակալութեան դաւերն ու կեղծիքները։ Եւ այս ամէնը՝ առանց վնասելու իր հայրենիքին կենսական շահերուն։
       Եւ երբ աշխարհ բռնկեցաւ 1914 Օգոստոսին, արեան գետեր հոսեցնելու համար լման չորս տարի, այն ատեն էր որ մարդիկ հասկցան թէ ո՛րքան իրաւունք ունէր։ Բայց ուշ էր այլեւս։
       Իր սրատեսութեան եւ արդարադատութեան ապաւինած էին բոլոր դժբախտ եւ հալածական ժողովուրդները։ Եւ Ժօռէս չխնայեց իր խօսքին ու գրչին ուժը, իր տիեզերական հմայքը, սփոփելու համար անոնց տառապանքը։
       Իր սիրտը նոյն եղբայրական ջերմութիւնը պահեց միշտ հայ ժողովուրդին համար։ Կը խօսէր, կը գրէր, բողոքի բանաձեւեր կը ստորագրէր, եւ իր թանկագին հովանին կը տարածէր Փրօ-Արմէնիա յի վրայ։ Չկար հայանպաստ ձեռնարկ մը որմէ բացակայ մնար։
       Այդ օրերուն, 1904էն մինչեւ 1914, եթէ Փարիզը տեսակ մը հայկական վառարան դարձած էր, մեծ մասով կը պարտինք Ժօռէսի եւ ընկերներուն։ Իր սպանութենէն վերջն ալ, իր ոգին էր որ շարժման մէջ կը դնէր յաջորդները։
       Ո՜ւր էր որ միշտ յիշէին իր պատմական նշանախօսքը.
       - «Ո՞րն է քաջութիւնը, - Ճշմարտութիւնը փնտռել եւ ըսել»։
       Այդ քաջութեան, - ճշմարտութեան, արդարութեան եւ ազատութեան դատին համար էր որ զոհուեցաւ Ժօռէս։
       Որքա՜ն կարօտ ենք այսօր Ժօռէսներու հզօր ձայնին, պուտ մը արդարութիւն շահելու համար…
      
       31 Յուլիս 1946