Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ
      
       Առաջին անծանօթն իսկ դիտելով իր աչքերը, պիտի կարդար ամբողջ պատմութիւն մը, հետեւողութեամբ Յ. Թումանեանի.
      
       Հայոց վիշտը անհուն մի ծով,
       Խաւար մի ծով ահագին,
       Էն սեւ ծովում տառապելով,
       Լող է տալիս իմ հոգին։
      
       Աննման Համօն եւս լողաց արիաբար։ Անընդհատ։ Ինչպէս իր սերունդը սրատես եւ քաջալանջ։ Լողաց ամբողջ էութեամբ, գետին մէկ ափէն միւսը անցընելու համար։
       Ոչ մէկ տատանում, երբ ոտքերը ժայռի մը կը զարնուէին կամ փոսի մը կը հանդիպէին։ Ոչ իսկ վհատում, երբ ալիքները կը սպառնային քշել տանիլ ամէն բան։
       Եւ այսպէս յիսուն տարի։ Աւելի քան կէս դար։ Նոյն հաւատարմութեամբ եւ վճռականութեամբ, երբ այնքան դիւրին էր խարիսխ նետել ցամաքի մը վրայ եւ կծկուիլ, երանաւէտ անդորրութեամբ։
       Սնամէջ միամտութիւն մը չէր որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր իրեն։
       Ոչ տիտղոսաւոր տեսաբան էր, ոչ ալ ճարտասան, գիտական վերլուծումներ կատարելու կամ թռիչք տալու համար իր երեւակայութեան։
       Հայոց պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը, հայ ժողովուրդին դարաւոր վիշտն ու մարտնչումը, ահա բունգաղտնիքը իր պայծառատեսութեան ու հաւատքին։
       Իսկ իր աւետարանը, - այն ինչ որ ինքն ալ կը քարոզէր յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան։
       Բնաւորութեամբ այնքան մեղմ, բարեմոյն, իր երեւութական հանդարտութեան մէջ իսկ փոթորիկ մըն էր, յեղափոխութեան, ազատագրութեան ճամբուն վրայ։ Գործի մէջ։ Պարզ էր, երբ կ’երեւար բեմերու վրայ, պատահաբար։ Աւելի պարզ, երբ կը գրէր, հանդիսաւոր առիթներու մէջ։
       Եւ սակայն, ունկնդիրներն ու ընթերցողները շատ աւելի կ’ազդուէինայդ պարզութենէն, քան շատերու ճարտասանական կամ գրագիտական ելոյթներէն։
       Այդպէս է որ, 1912ին, բանտարկութեան եւ հարցաքննութեան տագնապին մէջ, բարոյապէս պարտութեան կը մատնէր իր դատաւորները, այնքան անսեթեւեթ այլ պերճիմաստ արտայայտութիւններով։
       Յեղափոխական գործունէութեան փոթորիկներուն մէջ, ողբացեալ Համօն յաճախ կը յիշեցնէր Զաւարեանը, անհաշտ մնալով նկարագրի խնդիրներու մէջ։
       Ջղագրգիռ չէր անոր պէս, բայց կ’արտայայտուէր նոյնքան վճռական։ «Ի՞նչ արժէ իր գրական կարողութիւնը, երբ ոչ մի բարոյական հասկացողութիւն չունի»։
       Կանուխէն նետուած էր յեղափոխական կրակին մէջ, անոր անխուսափելի ելեւէջներով։ Բայց նոյն խանդավառութեամբ նուիրուեցաւ նաեւ հայկական մշակոյթի զարգացման, երբ քաղաքական պայմանները փոխուեցան։
       Ինքնահաւան մարդիկթերեւս կը զարմանային որ այնքա՜ն կը գուրգուրար Պէյրութի Ճեմարանին վրայ, իբրեւ նախագահ Համազգային Ընկերութեան։
       Դեռ շատ չըներ որ, նամակներ կ’ուղղէր աջ ու ձախ, որպէսզի բարերար մը գտնեն, սեփական շէնքով մը օժտելու համար Ճեմարանը։
       Ո՜ղջ էր, երբ գտան բարերարը։ Բայց ո՞ւր է հիմա, երբ ձեռնարկուած է շէնքը շինելու…
       Շունչ մըն էր որ սպառեցաւ, տարիներու ճիգէն։ Տարիքին ծանրութեան տակ։
       Շունչ մը այն սերունդէն որուն «մնացորդացը» մատի վրայ կը համրուի այլեւս։ Մանաւանդ 1940էն ի վեր։
       Ի՞նչ կրնար ըլլալ Համօներու գերագոյնսփոփանքը, եթէ ոչ գիտնալ թէ ժառանգորդները արթուն կը հսկեն պատնէշին վրայ։ Նոյն գիտակցութեամբ եւ վճռականութեամբ։
       Այդ սփոփանքն ունեցաւ ի կենդանութեան, երբ կը պտըտէր գաղութէ գաղութ, դիտելով աշխոյժ երիտասարդութիւն մը՝ Հ. Յ. Դ. դրօշին տակ։ Նոյնիսկ այս համայնակուլ ափերուն վրայ։
       Ու միշտ ալ ունեցաւ այն հաւատքը՝ թէ գործը կէս պիտի չմնայ։
      
       10 Օգոստոս 1947