Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՀՈՎԻՒ ՔԱՋ»
      
       Մեր բարձրաստիճան կղերին մէջ, քանի՞ հոգի կրնաք համրել որ արդարացուցած ըլլան այս կոչումը։ Մանաւանդվերջին 25-30 տարիներու ընթացքին։
       Սակաւաթիւներէն մէկն ալ՝ Ատրպատականի ալեւոր առաջնորդը, Ներսէս արք. Մելիքթանգեան, որուն մահուան գոյժը հաղորդած էինք երէկ։
       Այսօր կ’ուզէինք պարզել քանի մը յատկանշական գիծեր, իր բազմամեայ գործունէութենէն։
       Ծնած 1866ին, Ղարաբաղի մէջ, հանգուցեալ առաջնորդը իր դպրոցական շրջանն աւարտելէ անմիջապէս վերջ կը նուիրուի ուսուցչութեան, սկսելով իր հայրենի գիւղէն։
       Այդ հանրանուէր գործունէութիւնը կը շարունակուի1886էն մինչեւ 1896, երբ ցարական իշխանութիւնը կը փակէրհայկական դպրոցները։
       Խորապէս տոգորուած՝ աւելի զարգանալու եւ ժողովուրդին ծառայելու խանդավառութեամբ, երիտասարդ Մելիքթանգեանը բարերարի մը շնորհիւ կը մտնէ Փեթրոկրատի համալսարանը, իրաւագիտութիւն ուսանելու։ Այդ շրջանին էր որ կ’ուսումնասիրէր Հայ. Եկեղեցւոյ Իրաւունքը, յետոյ գրքի մը վերածելու համար (երկու հատոր)։
       Համալսարանի շրջանը աւարտելէ վերջ վարդապետ (1900), վանահայր, ապա դիւանապետ Խրիմեան Հայրիկի (1906)։ Երկու տարի ալ աքսորական՝ Խրիմի Ս. Խաչ վանքը։
       Զանազան պաշտօնավարութիւններ ի վերջոյ զինքը կ’առաջնորդեն իրանեան Ատրպատական, որուն առաջնորդ կ’ընտրուի 1913ին։ (Եպիսկոպոս՝ 1916ին, արքեպիսկոպոս՝ 1917ին)։
       Այդ հայաշատ եւ բազմապահանջ թեմին մէջ է որ Ներսէս արք. Մելիքթանգեան կը բոլորէ իր գործունէութեան ամէնէն արդիւնաւոր եւ քիչ մըն ալ եղերական շրջանը։
       Որքա՜ն արտաքին եւ ներքին տագնապներ իր ճամբուն վրայ, մասնաւորապէս 1921էն ի վեր։
       Այդ շրջանին, Ատրպատականի թեմական կազմակերպութիւնը կրնար իբրեւ տիպար ծառայել, շատ մը տեսակէտներով։ Առաջնորդը ինք Պոլսոյ երբեմնի պատրիարքներուն բարձր դիրքը եւ հեղինակութիւնը կը վայելէր Թեհրանի մէջ, իբրեւ «խալիֆա»։
       Դժբախտաբար երկար չտեւեցին շինարար գործունէութեան պատեհութիւնները, իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ կատարուած փոփոխութեանց, - ընկերային թէ քաղաքական։
       Նոր օրէնք մը, որ միայն Հայերուն յատուկ չէր, խստօրէն կաշկանդեց հայկական դպրոցներու գործունէութիւնը։ Հայերէնն անգամ դարձաւ օտար լեզու, արտօնուած՝ միայն կրօնի դասերու համար։
       Ծերունազարդառաջնորդը անկարելին փորձեց, վերահասատելու համար նախկին իրաւունքները։ Հազիւ կարելի եղաւ որոշ բարեփոխումներ ապահովել։ Ինքն ալ կը զգար թէ «խալիֆա»ները պատմութեան անցած են այլեւս։
       Իր սրտին մէջ խոր վէրքեր բացաւ, նաեւ, Հայաստանի խորհըրդային իշխանութիւնը, անխնայ հետապնդումներ կատարելով, անճոռնի դաւեր սարքելով։
       Տասն անգամ տասը ձեւերով փորձեցին հեռացնել զինքը կամ ետ կանչել, ճնշելով Էջմիածնի վրայ։
       Ներսէս արք. հրաժարական տուաւ քանի մը անգամ. բայց Ատրպատականի Թեմական Խորհուրդը միշտ ալ մերժեց, խորապէս գնահատելով իր առաջնորդին հայրենասիրական ծառայութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։
       Երկրորդ աշխարհամարտէն վերջ, ուրիշ խաղ մը փորձեցին, Էջմիածին հրաւիրելով բազմարդիւն առաջնորդը, եկեղեցական ժողովին առթիւ։ Ներսէս արք. նախընտրեց զրկուիլ այդ «փառք»էն։ Եւ մինչեւ վերջին շունչը մնաց իր ժողովուրդին հետ, որուն համար այլեւս յիշատակ մըն է հայկական Ատրպատականը, համրանքով թէ ազգային կազմակերպութեամբ…
       Մնաց իբրեւ հովիւ քաջ, առանց ազդուելու օրուան հովերէն։
       29 Սեպտեմբեր 1948