Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆՈՅՆ ԿԱՄՔԸ՝ ԴԱՐԷ ԴԱՐ
      
       Ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզ ետ կեցնել մեր հաւատքէն, - Այս յայտարարութեան մէջ կը խտանայ Վարդանանցի ամբողջ իմաստը։
       Դաւանանք մը, որ կը տեւէ դարերէ ի վեր, արհամարհելով բոլոր փոթորիկները։ Մնալով տոկուն եւ անխախտ՝ շլացուցիչ լոյսերու թէ խաւարակուռ փոսերու առջեւ։
       Ահա թէ ո՛ւր է այս հալածական ժողովուրդին յարատեւութեան գաղտնիքը։
       Հիմնականը՝ հաւատքին ձեւը չէ, այլ իմաստը։ Ոչ թէ տառը, այլ բովանդակութիւնը։
       Դարեր առաջ ալ, երբ կրօնն եւեկեղեցին էին որ ձեւ ու մարմին կուտային անոր, պայքարը կը ձգտէր նպատակի, - ապահովել մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը։ Ճակատիլ՝ յայտնի թէ գաղտնի դաւերու, բարբարոսական բռնութեանց եւ հալածանքներու դէմ։
       Մեր իմաստուն ժողովուրդին պատմութիւնը հարեւանցի կարդացած են անոնք որ միայն կրօնական, քրիստոնէական պայքար կը տեսնեն Վարդանանց պատերազմին մէջ։
       Յամի շնորհաց 451ին ալ, ինչպէս անկէ վերջ եւ մինչեւ այսօր, օտարին քաղաքական լուծն էր որ կ’ըմբոստացներ Վարդաններն ու Ղեւոնդները։
       Այդ օրերուն ժողովուրդները այնքան հասուն չէին, որպէսզի կարենային մշակուած բանաձեւերու վերածել իրենց ազգային-քաղաքական պահանջները։
       Վարիչ դասակարգը ինքն ալ հարկադրուած էր մատչելի լեզու մը գործածել։
       Ժողովուրդ մը, որ Հայկ ու Բելի աւանդութիւնները լսած էր, անշուշտ բնազդաբար կը զգար անկախութեան, ազգային գոյութեան պահանջը։
       Խորհրդային գրադատ մը վերլուծելով Դ. Դեմիրճեանի «Վարդանանք» վէպը, ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալ պարագան.
       - «Վէպում առնչւում են, միահիւսւում եւ շատ անգամ ժողովրդի գիտակցութեան մէջ նոյնանում հողի, ժողովրդի, հայրենիքի յաւերժութեան գաղափարները»։
       Վէպին հեղինակը այս իրականութիւնը կը պարզէ ուրիշ պատկերով մը։
       Իր նկարագրութեամբ, Վարդան Մամիկոնեան հայ ժողովուրդը կը նմանցնէ մեղուին, - «Ստիպում են՝ կռւում է»։ Եւ կը վկայէ, սպարապետին բերնով.
       - «Մենք արիւնահեղութիւն չենք փնտռում. այլ փախչում ենք նրանից։ Բայց եթէ արիւնահեղութիւնը շատ կը վազէ մեր յետեւից, մենք ետ կը շրջուինք»։
       Եւ վերջապէս հայ շինականին դաւանանքը, այնքան պարզ եւ սրտառուչ.
       - «Մենք ու մեր հողը մէկ ենք… Մեր կեանքը մեր հողի մէջ է։ Պոկեցէք, է՛լ կեանք չունենք։»
       Այս գիտակցութեամբ էր որ մեռան հազար-երեսունեւվեց վկաները։ Ինչպէս ուրիշ հարիւր հազարաւորներ՝ դարերու ընթացքին։ Մինչեւ մեր օրերը, ուր Աւարայրի ժառանգորդները իրենց եղունգներով կը ճանկռտէին Հայաստանի լեռներն ու ձորերը, Սարդարապատի անապատն ու Բաշ-Ապարանը։
       Զարհուրելի ելեւէջներ՝ շրջանէ շրջան եւ դէպքէ դէպք, բայց միշտ միեւնոյն գիծը, - կանգուն մնալ, տեւել, ազատ բոյն մը ապահովելով արեւուն տակ։
       Երբեմն թուլցած են հաւատքն ու կամքը։ Կամ կարճամիտ, կամկար առաջնորդներ կէս ճամբան մնացած են։ Եւ կամ անոպայ դաւադիրներ ուզած են այս ու այն մսուրը առաջնորդել անճար բազմութիւնները, լուծի տակ պահելով զանոնք։
       Երբեմն ալ, թշնամիներու ճնշումը, հայաջինջ մոլեգնութիւնը այնքան զարհուրելի եղած են որ կարծեր են թէ ամէն բան վերջացած է։
       Դարերը իրենք հերքած են այս ենթադրութիւնները։ Եւ իբրեւ թէ թմրած, մահամերձ առիւծը նոր հրաշքներ գործած է, բաշերն արձակ՝ աշխարհի չորս հովերուն։
       Երբ ժողովուրդ մը Վարդանանք կը տօնէ 1500տարի անընդհատ, նոյն հաւատարմութեամբ կը նշանակէ թէ տէրն է իր ճակատագրին, բոլոր պարագաներուն մէջ։
       Նոյն կամքը՝ դարերու ընթացքին։
      
       24 Փետրուար 1949