Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ
      
       Այս մէկ բառը բաւական է բնորոշելու համար Պետրոս Դուրեանը, որուն ծննդեան հարիւրամեակը տօնեց Համազգայինը, Ուրբաթ գիշեր։
       Բանաստեղծ՝ ոչ միայն յղացումով, այլեւ բառերով։
       «Տղայ» մըն էր, բայց աշխարհ մը բացուեցաւ իր տառապանքին խորութենէն։
       Դեռ նոր սկսած էր երգել։ Եւ սակայն, ինչ որ կրցաւ արտադրել, մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անկորնչելի ժառանգութիւն։
       Հիւծախտն ու թշուառութիւնը չարախինդ քրքիջներ կ’արձակէին իր գլխուն վերեւ, պատանութեան օրերուն։
       Հարցնողներ կան, - Պետրոս Դուրեան պիտի կրնա՞ր հարազատ բանաստեղծութեան այս բարձունքին հասնիլ, եթէ ազատ մնացած ըլլար այդ երկու տառապանքներէն։
       Այս հարցումը մեզի կը յիշեցնէ վերջերս կատարուած քննութիւն մը։
       Փարիզեան կարեւոր ամսագիր մը հետեւեալ հարցարանը բացած էր, - «Հանճարըը ձեղնայարկին մէ՞ջ կը ծնի»։
       Աւելի մանրամասնելով, խմբագրութիւնը կը հարցնէր օրուան գրոց-բրոցներուն. -
       1. Կը կարծէ՞ք թէ նիւթական կեանքի պայմանները ազդեցութիւն մը կը գործեն մտքին ստեղծագործութեանց վրայ։
       2. Ի՞նչ պայմաններու մէջ սկսաւ ձեր գրական վաստակը։ Տարբեր պիտի ըլլա՞ր, եթէ ուրիշ ըլլար ձեր կեանքը։
       3. Ցանկալի կը գտնէ՞ք որ վաղուան գրագէտը օգտուի ոեւէ մեկենասէ, անհատ ըլլայ թէ խմբակցութիւն մը կամ պետութիւն մը։
      
       Ուրիշ առթիւ կը զբաղինք պատասխաններով։ Միջանկեալ կը յիշենք այս պարագան, երբ մեր աշխատակիցներն ալ կը վերլուծեն «Տրտունջք»ի դժբախտ հեղինակին կեանքն ու գործը։
       Ապահովաբար շատ քիչեր գիտեն որ հայրենասիրական լարն ալ կայծեր արձակել տուած է ողբացեալ բանաստեղծին, ոտանաւոր թէ արձակ։
       Ուրեմն իր հորիզոնը շատ աւելիլայն էր, քան կ’ենթադրուի։ Եւ կրնար նոր բարձունքի մը հասնիլ, եթէ հոգին չբզկտէր վերահաս մահուան մղձաւանջին տակ։
       Անոնք որ «սոցիալական»ը կը փնտռեն Երեւանի մէջ, ապահովաբար չեն կարդացած Դուրեանի սա թերխաշ այլ սրտառուչ ողբը.
       Միշտ կը ցանէ Հայն, չի հնձեր…անօթի…
       Իր դալկահար դէմքէն երկուշիթ կաթի,
       Արտօսր ու քիրտ միանգամայն… ո՜վ Աստուած։
       Նա ճաշակէ տրտմած սրտով ցաւ ու հաց։
      
       Կամ սա երկտողը.
       …Եւ երբ Հայ մը մորթեն,
       կարծես թէ հաւ մը մորթեն։
      
       Ետ գացէք մինչեւ 80տարի, չափելու համար խորութիւնը իր «Ողբերգ»ին.
       Մինչեւ ե՞րբ գլուխդ պիտի ծեծես,
       Շղթայակապ այդպէս հեծես.
       Հէք Հայաստան շիջելարեւ,
       Ե՞րբ սոխակը սըգատերեւ,
       Նոճիներէն շուտ տալով խոյս,
       Պիտի երգէ վարդ՝ արշալոյս։
       Միայն բռնակալին կամ ճակատագրին դէմ չէ որ կ’ըմբոստանայ բանաստեղծը, այլեւ ներքին թշնամիներուն դէմ.
       Ո՜հ, վրէժխնդիր շանթեր ճայթին
       Հայրենադրուժ Հայոց ճակտին…
       Անշուշտ որոշ գիտակցութենէ մը կը բխէր այս հառաչանքը, միեւնոյն ատեն կանչ մը մարտական։
       Ամէն պարագայի մէջ, հարկ է ուշադրութեամբ կարդալ շարք մը ցիրուցան տաղեր ու տողեր, լրիւ ճանչնալու համար Պետրոս Դուրեանի դիմագիծը։
       իր անձնական նամակներն անգամ նոյն սարսուռները կը մատնեն։
       Բանաստեղծներ շատ ունինք այսօր։ Բայց քանինե՞ր պիտի կրնան դիմանալ ժամանակի աւերներուն, իրենց յղացումով եւ արուեստով։ Այստեղ թէ հայրենիքին մէջ։
       Դուրեանները բացառութիւն կազմեցին անոր համար որ, ոչ միայն բանաստեղծ էին ծնած, այլեւ մնացին հաւատարիմ՝իրենց կոչումին։
       Հարազատ ներշնչումն եղաւ անոնց մղիչ ուժը եւ ազատ արուեստը՝ անոնց մտահոգութիւնը։
      
       10 Յունիս 1951