Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱԿՆ ԸՆԴ ԱԿԱՆ
      
       Վիճակը ձգուած էր։ Որեւէ տատանում կամ ընկրկում պիտի նշանակէր դասալքութիւն եւ անձնասպանութիւն։
       Ճգնաժամը կը պահանջէր ինքնապաշպանութիւնը կազմակերպել վճռական եւ միակամ։ Դիմադրական պայքարը մղել հաւաքաբար։ Զարնել եւ զարնուիլ անվկանդ։
       Եւ ամբողջ Վասպուրականը ոտքի կանգնեցաւ, վառ պահելու համար իր արեւը՝ Ազատութեան շողերուն տակ։
       Անձնուէրները ամեհի պատնէշներ կանգնած էին իրենց բազուկներով, մղելու համար գոյամարտը։ Ճակատ ճակատի եւ ակն ընդ ական։
       Այլեւս ոչ ես ու դուն, ոչ աս ու ան։ Ոչ տարիք, ոչ ալ դասակարգ։ Ոչ սեռ, ոչ ալ դիրք։
       Մե՛նք, - բոլոր տրամադրելի ուժերով։
       Կրա՛կ ամէն ուղղութեամբ։ Ռազմական բոլոր միջոցներով եւ հերոսական խոյանքով։
       Երբ առաջին գնդակը որոտաց, թշնամին խուճապի մատնուած էր արդէն, եւ կը մռլտար անզօր կատաղութեամբ։
       Որո՞ւ միտքէն կ’անցնէր թէ երէկուան րայան պարտութեան պիտի մատնէր ամբողջ բանակ մը, դիրքեր գրաւելով յուսահատական քաջութեամբ։
       Հրամանատարը ինք, անարգ դաւադիր եւ արիւնարբու հրէշ, փրկութիւն կը փնտռէր անպատիւ նահանջով մը։
       ինք որ Իշխանի եւ երեք ընկերներուն արիւնը լակած էր դեռ երէկ, եւ դէպի սպանդանոց առաջնորդած՝ Վռամեանը։
       «Ա՜խ, Վասպուրական, աշխարհ Հայաստան»…
       Ահա նորէն փոթորիկ մը։ Թերեւս վերջինը։
       Զա՛րկ։ Եւ թող Գազանը լճանայ իր արեան ճապաղիքներով, որպէսզի բացուին Ազատութեան ճամբաները։
       Այնքան դար լացիր, եւ այժմ վառօդին ծուխն է որ պիտի ցամքեցնէ արցունքներդ։
       Վա՛տ է թշնամին եւ անողորմ։ Կ’ուզէ իր տիրապետութիւնը պահել ջարդուփշուր ոսկորներուդվրայ, գերեզմաննոցի մը վերածելով ծաղկաւէտ երկիրդ։
       Զա՛րկ, որպէսզի շինարար բազուկդ կարենայ գործել ազատ եւ անվտանգ։
       …«Ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման»։
       Կա՞րճ տեւեց յաղթանակը։
       Ոչի՛նչ։ Քառասուն տարի ետքն ալ, պատմութիւնը կ’ըսէ.
       -Ժողովուրդ մը կար մօտաւոր Արեւելքի լեռներուն մէջ, արարատի ստորոտը։
       Ճակատագրական պահու մը, այդ ժողովուրդը գերագոյն գոյամարտը մղեց իբրեւ մէկ մարդ, փշրելով արիւնազանգ բռնակալութեան մը ժանգոտած շղթաները։
       Ան Ազատութեան եւ ստեղծագործ Աշխատանքի դրօշը պարզեց աւերակներու վրայ։ Եւ երբ կը շարունակէր վարել ու հերկել, ուրիշ դաւադիր մը դաշոյնը խրեց իր կողերուն։
       Այդ ժողովուրդին բեկորները, մասամբ Արարատեան դաշտին մէջ հաստատուած, եւ մասամբ ցիրուցան՝ ի սփիւռս աշխարհի, միշտ երկիւղածութեամբ եւ հպարտութեամբ կ’ոգեկոչեն 1915 Ապրիլ-Մայիս ամիսները, իբրեւ ներշնչարան հաւատքի եւ յարատեւութեան։
       Ու պիտի ոգեկոչեն դեռ ուրիշ քառասուն տարիներ, այն վստահութեամբ թէ ցորչափ բուն իրաւատէրը չէ վերադարձած, միայն բուեր պիտի վայեն Վասպուրական աշխարհին, ինչպէս ամբողջ արեւմտեան Հայաստանի մէջ։
       երբ ժողովուրդ մը Ազատութեան կամքն ունի, Աստուած անգամ «Առաւօտ լուսոյ» կ’երգէ։
      
       14 Մայիս 1955