Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
ՄԵՐ ՎԱՆՔԵՐԸ
      
       Աւանդութիւն մը կ’ըսէ թէ մեր վանքերը եղած են վառարան մշակոյթի եւ խոր, տքնաջան աշխատանքի։
       Արդարեւ, եղերական թէ սովորական շրջաններու մէջ անոնք մատուցած են թանկագին ծառայութիւններ, ճոխացնելով մայրենի գանձարանը։
       Անոնք եղած են թանգարան եւ մատենադարան, կորուստէ փրկելով անփոխարինելի ժառանգութիւններ։
       Ունեցած են «գրիչներ», որոնք իրենց կեանքն անգամ զոհած են, գիրք մը, ձեռագիր մը աւելի փրկելու համար, երբ վայրենի արշաւանքներ կ’աւերէին մեր երկիրը։
       Տակաւին լման չէ գրուած այդ «գրիչ»ներուն պատմութիւնը, որ կրնար ոսկեմատեան մը կազմել որեւէ ժողովուրդի համար։
       Ճիշդ է որ մեր վանքերը եղած են նաեւ ծուլարան եւ անդաստան չարաշահութեան, տգիտութեան, անհոգութեան։
       Ո՜րքան գանձեր փճացած են անտիրութեամբ կամ գողցուած եւ ծախուած են միջազգային շուկաներու վրայ։
       Եւ վերջապէս, ինչ որ կարելի եղած էր փրկել դարերու ընթացքին, դարձաւ ճարակ՝ 1915ի Արհաւիրքին։
       Աւելի քան մէկ միլիոն ժողովուրդի անճիտման հետ, աւարի կամ կրակի տրուեցան անոր մշակոյթին գանձերն ալ, սանձարձակ բարբարոսներու չարախինդ քրքիջներուն մէջ։
       Իսկ այժմ «յաղթական» թշնամին կը փորձէ իւրացնել ու թրքացնել մեր երգերն ու հէքեաթներն անգամ, վիճելի դարձնելով անոնց հեղինակներուն ինքնութիւնը։
       Կը բաւէ յիշել միայն Կոմիտասի պարագան՝ գրագիտուհի Խալիտէ Էտիպի ցնդաբանութեամբ, ըմբռնելու համար սարքուած կեղծիքը։
       Արդ, ինչ որ կարելի եղած է փրկել արեւմտեան Հայաստանէն, իբրեւ վանք եւ գանձարան, այժմ կը գտնուի արտասահման։
       Ամէնքն ալ ունին բաղդատաբար տանելի վիճակ՝ ապահովութեան տեսակէտով։ Կը ներկայացնեն ամէն յարմարութիւն՝ պրպտելու, տքնելու, արտադրելու։
       Առաջին երկուքը՝ Վենետիկի եւ Վիեննայի մայրավանքերը, կը վայելեն շարք մը առաւելութիւններ՝ իրենց հնութեամբ եւ ճոխութեամբ։
       Երկուքն ալ ունին անփոխարինելի վաստակ մը՝ իբրեւ մշակուած կամ հում նիւթ։ Բոլորն ալ արդիւնք՝ տաժանակիր աշխատանքի, ուսումնասիրութեան եւ յարատեւութեան։
       Միւս երկուքէն Երուսաղէմի վանքն է միայն հին, իսկ Անթիլիասը՝ բոլորովին նոր։
       Առաջինը ունի թանկագին ձեռագրատուն մը եւ մատենադարան մը, որ հետզհետէ կը ճոխանայ, յատկապէս շինուած շէնքի մը մէջ։ Միւսը դեռ նոր կը կազմակերպուի, ամէն բան ծայրէն սկսելով։
       Չորս վանքերն ալ ունին իրենց պարբերական հրատարակութիւնները, - Բազմավէպ (Վենետիկ), Հանդէս Ամսօրեայ (Վիեննա), Սիոն (Երուսաղէմ) եւ Հասկ (Անթիլիաս)։
       Անուանապէս չորսն ալ ամսաթերթ են, բայց կը հրատարակուին շատ անկանոն։ Ընդհանրապէս քանի մը թիւ միացնելով։
       Նիւթական անձկութի՞ւն թէ աշխատանքի թուլացում։
       Չորսն ալ ունին իրենց յատուկ հրատարակութիւններ, պատմական, բանասիրական, գրական։
       Ինչո՞ւ գրի առինք այս հարեւանցի տեղեկութիւնները։
      
       15 Յունուար 1956