Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՄԷՆ ՓՈՍ ԿՈՉ ՄԸՆ Է
      
       Հիմա որ պաշտօնական սուգը վերջացած է եւ արցունքները ցամքած են, խորհինք վաղուան մասին։
       Հանրային կեանքի եւ մտաւոր անդաստանի մէջ բացուած փոսերը ոչ հառաչանքով կը փակուին, ոչ ալ արցունքով։
       Նաւասարդեանները երկինքէն ինկած պարգեւներ չեն։
       Անոնք երկուքն են։ Հաւատք եւ աշխատանք։ Նուիրում եւ տքնութիւն։ Անշուշտ նաեւ ընդունակութիւնեւ տաղանդ։
       Վահան Նաւասարդեան հուժկու եւ տիրական դէմք մը դարձաւ անոր համար որ կը հաւատար իր կոչումին եւ իր բոլոր կարողութիւնները տրամադրած էր սեփական ժողովուրդի բարիքին։
       Ան կրնար նոյնքան եւ աւելի փայլուն դիրքեր գրաւել ռուսական հնոցին մէջ, ինչպէս իր տարեկիցներէն եւ դասակիցներէն շատերը։
       Բայց ներքին ձայն մը կ’ըսէր. - Լաւագոյնս ծառայած կ’ըլլաս մարդկութեան, հաւատարմօրէն եւ յարատեւօրէն ծառայելով ա՛յն ժողովուրդին որուն կը պարտիս արեւդ։
       Եւ իր ամբողջ էութեամբ յանձնուեցաւ հայկական տառապանքի փոթորիկներուն, յանձն առնելով ամէն զոհողութիւն։
       Կամաւոր ուխտ մը կնքած էր ան՝ Դաշնակցութեան միջոցաւ։ Ոչ մէկ ընկրկում՝ այդ ճամբուն վրայ։ Եւ ամէնօր ճիգ մը աւելի, արդարացնելու համար իր կոչումը։
       Այդ ուխտին շնորհիւ էր որ, իր հրապարակագրութիւնն ալ դարձաւ անպարտելի ուժ մը։ Վճիտ եւ հոսուն աղբիւր հայրենանուէր խանդավառութեան եւ յարաճուն գիտութեան։
       Իրեն համար անսպառ ներշնչարան մըն էր Հայոց պատմութիւնը՝ Հայկէն մինչեւ Դաշնակունիք։
       Ամէնէն տագնապալի պահերուն ալ, այդ ալեծուփ տարեգրութեանց էջերը կը թղթատէր, կէս ճամբան չմնալու համար։ Եւ միշտ ալ կը գտնէր նոր խորհուրդ մը կամ խորհրդանիշ մը, աւելի ամուր կառչելու համար «իշխան ժողովուրդ»ին։
       Այդ նոյն պատմութիւնը աւելի կը պայծառացնէր իր ընկերվարական դաւանանքը, իբրեւ տեսաբան։
       Անոնք որ այսօր իր կորուստը կ’ողբան դառնօրէն, մանաւանդ երիտասարդները, պարտաւոր են խղճի քննութիւն մը կատարել- Ի՞նչ կ’ընենք մենք, վառ պահելու համար ջահը, իբրեւ հերթափոխ։
       Մեռելները իրենց դերը կատարեցինմինչեւ անխուսափելի վախճանը, ճամբան հարթելով եւ որոշ կէտի մը հասնելով։
       Ողջերն ալ- մանաւանդ երիտասարդները- կը փորձե՞ն իրենց կարելին, տրամաբանական ելքին յանգելու համար։
       Ազատագրական պայքարն ալ մշտնջենական շարժում է եւ գիտութիւն։ Անսասան հաւատք եւ յարատեւ, յարաճուն աշխատանք։
       Ամբողջ սերունդ մը կ’անհետանայ մեր աչքերուն առջեւ, ամայացնելով քաղաքական թէ մտաւոր անդաստանը՝ օտարութեան մէջ։
       Ամէն նոր փոս որ կը բացուի, կոչ մըն է, ճիգ մըաւելի փորձելու, յանձնառութիւն մը աւելի ստանձնելու, որպէսզիկտրուած ճամբան աւելի զարգանայ եւ ամրանայ, մէկ սերունդէն միւսը։
       Պատրա՞ստ ենք այդ աշխատանքին։
       Երբեք այնքան սուր հանգամանք ստացած չէր այս հարցումը, գոնէ մեր գաղութին համար, ուր ճրագով կը փնտռուին հանրանուէր մշակները։
       Թող պատասխանեն անոնք որ թեւ կուտան 25էն մինչեւ 45 եւ կ’ուզեն արժեցնել իրենց արդար յաւակնութիւնները, հանրային ծառայութեամբ։
      
       7 Յուլիս 1956