Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐՁՈՒ ՍԵՆԵԱԿ

Ամպերը կախեր էին շրթունքներին ու կուլային փողոցներուն մէջ։ Ինչպէս նաեւ Տիգրանի հոգիին մէջ։ Դանդաղաշարժ ամբոխը կը սահէր մայթերէն։ Տիգրան պէտք էր քալէր։ Աւելի շուտ քալէր։ Անոր ոտքերուն առջեւ բազմաթիւ ոտքեր ցանց քաշեր էին։ Ամբողջ ուժը կզակներուն մէջ զետեղած՝ կը հրէր, կը հրմշտկէր, կը սահէր, ի հարկին, ինքնագոհացման պատրուակով քան թէ ճամբայ բանալու համար, ոտքի հարուած մը կը նետէր հոս։ Արագ քալելու նպատակով վատնուած ճիգը իր արդիւնքը չէր բերէր միջոցին մէջ։ Այնպէս որ անոր ուժը կը գործէր իր մեկնակէտին վրայ։ Տիգրան կ՚եփէր ինքն իր մէջ։ Ջիղերը անկանոն պարի մը անձնատուր էին, խորհրդածութիւնը հոն կը փոշիանար։ Ուսովը կը շեղէր մէկը, ոտքով կը զարնէր ուրիշի մը։ Սպառնական նայուածքէ մը «ներողութիւն» կը հայցէր, յանցաւորի շեշտով։ Ու կը շարունակէր յառաջանալ, գլուխը ուսերուն մէջտեղ։ Թաւ յօնքերը կախուեր էին անփայլ նայուածքներուն վրայ, ինչպէս երկնքին ամպերը քաղաքին վրայ։ Ծանրակշիռ լրջութեամբ, ճակատը ամփոփուեր էր յօնքերուն մէջտեղ։ Վիրաւոր սրտերու պէս տերեւները կը թափէին ծառերէն, կը հանգՉէին մէկը՝ ուսի մը վրայ, միւսը փախչող կառքի մը մէջ, եւ կամ կը ճզմուէին ոտքերու, քաուչուէ անիւներու տակ, հազիւ լսելի տրտում խշխշոց մը արձակելով։ Տիգրան նայուածքը տարաւ այդ համեստ ու մեռած տերեւներուն, կմախացած ծառերուն, որոնցմէ թախծութիւն կը հոսէր իր հոգիին մէջ։ Ամբոխին պատճառած ջղայնութիւնը քիչ քիչ տեղի կուտար նոր զգացումի մը« որ թոյլ մեղկ էր, գորովի, գգուելու, շոյելու անհրաժեշտութիւն մը, հոգին իրերու վրան սփռելու, զանոնք տաքցնելու իր մորթին ջերմութեամբ, պաշտպանելու՝ սպառնացող կորուստին դէմ։ Օրերը այնպէ՜ս կարճցեր էին։ Նոյեմբերը սկսեր էր հատնիլ։ Օրուան ութը, նոյն իսկ տասը ժամերը կ՚անցնէին գործարանը։ Ու կային գՆումները։ Որովհետեւ Տիգրան ճաշարաններու մէջ չէր վատներ իր այնքան դժուարութեամբ ձեռք անցուցած դրամը։ Խնայողութիւնը իր բոլոր արարքներուն եւ մտածումներուն դատաւորն էր։ Իրիկունը կը պատրաստէր ճաշը։ Յաջորդ օրուան բաժինը կը ծրարէր։ Քիչ անգամ կը նստէր սրճարանի մը անկիւնը։ Եւ ոչ ալ շատերու պէս պարահանդէսներու թմրութիւնը կը փնտռէր։ Կոկիկութիւնը, մաքրութիւնը, կրկին խնայողութեան սիրոյն արդիւնքն էր։ Ի՜նչ չափուած շարժումներով կը հագուէր, կը հանուէր։

Այդ իրիկուն արագ արագ սենեակը հասեր էր։ Հաներ՝ գործաւորի «կապոյտ»ը, հագուեր՝ «կիրակնօրեան» ու նետուեր էր փողոց։ Երբեք Տիգրան մանրամասնութիւններով չէր սպառած իր մտային կամ զգայնական գործունէութիւնը։ Եռանկիւն մը, ամէն բանէ առաջ, տարածութիւն մըն էր։ Ուրիշ ոչինչ։ Իրեն ի՞նչ կողմերը։ Գիծը, տարածութեան մասնիկներու յաջորդականութիւն մը։ Իրեն ի՞նչ մասնիկները։ Կայ տարածութիւնը։ Կարեւորը այն էր՝ որ Տիգրան այդ տարածութեան վրայ չէր կրնար քալել ազատօրէն։ Ամբոխը իրեն նման նպատակով մը կամ աննպատակ շարժող անհատներու ամբողջութիւն մը չէր։ Անիկա արգելքն էր։ Բացարձակ անտարբերութիւն մը իր շուրջիններուն հանդէպ։ Կարծես պատի մը առջեւ ըլլար՝ որուն վրայէն պէտք էր ցատքել։ Չէր ուզեր գիտնալ, թէ այսինչին քիթը տափակ էր, միւսինը՝ ակնոցով զարդարուած։ Ոչ, այդ չէր գլխաւորը։ Գլխաւորը այն էր, որ պէտք էր հասնիլ բնակարան վարձող քաղաքային գրասենեանկը, որ շուտով պիտի գոցէր դուռները։ Անոր տեսողութեան դաշտը միայն բացակայ դէմքով մը գրաւուած էր։ Գլուխ մը իրմէ առաջ կը քալէր, դէմքը իրեն կողմը դարձուցած, ու կը ժպտէր, քրոջական անսպառ գուրգուրանքով։ Հեռաւոր յիշատակ մըն էր այդ տեսիլքը, ընտանեկան լուսանկարէ մը դուրս ելած, որ յաջորդաբար կուգար լուծուիլ ուրիշ լուսանկարի մը մէջ։ Արդէն հասուն աղջիկ մը որբանոցի պարզ գոգնոցով, որուն տակ կնոջական յուզումներով կազմուած, կորացած կուրծք մը։ Խոշոր ու քաղցր նայուածքով աչքեր, ապրելու տենչը զգալի, բայց վախով ու համակերպութեամբ ապրուած կեանքի մը կնիքը վրան։ Լեցուն այտերը բնական կարմիրի մը ներկայութիւնը կը զգացնեն հակառակ լուսանկարին սեւ ու ճերմակին։ Կեանքը զարկեր էր գլուխին, ուսերուն՝ որ ինքզինքնուն վրայ ծռած էին, հաստ արեւարգել տերեւներուն շուքին տակ գլխահակ բուսած մանիշակներու պէս։ Բայց երիտասարդութիւնը, հակառակ բոլոր ճնշումներուն, ի՜նչ սողոսկուն ճամբաներով եկեր հաստատուեր էր կուրծքին ու այտերուն մէջ։

Մէկ խօսքով, անծանօթ մը, որ Տիգրանի հոգիին մէջ ապրելու իրաւունքը կը ստանար, շնորհիւ այն միւս լուսանկարին, մանուկ աղջկան որ իր քոյրն էր եղած եւ անոր յարուցած յիշատակներու խուժումին վերակառուցած անվերադարձ անցեալին։ Վարդանո՜ւշ… Կը բաւէր միայն արտասանել այդ անունը, շրթունքներու շարժում մը ու թեթեւ հնչիւնը վանկերուն թեթեւ՝ որպէսզի ոչ ոք իմանար քովէն ականջներուն մէջ թրթռացում մը, ամբողջ սրտի աշխարհ մը կ՚արթննար, կը վերապրէր ու կը լեցնէր երիտասարդը՝ որուն կեանքը յանկարծ նոր իմաստ մը, նոր ուղղութիւն մը կ՚առնէր։ Ահա այդ պատկերը, որ կ՚երթար իրմէ առաջ, որ ամբոխէն չէր արգիլուեր, որովհետեւ ան կրնար նետուիլ կռնակի մը վրայ ու զայն ջնջել, թափանցկացնել։ Տիգրան, զայն աչքէ կորսնցնելու վախով, կը շտապէր, կը ստիպուէր ընդհարիլ։ Բացակայ պատկերներ կը ծնէին անոր դէմքին շուրջ, փափաքներ ու յիշատակներ կը ներկայանային անոր կամքին անճիգ ըղձանքովը ու կը շարուէին թղթախաղերու պէս, պատրաստ հրամանի։ Նախ եւ առաջ բնակարան մը։ Կը խորհէր, խոհանոց մը կազի փուռով, երկու ննջասենեակ, ելեկտրական կոճակը ճիշդ մահճակալին գլուխը, որպէսզի, գիշերը երբ մարմինը անկողնին մէջ անշարժանայ, երբ օրօրուի քունի եւ արթնութեան մէջտեղ կոհակներուն վրայ, երբ միտքը մտնէ խորհուրդներու տարօրինակ աշխարհը, ձեռքի աննշան շարժումով մը կոճակին վրայ՝ փակէ ցերեկուան աշխարհին դուռը կռնակէն ու նաւէ անարգել, անվերադարձ ճանապարհորդութեան մը անձնատուր։ Եւրոպա գալէն իվեր, աւելի ճիշդը գործարանի մը մէջ կայուն դիրք մը ապահովելէն իվեր, Տիգրանի կեանքը կծկուեր էր ինքն իր վրայ կարծր կծիկի մը պէս։ Եւ յանկարծ կանգ առեր էր ու կը քակուէր։ Այնպէս կանոնաւոր կը քակուէր, որ միւս կողմէն նոր կծիկ մը կը կազմուէր։ Իրիկուն է։ Գործարանին դռները, պատասխանելով սուլոցներուն, կը դառնան իրենց ծխնիներուն վրայ, լայն կը բացուին, փսխելով մարդերու զանգուած մը։ Տիգրան կը մերժէ ընկերներու հրաւէրը։ Ախորժաբերի գաւաթներուն շուրջ անցած արուեստական զուարթութիւնը իրեն համար չէ այլեւս։ Տիգրան ընտանիքի հայր է հիմա։ Արդէն կը բարձրանայ սանդուխներէն, կերակուրի քմպարար հոտը ռունգերուն մէջ։ Քոյրիկը կանգնած է, համեստ պարտէզի մը մէջ բացուած վարդի պէս։ Քոյրիկը կը ժպտի։ Ժպիտը կը լեցնէ բնարարանը իր լոյսով։ Պատերը կը խնդան։ Ու խնդուքին ջերմութիւնը կ՚անցնի բոլոր իրերէն, որ կը փողփողին պահ մը կեանքով։ Բայց ամէն բանէ առաջ՝ Տիգրանի հոգիէն։ «Շո°ւտ, շո°ւտ, կերակուրը կը պաղի…». մինչ ինք՝ աղտոտ ձեռքերը կը մաքրէ, երեսները կը լուայ, աշխատանքի միօրինակ ժամերուն իր մէջ լարած մեքենականութիւնը թօթափելով, ժամանակաւոր ազատութեան մը զգացումը կը խլրտի իր մէջ, կը կայտռէ։ Զուարթ։

Տիգրան, մէկ կողմէն ճամբայ կը բանար, միւս կողմէն այս երջանիկ հեռանկարը իրմէ դուրս կը յորդէր։

—Այո՛, անպայման՝ երկու սենեակ, մէկ խոհանոց …։

Շրթունքները թեթեւ մը շարժեցան։ Դաւադրական ժողովի նստած դիմագիծերը իսկոյն տարտղնեցան ու կրկին ամրապնդուեցան։ Այս անգամ ցաւագին ու ջլաձիգ կերպարանքը խորունկ ստուեր մը հագաւ։ Թղթախաղերը վերստին ոտքի ելան։ Հոծ ամբոխը հսկայ կրիայի մը նման ծանր֊ծանր կը դառնար շուրջը։ Մտապատկերներու բեռը կը ծանրանար գանկին մէջ, սիրտը մայթերու կշռոյթը կը լարէր ու ոտքերը կ՚ենթարկուէին ընդհանուր շարժումին։ Հիմա մաս կը կազմէր այդ զանգուածին, անկէ քաշուած, կռնակէն քաշելով, ինքը, մնացեալը, որ կ՚ապրէր իր ետեւը։ Կը յիշէր այն օրը, որ նաւ մը զինքը բերաւ նետեց եւրոպական այս մեծ քաղաքը։ Անոր վրայ ձգած առաջին ակնարկը սարսափ մը պտըտցուց իր երակներուն մէջ։ Հրէշ մը, որ մարդերով կը սնանի, երկաթէ ատամներուն տակ ծամելով զանոնք, արձակելով դէպի երկինք իր անյագ սրտին ելեկտրական ճիչերը։ Անմիջապէս որ ինքզինքը գտած էր երկայն, արեւահար պողոտային վրայ, մինակ, պայուսակը ձեռքին, անշարժ ու շշմած, ինչպէս թաթառի բռնուած թռչուն մը, քաղաքին գլխապտոյտ պատճառող արագութեան սահմանագլուխին վրայ, առաջին անգամ ծովը լողացողի պէս կը վարանէր, կը դողդղար։ Ինքնաշարժերը հազիւ կ՚երեւային մէկ ծայրէն, դիւահար արագութեամբ մը, ակնթարթի մը մէջ, խելագարելով օդի ալիքները, հռնդիւններ պայթեցնելով, արդէն կորսուած էին միւս ծայրէն։ Ու այսպէս անդադար։ Մէկը միւսին ետեւէն։ Հանրակառքեր, ինքնաշարժեր, տեղափոխուող լեռներու նմանող բեռնատարերը։ Պայթեցնելով օդը։ Քանի մը օր ետք այդ սարսափելի արագութեան վրայ կայան մը։ Առաջին անգամ երբ ինքզինքը դէմ դիմաց գտաւ աշխատանքին, սիրտը՝ որ դադրած ըլլալ կը թուէր բաբախելէ, որ կ՚ապրէր անբոց, մխացող կրակի պէս, սկսաւ կրկին իր բնականոն զարկը։ Տիգրան ամբողջականութեան զգացումն է, որ ունեցաւ։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետեց այդ քանի մը օրերուն վրայ, չկրցաւ, ոչ մէկ կերպով, գտնել իր ցրուած, փոշիացած, անորոշութեան ու անձկութեան հետ կորսուած անձը։ Անծանօթ մը, խոստումներով բեռնաւոր, լռելեայն կը փսփսար ականջին. «Ես աշխատանքն եմ, ապահովութեան եւ ստուգութեան երկինքը, հրաշքները ինձմով միայն կը կատարուին»։ Առանց այլեւայլի հաւատաց ան այդ պատգամին։ Աւելին՝ փարեցաւ անոր իր ամբողջ ուժովը։ Կառչեցաւ անոր արիւնով կարմրած եղունքներով։ Այնպէս որ սկսաւ իր մէջ սնուցանել յամառ զգուշաւորութիւն մը բոլոր այն պատճառներուն հանդէպ, որ կրնային զինքը բաժնել աշխատանքէն։ Խուսափեցաւ ուրիշներու մերձեցումէն։ Դարձաւ կատարեալ սողուն մը իր աստիճանաւորներուն առջեւ, շարունակ պարտաւոր ընդունելու ամէն տեսակի զոհողութիւն։ Եղաւ մենաւոր մարդ մը։ Յաղթական կեցուածք մը առնելով, յիշեց պզտիկ դէպք մը, մեծ հետեւանքներով յղի։ Առաջին ամիսներու «սեւ» աշխատաւորութեան ընթացքին ցոյց տուած հնազանդութեան, նախանձախնդրութեան շնորհիւ, օր մը ան ինքզինք գտաւ մեքենայի մը առջեւ։ Մարդը եւ մեքենան դէմ դիմաց։ Ու Տիգրան աւելի խրեցաւ իր մինակութեան մէջ։ Եւ սակայն, երբեք, մարդ ըլլալու հաճոյքը այդ աստիճան գիտակցական ու զեղուն չէր եղած անոր մէջ։ Այնուհետեւ, ամէն առաւօտ, ան մեքենային առջեւ կ՚անցնէր ողողուած տեսակ մեր ստեղծագործ հոսանքով, որ կը յիշեցնէ այն պահը ուր բանաստեղծն ու ճերմակ թուղթը դէմ դիմաց կը գըտնուին։ Անգամ մը, իրիկուան արձակուրդին, իրիկուան կիսաստուերին մէջէն դէմք մը ցցուեցաւ։ Տիգրան սարսուռ մը զգաց ողնայարին երկայնքին։ Վտանգի մը, գէշ լուրի մը նախազգացումը։ Հազիւ չնշմարել ձեւացնելով քայլերը արագացուցած էր, արդէն մարդը ձեռքը դրած էր անոր ուսին։ «Բարե՛ւ, ընկեր»։ Զգուշաւորութեան ոգին Տիգրանը կծկեց ինքն իր վրայ։ Եւ սակայն նոր զգացում մը կ՚արթննար իր մէջ միաժամանակ։ Ինքնալքում։

Անծանօթին ձեռքը տաք էր իր ուսին վրայ։ «Ընկեր» բառը քաղցր կը հնչէր ականջին, հակառակ ամէն բանի։ Բարեկամ, «Ընկեր» սիրտի մը գաղափարը այնքան անուշ թուեցաւ իրեն, որ առանց դժուարութեան «բարեւ» ըսաւ։ Ու շարունակեց. «Կարծեմ միեւնոյն գործարանը կ՚աշխատիս»։ «Այո՛, Պարոն Սարսէլի աշխատանոցը, իմացա՞ր թէ մեծ գործադուլ մը կը պատրաստուի եղեր»։ Աւելի առաջ չգնաց։ Տիգրանի դէմքը մթագնած էր։ Ո՛չ մէկ դիմագիծ կը շարժէր։ Նայուածքը սեւեռած միւսին սեւ աչքերուն որոնք հոծ յօնքերու տակ կը փայլէին։ Տիգրան ամբողջովին կլանուած էր մտածումէ մը՝ «Գործադուլը»։ Լռութիւնը առիթ գտած էր խռովիչ կերպով հաստատուելու անոնց միջեւ։ Տիգրանի սրտին մէջ լուրը կը մեծնար գլորուող ձիւնագունդի պէս։ Կը մեծնար։ Իրեն համար, ամէն բանի վերջն էր։ Առանց այդ ամենօրեայ կանոնաւոր կեանքին, անորոշութիւնը պիտի հաստատուէր սրտին մէջ։ «Սրիկաներ» մրմնջեց, առանց գիտնալու թէ շրթունքները բացուեցան, օդին մէջ հնչուն ալիքներ կազմեցին ու իր գաղտնի մտածումը միւսին հաղորդեցին։ «Բայց, ո՞վ իրաւունք ունի գործաւորը իր մեքենայէն, իր աշխատանքէն հեռացնելու։ Կը հասկընա՞ս։ Ոչ ոք։ Աշխատանքը սուրբ է ու այս երկիրը ազատութեան երկիր է» ըսաւ Տիգրան վերջապէս, շեշտակի նայելով իր խօսակցին աչքերուն մէջ։ Ձայնով մը, որ իրմէ չէր գար, ձայնով մը, որուն շեշտը կը հասկցնէր թէ դեռ շատ բաներ կրնար ըսել, միւսը պատասխանեց ու հեռացաւ. «Այո՛, բայց մարդիկ անսուրբ են։ Կը ներես, ընկեր, ես ստիպուած եմ բաժնուիլ։ Ուրիշ առթիւ, չէ՞, կը տեսնուինք դեռ»։

Տիգրան հետեւեցաւ հեռուէն բանուորին, որ կը կորսուէր կիսամութին, լոյսերուն ու մարդոց բազմութեան մէջ։ Իրիկուան ստուերը կը խոշորցնէր անոր կռնակը։ Իրեն այնպէս թուեցաւ թէ այդ մարդուն հետ արդէն խորհրդաւոր հանդիպում մը ունեցած էր։ Այդ հանդիպումէն քանի մը շաբաթ առաջ էր, հանդերձարանը, ձեռքը գրպանին մէջ թուղթի կտոր մը խշրտացուցած էր։ Ու մէկը, ակնթարթի մը մէջ, ստուերի պէս անհետացած էր։ «Սիրելի ընկեր, կը հրաւիրուիս, այս իրիկուն, ժամը 6, 30ին, Պառ Մարիուսի ետեւի սրահը։ Օրակարգ՝ Սէնտիքայի հայկական հատուածի կազմութիւն»։

Մայթերուն վրայ ցնցում մը տեղի ունեցաւ։ Մտապատկերները թաւալեցան եւ աներեւութացան։ Երկար երազէ մը արթնցողի պէս, աչքերը բացաւ, ապշահար, իրականութեան վրայ։ Ոստիկանին ճերմակ, կլոր ծայրով գաւազանը մոգական նշանով մը շարժման մէջ դրած էր կառքերու անվերջ շարանը։ Մայթերուն բազմութիւնը, իր կարգին, ստիպուեր էր կանգ առնել, փողոցը անցնելու համար։ Այդ ընկրկումը ելեքտրական հոսանքի նման անցեր էր մայթին մէկ ծայրէն միւսը։ Այդ միջոցին կնոջ մը ժպիտը եկաւ լողալ իր աչքերուն մէջ։ Մէկէն, Տիգրան ինքզինք հրճուանքի գագաթնակէտին գտաւ։ Ինչպէս որ երազի մը մէջ յանկարծ մեր քայլերուն առջեւ կը բացուի առասպելական ծաղիկ մը, ձիւնասպիտակ, խոշոր թերթերով, համակ դիւթանք եւ փորձութիւն, եւ որ քաղելու մեկնող մեր ձեռքերուն տակ անդունդի կը փոխուի ու իր մէջ կը գահավիժէ մեզ, Տիգրան նման սարսուռէ մը բռնուեցաւ։ Իրական ուրախութեան ու պատրանքի մը զգայախաբութեան միջեւ, Տիգրան ժպտեցաւ, բայց ի՜նչ ժպիտ երկչոտ, անհամարձակ, դողդոջ, գրեթէ ակամայ։ Տկարին ժպիտը զօրաւորին առջեւ։

Մայթերը նորէն սկսան հոսիլ։

Տիգրան աչքերը վերցուց անձկութեամբ հետեւելու համար այդ սիրուն գլուխին որ յայտնուեր էր երջանկութեան խոստումով։ Գլուխներու վրայէն կարգապահ ոստիկանին ճպոտը միայն տեսաւ։ Անբաժանելի զանգուածէն գլուխ մը փրթեր էր յատկապէս իրեն համար։ «Ինծի համար …» խորհեցաւ Տիգրան։ Ու եսասէր զգացում մը յորդեցաւ իր մէջ։ Ուռեցաւ։ Մեծ կարեւորութիւն ստացաւ։ Քայլերը ծանրացան։ Ժպտերես գլուխը անյայտացած էր։ Անիկա յայտնուեր էր գլուխներու մակերեսէն վեր ու կրկին մխրճած՝ անոր մէջ։ Ի զուր, նայուածքը կը թափառէր աջէն ձախ։ Արդեօք նորէն տեսիլքի մը տո՞ւրք պիտի տար սիրտը։ Բարեբաղդաբար քրոջը նամակը այդ պահուն սողաց անոր մտածումին մէջ ու լեցուց պարապը։ «Սիրելի Տիգրան, դեռ չեմ կրնար հաւատալ թէ տասը օր միայն մեզ իրարմէ կը բաժնէ։ Նամակս օդային ճամբով քանի մը օրէն քեզ պիտի գտնէ։ Ամբողջովին կլանուած եմ մտածումով մը։ Մեր հանդիպումը։ Տասը տարի, երեւակայէ։ Մանչուկ մըն էիր այն ատեն, որ պզտիկ քոյրիկդ կ՚ապշեցնէիր հազար ու մէկ հնարքներովդ։ Գրեթէ աստուած մը, ամենակարող։ Ինծի այնպէս կուգար թէ բան չկայ աշխարհի վրայ, որ չկարենայիր ընել։ Հայրիկէն ալ աւելի»։ Այստեղ կանգ առաւ վերյիշումը։ Մնացեալը ցնդեցաւ մշուշի մէջ, մինչդեռ թուղթին վարը գիրերը խոշորցան, մօտեցան աչքերուն. «քեզ սիրող քոյրդ Վ. Սահակեան»։ Բայց ի՞նչ պէտք ունէր այդ նամակին, պահու մը՝ ուր անծանօթ աղջկան ժպիտը եկած զայն եսասէր, ինքահաւան դարձուցած էր։ Ցաւագինօրէն, Տիգրան զգաց որ յաղթուած մըն էր, ոչ մէկ առընչութեամբ անցեալի այն մանուկին հետ, որ թեւ կ՚առնէր ապագային վրայ։ Բան մը խորտակուած էր այդ վայրկեանէն Տիգրանի մէջ։ Իր ինքնագոհութիւնը։ Ու անսպասելիօրէն սանձարձակ փափաքներ ունեցաւ։ Թռչիլ օդերուն մէջ։ Աշխարհի ամենամեծ նաւը կառուցանել։ Վախցաւ Վարդանուշին երազները պատռելու գաղափարէն։

Հասեր էր փողոցին ծայրը՝ ուրկէ կը սկսի կլոր հրապարակը։ Չորս կողմը քննելով անցաւ հանդիպակաց փողոցը։ Բազմութիւնը ցրուած էր հրապարակէն ճիւղաւորուող փողոցներուն մէջ։ Հիմա աւելի ազատ կը շարժէր։ Ճամբայ բանալու պէտք չունենալով, ջղայնութիւնը հանդարտած էր։ Տիգրան մտքին մէջ փնտռեց երկու կնոջական դէմքերը, գտաւ ու զետեղեց քով քովի հաւկթաձեւ շրջանակի մը մէջ։ Կախեց մտքին պատէն։ Այդ երկու գլուխներուն իր կեանքն ներս մտնելը անոր մէջ արթնցուց ապրելու բնազդը, զօրաւոր, վտանգաւոր։ Կեանքին առջեւ զգացած վախն էր, որ զինքը հնազանդ անասունի մը վերածած էր։

Փողոցը կը բարձրանար ուղղակի իր նպատակակէտին։

—Այո, այո, մեծ վիլլա մը, խորհեցաւ Տիգրան, նոյն իսկ չանդրադառնալով թէ ի՞նչ էր ըսածը։ Փոքրիկ, նեղ բնակարանի մը պատկերը մտքին մէջ, խեղճութեան նողկանքը տուած էր։ Վերջապէս հասաւ մեռելաթաղներու քաղաքային շէնքին առջեւ։ Հոն էր, որ կը գտնուէր վարձու բնակարաններու հանրային գրասենեակը։

Ներս մտաւ:

Յառաջացաւ կիսամութ նրբանցքէն։ Վարանոտ։ Պատերուն վրայ սեւ վարագոյրներ քաշուած էին։ Ցուրտ լռութիւն մը կը տիրէր։ Անմիջապէս խռովեցաւ Տիգրան։ Մտքին պատկերները ցնդեցան եւ անոնց ծնունդ տուող մտազբաղումը լքեց զինքը։ Կը լողար անիմաստ տարտամութեան մը մէջ։ Լռութիւնը, մեռելային ու դժնէ։ Նրբանցքներուն գերեզմանային հոտը պակուցիչ պատկերներ կը նետէր անոր մտքին մէջ։ Ինքզինքը ա՜յնքան պզտիկ զգաց այդ ցուրտ մթնոլորտին դէմ։ Անզօր ու մինակ։ Իր քայլերուն շփումը գետնին վրայ սարսափի յայտնութիւններով յղի միջոցը կ՚արթնցնէր։ Ուժգին կը բաբախէր սիրտը։ Բոլոր զգայարանքները լարուած էին արտաքին օգնութեան մը սպասումով։ Պատերուն ետեւ ականջները մարդկային ձայնի փշրանքներ կը փնտռէին, եւ ահա իր սեփական շնչառութեան, սրտին զարկին աղմուկը, աւելի շեշտուած, կը բարձրանար ու հոտառութեան անհամ երեւոյթներուն կը խառնուէր։ Կը քալէր պատերուն տակէն, կարծես անոնց ներկայութեամբ ինքզինքը ապահովելու համար, բայց վարագոյրները կը շարժէին ու կը թափէին իրենցմէ անտեսանելի գոյութիւններու ողկոյզներ։ Սիրտը կը ցնցուէր վարագոյրներու ամէն մէկ ծանր ու դանդաղ շարժումին։ «Տարօրինա՜կ, խորհեցաւ, ի՞նչ խելք. այս մեռելային շէնքին մէջ հաստատել վարձու բնակարաններու գրասենեակը»։ Սանդուխներուն վերեւ ելեքտրական լապտեր մը իբրեւ յոյս երեւցաւ իրեն։ Լապտերին լոյսը վատուժ էր, կարծես թաւշային խաւարը մատնանշող։ Ճառագայթները կը ծառայէին դժնդակ պատկերներու գծագրութեան։ Տիգրան պահ մը խորհեցաւ քաղաքային վարչութեան, որ ուրուականներէ կազմուած պէտք էր ըլլար։ Այսպէս է, որ առաջին անգամ անոր սրտին մէջ ապստամբ նշոյլ մը յայտնուեցաւ։ Բայց դառնութիւնը զինքը գրաւած ըլլալուն, ատելութիւնն էր, որ դիտեց ի մէջ։ Սանդուխին առաջին աստիճանին վրայ դրաւ ոտքը։ Լռութիւնը կը շարունակէր շատցնել ամէն մէկ շարժումի հնչականութիւնը։ Տիգրան սեղմեց շունչը կոկորդին մէջ ու վազեց։ Բարձրացաւ աստիճաններէն, հրդեհէ փախչողի մը պէս։ Առաջին յարկի նրբանցքները ճիւղաւոր էին եւ երկար, խրած մթութեան ծոցը, հոս֊հոն նոյն վատուժ լապտերներով։ Նոյնպէս սեւ թաւիշէ վարագոյրներ կախուած՝ վերէն վար, նրբանցքներու երկայնքին, ծալք֊ծալք։ Իւրաքանչիւր ծալք խորհրդաւոր ուժերու ապաստան կը թուէր։ Տիգրան կը վախնար անոնց հպելէ, արթնցնելէ խորհուրդները՝ որոնք, քնաթաթաւ, անակնկալի եկած կրնային վազվզել նրբանցքներէն խուճապահար։ Կենդանութեան ոչ մէկ հետք։ Անշարժութիւնը, վհատած լռութիւնը կը պեղէին Տիգրանի խռոված ուղեղը։ Զգուշութեամբ կը քալէր նրբանցքին մէջտեղէն, կրունկները զարնելով տախտակամածին։ Յանկարծ վարագոյր մը գլորեցաւ։ Տիգրան, որ կը ջանար հեգնել պատկերներու միմոսութիւնները, իրապէս սոսկաց։

Մարդու մը գլուխը երեւաց վարագոյրին ետեւէն։ Տիգրան շունչ առաւ։

—Ի՞նչ կը փնտռէք, երիտասա՛րդ։

Տիգրան կակազեց։ Չկրցաւ ամբողջացնել նախադասութիւնը։ Իր ձայնին մէջէն օտար մը կը խօսէր։

Զարհուրելի՜ բան , մարդ իր ձայնին մէջէն ինքզինքը չգտնէ՜…։ Բարեբախտաբար մարդը հասկցաւ.

—Սխալած էք, վարը, ճիշդ մուտքի դրան քով։

Տիգրան վերադարձաւ սանդուխին։ Վերջին աստիճանին, պարապի մէջ կախուողի պէս, ցնցուեցաւ։ Զգացումները որոնք իր քայլերը առաջնորդէր էին այդ շէնքը՝ իրեն չէին ներկայանար։ Ժպտուն զոյգ դէմքերը մտքին մէջ չէին։ Ինքզինքը աւելորդ բան մը կը զգար։ Վարագոյրները ու դեռ շատ մը առարկաներ զորս չէր նշմարած՝ մեռելի հոտ կ՚արտաշնչէին։ Երբ փողոցին դուռը բացաւ, ամպերը կը վազէին երկինքէն։ Ինքնաշարժերը՝ գետնէն։ Բաց օդին ու խոշոր լապտերներու լոյսին մէջ Տիգրան հառաչեց։ Կուրծքին մէջ մանր ձուկ մը թպրտաց։ Հառաչը սպառեցաւ։

Տիգրան ինքզինքը ողողուած զգաց տարօրինակ խաղաղութեամբ մը։ Ու տեսաւ, որ իր երազին աղջիկը ներս կը մտնէր այն դռնէն՝ ուրկէ դուրս եկած էր ինք։ Աճապարանքով անոր կուրծքին մէջ թպրտացող ձուկը ցատքեց իրմէ դուրս եւ վազեց աղջկան ետեւէն։ Բռնեց ու գրկեց։ Համբոյրի անձրեւ մը տեղացուց անոր այտերուն եւ շրթներուն վրայ։ Աչքերէն հոսող ուրախութեան արցունքները թրջեցին աղջկան երեսները։ Բերանին շուրջ, օդին մէջ, բառերու թաթառ մը կը պտուտքէր, անկապ, անհեթեթ՝ ինչպէս սէրը.

«Ո՛չ, ո՛չ, չեմ թողուր որ հեռանաս… ա՛լ պէտք չէ, որ կորսուիս… գիտնայի՜ր… ոստիկանին անիծեալ ճպոտը… որ բաժնեց մեզ… այո՛, չեմ թողուր… կ՚ընդունիս, չէ՞… սիրելիս… սիրելիս…»։ Այլեւս պիտի չթողուր։ Ո՛չ, պիտի չթողուր, որ կորսուի…։

Բայց կը մնար մայթին վրայ՝ անշարժ, վարանոտ, երկդիմի։ Կը վախնա՞ր ծիծաղելի երեւալէ։ Սպասեց քիչ մը։ Նայեցաւ երկինքէն փախչող ամպերուն որոնց ծայրերը կրծուած էին յստակ արծաթագոյն լոյսով մը։ Ջիղերը սկսան հանդարտիլ ու անմիջապէս անյայտացող փոթորիկին տեղ կը վերադառնար հին տղան, որ երկչոտ ու անհամարձակ էր։ «Քիչ մը կենամ, թող չկարծէ թէ իր ետեւէն կը վազեմ…»։ Վարձակալութեան գրասենեակը։ Դեղնոտած պատեր, որոնց վրայ հաստատուած են խոշոր քառանկիւն շրջանակներ։ Հասցէները հոն զետեղուած են ըստ տեսակի։ Ձախ կողմը դուռ մը, որ կը տանէր բուն գրասենեակը՝ ուր պաշտօնեան գլուխը ծռած էր սեղանի մը վերեւ։ Պաշտօնեային կողմը դարձած, «Bonsoir, m’sieurs dames» մը փսփսաց։ Թեթեւ քրտինք մը թրջեց ճակտին վերեւ մազերուն արմատները։ Յօնքերը իջեցուց աչքերուն վրայ, կարճատեսի պէս, կը կարդար գեղագրութիւնները, կրկնելով ինքն իրեն «Երկու սենեակ, մէկ խոհանոց», մինչդեռ ցուցակը, որուն առջեւ կանգ առած էր, կը ներկայացնէր «պառ»երու, «նպարատուն»երու, «բաղնիք»ներու եւ այլնի խմբակ մը, խոշոր խորագրով՝ «Fonds de Commerce»։ Աղջկան նայելու փափաքը անդիմադրելի էր։ Բայց դառնալ անոր հետ խօսելու իսկ գաղափարը, արիւնը գլուխը խուժել կուտար։ Կարծեց թէ պատահմամբ է, որ իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան։ Աղջկան դէմքին վրայ ժպիտ մը կար։ Ան է, որ յամառօրէն կ՚որոնէր Տիգրանին նայուածքը։ Կը ժպտէր։ Յետոյ անտարբերութիւն կը ձեւացնէր։ Քանի մը քայլ կը նետէր ու նորէն կը բերէր նայուածքը մխրճել իր որսին ապշահար աչքերուն մէջ։ Տիգրանի աչքերուն առջեւ տողերը գիծեր կ՚ըլլային։ Գիծերը՝ կէտեր, մինչեւ որ իր նայուածքին առջեւ ճերմակ խաւաքարտներ գտաւ։ Կինը հասկցած էր թէ անփորձ տղու մը հետ գործ ունէր։ Տեսակ մը զբօսասէր յամառութեամբ կը հալածէր զայն։

Ու օրօրուելով մօտեցաւ իրեն։

—Կ՚երդնում թէ բնակարան կը փնտռէք

—Անտարակոյս, տիկին. ուրիշ ի՞նչ կարելի է փնտռել հոս։

Տիգրան զգաց թէ ձայնը կը դողար։ Մտածեց նոյն իսկ թէ իրապէս իր ձա՞յնն էր։ Արդեօք ուրիշ մէկը չէ՞ր իր տեղը խօսողը։ Մանաւանդ, անոր համար, որ իր նախապէս պատրաստած նախադասութիւնները տարբեր էին։ Ան պիտի ուզէր ըսել, օրինակի համար «Ա՜հ, դո՞ւն ես, ի՞նչ երջանկութիւն… մնացի՛ր, մինակ մի՛ ձգեր զիս…» եւ այլն։ Բայց անիծեալ բառերը գամուեր մնացեր էին իր մէջը։ Չէին ուզեր դուրս գալ։ Արտասանած բառերը օտար էին իրեն համար։

—Օրիորդ, ճշդեց կինը, դեռ տիկին ըլլալու պատիւը չեմ ունեցած։

«Դեռ տիկին ըլլալու պատիւը չեմ ունեցած» կրկնեց Տիգրանի սիրտը։ Ու աղաչող շեշտով մը բարձրաձայն՝

—Ներողութի՜ւն… օրի՛որդ…

—Այն ատեն, ահաւասիկ բնակարաններու ցուցակը, ըսաւ կինը կէս հեգնոտ, կէս զուարճացող շեշտով մը։

Տիգրան նայեցաւ իր առջեւի ցուցակը։ «Պառ», բաղնիք, վաճառատուն, սրճարան եւայլն պարեցին անոր աչքերուն առջեւ։ Անոնք նայեցան իրարու։ Կինը խնդաց։ Տիգրան կարմրեցաւ։ Բայց ներքնապէս գոհ էր, որովհետեւ վստահ էր, որ աղջիկը հասկցած էր իր խռովութեան պատճառը։

Անոնց նայուածքները լռութեամբ շրջեցան պատի գրութիւններուն վրայ ու երբ կրկին իրարու հանդիպեցան, աղջիկը ժպտեցաւ։

—Չեմ համարձակիր, ըսաւ, եկած եմ բնակարան վարձու տալու

—Ա՞հ… ընդմիջեց Տիգրան։ Բայց ինծի պզտիկ բնակարան մը պէտք է, երկու սենեակնոց եւ մէկ խոհանոցով։

Կինը շեշտակի նայեցաւ Տիգրանի աչքերուն մէջ։ Ժպտեցաւ։

Աշնան բարակ անձրեւ մը իջեր էր, թրջեր սալայատակները ու քաշուեր՝ երկինքին չես գիտեր որ անկիւնը։ Թաց մայթերը կը պլպլային լապտերներուն ցոլքերովը։

Տիգրան քալեց կնոջ կուշտին, ինչպէս երազի մը մէջ։ Կարճ, խորտուբորտ փողոցներ մէկը միւսին մէջ մեռնելով զոյգը բերին գունաթափ պանդոկի մը առջեւ։ «Եկուր», լսուեցաւ աղջկան ձայնը, ցած, վախկոտ։ Տիգրան, իր ներքին երազին պատճառով, կատարեալ automate մը դարձած էր։ Աղջկան հրաւէրը, «եկուր», տրտմութիւն մը նետեց անոր հոգիին մէջ, բայց հետեւեցաւ։ Պանդոկի հասարակ սենեակ մը։ Պատերէն պաղ տպաւորութիւն մը կուգար։ Հիասթափութիւնը շատ դանդաղ եղաւ։ Տակաւին պայծառօրէն չէր ըմբռներ ցուրտի, զզուանքի եւ փախուստի խառն զգայութիւնը։ Իրեն այնպէս կը թուէր թէ բառերը կը փախչէին իրմէ, չէին հնազանդեր իրեն։ Չէր կրնար զանոնք դասաւորել։ Նորէն ինքզինք շատ պզտիկ զգաց։ Ինչպէս երբ մանուկ էր։ Բառերը տարօրինակ մոգութիւն մը կը գործէին իր վրայ։ Կը սոսկար զանոնք արտասանելէ։ Անոնք կրնային քանդել երազը։ Երազը լուռ է, մունջ, անձայն։ Սենեակը միայն մէկ պատուհան ունէր ու փեղկերը փակ էին։ Երբեք բացուած չըլլային, կարծես։ Պատուհանին անմիջապէս մօտը՝ խարխուլ մահճակալ մը, ցած։ Վրան աղտոտ ծածկոց մը։ Շնիկ մը, դունչը ոտքերուն մէջտեղ, աչքերը սեւեռեց տրտմութեամբ ու կրկին քուն ձեւացուց։ Անդին, փայտի ածուխէ կրակարանի մը վրայ աման մը ջուր կը տաքնար յուշիկ յուշիկ։ Կինը հաներ էր վերարկուն, գլխարկը։ Մօտեցաւ Տիգրանին։ Տիգրան չէր շարժեր։ Փախչելու գաղափարն իսկ չէր գար մտքին։ Մէկու մը պէս, որ չի կրնար հեռանալ սիրուած էակի մը մեռելէն, ան փարած էր իր երազին դիակին։ Այդ լռութեան ու անշարժութեան առջեւ աղջիկը պահ մը շփոթեցաւ։ Չկրցաւ, ըստ սովորականին, գործածել իր թեւերը՝ որոնք աւելորդ մասերու պէս կախուած էին ուսերէն։ Յետոյ մօտեցաւ, վերջապէս բարձրացուց թեւերը ու հաստատեց զանոնք Տիգրանի ուսերուն վրայ.

—Օ՜հ, ըսաւ, կը վախնա՞ս ինձմէ։

Երբեք արհեստը իրեն այնքան դժուար եկած չէր։ Քիչ մըն ալ՝ կորսուած կուսութիւնը պիտի վերագտնէր։

—Եկո՛ւր… ըրաւ ձայնը, գրեթէ խնդրող։

«Ո՞վ իրաւունք տուաւ իրեն հետս եզակի խօսելու» խորհեցաւ Տիգրան ու քայլ մը ետ քաշուեցաւ։

Կինը կրկին փարեցաւ իրեն։ Գգուեց մազերը։ Կրթնեցաւ անոր քսան տարեկանի հասակին։ Տիգրանի նայուածքները դէպի ներս կը նայէին ու անոնք աղջկան այնքան գեղեցիկ կը թուէին որ, պահ մը, իրական տարփանքի ջերմութիւնը գրկեց զինք մէջքէն։

—Ինծի նայէ։

—Հանգիստ ձգեցէք զիս, ձգեցէք, որ մեկնիմ կը հաճի՞ք ըսաւ Տիգրան՝ որ այժմ այնքան խաղաղած կը զգար ինքզինքը։

—Ինչպէ՞ս թէ մեկնիլ, կը կարծես թէ պարապ տե՞ղը ժամավաճառ եղայ…

Տիգրան ցնցուեցաւ։ Կինը վերջապէս դիմակազերծ եղած էր։ Կատակերգութիւնը կանգ առած էր ու Տիգրանին տուած՝ քաջութիւնը։ Խորունկ զզուանքով մը գրպանէն քսաննոց թղթադրամ մը հանեց, շպրտեց մահճակալին վրայ ու վազեց դէպի դուռ։

Դուրսը, քալեց կարճ փողոցներէն, որոնք իրարու մէջ հոսելով Տիգրանը տարին մեծ պողոտան։ Իրեն այնպէս կուգար թէ, որովհետեւ նայուածքները միշտ դէպի ներս էին, գանկին հորիզոններուն վրայ, այո՛, այնպէս կը թուէր թէ երկու սիրուած էակները պարունակող հաւկթաձեւ շրջանակը ինկած փշրուած էր ու անոր կոտրտուքներուն վրայէն է, որ կը քալէր։ Պողոտային վրայ՝ վազելու, փախչելու ցանկութիւն մը կը մտրակէր զայն։ Սկսաւ վազել, իր բարկութեան ամբողջ ուժովը։ Բարկութիւնը անոր մէջ վառելանիւթի պէս կը բռնկէր, ոստում մը ընել կուտար Տիգրանին, որ կը վազէր, կը կենար, կը դանդաղէր եւ յանկարծ, յանձնուելով խելառ վազքի մը, սկսաւ փախչիլ. աւելի ինքզինքէն կը փախչէր քան թէ իր շրջապատէն։ Քանի կը վազէր, աւելի կը բարկանար, աւելի կը ջղագրգռուէր, որովհետեւ կ՚ուզէր իր ետեւը ձգել իր այն ընդդիմադիր մասը, որ կը կառչէր իրեն, կը տարածուէր, իր մէջ, կը շատնար, կը ճիւղաւորուէր։ Երկար ատեն ան ինքզինքը անխոցելի հաւատացած էր։ Ու բաւական եղած էր, որ դէմք մը երեւայ, ժպտի, յօնքերը պռստէ, թքնէ երեսին, որպէսզի իր մէջ քուն եղած ձայներ արթննան, աղաղակեն ու խառնափնթոր հոգեվիճակի մը մէջ գահավիժեն զինքը։ Ժամանակը իրմէ աւելի կը վազէր։ Շէնքերը, փողոցները, քաղաքը նմանապէս մրցումի ելած էին։ Փողոցէ փողոց կը մտնէր, կը դառնար մէկ անկիւնէն միւսը, արագ, մեքենական։ Երբ լայն հրապարակի մը վրայ գտաւ ինքզինքը, նայեցաւ շէնքի մը ճակատին. խոշոր ժամացոյց մը մատը տասներկուքին վրայ դրեր էր։ Դէմի սրճարանէն մարդ մը դուրս ելաւ, ձեռքը սակառ մը։ Թուղթէ ծրարներու տեսքին՝ Տիգրան անօթութիւն զգաց։ Յիշեց, դեռ չէր ճաշած։ Սկսաւ ստկել պիստակները եւ ուտել։ Քայլերը ինքնաբերաբար դանդաղեցան։ Այն ատեն քաղաքը գրաւեց իր սկզբնական տեղը, անշարժացաւ որ Տիգրանին երեւցաւ այնպէս ինչպէս որ կը ճանչնար արդէն։ Խաղաղած մտքին մէջ գտաւ իր սենեակին պատկերը։ Ուզեց երթալ պառկիլ, մոռնալ։ Բայց պանդոկին դրան տեսքը, հանրատան պէս ընդմիշտ բաց, նետեց զզուանքը անոր սրտին մէջ։ Սենեակին առօրեայ գործածութեան առարկաներն իսկ զերծ չմնացին այդ զզուանքէն։ Անկողինը՝ որուն մէջ իր մարմինը ոչ մէկ բարերար հպումի կը հանդիպէր, եթէ ոչ, ըստ բախտի, իր սեփական մատներունը՝ որ իր գոյութեան տարտամօրէն հեշտագին զգայութիւնը կուտար իրեն։ Զզուանքը համատարած էր։ Տիգրան վերադարձաւ։ Գնաց ծովեզերք։ Հեռու։ Բայց ոչինչ կրցաւ ցրուել վրդոված մտածումները։ Ամէն ինչ կը դրոշմուէր իր տրամադրութեամբ, կը ստեղծէր միւենոյն անշնչելի մթնոլորտը։ Վերադարձաւ։ Նորէն փողոցներ։ Մայթեր։ Ոստիկաններ։ Կնոջ գեղեցկօրէն շպարուած դէմքեր, որոնց ժպիտը թղթադրամ կը հոտի։ Տիգրան ապշած կը նայէր չորս դին. «Ա՛հ, այո՛, կը քրթմնջէր, վարձու սենեակ…»։ Տիգրանի սիրտը կը գօտեպնդուէր, կը խլրտէր նոր ուժերով։ Նոր փիւնիկ մը դուրս կուգար անոր մոխիրէն։ «Աղուոր դաս եղաւ» կը խորհէր ու կը քալէր դէպի սենեակը։ Քիչ վերջը արշալոյսը պիտի բացուէր, չորս կողմէն պիտի լսուէին գործարաններու սուլիչները։ Տիգրան ակամայ, ականջները կը ցցէր, օգնութեան սպասող ծովամոյններու պէս։

—Հաւատացէ՛ք, պարո՛ն, գրեթէ ողորմութիւն կը մուրամ… անօթութիւնը… հոս… տեղս մօտ է… կը փսփսար կնոջ մը խռպոտ ձայնը։ Տիգրան չիմանալ ձեւացուց։ Քայլերը արագացուց։ Շուտով հասաւ պանդոկ։ Ելաւ սենեակը եւ անմիջապէս մտաւ անկողին։

Վերմակին տակ, մտածումները հանդարտած, բայց դէպքէն մնացած պատկերներու կտորուանքները դեռ կը դիմադրէին։ Քունը չէր գար։ Ամբողջ ուժով կը ճգնէր վարագոյր քաշել այդ աննախընթաց օրուան վրայ։ Շփոթ դէմքեր մտքին մէջ իրարու կը յաջորդէին։ Անծանօթուհիին դէմքը, զանազան արտայայտութիւններով կը պարզուէր ու ծնունդ կուտար խորամանկութեան խաղին։ Ապրելու կռուին։ Պահ մը սիրտը կը լեցուէր կարեկցութեամբ, կրկին տեղի տալու համար հիասթափութեան տաղտուկին։ Փոխադարձաբար։ «Ճիգը, կ՚ըսէր Տիգրան սովորաբար ինքզինքին, ներքին ճիգն է, որ մարդը կը բնորոշէ անասունէն։ Ճիգը մարդուն կռիւն է ինքզինքին հետ»։

Սեղանին վրայ ժամացոյցը ամենայն անտարբերութեամբ երկվայրկեանները կը համրէր ամէն օրուայ պէս։ Տիգրանին այնպէս կուգար թէ ժամացոյցը, որ իր աշխատաւորի կեանքին անբաժան ընկերն էր, այդ ճիգին օգնութեան կը հասնէր։ Անոր թիք֊թաքը սղոցի պէս կ՚երթար կուգար մտապատկերներուն վրայէն ու ինք, գլուխը գանկին երկարած հնազանդ մահապարտին նման, վերջին խաղաղութեան կը սպասէր։ Քունը չէր գար։ Կը դառնար աջ, կը դառնար ձախ։ Գլուխը կը խոթէր բարձին տակ, բայց թիք֊թաքը կ՚արիւնէր զգացումները, ինչպէս չսրուած դանակը աքլորի մը վզին վրայ։ Գիշերային խաւարը, մեկուսացած, միջոցէն անջատուած սենեակին մէջ, զառանցանքներու գործարան մը կ՚ըլլար։ Տիգրան, երեւակայութեան ուժ տալով, սարսափ ունեցաւ։ Ցատքեց անկողնէն։ Դարձուց ելեքտրական կոճակը։ Լոյսը ժայթքեցաւ չորս դիէն։ Լոյսը եւ խաւարը իրարու բաղխեցան աչքերուն մէջ։ Մատներով ճմռթկեց աչքերը, ուժգին, շտապով, շնչատ։ Կարծես մութին մէջ թշնամին խեղդամահ կ՚ընէր։ Ու երբ աչքերը բացաւ, լոյսը ժպտեցաւ իրեն։ Ինքն ալ՝ լոյսին։ Ժամացոյցին զարկը իր ամենօրեայ իմաստը ստացաւ։ Գաւաթ մը ջուր խմեց։ Լոյսը մարեց։ Վերմակին տակէն փախեր էին խռովարար պատկերները։ Խաղաղութիւնը կ՚իջնէր, կը տարածուէր բուրմունքի նման։ Թարթիչներուն մէկ ծայրէն ներս սահեցաւ քրոջը դէմքը։ Մանկութեան յիշատակները մշուշի մը մէջէն տողանցք ըրին։ Տողանցքը յառաջացաւ հեռաւոր ցամաքներէ, լեռներէ, ծովերէ, եւ ահա, խելահաս, հասուն կնոջ մը դէմքը կ՚առաջնորդէր անցեալի կարաւանը ու կանգ կ՚առնէր ներկայի կայարանը։ Տիգրան կեանքը աւելի շօշափելի կը զգար։ Ահաւոր պարապութեան մը զգայութիւնը, իր ետեւ, տեղի կուտար սիւներու՝ որոնք կը կանգնէին հաստատուն բռնելու համար շէնքը։ Երբ Տիգրան իրապէս հասկցաւ ապահովութեան վերադարձը, աւելի կայուն հիմքերով, շրթները մեղմօրէն շարժեց մութին մէջ. «Բայց ի՞նչ արդիւնքի յանգեցնել ճիգը… ի՞նչ կատարի հասցնել…»։

Եւ այս խորհրդածութիւնը հարթեց ներդաշնակեց անոր միտքը, համակեդրոն ծրագիրներու միապաղաղ հոգեմթնոլորտին մէջ։ Քունը վրայ հասաւ, բացաւ թեւերը, փռեց մահճակալին վերեւ… քունը… անուշ քունը… խորունկ… Գիշե՜ր բարի…