Վարձու սենեակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՒ ՄԱԶԵՐԸ

Տասը տարիէ աւելի պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ կ՚աշխատէր։ Մեծ Պուլվարներու կողքին, լուռ ու խաղաղ անկիւն մը, գրեթէ կղզի մը, պարոն Պէռնարի չորս պանդոկները դէմ դիմաց իրար կը նայէին, մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ։ Բայց անկասկած Իշխանաց Պանդոկը գեղեցկագոյնն էր, ոչ անոր համար, որ Նիք֊նիք գլխաւորաբար հոն զբաղուած էր, պարզապէս անոր համար, որ գեղեցկագոյնն էր։ Կը բաւէր միայն աչք մը նետել ու հաստատել. «Ի՜նչ սիրուն պանդոկ»։ Իշխանաց Պանդոկը միայն ունէր դարձող դուռ մը՝ որուն թեւերուն մէջէն շնորհալի կիսաշրջանով մը դուրս կուգային հիւրերը։ Իսկ կրումները, իրենց պատանիի ոգեւորութեամբ կը դղըրդացնէին այդ թեւերը՝ որոնք, անոնց հեռանալէն ետք, դեռ կը շարունակէին դառնալ բրտօրէն։ Պանդոկին իշխանական խաղաղութիւնը պահ մը կը սրսփար, աչքին մէկը կը բանար՝ գլուխը թաթերուն վրայ հանգչեցուցած շունի մը պէս եւ կրկին կը վերադառնար իր որջը։ Դրան դիմացը սանդուխին վրայ կանգ կ՚առնէր երկայնահասակ նրբակազմ տնօրինուհին, նայուածքը սեւեռած, վարի շրթունքը ակռաներուն մէջ սեղմած, որպէսզի գայթակղութիւնը մնայ կոկորդին մէջ։ Ո՞ր անպատկառն էր համարձակած խանգարել իրմէ պարտադրուած եւ այնքան հոգատարութեամբ հսկուած խաղաղութիւնն ու լռութիւնը։ Պարոն Պէռնար, նոյն ինքը, ոտքը Իշխանաց Պանդոկին դռնէն ներս նետելուն, շրթները դանդաղօրէն կը բանար, ձայնը կը քաղցրացնէր, կը ցածցնէր, կը կենար ուղիղ, թեւերը կախած, մեղկութեամբ։

Նիք֊նիքի աշխատութիւնը անորոշ էր։ Օգնական, աւլող, սրբող, մաքրող։ Ան էր, որ նորեկները իրենց աշխատանքին կը վարժեցնէր կամ բաց մնացած տեղ մը կը լեցնէր, բացի խոհանոցէն։

Ա՛հ, այո, բացի խոհանոցէն, որուն քովէն անցնելու անգամ կը զգուշանար։ Ի՛նչ չար ու ինքնահաւան էին այդ «ճերմակ գդակաւոր»ները, մանաւանդ երբ բոլորը միատեղ յօնքերնին կիտած կը ծիծաղէին։ Անոնց քով էր միայն, որ կիներուն մօտ ունեցած իր հեղուկ ժպիտը տեղի կուտար, հաստ շրթունքը կը կախուէր, թախծութիւնը կը պատէր հոգիին մէջ եւ կը կորսնցնէր իր ինքնութիււնը։ Նիք֊նիքի այս վախը Պարոն Պէռնարի չորս պանդոկներուն մէջ աշխատողներուն բոլորին ծանօթ էր։ Ոչ ոք զայն կը յիշեցնէր իրեն, բայց անիկա բոլորին աչքերուն մէջ կը կարծէր կարդալ ու փորձութենէ խուսափողի մը պէս կը զգուշանար նայուածքը անոնց ուղղելէ։ Միշտ ոտքերուն ծայրին նայելով կը քալէր։ Կը նախընտրէր որ դանակին սուր ծայրը փորը մխէին, քան խոհարարներու գոյութիւնը յիշեցնէին իրեն։ Ամենէն առաջ կ՚արգահատէր փոխ֊վարպետին՝ որուն փորը իրմէ առաջ կը քալէր։ Խոհարարին կուրծքէն կախուած այս մսեղէն տոպրակը զինքը քթին տակէն կը խնդացնէր։ Եթէ պատահէր չկարենալ պահել խնդուքը փորին մէջ, մինչեւ աղիքները եւ դուրս տար փոխուքի պէս, կրկին ու կրկին կը պատուիրէր, որ խոհարարին չխօսին այդ մասին։ Օր մը սակայն, բարկութեան մէկ պահուն ինքն իսկ պոռաց անոր երեսին.

—Նախ փորդ խնամէ ու վերջը խօսէ ուրիշներուն վրայ…

Այս համարձակութիւնը սուղի նստաւ իրեն։ Խոհարարը, ձեռքերը մէջքին, քիչ մը դէպի ետեւ հակած, աչքերը իրենց փոսերէն դուրս թափած, սպառնաց կրկնել տալ ըսածը։ Միւսը յամառեցաւ։ Խոհարարը լրջօրէն ինքզինքէն դուրս ելած, իր ամենէն սուր քիթով դանակին ծայրը կրթնցուց անոր պորտին քովերը ու պոռաց ճիւաղային ձայնով մը.

—Պիտի կրկնե՞ս թէ ոչ ըսածդ, պիտի կրկնե՞ս… պիտի կրկնես, հէ՞… այնպէս չէ՞…

Դանակին քիթը հասեր էր մորթին։ Նիք֊նիք կը յամառէր տակաւին։ Լեզուն քար կտրած էր, սիրտը՝ հրդեհ։ Քամուած կը մնար ոտքի մատներուն վրայ, վեր վեր կ՚ոստոստէր քանի մետաղին պաղ ծայրը կը զգար մորթին վրայ։

—Պիտի կրկնե՞ս… կը շարունակէր հաստափոր խոհարարը, ակռաները կճրտացնելով ու հարցումին իւրաքանչիւր շեշտին դանակին ծայրը քիչ մը աւելի ներս հրելով։

Յանկարծ՝

—Օ օ օ օ օ՜… հեթանոս, վայրենի հրէշ, աղաղակեց սեւամորթը։

Անմիջապէս տափատին վերի երկու կոճակները քակեց. շապիկին ծայրը վեր առաւ։ Աչքերը կլոր կլոր կը դառնային իրենց խոռոչներուն մէջ։ Բարկութիւնը սեւ դէմքին վրայ, ծիածաններուն սպիտակութեան մէջ, արտասովոր արտայայտութիւն մը կ՚առնէր։ Պորտէն քիչ մը վար մազի բարակութեամբ ճեղք մը բացուած էր։ Ամէն մէկ ծայրին արիւնը սկսեր էր արցունքոտիլ։ Արիւնին տեսքը տաքցուց զինքը։ Ինքն իր վրայ դարձաւ կատաղօրէն ճչալով, կարծես ելեքտրական հոսանքէ բռնուած։ Տեսարանը արտառոց էր։ Խոհարարները, պնակ լուացողները, բոլորը ներկայ էին, շրջանակ կազմած ու չէին գիտեր թէ պէտք էր խնդա՞լ թէ լալ։ Փոխ վարպետը, ինքն ալ փոխն ի փոխ ու նոյն իսկ միաժամանակ, թէ կը զուարճանար, թէ սրտին մէջ սուր կսկիծ մը կը զգար։ Բայց, յանկարծ, բոլորը մէկ ենթարկուեցան պակուցման սարսուռներուն։ Նիք֊նիք անսպասելի անդրադարձութեամբ ցատքած էր փոխ վարպետին վրայ ու խորունկէն խածած անոր մերկ բազուկը։ Խոհարարին աչքերը վայրկենապէս պոռթկացին։ Ան նայեցաւ բազուկէն հոսող արիւնին, յետոյ խափշիկին եւ այսպէս յաջորդաբար քանի մը անգամ։ Բոլորը կը սպասէին անշարժ ու յափշտակուած, գալիք անհաւասար մենամարտին։ Բայց խոհարարը սեւէն ճերմակ, ճերմակէն սեւ դառնալով ժայթքեցաւ ճաթած խնդուքով մը։ Ներկաները երկայն շունչ մը քաշեցին, աղէտէ մը ազատուածներու պէս։ Խոհարարը ձախ բազուկը աջ ձեռքին մէջ՝ գնաց, ծիծաղկոտ, ցուցադրել ամենուն ափրիկեցիին արարքը,

 

Երբ նորեկներ չըլլային եւ կամ աւլտուքը լմնցած ըլլար, Նիք֊նիք օրուան մնացեալ մասը կ՚անցնէր սրահներուն մէջ։ Շրթունքը կախ, մէկ ձեռքը լաթի կտոր մը, միւսը՝ փետուրէ փունջ մը ասդին անդին կ՚երերար, սեղաններուն, աթոռներուն կամ պատերուն քանդակներուն վրայ հանգչած փոշին սրբելով, կատակելով, հալը կամ ընթերցասրահը նստած կիներուն հետ։ Անարդար չըլլալու համար պէտք է ըսել անմիջապէս որ աւելի կիները կը հետաքրքրուէին իրմով։ Անոր տուած միամիտ եւ սակայն կամշոտ պատասխանները կը զուարճացնէին զիրենք։ Իրենց սպիտակ ակռաներուն եւ կարմիր շրթունքներուն մէջէն գուլայ գուլայ դուրս եկող ծխախոտի մուխին ետեւ դէմքերնին յուլօրէն կը ծիծաղկոտէր։ Ցուցամատին ու միջնամատին միջեւ թըրքիշ սիկարեթ մը զոր կը տանէին շրթունքներէն ծունկին, ծունկէն շրթունքներուն։ Մուխը ներս կը քաշէին եւ յետոյ դուրս կը հանէին ուղխօրէն իրենց մանրիկ քթածակերէն։ Ու կիները Նիք֊նիքին դիմացը կողերնուն մէջ ըղձանքի դանդաղ գալարումներ կ՚ունենային։ Օրուան այդ անհատնում կէս օրէ վերջերը Նիք֊նիք ուղղակի ազատութեան աղբիւրէն կը խմէր։ Զինքը նեղողները իր աշխատակիցներն էին։ Հիմա չկային անոնք։ Մինչեւ իրիկուան սպասարկութիւնը։ Սրահէ սրահ ան փոշի կ՚որսար ու եթէ այդ կիներէն մէկը գտնէր իր մէջ զուարճութեան առարկայ մը, ձանձրոյթը փարատելու նպատակով, Նիք֊նիք աշխարհի ամենաերջանիկ մարդն էր։ Կիներուն համար հաստաշուրթն սեւամորթը անվնաս անասուն մըն էր եւ մարդիկ աւելի մտերմութիւն ու պարզութիւն ունին ստորադասի մը հետ։ Անոր խօսքերը տղայամտութեան երկարաձգումը ունէին, բայց կրնային ատով հանդերձ զգացնել սեռային հոտ մը։ Շարժումները ծեքծեքուն էին ու ճապուկ։ Հոտ է հաւանաբար գաղտնիքը։ Ան ամբողջովին տղայ ըլլալով հանդերձ այր ալ էր։ Եւ զգալիօրէն։ Խափշիկին կիներէն սիրուած եւ այրերէն ծաղրուած ըլլալուն պատճառը իր մանկականութիւնն էր։ Եւրոպացին չի գիտեր անգամ իր երբեւիցէ տղայ եղած ըլլալը։ Եւրոպացին չափահաս աշխարհ եկած մարդն է։ Կը պատահէր, որ կիներէն ոմանք, մենաւոր ճամբորդներ, Ամերիկայէն կամ Անգլիայէն, նորատեսակ եւ զգայացունց յուզումներու որսորդուհիներ, անոր հրամցնէին թանկարժէք գլանիկներէն հատ մը, երկու, երեք, մեղրախառն ու օփիոմախառն, որ կը թեթեւցնէին Նիք֊նիքի ուղեղը, կը թուլացնէին անոր սրունքները։

—Նստեցէք, կ՚ըսէին իրեն։

—Օ՜, մատա՛մ, մատա՛մ… կը բացականչէր ան, կը բազմէր կաշեպատ թիկնաթոռի մը մէջ ու կը դառնար անառակ տղայ մը։

Բայց կար թէլէֆոնիսթը։ Անմիջապէս, որ անոր պատկերը գրաւէր նայուածքը ծայրայեղօրէն կը լրջանար։ Փետուրէ փունջը ձեռքին կը մօտենար անոր, ժպտելով ու քթին տակէն մռլտալով։ Թէլէֆօնիսթին ձիւնասպիտակ մորթը, ոսկեգոյն մազերը անոր մէջ կ՚արթնցնէին զգացումներուն ամենէն տիրականը։ Գրեթէ հեշտանքով կ՚ենթարկուէր այդ ազդեցութեան, վերջին ծայր ամօթխած։ Ձայնը հազիւ ինքզինքին լսելի կ՚ըլլար։ Խօսած ատեն նայուածքը գետնէն վեր չէր առնէր։ Շիկահեր թէլէֆօնիստը, որ եկքանիկի մը պէս սիրուն ու խօսուն էր, մասնաւոր գուրգուրանքով կը վարուէր անոր հետ։ Գրեթէ ակամայօրէն սիրտը երանութեամբ կ՚ողողուէր։ Թաքուն կերպով իր կնոջական եսը կ՚ըմբռնէր սիրուած, պաշտուած ըլլալը։ Իր վերաբերմունքը բոլորովին մայրական էր, որքան սեւամորթինը որդիական՝ իր արտաքնացման մէջ։ Ի հարկէ, ան տարբեր ձեւով կը բացատրէր ինքզինքին, մարդասիրական զգացումներով։ Կնոջական եսասիրութիւնը չի կրնար չենթարկուիլ հզօր ու լռին պաշտամունքի մը, ուրկէ որ գայ ան։ Սեւ դէմքին վրայ սպիտակ աչքերուն տրտմութիւնը անհուն էր ու դիւթիչ, անոր համար, որ լռութիւնը իր ամբողջ ծանրութեամբ կ՚իջնէր աղջկան էութեան խորունկ ծալքերուն մէջ։ Այլամերժ ուժ մը հոն իր ալիքներով կը դիմադրէր այդ տարածուող զգացումին։

—Խեղճ մըն է, կը կրկնէր շարունակ իր պաշտօնակիցներուն. ամէնքն ալ զինքը կը չարչարեն…։

Ու ձեռքը կ՚երկարէր շոյելու համար անոր մազերը։

 

Կը պատահէր որ Նիք֊նիք խորհէր իր թոշակին։ Ամսագլխուն, երկու հարիւրնոց թղթադրամները ձեռքը, անշարժ, նայուածքը մխրճած անյայտին մէջ, տրտմութիւն մը կ՚իջնէր վրան՝ քրտինքի պէս։ Երկու կտոր թղթադրամները կը կոտրէին անոր համարձակութիւնը, եթէ դեռ քիչ մը մնացած էր անկէ։ Տարիներէ իվեր ամիսը անգամ մը կանոնաւորապէս ունեցած էր այդ զգայութիւնը պարապի զգայնութիւնը կամ վախի կեանքին հանդէպ։ Աշխատանքի ժամերը բնաւ չէին պակսէր, ընդհակառակը, մերթ ընդ մերթ կը ստիպուէր հինգ վեց յաւելուածական ժամեր ընել, գիշերը՝ երբ գիշերապահը հիւանդ ըլլար, կամ կինը նոր զաւակ ընծայած ըլլար ամուսինին։ Նման պարագաներ անպակաս էին, կարծես մասնաւոր կերպով ամէն փորձանք Պարոն Պէռնարի հաստատութիւններուն մէջ կը պատահէր, որովհետեւ Նիք֊նիք պահապան հրեշտակը հոն էր։ Կեանքը տարուէ տարի կը սղէր ու հետզհետէ անոր գնելիք պիտոյքները ծրագրային երազկոտ աշխարհի մը զարդերը կ՚ըլլային։ Նիք֊նիքի ուղեղին մէջ ամէն բան «պիտի»ով մը կ՚ընկերանար։ Բայց ան գտած էր մխիթարութեան կարճ ճամբան. «Հապա եթէ բադրոնը չդիմանայ ու գոցէ իր չորս պանդոկներուն դռները…» եւ ուրիշներուն պահանջկոտութիւնը անարդար կը գտնէր։ Եթէ բոլորն ալ իրեն հետեւէին ամենուն հացը ընդ միշտ ապահով կ՚ըլլար։ Նիք֊նիք ունէր նաեւ զանազան մենաշնորհներ ինչ որ ոչ միայն մխիթարութեան եզրերէն ոմանք էին այլ նաեւ իր հպարտութեան գլխաւոր պատճառը։ Բացի աշկերտներէն ոչ ոք բնակութեան իրաւունք ունէր պանդոկին մէջ ու ինք, Նիք֊նիք, լաւագոյն սենեակը ունէր ձեղնահարկին վրայ, տաք եւ պաղ ջուրով լուացարան մը ու աւելին, բացառաբար ինք միայն կրնար հետը «հաւ» մը բերել, հանգիստի օրը, այսինքն կէս օրին։

Եւ սակայն, երբեմն սատանան փորը կը մտնէր. «պիտի ըսեմ բադրոնին, կը մտածէր, ամսականս քիչ մը աւելցնէ։ Ինծի ի՞նչ, եթէ գործերը կը կաղան»։

Կ՚որոշէր քիչ վերջն իսկ երթալ տեսնուիլ բադրոնին հետ։ Այսպէս, քանի անգամներ թեթեւոտն ու շնչատ մօտեցած էր Պարոն Պեռնարի գրասենեակի դրան։ Ուղիղ կանգնած կը մնար, սիրտը տրոփուն, աչքը դրան վրայ։ Իրեն կը թուէր թէ միւս կողմէն ամբողջ բանակ մը սուինները պարզած կը սպասէր։ Դուռը բանալ, անցնիլ սեմէն, ահա ամենէն դժուարը։ Եթէ ինքն ալ բանակի մը գլուխը ըլլար… Ոչ, կատակ չէր։ Այդ խոժոռ, փակ դրան առջեւ Նիք֊նիք ամբողջովին կը գիտակցէր իր տկարութեան, իր ոչնչութեան։ Դանդաղ ու տրտում կը վերադառնար գործին։ Գլուխը լեցուն մշուշային երազանքով մը կ՚աւլէր, կը սրբէր մեքենաբար։ Այդ երազանքէն դուրս կը ցցուէր բարեկամի մը յիշատակը։ Իր միակ բարեկամը, ուրիշ սեւամորթ մը, որ տասնըհինգ տարի լուռ ու մունջ աշխատած էր միեւնոյն տան մէջ։ Օր մը քաջութիւնը ունեցած էր բանալ այդ սարսափելի դուռը։ Այդ օրուընէ ի վեր Նիք֊նիք առանց բարեկամի մնացած էր։ Բայց Նիք֊նիք չէր ուզեր խորհիլ ատոր վրայ, որովհետեւ մտածումը այդ յիշատակով կ՚ուռճանար, կ՚ուռէր, ինչպէս ցորենի հատիկը խոնաւութեան մէջ։

—Quand même, բադրոնները չար են, կ՚եզրակացնէր ու մտածումը կը փաթթէր շիկահեր թէլէֆօնիսթին ժպիտին մէջ։ Արիւնը արագ շրջան մը կ՚ընէր սրտին մէջ։ Գլուխը ծռած, ամչկոտ, երջանիկ, կը ջանար մոռնալ իր անկարողութիւնը։

 

Նիք֊նիք, ինչպէս ամէն մարդ, մոլութիւն մը ունէր։ Ի հարկէ ըստ իրեն շուրջ կազմուած կարծիքին իր ստախօսութիւնը չէր այդ մոլութիւնը։ Ինչպէս կ՚ըսէ առածը «ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի», Նիք֊նիք կ՚ապաստանէր ստախօսութեան մէջ։

Իրիկուն մը, Պարոն Պեռնարի մօտ ծառայութեան մտած սկիզբները, Իշխանաց Պանդոկը մեծահարուստ անգլուհի մը եկաւ, յիսունը անց այրի կին մը։ Նիք֊նիք գիշերային ծառայութիւնը կ՚ապահովէր գիշերապահին տեղ, որ հիւանդ էր։ Անգլուհին առաջնորդեց գեղեցիկ սենեակ մը, բայց զարմացաւ հաստատելով որ ծունկերը կը դողային։ Կինը շարունակ կը նայէր իրեն խիստ ու նուաստացուցիչ նայուածքով մը։ Նիք֊նիք սաստիկ վիրաւորուած զգաց ինքզինքը։ Ամէն մէկ շարժումը մէյմէկ ձախաւերութիւններ։ Կինը հապճեպով, առանց կարեւորութիւն տալու իր ներկայութեան հանուեցաւ։ Նիք֊նիքի ապշահար սպիտակ նայուածքը անշարժացաւ պահ մը կնոջ մարմնին վրայ ու մատներուն վրայով հեռացաւ։ Ժամ մը չէր անցած երբ զանգակը հնչեց։ Նիք֊նիք վազեց կնոջ սենեակը ու արտասովոր տպաւորութիւն մը ունեցաւ։ Կարասիները տեղափոխուած էին խառնիխուռն, շրջազգեստներ ու ճերմակեղէններ շպրտուած աջ ու ձախ եւ սեղանին, տախտակամածին վրայ բազմաթիւ սրուակներ կային։ Ծխախոտին մուխը լեցուեր էր սենեակին մէջ։ Կինը, ամբողջովին մերկ, երկնցած էր անկողնին վրայ թմրած, ինքնակորոյս վիճակի մէջ։ Ալքոլը դէմքին թառամութիւնը սաստկացուցած էր ու անճոռնի արտայայտութիւն մը կուտար անոր։ Աչքերը չէին բացուեր։ Նիք֊նիք զզուանքով դէմքը դարձուց, բայց աչքերը ինկան անհաւատալիօրէն թարմ մնացած մարմնոյն վրայ։ Բացարձակապէս քսան տարեկան էր մարմնով։

Նիք֊նիք անշարժ ու անխօս կեցեր էր սենեակին մէջտեղը, հովէն գգուըուած եբենոսի ծառի մը պէս։ Կնոջ թեւը շարժեցաւ, գնաց սեղանին վրայ, անգլիական բաունտ մը վերցուց, երկարեց Նիք֊նիքին եւ հրամայեց չոր ու կտրուկ ձայնով մը.

—….

Այս պատմութիւնը տեւեց ամբողջ տասնըհինգ օր։ Կամովին բանտարկուած գիշեր ցորեկ սենեակին մէջ՝ ուր միայն Նիք֊նիք մտնելու իրաւունք ունէր։ Պարոն Պէռնար ամէն օր նորանոր ապսպրանքներ կ՚ընէր, օղի, գոնեակ, գինի, ուիսքի։ Կինը ոչ մէկ անգամ փոխեց իր տեղն ու դիրքը։ Մերկ, երկարած անշարժ կը մնար։ Ամէն անգամ որ Նիք֊նիք սրուակներով բեռնաւոր ներս կը մտնէր սենեակէն, կինը ձեռքը կ՚երկարէր թղթադրամներու տրցակին եւ կ՚արտասանէր իր սովորական հրաւէրը…։ Մինչեւ որ օր մը պատկառելի երիտասարդ անգլիացի մը եկաւ կնոջ զաւակը ու կինը հետը տարաւ։

Ստախօսութիւնը սկիզբ առաւ այս պատմութենէն, որ ամբողջովին խեղաթիւրուած փոխանցուեցաւ ուրիշներուն։ Մէկէն Նիք֊նիք գտաւ շրջապատէն իր կրած վախը ծածկելու միջոցը։ Անոր առնականութեան բացառիկ քաշողութեան ենթարկուած էր կինը։ Յետագային երբ կիները կը խաղային իր միամտութեան հետ, անիկա թաքուն կերպով կը զգար, առանց ընդվզելու, այդ զուարճացող կիներուն արհամարհանքը իրեն հանդէպ։ Երեւակայութիւնը, որ ստելու հարկադրանքէն հետզհետէ զարմանալի բեղմնաւորութեան մը հասած էր, անմիջապէս նորանոր պատմութիւններ կը հիւսէր։ Աներեւակայելի տարփական գիշերներ՝ անուշահոտութիւններով, ազնիւ ծխախոտի եւ խմիչքի գինովութեամբ, կնոջական գեղեցկագոյն մարմիններով լեցուն։ Այդ պատմութիւններէն կը կարծուէր թէ Իշխանաց Պանդոկը իր սեփական հիւրանոցը ըլլար։

Ճաշերէն վերջ Ժօրժ սենեկապետը դանդաղօրէն կը լեցնէր ծխամորճը, կը վառէր ու կը սկսէր քալել երանութեամբ։ Արմուկը կը դնէր սեղանին.

—Է՜հ, Նիք֊նիք, ինչպէ՞ս կ՚ըսէր պառաւը…

—Հի՛, հի՛, կ՚ընէր սեւամորթը, շրթունքը կախ, ու ատամնաշարերը պարզած կ՚արտասանէր, «նիք֊նիք»։

—Սխա՜լ է, կ՚ընդմիջէր վարժապետական շեշտով մը թարգմանը, որ քովը մինակը կը ճաշէր փոքրիկ սեղանի մը վրայ, գերմաներէնի եւ անգլիերէնի միջեւ աղաւաղուած բառ մը կը նետէր։

—Ֆիկ֊ֆիկ… հի՛, հի՛, կ՚ընէր սեւամորթը ծեքծեքուն։

Պատմութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ կանգ կ՚առնէր։ Ձախ ուսը վզին զարնելով «աա՜խ» կը ճչար որ կը յիշեցնէր ճիտը կտրուած եզան մը խռկոցը։

Ժօրժ սենեկապանը յօնքերը կիտած կը քաշէր ծխամորճը։ Ծայրայեղ հետաքրքրութեամբ ու հաւատքով մտիկ կ՚ընէր։ Նախ որ զինք հետաքրքրողը պատմութիւնն իսկ էր։ Արդ, իբրեւ պատմութիւն, պէտք չէր զգար անոր ճշմարտանմանութեամբը մտահոգուելու։ Կը բաւէր, որ պատմութիւնը համով ըլլար ու ինքն ալ իր կարգին մտքովը կէս մը իւրացնէր։ Ահա՛ կարեւորը։ Չէ՞ որ ամենէն համեղ մասը նկարագրելէն ետքն էր մանաւանդ, որ Նիք֊նիք ձախ ուսը կը վերցնէր ու կը ճչար «աա՜խ», ի նշան գոհունակութեան, թերեւս պարզ ունակութիւն մը, որ Ժօրժին մտքին աւելի ճիշդը՝ միսին մէջ վայելքի պահուն համարժէք արձագանգը կուտար։

Հնարելու տենդէն խորապէս վարակուած, եւ ոչ թէ դիմացինին հակումը շահագործելու ոգիով, իր բացատրութիւններուն մէջ լպիրշը ներմուծելու չէր վախնար։ Նկարագրութիւնը անգամ մը տրուած՝ ստեղծագործական թափը կը կայանար զայն չափազանցուած համեմատութիւններով խոշորցնելուն մէջ։ Ահա այդ ատեն է, որ Նիք֊նիք կը դիմէր կոպիտ ու լպիրշ արտայայտութիւններուն։ Կը ջատագովէր իր առնական կարողութիւնը…։ Իր ներգործութիւնը ենթակային վրայ։

—Չէ՜, կընէր Ժօրժ սենեկապանը աչքերը եւ բերանը ապշահար բացած։

—Աա՜խ, կ՚ըլլար պատասխանը, ուսը զարնելով վզին, որ կը յիշեցնէր ճիտը մորթուած եզան խռկոցը։

Ժօրժին լուսապայծառ դէմքը դանդաղօրէն մթագնեցաւ։ Դիմագիծերը ամփոփ, գլուխը ծռեց դէպի Նիք֊նիք գաղտնիք մը փոխանցելու ձեւով.

—Բայց, ըսէ՛, Նիք֊նիք, կիները աղտոտ չե՞ն… Է՛հ, բնութիւնն է այդպէս ստեղծած։

—Հի՛, հի՛, ըրաւ ինքնահաւան Նիք֊նիք՝ որուն համար գաղտնիք չկար այդ նիւթին վերաբերեալ. բարիլոյսի պէս պարզ է։ Անմիջապէս ետք գարեջուր մը կը խմես ու կը միզես։

Խե՜ղճ Ժօրժ։ Վայրկենապէս քրտինք ջուրը մտաւ։ Ասիկա կ՚ապացուցանէ, որ Ժօրժ, հակառակ իր համբաւին, «խեղճուկ» մը չէր։

Այս գլուխը փակելէ առաջ, ճշմարտութեան դէմ գործած չըլլալու համար, պէտք է ըսել, ի նպաստ Նիք֊նիքին, թէ այդ միեւնոյն զգայութիւնը կ՚ունենար ինքը։ Ատիկա կը պատահէր երբ գանգրահեր թէլէֆօնիստը պատրուակով մը ներս կը մտնէր կատուի պէս ու կը կենար երկու մարդոց քով։ Սուտին հրաշալի կառուցուածքը ակնթարթի մը մէջ կը խորտակուէր։ Նիք֊նիք գլուխը կը կախէր։ Կը լռէր։ Այն ատեն կը գիտակցէր իրապէս իր ստախաղին՝ որմէ առաջին խաբուողը ինքն էր։ Ամօթէն գլուխը վեր չէր կրնար առնել։ Տեղէն կը ցատքէր յանկարծ, կը վազէր առանց ետեւը նայելու։

—Ա՛հ, մոռցայ, բադրոնը տեղ մը պիտի ղրկէր զիս։

 

Նիք֊նիքի մոլութի՞ւնը։ Ահաւասիկ։ Իր սեւ մազերը։ Ածխագոյն ու խիտ մազերը, սեղմօրէն սանտրուած։ Աչքի մէկ ակնարկով յայտնի էր անոնց տրուած բծախնդիր հոգածութիւնը։ Ըսել չէ որ ընդհանրապէս անփոյթ էր հագուածքին մէջ։ Ընդհակառակը, Նիք֊նիք վերջին ծայր բարեկազմ ըլլալով, շատ լաւ կը վայլեցնէր հագուստը։ Անգլիացիի մը պարզութեամբ ու վայելչութեամբ։ Կօշիկները ամէն օր կը ներկէր, հայելիի մը չափ փայլուն։ Բայց եւ այնպէս մասնաւոր հով մը դուրս կուգար այդ ընդհանուր շնորհալի տեսքէն։ Սեւ մազերուն կտրուածքին խնամքը։ Մանաւանդ անոր համար, որ արգիլուած էր անոնց դպչիլը։ Եթէ պատահէր, որ անխոհեմ ձեռք մը իյնար այդ գանկին վրայ, Նիք֊նիքի հոգիին մէջ քնացող բոլոր ուժերը կ՚արթննային ու կը ժայթքէին անոր դէմքին խաւարէն, ինչպէս կայծակները՝ ամառնային փոթորկոտ գիշերուան մէջ։ Կատակեցէք մարդու մը հետ ինչքան որ կ՚ուզէք, բայց «դպէք» անոր արժանապատւութեան, ձեր բազմաթիւ թշնամիներուն թիւին վրայ հատ մըն ալ աւելցուցած կ՚ըլլաք։ Նիք֊նիքի արժանապատուութիւնը իր սեւ մազերն էին։ Կեանքը խլեր էր զինքը իր ծննդավայրէն ու նետեր՝ Եւրոպայի այլամերժ խառնարանին մէջ։ Տասը տարիէ աւելի Նիք֊նիք կ՚աշխատէր Պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ։ Կեանքը միայն ծաղր ու ծանակ շռայլած էր իրեն։ Սկիզբները բան մը իր հոգիին մէջ դիմադրած էր եւ ընկրկած էր ի վերջոյ, ձգելով իր ետեւ պարապը։ Այդ պարապութեան մէջ Նիք֊նիքի շարժումները խամաճիկի անհեթեթ տեսարանը կը պարզէին ուրիշներու աչքին։ Ի հարկէ առանց ցաւի չէ որ համակերպած էր այդ տխուր իրականութեան, բայց պէտք է ապրիլ…. ։

Քիչ քիչ սակայն ան նկատեց որ իր շուրջ մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կար իր մազերուն համար։ Ըսկիզբները տեսակ մը անասնական հաճոյակատարութեամբ թոյլ տուած էր, որ դպչին, շոյեն իր սեւ, նուրբ բայց կարծր մազերը։ Օր մը անոր մէջ արթընցաւ տեսակ մը զգացում, որ զինքը կանգնեցուցած էր վրնջող ձիու մը պէս։ Անիկա նոյնիսկ զգաց թէ ըմբոստ կայծ մըն է, որ սպրդած էր հոգիին մէջ։ Այդ օրէն ան իր գանկը դապու հռչակեց։

—Խնդրե՛մ, մի՛ ընէք, մի՛ դպչիք, ուղղակի խենթ կ՚ըլլամ, կը կրկնէր ամենուն ինքզինքէն դուրս ելած։

Ճանճ որսացող շունի մը աչալրջութեամբ կը հսկէր մազերուն վրայ։ Եթէ պատահմամբ մէկը հպէր անոնց, ոստում մը կ՚ընէր, աչքին ճերմակը սպառնական կը յորդէր դէմքին սեւութեան վրայ։ «Ոչինչ» կը պատասխանէր «Ներողութիւն»ի մը, բայց դեռ դէմքին խոժոռութիւնը առկախ ու շեշտակի կը մնար անջրպետին մէջ։ Դիպուա՞ծ թէ կեղծուած։ Նիք֊նիք կը խոկար։ Որովհետեւ կային, որ սովորութիւն ըրած էին պատահմամբ դպչիլ ու ներողութիւն խնդրել։

Մառի սենեկապանուհին կատարեալ փորձաքար մըն էր Ժօրժին եւ մանաւանդ Նիք֊նիքին համար՝ իր մազերուն պատճառաւ։ Մառին կարճահասակ, լայնալանջ, գիրուկ աղջիկ մըն էր երեսունի մօտ։ Աչքերը անհանդարտ, ինչպէս եւ շարժուձեւերը։ Անոր ձեռքերուն համար արգիլուած տեղ չկար։ Անոնք Մառիէն ստացած էին ազատ անցագիր։ Զուարթ, կատակասէր, «ապրած» աղջիկ մըն էր։ Ոչ մէկ հպում, ոչ մէկ խօսք կրնար կարմիրով գունաւորել անոր այտերը։ Ճաշի ժամերուն ներս կը մտնէր պայթուցիկի մը պէս։ Երկու ձեռքերով կը վազէր ձանձրացնելու համար Նիք֊նիքը, որ կատուի ճարտարութեամբ կը պաշտպանէր ինքզինքը։ Բայց Մառի ճարտար ու խորամանկ էր։ Նիք֊նիք «հի՛, հի» ընելով կը ծեքծեքէր երբ Մառի ձեռքերը կը տանէր անոր սրունքներուն։ Նիք֊նիք կը կրթնէր աթոռին խըղըտանքէն պարտասած, ու Մառի համբոյր մը կը խլէր անոր կարմիր հաստ շրթունքներէն։ Նիք֊նիք սուղ կը վճարէր իր այդ վաղանցուկ վայելքը, որովհետեւ ատիկա միակ միջոցն էր որով սեւամորթը կը մոռնար մազերուն պաշտպանութիւնը եւ Մառի ձեռքերուն տասը մատները կը մխըրճէր անոնց մէջ։ Շարժանկարը մեզի վարժեցուցած է վագրերու դունչին, որ յանկարծ դուրս կը ցցուի ծառուտքի մը ետեւէն։ Նիք֊նիք կը նմանէր այդ վիճակին մէջ մեզի յայտնուող վագրի մը։

—Հազար անգամ ըսած եմ թէ չեմ ուզեր, որ դպչին մազերուս. խելքս գլխուս մէջ կ՚եփի։

Մատները ջղայնօրէն կը պրկուէին ու բռունցք կը ձեւացնէին վերամբարձ թեւերուն ծայրը։

—Հապա դու՜ն… հէ՞… դուն կը դպչիս, կը շտապէր պատասխանել Մառի, կնոջական պճրանքով, յանդիմանական ու ներողամիտ խառն շեշտով մը։

Նիք֊նիք կը լռէր վայրկենապէս։

Մառիի հեռանալէն ետք, յաղթական վերադարձող խաչակիրի մը հպարտութեամբ, աչքին մէկը կը քթթէր դէպի Ժօրժը, համով բան մը ուտողի պէս շրթները լզելէն.

—Ը՛ը՛հ…

Վերջին պատերազմին Նիք֊նիք հերոսի պէս կռուած էր։ Զինուորական համազգեստը հագած եկաւ շրջան մը ընել չորս պանդոկներուն մէջ։ Նոր հագուստ հագած երեխայի մը պէս, որ հոս հոն կը սլքտայ որպէսզի տեսնեն թէ նոր հագուստ ունի, Նիք֊նիք ուղիղ, կուրծքը կարկառուն հանդարտ քայլերով գնաց ամենուն ձեռքը սեղմել։ Թէեւ այդ ցուցամոլութիւնը տղայական էր, բայց Նիք֊նիք իր զգացումները յայտնելու ուրիշ միջոց չունէր։ Ճերմակները անկարող էին սեւ դէմքին վրայ ներքին սեւէ հետք նշմարելու։ Այդ դէմքը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ խաւարը մտած լուսնկայ մը։ Եւ սակայն միլիոններու մէջ անոր սիրտը կը խայտար երկնակապոյտ համազգեստին մէջ։ Պատերազմը վերջապէս կ՚ազատէր զինքը ստորադասի վիճակէն։

Անիկա ինքզինքը հաւասար կը զգար ուրիշներուն։ Զինուորի հանգամանքը, հայրենիքի պաշտպանի դերը իրեն անշուք եւ արհամարհուած անձին կուտար որոշ կարեւորութիւն մը։ Հաւասարութեան եւ կարեւորութեան կրկնակ զգացումը պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Նիք֊նիքը հերոս ըրած էր։ Բադրոնը ուժով սեղմած էր անոր ձեռքը «հայրենիքը քեզի կը կանչէ հիմա, գնա՛, երբ յաղթական վերադառնաս. հոս քու տունդ է»։ Զինադադարին նոյնպէս, վերադարձին, ան սեղմած էր անոր ձեռքը ժպիտը երեսին, «պռավօ, պռավօ, մեր հերոսը…»։

Երբ իր տխուր պահերուն, այսինքն ընկճուած շրջահայեաց խուլ հալածանքէն, Նիք֊նիք կը խորհէր հեռաւոր այդ երջանիկ օրերուն, սիրտը ուժգին կը բաբախէր։

Կամաց կամաց մոռացութիւնը ծովի ալիքներու նման եկած ընկլուզած էր զինքը։ Բադրոնին դէմքը նոյն անժպիտ դէմքը եղաւ։ Ու Նիք֊նիք, առաջուան պէս վախցաւ անոր խօսք ուղղելէ։ Գոհանալով միայն կրկնելով, «այո պարոն, այո՛ պարոն»։

Վախը այս աշխարհի օրէնքն է։ Ամէն մարդ առաւել կամ նուազ վախով կ՚ապրի։ Բայց Նիք֊նիք ամենէն վախկոտն էր։ Հերոսը վախը արհամարողն է։ Նիք֊նիք հերոս մը չէր։ Անիկա մանաւանդ անոնցմէ էր որոնք պահուելու, ապաստանելու վայր մը չունին երկրի ամբողջ տարածութեան վրայ։ Աւելի զրկուած քան արջը՝ որ որջ մը ունի՝ ուր կրնայ ապաստանիլ երբ վիրաւորուի։ Նիք֊նիք յաւիտեան վիրաւորեալն էր, միայն իր ժպիտը ունէր իբրեւ ապաստան։ Ժպիտ մը, որ սրտէն չէր գար, դուրսէն դիմակի նման անցուցած էր դէմքին։ Դիւրին չէր շինել այդ դիմակը օրը օրին, շերամի խոզակին չափ աշխատանքով ու շերամին նման անգամ մը լրացած կառուցումը՝ քաշուած էր անոր մէջ ու մեռած։ Անգամ մը, ինչպէս խոհարարի դէպքին, այդ դիմակը բզիկ բզիկ եղած ու տակէն յայտնուած էր խափշիկին մարդկային երեսը, շուարած հալածական անասունի մը պէս։ Փարիզի ցուցահանդէսին էր։ Պանդոկին բոլոր աշխատաւորները այդ առիթէն օգտուելով գործադուլ հռչակած էին։ Այցելուներու խումբեր ամէն օր կը լեցնէին Փարիզի փողոցները։ Պանդոկներու, ճաշարաններու առջեւ բանթողներու պահակները կ՚արգիլէին ո եւ է աշխատաւորի մուտքը։ Ոստիկանութեան եւ բանթողներու բաղխիւնները անպակաս էին։ Նիք֊նիք մեծ գործի վրայ էր Իշխանաց պանդոկը։ Բադրոնը, տնօրինուհին եւ ինքը կ՚ապահովէին հիւրերուն սպասարկութիւնը, անկողինի, սենեակի յարդարումը։ «Նիք֊նիք հոս, Նիք֊նիք հոն։ Աչքդ սիրեմ, լաւ հսկէ փորրիճը։ Սուրճը եփ կ՚ելլէ, լաւ նայէ…»։ Նիք֊նիք զմայլած էր այդ մերձաւորութենէն։ Ինչպէս պատերազմի ատեն, բադրոնը դիւրամատչելի դարձած էր, սիրալիր ու հայրական։ Ոչ մէկ ատեն Նիք֊նիք այդքան ախորժակով ու արագութեամբ չէր աշխատած։ Երբեմն պէտք կ՚ըլլար Նիք֊նիքին երթալ միւս պանդոկները։ Գողի նման, դանդաղօրէն եւ զգոյշ դուրս կ՚ելլէր, կը նայէր չորս դին ու մէկ ոստումով կը ցատքէր դիմացի պանդոկը։ Պարոն Պէռնար պահակ կանգնեցուցած էր passageին երկու մուտքերուն։ Ոստիկաններն ալ պակաս չէին ըներ իրենց ներկայութիւնը։ Բայց եւ այնպէս Պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ աշխատողներուն թիւը խոշորցած դուրսէն կանչուած ընկերներով, կրցաւ կտրել պահպանութեան շղթան ու անցնիլ passageին ներքին մասը։ Ատիկա պատահեցաւ երբ Նիք֊նիք արդէն տասնըհինգ քսան քայլ ըրած էր։ Ներս խուժողներուն աղաղակը այնքա՛ն անմիջական ու խոշոր եղաւ, որ Նիք֊նիք տեղն ու տեղը քամուեցաւ։ Բերանը բաց աչքերուն ճերմակը պոռթկացած դէմքին խաւարէն, որ կարելի չէր ըսել թէ սարսափի՞ թէ վճռական քաջութեան արտայայտութիւնն էր։ Երբ բանթողներու խումբը մօտեցաւ իրեն ու հարցուց «Ի՞նչ կ՚ընես հոս» ինչպէ՞ս չըսել թէ մեծ եղաւ Նիք֊նիքին զարմանքը։ Ինչ կ՚ընէ՞ր։ Խօ՞սք է։ Կ՚աշխատէր։ Բայց ինչպէ՞ս կրնար անամօթաբար շարունակել աշխատիլ երբ իր ընկերները լաւագոյն պայմաններու համար կը կռուէին։ «Գէշ բան մը չեմ ըներ, կ՚աշխատիմ» կը կրկնէր ան։ Այդ պահուն կուշտէն կռուփի հարուած մը տարտղնեց Նիք֊նիքի ուղեղը, որ ամառնային աստղազարդ գիշերուան մը փոխուեցաւ։ Այնքա՜ն աստղեր տեսան Նիք֊նիքի աչքերը իր գլխուն մէջ։ Առաջին հարցաքննիչը (որուն աչքերուն առջեւ պարզուող տեսարանը իրապէս աղեկէզ էր, որովհետեւ Նիք֊նիքի լռութեան ու կրաւորականութեան մէջ տառապող սիրտը շառագնում մը եղած էր անոր ձիւնաթոյր ծիածաններուն մէջ, կարծես ցաւին հզօրութենէն բլթակներուն արիւնը աչքերէն դուրս պիտի ժայթքէր) չկրցաւ հանդուրժել այդ անուղղակի կռուփի հարուածին, խստօրէն նայեցաւ դէպի այդ ընկերը եւ իսկոյն աղաղակեց. «Դուն, շուտով կծիկդ ծրարէ, եթէ…»։ Այդ ատեն է որ passageը մէկէն խուճապի մատնուեցաւ։ Ոստիկանները լուր առած վազած էին։ Սալայատակէն քարեր բրցուեցան ու նետուեցան օդին մէջ։ Իրարանցում։ Ու, յանկարծ, passageին կղզիի լռութեան մէջ ատրճանակի հարուած մը թնդաց, արձագանգեց ու դեղնորակ լռութիւն մը պարտադրեց։ Բայց ահա այդ բացառիկ պարագաները անցած, պարագաներ՝ որոնց ընթացքին Նիք֊նիքի անձը կարեւորութիւն կը ստանար եւ ան, հակառակ կրած նախատինքին, ներքնապէս հպարտութիւն կը զգար առօրեայ կեանքի միօրինակութիւնը կուգար ծածկել բոլորն ալ հաւասարապէս։ Ու Նիք֊նիք կրկին աւելորդ, ծիծաղելի ու արհամարհուած էակ, փետուրէ փունջը ձեռքին, գլուխը ծռած, սրահէ սրահ փոշիներուն դէմ ոստիկանութիւն կ՚ընէր։ Այդպէս պանդոկէ պանդոկ իր գլխահակ նժդեհութեան ընթացքին, երբ գտնուէր կապտաչուի գանգրահեր թէլէֆօնիսթին դիմաց դէմքը կը լուսնար ու կը բարձրանար դէպի աղջկան ծիծաղկոտ երեսը, ինչպէս բոյսը՝ դէպի արեւ։

Երբեմն, մայրական ու մանկական, բայց եւ այնպէս զուարճասիրութենէ մղուած, թէլէֆօնիսթը իր խարտեաշ գլուխը կը մօտեցնէր Նիք֊նիքի խաւարած լուսնկայի նմանող գլուխին, ցուցամատը խափշիկին կուրծքին վրայի կոճակներէն մէկուն հետ խաղցնելով, կը խօսէր ցած ձայնով, խրատատու, հարցաքննիչ, յանդիմանական շեշտով մը փոխն ի փոխ։ Նիք֊նիք վարին հաստ շրթունքը կախած, ծանր ու մեղրածոր տրտմութիւն մը աչքերուն մէջ, մտիկ կ՚ընէր, առանց ընդմիջելու, միայն թէ կամիրով ներկուած մատնոցանման շրթունքէն ձայնը չդադրէր հոսելէ։ Երիտասարդ աղջկան քնացուցիչ ձայնին ազդեցութեան տակ Նիք֊նիք ինքնալքումի հեշտութիւնը կը վայելէր դանդաղօրէն։ Այդ երջանիկ պահերուն Նիք֊նիք կը վերագտնէր իր կորսնցուցած հոգին, այսինքն՝ իր մէջ խուլ, լպրծուն շարժումներու գոյութիւնը զգալի կ՚ըլլար, իր զգայարանքներուն՝ որոնք փակ պատուհաններ էին իր հոգիին վրայ։ Արիւնին ձայնը կը թրթռար ականջներուն թաղանթին վրայ, մինչ կոճակին հետ խաղացող ցուցամատը կը բարձրանար մինչեւ գլուխը, սեւ մազերուն դիւրազգացութենէն Նիք֊նիքի սիրտը ակնբախի տեւողութեան թունդ կ՚ելլէր, ինչպէս քնացող շուն մը խուսափուկ շշուկէ մը աչքը արագ կը քթթէ, ու հաստատելով տիրող խաղաղութիւնը պերճօրէն կը վերադառնայ իր մրափին, դունչը երկարած թաթերուն վրայ։ Երազ աղջկան փափուկ ձեռքին հպումը ստանալէ առաջ մազերուն վրայ, անոր խորտակուած հոգին կ՚ուզէր նախ ապահովուիլ այդ հպումին դիտաւորութենէն։ Նիք֊նիք այնպէս մը պարուրած էր ինքզինքը իր երանութեան զգայութիւններով, որ չէր իսկ իմանար շուրջը խշրտացող շշուկը, հաւանաբար անոր համար, որ ձեռքին հպումին ըղձանքը աւելի զօրաւոր էր եւ Նիք֊նիքի արժանապատուութիւնը կը գոհանար այդ տարրական հաստատումով։ Ձեռքին հպումը բարի էր։ Այսքան։ Ինչո՞ւ ականջ տալ շշուկին՝ որուն մէջ էր իրապէս աղջկան գգուանքին դիտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մէկ աչքով կողմնակի նայուածքին զոր չէր կրնար նշմարել Նիք֊նիք, գլուխը կուրծքին վրայ հակած ըլլալուն համար։

Մանկութենէն ոսկեծամ թէլէֆօնիսթը բացիկ մը կը ճանչնար։ Նկարի մը վերարտադրութի՞ւն կամ լուսանկարչատան մը մէջ կազմուած պատկե՞ր։ Ամէն պարագայի ալպոմին մէջ այդ շագանակագոյն բացիկը մասնաւորաբար անոր ուշադրութիւնը գրաւած էր։ Ան կը ներկայացնէր աղջնակ մը՝ գանգուր մազերը ճակտին վրայ փոքրիկ ողկոյզներու նման կախուած. լեցուն կլոր այտերուն վերեւ կապոյտ խոշոր աչքեր, որոնց նայուածքը միանգամայն անմեղ ու գիտակից, կը տարածուէր նկարին մթնոլորտին վրայ՝ ուր ան կ՚ընդխառնուէր մեծվայելչութեամբ քովը փռուած առիւծին նայուածքէն ծորող մելամաղձութեան։ Առիւծը թաթերը երկարած էր զոյգ մը մսեղ փափուկ սրունքներու երկայնքին, որոնք աղջնակին սպիտակ շրջազգեստէն դուրս կուգային, նմանելով այն ծաղիկներուն, որոնք զանգակի ձեւ ունին եւ որոնց քղանցքէն դուրս կուգայ բեղմնափոշոտ լեզուակ մը։ Առիւծին գլխուն կեցուածքը, իր փառայեղ բաշով, որ չէր ուրանար իր արքայական ծնունդը քանի որ խիտ անտառը կանգնած էր նկարին խորքը, ինչպէս որ կարելի չէ գուշակել արքայ մը առանց մանկլաւիկի, կը հակասէր իր նայուածքին արտայայտութեանը՝ ծծուած անհուն երազանքէ մը, որ ծնունդ կ՚առնէր թաւշային մորթով զոյգ զիստերու մօտիկութենէն, որովհետեւ, մարդուն նայուածքը կեդրոնացած առիւծին անհունը խուզող դէմքին վրայ, պիտի նշմարէր ռունգերուն մեղկ թրթռացումը։ Հաւանաբար այդ պատկերը շատոնց լքած էր ալպոմին մենաւոր անկիւնը, ուրկէ ան փոխադրուած էր մտային խորհրդաւոր վերարտադրութեամբ մը աղջնակին որ թէլէֆօնիսթին մանկութիւնն էր եղած հոգիին մէջ ու գիշեր ցերեկ կառչած կը մնար անոր մտածումէն։

Ի հարկէ ժամանակը անցած էր ու երբեմնի պարմանուհին երիտասարդ աղջիկ էր եղած եւ մոռցած՝ այդ պատկերն ալ իր մանկութեան բոլոր խաղալիքներուն հետ, բայց եւ այնպէս եթէ սպիտակամորթ աղջիկը էգի հպարտութիւնը կը պարտէր գիտակցօրէն իր խարտեաշի մասնայատուկ գեղեցկութեան, ներքուստ, անկանխաբար ատկէ, պատկերը շարունակած էր իր թելադրական խուլ աշխատանքը անոր վերաբերմունքի կազմութեան մէջ։ Նոյնիսկ Նիք֊նիքի տարիներու ներկայութեան ընթացքին, պատկերին յիշատակը թաղուած մնացեր էր գիտակցութեան խաւին տակ, երբ օր մը թերեւս անոր համար որ Նիք֊նիք բարկութեան մէջ տապլտուքով կը պաշտպանէր ինքզինքը, ինչպէս կրկէսներու վանդակուած գազանները սեւամորթին դէմ դիմաց նշմարեց անոր դէմքին վրայ բացուած աչքերուն խոնարհութիւնը ու միտքը արագ ոստում մը ըրաւ, գնաց լոյսին բերելու խաւարներուն մէջ թաղուած պատկերը։ Այդ օրէն իվեր անոր վերաբերմունքը Նիք֊նիքի հետ տարբեր ընթացք մը ստացաւ։ Խորամանկ ու փախաքշող՝ ան սկսաւ շողոքորթել, առիթը ստեղծելու եւ առանց զայն խրտչեցնելու, անոր ըմբոստ կամքը հպատակեցնել իր մատներուն շոյանքին։

Նիք֊նիք խենթի պէս կը սիրէր թէլէֆօնիսթը, առանց երբեք համարձակելու ո եւ է խոստովանութեան։ Փոշիները աւլելու պատրուակով ան քայլերը վարանքով կը տանէր հեռախօսի սնտուկին որուն վրայ բազմաթիւ ծակեր կային։ Հոն, իբրեւ թէ հրաշքի մը առջեւ գտնուէր, անոր նայուածքը կը հետեւէր իր սրտին աղջկան ձեռքերուն յեղաշրջումին սնտուկին վրայի մէկ ծակէն միւսը, կարմիր չուանի մը երկու ծայրերէն բռնուած ինչ որ լռութեան նուագի մը փոխակերպուելով Նիք֊նիքի հոգիին մէջ, իր կարգին կը փոխակերպէր շրջապատը՝ որ կ՚ըլլար գարնան ծաղկած դաշտ, կայարանի կամ շոգեկարքի անկիւն կամ շարժանկարի մութ սրահ։ Նիք֊նիք կ՚երազէր։ Երբ, ուզուած հաղորդակցութիւնները լմնցած, թէլէֆօնիսթը գլուխը ետեւ դարձնէր, չէր կրնար զսպել խնդուքը, ձեռքերը ծունկերուն վրայ, պաշտելի վիզը երկարած դէպի վեր։ Նիք֊նիք մանկական ժպիտ մը կ՚ունենար դէմքին վրայ, ժպիտ մը այս անգամ ուղղակի այտերուն մէջէն դուրս կուգար, ուղեղը դեռ կիսովին երազանքին մէջ, միւս կէսը մասամբ՝ իրականութեան։ Մասամբ երազանքին ու իրականութեան մէջտեղ, Նիք֊նիք չէր շարժեր, ուրախ՝ որ իրմով կը զբաղէր իր սիրած կինը, որ յանդիմանութեան արտայայտութիւնը տալով դէմքին կը պոռար.

—Բաւական տեսար զիս հիմա, հօ՛բ, գործիդ։

Նիք֊նիք կը հնազանդէր անմիջապէս, բայց ոչ վշտացած, որովհետեւ ստացած յանդիմանութեան շեշտը հեռու էր վշտացուցիչ ըլլալէ եւ որ աւելի կը նմանէր աղջնակի մը իր պուպրիկին ըրած յանդիմանութեան։ Անիկա կ՚երթար ոչ միայն առանց սիրտը ցաւած զգալու, այլ նաեւ, ամէն անգամին քիչ մը աւելի վստահ՝ սիրուած ըլլալուն։ «Քիչ մը կը սիրէ զիս», կ՚ըսէր ձայնը սրտին մէջ։

Շատերուն զարմանքը կուգար անկէ, որ իրենց երեւակայութիւնը բաղխում մը կ՚ունենար ծայրայեղ գոյներու հակասութենէն, ինչպէս աչքերը կ՚ունենան երբ մութէն յանկարծ վառ լոյսին կը բացուին։ Եւ սակայն ոչինչ այնքան ներդաշնակ է, որքան այն պատկերը, որ կը ներկայանայ գաղափարի մը ձեւին տակ, հետեւաբար՝ գերագոյն համադրութեամբ մը, ինչ որ էր Նիք֊նիքի եւ խարտեաշ աղջկան գլուխներուն մերձեցումը։ Նկարիչի մը երեւակայութիւնը այս տեսարանին առջեւ պիտի մատնուէր երկունքի գալարումներուն ու արհեստանոցի լռութեան մէջ պաստառը պիտի ստանար անոր վրձինէն եկող գոյները, ինչպէս սիրտէ սիրտ հոսող յուզումները. մարդուն աչքին յանձնէր առիւծին ու մատղաշ աղջկան առեղծուածային մտերմութիւնը։ Առիւծը խիտ անտառին խաւարէն պրծած իր գազանային անյագ ախորժակովը, իսկոյն կը խոնարհի, անասուններուն ամենէն համեստէն ալ աւելի համեստ, բայց հպարտ, գլուխը բարձր, բաշը գլխուն վրայ, երկինքի մը պէս ու բիբը՝ տրտում, ինչպէս սէրը, որովհետեւ թարմ ու փափուկ միսով աղջնակը, անտառին եզերքը բացուած սպիտակ ծաղիկ, արեւանոցի պէս պարզած է թեւերը իր իգային վերեւ որ բովանդակ հողին համն ու հոտը կը կրէ իր մէջ։ Մայր հողը։

Բայց ի՞նչ պիտի ըլլար բանաստեղծին երեւակայութիւնը իրիկնամուտի գոյնով ճակատին առջեւ՝ որուն երիզէն կը սկսի սեւ նրբին մազերու լեռը, որ օրօրի պէս օրօրուն, ծառերուն կատարը հովէն օրօրուած, որուն ետեւէն իսկոյն ոսկեգոյն մազերը բոցերու նման կը բարձրանան։ Միթէ այդ ճակատը այն չէ՞, լեռան այն անկիւնը՝ ուր բանաստեղծը աղաղակած է «Nel mezzo camin della nostra vita» ու ահա էջ առ էջ համերգի մը համբարձումը աշխարհներու ամենէն աղեկէզէն՝ ուր երբեմնի գեղեցկագոյն դէմքերը անգթօրէն կը ծամածռին, կը հալին մոմէ արձաններու նման, ուր մարմիններ կը գալարին կրակին մէջ, կը խանձին, կը նեխին, երբեմնի օգոստափառ մարմինները, որ կը հեծկլտան, կ՚աղաղակեն, կը զղջան, կը ցաւին, կ՚աղաչեն, կը հայցեն, եւ որուն՝ նաեւ արժանացաւ լուսամարմին Ֆրանչէսքա տա Ռէմինի։ Անկարելի է երեւակայել տիեզերական ներդաշնակութիւնը այլապէս քան մարդուն արտայայտութեան զգացումով, որ մարդկութիւնը ժառանգած է եւ կը յագենայ միայն դժոխքին գաղափարով։ Անոնք որ իրենց նմաններուն քրտինքով ու արիւնով հիւսեցին երազի հանգոյն գեղեցիկ կեանքը արեւուն տակ՝ որ կը փայլի ամենուն համար, պիտի լան օր մը։ Ու ամէն սիրտ պիտի լայ օր մը որպէսզի հանգչի յետոյ, ինչպէս խարտեաշ աղջնակին քով ընկողմանած առիւծին բաշին տակ խոհուն ճակատը, որ կը մտմտայ «Ես Առիւծ եմ, ոչ թէ անտառին գազանը…»։

Երբ գարունը բացուեցաւ, բացուեցաւ նաեւ Նիք֊նիքի սիրտը։ Մթնոլորտը խաղաղ ու ժպտուն արեւով մը ողողուած էր ու անձայն բայց բուռն հրաւէր մըն էր ուղղած սրտերուն։ Նիք֊նիքի սրտին մէջ ճնճղուկ մը թափառական կը ճռուողէր։ Նիք֊նիք չէր կրնար այլեւս զսպել իր սիրտը, որ կ՚ուզէր փախչիլ, թեւ տալ ու մտածումը խարտեաշ աղջկան կը դառնար, կը թռվըռար անոր ոսկեգոյն մազերուն շուրջ, բզզալով բան մը՝ անուշ, աղաչական ու գրեթէ երկրպագու։

Այն օրը Նիք֊նիքի հանգիստի օրն էր։ Արդէն ժամը երկուքին լմնցուցած էր աւլտուքը, սրբած մաքրած սրահին աթոռներուն, բազմոցներուն ոտքերը, հայելիները կը փայլէին, ու հիմա իր սենեակը՝ թաւիշի կտորով մը կը փայլեցնէր իր կօշիկները։

Ժամը երեքին դուրս ելաւ ու այնպէս մը ըրաւ, որ թէլէֆօնիսթը զինք լաւ մը տեսնէ, ոտքերէն մինչեւ գլուխը։ Ժպիտ մը, շատ մանկունակ ժպիտ մը ճամբեց անոր եւ ան կնոջական նազանքով մը ըսաւ.

—Օ՛հ, ի՛նչ աղուոր տղայ է…

Ու մէկէն Նիք֊նիք որոշեց սիրտը բանալ անոր։ Այդ իրաւունքը զգաց անիկա։ Բնութեան մէջ ամէն բան այդ իրաւունքը ստացած էր գարունէն։ Ծաղիկները, ծառերուն տերեւները, կատուներուն մլաւիւնը տանիքներուն վրայ, թռչուններուն թեւերը, եւ այլն… Նիք֊նիք, այդ օր, ինքզինք գտաւ շատ հպարտ օ՜հ, ի՛նչ աղուոր տղայ է եւ արժանի իր ընելիք առաջարկին։ Ամբողջ օրը մտածեց, ծրագրեց ու շահեցաւ վստահութիւն ինքն իր վրայ։ Եւ որովհետեւ իրեն համար ամէն ինչ կարգադրուած էր, ընդունուած բան մըն էր, կարծեց թէ կը բաւէր միայն, երբ ժամը իննին խարտեաշ աղջիկը գործէն արձակուէր, թեւը դնել անոր թեւին տակ ու քալել քաղաքապետարանին առջեւէն։ Բայց թուխ ամպի ծուէն մը անցաւ սրտին վրայէն։ Ինչպէ՞ս պիտի ապրեցնէր կինը իր աննշան թոշակով։ Ու նորէն տնօրինութեան գրասենեակի խոժոռ դուռը ցցուեցաւ երեւակայութեան առջեւ։ Արդ, Նիք֊նիքի պարզ սրտին համար այդ ամպի ծուէնը գարնան երկնակամարին վրայ թափառական անհետեւանք ամպի փշուր մըն էր։ «Ի՜նչ կ՚ըլլայ որ, երկուքս ալ կ՚աշխատինք, կ՚ապրինք» մտածեց։

Քանի ժամը իննին կը մօտենար, անցքին դրան առջեւ, խորունկէն բարձրացող դող մը Նիք֊նիքի սիրտը տակէն կը սղոցէր։ Կը զգար որ յանկարծ սիրտը փրթելով տեղէն պիտի իյնար։

Ատոր համար է, որ երբ աղջիկը եկաւ, իր «բարեւ Զեզէթ»ը «ձեռքերը վե՛ր» սպառնական հրամանին պէս բան մը եղաւ։

—Խենթեցա՞ր, ըսաւ աղջիկը սիրտը թունդ ելած, վախցուցիր զիս։

—Օ՜հ, բարտոն, Զեզէթ, եկուր քեզի սինեմա տանիմ։

—Նախ, ըսաւ աղջիկը խուսափելու համար առաջարկէն, իմ անունս Զեզէթ չէ, Լիզէթ է։

—Օհ, Զեզէթ, կրկնեց Նիք֊նիք, քեզի սինեմա տանիմ։

Աղջկան համոզիչ պատրուակները չբաւեցան Նիք֊նիքին, որ անոր թեւէն բռնեց ու ինքզինքը միս մինակ զգաց աղջկան հետ։ Ինչ որ աւելի համարձակութիւն տուաւ իրեն, պնդեց ու նոյնիսկ քիչ մը հրմըշտկեց։

Աղջիկը զայրացաւ։

—Խենթեցա՞ր, Նիք, ի՞նչ եղար, ըսաւ ու մեքենաբար, աջ թեւը Նիք֊նիքին ձեռքէն ազատելու համար, ձախ ձեռքով ապտակ մը իջեցուց երեսին։

Նիք֊նիք ձեռքը քաշեց։ Աղջիկը հեռացաւ։ Նիք֊նիք ոտքի վրայ մնաց, անշարժ։ Իրեն թուեցաւ թէ ակռաները թափեցան կոկորդէն վար, թարթիչները փրթան ինկան աչքերուն մէջ, սիրտը, ստամոքսը եւ թոքերը քար կտրեցան։ Ոչ մէկ զգայութիւն կը հաղորդէին ջիղերը։ Ոտքի վրայ մեռել։ Երբ դանդաղօրէն արթնցաւ թմբիրէն, տեսաւ, որ փողոցներէն խուռն բազմութիւն մը կը հոսէր վեր վար։ Ու զգաց դէպքին ամբողջ տարողութիւնը։ Այլեւս ամէն կապ խզուած էր Պարոն Պէռնարի հաստատութիւններուն հետ։ Հոգիին մէջ արթնցաւ հծծիւն մը, սիրտը տրորուեցաւ կուրծքին տակ ու միսերէն ժայթքեցաւ յանկարծ իր վերագտնուած արժանապատուութեան գիտակցութիւնը։ Երկու ձեռքերուն տասը մատները տարաւ գլխուն ու կարծես ներքին ցաւը հանդարտեցնելու համար, այնքա՛ն խնամով սանտրուած մազերը խճճեց, ճմրթկեց ափերուն մէջ։

Փարիզ. 1925