Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁՄԵՐՈՒԿԷ ԼԱՊՏԵՐ

Քեզի՝ Նարդունի

Ձմերուկ մը՝ վառ պոքալ՝ կարմիր ձուկ մը կ’օրօրէր

Գիշերները, տրտմութեամբ։ Ապակիէ գունդին դէմ՝

Որ Փարիզներ կը գըծէր, կը գուշակէր արկածներ,

Տղայութեանըս մոլար՝ սիրտը տեղէն կը փրթէր։

 

Ծովըս ծառ մ’էր սալորի, տաղաւարիս դուռին դէմ։

Խաւարը վրան կը բանէր կայմեր, ծուխեր, ալիքներ,

Որոնց միջեւ սուզուելէն՝ իմ ձըմերուկըս սաթէ՝

Ճամբայ կու տար ու հոգի՝ կապոյտ ծառին, որ կ’երգէր։

 

Դէմքը խաղաղ ու ժպտուն ու թափանցիկ ճըրագին՝

Ոսկեդիմակ յունական՝ հազար աչքեր կը բանար

Գորգերուս վրայ ու հողին ու կը փակէր վերըստին,

Հազար շուքեր, ժանեակներ՝ տերեւներու դողահար։

 

Հրեայի պէս աղօթող՝ այծ մը գըլուխը կ’օրրէր

Անդին՝ մութին մէջ կեցած։ Ծղրիթները ճախարակ

Ու տախտակներ ճըռացող…։ Տակըս ծանըր, տարուբեր։

Նոր աշխարհ մը կը շարժէր, որուն հոգիս էր ծարաւ,

 

Որուն կ’երթար իմ հոգիս՝ գեղեցկացած ու հեծած

Խոտի, ջուրի հոտերով ձըմերուկիս կռնակին,

Որ սրբազան կրիային պէս երեւաց ու գընաց

Օր մը Ծովէն Չինական՝ վըրան գիրքեր ու ոսկի։