Անջրպետի մը գրաւումը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊԻ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Կոյր, լուսաւոր նաւի պէս հեռու, մոլար եմ այսօր։

Ալքոլն՝ եռուն պըտուտակ։ Խաղաղօրէն կը ծըփայ

Ծանըր մարմինըս պարին ու նուագին մէջէն, որ

Խափշիկները կը վառեն մեծ կաթսայի մը նըման։

 

Հոսուն շշուկ մ’ոտքերու, հագուստներու՝ կը բերէ

Կաղամախներ, անձրեւներ, յիշատակներ մանկութեան,

Որ կը խըլեն զիս շքեղ, մարգարտավառ ափերէն

Ու աղջիկէն, որ ծծուն թուղթ մ’է ճերմակ՝ կուրծքիս վրան։

 

Սեղաններուն ըսպիտակ՝ մեծ թռչուններ կ’երազեն։

Կէս գիշերուան արեւին տակ կը քալեմ բեւեռին։

Դունչը փայլուն թմբուկին, ովկիանոսի ծեր խոզին,

Կ’ոռնայ անհուն մը ցրտին։ Ծխախոտի հոտ, Վերին

 

Երկիրներէ մուշտակներ՝ մերկ ուսերու։ Պարուհի

Մը կը դառնայ բեմին վրայ զերթ ջըրաղաց մը գետի։

Ծափեր…։ Աքլոր մըն է սըրինգը…։ Սագեր։ Սըրահին

Մէկ կողմէն միւսը մարդու ալիք մ’ուժգին կը նետուի։

 

Երբեք ինքզինքըս այսքան ազատ չէի զգացեր։

Աչքըս թափուր՝ պերճանքէն, որ կը լըքեմ, ես կ’երթամ

Տղայութիւնըս դէպի՝ ուրկէ հազար արեւներ

Զիս քաշեցին, եւ որ միշտ ամայի է ու փարթամ։

 

Ու ոչ մէկ բան այնքան կոյր խայտանք կու տայ՝ որքան այս

Թաքուն շշուկը ոտքի, հագուստներու փրփըրուն,

Որ կը հոսի անփոփոխ եւ համաչափ՝ հանապազ

Քակելով մութ ջուրերու օղակներ՝ շուրջս ու հեռուն։

 

Կոյր, լուսաւոր նաւի պէս հեռու, մոլար եմ այսօր։