Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿԱԹԷ ՈՐՈԳԱՅԹ

Ուզեցի բարձրանալ։ Կոխեցի ես սրտին

Խորհուրդի մը անյայտ։

Օ՜ դժբախտ վերելքս այդ։

Դառնութեան, ամլութեան օ՛ այս լեռը ցրտին։

 

Ուզեցի բարութիւն, մաքրութիւն… եւ խաւար,

Շուրջըս ցեխ գըտայ, ցաւ։

Իմ խանդիս մարեցաւ

Բոցը սուրբ։ Զիս գըտայ մոլորած ու թշուառ։

 

Ուզեցի բարձրանալ եւ դարձայ ես անյայտ

Խորհուրդի մը գերին։

Օ՜ այս բանտը վերին,

Աստղերով քողարկուած երկաթէ որոգայթ։

* * *

Մեքենաներու փոկերու նըման հոսող տարիներ կրքի, արբեցման։

Տարիներ փշրած հայելիներու կըտորներու պէս։

Հիասթափութեան եւ յուսախաբման տարիներ՝ ետիս։

Եռանդըս ետիս՝ որ կը փայլակէր փայլակներուն հետ,

Մեծ քաղաքներուն միլիոն եւ միլիոն աստղերուն առջեւ,

Ելեկտըրական գիշերներուն դէմ։

 

Հաւատքս ետիս՝ որ մեքենաներու թաւալման մէջէն՝

Գինով՝ կը սուրար ամպերը պատռող թռչունի նըման,

Աչքերը փորուած քոնտոր խօլարշաւ՝ պայթեցաւ, ինկաւ։

Ետիս ժողովուրդն անգեղ ու ծանծաղ։

Հայրենիքն ետիս՝ որ զիս կ’ուրանար։

 

Եւ քիչ-քիչ իմ ձիս թըւեցաւ ինծի՝ զիս ինձմէ բաժնող,

Աշխարհի բոլոր գանձերէն զատող կախարդանք մը չար,

Ոտքերուս կառչած՝ զիս վար քաշող քար։

Եւ եղան անխանդ, մոլար նայուածքներ՝ կատարներն ի վար։

Տապարի զարկով իմ սիրտըս պատռեց խնդուքն ապուշին։

Զիս ցնցել եկաւ արձագանգն յիմար, խօլ արշաւներուս։

Արձաններն առին իմ խաւարասոյզ մանկութեանս ուղին։

Տգեղցան իրերն իմ պաշտամունքիս։

 

Եւ ողբ մըն էր մերթ՝ ցամքած յոյզերուս, հաւատքիս ուղղուած։

Մերթ երազն էր խեղճ, արբեցումը՝ կոյր, տխրութիւնն յիմար

Ու քէնը՝ թշուառ, սին գոռոզութիւն,

Պայքարն՝ արբեցում մ’անիմաստ, ունայն…