Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈԳԻՍ ՎԱՌԵՑ ԻՐ ԼՈՅՍԸ ԹԱԽԻԾԻՆ


Ցածէն սուրալով, ծիծառներն իրենց բոյները մըտան։

Աշխարհը լռեց։ Երազ մը տժգոյն դարձաւ բակը տան,

Ուր մեռաւ արեւն՝ ապրելէ յետոյ վերջին փառքն օրուան։

Վահագնը մեռաւ։ Մարեցան վերջին

Շողերն ազգիս սին սուտերով շինուած ոսկի անուրջին,

Վահագնը մեռաւ, սարսուռ մը մնաց միայն իրմէ, իր

Մազերուն հուրէն, ուռիներուն մէջ՝ փրփուր ու մոխիր։

 

Գիտեմ, կը սպասենք առաւօտ մը նոր…

Մեր յոյսն է անվերջ, եւ պէտք է յուսալ եւ հաւտալ անոր։

Բայց զիս կը պատէ

Տխրութիւն մը միշտ։ Սիրտըս կը սեղմէ ձեռք մը պողպատէ։

Մեր հայրենիքի երազը կրկին տըխուր՝ կը ցնդի։

Հուրն է խանդը մեր՝ խաւարը սուզուող վերջին սերունդի։

Եւ աշխարհը նոր, ազատ ու արդար՝ որուն կը խորհինք,

Նենգ ու անարդար՝ միշտ աշխարհն է հին։

 

Գիտեմ, կեանք չկայ օտարութեան մէջ՝ որ կը սպառէ մեզ։

Եւ պէտք է բանանք մեր հոգին, զսպենք՝

Մեր ցեղին առջեւ՝ Կարմիր Ծովուն պէս։

Եւ պէտք է երգենք եւ պէտք է պոռանք հայացում մը մենք.

Բայց ձայնս է խըռով։ Հոգիս չի գտներ սէր, խանդ ու կորով։

 

Հիւղերը իրենց շուքերն առին ներս, լոյսեր վառեցին։

Սեւ ծովը մտան գիւղ, ձոր ու բըլուր՝ մեկնեցան խըռով։

Ծառերն հեռացան։ Հոգիս վառեց շէկ լոյսն իր թախիծին։