Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

106) Դ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

 

Յօդ. 24. Կրօնական ժողովը կը բաղկանայ տասն եւ չորս բանիբուն եկեղեցականներէ, որոնք գոնէ երեսուն տարին լրացուցած եւ գէթ հինգ տարիէ ի վեր ձեռնադրուած պիտի ըլլան:

 

Յօդ. 25. Եկեղեցական համագումար ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ՝ ազգային կրօնական ժողովոյ անդամոց թուոյն եռապատիկը կընտրէ եւ ընտրելեաց անունները ստորագրեալ յայտագրով ազգային ընդհանուր ժողովոյն կը ներկայացնէ:

 

Ընդհանուր ժողովն ալ անոնց մէջէն գաղտնի քուէարկութեամբ կընտրէ կրօնական   ժողովոյ   անդամները:   Տեղեկագիրը   Պատրիարքին   կողմէն Բարձրագոյն Դրան կը ներկայացուի, եւ կրօնական ժողովոյ այսպէս ընտրուած անդամները Կայսերական հրամանաւ կը հաստատուին:

 

Յօդ 26 Կրօնական ժողովը երկու տարին անգամ մը ապրիլի վերջը ամբողջ կը լուծուի, եւ մայիսի սկիզբը կը նորոգուի: Այս ժողովոյ անդամները անմիջապէս վերընտրելի չեն, բայց երկու տարի ետքը կրնան նորէն ընտրուիլ:

 

Յօդ. 27. Երբ կրօնական ժողովոյ անդամներէն հրաժարական տուող եւ կամ ուրիշ պատճառաւ պակսողներուն թիւը երեքի հասնի, անոնց տեղ ուրիշներ կընտրուեն ընդհանուր ժողովով: Բայց մինչեւ որ այս ընտրութիւնն ըլլայ, կրօնական ժողովոյ մէջ բոլոր անդամոց մեծագոյն մասը կը բնտռուի:

 

Յօդ. 28. Կրօնական ժողովոյ պաշտօնն է ազգային կրօնական գործոց ընդհանուր տեսչութիւնը: Իր պարտաւորութիւնքն են՝ ազգին մէջ կրօնական զգացումը զարգացունել, Հայաստանեաց եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւններն անխախտ պահել, եկեղեցեաց եւ եկեղեցականաց բարեկարգութեանը հսկել, եկեղեցականաց ներկայ վիճակը լաւցունելու եւ ապագայն անդորրելու եւ ապահովցունելու միջոցները ձեռք բերելու հոգ տանիլ:

Ազգային վարժարանաց երբեմն-երբեմն այցելութիւն ընելով Քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցման վրայ հսկողութիւն ընել, արժանաւոր եւ բանիբուն վարդապետներ եւ քահանաներ հասցունել, եւ ազգին մէջ ծագած կրօնական վէճերը քննելով` եկեղեցւոյ օրինաց համեմատ լուծել:

 

Յօդ. 29. Կրօնական ժողովը երբ չը կարենայ ինքնին լուծել զուտ կրօնական կարեւոր  խնդիր  մը, եկեղեցական  համագումար  ժողով  կը կազմէ՝ Կոստանդնուպօլիս  գտնուող  եպիսկոպոսները եկեղեցեաց  քարոզիչ  վարդապետները, աւագ երէցներն ու աթոռակալները եւ թէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ շրջակայ գաւառաց առաջնորդները հրաւիրելով: Եթէ եկեղեցական համագումար ժողովն ալ խնդիրը իր ձեռնհասութենէն վեր դատէ, այն ժամանակ ընդհանրական կաթուղիկոսին կը դիմէ ստորագրեալ տեղեկագրով:

 

Յօդ. 30. Կրօնական ժողովոյ ամէն տեսակ տեղեկագիրները՝ միշտ անդամոց մեծագոյն մասին կողմէն ստորագրեալ պիտի ըլլան:

 

Յօդ. 31. Թէ Կոստանդնուպօլսոյ եւ թէ գաւառներու մէջ՝ վարդապետի ձառնադրութեան համար պէտք եղած հրամանը ազգային կրօնական ժողովոյ կողմէն կը տրուի: Իսկ քահանայի ձեռնադրութեան համար՝ եթէ Պօլսոյ մէջ է՝ նոյն կրօնական ժողովէն, եւ եթէ գաւառներու մէջ է՝ տեղւոյն կրօնական ժողովէն կը տրուի:

 

Յօդ. 32. Մինչեւ որ եկեղեցւոյ մը քահանաներն ու թաղական խորհուրդը նոր քահանայ ձեռնադրել տալու կարեւորութիւնը չտեսնեն, եւ ստորագրեալ տեղեկագրով կրօնական ժողովոյ խնդիր չընեն, ձեռնադրութեան հրաման չը տրուիր:

 

Յօդ. 33. Կրօնական ժողովը կընտրէ Կոստանդնուպօլսոյ եկեղեցեաց քարոզիչ  վարդապետներն  ու  աւագերէցները եւ  Պատրիարքը  կանուանէ զանոնք:

 

Յօդ. 34. Կրօնական ժողովոյ մէջ ամէն տեսակ ընտրութիւն գաղտնի քուէարկութեամբ կըլլայ:

 

Յօդ. 35. Կրօնական ժողովը կանոնագիր մը պէտք է շինէ եկեղեցականաց ներկայ վիճակին բարելաւութեան եւ ապագային անդորրութեանը համար, որպէս զի իրենց հոգեւորական պաշտօնները կարենան ձրի կատարել: