Հետագայ
էջերուն
մէջ
տրուած
են
Զահրատի
մեծ
մասամբ
«Ճառագայթ»ի
մէջ
հրատարակուած
ու
գիրքերէն
դուրս
մնացած
վաղ
շրջանի
բանաստեղծութիւնները,
ինչպէս
նաեւ
թրքերէնէ
կատարած
իր
թարգմանութիւնները,
ինքնակենսագրականը…։
Զահրատ
1947–
1951ին
«Ճառագայթ»ի
մէջ,
առաջին
թիւէն
սկսեալ,
ստորագրած
է
քսաներկու
բանաստեղծութիւններ.
1960ին
հրատարակուած
իր
անդրանիկ
հատորին
մաս
կազմած
այդ
բանաստեղծութիւններէն
միայն
վեց
հատը,
որոնք
են՝
Անձրեւ
(թ.
I.
21.
5.
1947),
Մեհմետ
պէյ
փողոցը
(թ.
113.
15.
7.
1949).
Թաղը
(թ.
114,
22.
7.
1949).
Հաճը
Պէքիր
(թ.
124,
1.
10.
1949),
Պատմութիւն
հանրակառքով
ճամբորդութեան
մը
(թ.
127,
22.
10.
1949),
եւ
Կաղանդ
պապային
մօրուքը
(թ.
137,
(6.
1.
1950)
(տե՛ս
Հատոր
Ա,
էջ
14,
20‚
29‚
21,
19‚
եւ
79)։
Յաւելուածը
հեռու
է
ընդգրկելէ
Զահրատի
վաղ
շրջանի
բոլոր
բանաստեղծութիւնները,
թէեւ
տուած
ենք
«Ճառագայթի»ի
մէջ
հրատարակուածները
ամբողջութեամբ։