Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՄԱԽ
       Մեկնելով քաղաքէս՝ կ’ընթանանք յարեւմուտս մեծ բազմութեամբ Ազգայնոց, գոհութիւն իրենց։ Հետզհետէ կը ցուցնեն մեզ Հայրապետ, Թիլ, Ջուխտակ սուրբեր, Շոխա, Խախ եւ այլն։ Եւ վերջապէս կը թողունք դաշտը, ուր բարձրանալով՝ հասած ենք լերան մը սկաւառակի վրայ, յորում է ԿԱՅ Ի ՓՈՍԻ Ս. Յակոբայ վանք։ Ջուրն, օդն, արօտն հիանալի եւ սառն, գեղեցկակերտ է Ս. Տաճարն, յորում կայ փոս մը՝ ջրհորի ձեւով, ուր կը ճգնէր եղեր Ս. Յակոբ, յաջմէ խորանին՝ առիւծ եւ ’ի ձախմէ՝ եզն՝ քարակոփ խոյակաց վրայ։ Իսկ դրսի շէնքերը աննշան են։
       Մեր ուղին լեռնային է։ Սեպուհն այս կողմէն երեք փեղկի բաժանեալ կը տեսնուի։ Առաջնոյն վրայէն կ’երթանք մենք։ Ղըզըլբաշ Քրդերը՝ ընտանեօք եւ զաւակօք, բազմութեամբ նստած են այս լեռան գագաթը՝ տօնի հագուստներով եւ աղօթելու կերպով։ Հոն կայ ուխտատեղի մը՝ ՍԵԲԷ անուն, եւ գերեզման մը. ուխտ կ’ընեն հոն։ Այս Սեբէէն մերթ ընդ մերթ կ’արձակուին կայծակունք եւ որոտմունք եւ լոյս, եւ կը տարածին Սեպհոյ ամբողջ մասերուն վրայ։ Տեղացիք կը հաւատան, թէ այն գերեզմանէն կ’ելնեն այդ նշանները։ Ինչ որ ալ լինի, խորհրդաւոր է այդ ուխտն եւ նշանները եւ Սեբէ անունն։ Արդեօք լե՞ռն իր անունն առեր ասկէ, թէ զուգադէպ մի եղեր է։ Զառ ’ի վեր, զառ ’ի վայր յառաջ կ’երթանք։ Մեր փափաքն ու նպատակն է դիմել յԱւագ վանք։ Մայրիք եւ մացառք մեզ ճամբայ կուտան, խո՜ր, խո՜ր կ’իջնանք, եւ ահա կ’ուզես նեղ ձոր ըսէ, կ’ուզես հեղեղատ մը՝ սեղմուած բարձրաբերձ լերկ եւ լեռջ ժայռերու մէջ։ Մութը կոխեր էր։ Վանից ճրագները տեսնալէն յառաջ վանից գամբռեր թնդացուցին հաջիւնով այդ անդունդը, եւ մեր խումբէն ատրճանակ ու վանքէն հրացաններ դղրդեցուցին պահ մը այդ Սրովբէական սրբազան վայրն, ուր, սակայն, հոգիս հազար յուզմանց մէջ էր։
       ԱՒԱԳ ՎԱՆՔ կ’ըսուի նաեւ Թադէոս Առաքելոյ վանք, եւ Լուսաւորչի Անապատ, որ Սեպհոյ բոլոր ուխտատեղեաց կամ մատրանց աւագագոյնն է, եւ միւս փոքրերը այս վանքով կը կառավարուին։ Զարմանալի չէ, թէ այսպիսի խոր եւ անտես ձորոյ մը մէջ Թադէոս Առաքելոյ օրէն հիմնուած եկեղեցի եղած լինի, եւ քրիստոնէութիւնը իւր հալածանաց օրերու մէջ մինչ ’ի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն, քահանայ եւ հաւատացեալները սնուցած լինի աստ՝ հանդերձ անապատականներով եւ ճգնաւորներով, որոց յարմար քարայրներ, խոռոչներ եւ ծածուկ ձորերը պատրաստ կ’ընծայէր Սեպուհն, եւ, իբրեւ ապառաժ ու անբնակ լեռն, կրնար խուզարկուելէ թագուն մնալ, ինչպէս Վարագայ լերան համար կը կարծուի, թէ նախ քան զՀռիփսեանս, կը գտնուէին Հայ Քրիստոնէից ծածկեալք, որոց քով ապաստանեցան Հռովմայեցի կուսանք։ Ի Սեպուհ եւս կոյսն Մանի, սրբոց սրբութեան հոտ մը առնլով, դիմած էր, եւ Ս. Լուսաւորիչ այդ լեռը իրեն աղօթարան ընտրած, յոր կը մնար երկար ժամանակ անծանօթ զինքն որոնողներէն։ Այլ սակայն կենակից հոգեղինաց, երգակից հրեշտակաց եւ Սերովբէք զինքն գտած էին, իրեն կը դասակցէին եւ կ’սպասաւորէին, եւ երջանիկ հովիւք իրեն կը հանդիպէին։
       Երանեալ հովիւք Բէթլէհէմի քարայրին մէջ ինկած Աստուածը գտան, ծագեալ լոյսը տեսան եւ հրեշտակաց հետ «փառք ի բարձունս» երգեցին։ Երանեալ հովիւք Սեպհոյ Մանեայ այրին մէջ Աստուածարեալ անձին ճառագայթը կը տեսնային եւ, Լուսաւորչին լուսափայլ հոգին ի լոյսն անմատոյց ցոլանալուն հանդիպելով, սրբասնեալ մարմինն «փառք ’ի բարձունս» երգով կ’ամփոփէին։
       Արդարեւ, այս անդնդային խորեր եւ երկնաբարձ լեռները այնքան վսեմութիւն եւ սրբութիւն կ’ազդեն հայու մը հոգւոյն, որ կը կարծէ, թէ երկնից կամարի մէջ կը շրջի։ Ամենայն քարինք լոյս կ’արձակեն։ Աստուած կը շրջի հոն՝ ճառագայթներով լցեալ, անմահութեան բուրմամբ զմայլեալ, «խորին խորհրդով, գեղապանծ լուսով բերկրեալ, կենդանի կառօք, զօրօք հրեղինաց պարփակեալ, աջովն Յիսուսի պատուեալ, Գողգոթայի խաչելոյն տեղւոյն համանմանեալ», ինչպէս կը նուագէ հոգւով Յօհան Պլուզն՝ իւր մեծ եւ սքանչելի քնարովն. «Լերինք ամենայն, այսօր ցնծացէ՛ք ընդ մեծապայծառ փառսն Սեպուհւոյ գերազանց լերին»…։
       Տեղ կայ, ուր մարդու սիրտն ու քնար քար կը դառնայ, քար կայ, որ քար կտրած սիրտեր եւ խորտակեալ քնարներ կը շարժէ։ Ինչպէս երբ գտնուի մարդ տեսարանի մը մէջ եւ իր չորս դեհէն ձայն քաղցրանուագ զինքն շրջապատող հազարաւոր բերնէ կամ գործքերէ փոփոխակի լսէ, կամ լուսաւոր երեւոյթներ, շարժմունք եւ բոմբիւնք յաջորդաբար ցոլանան ’ի վեր եւ ’ի վայր, առջեւ եւ ետեւ, յաջ եւ ’ի ձախ։ Կը շարժէ մարդն իր դէմքն ու աչերը՝ լսելու եւ տեսնալու անոնց քաղցրութիւնն, անոնց հրաշալիք։ Այս վիճակ կ’ունենայ Սեպուհի ուխտաւորն, թէ բարձրանայ ’ի բարձունս լերանց, թէ իջնայ յատակս ձորոց, թէ անցնի այրերու առջեւէն, թէ ջրի մը հանդիպի, թէ ժայռի մը եւ թէ քարամէջ բուսած ծառի մը։
       Սեպհոյ ամէնէն բարձր մասն է «Գոհանամք»-ը, որոյ գլուխը շատ հեռու տեղերէ կ’երեւի, իսկ դեռ շէն մատուռներն են այդ լերան մէջն ու վրան՝ ՄԱՆԵԱՅ ԱՅՐ, ՀԱՆԳԻՍՏ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ, ուր ամփոփուած ու գտնուած է մարմինն Աստուածարեալ, ՍԵՐՈՎԲԷՔ-ՔԵՐՈՎԲԷՔ կամ ՍԵՐՈՎԲԷԻՑ ՎԱՆՔ։ Ցանկալի վայր մի է նաեւ Ծաղկումարգ ըսուածը։
       * ։
       Ո՞ սար եւ խաչ Տրդատայ, ո՞ լոյս անշէջ մեր Լուսաւորչին, ես կը հասկնամ ու կը հաւատամ Ձեր խորհրդաւոր գոյութեան։
       Ահա եւ ասոր երգը. «Խորհուրդ խաչելոյն գերահրաշ տեղւոյն Գողգոթայ ծածկապէս ’ի սմին լերին տեսանի, զէնն արքայական, սպանման գործի կենաց, արքային՝ ’ի կենաց գործիս նուիրել, որով փրկեսցէ զմեզ յաւիտենից մահուանէ»։ Ամէ՜ն։ Նշան եւ խորհուրդ փրկութեան յաւիտենից մահուանէ…։
       Յօհան Պլուզ, յաւիտեան անմահ քո երգն ու քնար, յաւիտեան օրհնեալ քո բան եւ յիշատակ։ Ո՞վ քեզ նման. ոչ ոք քեզ նման կրցեր է շարժել այս ժայռեր, ոչ ոք քեզ չափ՝ շարժել մեր սիրտեր։
       Աւագ վանքը երեք տաճար ունի։ Ս. Աստուածածնի եւ սուրբ Կարապետի տաճարները փոքրիկ են, եւ կ’աւանդեն, թէ Ս. Աստուածածինը Թադէոս Առաքելոյ հիմնածն է, իսկ մեծ տաճարն, որ է յանուն Ս. Թադէոսի Առաքելոյն, վայելչակերտ, եւ Ս. Կարապետինը Ս. Լուսաւորչէն հիմնարկեալ կ’աւանդեն։ Առանց գմբէթի են տաճարները, իսկ փայտեայ դռները իրենց երկփեղկին վրայ ունին քանդակներ. Ս. Թադէոսի դրան վրայ քանդակեալ տասն պատկերք Առաքելոց, եւ ’ի միջի՝ Յիսուս, երեք Առաքեալք եւս ’ի ներքոյ՝ հանդերձ Պօղոսիւ, եւ յիշատակարան՝ փորագրեալ խոշոր եւ երկարաձեւ երկաթագրով։ Վանքիս Ս. մասունքներ եւ ձեռագիր մատեանները իրենց յիշատակարաններով գրած ենք իրենց կարգին։
       Ս. մասանց հետ կը գտնուի արծաթ կլորակ տուփի մէջ ծրարուած ՏԵՂՏԱՓ կոչուածը՝ ձեռքի մը չափ մոխրագոյն փայլուն քար, որոյ վրայ նուրբ արուեստով քանդակուած կայ երկու արծուի, յաջմէ թագաւոր, ’ի ձախն թագուհի, եւ ’ի կեդրոնին՝ մասունք կամ ակն դնելու տեղ մը, ուր Ս. Լուսաւորչի ակրայն դրած են եղեր, որ ինկած էր եւ տեղը պարապ մնացած։ Այս գործ հիանալի եւ աննման, կ’աւանդեն, թէ Կոստանդիանոս ընծայած է մեր Տրդատին, կամ Սեղբեստրոս՝ Լուսաւորչին։ Շատ անցորդք եւ հնախոյզք, յատկապէս՝ հեռի տեղերէ, եկած են զայս տեսնելու եւ հիացեր են, շատ ալ ջանացեր են արծաթով կամ այլեւայլ խոստմամբ եւ հատուցմամբ հանել զայն վանքէն, ինչպէս նաեւ հնարքներ ու հրապոյր ’ի գործ դնելով, սակայն չեն յաջողած։
       Բրոխորանեան տէր Յարութիւն քահանայն է վանահայր Աւագ վանից եւ առաջնորդ թեմից, որք են Արմուտանի, Կէրճանիսի եւ Կամախու գաւառները։ Մի հսկայ, պատկառելի, հարիւր երեք ամեայ, պարթեւ հասակ, սպիտակ եւ երկար մօրուք, ուժեղ բազկով, զօրաւոր ձայնով, ծանրախօս եւ լուրջ ծերունի մը, իւր տոհմը հարիւրաւոր տարիներէ ’ի վեր քահանայ եւ վանահայր եւ առաջնորդ են եղած՝ բնակելով իրենց ընտանեօք այդ վանքը։ Տէր Յարութիւն ունի զաւակներ, թոռներ եւ թոռանց զաւակներ, որք առ հասարակ կը բնակին վանքը, թէ՛ քաջ մշակ են, թէ՛ քաջազէն, որով կրնան պահպանել վանքն Տէրսիմի աւազակներէն եւ այլեւայլ կողոպտիչներէ՝ երբեմն ալ զոհեր տալով-առնլով։ Արդարեւ այդ ամայի վայրը՝ իր շինութեամբ եւ սրբութեամբ պահպանել ամենայն չարչարանօք եւ չարեօք որքան գոհութեան արժանի է, նոյնքան եւ զարմանալի է, որ ազգայիններէն եղեր են եւ կան ոմանք, որ կը չարանան եւ չարակամութեամբ կը խօսին ու կը ջանան հանել վանքը այդ անձանց ձեռքէն եւ առաջնորդի, վարդապետի կամ ժողովականներէ կազմեալ տեսչի ենթարկել, որպիսեաց ձեռքով միշտ խանգարմունք տեսնուեր են, իսկ շինութիւն՝ երբէք, մանաւանդ թէ՝ այդ գերդաստանին վարձատրութիւն ալ ընել արժանի է, որ, իրենց կեանքը այդ սուրբ տան վրայ դնելով, անոր հետ կը պահպանեն ամբողջ սուրբ Սեպուհն եւ սրբավայր ուխտատեղիք, ուր վարդապետներ չորս օր չեն կրնար դիմանալ եւ, բան մը իրենք կողոպտելով, պիտի փախչին եւ մնացեալն ալ քրդաց եւ այլոց կողոպուտ տալով թերեւս։
       Տէր Յարութիւն քահանայն այս վերջին տարիներս կորսնցուց իր աչաց տեսութիւնը, եւ Սահակ նահապետի պէս տեսայ զինքն երկրորդ ուխտիս՝ նստած ’ի մահճի, զաւակունք, հարսունք, թոռունք իր շուրջը։ Մօտեցայ, համբուրեցի աջը եւ օրհնութիւնը խնդրեցի։ Ինքն եւս համբուրեց եւ օրհնեց։ Ապա հարցուց, թէ գիտէի՞ արդեօք աչքը լուսաւորելու դեղ մը։ «Ձեր աչքերը պիտի բացուին, հա՛յր, - պատասխանեցի, - եւ լուսաւոր տեսլեամբ զՔրիստոս պիտի տեսնէք»։ «Խոստովանիմ եւ հաւատամ, - ասաց նա հոգւոյ ամենայն զօրութեամբ, - յո՛յս ունիմ զՔրիստոս տեսնելու, բայց քանի որ նա կամի մնամ այս աշխարհիս մէջ, աշխարհի լոյսն ալ կ’ուզեմ վայելել։ Օրհնեա՜լ եղիցի կամք Տեառն»։ Եւ ապա սկսանք հարցումներ։ Մի կենդանի պատմութիւն է նա ամբողջ մէկ դարու, շատ երկիրներ շրջած, շատ ականաւոր անձանց ծանօթացած, դէպքերու եւ անցքերու ճշգրիտ նկարագիրը կ’ընէր, իր գլխէն եւ ձեռքէն անցածները կը թուէր կանոնաւոր ոճով եւ եռանդալից, պարապ չէր շրջած, հարեւանցի չէր անցած, ամէն բանի խորամուխ եւ իր դատողութիւնն ու դիտողութիւնն ունէր իրաց վրայ, կ’օրհնէր զյիշատակ վարդապետի մը, որ զինքն Էջմիածնէն խրատեր, իր տեղը ղրկեր էր իր պատանեկութեան օրերը, ապա թէ ոչ՝ պիտի կորսուէի, կ’ըսէր, ոչ հոգւոյս եւ ոչ մարմնոյս յիշատակ պիտի մնար… եւ այլն. ու մեծապէս կը գոհանար իւր զաւակաց եւ թոռանց վրայ։
       Տէր Յարութիւնի որդին՝ տէր Վրթանէս քահանայն, այժմ կը վարէ հօր պաշտօնները։
       Վայելելով այս օրհնեալ տան եւ օրհնող նահապետին շնորհալի հիւրընկալութիւնը՝ հեղեղատն ’ի վար կ’ընթանանք՝ երկրպագելով սրբազան հողին եւ քարերուն, կ’անցնինք վանքի ջաղացներէն եւ տնկովի ծառոց պրակներէն, ովասիսի նման են այս ապառաժներու մէջ, կը մտնենք Գառնի գեղը, կը տեսնենք Թըվկըներ գեղ, եւ կ’ելնենք դուրս ձորէն։ Քիչ մը յառաջանալով՝ կը գտնենք մեծ պողոտան, որ Երզնկայէն կուգայ Եփրատայ քովէն։ Մնձուր, որ Տէրսիմի այս մասին անունն է, մեր ճակտին կը զարնէ իւր զովը, եւ մեր աչաց առջեւ կ’արձանանայ բարձրաբերձ, պարսպանման, սպիտակափառ, ձիւնազարդ, որ իր վրայ ծագած մայիսի արեգակն արծաթափայլ կը շողշողացնէ եւ մեր բիբերը կը խտղտեցնէ։ Մնձուրի այս երեսը որքան վեհ եւ ահաւոր, նոյնքան քնքոյշ եւ գեղադէմ է, ժայռեր եւ պատառուածքներ ունի, կանանչներ եւ դալարիք փռուած են միւս տեղերը։ Շէն եւ աւերակ գեղերը բազմաթիւ կ’երեւան եւ ահա կը յիշեցնեն մեզ այն մեծ գաղթականութիւն Հայոց, որք այս գաւառէն փոխադրուած են ’ի Թէքիրտաղ, Կէլիպօլու քաղաքներ եւ գիւղերը։ Այսպէս նաեւ քիչ մը յառաջ երթալով՝ պիտի տեսնանք Կամախի բերդաքաղաքի ամայութիւնն եւ անդին գտնուած գեղերուն մինչեւ Ակնայ սահմանը, եւ նոյն իսկ Ակնայ գիւղորէից շատերուն փոխադրուիլը Նիկոմիդիոյ կողմերը, ուր հաստատուելով՝ Հայք իրենց թողած գեղերու անունները իրենց նոր բնակած տեղերուն վրայ դրեր են, որպիսի է Միջագիւղ կամ Օրթա գեղ, Բաղչաճիկ կամ Պարտիզակ, եւ այլն, եւ այլն, եւ միեւնոյն անունները դեռ կը մնան հին գեղերու վրայ։
       Հեռուանց կ’երեւի մեզ մեր պատմութեան մէջ անուանի անառիկ ամրոցն կամ բերդն Անի։ Իր ետեւի կողմէն կ’անցնինք։ Աւերա՜կ, յորում կան սակայն շէնքերու մնացորդներ եւ եկեղեցեաց եւ հին մզկիթ մը՝ իր մինարայով։ Աւերա՜կ, որ իր դիրքով զարմանալի է, արդարեւ ամրոց անառիկ, աւերա՜կ, յոր պահուեցաւ գանձն Խոսրովիդուխտ Արշակունին՝ Արշակունեաց արքունի գանձերով, աւերա՜կ որ կը խօսի անխօս մեր սրտին հետ եւ Եփրատին հետ, որ իրարու լեզուն կը հասկնան եւ իրարու վրայ կուլան։ Բերդին տակ՝ ձորաբերանը, շինուած է այս աւանը։ Վտակ մը կը հոսի Մնձուրէն ’ի վայր՝ բերդին ոտները թրջելով, եւ կը բաշխուի բնակչաց թաղը, արտերուն եւ պարտէզներուն։ Այս ջուրը կը բերէ իրեն հետ գարնան եւ աշնան առատութեան միջոցին հնութեանց կտորներ, դրամներ, փոքրիկ կուռքեր, քարակներ, զորս կը հանէ աւերակաց մէջէն, կամ պահուած հողադարաններէն, եւ ջրոյն նուազման օրերը մանուկները կ’երթան կը ժողվեն, որոցմէ քանիներ տեսանք, եւ շատերը վաճառուած էին ու կը վաճառեն շրջող հնախուզաց։ Պղնձագործ ուսթա Յարութիւն, որ իր արհեստին բերմամբ կը շրջի քրդերու գեղերն ալ, շատ այդպիսի նիւթերը ձեռք բերած ու ձեռքէ հանած էր։ Ես գնեցի իրմէն փոքրիկ կուռք մի կանացի՝ ոտները բեկած, եւ մի կարմիր քարակն՝ քանդակեալ մօրուօք, գլուխ մի սաղաւարտով, որ ունի նետ եւ աղեղն եւ մի աստղ եւս իւր վրայ, զոր երեք կողմ դարձնելով՝ երեք պատկեր կը ներկայացնէ, գլուխ մարդոյ, ձի եւ աքաղաղ։
       Օդն անառողջ էր աւանիս, բայց գրեթէ տասն վայրկեան անդին մի գեղեցիկ թաղ կայ Տաճկաց՝ այգիներով եւ ծառերով, վայելուչ տուներով։ Հոս կը նստին հին տոհմականք Կամախու, բայց ամէնէն աւագ տոհմն է Սաղըր օղլիին, որ տակաւին իր բարձր ազդեցութիւնն ունի բոլոր գաւառին վրայ, կը յարգէ զինքն կառավարութիւն, կը վախնան իրմէն Քրդերը, բայց չէ գիտցած դեռ երկրին խաղաղ բնակչաց համակրութիւնն ու գոհութիւնը վաստկիլ, զի մերթ ընդ մերթ դժգոհութիւն եւ գանգատի ձայներ հանած է իւր դէմ, թէպէտ ինչպէս կառավարութիւն, նոյնպէս եւ ամէն անցուդարձ ընողներուն պատուադիր հիւրընկալ գտնուած է եւ քաղաքավար ոմն է։ Իր տունը աւանին մէկ կողմն առանձին շինուած է ճաշակով։
       Եփրատայ ձախ կողմէն է մեր ուղին։ Կը հանդիպինք շէն եւ աւեր գեղերու, աւեր եկեղեցիներու եւ միւս երեսը գետոյն կը տեսնենք նոյն տեսարանը։ ՎԱՍԻԼԻ կ’անուանեն քարի տակի մեծ գեղ մը։ Այս բառը Ս. ԹԱԳԱՒՈՐՆ է, զոր յունացուցած են յետաբնակ յոյնք։ Այս գեղի բնակիչ Հայք իրենց հետ տարած են Թիքիրտաղ Ս. Թագաւոր եկեղեցին եւ խաչը, զոր ունէին աստ եւ այսպէս կը բացատրեն, թէ այն բեւեռն է այդ Ս. Խաչը, որով գամած էին Քրիստոսի խաչափայտին վրայ Պիղատոսի գրածը՝ «ԹԱԳԱՒՈՐ ՀՐԷԻՑ»։ Այս էր Քրիստոսի մահապարտութեան յանցագիրը եւ որ եղաւ պաշտելի հաւատացելոց՝ Ս. Թագաւոր, որոյ մի մասն է Պօլսոյ Գատը գեղի Հայոց եկեղեցւոյ Ս. Թագաւորն։
       Լեռնակող է մեր ճանապարհը, եւ երեկոյեան իջեւանն ըրինք Հողիս գեղ, որոյ բնակիչք Հայ-հոռոմ են։ Հետեւեալ օրը անկանոն եւ վտանգաւոր ճամբաներով կ’իջնանք Ավշէն գեղ՝ թողլով Եփրատը, որ կը մտնէ նեղումեղ կիրճերը, կորսնցունելով իր երեսը, բայց ոչ ձայնը։ Սոսկալի եւ ամեհի ժայռեր, պտոյտէ պտոյտ եւ խորէ խոր վիժելով, նազելին Եփրատը չարաչար կը հարստահարեն, որ սակայն, փշրուելով ու փրփրալով, ազատ եւ աւելի աղուորցած կ’ելնէ դուրս քանի մը ժամ յետոյ։
       Ավշէն ծառազարդ է եւ շէն գեղ մը եղեր է, բայց ա՛լ ինկած էր։ Իրմէն հեռի չէ Խանի գեղ, որ ձորի մը մէջ 7-8 տունէ կը բաղկանայ։ Խանիէն կ’ելնենք դժուարին ել մը, ուստի կ’երեւին ցիր եւ ցան գիւղորայք։ Սարսափելի է այս ուղին՝ Տէրսիմի քրդերու որջ եւ ասպարէզ. ամէն քարի տակ ստուերներ կ’երեւան, եւ կը սարսռի անցորդի ոսկորը, զի այն ինչ կը քալես, գնտակի մը ձայն կ’ելնէ, եւ ահա ինկած ես՝ կա՛մ կողոպտեալ, կա՛մ դիակնացեալ։ Սակայն այս տարիներ մեծ տարբերութիւն կայ, զի հեռագիր, թաթարի անցք, զօրաց անց ու դարձը եւ լաւագոյն հսկողութիւնք հետզհետէ անհետ կ’ընեն այն չարերը ու չարիքը։ Արդէն նոր պողոտայ մի եւս Երզնկայէն յԱկն եւ ’ի Խարբերդ կը շինուի, որ ապահով կ’ընէ երթեւեկն։
       Այլեւս սպառած է Կամախը, անցած ենք Ակնայ սահմանը, կ’իջնանք Բաղըրսաք տէրէսին, աղեաց ձոր, որ կրնայ ըսուիլ մահու ձոր, եւ անկէ ելնելով՝ զուարճալի ջաղացքներու եւ ջրերու մէջէն կը բարձրանանք ԽՈՍՏԱՅ լեռն, լեռն բարձր, ցուրտ, քարոտ եւ ահոտ։ Սքանչելի է իւր աղբիւրին ջուրը՝ անոյշ եւ սառն։ Արդէն քարի աշխարհի միջեւ ենք, թէպէտ 1-2 գեղի պէս շէներ կը տեսնենք, բայց ամենեւին քարերու մէջ ենք։
       Ակն նկարագրուած է Թորոս Աղբօր Ա. Մասին մէջ։
       Մայիսի 28 է։ Մենք պիտի մնանք միջոց մը այստեղ՝ իբրեւ Ակնայ Առաջնորդ։