Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱԼՈՒ
       Օգոստոս 28-ին յառաւօտուն մեկնեցանք Չարսանճագէն։ Քղիի ջուրն անցնելով՝ անմիջապէս կ’սկսի Բալուայ հողն։ Միշտ զառ ’ի վեր կը գնանք, եւ երկու կողմերնիս՝ ձորերու մէջ, լի են փոքրիկ գեղեր։ Ուղեկիցներս կը ցուցնեն Բալուայ լեռները, կը տեսնանք գլորակ բարձր գլուխ մը։ Քղիի Սրբլոս լեռն է։ Կ’երեւի բուն շղթայն Տէրսիմէն մինչեւ Մնձուր՝ սուր եւ գլոր ժայռերով, եւ Թաքման լեռն, որոյ միւս երեսն է Ճապաղջուր. Կնճայ լեռները, որոց միւս երեսը կ’իյնայ Մշոյ դաշտը։ Պահ մը կը յուզուի սիրտս Մշոյ յիշատակներով։ Հինգ ժամէն սկսանք իջնալ ’ի Բալուայ հովիտն։ Ի հեռուստ կ’ողջունենք Բալուայ բերդի քարեայ գլուխն։ Սիրտս իրեն կը քաշէ այդ կապոյտ ժայռը։ Աչերս չեմ կրնար հեռացնել իրմէն. այդ քարին մէջն է Հայոցս լուսաւորութեան արգանդն, Հայկական գրոց գանձարանն, այն պաշտելի քարայրը, յորում Աստուածայինն Մեսրովբ ճգնեցաւ, տքնեցաւ, մինչեւ ծնաւ ազգ մի ողջոյն։ Անտի ծագեց մեր լոյս արեւն։
       Կէս ժամէն աւելի զառ ’ի վար կ’իջնէինք։ Ընկերներս ետ էին մնացած. երիվարս կը վազէր։ Կանխաւ որոշած էի, որ Հաւաւու Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածնի վանքը պիտի իջնայինք, ուխտ ընէինք, հանգչէինք եւ անցնէինք։ Բալուայ քարին յառելով ուշքս եւ աչքս՝ մոլորած էի։ Յանկարծ զիս գտայ ընդարձակ այգիներու մէջ, որոց ծայրը մեծ եւ շնորհքով գեղ մի կայ։ Ձայներ լսեցի, որ կը կանչէին զիս։ Ետ դարձանք ճամբուն վրայ։ Հաւաւ գեղն էր այն եւ իւր այգեստանն։ Վանքին դուռը իջանք։ Սիրուն է վանքիս դիրքը, եւ իր շուրջ եղած այգիք, ծառաստանք եւ ջուրք կ’աւելցնեն վայելչութիւնը։ Իր առջեւ կը տարածուի գեղեցիկն Հաւաւ՝ կանաչագեղ այգեստանեօք, եւ քաղցր աչքով կը դիտէ հովտին մէջ սփռուած ու հանդիպոյ լեռնակողման վրայ եղած շէն ու վայելուչ գեղեր։ Դռնէն դուրս մեծ աւազան մը ունի թթենեաց հովանեաց տակ, եւ ’ի ներքոյ վանքին ջաղացն է։ Վանքին ներսը ամենայն ինչ աւերակ էր, ապականութիւն եւ խառնակութիւն։ Չորս շուն, չորս քուրդ, երկու տնտես կանայք, հինգ կով, մէկ էշ եւ մէկ ձի եւ մի կաղ վանահայր՝ Մանուէլ վարդապետ։
       Ահա Հաւաւու վանք, որոյ հայեացքը արդարեւ քաղցր, բայց մեր տեսածն էր խիստ դառն։ Ս. Տաճարն փոքրիկ եւ շատ սիրուն շէնք մ’էր, բայց միւս շէնքերուն մէջ խճողուած եւ կորսուած էր դրսէն։ Հոս գտանք վիճակին առաջնորդական տեղապահ Նաթանեան Պօղոս վարդապետ, որ երեք քահանայից հետ կրօնական ժողով կազմած էին եւ կը յուզէին այս ժամուս՝ վանքէն կորուսեալ ոսկի խաչի մը եւ պանակիի մը խնդիրը։ Հրաւիրեցին նստելու, եւ Նաթանեան Հայր սուրբ իւր անտանելի սիրելութեամբ արգելք եղաւ մեզ նոյն օրը մեկնելու։
       Վանքին ձեռագիրներ աչքէ անցնելով՝ յիշատակարանները կ’օրինակէի, բայց Նաթանեան Հայր սուրբն ժամանակ չտար. կը խօսի, կը բօռայ, գանգատներ կ’ընէ գաւառէն եւ պատրիարքարանէն, որոց կողմանէ կարծես պարտականն ես էի։ Իմ վրաս կը թափէր իր դարդերը, եւ, ըրած ու ընելիք մեծագործութիւնները պատմելով, կը պահանջէր, որ իրաւունք տայի իրեն։ Հազիւ հասկցայ իր միտքը եւ սկսայ գովաբանել իւր առաքինութիւնները ու իմաստութիւնները՝ ազատելով օձիքս։
       Տանիքը ննջեցինք։ Ո՜րքան կենսատու էր գիշերուան օդն եւ չքնաղ՝ երկնից գոյնն։
       Բաւական ձեռագիր մատեաններ կային վանքս, որոցմէ քանին հրաշագործ Սրբազանն վասն ’ի վերուստ ըրած էր, կ’ըսէին, զի այս տեղն ալ նստեր էր նա եւ հանրագրութիւն ժողվեր էր՝ զինքն առաջնորդ ընելու։
       Հետեւեալ առաւօտուն արեւուն ծագման հետ յուղի ինկանք՝ անցնելով Մրջման մազրայ եւ Չինազն Հայ գեղերէն։ Հովիտի միջով մտանք քաղաքը։ Առաջին թաղ, ուր մուտ գործեցինք, Զովիա կ’ըսուէր, բոլորովին տաճկաբնակ, տները՝ հողաշէն եւ անշուք։ Մշոյ Եփրատն կը հոսէր, յայնկոյս գետոյն՝ բազմաթիւ այգեստանք եւ բարձրաբերձ լերինք հանքալից։ Պահ մի եւս, եւ ահա մտանք բուն Բալուն։
       Բալու բերդաքաղաք է։ Բլուրէն ’ի վայր տարածեալ են շէնքերը, իսկ գագաթն է բերդն, որոյ բարձրագոյն կատարը ապառաժ ցցուած քար է։ Զինքն կը շրջապատէ Մշոյ Եփրատն երեք կողմանէ, որով թերակղզի մը կը ձեւանայ։ Թաղերը, շուկայն եւ կառավարութեան պաշտօնատունք այս բաժնին մէջն են։ Ջրոյն վրայ կամուրջ մը կայ, յորմէ անդին կիրճ է եւ կապան։ Մենք գնացինք դէպ յառաջնորդարանն։ Առաջն. Տեղապահն հետս է, եւ Ընդհ. ժողովոյ դիւանն, Վարչութեան Ատենապետն եւ այլք եւս կան, սակայն ընդ երկար կ’սպասենք դուռը, զի ներսը լի է անմաքրութեամբ, անասնոց աղբերով։
       Համբերութի՜ւն։ Վերջապէս մաքրուեցաւ։ Ներս գնացինք։ Ժողվել տուի անմիջապէս ժողովները եւ հրաւիրեցի Առաջն. Տեղապահն իր պաշտօնին գլուխը, որոյ հետ գժտած էին, կամ ինքն՝ անոնց դէմ։ Հարկ եղած յորդորներն ըրինք։ Ներկայեցի իմ պաշտօնագրերս՝ իրենց աջակցութիւնը խնդրելով ինձ։ Ղրկեցի գայմագամին՝ կուսակալութեան հրամանագիրը, եւ քիչ մը ետքը փոխադարձ այցելութիւններ կատարուեցան։ Հոն էր նաեւ Արղընի մատէնու Մութասարիֆ Րումի էֆ., որ մի եւ նոյն ժամանակ տեսուչ էր Արղընու եւ Կապան մատէնի հանքերուն, որոյ իշխանութեան ենթակայ էր Բալուայ գայմագամութիւնն։ Րումի էֆ. գիտուն եւ քաղաքակիրթ անձն մի էր. գոհ էին իրմէն տեղւոյն բոլոր ժողովուրդ։ Գոհ եղանք եւ մենք։
       Օդն ու ջուրը խիստ ծանր է այս քաղաքին, եւ մարդիկ՝ դեղնած։ Գրեթէ ճերմակ մազերով մէկը չես տեսներ. քիչեր կան, որ յիսուն տարին լրացնելէն զկնի մեռնին։ Կենաց ճաշակը խանգարեալ, միտքերն եւս հիւանդ։ Թութի օղին ծանրահամ եւ վնասակար, ջրի բաժակով կը խմեն եւ կռուարար, խաբող, հայհոյող անձինք են մեծաւ մասամբ։ Գեղացիներ, ընդհակառակն, գերազանց կեանք ունին, ազնիւ վարմունք, առողջ անձն։
       Հոս իսկոյն առաջին իրիկուն առողջութիւնս աւրուեցաւ. շունչս կը կտրէր, մէջքս ու ծնկներս կտոր-կտոր կը լինէին, եւ ճակատս կարծես կացինով կը զարնուէր։ Հինգ-վեց տարիէ ’ի վեր անտես բարեկամս եկած էր, որոյ հետ շատ ժամանակ անցուցած էինք երբեմն, դողն եւ ջերմ։ Չ’ախորժեցայ իր այցելութենէն, բայց վերջապէս տապալեց զիս ի մահիճս, սաստիկ էր տապն, եւ լեռներ կը թաւալէին գլխուս։ Ա՛հ մայրիկ, ո՞վ պիտի նայէր ինձ։ Ահա այս ժամերուն համար վարդապետին ըսած են. «Աստուա՜ծ օգնական»։ Շատ աղաչեցի զԱստուած։ Առաւօտ ողջ ելայ։ Երկու օր հաց ու ջուր չ’ճաշակեցի։ Հանգիստ ըրի, թէպէտ կը տանջուէի ’ի տապոյ։ Երրորդ օրը, տէր Մեսրովբ քահանայն հետս առնելով, առանց այլում իմաց տալու, զի հետս էկողներ կը տանջէին զիս իրենց անտանելի կռուաբանութեամբ, ինչպէս կ’ընէին Առաջնորդարանի մէջը, եւ ելանք ’ի բերդ։
       Հին եւ վիթխարի պարսպաց աւերներ ու բեկորները կոխելով՝ վեր կ’ելնենք։ Քայքայեալ մեծ դռնէ մը կը մտնենք միջնաբերդը, ուր շտեմարանաց եւ սենեկաց աւերածներ, գետնայարկ կամարափուլ շէնքերը մէկը միւսին ետեւ կը ներկայանան մեզ։ Դեռ ողջ է զնդանատունը եւ մի քանի սենեակ, բայց ասոնք բան մը չեն արժեր իմ աչքին։ Կը դառնանք ’ի հիւսիս, ուր ապառաժ եւ լերջ քարեր են մեծամեծ։ Հոն եզերքին վրայ քարին երեսը տաշուած, վրան բեւեռագիր անեղծ, մաքուր, 22 տող վերը եւ 7 տող վարը քանդակուած, մէջ տեղը բաց ձգուած էր, ուր տող մը արաբերէն գիր փորագրած էին։ Այս «Գրման քարի» կողէն զառ ’ի վայր, նեղ, սանդղաձեւ, գրեթէ մրջման շաւիղով իջանք քարայրի մը բերան, որոյ մէջ փոքրիկ քարայր մի եւս կայ, երկուքին ալ առաստաղն ու պատերը սեւցած, երկուքի մէջն ալ բեմի պէս անկոխ քարերով շարուածք, եւ պատերուն վրայ բազմաթիւ խաչեր փորուած։ «Ահա Ս. Մեսրովբայ ճգնարանն», - ըսաւ տէր Մեսրովբն։
       Ծունկերուս վրայ ինկայ հոն, ուր Սրբոյն ծնկները մաշուած էին, լզեցի այն քարեր ու փոշիները, յորս շրթունք եւ ճակատ Սրբոյն բիւրիցս քսուեր էին՝ նուիրելով իր խորհուրդն եւ իղձերը Աստուածային իմաստութեան, հոն գրի երեսներս, եւ չէի ուզէր վերցնել այն ժայռերէն, ուր նստեր, կռթներ, խոկալով եւ տքնելով Հայ ազգին եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյն լոյս եւ կեանք ճարելու ճգնութեամբ… Քա՜ր, ո՜ քարայր, Հայոց արեւուն լուսնակամար, ուստի ծագեցաւ մեզ ճառագայթ դպրութեան. «յոր խորհրդեամբ ճշմարիտ լուսոյ փառաց անեղին նկարագրեցաւ մեզ գիր կենդանի յարգանդ մաքուր մեծին Մեսրովբայ անմատոյց լուսոյն երկրպագեսցուք»։ Կից քարայրիս՝ արտաքոյ դրան, կայ մի տաշածոյ երես՝ մեծ գրատախտակի նման։ Արդեօք Հայ տառերը ձեւակերպելու տախտա՞կն էր Սրբոյն։ Ինչպէս նաեւ երկու այլ քարայրեր, որոց առաջինն աւելի լուսաւոր եւ ընդարձակ է, ունի սրահ մը, եւ երկրորդն՝ կրկին պատերով սենեակ մը, որոյ առաջին սենեկէն ներսը՝ դրան հանդէպ, քարայրին ճակատը փորուած եւ կոկուած մեծ քառակուսի մը, եւ փորուածոյի աջ անկիւնը՝ վերէն ծակեր կան ականջաձեւ, յորմէ մարդ մը կրնայ իր ձեռքն երկնցնել։ Եթէ արմունկդ կիսածալ ընես դէպ ’ի լանջքդ, գրեթէ նոյն ծակին ձեւը կ’առնու, եւ այն դիրքով կրնայ մարդ մը իր թեւը դնել այդ ծակին մէջ։ «Ս. Մեսրովբայ դպրոց կ’անուանեն այս քարայրը, - ըսաւ տէր Մեսրովբն, - եւ կ’աւանդեն, թէ ծակէն էլած է ԹԱԹԸ եւ այս տաշածոյին վրայ գրեր է Ա. Բ. Գ. »։ Արդարեւ, երբ այդ տախտակին յառէր խոկալով Սուրբն իր ուշքն ու աչքը, պէտք էր, որ այս անկեան ծակէն ելնէր Թաթն եւ գրէր «ոչ իբրեւ ’ի քուն երազոյ», այլ բացորոշ յայտնութեամբ Աստուածային «Որ զանմարմին պարունակող բանին զգրաւորական զիմաստ հոգւոյն շնորհէր որդւոց Թորգոմայ, յայտնեալ տեսլեամբ ’ի ձեռն սուրբ Վարդապետին… նմանեալ Մովսէսին, բերելով զգիր օրինաց ’ի Հայս, որով լուսաւորեցան ազգ որդւոց Թորգոմայ»։ Շարական։
       Հայոց դպիրք, յուխտ գնացէք այս քարայրին, երկրպագէք Ս. Մեսրովբայ դպրոցին։
       Կան երկու այլ քարայրեր ալ։ Միոյն մէջ կը գտնուի ջրի հոր մը։ Ասոնց մէջը խունկի եւ մոմի մուխերը սեւցուցած են, մանաւանդ ճգնարանին, ուր բարեպաշտօն կանայք կ’երթան, կ’աղօթեն իրենց զաւակաց համար։ Աւելորդ է ըսել, թէ Ս. Մեսրովբ պատրաստ գտած է այս այր ու վայրը, որ իրմէն յառաջ ո՞վ գիտէ ի՞նչ նպատակի համար կռեր կոփեր են։ Դուրսի բեւեռագիրն ալ մտածել կուտայ, թէ շատ հինուց գործ է, թերեւս յիշատակարանաց դիւանը կազմելու մտքով տաշուած լինին։ Եթէ այսպէս, զուգադիպութիւն մ’է Ս. Մեսրովբին։
       Այս ուխտագնացութիւնս ոչ միայն հոգիս զմայլմամբ եւ գոհունակութեամբ լեցուց, այլ եւ ջերմն ու դողն ալ փարատեց անձնէս։ Կարի քաջառողջ կը զգամ զիս։ Եւ որովհետեւ Բալուի պաշտօնականները ոչ ունէին եւ ոչ ալ ձեռնարկեր էին վիճակագրութիւնը պատրաստել, հարկ եղաւ մասնաւորաց դիմել, եւ քանի մը գեղեր ալ անձամբ շրջիլ։ Նըբշի գեղը նոր վարժարան մը շինած էին, ուր մեր Վարագայ միաբաններէն Ներսէս վարդապետ դասատուութիւն կ’ընէր եւ եկեղեցին կը հովուէր։ Ծառազարդ, այգեւէտ, վայելչադիր գիւղ մի է, եւ իւր օդն ու ջուրը՝ պատուական։ Հանդիպելով մի քանի գեղեր եւս՝ իրիկուն մը օթեցինք Հաւաւ գիւղը, որ ամէնէն ընդարձակ եւ նշանաւոր գեղն է Բալուայ մէջ, ոչ միայն իր այգեստաններով, ջրերով եւ բազմաբնակութեամբ։ Բնակիչ Հայք եւս գերազանց տարբերութիւն մ’ունին. եկեղեցիներ, եկեղեցականք, վարժարանը, երիտասարդութիւնը եւ ամէն դասու անձինք, քաղաքավար, եռանդուն, աշխատասէր, սրտոտ, բանգէտ։ Հաւաւ կրնար օրինակ հանդիսանալ գաւառաց ամէն գիւղաբնակ Հայոց։ Գեղին բոլորտիքը բարձր խաչաքարեր կան տնկուած՝ նման մահարձանաց կամ ցասման խաչերու, զորս օծեր եւ տնկեր են ’ի պահպանութիւն ժանտամահէ եւ երկրաշարժէ, որոց յաճախ ենթակայ եղած է գեղն յառաջնումն։ Բայց բնակիչք իբր աւանդութիւն կ’ըսեն, թէ երբ Թադէոս առաքեալն եկեր այս գեղը քարոզելու, գեղի կռապաշտ մարդիկ, ծաղրելու համար զԱռաքեալն, ելեր են առջեւն ու ետեւը «հա՛ւ, հա՛ւ» ձայնելով, շան պէս հաչեր են։ Ս. Առաքեալն անիծեր զիրենք, որ իրենց մարդկային բարբառը կորսնցուցեր են եւ ինչ որ խօսին եղեր «հա՛ւ, հա՛ւ» միայն կ’ըսեն։ Ուստի գաւառացիք զիրենք անուաներ են հաւհաւցիք։ Աստի է մնացեր գեղին անունը։ Յետոյ զղջալով՝ Ս. Առաքելոյն դիմեր են, որ գեղն եկեր, զիրենք օրհներ, մկրտեր, բժշկեր եւ այս խաչքարերն օծեր, դրեր է գեղին շուրջը։ Բայց մեր լեզուով Հաւ կը նշանակէ նաեւ պապ։ Ունէինք նաեւ Հաւունիք։
       Բալուայ գեղերու հայերը մեծաւ մասամբ թէ՛ ’ի Պօլիս եւ թէ՛ ’ի գաւառս ճարտարապետ, հիւսն եւ որմնադիր են, իրենց տեղն ալ՝ այգեգործ եւ երկրագործ։ Պօլսոյ ազգայնոց մէջ նշանաւոր անձինք եւ գերդաստաններ կան ծանօթ՝ Բալուայ հովիտէն։
       Բալուայ գեղերու եւ քաղաքի աւերակներէն հին դրամներ եւ այլ իրեր կը գտնուէին, բայց շատն վաճառած էին, ինչպէս նաեւ ձեռագիր աւետարան, շարական, նկարէն եւ մագաղաթեայ ընդհանրապէս։ Խարբերդի միսիոնարաց եւ շահադէտ ոմանց կողմանէ շրջողներ պակաս չեն այսպիսի գաւառները, եւ մենք շատ բան արդէն ձեռքէ հանած ենք այսպէս։ Քաղաքի տէր Պօղոս քահանայն ընծայեց ինձ սեւ փայտեայ խաչ մը, որ քանդակուած էր ձեռքի մի չափ տախտակի վրայ, զոր հանած էր Ս. Թորոս ըսուած ուխտատեղւոյն հողերէն, եւ ես զայն ընծայեցի Ղալաթիոյ մատենադարանին։ Յիշեալ տէրտէրն յայտնեց, թէ իր ձեռքով գիրքեր եւ այլ նիւթեր վաճառուեր են Խարբերդցի բողոքականի մը, յորս կը յիշէր նաեւ ոսկի մը, որոյ վրայ յունարէն գրուած էր, եւ կարդացեր ու թարգմաներ են «Վասիլոս, Արմենիոս, Արշաւոս - Թագաւոր Հայոց Արշակ»։
       Ս. Սահակ եկեղեցւոյ ձախակողմեան խորանին վերեւը դարան մը կար, որոյ առջեւ վարագոյր մը կախուած էր եւ կանթեղ մը կը վառէին։ 16 տարի յառաջ՝ այդ դարանը նորոգելու միջոցին, շիշ մը միւռոն գտած էին հոն։ Տեսանք շիշը, որ մէկ քաշ բան կ’առնուր մէջը, բայց քիչ մը մնացեր էր միւռոն, զի եկեղեցիները գործածեր էին, սակայն վկայագիր կամ այլ բան չկար։
       Բալուայ կանանց ազգ, Խարբերդու եւ Չարսանճագի գեղերու կանանց նման, չիթով կամ եազմայով կը ծածկեն բոլորովին իրենց գլուխն ու երեսները եւ չեն երեւար ու չեն խօսիր մարդոց, բայց կարի աշխատաւոր են եւ տնարար, եւ բարեպաշտ։ Դեռ առաջինն էր քաղքի մէջ աղջկանց վարժարան մը բանալ, ուր քսանի չափ մանչուկներ կծկած էին փոշիներու մէջ։ Քաղաքի մանկանց վարժարանն եւս ողորմելի էր։ Աստուած գթայ ձեզ, անմեղնե՛ր, այդ ի՞նչ դատապարտութիւն է։ Թէպէտ պաշտօնական մարմնոց, հարուստներուն եւ եկեղեցւոյ բեմէն ամենեցուն ազդու յորդորներ խօսուեցան, բայց ’ի զուր կ’անցնէին մեր խօսքեր։ Անոնք իրենց կիրքերն ունէին, ուրիշ բան չէին ճանչնար, կիրք եւ թշնամանք իրարու դէմ, որոց յարմարած էր եւ իրենց Հովիւն…։ Յաջողակ էին զիրար հայհոյելու, մատնելու, խարդախելու, բզկտելու մէջ, մասնաւորապէս քաղաքի առաջաւորները, որք երկրի պէյերու մարդիկն են եւ միւլթէզիմութիւն եւ ազատութիւն ալ կ’ունենան կառավարութեան մէջ։