Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՊԱՆ ՄԱՏԷՆ ԵՒ ԽԱՐԲԵՐԴ
       Թորոս Աղբօր Ա. մասն Մալաթիայէն արեւմտեան գծով տարաւ զմեզ ’ի Խարբերդ, իսկ այժմ հիւսիսէն կ’իջնանք։
       Երզնկայի եւ Կամախի Եփրատը, որ այլեւս Ակնցի է, կը տանի զմեզ Ակնէն՝ անցնելով Արաբկիրու Հայաբնակ գեղերէն, որոց նկարագիրն եղած է, կը հանէ զմեզ ’ի Կապան-Մատէն, ուր մեր Եփրատը միացեր է արդէն Մշոյ կամ Բալուայ մեծ ճիւղին։ Այս այն ճիւղն է, որ կը բղխի Բագրեւանդէն, մեծ մաս մի եւս Բինկէօլէն եւ, ժողվելով Ալաշկերտի, Խնուսի, Մանազկերտի, Պուլանըխայ, Մշոյ, Կինճի, Ճապաղջուրի եւ Բալուի լերանց ու աւազանաց ջրերը, մէկալ ճիւղէն քանի մը պատիկ աւելի ճոխ եւ զօրաւոր կուգայ կը գրկէ իւր քոյրը։ Այս ճիւղն է, որ ’ի գիրս կ’անուանուի ԱՐԱԾԱՆԻ, այլ Մշոյ եւ միւս գաւառաց բնակիչներէն կը կոչուի ՄՈՒՐԱՏ, իսկ Բալուէն ասդին՝ Բալուայ գետ, որ այլ եւս Կապան-Մատէնի առջեւ կը կորսնցունէ իր անունը, եւ միւս ջրոյն անուամբ Եփրատ կամ Ֆրատ կը յորջորջուի մինչեւ ’ի Ծոցն Պարսից, ուր կ’երթայ լիացնել Ովկիանոսի արգանդը։
       Կապան-Մատէնի առջեւ կոշտ նաւերով անցուդարձ կ’ընեն մարդն ու գրաստ՝ դանդաղ եւ վտանգալից։ Ժամանակի կորստեան հետ, ապրանաց, անասնոց, երբեմն ալ մարդոց կորուստ կը պատահին։ Խորունկ է եւ ծաւալուն այս տեղի ջուրը։ Ո՜րքան պէտք կայ կամուրջի մը շինութեան։ Բայց որովհետեւ շոգենաւ բանեցնելու ալ խօսքեր կար ասկէ ջրին ընթացքին հետ, ուստի կը մնայ առանց կամուրջի։ Շոգենաւին շինուիլն ալ դիւրին չէ։
       Կապան-Մատէն շատ նշանաւոր եղած է իբր երսուն տարի յառաջ։ Մեծ կուսակալ կը նստէր հոն, որոյ ենթակայ էր Դէրսիմն, Խարբերդն եւ Տիգրանակերտն՝ իրենց գաւառներով։ Մեծ քանակութեամբ արծաթ կը հանուէր ասկէ. բովերը կը կենան եւ հետքերը կը տեսնուին։ Դեռ տասն տարի յառաջ կը պեղուէր, այս հանքերու առթիւ գործաւորաց, վարպետաց, առեւտրականաց, շահադիտաց կարի բազմութիւն մը կը բնակէր հոս Յունաց, Հայոց եւ Տաճկաց։ Ակնայ Ապուչեխցի Արփիարեան Հայ ամիրայք ամիր կամ տեսուչ էին հանքերուն, եւ իրենց ազդեցութիւնը շատ մեծ էր թէ՛ բոլոր գաւառաց մէջ եւ թէ՛ նոյնիսկ կուսակալին եւ ամենայն պաշտօնէից առջեւ։ Զանազան արտօնութիւն վայելեր են եղեր Արփիարները Օսմ. վեհ. կայսերէն՝ իրենց գործունէութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։ Ոչ ոք կայ այն երկիրներու մէջ, որ չ’գիտնայ Արփիարենց անունն. ունին ադոնք իրենց ետեւէն թողած օրհնութեան եւ բարութեան յիշատակները, ունին սակայն եւ զիրենք անիծողներն։ Իրենց տունն յԱպուչեխ խիստ ընդարձակ եւ հոյակապ, այժմ բոլորովին տեղն անյայտ, հրկէզ եղած, այլ ցարդ իսկ մոխիրներու մէջէն կը գտնուին գնով նիւթերը։ Ոսկին ու արծաթ, մարգարիտն ու ադամանդ, պերճանքն ու զարդ, ծառայք եւ երիվարք համրանքով չեն եղած։ Անոնցմէ էր Մ. Գասպար ամիրայն, որ գրեթէ վերջին փառքն եղաւ այդ տան, եւ որ գտնուած է հռչակաւոր Օսման փաշային եւ Կայսերական բանակին հետ, որ Վանայ լերանց ապստամբ Խան Մահմուտ եւ Խան Ավտալը իրենց ցեղերով ձերբակալեց։ Այս անձն պետութեան եւ թէ՛ ազգին օգտակար ծառայութիւն ըրած է, ’ի վերջոյ նորէն Վանը դարձեր, եւ հոն կը հանգչի. հոն է իւր գերեզմանը։ Արփիարենց տոհմի մեծ ճիւղը կը ներկայացնէր Յարութիւն աղան, որ իր տունը փոխադրած էր Խարբերդու Մէզրէն։ Այժմ հանգուցեալ, թողած է որդիք, որոց աւագն է Նշան էֆէնտին, յառաջադէմ կառավարութեան պաշտօններու մէջ։ Կան այլ եւ այլ մանր ճիւղեր ալ՝ ցրուած աստ եւ անդ, եւ մաս մը՝ Ապուչեխի մէջ, այլ սակայն հին Արփին չունին։
       Կապան-Մատէնի այժմեան կերպարանքը կարի տխուր է. քաղաքի երեք մասէն աւելի աւերակաց կոյտ մ’է։ Յոյնք երբէք չեն մնացած, որք թողած են հոյակապ եւ ոսկեզօծ եկեղեցի մը, իսկ Հայոց 100 տունք կը մնան, որք ունին Ս. Աստուածածին եկեղեցի մը՝ շքեղ զարդերով, պատուական ընդարձակ շէնք մը, որ կը մնայ յաճախ առանց քահանայի։ Կար եւ մէկ եկեղեցի ամայի, վարժարան մը՝ առանց վարժապետի, Առաջնորդարան մը, որ կը ծառայէ հիւրերու։ Իրենց Առաջնորդն կը նստի ’ի Չմշկածագ, եւ Չմշկածագու գայմագամն կը նստէր ’ի Կապան-մատէն։
       Ծանօթ է արդէն, թէ Կապան-Մատէնը Տաւրոսի կողն է կամ Տէրսիմին ոտքը։ Մենք, Երզնկայէն ելնելով, Կամախէն եւ Ակնէն մինչեւ աստ շարունակ այդ լերան շուրջը եւ երբեմն ալ թեւոց վրայ կուգայինք։ Այս ժայռեր եւ կապոյտ կողերը գրեթէ ամէն տեղ զիրենք կը մատնեն, թէ առատ հանքեր ունինք կապարի, արծաթի, պղնձի, ինչպէս Ակնայ Ս. Փրկիչ վանուց առջեւ երբեմն բանուած ու ձգուած պղնձի հանք եւ այս տարիները գտնուած ածուխի հանք, որ մօտ է Ակնայ՝ Չմշկածագու Վարդենի գեղին տակ, Եփրատի եզերքը։ Կապան-Մատէնի օդը առողջարար չէ, ունի տեսակ-տեսակ մրգեղէններ, եւ բանջարեղինաց ու մրգեղինաց մշակութիւնը յաջողակ է, առեւտուր, արհեստք դադարեալ։ Մարդն ու քաղաքը հոգեվարք էր։ Նեղ, քարուտ, զառ ’ի վեր եւ զառի ’ի վայր ճամբայ մը ունէր, սակայն այս տարիները շինուեցան։ Ուղեւորն կը հանդիպի խաներու եւ գիւղերու եւ ապա կը հասնի Արփաւուտ գեղը, ուստի հաճոյական կ’երեւի դաշտն Խարբերդու՝ լի մեծամեծ գեղերով, մշակեալ արտերով, վաստակաւոր գեղացիներով։ Կապան-Մատէնէն ’ի Խարբերդ քաղաք կը տեւէ ութն ժամ։ Խարբերդի գիւղորայք կամ հովիտն երկու մասի բաժնուած է՝ Ուլ-ովայ եւ Գուզ-ովա։ Մենք Մալաթիայէն Սորսորու վանք էկած էինք Ուլովայի միջով, իսկ այժմ կը հանդիպինք Ղուլէի վանքին, որ Գուզ-ովայի մէջ է։ Ուլովայի գեղորայք աւելի արգասաւոր են եւ ծառազարդ եւ այգեւէտ քան զԳուզ-ովային։ Ուղղակի կ’իջնանք Մէզրէն, որ քսան տարիէն աւելի է կառավարութեան կեդրոն եղած է ’ի դիւրութիւն գեղացւոց, քաղաքէն ժամ մը հեռի։
       Բուն քաղաքը կը գտնուի լեռան մը ծունկին վրայ, բարձրադիր, ուստի կը նայի ընդարձակ հովիտին, օդն՝ առողջարար, առեւտուրն՝ յաջողակ։ Ունի հին բերդ մի, որոյ շէնքն ու պարիսպները դրուած են ապառաժի վրայ, բայց այս պատճառ մը չէ, որ Խարբերդը կոչուի Քար-բերդ, զի բազում ուրեք կը գտնուին այդպիսի բերդերը, որք սովորաբար կոչուած են կա՛մ շինողին անուամբ, կա՛մ գաւառին, աւանին անուամբ, ինչպէս Վանայ բերդ, Կարսայ բերդ, Բալուայ բերդ, Մուշեղկայ բերդ, Բա-բերդ, Վահկայ բերդ եւ այլն։ Վերջին տարիներս մեր լրագիրներ եւ թղթակիցներ, իբրեւ նոր գիւտ մը, փոխեցին Խարբերդի անունը եւ ցարդ կը գրեն Քարբերդ։ Ես հետաքրքիր եղայ եւ գտայ այդ քաղաքին կամ լեռան մօտ ու ստորոտն՝ դէպ ’ի Գուզ-ովան, քաղաքի մը դրից չափ ընդարձակ աւերակ մի շինութեանց, որոյ մէկ կտորը դեռ կ’անուանուի ԽԱՐ, եւ որ այժմ գեղ է թրքաբնակ։ Այն տեղն է Ծառուկ անուն գեղ մը, Հարսէնկ, Խոչիկ, Չախըլի Մրզայ, Էկոբ Մէզրէ եւ Քորփէ գեղերը, իրենց մէջն ու շուրջը մեծամեծ շինութեանց աւերակներ ու հիմերը կը տեսնուին։ Քորփէցիք կը պատմեն, թէ իրենց գեղէն ներքնուղի մը կայ, որ բերդը կը հանէ, եւ Էկոբ Մէզրէի մօտերը նոյնպէս ստորերկրեայ վիհեր բացուեր են երբեմն, որք յատկապէս կերտուած են եղեր։ Աւելի չեմ ուզեր երկարել տեսութիւնս. ասկէ պարզ կ’երեւի, որ Խար-քաղաքին կամ աւանին բերդն է Խարբերդ, եւ Խարի բնակիչք ’ի ժամանակի պատերազմաց կամ ասպատակութեանց կ’ապաստանէին այս բերդը, եւ հոն կը փոխադրէին իրենց ընտանիք եւ կարասիքը. եւ վերջապէս Խարն ամբողջ փոխադրուեր է ’ի բերդ՝ բնակութիւննին հաստատելով հոն. եւ շիներ են քաղաք, որ սակայն երբէք քաղաքի տեղ չէ իր բարձր եւ զառ ’ի վեր դիրքով։
       Այս բացատրութիւնը ես հրատարակած եմ «Արեւելեան Մամլոյ» մէջ եւս, սակայն մեր գրագէտք տակաւին կը շարունակեն գրել Քարբերդ, փոխանակ Խար-բերդի, զարմանալի է։ Խորին զգուշութիւն պէտք է մեր գրողներուն, երկիւղած լինելու է եւ պէտք չէ, որ յանդգնին փոխել տեղերու անունները, զի կրնայ շատ անգամ մէկ բառ միայն մեծ լոյս մ’ընծայել պատմութեան. մանաւանդ մեր հին մատենագրութեանց, յիշատակարանաց եւ ժողովրդեան բերնի մէջ երբէք լսուած չէ Քար-բերդ, կամ ըստ ոմանց՝ Կար-բերդ, կ’ուզէ Ինճիճեան լինի այսպէս կոչողն, կ’ուզէ Գազանճեան. ոչ Կար-բերդ եւ ոչ Քար-բերդ, այլ ԽԱՐ-ԲԵՐԴ, եւ ահա ԽԱՐՆ, եւ ահա ԲԵՐԴՆ։
       Խարբերդի շուկան եւ խաները բաւական ճոխ են։ Շէնքերու մէջ նշանաւոր են մզկիթներ, բաղնիքներ, Ասորւոց եւ Հայոց եկեղեցիք եւ երեւելեաց տները։ Ջուրը առատ չէ, բայց ընտիր եւ բաւարար։ Բերդն իր հնութեամբ դեռ ամուր է եւ շէն տեղեր շատ ունի։ Կ’ըսուէր, թէ բեւեռագիր ունեցող քար մ’ալ կայ։ Փողոցները լայն եւ նեղ, ել եւ էջ, տեղ-տեղ մաքուր, բայց մեծաւ մասամբ անմաքուր։ Նոյնպէս են եւ բնակիչք. կենցաղնին, հագուստնին, խելքերնին հին եւ մթին, դժուարին է որոշել ունեւորն եւ չունեւորն, քաղաքակիրթն ու անկիրթն՝ բաց ’ի քանի մը ծանուցեալներէ։ Այդ տեղի Հայ ազգն որքան կրօնասէր եւ եկեղեցասէր, նոյնքան զարմանալի է տեսնել, թէ մասն-մասն հերձեալ են եւ չնչին խնդրոց համար եղած կան Բողոքական, Կաթոլիկ, Լատին, դարձեալ Հայ, բողոքականութենէ Լատին, լատինականէ Կաթոլիկ, դարձեալ Հայ, Հայ եւ վերստին Բողոքական։ Քաղաքացւոց շորշոփ դպած է նաեւ գեղացւոց, որք մի եւ նոյնը կ’ընեն։ Լատինք ունին Փաթէրաներ, Կաթոլիկն ունի Գերապայծառ, Բողոքականք ունին Միսիոնարներ։ Այս վերջինները շատ են եւ զօրաւոր։ Բաւական շքեղ են այդ այլակրօնից Առաջնորդարանք եւ Առաջնորդք։ Ունին եկեղեցիներ եւ վարժարանները, Կաթոլիկաց ու Լատինացը՝ Մէզրէի մէջ, իսկ Միսիոնարաց՝ քաղաքի մէկ կողմը եւրոպական ճաշակով ընդարձակ եւ մեծածախ շէնքեր։ Գօլէճ Արմէնիան, զոր կը կառավարեն Միսիոնարք, ունի իր մէջը ոչ միայն Բողոքականաց, այլ եւ Հայոց մանուկներէն, աղջիկներ ալ կը դաստիարակեն, եւ վարժարանը գիշերօթիկ է եւ ցերեկեայ։
       Ասորիք շարժում մը չունին դէպի կրթական յառաջադիմութիւն, թէպէտ հարուստ եկեղեցի մը կայ, որ հռչակաւոր ուխտատեղի է, եւ իրենց մէջն ալ ընչաւէտ մարդիկ կը գտնուին։ Ասոնք կը խօսին հայերէն։
       Իսկ Հայոց վիճակը ողբալի էր արդարեւ։ Արդէն տեղացի բեկերէն ու կարդացողներէն տգիտութեան թակը ծանրացած էր հայ ժողովրդեան վրայ, որում սովորած էին տանիլ եւ յոյս ունէին, թէ բարեխնամ կառավարութեան շնորհիւ պիտի անհետին այդ բաները, ինչպէս արդարեւ բաւական տարբերութիւն եղած է ցայժմ։ Սակայն իրենց մտաւորական եւ հոգեւորական վիճակին անյոյս կը թուէին։ Տեղ մը, ուր այնքան օտարազգի վարպետ որսորդներ կը գտնուին, հարկ էր հոգեւոր ժիր մշակներ եւ ծաղկեալ վարժարաններ ունենայինք, կարգով կանոնով ժողովներ, հաւատարիմ եւ ուղղամիտ գործիչներ, վարդապետողներ։
       Հայոց Առաջնորդութեանց մեծագոյն վիճակներէն մէկն է Խարբերդ, եւ սակայն իւր հովիւներէն ոչ անձնադիր, ոչ դիւրիչ, ոչ ուղղիչ եղեր են, այլ կռուարարք, կեղեքիչք, ատեցողք սրբութեան, անհոգ լուսաւորութեան, անփոյթ կրթութեան։ Ոչ միայն չեն առաջնորդած, այլ գայթակղութեամբ լցուցած են այդ երկիրը։ Իրենց վարքը շինարար չլինելով, եթէ երբէք խօսած ալ եղեր են բան մը, ազդեցութիւն չեն կրցած գործել. «Հան նախ զգերան յականէ քումմէ»։ Ի՞նչ շինութիւն կրնային ստանալ մի ծանօթ եպիսկոպոսէ եւ անոր յաջորդող մի վարդապետէ, որք իրենց ուխտն առ Հայ, Սուրբ եկեղեցին եւ անձնական առաքինութիւնը չկրցան պահել։ Դոքա երբեմն առաջնորդ էին Խարբերդի։
       Աղ անհամեալք։
       Ի՞նչ շինութիւն տեղացի վարդապետներէն, որք յաճախ եւ մէջ ընդ մէջ Առաջնորդ կամ Տեղապահ են եղած եւ կամ Վանահայր՝ բնակելով ’ի գիւղս եւ ’ի տունս եւ ցայսօր քարինք գայթակղութեան, վէմ գլորման եղած բոլոր ժողովրդեան եւ նախատինք Հայ կղերականութեան։
       Ի՞նչ շինութիւն կրնային ստանալ մի այլ Առաջնորդ վարդապետէ, որ քահանայի մը մօրուք կ’ածիլէր այնքան չնչին պատճառի մը համար, որ, քաղաքական ժողովոյ Ատենապետին աքացի զարնելով, հանդերձ հայհոյութեամբ, բարձր սանդուխէ մը ’ի վայր կը տապալէր թաւալգլոր, որ Ս. վարդապետին հետ կռուելով՝ հայհոյալից. «Գնա… կանաչը ես կը կապեմ գլուխդ», - կ’ըսէր, որ կառավարութեան մէջ եւ կուսակալին առջեւ Պ. վարդապետին հետ իրարու վրայ յարձակելով, միմեանց մօրուք եւ այլն կ’անարգէին հաւասար անպատկառութեամբ, որ Սուր Բարթողն իր ձեռքին եւ խելքին գործիք ըրած կը դատափետէին փեսայն եւ հարսն, աղջիկն ու իր նշանածն։ Ծանրածանր զեղծումներ կը գործուէին յանուն օրինաց, եւ բոլոր տգէտ ժողովուրդը ստութեամբ ու Ազգասիրութեամբ, շոգ-մոգ պատրանօք եւ սպառնալեօք իր ետեւը կը ձգէր։ Նա շուտով ալ եպիսկոպոս պիտի լինէ՜ր։
       Յետ նորա այժմ Ճգնաւորեան Սրբազանն է Առաջնորդ, որ բաղդատմամբ իւր նախորդաց՝ արդարեւ ճգնաւոր կը սեպուի, բայց անփոյթ եւ անպտուղ ոք է։
       Ի՞նչ ընէ ժողովուրդը՝ այսպիսեաց ետեւէն առաջնորդուելով, որոց ձեռքը լոյս չկայ, որոց հոտն անոյշ չգար։
       Ճգնաւորեան Սրբազանի նախորդի օրովն էր մեր այցելութիւնը, զոր բազմեցուցած էին քաղաքին ամէնէն անշնորհք թաղը՝ վարձեալ տան մը վերնայարկը։ Այդ Առաջնորդարանին մէջ ’ի զուր կարդացուեցան մեր տարած գրերը եւ ’ի զո՜ւր՝ մեր խօսքեր։ Ոչ ոք էր, որ լսէր, ոչ ոք, որ հասկնար, ոչ ոք, որ օրուան պահանջն զգար։
       Կարի բորբոքեալ էր գլուխն. «Գինի նոր ’ի տիկ հին», եւ տիկն պատռեր էր։
       Եթէ կային բանգէտներ, ծածկեր էին զիրենք։
       Մենք անձամբ սկսանք տքնիլ վիճակագրութեան, եւ քահանաներէն ոմանք ու Ճէֆէրեան Գէորգ էֆէնտին եւ այլք օգնեցին։
       Քաղաքի եկեղեցեաց մէջ ամէնէն պայծառն է Ս. Յակոբ եւ ապա՝ Ս. Կարապետ, իսկ Ս. Նշան եկեղեցին ’ի Սինամուտ թաղ, գրեթէ ամայութեան կերպարանք ունէր։ Ս. Ստեփաննոս նոր էին նորոգեր ’ի հիմանց՝ ծանր գումարներ մսխելով, որ սակայն, իր գմբէթով հանդերձ, վերէն վար ճեղքուած էր, եւ դադրեցունէին պիտի հոն ժամերգութիւն։ Այս եկեղեցւոյ բակը կը շինէին կարգ մը սենեակներ, որ կրնար վարժարանի կամ Առաջնորդարանի յարմարիլ։
       Վարժարաններն այցելեցինք։ Եկեղեցեաց սրահները փոշիներու մէջ նստած էին մանկունք։ Քանի մը երգ երգեցին սրտառուչ, որ կարծես ծանր բողոք մ’էր իրենց ծնողաց դէմ, քաղաքացւոց եւ ժողովականաց դէմ։
       Խե՛ղճ ու լքեալ մանկունք. իրենց տան քունջ ու պուճախէն հանուած գիրքեր մը կը գործածէին իբրեւ ընթերցարան, եւ ընթերցողքն էին 7-8 տարեկան փոքրեր։ Թաթն ու ֆալախան ամէն վարժարանաց մէջ կար, եւ թաթի մը վրայ սոյն բարոյականը արձանագրուած. «Գանք եւ կշտամբանք վարուց ուղղութեան, Կարգեալ ի խրատ բարուց մանկութեան»։ Հասկցա՞ք, ո՞ մանկավարժք եւ դաստիարակք, բան սորվեցէք՝ «Մանկանց վարուց եւ բարուց ’ի խրատ»…։ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակը՝ նեղ սենեկի մը մէջ, ցոյց տուին մեզ 14 հատ մատղաշ աղջիկներ եւ մի հասակաւոր՝ նոյն սեռէն, որ կը կոչուէր Վարժուհի՝ տարեկան 400 ղրուշով վարձեալ։ Այս թաղի Հայք կարող անձինք են, եւ իրենց մօտ՝ աչքի առջեւն է Միսիոնարաց երկսեռ կրթարանն եւ անոնց ժողովարանն։ Բաւական ալ տրամադիր կը տեսնայի զիրենք լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան, բայց վարդապետ եւ վարժապետ չկայ, կ’ըսէին։ Վարժապէտք եւս՝ դրամ տուող չկայ, կը պատասխանէին։ Երկու կողմանց ըսածն ալ ճշմարիտ էին, բայց ամուլ եւ անպէտ ճշմարտութիւն։
       Ս. Նշանի բակի վարժարանը անկախ էր։ Հոն վարժապետ մը ունէր՝ իր առջեւ ծնրակապ նստեցուցած 25-ի չափ մանուկներ փոշեթաթախ, եւ ինքն հետեւող էր Արիստոտէլի. ճեմելով դաս կուտար։ Մանուկ մէյ մը գրքին վրայ, մէյ մը վարժապետին վրայ արագ-արագ աչք կը տնկէր՝ կրկնելով անոր ըսածը մեքենաբար եւ երերմամբ անձին, մշտելով ընկեր զընկեր եւ հեգնութեան ցոյցեր ընելով վարժապետի ետեւէն։ Եւ ահա փայլակի պէս կը դառնար կը տեսնար վարժապետ եւ կայծակի ուժով ձեռքի փայտը կ’իջեցնէր՝ զարնելով խորտակելով անխտիր թեւը, թիկունք, ճիտ, քիթը, մէջքը, գլուխը, աչքը, բերանը։ Անշուշտ, շատ մեծ պատիւ կը գտնէր երեկոյ այն ջախջախեալ մանկանց ծնողաց առջեւ, որ կը կրթէր իրենց տղան։ Այս վարժապետը ամէն մէկ տղայէն շաբաթը տասն փարայ կ’ստանար, եւ այս էր իւր թոշակն։ Սակայն այդ մատաղները երգեցին մի երգ՝ մելամաղձոտ եղանակաւ։ Այն էր.
       «Ափսոս քեզ Հայոց խեղճիկ ժողովուրդ,
       Ցիրուցան եղած անմեղ, անխորհուրդ,
       Հարիւր ու հազար ցաւի դիմացաք,
       Ձեր քաղցրիկ երկրէն դուրս ոտ չդըրաք,
       Հիմի ձեր հօր մօր գերեզման թողաք,
       Տներն ու ժամերը ուրիշի տուաք…»։
       Մանկունք, հերիք, կը խորտակէք սիրտս… մանկունք ապրիք…։
       Սմբատեան ընկ[երութեան] վարժարանն առանձին շէնքի մէջ էր։ Այցելեցի, տեսայ ընկերութիւնը, տեսայ կանոնները, տեսայ վարժապետներ, վարժարանի գրասեղաններ եւ սրահի պատկերներ։ Հարկ չկայ ըսելու, թէ միակ բարեկարգ եւ յուսալից վարժարան պիտի լինէր, որուն շատ ալ հոգ տարած էր ընկերութիւնն, բայց այդ օրերը ինկած էր։ Աշակերտաց երգեր լսեցի, իրենց կարգերը տեսայ, ուսմանց ցանկն ընթերցայ եւ ուսուցչաց բացատրութիւնը լսեցի։ Կ’արժէր, որ այդ մեծ գաւառը ոյժ ընծայէր այս միակ յարկին, որ կրնար մրցիլ Միսիոնարաց ջանքին դէմ, այլ աւաղ մարելու վրայ եղած կանթեղի մը կը նմանէր։ Մեր դիտողութիւնք եւ քաջալերութիւնք թողինք իրենց։
       Խարբերդցւոց հագուստի եւ կահուց նիւթերը գրեթէ բոլորովին տեղական է, մանաւանդ երկրագործներունը, կտաւն, կապոյտն, մանիսայն, եազման, կօշիկն եւ այլն։ Թէ՛ քաղաքը եւ թէ՛ գեղերը արուեստաւորներ շատ կան՝ երկաթագործ, հիւսն, կաշէգործ, ոստայնանկք, իրենց մանրամասնութեամբ։ Հայոց ձեռքով բացուած էր գործարան մը ’ի քաղաք, գործարան մը ’ի Մէզրէ, Հայ գործաւորք եւ Հայ վարպետք կը հանէին Շամի եւ Հալէպի ապրանաց տեսակներ՝ բամբակէ եւ կերպասէ։ Քաղաքի եւ Խոյլու գեղի մէջ մեծ քանակութեամբ գոմէշի եւ եզան կաշիներ կը տաբաղին։ Քարտաշութիւն, որմնադրութիւն, բրուտութիւնն ալ անուանի է։
       Այս գեղեցիկ եւ ծաղկեալ աշխարհ, իւր ժողովրդեան քրտնաջան աշխատութեամբ արգաւանդ է ոչ միայն հացի բերքերով, այլ զանազան հունտերու մշակութեամբ, որոց համար ջանացի քիչ մը ընդարձակ տեղեկագրել՝ գաղափարելով, որքան կարելի էր հաւաստի աղբիւրներէ։
       Աֆիոն, որ դեռ երեք տարի էր սկսած էին եւ այժմ աւելի յառաջ տարան, տարին՝ 10. 000 ոսկւոյ, Խօզայ եւ Թել աբրշում՝ 1. 000 ոսկւոյ, Մորթ այծու եւ ոչխարի՝ 2. 000 ոսկւոյ, Մուշտակցու աղուէս, կուզ, գայլ, նապաստակ՝ 5. 000 ոսկւոյ, Կթուն՝ նուշ եւ մէհլէպ՝ 2. 000 ոսկւոյ, Մեղրամոմ՝ 250 ոսկւոյ։ Ասոնք Թուրքիայէն դուրս կամ Եւրոպա կը տարուին, իսկ Թուրքիոյ զանազան գաւառները կը ղրկէ բամբակ եւ կտաւ՝ 30. 000 ոսկւոյ, Գինի՝ 500 ոսկւոյ, այնինչ 1. 800. 000 քաշ գինի կ’ելնէ, զոր ամբողջովին տեղացիք կը ծծեն, Մորթ դաբաղած, այծու եւ ոչխարի՝ 2. 000 ոսկւոյ, Շուշմայի, Կտաւատի, Կէնէ Կէրչէի իւղ՝ 1. 000 ոսկւոյ, իսկ իփէկլի եւ թիրէլի կէզի եւ մանիսա, խէժ, գարի եւ ցորեն եւ այլն՝ 4000 ոսկւոյ։
       Ասոնցմէ զատ գաւառին մէջ կը մսխուին ցորեն՝ 1, 200. 000 Պօլսոյ քիլէ, միւս բերքերն են՝ գարի, եգիպտացորեն, գըլգըլ, բրինձ, սիսեռ, լուբիա, բակլա եւ զանազան բանջարեղէնք եւ միրգեր։ Ընտանի կենդանեաց հօտք եւ ջոկք նուազ են, զի արօտավայրեր քիչ են՝ երկիրը բազմաբնակ եւ մշակեալ լինելուն համար։ Սովորաբար Ալաշկերտի, Կարնոյ եւ Մշոյ կողմերէն կը գնեն եզն, գոմէշ, խաշինք, իբր 5. 000 ոսկւոյ, կաշի (չբանուած) գոմէշի եւ եզան՝ 4. 000 ոսկւոյ, Տիգրանակերտէն, Հալէպէն, Այնթաբէն զանազան պէտքեր եւ մօտակայ գաւառներէն աղ՝ իբր. 30. 000 ոսկւոյ, Չուխայ, Ամէրիգան, Սուրճ, Շաքար, Կազ, Կլայեկ, Լեղակ, Գըրմըզ, մանած, Պղինձ, Երկաթ, Քէօսէլէ, եւ այլն, Եւրոպայի ապրանք՝ իբր 200. 000 ոսկւոյ։
       Աւելի մանրամասնութիւնք կը թողունք։ Հողերն մեծաւ մասամբ բէկերու սեպհականութիւն էին եւ թափուն իրենց վրայ ըրած քիչ բացառութեամբ։ Գեղացիք առ հասարակ Մարաբայ էին, բայց հողատուրք մարաբաներ կը տային տէրութեան։ Կային Մէզրէ բնակեալ Ակնցի Հայք եւ քաղաքէն ոմանք, որ բաւական հողերու տէր էին եղած եւ մարաբայ ունէին։ Խարբերդի բէկեր կամ հողատէրեր կատարեալ աւատներ են եւ հին օճախներ ու վուճուհներ են, իրենց երկրագործներն ալ՝ կատարեալ ստրուկներ. այնքան ստրկացած էին, որ չէին գիտեր, թէ իրաւունք ունէի՞ն կամ կարո՞ղ էին ձայն ունենալ՝ բողոքելու իրենց բէկերուն կամ տէրերուն լլկանաց եւ զրկանաց դէմ, զորս, իբրեւ սովորութիւն եւ տիրական իրաւունք, ’ի գործ կը դնէին գեղացւոց եւ անոնց ընտանեաց ու զաւակաց վրայ։ Աննկարագրելի են եւ անասելի մեր իմացածները, սակայն նուազած են հետզհետէ եւ կը նուազին՝ բարեխնամ կառավարութեան շնորհիւ։ Ցաւալի էր տեսնել, թէ այդ եղեռնագործ եւ սրբապիղծ անձանց առջեւն ու ետեւը հայեր ալ կը գտնուէին՝ իբրեւ գործիք եւ իբրեւ ընկեր։
       Խարբերդու գեղերը տեղ-տեղ ական բանալով (քէհրիզ), ջրեր հաներ են, որոց նմանն Վանայ եւ Սալմաստի կողմն ալ կ’ընեն, թէպէտ տեղ-տեղ ալ ինքնահոս առուներ կան։ ՍԵՒ ԳԵՏԱԿ կ’անցնի Ուլ-ովայէն, եւ ԱՐԾՈՒՐԱԿ գետակը՝ Գուզովայէն, որ կ’ոռոգեն արտորայք, կը դարձունեն աղօրիք եւ յարմարութիւն ունին գործարաններ բանեցնելու։
       Ցորենոյ, գինւոյ առատութեան երկիր է Խարբերդ իւր գաւառներով։ Քաղաքի հողերը եւ գրեթէ ամենայն գեղերը եւ մեծաւ մասամբ Ուլ-ովան այգիներով լի են, բայց շահ չեն գիտեր հանել. այդչափ անչափ եւ պատուական գինին գրեթէ բնակիչներու մէջ կը սպառի, աննշան է մերձակայ այլեւայլ գաւառները ղրկուածն, վաճառուածն։ Դիւրին է գուշակել, թէ արբեալներ բազմաթիւ են, եւ իւր հետեւանքները՝ շատ, մանաւանդ ձմեռուան պարապ օրերու մէջ։ Կռիւներ, թշնամանքներ եւ անվայել վարմունքներ՝ թէ՛ ի խօսս եւ թէ՛ ի գործս, կը վարեն զիրենք յաճախ ’ի դատ եւ տուգանաց կ’ենթարկեն։ Նոյնպէս այս երկրի ազգային եւ դատական ընդհանուր խնդիրներ են յիշեալները, եւ աղջիկ ու կին յափշտակելու, առեւանգելու, հասի չհասի եւ այլ զբաղումներ, որոց երեսէն շատ ալ դրամ կը մսխեն։ Առած մը ունին, թէ՝ Աստուած Խարբերդցին ստեղծած ատեն հարցուցեր է. «Ի՞նչ բանով գոհ կը լինիք երկրի վրայ, ի՞նչ կուզէք, որ տամ ձեզ»։ Պատասխանած են. «Հաց, գինի, կին»։ Արդարեւ, կարծես՝ այս երեք բառերէն զատ իրենց համար հոգ կամ փափաք չկայ, բայց կենաց այդ երեք պայմաններն ալ չարաչար կը վայելեն, ոչ իբրեւ Աստուծոյ օրհնութիւն, այլ՝ պատիժ։ Մարդ կրնայ ըսել, թէ էրիկ մարդերէն աւելի կանայք եւ աղջկունք կարի աշխատասէր են. սփռուած դաշտին եւ այգիներու մէջ արեւակէզ՝ կը տքնին մշակութեամբ։ Խտիր չկայ մատղաշին եւ տարեւորին, գեղեցկին եւ անգեղին, եւ իրենց սովորութիւնն է երեսնին պատատել նոյն իսկ դաշտին մէջը եւ կոշտ ու անվայելուչ հագնուիլ նոյն իսկ տներու մէջը։ Այսպէսով հանդերձ կը վտանգուի յաճախ իրենց համեստութիւնը բէկերէ, աղաներէ եւ սրիկաներէ։ Գինիի չարիք խօսեցանք արդէն, եւ որ բաժին է նա յիշեալ երեք դասերուն։ Իսկ ցորենոյ համար, որ այսքան առատ է, կան գեղեր, որ կարօտը կը քաշեն եւ թէ աւելցած են՝ հետեւեալ տարին չ’ապրիր։ Բամբակն եւ միւս հունտերը կրնան ազնուանանալ, բովանդակ երկրագործութիւնը քիչ մը դիւրացնելու կերպեր եթէ գործադրուին։ Այս գաւառը արագապէս չափազանց կը հարստանայ։
       Մտածեր եւ գործադրել ձեռնարկած էին Ծովքէն՝ մեր Թորոս աղբօր լիճքէն, վտակ մը բանալ՝ ջուր հոսեցնելու Ուլ-ովան, որ շատ դիւրին եւ շատ օգտակար կը լինէր։ Բաւական ալ աշխատուեր էր. հորեր եւ ականներ բացուած էին պատերազմէն առաջ, բայց խափանեալ կը մնային։ Եփրատն ամենամեծ օգուտներ կրնայ ընծայել գաւառիս, որոյ ետեւէն, առջեւէն ծովածաւալ կ’ընթանայ եւ իւր այժմեան վիճակով ոչ միայն անպէտ կ’անցնի, այլ ծանր վտանգներ եւ վնասներ ալ կը գործէ։
       Մշոյ, Վանայ կամ այլ գաւառաց նման բազմաթիւ պանդուխտներ չհաներ երկրէն Խարբերդն։ Թէպէտ կ’երեւնան Թիֆլիզի եւ Կ. Պօլսոյ մէջ ցանցառ, բայց մեծաւ մասամբ Ատանայի կողմն կ’երթան ’ի գարնան, բամբակի եւ այլ մշակութեան կ’աշխատին եւ աշունը կը վերադառնան։ Մարդկային ծննդոց աճումն կանոնաւոր է։ Ծեր եւ ալեւոր մարդ շատ կան։ Առոյգ, պնդակազմ եւ առողջ են, հիւանդութիւնք՝ թեթեւ, ժանտամահ չկայ։ Հազիւ բժշկաց հետ ծանօթութիւն ու յարաբերութիւն ունին։ Անշուշտ, իրենց քրտնավաստակ կենաց արդիւնքն է եւ կլիմայի շնորհքը։ Բայց եթէ մաքրութեան եւ քիչ մը առողջապահութեան զգուշութիւն գիտնան, ա՛լ աւելի բարեբաստիկ պիտի ապրին։
       Երկիրը մեծաւ մասամբ դաշտային է, բայց իւր զանազան դիրքերն ալ ունի, ուստի եւ ըստ տեղւոյն տարբեր է կլիմայն։ Տեղ կայ, որ ձմեռն մշուշապատ է, սառնամանիք կ’ընէ, եւ ամառն՝ տօթագին։
       Քաղաքէն քիչ մը վեր քարագագաթ մը կը ցուցնեն, զոր բուզլուք կ’ըսեն։ Այդ քարին տակ գտնուած այրը խիստ զով է յամարան եւ ջերմ՝ ’ի ձմերան։ Ջրեր կը կաթին քարերէն եւ սառն կը կտրին։ Տապ օրերու մէջ այս սառոյցը կը գործածեն եւ զուարճութեան համար քարայրը կ’երթան ուտել եւ ըմպել։ Այդ տեղը կը գտնուի նաեւ Ասորւոց վանք մը, որ անուանի ուխտատեղի է, ուր հեռուստ կը դիմեն Ասորիք, եւ քաղաքիս ու շրջակայից Հայք եւս կը յաճախեն։
       ԵՕԹՆԱԿՆ. քաղաքի եւ Հիւսէյնիկ գեղի միջոցն է, ձոր մը, որոյ մէկ կողմի լերկ քարերէն եւ պատռուածքներէն ջրեր կը վիժեն իբր եօթն ճիւղ։ Հովոց եւ շուք տեղ մի է։ Աւազաններ շինած են, ուր զուարճանալու կ’երթան։
       Հիւսէյնիկ գեղը ամէնէն մերձ է քաղաքին։ Բազմահայ, մեծաւ մասամբ արուեստաւոր են բնակիչք։ Գրեթէ երկրորդ քաղաք մի է։ Նոյնքան եւ աւելի ծաղկեալ է Գազրիկ (Քէսիրիկ) գեղ եւ այլ քանի մը գեղերը։ Մէզրէն, որ եւ կը կոչուի ՄԱՄՈՒՐԱԹ-ԻՒԼ-ԱԶԻԶ, ուր կը նստի կառավարութիւն, եւ ուր այսքան տարիէ ’ի վեր թէ՛ պաշտօնատուններ եւ թէ՛ հարուստ եկաւորներու տուներ շինուած են, որոց մեծ մասն Ակնցի Հայեր են։ Խան եւ խանութ բացուած են, այլ դեռ չկրնար ըսել, թէ՝ Ես քաղաք եմ։ Դեռ գիւղ է արդարեւ։ Բուն քաղաքը նախանձելի ջանքեր ըրեր է ու կ’ընէ, որ կառավարութիւնը իր մէջ փոխադրէ, սակայն չի յաջողիր, ընդհակառակն, անխնամ ձգուած է. ո՛չ պահակ, ո՛չ ոստիկան, ո՛չ դատական եւ առեւտրական ատեան եւ ո՛չ եւ այլն, որոց պակասութեան համար մեծապէս կը բողոքէին քաղաքացիք։ Դէպքեր ալ յաճախ տեղի կ’ունենային։ Արդարեւ, կ’արժէր ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար բան մը ընել այդ քաղաքին, ուր այնքան ապրանքներ եւ ապրողներ կը գտնուէին։
       Խարբերդը հետզհետէ իւր դիրքով կարեւորութիւն ստացաւ եւ միւթէսարիֆութենէ վիլայէթի վերածուեցաւ։ Գտնուելով Տէրսիմին եւ իւր գաւառաց մօտ կամ, աւելի լաւ է ասել, ’ի մէջ Տաւրոսի լերանց՝ ունի յարաբերութիւն այդ լեռնագօտիներու եւ լեռնամիջեայ բնակչաց հետ։ Կը համարուի կեդրոնավայր, ուստի կրնայ քաղաքակրթութիւն սփռուիլ յիշեալ երկիրները. ուր արդէն յառաջ բանակատեղի է եղեր, ինչպէս կը կենան դեռ մեծամեծ շէն եւ աւերակ զօրանոցներ, եւ այս տարիներ ալ կը խմբուին հոն ի հարկին զօրաց բազմութիւն։ Թէպէտ Տէրսիմին մէջը՝ ’ի Խոզաթ, նոր վիլայէթ մը կազմուեցաւ, եւ Խարբերդի, ինչպէս նաեւ Երզնկայի քանի մը գաւառներ անոր ենթարկուեցան, բայց մեծ գործողութիւնները կ’ընէ Խարբերդ։ Բաղդատի ճանապարհին ալ իբրեւ պորտ կը նկատուի Խարբերդ։ Հոս կը միանան եւ կը բաժնուին Տրապիզոնի ու Կարնոյ ճանապարհը, Սամսոնի եւ Սեւազի ճանապարհ, որոց մեծ մասն կառուղի շինուած է, եւ մնացեալն ալ յառաջ կը տարուի փութով, եւ արդէն մինչ ’ի Տիգրանակերտ շինուած է ճանապարհ։
       Խարբերդ հեռի է ցամաքային ճանապարհով Իւսկիւտարէն կամ Պօլիսէն 260 ժամ, Սեւազէն՝ 60 ժամ, Մալաթիայէն՝ 18 ժամ, Կիրասոնէն՝ 60 ժամ . Գարահիսարով եւ Ակնայ վրայով), Կարինէն՝ 60 ժամ (Երզընկայով, բայց 30 ժամ է Տէրսիսի միջով), Իսքէնտէրունէն, որ Հալէպու նաւահանգիստն է, 80 ժամ, Մուշէն՝ 26 ժամ, Տիգրանակերտէն՝ 25 ժամ, Բաղդատէն՝ 240 ժամ։ Ժամերը բեռնակիր գրաստի ընթացքով հաշուեալ են։ Իսկ Բալու, Չարսանճագ, Չմշկածակ, Ակն, Արաբկիր, Կապան-Մատէն, Արղընու մատէն Խարբերդի շուրջն են եւ միշտ անմիջական յարաբերութեանց մէջ իրեն հետ՝ իբրեւ իւր մերձակայ գաւառներ։
       Վանքեր։ Ի Խարբերդ չորս վանք կար Հայոցս։ Երեքն Ուլովայի մէջ են եւ կը կոչուին իրենց մերձակայ գեղերու անունով։
       Ա. ՍՈՐՍՈՐՈՒ ՎԱՆՔ։ Սորսորի գեղին մօտ է՝ Մէզրէէն մէկ ժամ հեռի։ Տասնի չափ գեղացւոց տներ կից շինուած են վանքի պարսպին, եւ տանիքները՝ վանքի տանիքին։ Մեծ տգեղութիւն եւ անշքութիւն է այս վանքին համար, որոյ մէջ նստողներն են վանքին մարաբաներ՝ իրենց ընտանեօք եւ անասնովք։ Վանքին սենեակները ապականութեամբ լի էին եւ աւեր դարձած։ Միայն երկու մեծ սենեակ կար վերնայարկ։ Շէնքն ամբողջ հողաղիւսէ են։ Տաճարը Ս. Գէորգի անունով է՝ փոքր, անշուք, մթին, խրթին, խոնաւ, նկուղի մը կը նմանի։ Եթէ չցուցնեն եւ չըսեն քեզ, կարելի չէ գտնալ դուռը եւ ոչ հաւատալ, թէ Ս. Տաճա՞րն է այդ։ Միաբան, Ժամասաց ոչ ոք կայ, ո՛չ աղօթող, ո՛չ խունկ, ո՛չ կանթեղ, ո՛չ պատարագ, ոչի՛նչ վերջապէս։ Այս վանքս, իբր թէ Սարգիս եւ Պետրոս վարդապետաց նախապապ քահանայ մը հիմնած լինելով, ասոնց ցեղին սեպհականութեան պէս համարուած է, եւ վանքին արդիւնքները, երբեմն միութեամբ, երբեմն փոփոխակի, երբեմն զիրար յաղթահարելով, կը տիրեն։ Իսկ եթէ իրենցմէ զօրաւոր Առաջնորդ մը գտնուի, նա կը տիրէ։ Երբեմն ալ աշխարհականաց բաժին աւարի կուտան։ Վանքին զբաղմունքն է երկրագործութիւն մարաբաներու ձեռքով։ Անասուն երբէք չունի։ 81 հատ ընտիր արտեր ունէր, ջուրն առատ, թափու եղած չէին հողերը։ Վանքի պարսպին մէկ կուշտն էր մեծ այգի եւ պտղատու ծառեր։ Ունէր նաեւ քանի մը հազար հատ բարդի ծառեր, որ հետզհետէ կտրելով ու աճեցնելով՝ լաւ շահ կը բերէր։ Վանքին հասոյթն էր իր արտերէն հարիւր քիլէ ցորեն (1 քիլէն 56 հօխա է), իսկ թեմական գեղերէն՝ 24 քիլէ ցորեն ու գարի եւ 2000 ղրուշի բամբակ կամ բամբակի գին՝ իբրեւ պտղի։ Վանքն ունէր եկեղեցական ընտիր զգեստներ եւ անօթներ, որ կը պահուէին ’ի Մեզրէ՝ Պետրոս Վ. տունը, եւ մաս մը՝ ի քաղաք։
       Վանքիս պարսպի դրսի մեծ դրան ճակատին դրուած քարի մը վրայի արձանագրութիւնն է. « Ամին անեղին Աստուծոյ եւ անմահին շինեցաւ դուռս ի թվին Ջ. Կ. Ա. ի Փատիշահութեան Շահ Աբբասին, ի Հայրապետութեան Տէր Յվս. ով կարդաք, Աստուած ողորմի ասացէք աշխատողաց»։
       Բ. ԴԱՏԵՄՈՒ ՎԱՆՔ. Դատեմ գեղին մօտ, շքեղ եւ կամարակապ գմբէթաւոր քարաշէն տաճար մի ունի Ս. Աստուածածնի անունով, կ’աւանդեն, թէ ի ձեռն Ս. Թադէոսի Առաքելոյն հիմնեալ։ Շէնքը հին, բայց անեղծ մնացած է։ Իսկ խուցեր եւ բոլոր միւս շէնքերն աւեր, կործանեալ, ապականութիւն տիրած էր ամէն կողմն։ Ո՛չ եկեղեցական կար եւ ո՛չ տիրացու։ Վանահայրն էր պառաւ տնտես մը, եւ տուն մը Հայ մարաբայ։ Թուրք մարաբաներ ալ կային, որոց կանայք եւ մանկտին լեցուեր էին վանքը, բայց բուն պահապանքն էին քանի մը խոշոր գամբռեր։ Ընտիր այգիներ եւ պտղատու ծառեր կան վանքին շուրջը։ Ունէր 150 քիլէ սերմամուտ արտեր՝ վանքին հողը, 60 քիլէի սերմամուտ արտեր՝ Դատեմ գեղին հողը, 15 քիլէ սերմամուտ արտեր՝ Խոյլու գեղին հողը. ամէնն ալ մարաբայի տրուած եւ թափու եղած չէին։ Այս արտերէն կ’ստանայ վանքն տարին 100 քիլէ ցորեն, 50 քիլէ գարի, 100 հօխա բամբակ։ Ինն գեղ թեմ ունէր, որոցմէ կ’ստանար պտղի։ Այս հասոյթները Առաջնորդարանին յատկացեալ էին։
       Գ. ԶԱՐԴԱՐԻՉԻ ՎԱՆՔ. Մօտ Զարդարիչ գեղին եւ Իչմային, ուստի կը բղխի առատ ջուր։ Այս վանքը՝ իւր պարիսպներով, խցերով եւ տաճարով, աւերակ էր բոլորովին, թէպէտ ունէր իր վանահայրն՝ Կարապետ վարդապետ անունով, որ կը նստէր գեղը եւ կը կուտէր ու կուտէր հասոյթները։ Արտերէն շատը գեղացիք եւ դրացիք տիրեր էին։ Ունէր պարտէզներ, այգի եւ ծառեր եւ թեմ՝ 24 գեղ։ Արդեանց որքանութիւնը չկրցի իմանալ։ Այս վանքն ու վանահայրը Առաջնորդարանի տնօրէնութեան ներքեւ էր։ Սուրբ տաճարն էր Ս. Աբդլմսեհի անունով։
       Դ. ՂՈՒԼԷԻ ՎԱՆՔ. Ղուլէ գեղին մօտ՝ Գուզովայի մէջ, եւ Մեզրէէն ու քաղաքէն 11/2 ժամ հեռի։ Նայելով միւս վանքերուն՝ այս վանքը քիչ մը կը նմանէր վանքի։ Տաճարը՝ Ս. Գէորգի անուամբ. եւ 14 կտոր սենեակներ ունի՝ հին եւ նոր, բաւական կոկիկ։ Վանքին շրջապատները կային ծառեր եւ պարտէզ։ 60 քիլէ սերմամուտ արտեր ունի, զորս կը մշակէ մարաբաներով, կը պահէ կովեր եւ խաշինք։ Իբր թէ ֆէրման ունենալով՝ թափու ըրած չէին հողեր։ Արտերէն կ’ստանար 60 քիլէ ցորեն եւ գարի, 60 քիլէ ալ պտղի։ Թեմական գեղերն են 16։ Վանահայրն էր անուանի Գէորգ Վ. ծերունի՝ խորագէտ, հնարագէտ, բազմափորձ կամ փորձանք անձն, որ վախճանեցաւ անցեալ ձմեռն։ Իր եղբայր Տէր Քերովբէ քահանայն յաջորդած է իրեն, որ կը բնակէր վանքին մէջ՝ իր ընտանեօք եւ որդւովք։ Այս վանքը պատմութեանց մէջ կոչուած է Մովսիսավանք։ Մշոյ Առաքելոց վանքի Ս. Թարգմանչաց մահարձաններու նման բարձր խաչաքարեր ունի գերեզմանատան մէջ, որոց ոմանց վրայ արձանագրութիւնք եւ թուականք կան, զորս օրինակած եմ յիշատակարանաց կարգին։ Նոյնպէս Ս. տաճարիս նորոգութեան ժամանակ՝ 1839 թուականին, տուփով մը մասունք եւ փոքրիկ շիշով մը Ս. Միւռոն գտնուած էր՝ Ն. Շնորհալւոյ կնքով զմռսած եւ մագաղաթի վրայ վկայագիր՝ Հեթում թագաւորի կնքով, Ո. Հ. Է. թվ. մի այլ մագաղաթ՝ երեք եպիսկոպոսաց կնքով, որոյ մանրամասնութիւն հրատարակած եմ Արեւ. Մամլոյ 1884 մարտ ամսաթուով, եւ յիշատակարանաց կարգին պիտի յիշենք։ Կորսուած էին այս բաները։ Մեք աղերս եւ սպառնալիքի ’ի գործ դնելով՝ հազիւ գտնուեցան՝ քանի մը բարեսէր անձանց ջանից շնորհիւ, որք էին Տեարք Գէորգ Ճաֆէրեան, Մ. Սեդրաք Միսաքեան եւ Առաքել Թիքիճեան։ Մեծաւ փափաքանօք կ’ուզէի տեսնել այդ ցանկալի սրբութիւններ եւ համբուրել։ Պատասխանեցին. «Վաղ առաւօտ»։ Եւ առաւօտ բերին փայտէ տուփ մը բաց, որոյ մէջ մասունքներ կային եւ երկու կտոր մոմշոր՝ վրան դրոշմուած կարմիր մոմով կնիքներ Հեթում թագաւորին։ Մէկն պարապ էր, իսկ միւս մոմշորի մէջէն՝ պատառ մի հնագոյն թղթոյ եւ վրան խոշոր տառերով գրուած։ (Օրինակն տե՛ս ’ի յիշատակարանաց կարգին)։ Պարապ մոմշորն ծրար էր այն մագաղաթին, որոյ վերայ գրուած էր վկայականն կամ վաւերականն Ս. Միւռոնի շիշին, եւ որ շիշին հետ կորսուած էր։ «Ո՞ւր է մագաղաթն եւ շիշ»։ Պատասխան չեն տար։ Գէորգ Վ. փորին գալարը կը բռնէ, կը դեղնի, եղբայրն ու եղբօրորդիք շփոթ մը ունին, երկիւղի մէջ են, կերթան-կուգան, իրարու կը փսփսան եւ վերջապէս կ’ըսեն. «Կորսուած է շիշն եւ մագաղաթ»։ Կայծակ զարկաւ ըղեղիս, եւ նետ մը՝ սրտիս…։ Իբր թէ վեց ամսէ ’ի վեր կորսուած են եղեր ու վարդապետին չեն յայտնած։ «Ո՞ւր կը պահէիք», - ըսի։ Տարան զիս վարդապետի սենեակ, ուր պատի դարակի մը մէջ դրուած էին վարդապետին քթախոտի թէնէքէ կլոր, երկար տուփեր, գաւանօզներ։ «Ահա ասոնց մէջ եւ այս տեղ դրուած էին», - կ’ըսեն։ «Ո՞վ կը մտնէ այս սենեակը»։ «Ոչ ոք բաց ’ի վարդապետէն եւ մեզմէ, դուռն ալ միշտ կղպուած է»։ «Ուրեմն կորուստ չկայ, - կ’ըսեմ, - կա՛մ կը ծածկէք՝ կասկածելով, որ մի՛ գուցէ հետս տանիմ, կա՛մ վաճառեր էք բողոքականաց կամ կաթոլիկաց» ։
       Կ’ուրանան եւ չքմեղ կը ձեւանան վարդապետեանք։ Կառավարութեան յանձնել կ’սպառնամ զիրենք։ Յիշեալ երեք ընկերներս կ’երաշխաւորեն։ Ես Չարսանճաքն էի. գրած էին, թէ գտնուեցան, եւ Տիգրանակերտէն վերադարձիս տեսայ եւ համբուրեցի շիշն, որոյ մէջ թանձրանալով՝ Ս. իւղն կիսոյ չափ մնացեր էր։ Եւ շիշին ձեւն ու չափը, կնիքներն, մագաղաթն օրինակեցի։ Մեր տէրտէրի տղայք ծախած էին եւ ետ առած։ Ո՜րքան համոզեցի, որ կա՛մ Ս. Էջմիածին, կա՛մ ’ի Ս. Երուսաղէմ, կա՛մ Պօլսոյ Ս. Փրկիչը ղրկէր՝ պահպանելու համար, բայց անհնար էր ծերունւոյ յամառութեանը յաղթել։ Վախնամ՝ օր մը կորսուին։
       Խարբերդի մէջ, այս չորս վանքէն զատ, Գազրիկ գեղին կից բլուրի մը վրայ կար աւերակ մը՝ Ս. Մամաս անունով։ Նոյն գիւղի բնակիչ, բազմածանօթ եւ բարեպաշտօն Մ. Յօհան էֆ. Եաղճեանն ձեռնարկած էր շինել մատուռն եւ սենեակներ, ուր կ’ուզէր հաստատել նաեւ վարժարան մը, բոլորը իր ծախքով։ Մեծագումար ստակներ մսխած է յիշեալ անձն եկեղեցւոյ եւ վարժարանի համար եւ շատ յիշատակներ ունի աստ եւ անդ, մանաւանդ՝ իրենց գեղի հոյակապ եկեղեցւոյ կառուցման եւ զարդարանաց։ Կտակագիր յօրինած եւ վաւերացուցած է Պատրիարքարանով եւ Ս. Մամասայ շինութեան համար բաւական ծախք ըրած, այլ թերի կը մնայ։ Այս բլուրէն Հռովմայեցւոց արձանագրութիւններ գտնուեցան վանքին հիմունքները պեղած ժամանակ՝ ճերմակ քարերու վրայ քանդակագրուած։ Այդ քարերը իւր տունը կը պահէ Եաղճեան էֆ., որոց օրինակները հրատարակուած են քանի մը տարի յառաջ լրագրաց մէջ։ Որքան կը յիշեմ, իմաստն պիտի լինի այս, թէ՝ «Այդ սահմանը Հռովմայեցւոց իշխանութիւնն է, եւ այն կողմերու համար կարգած են Տիգրան անունով մէկը թագաւոր կամ սահմանակալ»։
       Խարբերդու վանորէից վրայ գրելու առթիւ կը դիտենք, թէ մեր նախնիք, յատկացնելով վանական հաստատութեանց զատ-զատ թեմ եւ թեմական արդիւնքը, պաշտօն սահմանած են վանքերուն, որ վանահայրն կամ վանականները փոխադարձ օգտակար հանդիսանան այդ թեմականաց այցելութեամբ, քարոզութեամբ, բարեկարգ պահեն անոնց եկեղեցիներ, լուսաւոր՝ անոնց հոգւոյն եւ մտաց ճրագը, քահանայ հասցունեն անոնց, մխիթարութիւն եւ խաղաղութիւն աւետարանեն, առ Աստուած, առ Կայսրն, առ Ազգն, առ ընտանիս պարտաւորութիւն ուսուցանեն, անոնց վշտակրութեանց եւ վտանգուելու միջոցին յոյս քաջալեր լինին եւ այլն։ Իւրաքանչիւր գաւառի մեծութեան ու փոքրկութեան համեմատ թուով վանքեր սահմաներ են։ Անոնցմէ մին Աթոռ անուաներ են, որոյ վանահայրն է միանգամայն Առաջնորդ բոլոր թեմին, եւ միւս վանքերը օժանդակ իրեն։ Արդէն հազիւ կրնան բաւականանալ մեծ վիճակի մը համար մէկ Առաջնորդ եւ 5-6 օժանդակ, որ կը կրթուին հովւութեան պաշտօնին մէջ։ Մեծ վիճակները, որպէս է Խարբերդը, մէկ Առաջնորդով անկարելի է կառավարել. մշակութիւն պէտք է ժողովրդեան։ Երանի պէտք է ըսել այն գաւառին, ուր Առաջնորդն կամ գտնուած վարդապետներն փոխանակ շինելու, աւերելու գոնէ չ’ջանան։
       Զարմանալի չէ՞, որ մենք այսքան պատրաստ շէնքեր-վանքեր եւ հասոյթներ ունինք եւ չենք կրնար կղերականութեան եւ դաստիարակութեան օգտակար ընել։ Այն ինչ Ամերիկացին եւ Եզուիտն աւելի քիչ գումարներով մեծ գործեր կը տեսնէ այդ տեղերը՝ ’ի շահ իւր եւ ’ի վնաս մեր։
       Զարմանալի չէ՞, որ Հայն այդքան խորին տգիտութեան եւ ներքին գայթակղութեանց մէջ, արտաքին թշուառութեանց եւ օտարաց հազար հնարից առջեւ դեռ կը դիմանայ ու ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ կը մնայ։
       Խարբերդի գաւառին մէջ ամէնէն նշանաւոր վայր եւ վանքն է Ս. ՆՇԱՆ Ծովքին կամ Ծովք-դղեկին, ուր շնորհալից շնորհքներով զարգացեր մեր Ս. Ներսէս Շնորհալին, որ այժմ աւերակ է, անբնակ եւ մեր ԹՈՐՈՍ ԱՂԲԱՐ հաւքին բնակավայր։ Ութն ժամ հեռի է Ծովք Խարբերդէն դէպ յարեւելեան հարաւ՝ Տիգրանակերտ գնալու ճամբուն բերանը։ Սոյն գծով կ’երկարին լեռներ դէպի Մալաթիայ, որոյ գօտւոյն վրայ կ’իյնան Կարկառ եւ Պուճախ։ Ծով՝ լերան վերայ եւ լերանց մէջ խնկամանի մը կը նմանի բաժակաձեւ։ Ջուրը վճիտ, այլ քիչ մը լեղի։ Նաւակով 4 ժամ կը տեւէ իր երկայնքը եւ 1 ժամ լայնքը, իսկ խորունկ տեղերը մինչեւ 170 գրկաչափ է։ Ջրերը թէ՛ իր մէջէն կը բղխին եւ թէ՛ շրջապատով լեռներէն մէջ կը թափին։ Ծովք կամ Կէօլճիւկ գեղը շինուած է Ծովքին հարաւային ափը, զարդարուած ծառատունկերով։ Ճիշդ իւր հանդէպն է կղզին կամ դղեակը, որ նախ թերակղզի է եղած՝ կից այժմեան գեղին ցամաքէն, բայց երբ հետզհետէ ջուրը կտրեր է ցամաքին պարանոցը, դղեակի բնակիչքը դուրս ելեր են եւ հաստատեր են արդի Կէօլճիւկ գեղը։ Ամէնքն ալ Հայ են։ Ծերունիք կը պատմէին, թէ իրենք ծնած են ’ի դղեակն եւ մկրտուած ’ի Ս. Նշանի աւազանն։ Հազիւ 50 տարի կայ այս փոփոխութիւնը։ Լիճն զանազան թռչնոց հետ ունի եւ քանի մը տեսակ ձուկեր, զորս ուռկանով կ’որսան ծովեցիք, յորս անբաւ կը գտնուի տեսակ մը մանր ձկանց, զորս կ’անուանեն Խըտուտ, եւ կը չորցնեն աղելով ու կը պահեն ամբողջ մերձակայ գաւառաց բնակիչք։ Մենք ճաշակեցինք ձկանց ամէն տեսակէն՝ խորովելով կրակետղի վրայ, առ ծովեզերբ թարմ-թարմ, կերանք ու կերանք. բայց ինչո՞ւ չէինք կշտանար… սուրբ եւ պատուական համ ու հոտ, Շնորհալւոյն կերած ձկանց զարմ եւ սերունդ։ Նաւակով քառորդէ մը հասանք ’ի կղզին, որ իսկապէս ապառաժի մը կտոր է, որոյ հողային մասերը լափեր է ջուրն։ Այս քարին վրայ կը մնան որմունք փլած տաճարին Ս. Նշանայ։ Տաճարին սեմէն դուրս ցիր ու ցան քանի մը գերեզմաններ կը նշմարուին կրօնաւորաց եւ քահանայից։ Անշուշտ, շատ նշանաւոր անձանց ոսկերք եւս կային ամփոփուած, որք աննշմարելի են դարձեր։ «Հոգւոց» ըսինք այդ հանգուցելոց եւ արտասուալից փափաքանօք համբուրեցինք քարեր որմոց եւ սեմոց Ս. տաճարին, յորս թռչունք բոյն դրած էին եւ, շարժումներ ընելով, ձայն կ’արձակէին դէպ ’ի մեզ։ Ի՞նչ կ’ըսէին, ինչ կը ցուցնէին…։ Տաճարին կամարն քակուած, եւ քարեր գլորուած կային յայս եւ յայն կողմն, մանրերն ալ շաղախով մէկտեղ պաղաղ ինկած։ Տխո՛ւր օրինակ Հայ ազգին կենաց։ Թէպէտ բան մ’էին, շէնքի մը կը վերաբերէին, բայց իրենց բուն տեղէն ինկած՝ խումբ-խումբ եւ ցրիւ։ Թէպէտ անշարժ, անկենդան, բայց կը խօսէին կը հասկցնէին, թէ՝ մեք վէմ ենք ապարանից, դղեկին, տաճարին, այլ աւա՜ղ, լսող ու վերցնող չունէին։
       Շատ հետազօտեցի գրուածոց հետք մը գտնալ այդքան քարերու վրայ, հազիւ այս փշուրները ժողվեցի։ Տաճարի որմին աջակողմը՝ փոքր խաչքարի մը վրայ փորագրուած. «ՅՇՏԿ է ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՍ, ԱՄԸՐ…»։ Եւ տաճարին արեւելեան որմին դրսի ճակատին վրայ դրուած լերջ քարի մը երեսը խոշոր խորագրով փորագրուած (էջ 98-ի նկարը)։
       Ծոփաց հռչակաւոր դղեակն եւ իւր Ս. Նշանայ վանքն, այսօր ծովակուր եղած լինելով, մեր տեսած բեկորներն ալ պիտի ծածկուին ջրով եւ անհետանան ընդ փոյթ, զի ջուրերը օրէ օր կ’աճին եւ կը բարձրանան։ Իսկ եթէ վտակներ հոսեցնեն ծովէն, մեծ գանձեր պիտի բացուին մեզ այդ ջրոյ տակէն։ Կէօլճիւկ գեղն է հայաբնակ, եւ բնակիչք կը կոչուին «Ծովեցի»։ Կար եւ մի գիւղ լճակիս մօտ քրդաբնակ, զոր կ’անուանէին «Քիւրդ Կէօլճիւկ», իսկ հայաբնակն՝ «Կավուր Կէօլճիւկ»։
       Մնան բարով թռչունները, մնան բարով ձուկեր, քարեր եւ աւերակներ, մնայ բարով Թորոս Աղբարը… ո՞վ միւսանգամ ես տայր ինձ համբուրել եւ ողջունել զՁեզ։
       Ես տեսայ կրկին այս սուրբ ծովիկը տարիէ մը զկնի, եւ կը տեսնամ միշտ զինքն ’ի սրտիս, եւ առ ինքն զիս…։
       Երբ դարձանք ի Կէօլճիւկ, ուռկաններ ձգած էին վերստին ծովուն մէջ, ուռկան ինքնին էր ծովն, որ Հայ եղողի սրտերը կ’որսայ, Հայուն, որ միանգամ իր աչքն կամ ուշքը հոն ձգէ։
       Կէօլճիւկի եկեղեցին շինուած է Ս. ՆՇԱՆ անունով, ունին եւ մաս մը Ս. Նշանէն, առ որ ուխտաւորք կը դիմեն շրջականերէ։ Բայց, անշուշտ, Շնորհալւոյ Ընդհանրականին մէջ յիշատակեալ Ս. Նշանը Աթոռոյն հետ փոխադրած էին ’ի Հռոմկլայ։ Զարմանալի էր, որ միայն երկու ձեռագիր աւետարան կրցայ գտնել, յորոց մինն գրուած էր Վարագայ քովի Արգելանոց կամ Ս. Գրիգորի վանքը։ Օրինակներ տես ’ի կարգի յիշատակարանաց։ Բայց, ինչպէս կ’աւանդէին, թէ՛ գրքեր եւ թէ՛ այլ թանկագին բաներ Բարձրահայեաց վանքը կը պահպանուէին։
       Նայելով պատմութեան մեզ աւանդածներուն՝ տարակոյս ունեցած են ոմանք, թէ Շնորհալւոյն հօր՝ Ապիրատ իշխանին կառուցած դղեակն կամ Գրիգորիսին ու Ներսիսին ծնած վայրն ու Կաթողիկոսական աթոռն չլինէր այս Ծովք դղեակ, այլ զանազան յիշատակներէ եւ պարագաներէ կը հետեւցնեն, թէ Ապիրատին կամ Շնորհալւոյն Ծովք դղեակն պէտք էր գտնուէր Մարաշու սահմանին մէջ եւ Սեաւ սուրբ լեռնէն հեռու չլինէր, կամ գտնուելու էր Ճօսլիններու երկիրներուն մօտ, եւ այլն։ Սակայն, ինչպէս յայտնի է, Մարաշու քովեր լիճ կամ ծովիկ չենք ունեցած եւ չունինք, իսկ Խարբերդի այս Ծովիկը խիստ մօտ է Սեաւ լերան, զի Սեաւ լեռն է Աղճատաղ, որոյ վրայ գրած ենք ԹՈՐՈՍ ԱՂԲՕՐ Ա. մասին մէջ, Մալաթիոյ հետ։ Աղճատաղի մէկ ծայրն կը վերջանայ Եազի-խան ըսուած ընդարձակ ու ամայի դաշտավայրը, եւ Եազի-խանն Եփրատով բաժնուած է Խարբերդէն։ Մեր այս Ծովք ունի կարճ գծերով ճանապարհներ՝ Սեւ լերան հետ հաղորդակցելու, ալ աւելի կարճ՝ Հռոմկլային հետ, մի օրեայ գնացիւք։ Աղճատաղը երկարօրէն կը ձգի մինչեւ Մարաշ։ Քեսսն, որ մօտ է Մարաշին, հեռի չէ Խարբերդէն, եւ զարմանալի չէ, թէ Մարաշի տիրապետողաց սահմանն հասած լինի երբեմն մինչեւ մեր Ծովքն։ Նոյն իսկ Խարբերդը շատ յարաբերութիւն ունեցած է, իբրեւ մերձաւոր, Կիլիկիոյ եւ Խաչակիր պետաց հետ, մինչ իսկ Եգիպտոսի սուլթանին, Հալէպի ամիրայից եւ Ֆրանկ իշխանաց, Անտիոքի եւ Եդեսիոյ տիրողաց հետ, ուրեմն կրնար խառնուիլ մեր Ծովքն յիշեալ տեղերու եւ տիրողներու անուանց հետ։
       Ինչպէս կրնայ տեսնուիլ Մատթէոս Ուռհայեցւոյ պատմութենէն, եւ ուրիշ կողմով ալ նկատելով, Արեւելեան հիւսիսային եւ Արեւմտեան եւ Հարաւային Հայոց հետ հաղորդակցելու մեծ յարմարութիւն ունէր այստեղ։ Իսկ դղեակն շինուած է իբրեւ ամուր դիրք մը եւ ապահով տեղը՝ պարսպեալ չորից կողմանց պարսպաձեւ լեռներով եւ ջրով պատեալ, ինչպէս էր դիրքն Աղթամարայ՝ իւր բերդով եւ տաճարով, յետոյ երկոցունց ալ ցամաքը կտրուած, դղեակն կործանուած, թէպէտ Աղթամարն մեծաշէն եւ հոյակապ կը կենայ իւր տաճարով, եւ անհամեմատ է ծովն ծովկիս, ժայռն ժայռիս։ Այսպէս շատ բերդեր կամ դղեակներ կան երեք կողմէն ջրով պատեալ, որ ’ի հնումն զօրաւոր կը համարուէր, եւ հոն կ’ապաստանէին իշխանաց քով մեր եկեղեցական հովուապետք եւս։ Աստ նստելով հանդերձ՝ դիւրին էր վայելել պաշտպանութիւն Քրիստոնեայ իշխանաց, որ մօտ էին, աստի Սեաւ լերան կրօնաւորաց եւ կրօնաստանաց այց առնել դիւրին էր նոյնպէս։
       ԾՈՓՔ, յիշատակեալ պատմութեանց մէջ, երկու են։ Մին է սա՝ հին ՀԱՆՁԻԹին մէջ, միւսը՝ Նփրկերտին, ուր մեր Շնորհալին չէ երեւցեր։ Այլ անշնորհք երեսով, վիթխարին հասակաւ եւ ուժով, Անգեղեայն Տորք, որ «որձաքարեր մատերով կը փշրէր, եղնգով արծուիներ կը քանդակէր վիմաց վրայ եւ բլուրներ կը վերցնէր դնէր»։