Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌ Պ. ԳԱԲՐԻԷԼ ՍՈՒՆԴՈՒԿԵԱՆՑ
       Յարգելի բարեկամ
       Պ. ԳԱԲՐԻԷԼ ՍՈՒՆԴՈՒԿԵԱՆՑ
       1884 թուականին Տփղիսի Ամառային թատրոնին մէջ հանդիսատես էի «Պեպոյին »։ Առաջին անգամն էր, որ կը տեսնէի հայ թատերաբեմի մը վրայ մեր ընտանեկան կենաց, մեր օրուան վշտերու պատկերներէն։ Ինձ անծանօթ էր Տփղիսու հայոց ժողովրդային բարբառը, եւ սակայն հասկցայ Պեպոն եւ յուզուեցայ խորապէս։ Եւ կարելի՞ էր չհասկնալ, երբ այդ շեշտերն՝ բխեալ գթած, մարդասէր սրտէ մը, կը թարգմանէր թատերաբեմին վրայ մի այնպիսի թարգման, որպէս է Պ. Չմշկեան։ Այդ օրն ըմբռնեցի, թէ Կովկասու հայերն ինչո՜ւ զձեզ այնքան կը սիրեն։
       Հանեցէք ինձ ընծայել ձեր գործերն, զորս խորին ուշադրութեամբ կարդացի եւ կը կարդամ ստեպ։ Չեմ գիտեր, որպիսի՜ անորոշ տխրութիւն մը կը պատէ զիս, երբ կը բանամ «Էլի մէկ զոհ», «Խաթաբալա», «Քանդած օջախ » եւ «Պեպո»։
       Ձեր այդ «կատակերգութիւնները », ինչպէս դուք անուանած էք զայնս, անշուշտ այն համոզմամբ, թէ ամէն ծիծաղ կը վարագուրէ ցաւ մը, ազդեցին իրենք եւս մտքիս ուղղութեան վրայ . քաղցր է ինձ ուրեմն ձեր անուան նուիրել այս փոքրիկ վէպս։
       Ձերդ Ա . Ա.
Կ. Պոլիս, Օրթագիւղ, 1 ապրիլի 1886