Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Կը կարծուի, թէ կանայք երբ չունենան ո՛ եւ է վիշտ, անհանգիստ կ՚ըլլան։ Անոնց սրտին համար, որ միշտ հրատոչոր է, վիշտը այն թուխ, փոքր մոլորեալ ամպն է, որ ամրան օրերն յանկարծ ծփալով երկնից երեսն , մի քանի րոպէներ զովութիւն կը պարգեւէ արեւակէզ հողին։ Ի շնորհս ունայնասիրութեան ոգւոյն, զոր Նախախնամութիւնը պարգեւած է կանանց, սոքա կարող են միշտ դարբնել իրենց համար նորանոր վշտեր։
       Սակայն ունայնասիրութիւնը, որ կենաց պարահանդէսի մէջ ա՜յնքան սիրուն, ա՜յնքան հրապուրիչ կ՚ընծայէ կինն, ընտանեկան յարկի ներքեւ գիշերադէմ չղջիկ մ՚է, չարագուշակ բու մը։ Արեւելցիք, որ ջերմապէս կը սիրեն ընտանեկան հանգստութիւնը, վասն զի իրենց քաղաքներու ներքին կազմակերպութեանց պատճառաւ կը պարտաւորին տան մէջ անցունել ժամանակի մեծ մասն, նուիրած են իրենց հոգածութիւնը գոհացում տալու կանանց ունայնասիրութեան ոգւոյն։ Արեւելցիք, գիտնալով, որ կին մը ունայնասէր չպիտի լինէր, եթէ իւր քով չգտնուէր ուրիշ կին մը, ջանադիր եղած են կանոնաւորել մի եւ նոյն ընտանեաց մէջ գըտնուող կանանց յարաբերութիւններն։ Արեւելեան ամէն ընտանիք փոքր արքունիք մ՚է, յորս խստապահանջութիւն կը տիրէ յարգամեծար յարաբերութեանց մասին։ Արեւելեան ընտանեաց աւանդութեանց մէջ ամենայն խնամօք կենդանի պահուած են կեսրոջ եւ իւր հարսին միջեւ յարաբերութեանց օրէնքներն։ Ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուի կին մը, միշտ քաղցր է իւր սրտին խոնարհած տեսնել իւր առջեւ ուրիշ մի կին, մանաւանդ, երբ ինքն արդէն կենաց իրիգնամուտին կը մերձենայ, իսկ նա խրոխտ է իւր երիտասարդութեամբ։ Ընտանեկան աւանդութիւնք օրինաց ձեւ տուած են այն ամէն արտաքին ցոյցերուն, որոց շնորհիւ կեսուր մը կը փառաւորուի։ Ուրեմն եթէ մտնենք Լեւոնի տունը, պիտի տեսնենք, թէ Լեւոնի մօրը, Շարուհի հանըմին դէմքը պայծառափայլ էր, վասն զի այլ եւս հասած էր այն ժամանակն, յորում գոհացում պիտի ստանար այն փառասիրական տենչն, որ ամէն կեսուրներու սեփականութիւնն է . ունէր հարս մը, որ խոնարհաբար պիտի համբուրէր իւր ձեռքերն։ Ինչ պարտականութիւններ, որ Շարուհի հանըմ կատարած էր իւր կէսրոջն, ի հարկէ կ՚սպասէր նոցա անթերի գործադրութիւնն իւր հարսին կողմանէ։
       Լեւոնի եւ Ֆօռթիւնէի հարսանեաց երկրորդ օրն, երկուշաբթի առաւօտ , Լեւոնի տան մէջ հիւրընկալութեան սենեակը նստած էին Սահակ աղա, կինը, մի քանի անխուսափելի ազգականներ ու ազգականուհիներ, ոյք գիշերն այդ անցուցած էին։ Լեւոն արդէն եկած էր եւ վառարանին մօտ աթոռի մը վրայ նստած ձեռքերը կը տաքցնէր։ Կէս օրի մօտ հարսին ոտքի ձայնը լսուեցաւ, սանդուղներէն կ՚իջնէր։ Լեւոնի քոյրն՝ Աննիկ, անմիջապէս դուրս ելաւ, հարսին ընդառաջելու։ Շարուհի հանըմ ինքզինքը ժողվռտեց, պաշտօնական դիրք մը առաւ, ձախ ձեռքովն աջ ձեռք սրբեց։ Սահակ աղա, թէպէտ աւելի խոնարհ , բայց նա եւս պատրաստութիւններ տեսաւ։ Այդ արարողութեանց շարժառիթը բնական էր, հարսը ներս մտնելով ի հարկէ կեսրոջն ու պարոնտատին ձեռքերը պիտի համբուրէր։ Եւ արդարեւ Աննիկ, Ֆօռթիւնէի տուած թեւը, ներս մտան միասին։ Ֆօռթիւնէ գլուխը ծռեց, եւ ալաֆռանկա բարեւ մը տալով, աթոռի մը վրայ նստաւ քովընտի։ Կարծես թէ ամէնքը սառեցան նստած տեղերնին։ Ազգականներն իրարու երես նայեցան, ցրտութիւնը տիրեց այդ րոպէին, խօսակցութիւնն այլ եւս պաղած էր։
       Այդ օրէն ամբողջ շաբաթ մը տեւեց այդ պաղութիւնը։ Սրտաբեկ էր Սահակ աղայի կինը։ Ֆօռթիւնէ միշտ ցուրտ էր այն ամէն բարեկամաց, բարեկամուհեաց, ազգականաց, ազգականուհեաց համար, որք կը տեղային Պոլսոյ ամէն թաղերէ։ Երբ պառաւ ազգականներ «խերդ տեսնանք, աղջիկս » ըսելով թեւերնին բացած կ՚ուզէին համբուրել Ֆօռթիւնէի ճակատն ու երեսները , կամ առանց հրաւէրի, ինքնաբերաբար, կ՚երկնցնէին իրենց ձեռքերն, որպէս զի հարսը համբուրէ, Ֆօռթիւնէ կը գոհանար գլխու բարեւով մը։ Դիւրին է երեւակայել, թէ Սահակ աղայի, Շարուհի հանըմի ազգականաց շրջանակներուն մէջ նոր հարսին համբաւն ի՛նչ գներով նշանակուած էր։ Կը գտնուէին այնքան բարեսիրտ կիներ, որք կը ցաւակցէին Շարուհի հանըմին եւ կը հաղորդէին նմա ինչ որ կը խօսուէր դուրսը, եւ խեղճ կնոջ ցաւոց վրայ կը բարդէին նոր ցաւեր։
       Բայց երբ այցելուները չէին շըլըխտիներ— ինչպէս Ֆօռթիւնէ կ՚անուանէր իւր նոր ազգականներն , եւ կը բուրէր իրենց վրայ եւրոպական հոտ մը, հոգ չէր որքան ալ թեթեւ լինէր, այն ատեն Ֆօռթիւնէ շնորհալի էր եւ քաղաքավար, մանաւանդ երբ այցելուներն այնքան ազնուացած էին, որ փոխանակ ըսելու հանըմ կամ տիկին, ի՞նչպէս էք , կ՚ըսէին։
       —Մատամ, ինչպէ՞ս էք։
       Հարսանեաց առաջին շաբաթը կը բոլորէր եւ ըստ հնաւանդ սովորութեան հարկ էր եօթներորդ օրը ետիի, ձեռք-պագի երթալ հարսին ծնողաց։ Այդ այցելութիւնը կատարել այնքան բնական էր, որ այդ մասին խօսիլն իսկ աւելորդ կը համարուէր։ Շաբաթ գիշեր Սահակ աղա խօսք բացաւ երթալու ժամը որոշելու համար միայն։ Ֆռոթիւնէ չոր կերպով մերժեց ետիի մետիի երթալն։ Ինքն այնպիսի հինցած, պառաւական սովորութիւններէ ախորժող չէր։ Սահակ աղա եւ կինը լռեցին, ուրիշ լաւագոյն ոչինչ կրնային ընել։
       Բայց երբ Լեւոն առաջարկեց այցելութեան երթալ կնքահօրը՝ Սինայեան Մկրտիչի, որքա՜ն գոհունակութեամբ Ֆօռթիւնէ յանձնառու եղաւ կատարել այդ պարտականութիւնը։ Կիրակի, կէս օրէն մէկ ժամ վերջ, շքեղ լանտօ մը— Ֆօռթիւնէ անպատճառ լանտօ ուզած էր, կայնեցաւ Լեւոնի տան առաջ։ Ֆօռթիւնէ ամուսնոյն հետ մտաւ կառքն եւ իբր մի իշխանուհի, բազմեցաւ։ Նշանուած օրէն ի վեր առաջին անգամ գոհ կը լինէր— աւա՜ղ շատ կարճ միջոցի մը համար։— Սինայեաններու տունը Ֆօռթիւնէն ո՛վ որ տեսնէր այն օրը, կը կարծէր, թէ աշխարհիս է՛ն երջանիկ կինն է նա։ Կը դիմէր կանացի ամէն նրբամտութեան, որպէս զի կարեկցութեան արժանի էակ մը չերեւեր յաչս տիկին Հերիգայի։ Գոռոզութիւնը կանանց յատկութեանց, կամ թէ թերութեանց, ինչպէս որ կ՚ուզէք, ամէնէն տոկունն է։ Սրտի դժբաղդութեանց մէջ գոռոզութիւնը կանանց փրկարար ապաւէնն է։ Է՛ն դժբաղդ կիներն, է՛ն նուազ հպարտները լինելու են։— Եւ յետոյ, առանց խորհելու, առանց մտածելու, ինքնաբերաբար, Ֆօռթիւնէ Մկրտիչ Սինայեանի հաճոյ երեւելու պէտք մը կ՚զգար։ Ամուսնացած երիտասարդի մը հաճոյ լինելու կենսական պայմանն է ունենալ ուրախ զուարթ դէմք մը եւ Ֆօռթիւնէի դէմքը բնազդմամբ զուարթ էր այն օրն։
       Այդ ուրախութեան հետքերը մնացին Ֆօռթիւնէի այտերու վրայ, նշմարեց զայն Լեւոնի մայրն եւ լաւագոյն օրերու բարեգուշակ յոյսը վերստին ժպտեցաւ իրեն։ Որքան ալ վշտացած էր այդ կինը, բայց եւ այնպէս խոհեմութիւն համարած էր չյանդիմանել հարսը, զաւկին սիրտը չկոտրելու համար։ Այդ այցելութեան շաբաթը միտքը դրաւ, որ յառաջիկայ կիրակի օրն հարսն առնէ եւ եկեղեցի երթայ։ Կեսուր մը միայն գիտէ, թէ ո՜րքան բերկրութեամբ կը զեղու իւր սիրտն, երբ կիրակի առաւօտ մը եկեղեցի կ՚երթայ նոր հարսն առջեւը ձգած։ Երբ կը մտնեն վերնատուն, կարծես թէ դիւթական ազդեցութեամբ մը բոլոր աղօթող կանայք կը մոռնան, որ բարեպաշտներ են, այլ միայն կը յիշեն, թէ կին են։ Ամէնքն հետաքրքիր իրենց երեսները կը դարձնեն, որպէս զի նային նոր եկողին։ Մոմ վառող կինն արդէն մէկուն ըսած է եւ այդ փոքրիկ անգաղտնապահութիւնը կը բաւէ, որ նոր հարսին ու կեսրոջ գալստեան համբաւը վերնատան չորս կողմը թռչտի։ Ամէնքն իրարու ականջէ կը փսփսան. «Ա՛ն է, ա՛ն է »։ Մոմ վառող կինն սովորականէն աւելի փութաջան է։ Խաֆէսին առջեւը նստողները տեղ կը բանան հարսին։ Հարսը ամչկոտ է, բայց կեսուրը կը փառաւորուի, անուշ երաժշտութեան մը պէս կը հնչեն այդ փսփսուքներն իւր ականջին։
       Եւ երբ կ՚աւարտի ժամերգութիւնը, այն ամէն կանայք, ոյք թէեւ ընտանեկան յարաբերութիւններ չունին, բայց վերնատան դրացիներ են, կը պաշարեն կեսուրն ու հարսը, «Խերը տեսնես, հանըմ, քուրուկ » ըստ աստիճանին։— Ազնուական կիները այն օրը մի քիչ ուշ կ՚իջնեն, որպէս զի հարցնեն մոմ վառող կնկան, թէ ո՞վ էր այդ նոր հարսը։— Եւ այդքանով չբաւեր. թաղին մէջ նոյն օրը միշտ կը խօսուի կեսրոջն ու հարսին վրայ։ Եւ ո՞ր կին չը ցանկար սրտին խորէն գէթ օր մը ընդհանուր խօսակցութեան առարկայ լինիլ։ Լեւոնի խեղճ մայրն այդ փառքէն զուրկ մնաց։ Ֆօռթիւնէ մերժեց կեսրոջն առջեւն ինկած եկեղեցի երթալ։ Արդէն ինքն եկեղեցի գացող չէր. եւ եթէ եկեղեցի երթալ ուզէր ինքն, էրիկ ունէր, կրնար երթալ։
       Յուսահատեցա՞ւ Շարուհի հանըմը։ Կանայք, որքան փափուկ ու տկար արարածներ համարուին, բայց համառ ու հաստատամիտ են, երբ իրենց սէրը կամ փառասիրութիւնը խնդրոյ առարկայ է։ Շարուհի հանըմ անպատճառ իւր կեսուրական իրաւունքներն ի գործ պիտի դնէր։ Հարսը կարող էր իւր ամուսնոյն հետ եկեղեցի երթալ, կարող էր նորա հետ հատուցանել փոխադարձ այցելութիւնները, բայց կարող չէր ամուսնոյն հետ կատարել մի մեծ արարողութիւն, այն է բաղնիք երթալ։ Ի հարկէ՝ բաղնիք գնալու արարողութիւնն այնքան վսեմ չէ, որքան եկեղեցի երթալ։ Բայց, վերջապէս, ըստ բաւականին փոխարինութիւն մը կրնայ համարուիլ։ Բաւական է, զի օր առաջ մի քանի տուներու մէջ իմացուի, թէ նոր հարսն այն ինչ օրը բաղնիք պիտի երթայ, այդ օրն արդէն կանանց պատկառելի բազմութիւն մը կը գրաւէ բաղնիքն։ Եւ ի՞նչ հրճուանք կեսրոջ մը համար, երբ հարսն ամենայն խոնարհութեամբ եւ գորովանօք կը սրբէ, կը չորացնէ իրեն կռնակը, կուրծքը եւ կը համբուրէ ձեռքը։ Բայց Ֆօռթիւնէ կը սոսկար այդ ստորնութենէ եւ բացարձակ կերպով կէսրոջն յայտարարեց միանգամ ընդ միշտ, թէ՝ ինքը տեղ պիտի երթայ նէ թո՛ղ երթայ, բայց այլ եւս իր ետեւէն չիյնայ, ինքն ալաֆռանկայ մեծցած աղջիկ է, անանկ հին կնկան բաներ չը գիտեր։
       Այդ օրէն արդարեւ Շարուհի հանըմ յուսահատեցաւ։ Տեսակ մը դժգոհութիւն, տեսակ մը տխրութիւն տիրեց տան մէջ։ Ֆօռթիւնէ շատ անգամ կը քաշուէր իւր սենեակը, ոչ մի ընտանեկան հոգ կը կրէր, կարծես թէ օտարական մ՚էր այդ տան մէջ։ Եւ Լեւոն, որ այնքան կը սիրէր ընտանեկան կեանքն ու հանգստութիւնն, սկսաւ ընկղմիլ մտատանջութեանց մէջ։
       Միայն հինգշաբթի օրերը կը փարատէր Ֆօռթիւնէի թախիծն. ամէն հինգշաբթի գիշեր կ՚այցելէին Սինայեաններու։ Յորմէ հետէ ամուսնացած էր Մկրտիչ Սինայեան, ինքն եւս իւր օրն ունէր, որ էր հինգշաբթի։ Ամէն հիգշաբթի գիշեր կը հաւաքուէին նորա տան մէջ մի քանի հայ վաճառականներ, երկու երեք փաստաբաններ, նոյն թուով բժիշկներ , եւ ասոնց մեծ մասն կուգային, ըստ պոլսական սովորութեան, առանց ընտանեաց։ Այդ ընդունելութեանց մէջ ժամանակ անցունելու գլխաւոր միջոցը թուղթի խաղն էր։ Տիկին Հերիգա կը սիրէր երաժշտութիւնը, կը սիրէր գրականութիւնը եւ կը փափագէր տեսնել իրենց ընդունելութեանց գիշերներն երիտասարդ դէմքեր, երիտասարդ տաղանդներ եւ մտաւոր զբօսանաց նուիրել ժամանակին մէկ մասը, բայց տան մեծն ինք չէր։ Ինքն անկարող էր ըստ իւր հաճոյս տնօրինել. կը գոհանար ուրեմն եղածովն։ Օր. Սինայեան ամուսնացած էր, նա եւս անդ կուգար։ Սենեակներէ մին յատկացուած էր երիտասարդներու, անդ կը գտնուէր դաշնամուրն, եւ Տիկին Հերիգա կ՚ախորժէր այդ սենեակը մնալ իւր բարեկամուհեաց հետ, բայց Ֆօռթիւնէ խոյս կուտար եւ միշտ թուղթ խաղացողներու մօտն էր։ Ինքն ալ կը սիրէր խաղալ եւ կը խաղար։ Լեւոն ստիպուեցաւ շաբաթական գումար մը յատկացնել կնոջը. բաւական ծանր էր այդ բեռն իրեն համար, բայց ի՞նչ ընէր, կինը ամէն բանէ զրկուած չէր կրնար մնալ, եւ յետոյ մի քիչ կ՚ապահովէր ընտանեկան հանգստութիւնը։ Ֆօռթիւնէ կատաղի կերպով պէզիկ կը խաղար, եւ մեծ գոհունակութիւն կ՚զգար, երբ վաճառականի մը, բժշկի մը դէմ կ՚ելնէր. գէթ այդ միջոցով «բան մը կ՚երեւէր»։— Նա չէր կրցած ուշադրութիւն հրաւիրել իւր վրայ. ի՞նչ դիրք ունէր, որ ուշադրութեան արժանի լինէր. շնորհիւ թուղթի, կարեւորութիւն կ՚ստանար Սինայեաններու տան մէջ եւ կը պատահէր շատ անգամ, որ հինգշաբթի օրերէ զատ ուրիշ օրեր եւս թուղթի պատրուակաւ կը գտնուէր այդ տան մէջ։
       Ֆօռթիւնէի սիրտն հանդարտ չէր. իբր աղջիկ ի՛նչ զգացումներ որ ունէր Սինայեան Մկրտիչի համար, այդ զգացումները կենդանի էին սրտին մէջ եւ անհանդարտ էր։— Ի՞նչ նրբութեանց չէր դիմեր՝ Մկրտիչը գրաւելու համար։ Սինայեան Մկրտիչ այն անձերէն էր, որք կրնան «լաւ մարդ » համարուիլ, բայց շատ դիւրասահիկ են կանանց վերաբերեալ խնդրոց մասին։ Կը սիրեն իրենց կիները, նախանձոտ են չափազանց, բայց խղճահար չեն ուրիշի կինը սիրելու մասին։— Ո՛չ մէկ ազգականութիւն նուիրական է իրենց համար. միայն քոյրերնին գիտեն յարգել։ Կը սիրեն ուրիշ կիներ ո՛չ թէ սրտի անդիմադրելի զգացումներէ հարկադրեալ. ա՛յլ այլ իրենք ալ չեն գիտեր ինչո՛ւ համար։ Սխալ է ըսել, թէ կը սիրեն, այլ պէտք է ըսել կը վայելեն։ Եթէ հանդիպին կանանց, եթէ առիթ գտնեն, կը վայելեն, եթէ չհանդիպին, չգտնեն, անհանգիստ չեն ըլլար։ Իրենց վայելած կիներն ընդհանրապէս անհամեմատ ստորին են իրենց կիներէն։ Այդպիսի անձանց սէրը ոչինչ ունի բանաստեղծական, ոչինչ ունի գազանային։ Անհամ, թոյլ, անհրապոյր իրողութիւն մ՚է, անկարեւոր ալ պիտի ըսէինք, եթէ ծնունդ չտար ընտանեկան մեծամեծ դժբաղդութեանց։
       Այդ ձմեռը Մկրտիչ Սինայեան հասկցաւ, թէ Ֆօռթիւնէ իրեն հետամուտ է։ Անտարբեր եղաւ. եթէ առիթ մը ներկայանար, դժգոհ չէր մնար, բայց պէտք չունէր այդ առիթն որոնելու համար ինքզինքը նեղել։ Երբ Ֆօռթիւնէ կը մեկնէր իրենց տունէն, ինքն ալ կը մոռնար ամէն բան։ Լեւոն ոչինչ կը կասկածէր, մտքէն իսկ չէր կարող անցունել, թէ իւր կինն հին սէրը չէ մոռցած։ Տիկին Հերիգա եւս կատարեալ անդորր վիճակի մէջ էր։ Բայց մինչ այս, մինչ այն ձմեռը կ՚անցնէր, ոչինչ պատահած էր։ Ֆօռթիւնէ բաւական յառաջադիմութիւն ըրած էր Սինայեանը գրաւելու մասին, աւելի ոչինչ։ Շիտակն ըսելով նոր հարսի մը համար բաւական գործ մ՚էր այսքանն ալ։ Գարունն եկաւ, գիշերները կարճեցան, գիշերային այցելութիւնները նուազեցան։
       Շուտ հասան մայիսի վերջին օրերը. կը խանձէին Բերայի սալայատակները բարկ արեւէն. փոշին կը բարձրանար երկնապող. կը պարտաւորէին տանց պատուհանները փակել այդ տաք եղանակին մէջ։ Հայ— լայֆը լքած էր ձմրան իւր սիրելի արուարձանը եւ կ՚զբօսնուր հովասուն ու ծովասուն գիւղերն յափունս Վոսփորի եւ Մարմարայի։ Իսկ Ֆօռթիւնէ եւ Լեւոն գամուած կը մնային իրենց տեղն. այդ անտանելի էր Ֆօռթիւնէի համար։ Ամէն օր մտօքը կը թռչէր Պէօյիւք— Տէրէ, Կղզին, զոր չէր տեսած, կը տառապէր, կը չարչարուէր ո՛չ միայն այնու, զի չէր կարող վայելել ամրան հրապոյրներն, այլ զի կը խորհէր նաեւ, թէ ի՞նչ պիտի ընէր ձմեռն, երբ իւր բարեկամուհիները խօսակցէին ամրան իրենց զբօսանաց վրայ եւ ինքն անմասն եւ անբաժին այդ զբօսանաց մէջ, լուռ մունջ ամօթով մնար։ Չէ՛, անհնարին էր այդ, անհրաժեշտ էր, որ իրենք եւս օդափոխութեան երթային։
       —Լեւո՛ն , կ՚ըսէր, իրիկունները, շոյելով ամուսնոյն ճակատն, ի՞նչ պիտի ըլլաս այսպէս։ Առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը մքլիս Պանքային մէջ, գամուած կը մնաս, ոսկորներդ կը տեսնուին։ Ո՛չ կ՚զբօսնուս, ո՛չ մաքուր օդ մը կը շնչես, ո՛չ այլ ինչ կ՚ընես։ Ա՜խ, քունս քեզի համար չտանիր։ Աս Բերան շատ կը սիրեմ թէպէտ, բայց քեզի համար աչքէս ելած է։
       Եւ Լեւոն, որ անձկակարօտ էր այդ գորովանաց, կը յուզուէր, կը սեղմէր կնոջը ձեռքերը, սրտին վրայ կը դնէր զայնս։
       —Ի՞նչ կրնամ ընել Ֆօռթիւնէս , կ՚ըսէր , գալ տարի բան մը կ՚ընենք։
       —Գալ տարի չըլլար , կը պատասխանէր Ֆօռթիւնէ, ի՜նչ ընեմ չընեմ քեզ գեղ մը պիտի տանիմ . կախեմ պիտի, ծախեմ պիտի, քեզ պիտի տանիմ։
       Ո՛չ ծախելու, ո՛չ կախելու չէր ներեր Լեւոն եւ այդ խնամոտ, այդ հոգած կնոջ սիրոյն ամէն զոհողութիւն յանձն կ՚առնուր։ Ի՜նչպէս շուտ կը մոռնար ձմրան տխրութիւնները։ Այո՛, ինչպէս որ երեւակայած էր Ֆօռթիւնէն, երբ սիրեց զնա, նոյնը կը գտնէր այժմ։ —Ո՞չ ապաքէն ինքն ալ արդէն կ՚զգար օդափոխութեան մը պէտքն։ Երբ ցերեկներն առիթ կ՚ունենար Ղալաթիայէն Պոլիս անցնելու, քիչ մը ատեն կանգ կ՚առնուր կամուրջին վրայ, լիաթոք կը շնչէր այն քաղցրասիք հովերը, զորս Սեւ ծովն ու Մարմարան կը խրկեն Պոլսոյ։ Եւ յետոյ քոյրը, հայրը, մայրը, ինչքան ժամանակէ ի վեր բանտարկուած կը մնային իրենց տան մէջ։ Նոցա համար եւս օդափոխութիւնն անհրաժեշտ էր։
       —Կ՚երթա՛նք, կ՚երթա՛նք , Ֆօռթիւնէս , ըսաւ շաբաթ երեկոյ մը. եւ Ֆօռթիւնէ մանկական ուրախութեամբ ձեռքերն իրարու կը զարնէր։
       —Մօտ գեղ մը, Պօյաճի գեղ, կամ Գնալը , կ՚ըսէր Լեւոն։— Ծախսն ալ քիչ կ՚ըլլար, երթեւեկութիւնն ալ դիւրին, եւ ծնողքն ազատօրէն ըստ հաճոյս կրնային զբօսնուլ։
       —Պօյաճի գի՞ւղ, Գնալը՞։— Է՛հ, ի՞նչ ընէր Ֆօռթիւնէ այդ որբեւայրիներու տեղերն։ Ձմեռն ի՜նչ հպարտութիւն ըսել «Մենք Գնալը էինք », երբ Սինայեանք եւ ուրիշներ պիտի պարծենային Վոսփորով եւ Բրինքիբոյով։— Եւ ի՜նքն, որ Մեծ կղզի կ՚երեւակայէր։ Իրաւ է, որ Սինայեաններէ հեռու կը մնար, բայց Մեծ կղզի առիսթոքրաթիք է եւ անշուշտ անոր փայլը պիտի ցոլանար իւր վրայ եւս։— Եւ աս կեսուրն ալ, աս պարոնտատն ալ միշտ իրեն փակա՞ծ պիտի մնային։ Ի՞նչ գիտնամ, դեռ ի՜նչ ազգականներ, ի՜նչ կնիկներ պիտի գային լեցուէին։ Այս ամէնը կը մտածէր նոյն վայրկեանին եւ առանց բացորոշապէս Լեւոնին յայտնելու իւր միտքը կ՚ըսէր։
       —Չէ՛, Լեւոն, չէ՛, փոխանակ այդպէս երթալու ամենեւին չերթանք, աւելի լաւ է։ Հոգիդ բերանդ պիտի գայ . աշխարհքին ծախքին ներքեւ պիտի ընկճուիս. եկող գացողնիս անպակաս պիտի ըլլայ, ամէն բան քիթերնուս, բերներնուս պիտի գայ։— Թէ որ կ՚ուզես անոնք տեղ մը խրկէ, ես քեզ պիտի առնեմ երկու շաբաթ, ամիս մը, գեղ մը պիտի տանիմ , որ հանգիստ, անհոգ անցնես ժամանակդ, ետքը կ՚իջնենք անոնց քով։
       Եւ Լեւոն կը վարանէր, կը շփոթուէր. մէկ կողմէն չէր ախորժեր ծնողքը ձգել երթալ, միւս կողմանէ կը սոսկար այդ հիւրերու բազմութենէն, ծանր բեռներէ։
       Յաջորդ օրը կիրակի առաւօտ կանուխ Ֆօռթիւնէ կ՚ըսէր Լեւոնի.
       —Ա՜խ, Լեւոն, ի՞նչ պիտի ընենք այսօր. մինչեւ իրիկուն պիտի ճաթինք նորէն։ Բան մը ընենք։
       —Ի՞նչ ընենք, տեղ մը երթանք։
       —Մեծ կղզի երթանք։
       Արեգնաջեր առաւօտ մ՚էր, կ՚երեւէր, թէ օդը շատ տաք պիտի ընէր. Լեւոն ինքն ալ պէտք կ՚զգար ծովաչու երթեւեկութեան մը։ Խոստացաւ կնոջն երթալ։ Շուտով հագուեցան, արդուզարդերնին ըրին եւ մեկնեցան։ Լեւոն կ՚ուզէր քոյրն ալ միասին առնուլ, բայց խօսքն ընել անգամ չհամարձակեցաւ առ ահի կնոջն։ Այլ երբ դուրս ելան տունէն, Լեւոն մի քանի անգամ դարձաւ եւ նայեցաւ. խեղճ աղջիկը, սիրտը կոտրած, պատուհանէն անոնց կը նայէր։ Տարաբաղդիկ վիճակ այն աղջկան վիճակն, երբ եղբայրն ամուսնանալով՝ ինքն անոք անօգնական կը մնայ. ո՛չ ամառն իրեն համար է , ո՛չ աշունը, ո՛չ գարունը. անմեղ դատապարտեալ մ՚է ։— Արդեօք մարդասիրական չէ՞ր աւանդութիւնն, որոյ համեմատ չէին ամուսնացեր երիտասարդ մը մինչեւ որ իւր տարեկից քոյրն ամուսին մը չունենար։
       Թո՛ղ Աննիկ պատուհանէն վշտահար նայի, թո՛ղ նորա մայրը ցաւած լինի աղջիկը միայնակ տունը տեսնելով, Լեւոն եւ Ֆօռթիւնէ շտապաքայլ կ՚ընթանան, կառք մը կը գտնեն եւ անմիջապէս կամուրջ են։
       Կղզիներու շոգենաւը դեռ նոր կը մօտենար կամուրջին եւ մեկնելու մի քիչ ժամանակ պէտք էր. ճամփորդք հակադրուած էին կամուրջին վրայ սպասել։ Կ՚սպասէին առանց ձանձրանալու։ Նոր տեսարան Ֆօռթիւնէի համար. նորանոր ուղեւորներ կը հասնէին. ոմանք հանդարտաքայլ, այլք շնչասպառ, ամէնքը վայելուչ հագուած, ամէն դէմքերու վրայ ուրախութիւն մը։ Շշուկ, աղմուկ, խօսակցութիւնք։ Ծանօթներ կուգային , ո՞ւր բարովն իրարու կը հարցնէին։ Եւ ի՜նչ սէգ շեշտով Ֆօռթիւնէ կ՚ըսէր.
       —Բրինքիբօ։
       —Օդափոխութեա՞ն։
       —Տեսնենք։
       Եւ յետոյ, շոգենաւը կարծես ընդարձակ սրահ մ՚էր, ընտանեկան սրահ մը. ոմանք նստած էին, ոմանք կը ճեմէին, կը խօսակցէին։ Հաստ շուոց մը կը լսուի , ծովը կ՚սկսի փրփրիլ, շոգենաւը կը մեկնի։ Ֆօռթիւնէ աչքերը կամուրջէն կը հեռացնէ եւ կը դիտէ ծովը, հեռաւոր հորիզոնը, ուր կղզիներն կարծես ամպերու մէջ փաթաթուած են։— Լուսաներկ օդ, մեղմաշունչ հիւսիսակ, ծաղկաձեւ կապոյտ ալիքներ կը հրապուրեն բոլոր զգայարանքները։ Կ՚անցնին Գատը—Գիւղէն, զոր լաւ կը ճանաչէ Ֆօռթիւնէ, զի անդ բաւական ատեն վարժուհի եղած է։ Գնալը, Անթիկոնի հրապուրիչ չեն իրեն համար, բայց երբ կը հասնին Հալքիի առջեւ, սքանչացած կը մնայ։
       Կը մեկնին Հալքիէն, կարծես շոգենաւն աւելի ծանրաքայլիկ կ՚ընթանայ, որպէս զի ուղեւորք սրտալիր զմայլին Ճիագօմօյի տեսարանովն։ Ֆօռթիւնէ կը կարծէ, թէ կը նշմարէ հրաշատունկ դրախտ մը։ Դալարեայ պատնէշ մը, լուսաճեմ բլուրներ, փափկանիւթ կանանչներով մշտափթիթք, խատուտիկ երփներանգ ապարանքներն կը դիւթեն, կը հմայեն զինքն։ Լեւոն մատնանիշ ցոյց կուտայ շէնքերը, պարտէզներն եւ ինքն ալ կը խանդաղատի կնոջն ուրախութեամբ։
       Կը հասնին նաւամատոյցը, նոր տեսարան, նոր վայելում։ Նաւամատոյցը փոքրիկ թերակղզի մ՚է, ուղեւորք անհամբեր են, այծերու նման կը ցատկեն դուրս։ Բազմութիւնը գրաւած է ամբողջ նաւամատոյցն, ամրան թեթեւ զգեստներով արք եւ կանայք ուրախ զուարթ խռնուած են. ո՛չ մէկ դէմքի վրայ տխրութեան հետք մը, ամէն ոք ուրախ զուարթ է։ Ի՛նչ խնդութեամբ կ՚ընդունուին հիւրերն, եւ հիւրընկալք ու հիւրերն թեւ թեւի կը մեկնին։ Ծանօթներ ունին Լեւոն եւ Ֆօռթիւնէ, հրաւէրներ կ՚ընդունին, բայց Ֆօռթիւնէ կ՚ուզէ Օթէլ մը երթալ, երբեք չէ տեսած հիւրանոց մը, ի հարկէ այդ գաղտնիքը ոչ մէկուն կը յայտնէ։ Ծանօթները կ՚ըսեն իրենց. «Ամառը հոս անցուցէք, շատ կը զուարճանաք »։ Ֆօռթիւնէի սրտէն կը խօսին։— Կը նստին զբօսարանը, մէկ երկու ժամ կ՚զբօսնուն. երաժշտութի՜ւն, բազմութիւն, խօսակցութիւնք այնքան շուտ կը սահեցնեն ժամերն։
       Ճաշի ժամ է, կը մտնեն Օթէլ տէ զ՚Էթրանժէ։ Ֆօռթիւնէ ո՛չ հիւրանոցի վրայ գաղափար ունի, ո՛չ հիւրասեղանի. նորութիւնը զինքը կը շլացնէ։ Սեղանին վրայ ամէն լեզու կը խօսուի։— Եթէ մի քանի շաբաթներ այն տեղ անցունէ. ի՜նչպէս պիտի փայլի, ի՞նչ նոր ծանօթներ պիտի ունենայ, ո՜րչափ պիտի զբօսնու։ Սեղանէն վերջ մի քանի այցելութիւններ կուտան։ Վերջը, երեկոյեան դէմ, ֆայթոնով պտոյտ։ Առջի օրերն անձրեւ եկած էր, փոշի չկար։ Կը հիանար Ֆօռթիւնէ անցնելով այն ճանապարհէն, որ կը տանի Ճիաքօմօ։ Փողո՞ց էր, թէ՞ անտառ մը։
       Վերջին շոգենաւի մեկնելու ժամը հասած էր, վերադարձան նաւամատոյց։ Ֆօռթիւնէի անհնարին կը թուէր թողուլ այդ հիանալի վայրերն։
       Ի՞նչ կ՚ըլլայ, Լեւոն, այս գիշեր հոս կենանք, աղէկ ատեն մը կ՚անցունենք։
       Եւ Լեւոն ինքն ալ հրապուրած կը մնար, հեռագիր մը խրկեց տունը եւ հանգստացաւ։
       Գիշերն աննկարագրելի տեսարան։ Լուսինը լիալիր ծաթած էր հանդարտիկ ծովուն վրայ։ Քաղցրանուագ երաժշտութիւնը վերստին կը հնչէր. զբօսարան, նաւամատոյց, ճեմելավայր ամէն ուրեք հոծ բազմութիւն։ Մինչեւ կէս գիշեր զուարճացաւ Ֆօռթիւնէ, այնպիսի զուարճութիւն բնաւ չէր վայելած։ Այդ դիւթական տպաւորութեան ներքեւ սկսաւ աղաչել, պաղատիլ ամուսնոյն, որ գէթ ամիս մը անդ անցնեն։ Ի՞նչ կ՚ըլլար, քանի՞ ոսկիի խնդիր էր։ Լեւոն, որ այսքան զոհողութիւնները կ՚ընէր ընտանեացն համար, արդեօք շա՞տ բան էր, որ քիչ մ՚ալ իրեն անձին խնամք տանէր։
       Եւ Լեւոն շատ պատրաստ էր համոզուելու. ամուսնանալէն ի վեր հանգիստ, գոհ օր մը չէր անցուցած. եւ անձկակարօտ էր այդ գոհունակութեան։ Օդափոխութիւն, զբօսանք թէ՛ իրեն եւ թէ՛ Ֆօռթիւնէին համար օգտակար էին։ Կը մտածէր նաեւ, թէ այդ գոհունակութիւնը տալով Ֆօռթիւնէի, կրնար նորա բնաւորութիւնը փոխել. կը կարծէր, թէ խեղճ կինն ամուսնանալէն ի վեր ո՛չ մէկ զուարճութիւն ունեցած էր։ Կարելի էր ընտանիքէն մի քիչ ատեն հեռի մնալն ալ նպաստէր յարաբերութեանց բարւոքման։
       Առաւօտը Լեւոն խօսեցաւ պանդոկապետին հետ. ամսուան մը համար սակարկութիւնն ըրաւ։ Երկրորդ շոգենաւով իջան Պոլիս. Լեւոն Ֆօռթիւնէն տուն ձգեց, ինք Պանքան գնաց, երեկոյին եկաւ, պատրաստութիւնները տեսած էր Ֆօռթիւնէ եւ մեկնեցան։ Սակայն Լեւոնի սիրտն անհանգիստ էր։ Մայրը, հայրը, քոյրը կը թողուր այդ տաք Բերայի մէջ, մինչ հիւրանոցի ծախքովը կարող էր տուն մը վարձել, որով ամէնքը միասին օդափոխութեան մը կրնային երթալ։
       Այդ առաջին շաբաթն, որ Կղզին էին, Ֆօռթիւնէ կը կարծէր, թէ տեղափոխուած էր Ֆրանսայի ծովային վայրերէն մին, ուր կը գնան ֆրանսացի դիւրակեցիկ ընտանիքներն եւ որոց նկարագրութիւնները կը կարդար վէպերու մէջ։ Ուղիղն ըսելով՝ Ֆօռթիւնէ բաւական կերպարանափոխ եղած էր։ Քանի որ գոհ էր, ինքզինքը դժբաղդ չէր կարծեր։ Հիւրասեղանը մանաւանդ իւր մեծագոյն հրճուանքն էր։ Այժմ Հայ լինելը գաղտնի չէր պահեր. մանաւանդ կը պարծենար։ Ամէն առիթ կ՚որոնէր ֆրանսերէն խօսելու։ Հայ մը այսպէս ֆրանսերե՞ն խօսի, կ՚ըսէին օտարներն ու կը զարմանային, եւ Ֆօռթիւնէի անձնասիրութիւնը գգուեալ էր։ Անշուշտ եթէ ֆրանսուհի մը լինէր, ինքն այդքան զարմացում չպիտի պատճառէր։ Գոհ էր ամուսինէն. վերջապէս եթէ հարուստ ամուսին մը առնէր , ասկէ աւելի վայելում կարելի չէր յուսալ։ Եթէ տիկին Հերիգա Սինայեան հոն գտնուէր, ո՜րչափ պիտի նախանձէր իւր վիճակին։ Այդ շաբաթներուն մէջ միայն Ֆօռթիւնէ կը գերազանցէր զնա։ Հերիգա կեսրոջ մը, պարոնտատի մը ճնշման ներքեւ քաշուած Ենի—քէօյ, իսկ ի՜նքն , արձակ, համարձակ, ազատ։ Բայց ձմեռն այդ ամէնը կը պատմէր եւ վրէժը կը լուծէր։
       Սակայն «անցանէ եւ այս »։ Շուտ լրացաւ ամիսն, յուլիսն եկաւ եւ հարկ էր իջնել Բերա։ Յուլիսի մէջ իջնե՜լ Բերա, այդ անհնարին էր։— Անկարելի բան է, կ՚ըսէր Լեւոնին։ Ճիշդ ժամանակն էր Կղզիի հրճուանաց եւ վար իջնե՞ն։— Ծովու ժամանակն է. դեռ նոր կուգան ուրիշներ օդափոխութեան։ Եւ մէկ ամսուան մէջ Լեւոնն ալ չէ՞ր գիրցած, կերպարանափոխ չէ՞ր եղած։— Բայց Լեւոն կ՚առարկէր, թէ ծախք շատ կ՚ըլլայ, թէ՛ տունը նայի, թէ՛ Կղզիի ծախքերն հոգայ, որ իւր հաշուածէն շատ աւելի եղած էին, իրեն համար դժուար էր։ Ֆօռթիւնէ նեղացաւ, ծախքն ես կ՚ընեմ, ըսաւ։ Հարսանեաց նուէրներն ունէր, կնքահօրը տուած ադամանդը կար։— Կը ծախեմ եւ ծախսը կը հոգամ։ Ինծի համար չէ, որ մնալ կ՚ուզեմ, քեզի համար է։ Ի՞նչ պիտի ընեմ ադամանդը։
       Լեւոն կարո՞ղ էր ներել, որ կինն ադամանդը ծախէ ու ինքն զբօսնու. բայց խանդաղատեցաւ, տեսնելով կնոջը պատրաստականութիւնը այսպիսի զոհողութեան մը։ Մերժեց կնոջն առաջարկն եւ խոստացաւ ամիս մը, ի հարկին աւելի եւս մնալ։ Բայց յաջորդ օրը մտատանջութեան մէջ էր։ Իւր ամսականը չէր բաւեր այս կրկին ծախսերուն։ Եթէ ժամանակաւ խնայողութիւն ըրած էր, աւելցուցած գումարն արդէն սպառած էր, յորմէ հետէ ամուսնացած էր, եւ այժմ մանր մունր պարտքեր ունէր, փոխառութիւն մը ընելու հարկը կը ներկայանար։ Շնորհիւ այն վարկին, զոր կը վայելէր իբր գրագիր Պանք Օթօմանի մէջ, կարող եղաւ այդ փոխառութիւնը դիւրութեամբ ընել։ Բեռը թեթեւացաւ, կարեւոր ծախսերն հոգալու գումարը պատրաստ ունէր, սակայն մտատանջութիւնը միշտ մտատանջութիւն կը մնար։
       Տասն եւ հինգ օրեր անցան այսպէս, Ֆօռթիւնէ օր ըստ օրէ աւելի գոհ կը մնար, իսկ Լեւոն սկսաւ նեղուիլ։ Սաստիկ շոգ կ՚ընէր, անձրեւի պակասութեամբ փոշին այնքան կը բարձրանար, որ առանց կառքի պտոյտի երթալն անտանելի էր։ Թողունք որ նոյն իսկ երբ կառքով երթային, ալիւրի պարկ դարձած կը վերադառնային։ Շոգենաւէն կը նեղուէր. այդ ամսուն փոքր դանդաղընթաց շոգենաւ մը յատկացուած էր առաջին եւ վերջին երթեւեկութեանց համար։ Թէեւ փոխառութիւն մը ըրած էր, բայց եւ այնպէս զայն մօտաւոր ժամանակի մէջ վճարելու հարկն մտահոգութիւն կը պատճառէր իրեն։ Խիղճն ալ կը տանջէր զինքն, որ ծնողքն ու քոյրը Բերա թողած ինքն իշխանավայել կեանք կը վարէր։ Ի զուր կ՚ուզէր գիշերները մի քանի ժամ հանգիստ նիրհել. կնոջը սիրոյն պարտաւոր էր ընկերանալ նմա եւ ուշ ատեն անկողին մտնել։ Բայց նիրհել անհնարին էր. մժեղները, կղզիներու համբաւաւոր այդ հիւրամեծարք, թոյլ չէին տար, որ մի ժամ հանդարտ ննջէ։ Լեւոնի վիճակն անտանելի եղած էր. ցերեկները գործին մէջ կը մրափէր, բայց իրենց պետին աչքերը իւր վրայ էին։ Պաշտօնակցաց խորհրդով սկսաւ ափիոն գործածել, այն ատեն գիշերներն հանգստութիւն գտաւ, այլ ծախս մ՚ալ աւելցաւ։
       Բայց լրացաւ յուլիս ամիսը։ Լեւոն պնդեց անպատճառ տեղափոխուիլ Բերա, իսկ Ֆօռթիւնէ այս անգամ կատղած էր, տեսնելով, որ ամուսինն, այդ տկար երիտասարդը, համառ կերպով կը պնդէ տեղափոխութեան մասին։ Դժգոհ, վայրագ դէմք մը ունէր։ Օգոստոս ամսոյ մէջ Բերա վերադառնա՜լ, ծաղր ու ծանակ լինել։ Լեւոն խօսք չէր հասկնար. սակայն միւս կողմանէ կը մտածէր, թէ ի՜նչ դժնդակ կացութեան պիտի ենթարկուի, եթէ բռնի կերպիւ կինը քաշէ քանի։ Իրաւախոհութեան մը յանգելու պէտքն զգալի էր երկու կողմանց համար։ Որոշեցին միահաճ հաւանութեամբ, որ օգոստոսի առաջին շաբաթն ալ կղզին անցունեն։ Լուսնկայի տասն եւ հինգը կը լրանար այդ շաբաթը եւ կը խօսուէր, թէ Վոսփորէն գիշերային շոգենաւ մը պիտի գար. լաւ զբօսանք մը կ՚սպասուէր. ուրեմն թէ՛ լուսնկայն պիտի վայելէին եւ թէ՛ վոսփորեան հիւրերն։
       Այդ կիրակին, յորում գիշերային շոգենաւը պիտի գար, Լեւոն ստիպեալ էր Վոսփոր երթալ, իւր եւրոպացի պաշտօնակիցներէն միոյն հարսանեաց հանդիսին ներկայ լինելու։ Առաւօտեան շոգենաւով գնաց, երեկոյին գիշերային շոգենաւով վերադառնալու պայմանաւ։ Ֆօռթիւնէի շատ հոգը չէր ամուսնոյն բացակայութիւնը, թէ՛ հիւրանոցին մէջ եւ թէ՛ դուրսը բազմաթիւ ծանօթներ ունէր, որոց հետ կրնար զբօսնուլ։
       Երեկոյեան դէմ հեռուէն նշմարուեցաւ Վոսփորի շոգենաւը։ Ֆօռթիւնէ հիւրանոցի պատշգամն ելաւ եւ հայեակ մը ի ձեռին, կը դիտէր հիւրերն։ Շոգենաւը կը դատարկանար, բայց ամուսինը չերեւցաւ։ Մեկէն ի մէկ Ֆօռթիւնէի սիրտն սկսաւ արագ արագ բաբախել, երեսները կարմրեցան, ծունգերը կը կտրտէին։ Տռփատենչիկ անձի մը յանկարծահաս յուզման ամէն յայտնի նշաններն էին։ Ֆօռթիւնէ նշմաած էր Սինայեան Մկրտիչը, որ միայնակ կ՚ելնէր շոգենաւէն եւ կը յառաջանար դէպի հիւրանոցը. շատ լաւ դիտեց . շոգենաւը պարպուեցաւ, ամուսինը չէր երեւցած։
       Ֆօռթիւնէ փութաց դուռն իջնել եւ կնքահօրն ընդ առաջ երթալ։— Մօտ երեք ամիսներ էին զիրար չէին տեսած, որպիսի՜ խնդութեամբ տեսակցեցան։ Սինայեան հարցուց Լեւոնի ո՞ւր լինելն. այդ միջոցին Լեւոնի կողմանէ հեռագիր մը հասաւ հաղորդելով, թէ՝ անհնարին եղած էր իրեն հարսանեաց տունէն մեկնիլ, ուստի Ֆօռթիւնէ անհանգիստ թող չլինէր։
       Անհանգիստ լինե՞ր. եթէ հեռագիրը չը հասնէր իսկ, այն պահուն Ֆօռթիւնէ մոռցած էր անգամ, թէ ինքն ամուսին մը ունէր։ Ֆօռթիւնէ հրաւիրեց Մկրտիչն հիւրանոց . թէպէտ նա յայտարարեց, թէ մի քանի պարտաւորիչ այցելութիւններ ունի, բայց Ֆօռթիւնէ պնդեց, թէ այսօր իրենց հիւրն է. եթէ կ՚ուզէ ուրիշ անգամ այցելէ այլոց։— Մկրտիչ մի քիչ հանգիստ առաւ. այդ միջոցին Ֆօռթիւնէ զգեստները փոխեց։ Սան ու կնքահայր մեկնեցան հիւրանոցէն պտոյտ ընելու։ Վերադարձան, երբ ճաշի ժամանակ էր, բաւական խոնջ էին, լաւ կերան։ Սինայեան գոհ չմնաց սեղանի ըմպելիքով եւ ընտիր գինի բանալ տուաւ։ Ֆօռթիւնէ սովորականէն աւելի խմեց. երբ սեղանէն ելան, Ֆօռթիւնէի գլուխը ծանրացած էր, այտերը կարմրած, աչերը հրացայտ. քիչ մը հանստանալու պէտք կ՚զգար։ Սինայեան թոյլ չտուաւ, որ միայնակ երթայ իւր սենեակն, այլ իւր բազուկը տուաւ նմա. Ֆօռթիւնէ ուժով կռթնեցաւ Սինայեանի ջլապինդ բազկին։ Երբ մտան Ֆօռթիւնէի սենեակն , ճրագը վառեցին, աղօտափայլ լոյս մը։ Ֆօռթիւնէ թիկնաթոռի մը վրայ ինկաւ. Մկրտիչ ձեռքը նորա ճակտին տարաւ՝ տեսնելու, թէ տաքութիւն կա՞յ։ Կ՚այրէր ճակատը։ Ֆօռթիւնէ սեղմեց Մկրտիչի ձեռքը դողդողալով։
       Շոգենաւի մեկնելու շվոցը կը լսուէր, Սինայեան Ֆօռթիւնէի սենեակն էր տակաւին, աճապարեց մեկնելու եւ մեկնեցաւ, կրկին ուժով սեղմելով Ֆօռթիւնէի ձեռքը։ Ֆօռթիւնէ միայնակ մնաց, բայց աւելի հանգիստ էր եւ գոհ սրտով։ Պատուհանին վարագոյրը բացաւ, պատուհանն ալ բացաւ եւ քրտնաթոր կայնեցաւ պատուհանին առաջ։ Գիշերուան զով օդը ծծեց։— Ունէ՞ր խղճի խայթ մը։ —Ո՛չ։ —Կարծես վրեժ մը լուծած էր, այնքան գոհ էր։ Այն գիշերն հանգիստ նիրհեց, երբեք այդքան անվրդով եւ խաղաղ չէր նիրհած։