Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       —Իրա՞ւ կ՚ըսես։
       —Իրաւն ալ խօ՞սք է։ Ո՞ր աշխարհքին մէջ կ՚ապրիս, Սահա՛կ աղա. մեղք որ Ղալաթիա մեծցեր ես։
       —Ի՞նչ գիտնամ, ես իմ գործս կը նայիմ։
       Այս վերջին խօսքերուն հետ Սահակ աղայ երկու գաւաթ գարեջուր եւս ապսպրեց։
       Ծխախոտի գոլորշիներն ոլորապտոյտ բարձրանալով, մառախլապատ երեւոյթ մը կ՚ընծայէին Մուրատի գարեջրանոցին, որոյ անկիւններէն մին առանձնացեալ՝ Սահակ աղա եւ իւր բարեկամը՝ Աբրահամ աղան, ծխելով կը խօսակցէին։
       —Այդ Տիմիթրին , կ՚ըսէր Աբրահամ աղա , հինգ ոսկի ունէր չունէր, չորս տարի չկայ, նստած էինք ճիշդ այստեղ, ուր ենք, եկուր քօնսօլիտ խաղա՛յ, ըսի. ընկ մընկ ըրաւ, բայց խօսքի եկաւ։ Շիտակն ըսեմ՝ կորսնցուց. դիմացի՛ր, ըսի, դիմացա՛ւ. կորուստն հանեց, վաստկեցաւ։ Ի՞նչ երկնցնեմ, աղաս, այս օրուան օրս հազար հատիկ ոսկի ունի, հազար հատիկ կլորիկ, դեղին։ Է՜յ աշխարհք։
       Ի խորոց սրտի այդ հառաչանքովն Աբրահամ աղա ձեռքը սեղանին զարկաւ, գաւաթները վերստին լեցուեցան։
       —Դուն, աղաս, այդպէս կեցիր։ Մա՛րդ Աստուծոյ, պզտիկ գործով մը բաղդդ փորձէ. աշխարհք չփլչիր։
       —Աղէկ կ՚ըսես. բայց վիճակս չե՞ս գիտեր, մերիններն եթէ իմանան, զիս կը ճամբէն, ուրիշ բան չեն ըներ։
       —Ո՞ւր պիտի իմանան, ինչ եւ է. քու գիտնալու բանդ է. այդպէս մնացիր . վախկոտ մարդուն գործն առաջ չերթար։
       —Ա՛լ երթանք. ատենը ուշ է։
       Փետրուարի վերջի իրիկուններէն մին էր. ձմրան պարզ, ցուրտ, պայծառ, ախորժելի իրիկուն մը։ Երկու բարեկամները յամրաքայլ կը բարձրանային ի Բերա, խորասուզեալ, մտածութեանց մէջ։
       Սահակ աղայ մտայոյզ էր՝ խորհելով իւր վիճակին վրայ։ Քսան եւ հինգ տարիներ էին, յորմէ հետէ կը ծառայէր իւր արդի տէրերուն, եւ ի՞նչ եղած էր։ Տուն մը միայն ունէր, յորում կը բնակէր, խնայողութիւններ ընելով կրցած էր Ռոպէրթ դպրոցը դնել իւր Լեւոն զաւակը, բայց դեռ շատ տարիներ պէտք էին, որ նա ուսումնաւարտ լինէր։ Աղջիկը կը մեծնար եւ սակայն չէր կարելի գեղածիծաղ ապագայ յուսալ նորա համար. ի՞նչպէս ամուսնացնել զնա։ Ինքն ալ կը ծերանա՜ր։
       Բայց շատ աւելի աղջամղջին էին Աբրահամ աղայի խոհերն։ Անծանօթ ապագայի անծանօթ տառապանքներով չէր տառապեր նորա ոգին։ Նա կը մտածէր, թէ շատ է աւուրն չար իւր։ Բայց այդ «օրուան հոգը » ահռելի է դատարկ գրպանի մը համար։ Յիսուն տարին հասած էր Աբրահամ աղանիս, առանց գիտնալու, թէ ի՛նչպէս ապրած էր։ Օրն օրին բան մը ընելով, երեկոյները ճերմակ պարկն ի ձեռին տուն կը մտնէր. բայց բաւական ժամանակէ հետէ շատ օրեր ազատ կը մնար այդ պարկը գրպանէն հանելու եւ ծալքերը բանալու հարկէն։ Այս վերջին օրերը կեդրոնացուցած էր իւր բոլոր յոյսերը Սահակ աղայի վրայ։ Կը մղէր զնա բաղդը շինելու արժէթղթոց վրայ խաղալով։ Ինքը պիտի կատարէր միջնորդի դեր։ Եւ ահա այդ փորձն ալ կը մնար ապարդիւն։ Անբնական չէր ուրեմն, որ քիթն ու բերանը ծռմռկելով , ցած ձայնով, գիշեր բարի մրմռաց, երբ մտան Բերայի Թառլա—Պաշիի փողոցներէն միոյն մէջ։ Սահակ աղա հրաւիրեց զնա ընթրիքը միասին ընելու. առանց շատ դժուարութեան Աբրահամ աղա ընդունեց հրաւէրը, զի Աստուած միայն գիտէր, թէ իւր տունը ի՞նչ կը գտնուէր սեղանին վրայ։
       Յետ ընթրեաց երկու բարեկամները նարտ խաղացին. երբ խաղը վերջացաւ, Աբրահամ աղա դիտելով, որ Սահակ աղա խոժոռ չէ, ուզեց վերջին փորձ մ՚ընել։
       —Է՛յ, ի՞նչ մտածեցիր տեսնենք , ըսաւ։
       —Ի՞նչ բանին համար։
       —Քօնսօլիտի համար։
       —Ի՞նչ մտածեմ. հասկցայ, ձեռքէդ չպիտի ազատիմ. մարդ մարդու քահանայ, մարդ մարդու սատանայ կ՚ըսեն. բան մը ընենք երթայ։
       —Փա՜ռք քեզ Աստուած։ Վաղն սկսինք. ի՜նչ ալ աղէկ օր, հինգշաբթի է։ Առտուն Լուսաւորիչ կ՚երթանք, մոմ մը կը վառենք, Փրկիչին ալ բան մը խոստանալով՝ ամէն ինչ յաջող կ՚երթայ։
       —Ի՞նչ կ՚ըսես, տղա՞յ ես, ի՞նչ ես։
       —Լռէ՛, թերահաւատ մի ըլլար։ Ամէն յաջողութիւն հաւատքէն կուգայ։ Տիմիթրօն ալ խաղալու սկսած առջի օրը հետս Լուսաւորիչ եկաւ, մոմը վառեց, ուխտը ըրաւ։ Յոյն էր, բայց մեր Փրկիչին զօրութիւնը տեսաւ։
       —Թող այդ ալ այդպէ՛ս ըլլայ , ըսաւ Սահակ աղա խնդալով։
       Առաւօտուն երկու բարեկամներն իջան Ղալաթիա։ Ուխտաւորք խուռներամ կը դիմէին ի Ս. Լուսաւորիչ։ Հաւատացելոց քայլերուն առաջնորդն յեկեղեցի, հաւանօրէն Աստուծոյ արքայութեան արժանանալու տենչը չէր միայն։ Այս մասին կարելի էր ճիշտ եւ որոշ կարծիք մը ունենալ՝ մտնելով այն նեղ, կեղտոտ փողոցն, որ կը տանի ի Լուսաւորիչ։ Անդ ամէն հինգշաբթի ցուցհանդէս մը կայ Պոլսոյ մուրացիկներու։ Այդ մուրացիկներն թէ՛ աւանդութեամբ եւ թէ՛ իրենց երկար փորձառութեամբը լաւ գիտեն, որ սրտերն անշարժ են վերացական մաղթանքներու առաջ. ողորմածներու քսակները կը բացուին միայն դրական շահուց ակնկալութեամբ։ Աղքատները կը մաղթեն գործերաց յաջողութիւն, ցաւերէ, ցեցերէ փրկութիւն, սրտի մուրատ։ Հազիւ թէ աղքատ մը՝ տեսնելով ծերունի մը, կ՚ըսէ անուշիկ մեռելներուդ հոգուն։ Իսկ հոգւոյ փրկությո՞ւն։ Աստուծոյ արքայութի՞ւն, մուրացիկներն, բարեպաշտութեան այդ հոգեբաններն, բաւական խելացի են իրենց շունչը չսպառել աւելորդ մաղթանքներով։
       Երկու բարեկամները մտան այդ բարեպաշտներու խումբին մէջ։ Ի դիմաց Սահակ աղայի՝ Աբրահամ աղայ մեծ մոմ մը վառելով Փրկչին առաջ, կէս մէճիտ ալ պնակը ձգեց եւ անշուշտ Աստուծոյ հետ ընկերակցութիւնը լաւ պայմանագրեալ համարուեցաւ, երբ տիրացու լուսարար Եփրեմն ի խորոց սրտի «Աստուած շէն ու պայծառ պահէ » նուիրական բանաձեւն արտասանեց։
       Դեռ շատ կանուխ էր, երբ Քօմիսիօն խան, ուր է արժէթղթոց սակարանը՝ Պորսան։ Սակարանի բացման պաշտօնական զանգակը դեռ նոր կը հնչէր։ Սենեակները բացուելու վրայ էին։ Սաստիկ ցուրտ կար։ Հայ, Յոյն, Հրեայ ճաքօնները թափառական կը շրջէին խանին մէջ։ Ամէնքն ունէին իրենց թեւերուն ներքեւ տետրակներ եւ աջակողմեան ականջներուն վրայ մատիտներ։ Շարժման առաջին նշանները կ՚երեւէին։ Սահակ աղա սարսուռ զգաց, կ՚ուզէր ետ դառնալ, բայց արդէն երկաթէ սանդուղներուն վրայ էր եւ մտան վալութաճի Թրիանտաֆիլիտիին սենեակն, ուր պէտք եղած գրաւը տալով՝ 500 հատ ծախեցին, Աբրահամ աղայի անուան։
       Երկու շաբաթ վերջ առաջին լիքիտասիօնին փոքրիկ շահ մը կը մնար. Աբրահամ աղան ալ իւր միջնորդագինը կ՚առնէր։
       Անցան քանի մը ամիսներ եւ գործը շատ յաջող էր. Սահակ աղա սկսած էր բաւական քանակութեամբ գնել, երբ աշնան վերջի օրերն, ցերեկ ատեն, յոյն տղայ մը հապճեպով եկաւ Սահակ աղայի գրասենեակն եւ առանց երկար յառաջաբանի ըսաւ.
       —Սինեօռ Թրիանտաֆիլիտին կ՚ըսէ թէ քօնսօլիտը կ՚իյնայ։
       Սահակ աղայի գոյնը նետեց։ Առաջին անգամ ըլլալով հասկցաւ, թէ ո՛րպիսի վտանգներէ պաշարեալ է։ Ի՞նչ պիտի ըներ, եթէ այդ տղան մի քառորդ առաջ գար, մինչ հոն էին իւր տէրերն։ Առանց րոպէ մը կորսնցնելու, դուրս ելաւ, գնաց գտաւ Աբրահամ աղան։ Նա պատասխանեց, թէ բան մը չկայ եւ գնաց Թրիանտաֆիլիտիին, բայց շուտ վերադարձաւ քիթը բերանը ծռմռկած. Բան չկայ, բանիք է կ՚անցնի. քիչ մը բան տուր թո՛ղ մնայ։ Հարիւր ոսկիի պէտք կայ։
       Սահակ աղա կարծես թէ կաթուածահար էր։ Իւր քովն աւանդ գտնուած ստակէն, որ իւր տէրանցն էր, մաս մը խոռած էր, տալով զայն իբր գրաւ՝ աւելի մեծաքանակ գնումներ ընելու։ Շուարած էր այժմ Սահակ աղա. բայց իւր բարեկամը, միշտ անյողդողդ, տոկալու հրաւէր կը կարդար։ Հակառակ իւր խղճին, Սահակ աղայ հարկադրուեցաւ 100 ոսկի եւս բերել։ Վալութաճին յոյսեր տուաւ եւ քաջալերութիւններ։
       Առաւօտուն Աբրահամ աղան կանուխ եկաւ, միասին իջան Ղալաթիա. երբ Թիւնելէն ելնելով հասան Քարաքէօյի ծայրը, նշմարեցին Քօմիսիօն խանի առաջ արտասովոր շարժում։ Սահակ աղայի ոտքերը կը կտրտէին. չէր համարձակեր ո եւ է հարցում ուղղել։
       Բազմութիւնը գրաւած էր Քօմիսիօն խանի մեծ դուռը, փողոցին երկու կողմերը. մինչեւ կամուրջին մօտ՝ կրպակներուն առաջ կազմուած էին զանազան խումբեր. մառախլապատ էին ամէն դէմքեր։
       Երկու բարեկամներն ուղղակի Թրիանտաֆիլիտիին գնացին։ Նստած գրասեղանին առաջ, վալութաճին գլուխը կախ հաշիւները կը նայէր։ Հազիւ թեթեւ բարեւ մը տուին. տեղեկացան իրաց վիճակին։ Հաշիւը գլուխ գլխու էր։ Քաբառօ պէտք էր։ Սահակ աղայի բերանը չէր բացուեր։
       Խորհուրդ ըրին. արդիւնքն այն եղաւ, որ այդ կոտրած գներով պէտք էր քիչ մը ապրանք եւս առնուլ։ Բանիքը կ՚անցնէր շուտով, գիները կը բարձրանային, ամէն ինչ կարգի կը մտնէր։
       Սահակ աղա, ինչպէս ամէն խաղացող, իւր անձին տէրը չէր. գնաց բերաւ ինչ որ կը գտնուէր սնտուկին մէջ։ Իւր աղաները շաբաթը մի անգամ կ՚իջնէին կղզիէն , ուրեմն ապահով էր, թէ շաբաթուան մէջ ամէն ինչ կարգի կը մտնէ։
       Բայց սակարանի այն օրերն էին, յորում ամէն իմաստութիւն կը շուարի. գնոց անկումը կը շարունակէր. մեծ դրամատունները կը վաճառէին յերաշխաւորութիւն տրուած գրաւներն։ Այդ առաւօտէն երկու օր վերջ նոր գրաւի հարկ կար. Սահակ աղա այլ եւս ոչինչ կրնար տալ. վալութաճին չէր սպասեր. հաշիւները փակուեցան. Սահակ աղա նախկին իւր բոլոր շահերը կորսնցնելէ վերջ կը կորսնցնէր նաեւ 400 ոսկի, որք իւր տէրանցն էին։
       Շուարած էր խեղճ մարդն եւ յուսահատ, բայց հարկ էր սթափիլ եւ տնօրինել միջոցներ, որպէս զի իւր աղաները չիմանային եղելութիւնը։ Որոշեց անմիջապէս կա՛մ գրաւ դնել, կա՛մ ծախել տունը, որ մօտ 500 ոսկի կ՚արժէր։
       Երկու օրերէ ի վեր մեծ փութաջանութեամբ հետամուտ էր այդ գործին, երբ երրորդ առաւօտուն գրասենեակ գալով, անդ գտաւ իւր աղաներուն կրտսեր եղբայրը. Սահակ աղայի գոյնը նետեց. հասկցաւ, թէ բան մը կայ։
       Արդարեւ աղային բարեկամներէն մին առջի օրն ըսած էր նմա. «Կերեւի թէ հրամանքնիդ ալ քօնսօլիտ կը խաղաք, ձերինը (ակնարկելով Սահակին ) Պօրսայէն դուրս չելներ »։ Երբ աղան զայս իմացաւ, յաջորդ առաւօտն առաջին շոգենաւով կղզիէն Ղալաթիա ելաւ։
       Տեսնելով իրենց գործակատարը, քիչ մը հարցուփորձ ըրաւ եւ ըսաւ, թէ երկու հարիւր ոսկի տայ։— Սահակ աղայ չպատասխանեց, անշարժ կեցաւ։
       —Ի՞նչ կա. ինչո՞ւ չես բերեր։
       Ի՞նչ բերէր։ Աչքերը լեցուած էին. պատասխանեց, թէ փորձանքի հանդիպեցաւ, բայց թո՛ղ անհանգիստ չըլլան. շաբաթուան մը մէջ ամբողջապէս կը վճարէ։
       Աղան ոչինչ պատասխանեց. անմիջապէս մեծ եղբօրն հեռագրեց, որ վերջին շոգենաւով իջնէ։ Կէս օրին մօտ մեծ եղբայրն եկաւ, խորհուրդ ըրին եւ Սահակը ներս կանչելով, ըսին թէ Էմէքտարնին ըլլալով, բան մը չէին ըսեր ըրածին համար, բայց կը պահանջէին չորս հարիւր ոսկւոյ պարտամուրհակ մը, վճարելի իրենց հրամանին, երբ ուզեն։ Սահակ աղա գրեց եւ ստորագրեց պարտամուրհակը։
       Պարտամուրհակը ձեռքերնին ունենալով՝ աղաները վստահ եղան, որ գործակատարն այլ եւս չէր կրնար պարտքն ուրանալ։
       Դեռ չէին ճանչեր այդ դժբաղդ, բայց ազնիւ անձը. սպառնացին յանձնել զինքն ոստիկանութեան՝ իբր «գող », եթէ յապահովութիւն պարտքին՝ տունը չդարձնէ իրենց վրայ։ Սահակ դառն ժպիտ մը ունեցաւ։
       —Ինչպէս կ՚ուզէք, այնպէս ըլլայ, ըսաւ։
       Նոյն օրն անմիջապէս վաճառման պայմաններն ի գործ դրուեցան եւ տունն այլ եւս աղաներուն սեփհականութիւնն էր. եթէ շուտով վճարէր պարտքը խոստում տրուեցաւ իրեն՝ վերադարձնել տունը։
       Այս գործողութենէ վերջ.
       —Խըսմէթդ այսչափ էր ըսին, եւ ճամփեցին։
       Երկու ամիս պայմանաժամ որոշուեցաւ տունէն ելնելու՝ եթէ վարձքը վճարելու անկարող լինի։