Ապուշը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Երկուշաբթի երեկոյ Լեւոն վերադարձաւ Կղզի, սովորական ժամանակեն կանուխ, վասն զի անհանգիստ էր առջի օրը կինը մինակ ձգելուն համար։ Գոհ եղաւ տեղեկանալով, որ իւր բացակայութեանը կինն առանձին չէր մնացած։ Յաջորդ առաւօտ վերջնական կերպով թողուցին հիւրանոցն եւ վերադարձան Բերա։ Լեւոն ազատելով այդ տաղտկալի կեանքէն, կը խորհէր գործերն այնպէս կարգադրել, որ կարողանար ընել հարկ եղած խնայողութիւններն, վճարել պարտքերն, ամէն ինչ կանոնաւորել եւ հանգստանալ։ Արտաքին երեւոյթները ցոյց կուտային, թէ Լեւոնի ընտանեկան կեանքն անվրդով եւ խաղաղ պիտի անցնէր այդ ձմեռ։ Ֆօռթիւնէ կը վերադառնար Կղզիէն հանդարտօրէն. տան մէջ դէմքը զուարթ էր. շատ հաւանական կը թուէր, որ այդ ձմեռը նա մայր լինի. այդ պարագային մէջ ի հարկէ կեսրոջն եւ հարսին միջեւ յարաբերութիւնք աւելի բարւոք կը լինէին։
       Սակայն կարծես թէ այդ խեղճ երիտասարդին ճակատը գրուած էր բնաւ հանգստութիւն չվայելել։ Հազիւ վերադարձան Բերա, կը հարկադրուէր փոխել տունը, վասն զի ծախուած էր այդ տունը եւ նոր տան տէրը չէր ուզած վարձու տալ։ Կը յատկացնէր իւր բնակութեանը։ Լեւոն կը վարձէր նոր տուն մը. հարկ էր կանխիկ վճարել առաջին եռամսեայն։ Պատրաստ դրամ չունէր, ամսականն ամբողջապէս տուաւ, որով խանգարեցան իւր տնտեսական ծրագրերն։ Յետոյ մայրն հիւանդացաւ. բաւական ատեն անկողնոյ ծառայեց. շարունակ բժիշկ կուգար, դեղերը սուղ էին։ Տան կառավարութիւնը տակն ու վրայ եղած էր։ Սահակ աղա կը խմէր, Լեւոնի համար ոչ միայն ծախուց դուռ մ՚էր հայրն, այլ նորա արբեցութիւնը զինքն անհանգիստ կ՚ընէր։ Անհնարին եղաւ Լեւոնի՝ կանոնաւորութիւն ներմուծել իւր հասութից ու ծախուց միջեւ։ Մեկ կողմէ կը վճարէր այն փոխառութիւնը, զոր ամառն ըրած էր, միւս կողմէ նորանոր պարտքեր կ՚ընէր հացավաճառին, մսավաճառին, ամէն ուրեք։ Այս անկարգութեանց, այս հիւանդութեանց մէջ Ֆօռթիւնէ մեծ ձանձրոյթ կ՚զգար, եւ որ աւելի դժուարին էր Լեւոնի համար, կինը ոչ մէկ խօսք կը հասկնար։ Ֆօռթիւնէ կ՚ուզէր, որ ձմրան ամէն հագուստները կատարեալ կերպով ունենայ, ոչ մէկ նորաձեւութիւն անծանօթ մնայ իրեն։ Գրեթէ ամէն օր այր եւ կին կը կռուէին։ Երբեմն յաղթանակը կը մնար Ֆօռթիւնէի, եւ մի նոր պարտք կը բարդուէր Լեւոնի հին պարտուց վրայ։
       Ֆօռթիւնէ իրաւունք ունէր խստապահանջ լինելու արդուզարդի, հագուստներու եւ նորաձեւութեանց մասին։ Նոր հորիզոն մը պարզուած էր իւր աչքերուն առաջ այն գիշերէն ի վեր, յորում հիւրընկալեց Սինայեան Մկրտիչը։ Ինքն իւր անձին վրայ այժմ բարձր գաղափար ունէր։ Որքան ալ նախանձոտ էր, բայց եւ այնպէս կը ճանաչէր տիկին Հերիգա Սինայեանի արժանիքն, եւ սակայն Մկրտիչ Սինայեան կարող չէր եղած դիմադրել իւր հրապուրանաց։ Ամուսնական հաւատարմութիւն, բարեկամական կապեր, եկեղեցական օրհնութեամբ ազգականութիւնք, ամէն ինչ առ ոտն կոխած էր Մկրտիչ, որպէս զի զինքը վայելէ։ Ֆօռթիւնէ կը կարծէր, թէ իրական աշխարհակալութիւն մը ըրած էր։ Եւ է՞ր չյուսալ նորանոր աշխարհակալութիւններ. անգամ մը, որ ճանապարհ ելած էր, ո՞չ ապաքէն կրնար դիմել յաղթանակէ ի յաղթանակ եւ համարուիլ «օրուան կինը»։— Ա՜հ, տիկին Հերիգա, դու կը խլե՞ս ինձմէ այն անձը, զոր կը սիրէի, եւ ահա ես կուգամ յափշտակել ամուսինդ։ Կը խրոխտայիր, թէ գեղեցիկ ես. բայց ամուսինդ զքեզ անհամ կը գտնէ , բաղդատելով ինձ հետ։— Եւ ո՞ գիտէ. նորանոր յաղթանակներն որպիսի՜ փոփոխութիւններ պիտի բերէին իւր վիճակին։ Եւ այդ ամէն երազներն իրականութիւն տեսնելու համար, միթէ հարկ չէ՞ր զոհողութիւններ ընել։ Իսկ տխմար, Լեւոնը խնայողութեանց վրայ կը խօսէր. իբր թէ առանց արդուզարդի հնարաւոր լինէր Ֆօռթիւնէի գրաւել իւր արժանաւոր տեղն ընկերութեան մէջ, եւ կորզել ամուսիններն։
       Եւ Լեւոն օր ըստ օրէ շուարած կը մնար։ Այնքան դժնդակ տառապանքներ, այնքան հոգեր, մտատանջութիւններ կը մաշեցնէին զինքն. յիմարած էր։ Գիշերները քունն աչքերէն փախած էր եւ շարունակ ափիոնի կուտար ոյժն, որով միայն կը հանգստանար փոքր ինչ։ Իսկ Ֆօռթիւնէ կը կատաղէր։ Ձմեռը կ՚անցնէր, ոչ մին իւր յոյսերէն իրականութիւն կը լինէր։ Լեւոն այնքան յոգնած ու խոնջ էր, որ շատ քիչ անգամ գիշերներն այցելութեանց երթալու հաճութիւն կուտար։ Եւ առանց ամուսնոյ ո՞ւր երթալ։ Այն տարին Բերայի տարին էր։ Զբօսանք, երեկոյթք, պարահանդէսք զիրար կը մղէին, եւ Լեւոն ափիոնը կ՚առնուր ու կը պառկէր, եւ Ֆօռթիւնէ կը մնար բանտարկուած։ Ամբողջ այդ եղանակին Ֆօռթիւնէ մի անգամ եւ եթ միջոց գտած էր առանձին մնալ Սինայեանի հետ եւ այդ ալ անուղղակի կերպիւ. Աբրահամ աղայի շնորհիւն։ Այո՛, Աբրահամ աղա այժմ Ֆօռթիւնէի սիրելի անձն էր, որոյ պէտքերն ալ ըստ բաւականին կը հոգար։ Ֆօռթիւնէ տակաւին չէր բացուած Աբրահամ աղայի , միայն կը յուսար, թէ օր մը նորա աջակցութիւնն իրեն օգտակար պիտի լինի։ Ձմրան վերջերն այնպիսի վիճակի մէջ էր Ֆօռթիւնէ, որ այցելութիւններ տալն անպատեհ կը թուէր եւ գարնան առաջին օրերը զաւակն ունեցաւ, աղջիկ մը։ Հարկ եղաւ կաթնտու կին մը վարձել, բայց մանկիկին ժպիտը կը մխիթարէր Լեւոնը եւ կ՚ուրախացնէր ընտանիքն։ Կարծես թէ նորածնին ժպիտներուն հետ Նախախնամութեան գութը վերադարձաւ այդ տան մէջ։
       Ապրիլի վերջերն, օր մը Լեւոն հրաւէր ստացաւ Մկրտիչ Սինայեանէ ներկայանալ նոցա գրասենեակն։ Սինայեան սիրալիր ընդունելութիւն ընելով յայտնեց նմա, թէ կը լսէ, որ բաւական ծանր վիճակի մը մէջ կը գտնուի դրամական տեսակէտով, եւ թէ պարտուց ներքեւ ընկճեալ է։— Ինչո՞ւ ինծի չես դիմեր այսպիսի պարագայներու մէջ , ըսաւ։
       —Արդէն ձեզ բաւական ձանձրոյթ պատճառած ենք, այժմ ի՞նչպէս կրնայի համարձակիլ նորանոր ձանձրոյթներ եւս տալ։
       —Այդ ի՞նչ խօսք է, Լեւոն , ըսաւ Սինայեան , դուն մերն ես։
       Եւ Սինայեան Մկրտիչի առաջարկութեամբ Լեւոն հաշիւ մը պատրաստեց, թէ ի՛նչ գումարի կը կարօտէր իւր բոլոր պարտքերը վճարելու, ինքզինքը կանոնաւորելու, ինչպէս նաեւ օդափոխութեան մը երթալու համար։— Վասն զի , կ՚ըսէր Սինայեան , թէ՛ քու առողջութիւնդ , արդարեւ Լեւոն շատ նիհարցած էր , թէ՛ կնոջդ առողջութիւնը, թէ՛ մօրդ վիճակը կը պահանջեն, որ օդափոխութիւն մը ընէք։— Լեւոն պէտք եղած գումարն յայտնեց, Մկրտիչ էֆէնտի սնտուկը բացաւ, վճարեց գումարն եւ Լեւոն պարտամուրհակ մը ստորագրեց առաջիկայ հոկտեմբերէն սկսեալ ամսէ ամիս վճարելու պայմանաւ։
       Լեւոն մոռցաւ ամէն վիշտ եւ արդարեւ այլ եւս ի՜նչ վիշտ ունէր։ Նոյն շաբթուն մէջ վճարեց պարտքերն, հոգաց ամենայն պէտքերն։ Ֆօռթիւնէ գոհ եւ ուրախ էր, եւ օդափոխութեան վրայ խօսեցան։— Ֆօռթիւնէ Մաքրիգիւղ կ՚ուզէր. Լեւոն հարմար կը գտնէր այս տեղն թէ՛ ծովու եւ թէ՛ ցամաքի ճանապարհ ունենալուն պատճառով. կիրակի օր մը գնացին տուն մը գտան եւ փոխադրուեցան։
       Կարելի է գուշակել թէ ինչո՞ւ Սինայեան այդքան օգտակար ուզեց ըլլալ Լեւոնին։ Նախ իրապէս կը համակրէր այդ երիտասարդին։ Յետոյ քանի որ յարաբերութիւններ հաստատած էր նորա կնոջը հետ, կ՚ուզէր փոխարինութիւն մը ընել ուղղակի կերպով։ Բաց աստի կը փափագէր Ֆօռթիւնէի հետ յաճախ առանձին մնալ. տեղափոխութիւն մը կը նպաստէր այդ փափագը գոհացնելու։ Ֆօռթիւնէի անուղղակի առաջարկներու վրայ այդ փոխատուութիւնն ըրած էր. Ֆօռթիւնէ եւ Մկրտիչ համաձայնած էին կանխաւ Մաքրի—Գիւղի համար։
       Կ՚ըսեն, թէ թշուառութիւն մը սովոր չէ միայնակ մտնել տան մը մէջ, այլ միշտ կ՚ընկերանան նմա խումբ մը ուրիշ աղէտներ։ Սակայն նոյնը ըսուած է նաեւ լաւութեանց համար եւս, թէպէտ քիչ կը պատահի։ Այդ բախտին արժանացաւ Լեւոն։ Ահա՜ ամիս մ՚է, որ Մաքրի—Գիւղ է, ընտանիքը առողջ, հանգիստ է, սիրուն մանկիկը կը մեծնայ։ Ֆօռթիւնէ այլ եւս «ջղացաւ » չունի. իւր գործերը կոկած է, բայց այդ ամէնը չը բաւեր եւ նոր բաղդ մը կը բացուի իրեն։
       Պանք Օթօմանի մէջ կարեւոր պաշտօն մը բաց կը մնար։ Տնօրեններէն մին Լեւոնը առաջարկած էր այդ պաշտօնին համար, վասն զի նա ոչ միայն թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի հմուտ էր, այլ նաեւ գիտէր անգղիերէն։ Մէկ դժուարութիւն միայն կը ներկայանար։ Օտարազգի երիտասարդ մը մրցակից էր Լեւոնի. այդ երիտասարդ աւելի շատ ժամանակէ ի վեր կը ծառայէր Պանք Օթօմանի մէջ, քան Լեւոն, հետեւաբար կը կռթնէր իւր հնութեան վրայ, բայց հնութիւնը հմտութիւն չէ, եւ յաղթանակը Լեւոնին մնաց. իսկ օտարականը կը լինէր Լեւոնի կատաղի թշնամին։
       Կարելի էր ըսել, թէ Լեւոնի ճակատագիրը փոխուած էր։ Ուրախութիւնը վերադարձած էր տան մէջ, Ֆօռթիւնէ մանաւանդ գոհունակութեան ամէն նշանները ցոյց կուտար։ Իւր յարաբերութիւններն աւելի մտերմական էին տալոջը վերաբերմամբ, որուն հետ կը պտըտէր ամէն օր։ Շաբաթը մի քանի անգամներ մինակ դուրս կ՚ելնէր, կէս օրի մօտ, եւ մի քանի ժամ վերջ կը վերադառնար։ Ի հարկէ տունէն կը կարծէին, թէ այցելութիւններ կուտար, սակայն եթէ մէկը հետամուտ լինէր Ֆօռթիւնէի, կը տեսնէր, թէ կ՚ընթանայ յամրաքայլ դէպի կայարանը։ Միջօրէի շոգեկառքը կուգայ, առաջին վակօնի մը մէջէն դէմք մը կը ժպտի եւ նշան մը կ՚ընէ, իբր թէ բարեւ կուտայ. այդ դէմքը անծանօթ չէ, Մկրտիչ Սինայեանն է։ Ֆօռթիւնէ կը մտնէ այդ վակօնին մէջ։ Կը հասնին Սան— Ստէֆանօ, կ՚իջնեն վակօնէն եւ դաշտերու մէջէն ընթանալով, կը հասնին պարտէզ մը, որոյ մէջ փոքրիկ հիւրանոց մը կայ։ Պանդոկապետը կը յանձնէ նոցա 6 թիւ սենեակի բանալին։ Սենեակին դուռը կը բացուի։ Մէկ ժամ վերջ Ֆօռթիւնէ եւ Մկրտիչ կ՚ընթանան կայարանը, ճիշդ ժամանակին, երբ պիտի մեկնի շոգեկառքը, առանձին առանձին վակօններ կը նստին։ Ֆօռթիւնէ կ՚իջնէ Մաքրի—Գիւղ եւ անդ կայարանին մօտերը կ՚սպասէ, կը պտըտի։ Ահա՛ կուգայ Պոլսոյ երեկոյեան կառատորմը։ Լեւոն կ՚իջնէ վակօնէն, կը գտնէ կինն հոն. ուրախ զուարթ եւ միասին կ՚ընթանան տուն, եւ հրճուալիր ժամեր կ՚անցունեն։
       Շաբաթը երկու անգամ Ֆօռթիւնէ ուխտի կը գնայ Սան—Ստէֆանօյի հիւրանոցն, բայց երկու սիրահարներն այնքան արբշիռ են, մինչ իրենց ականջները խուլ են այն խշրտոցին, որ դալարիներուն մէջէն կը լսուի։ Չեն տեսներ գլխարկաւոր երիտասարդ մը, որ զիրենք կը դիտէ, եւ միշտ կը դեգերի հիւրանոցի շուրջն, երբ իրենք անդ կը մտնեն կամ անտի դուրս կ՚ելնեն։ Եւ եթէ դիտէին իսկ, կրնայի՞ն կասկածիլ։ Բայց եթէ անդ գտնուէր Պանք Օթօմանի մէջ աշխատողներէն մին, պիտի ճանաչէր, թէ նոյն ինքն այն երիտասարդն էր, որ Լեւոնի մրցակիցն հանդիսանալով, պարտուած կը մնար։ Այդ օտարազգի մրցակիցն, հաւանօրէն իւր դժբաղդութեանն ի մխիթարութիւն, մի ամսուան արձակուրդ առած էր եւ կ՚զբօսնուր Սան—Ստէֆանօ։ Մի օր կը նշմարէ Ֆօռթիւնէն, բայց ուշադիր չը լինիր, ուրիշ օր դարձեալ կը դիտէ եւ հետաքրքրութիւնը կը շարժի։ Արդեն Բերա մի քանի անգամներ տեսած էր Ֆօռթիւնէն, երբ նա կը ճեմէր Լեւոնի հետ, հետեւաբար գիտէր, թէ որոյ կինն է։ Այլ եւս իրեն բան գործ ըրաւ դիտել, լրտեսել հոմանիները, մանաւանդ թէ այդ գրեթէ ամայի գիւղն ոչինչ զբօսանք կար։ Լաւ տեղեկացաւ, թէ ո՞ր օրերը, ո՞ր ժամուն կը լինէին նոքա ժամադիր։
       Երկու շաբաթներ կ՚անցնին. մի օր Լեւոն ցորեկէն առաջ գրասեղանին վրայ կը տեսնէ ֆրանսերէն թերթ մը, ուր հատուած մը կարմիր կապարով նշանակուած է. թերթը կ՚առնէ եւ կը կարդայ, վերնագիրն էր
       ՀՈՎՈՒԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
       եւ կը շարունակուէր.
       «Վերջի շաբաթներս Բերա բաւական խօսուեցաւ մեծ դրամատան մը մէջ Հայ երիտասարդի մը շուտափոյթ առաջացման մասին։ Ուրիշ երիտասարդ մը իւր բազմամեայ ծառայութեամբ, իւր փորձառութեամբ եւ իւր հմտութեամբ այդ պաշտօնին պիտի կոչուէր, բայց յաղթանակը կը մնար դեռատի գրագրին, որուն իշխանական Լ. անունը անշուշտ չէր բաւեր այս անյուսալի յաջողութեան համար։ Բայց մի անգամ եւս կ՚ապացուցուի, թէ ոչինչ է ծածուկ որ ոչ յայտնեսցի։ Օրինակի համար եթէ վաղը զբօսանաց համար հետաքրքիր մէկը դէպի Սան— Ստէֆանօյ ուղեւորութիւն մը ընելով մտնէ պուրակի մը մէջ, դեգերի Օթէլ Պ—ի դրան առաջ, գաղտնիքը կը պարզուի։ Պիտի տեսնէ կին մը, որ այնքան բաղդաւոր է (ֆօռթիւնէ՝ ֆրանսերէն ) մինչ կարող կը լինի Հայոց մեծ դրամատէրներէ միոյն շնորհացն արժանի ընել իւր ամուսինը։ Է՛հ, երբ այդպիսի պաշտպանութիւն մը վայելել կարելի է, ամէն ինչ յուսալի է։ Միայն թէ զարմանալու չէ, որ երբ Պ. Լ. որսի կ՚ելնէ ուրիշներու պաշտօնին, ուրիշներն ալ որսի կ՚ելնեն իւր կնոջն»։
       Լեւոն կարդաց. լաւ չհասկցաւ, կրկին կարդաց. գոյնը նետեց եւ ընեկերակիցներէն միոյն նայելով կ՚ըսէր. «Ի՞նչ է այս »։ Ընկերակիցն երկու ցուցամատներն գլխուն վրայ դնելով կ՚երերցնէր զայնս ու կ՚ըսէր. «Այսպէս ըրէ, հայլիին մէջ նայէ եւ պատասխանեց կը գտնես»։
       Լեւոն արհամարհական ակնարկ մը ունեցաւ. հասկցաւ, թէ ո՞վ էր այդ պժգալի դաւաճանութեան հեղինակն. առաւօտուն նշմարած էր այդ օտարազգին Պանքային մէջ։ Ելաւ տեղէն , սկսաւ զնա փնտռել. չգտաւ։ Գլխարկը դրաւ եւ մեկնեցաւ առանց հրաման իսկ առնելու։ Նստաւ նաւակ մը, անցաւ Սիրքէճի—Իսկէլէսի, ուր կը յուսար գտնել իւր թշնամին, վասն զի հաւանօրէն ցերեկի կառատորմով կը մեկնէր նա Ս. Սթէֆանօ, բայց չգտաւ։ Շոգեկառքը մեկնելու վրայ էր. Լեւոն տոմսակ մը առաւ Մաքրի—Գիւղի համար, եւ հասնելով անդ, շնչասպառ տուն գնաց։ Տնեցիք ապշեցան տեսնելով զնա այլայլած։
       —Ո՞ւր է Ֆօռթիւնէն , հարցուց։
       —Դուրս ելած է։
       —Ո՞ւր գնաց։
       —Բան մը չըսաւ։
       —Մինա՞կ։
       —Մինակ։
       Լեւոն դռնէն դուրս ցատկեց եւ աճապարանօք կայարան գնաց. հարկ էր քիչ մը սպասել միւս կառատորմին։ Քիչ վերջն եկաւ։ Լեւոն մտաւ մէջն եւ իջաւ Ս. Սթէֆանօ։ Հարցուց այն հիւրանոցն, որուն անունը ակնարկուած էր եւ առանց շատ դժուարութեան գտաւ։ Մօտենալով հիւրանոցին, հանդարտ կերպարանք մը առաւ, անտարբեր կերպով մը հարցուց պանդոկապետին, թէ այր եւ կին մը, որ միշտ կուգան արդեօք դեռ հո՞ն են։ Կարեւոր հեռագիր մը ունէր յանձնելու։ Միամիտ պանդոկապետը պատասխանեց, թէ կրնայ վեր ելնել եւ թիւ 6 սենեակին դուռը զարնել։
       Լեւոն վեր ելաւ յուշիկաքայլ եւ հասաւ սենեակին դուռը, ոտքերը կը դողդղային, ձեռքը սրտին տարաւ, բաբախումները կարծես արգիլելու համար։ Գլուխը ծռեց, ականջը դրաւ դրան։ Ֆօռթիւնէի ձայնն էր, այո՛, անոր խնդալը։ Եւ ի՜նչ խօսքեր, զորս չլսելու համար կ՚ուզէր ականջները խցել. բայց պարտական էր լսել։ Իսկ մի՞ւսը, ա՜հ, նա միայն կը խնդար, նորա ձայնը չէր լսեր։ Լեւոն այդպէս քառորդ մը կեցաւ։ Րէվօլվէր մը չունէր քովը, կը ցաւէր, բայց ձեռքի գաւազանը կը բաւէր։ Ներսէն դուռը սկսան բանալ, Լեւոն դրան առջեւ կայնեցաւ։ Դուռը Ֆօռթիւնէ բացաւ, եւ երես առ երես եկաւ ամուսնոյն հետ։
       —Ա՜հ , սուր ճիչ մը արձակեց կինը եւ ետ մղուեցաւ սենեակէ։ Լեւոն ներս մտաւ եւ դուռը փակեց, բայց կարծես թէ այդ րոպէին իւր գլուխը ջախջախուած էր երկաթէ թակով մը, այլայլած ինկաւ աթոռի մը վրայ։ Այո՛, նոյն ինքն Մկրտիչ Սինայեանն էր։ Ֆօռթիւնէ եւ Մկրտիչ աճապարանօք բացին դուռը եւ դուրս ցատկեցին։ Վազեցին կայարանը , անկիւն մը պահուըտեցան, դիտելով, թէ Լեւոն կուգա՞յ։ Լեւոն չէր երեւեր իսկ։ Պոլիս երթալու կառատորմը եկաւ տասն վայրկեան վերջ, նստան եւ մեկնեցան։
       Լեւոն այնպէս թմրած մնաց. չէր հասկնար, թէ ի՞նչ էր տեսածն, այնքան հեռու էր մտքէն ենթադրել, թէ իւր կինը Մկրտիչ Սինայեանի տարփուհին կրնար լինիլ։— Բայց չէր կրնար անդ մնալ, ելաւ դուրս։ Կարող չէր տեղ մը նստիլ, պէտք էր քալել՝ ինքզինքը ժողուելու համար եւ մտածելու։ Ոտօք սկսաւ յառաջանալ դէպի Մաքրի—Գիւղ։ Օդը զով էր, թեթեւ հով մ՚ալ կար. Լեւոն քիչ մը բացուեցաւ, կը մտածէր ինչ ընել։ Ի՞նչ ընէր։ Պարզ էր, ինչ որ պարտաւոր էր ընել. գտնել Սինայեան Մկրտիչն եւ մէկ հարուածով սպաննե՜լ զնա։— Դիւրին էր մտածել, բայց Լեւոնի սիրտը անընդունակ էր չարութեան։ Սպաննե՜լ Մկրտիչը, լաւ, բայց նորա ծերունի հա՞յրն։ Երախտապարտութիւնը մեռելական ծանրութեամբ կ՚իյնար Լեւոնի սրտին վրայ։ Կարապետ էֆ. Սինայեան իւր ընտանեաց բարերարը կը հանդիսանար առանց ո՛ եւ է շահու ակնկալութեան, կը փրկէր իւր ընտանիքը թշուառութենէ, եւ զինքը կը վերադարձնէր դպրոց. ո՞չ ապաքէն այդքան բարիք զիրենք կարծես թէ նոցա ճորտերն ըրած են։ Կ՚զգար այդ վայրկեանին Լեւոն, թէ ազնիւ սրտի մը համար մեծ դժբաղդութիւն մ՚է երախտապարտ մնալու հարկին մէջ գտնուիլ։ Ա՜հ, եթէ Կարապետ էֆէնտի շահու ակնկալութեամբ շարժած լինէր։ Եւ այդ չէր բաւեր։ Ահա գումար մ՚ալ պարտական էր Մկրտիչ Սինայեանի։ Կ՚ըմբռնէր այժմ, թէ Մկրտիչ որպիսի՜ ստորին մտածութիւններէ առաջնորդեալ այդ գումարը փոխ տուած էր իրեն, բայց եւ այնպէս պարտական էր վճարելու , ապա թէ ո՛չ այդ գումարն պիտի համարուէր իւր պատուոյ գինը։ Այո՛, վճարելու էր անմիջապէս, բայց ի՞նչպէս։ Ո՛ր կողմ դառնար Լեւոն, չէր կրնար միտքն ամփոփել, որոշում մը տալ. կը քալէր արագաքայլ, ինքնիրեն խօսելով եւ շարժումներ ընելով։ Անցորդները երբեմն կանգ կ՚առնուին եւ կը դիտէին զինքը։ Միտքը կը թռչտէր Սինայեանէն դէպի Ֆօռթիւնէն, Ֆօռթիւնէէն դէպի Սինայեան. Այո՛, նախ քան Մկրտիչն սպաննել, իւր դաշոյնը պէտք էր մխել կնոջը սիրտն։ Այդ մասին մտածել իսկ պէտք չէր։ Եւ սակայն այդ րոպէին աչքին առջեւը կուգար մանկիկն, շարժելով իւր թաթիկները։ Խե՜ղճ մանկիկ, ո՞րբ թողուլ զնա։ Եւ այդ չէ՛ր բաւեր, սպաննել անոր ապագայն։ Տակաւին օրորոցին մէջ եւ ճակտին դրօշմել մօրը վատահամբաւութեան դրօ՞շմը։ Ի՞նչպէս այդ մանկիկն օր մը ճակատը վեր պիտի բարձրացնէ, ի՞նչպէս պիտի կրնայ ամուսնացնել զնա։
       Շուարում, շուարում, շուարում։— Քիչ մը նստեցաւ քարի մը վրայ, հոգնութիւն առաւ։ Սիրտը ելած էր, թաշկինակն հանեց, աչքերը սրբեց եւ վերստին ճանապարհ ընկաւ։ Փոքր ինչ հանդարտած էր, սկսաւ խորհիլ։ Նախ կարեւոր էր կարգադրել Ֆօռթիւնէի գործն։ Ի հարկէ այլ եւս անհնարին էր ո եւ է յարաբերութիւն իւր եւ կնոջը միջեւ։ Սակայն իրենց աղջկան ապագայն կը պարտաւորէր զիրենք ոչինչ յայտնի ընել հրապարակաւ։ Եւ ոչ իսկ տնեցիք պէտք է իմանային այդ գաղտնիքն։ Առանձնութեան մէջ Լեւոն այլ եւս չպիտի նայէր Ֆօռթիւնէի երեսն, իսկ յաչս օտարաց՝ միշտ ուրախ պիտի երեւէին։ Թող մեծնար աղջիկն, ամուսնանար, եւ յետոյ կը մտածէին։ Իսկ Ֆօռթիւնէ պիտի դատապարտուէր ճգնաւորական կեանք վարել։ Այլ եւս թող մոռնար նա Բերա բնակիլ, ընկերութեանց մէջ մտնել։
       Խորասուզեալ այս մտածութեանց մէջ, Լեւոն կը մոռնար թէ ի՛նչ պիտի ընէր Մկրտիչ Սինայեանի, բայց հասած էր արդէն տուն։ Ներս մտնելով հարցուց անտարբեր եղանակով մը.
       —Եկա՞ւ Ֆօռթիւնէն։— Դեռ չէր եկած։ Լեւոն վեր ելաւ, անգամ մը զաւակն համբուրեց եւ դարձեալ գնաց կայարանին շուրջը։ Իրիկուն եղաւ, մութը կոխեց, Լեւոն եկաւ, քոյրը կ՚սպասէր.
       —Միասին չէ՞ Ֆօռթիւնէն , հարցուց։ Լեւոն պատասխան չտուաւ, ուղղակի սենեակը գնաց եւ ինկաւ անկողնոյն վրայ։ Կինը չէր երեւեր, այո՛, կը լքանէր ընտանեկան յարկը։ Անմե՜ղ Նուարդիկ, ի՞նչ ապագայ կը պատրաստուէր նմա։
       Մայրն ու քոյրն եկան իւր քով, գրեթէ կիսամեռ ինկած էր։ Այդ երկու տարաբաղդներն ալ լուռ էին։ Արդարեւ ոչինչ գիտէին, բայց զգացին, թէ մեծ դժբաղդութիւն մը կը ջախջախէր Լեւոնը, թէ այդ դժբաղդութիւնը Ֆօռթիւնէն կը պատճառէր։ Նորա չերեւնալն ամէն ինչ կը պարզէր։ Մայրն ու քոյրը կը շփէին Լեւոնի ճակատն ու բազկերակներն։ Մի քանի ժամեր այսպէս անցան։ Ալ ո՛չ սեղան գնացին, ո՛չ մի բան ըրին, յուսահատ տխուր նստած էին։ Սահակ աղա դուրս ելած էր, շատ մը խմած եւ եկած էր, քիչ մը բան կերած եւ պառկած։ Լեւոն բաւական ժամանակ այնպէս թմրած մնալէն վերջ ափիոնը ուզեց, քիչ մը առաւ եւ մտաւ անկողին։ Մայրն ու քոյրը կը հսկէին իւր քով։
       Ի՞նչ կ՚ըներ այդ միջոցին Ֆօռթիւնէ։ Ինքն եւս նուազ դժբաղդ չէր։ Փախչելով Սան—Սթէֆանօյի հիւրանոցէն. մտած էին վակօնը, առաջին կառքն, եւ ինքն ու Սինայեան միասին նստած էին. լուռ կեցան մինչեւ Մաքրի—Գիւղ։ Երբ հասան Մաքրի—Գիւղի կայարանը, Մկրտիչ փութաց բանալ վակօնի դուռը, բայց Ֆօռթիւնէ անշարժ նստած էր։
       —Չե՞ս ելներ , հարցուց Մկրտիչ։
       —Ելնեմ ի՞նչ ընեմ, այլ եւս կարելի՞ է անոր քով երթամ։
       Մեկնեցաւ շոգեկառքը։— Ի՜նչ փորձանքի հանդիպեցանք , կ՚ըսէր ինքնիրեն Մկրտիչ։— Ի՞նչ ընէր հիմա այդ կինը։ Նաեւ, Սինայեան այդ վայրկեանին խղճահարութիւն ունէր, ամօթահար էր Լեւոնի քով։ Ի՜նչ կ՚ուզէր այդ խեղճ տղայէն, որ դժբաղդ ըրաւ զնա։— Այդ վայրկեանին կ՚ամչնար այն բարութիւններէն, զոր հայրն ու ինք ըրած էին Լեւոնի եւ նորա ընտանեաց։ Իսկ եթէ Լեւոն յանկարծ ուզէր վրէժխնդիր ըլլալ, որպիսի՜ խայտառակութիւն։ Բայց այդ ետքը մտածելու խնդիր էր, առ այժմ պէտք էր բեռը թեթեւցնել, բան մը ընել Ֆօռթիւնէին։ Միասի՞ն պտըտեցնել՝ անկարելի. տո՞ւն տանիլ՝ անկարելի. խօ՞սք հասկցնել՝ անկարելի։ Ի՞նչ ընէր, ի՞նչ ընէր։— Այս միջոցին շոգեկառքը հասած էր Գում—Գաբու. այն րոպէին, ուր պիտի մեկնէր, Մկրտիչ բացաւ վակօնի դուռն եւ դուրս ցատկեց։
       —Ջուր մը խմեմ գամ , ըսաւ։ Եւ դուռը փակեց դրսէն։
       Շոգեկառքը մեկնեցաւ Ֆօռթիւնէ ահաբեկ էր։ Տասը վայրկեան վերջ կ՚իջնէր Ֆօռթիւնէ Սիրքէճիի կայարանը։ Իբր թէ իւր հոգերը չէին բաւեր, տոմսակի խնդիր ծագեցաւ. տուգանքը տալով ազատեցաւ։ Կայարանին մէջ նայեցաւ չորս կողմն, ի զուր կ՚որոնէր, չէր կարող նշմարել Սինայեան դէմքը ։ Կամաց կամաց հեռացաւ. գնաց մինչեւ կամուրջ, կը նայէր չորս կողմը. ոչի՛նչ։ Եթէ համարձակէր պրպտել աչքերով անցնող կառքերը, պիտի տեսնէր միոյն մէջ կծկուած Մկրտիչ Սինայեան. կուգայ կամուրջ, շոգենաւին մօտ կ՚իջնէ կառքէն, կը մտնէ շոգենաւն եւ մինչ Ֆօռթիւնէ զնա կ՚որոնէ, նա արդէն Վոսփորի հովերը կը վայելէ։ Ֆօռթիւնէ թէպէտ սրտատանջ կասկածներով կը տառապէր, բայց տակաւին չէր համարձակեր համոզուիլ, թէ Սինայեան լքած էր զինքն։ Կամուրջին վրայ բաւական ժամանակ կայնեցաւ դէպի Ոսկեղջիւրի կողմն, ուր հօծ բազմութիւն չկար։ Կ՚սպասէր ու կ՚սպասէր, կը դիտէր ու կը դիտէր, ո՛չ ոք կ՚երեւէր։ Վոսփորի շոգենաւները կը մեկնէին մի առ մի ուրախ զուարթ բազմութեամբ լեցուն։ Անտարակոյս այդ շոգենաւներուն մէջն էր նաեւ Մկրտիչն։ Իսկ ի՛նքն. անհուն տխրութիւն մը գրաւած էր իւր սիրտը։ Ի՞նչ ըրած էր, որ Աստուած զինքն այսքան դժբաղդ կ՚ընէր։ Վայրկեան մը ուզեց ծովն իյնալ եւ ազատիլ, բայց այն հեշտաբոյր երեկոյներէն մին էր, ուր ամենէն թշուառ մարդն իսկ ապրիլ կը սիրէ։ Արեգակն Ոսկեղջիւրէն մտնելով, իւր վերջին ճառագայթները կը ցոլանային Իւսկիւտարի վրայ, ուր տուներու պատուհաններն ոսկեգոյն ներկուած աննման փայլով կը փայլէին։ Ոսկեղջիւրի կողմէն արեւմուտքն խանդաղատիչ էր. երկինքն մութ կանանչ ու կարմիր կը ներկուէր։ Գորովալիր, հրապուրիչ բնութիւնը կեանք կը սփռէր։ Երբ այլ եւս շոգենաւ չմնաց, Ֆօռթիւնէ կորոյս յետին նշոյլն իսկ յուսոյ, եւ գլուխը կախ կը յառաջանար։— Ու՞ր կ՚երթար։ Գիտէ՞ր արդեօք ինքն։— Վայրկեան մը մտածեց երթալ ուղղակի Սինայեաններու տունը։ Բայց ի՞նչ ընելու, եւ ի՞նչ ըսելու։ Խոնարհաբար իւր անպատուութիւնը տիկին Հերիգայի աչաց առաջ պարզելո՞ւ համար։ Բայց խելքը ո՞ւր էր։ Հերիգա մի՞թէ Բերա էր, նա այժմ Եէնի—Գիւղ ծովեզերեայ ապարանաց պատշգամն ամուսնոյն հետ նստած՝ կ՚զբօսնուր։— Ետ դառնալ ամուսնոյն տո՞ւնը։— Ինչո՞ւ համար. շան պէս վռնտուելո՞ւ, կամ թէ սպաննուելո՞ւ։ Եւ եթէ ներողութեան իսկ արժանանար, ինչ որ յուսալի չէր, ի՜նչպէս խոնարհ, ի՜նչպէս ստրուկ պիտի լինէր կեսրոջը քով։— Կրնա՞ր ծնողացը տունն երթալ. ի՞նչ ըսելով։ Ի՜նչպէս կօշկակարին խիստ դէմքը նայիլ։— Ո՞ւր նստիլ, ո՞ւր պառկիլ, ի՞նչ ուտել։— Իւր ամուսնանալէն ի վեր ծնողքը դարձած էին իրենց հին խրճիթը, կը սոսկար Ֆօռթիւնէ միտքը բերելով աղջիկութեան նսեմ օրերն։— Եւ ի՞նչպէս ապրիլ։ Ո՞ր ընտանեաց մէջ մուտք կարող էր գտնել վատահամբաւեալ կին մը. բայց ահա յանկարծ իւր շատ մօտէն ձայն մը կը լսէր , ծանօթ ձայն մը։ Չորս կողմը կը նայի։ Այո՛, նոյն ինքն է, կայնած նպարավաճառի մը կրպակին առջեւ բարձրաձայն կը վիճի սակարկութիւն ընելով, ճերմակ պարկը բացած։ Ազատ շունչ մը քաշեց Ֆօռթիւնէ. ի՞նչպէս չէր մտածած։ Շուտ կ՚երթայ անոր քով։
       —Բարի իրիկուն, Աբրահամ աղա։
       —Օ՜, դուն ես, Աստծու բարին, խեր ըլլայ, այս ատեն այս տեղուանքը։
       —Կը պատմեմ, այս գիշեր քեզ հիւր պիտի ըլլամ։
       —Բարով, հազար բարով։
       Աբրահամ աղա շուտ վերջացուց կռիւը եւ գնացին. անհամբեր էր իմանալու։ Ֆօռթիւնէ ճիշդ չըսաւ։ Ըսաւ, թէ կեսրոջն հետ կռիւ ըրած էր. ամուսինն ալ մօրը կողմնակցութիւն ըրած լինելով, ինքն ալ ձգած փախած էր։ Ի հարկէ Աբրահամ աղա Ֆօռթիւնէի իրաւունք կուտար։ Այն գիշերը Ֆօռթիւնէ անցուց Աբրահամ աղայի տունը. այնքան անհանգիստ եղաւ, որ յաջորդ օրը այլեւս չէր կրնար անդ կենալ։ Իւր քովն ունէր ժամացոյցն եւ մատանի մը, զորս ծախել տուաւ Աբրահամ աղայի ձեռօք. մեծ գումար մը չը բռնեց, բայց իրեն կը բաւէր մէկ ամսոյ չափ։ Շնորհիւ Աբրահամ աղայի, կրցաւ գտնել այնպիսի տուն մը, ուր բաւական բարեկամուհիներ կային, որք կ՚ապրէին առանց բոլորովին վատահամբաւեալ լինելու։ Այն օրն, ուր մտաւ այդ տունը, կորստեան անդունդը չէր ինկած, բայց կը դեգերէր անդունդին եզերքը։— Չհետեւինք այլ եւս իրեն, թողունք զինքն այդ տունը, հետամուտ նոր Սինայեաններ ձգելու իւր ճանկերուն մէջ եւ վերադառնանք Մաքրի—Գիւղի Լեւոնի անկողնոյն մօտ։
       Առաւօտուն, երբ արթնցաւ Լեւոն, այն վիճակին մէջն էր, որ անկողնէն չէր կարող ելնել։ Քիչ մը նստեցաւ, բայց շուտ ինկաւ, գլուխը կը դառնար։ Մայրն ու քոյրն եկան, Նուարդն ալ բերին։ Լեւոն նայեցաւ մանկիկին վրայ, բայց ո՛չ գգուեց, ո՛չ սիրեց։ Ահռելի տարակոյս մը ծնունդ առած էր իւր մտաց մէջ։ Իւր զաւա՞կն էր արդեօք։ Այդ տարակոյսը բոլորովին ջլատեց Լեւոնը. յուսահատ եւ տրտմած անկողին մտաւ վերստին։ Հարկ եղաւ բժիշկ բերել. բժիշկը ոչինչ կրցաւ ըսել ստոյգ, կարծեց թէ ջերմ լինելու է։
       Սահակ աղա գնաց Պանք Օթօման՝ իմաց տալու, թէ Լեւոն հիւանդ է, մի քանի օր չպիտի կրնար երթալ։ Շաբաթ մը այդպէս անցաւ, Լեւոն քիչ կը խօսէր, միշտ տխուր էր, միայն անդադար ափիոն կը գործածէր։ Հարկ եղաւ ուրիշ բժիշկ բերել Բերայէ. խորհուրդ ըրին, երկար բարակ քննեցին, եւ երբ իմացան, թէ մեծ ցնցում մը ունեցած էր, կարծիք յայտնեցին, թէ ուղեղի հիւանդութիւն մը կը տեսնուի։ Ամբողջ ամիս մը Լեւոն տունը կեցաւ. քիչ անգամ դուրս կ՚ելնէր, որչափ հնար է քիչ կը խօսէր։ Երբ ամիսը լրացաւ, ուզեց գործի երթալ։ Գնաց գործին եւ շարունակեց, բայց կը տեսնէին, թէ շատ սխալներ կ՚ընէ, խելքը վրան չէ։ Հարկ եղաւ ըսել իրեն, որ քիչ մը ատեն եւս հանգիստը նայի, մինչեւ լաւ մը առողջանայ։ Քանի մը ամսուան համար արձակուրդ տուին։
       Արձակուրդի ատենը լրացաւ, բայց Լեւոն կարող չեղաւ վերադառնալ։ Միտքը շփոթ էր, կարծես մշուշով պատած։ Պանքային կողմանէ մեծ բժիշկ մը եկաւ, քննեց, զննեց եւ տեղեկագիր տուաւ, թէ այդ երիտասարդին վրայ մտաւոր խանգարման մը նշանները կը տեսնուէին։ Հոգեկան տառապանքներ, յանկարծական ցնցումներ խանգարած էին նորա միտքն։ Այլ եւս պէտք չէ յուսալ, թէ նա կրնար գործին օգտակար լինել։ Այդ տեղեկագրին վրայ Լեւոնի նախկին մրցակիցն նորա պաշտօնին կոչուեցաւ, իսկ Լեւոնի փոքր գումար մը ամսական յատկացուեցաւ, մինչեւ որ առողջանար եւ գործի սկսէր։ Ժամանակը կ՚անցներ եւ օր ըստ օրէ Լեւոն կ՚իյնար։ Ոչ մէկ բանի ուշադիր էր. ժամերով կը նստէր պատուհանը եւ անթարթափ աչքերով կը նայէր հեռուն, անհուն ծովը։ Երբ դուրս ելնէր, մայրը կամ քոյրը միշտ հետն էին։ Գլուխը կախ էր. աչքերը փոս եղած, դէմքը դեղնած։ Կը քալէր դողդոջուն քայլերով։
       Երբ Լեւոն այսպէս կը պտըտէր փողոցները, տղաքները կը վախնային. դպրոցին աշակերտները կը տեսնէին զնա շատ անգամ , երբ երեկոյները կ՚ազատուէին դպրոցն։ Ապու՜շն է, ապու՜շը կ՚ըսէին եւ կը փախչէին։
       Այլ եւս բոլորովին հաստատուեցան Մաքրի—Գիւղ։
       Ծախեցին ինչ որ ունէին Բերայի տան մէջ, քիչ մը բան պահեցին իրենց։ Քանի մը ամիսներ վերջ Պանքայէ այլեւս ամսական կտրուեցաւ Լեւոնի։ Մերթ ընդ մերթ Սինայեան Մկրտիչ բան մը կը խրկէր։ Լեւոն հետզհետէ անճանաչ կը լինէր։ Տան մէջ եւս երկիւղ կ՚ազդէր, կ՚երկնչէին, որ աղջկանը օր մը վնաս չհասցնէ, վասն զի միշտ կը նայէր նմա սարսափ ազդելու նայուածքներով։ Արդէն Սահակ աղա բանի մը օգտակար չէր։ Լեւոնի մայրը հիւանդոտ տկար կին մը եղած էր, ո՛վ կրնար այդքան տառապանաց տոկալ։ Լեւոնի քոյրը տան աղախինն էր։ Ո՞ր մէկուն հասնէր։ Տունը կը նայէր. կերակուրը կ՚եփէր, մանկիկը կը խնամէր, հիւանդները կը նայէր։ Դրացիները միջամտեցին, խորհուրդ տուին, որ Լեւոնը հիւանդանոց դնեն։ Լեւոնի քոյրն աղաչանաց նամակ մը գրեց Սինայեան Մկրտիչի՝ խնդրելով նորա պաշտպանութիւնը։ Սինայեան նուէր մը խրկեց, եւ միջնորդեց Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ Լեւոնն Հիւանդանոց ընդունելու։
       Ստէպ ստէպ Լեւոնի ընտանիքը կ՚երթային զնա տեսնելու։ Նստած էր Ապուշարանը, ճերմակ զգեստներ հագած, գլուխը միշտ կախ։ Ակռայները թափած էին, մազերը ճերմկցած։
       Իսկ Ֆռոթիւնէ ի՜նչ կ՚ընէր։ Լաւ է նորա ետեւէն չերթալ , չփնտրել։