Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Ամէն անոնք, որ երիտասարդական կեանքի քիչ թէ շատ փորձառութիւն ունին, կրնան դիւրաւ ենթադրել, թէ այդ պարահանդէսի գիշերէն վերջ Սաթինիկ հոգւով սրտով Արամին էր։ Արամ ապահով էր իւր յաղթանակին. այլ առ ի՞նչ օգուտ։ Լոկ խօսակցութիւն . բայց իրեն նման երիտասարդի մը համար բաւական չէր այդ, եւ յետոյ երիտասարդ Վէրթէր մը իրեն մտատիպարը չէր ընտրած։ Իբր ճարտար ռազմագէտ, կ՚ուզէր օգուտ քաղել իւր յաղթանակէն։ Օր մը պարզապէս առաջարկեց Սաթինիկի միասին երթալ։ Ո՞ւր։ Արամ գեղեցիկ հովուերգութիւն մը երգեց։ Կ՚առաջարկէր երթալ առանձնանալ սիրուն գիւղ մը, հեռի ամէն աչքերէն. դալարապատ փոքր շալէ մը վարձել։ Անդ կը մոռնային աշխարհ ու իւր աղմուկներն։ Կեանքն իրենց համար էր. ո՞չ ապաքէն Արամի հօրենական ժառանգութիւնը կը բաւէր, որ երկուքն հանգիստ ու երջանիկ ապրին։ Հակառակ այդ շլացուցիչ դաշտանկարին, Սաթինիկ անդրդուելի կը մնար իւր որոշմանց մէջ։
       Սակայն գարունը հասաւ, եկաւ ապրիլ ամիսը։ Ջերմիկ օդը, ծաղկանց բուրումը, փափուկ գոյնով դալարիք, թռչնոց դայլայլիկ, ամէն ինչ կեանք կը բուրէին ։ Մարդ իւր ամէն զգայարանքներով կեանք կը շնչէ։ Կարծես, կ՚ուզէ պահ մը մոռնալ դառն իրականութիւնը. ապրիլ կ՚ուզէ եւ սիրել։
       Այդ օրերը Սաթինիկ կ՚զգար, թէ աւելի ազատօրէն կը շնչէր։ Գրեթէ ամէն գիշեր եղբօրը հետ կ՚երթար Բըթի Շանի պարտէզն. հոն ծառերու անուշահոտութեանց զմայլմամբ կը խորհէր. կը մտածէր իւր վիճակին վրայ եւ կ՚ըսէր, թէ ինչո՞ւ պէտք է, որ ինքը զոհ մը ըլլայ։ Ինչո՞ւ ընկերական օրէնքները զինքը շղթայապիրկ կ՚ընեն, ի՞նչ էր իւր մեղքը. միթէ աստուած իրեն կեանք է տուած, որ ուրիշներու հաճոյից, շահուց եւ հաշուոց զո՞հ լինի։— Քանի կը խորհէր, այնքան զայրոյթ կ՚զգար։ Վերջապէս, ի՜նչ փոյթ ինձ ընկերութիւնը։ Ի՞նչ կ՚ընեն ինձ համար։ Ի՞նչ ունեմ կորսնցնելիք։
       Եւ մտքին առջեւ կը բերէր Արամ։— Որչա՜փ վսեմ է նա , կ՚ըսէր , միակ անձն է, որոյ համար կ՚արժէ զոհուիլ, վասնզի նա ալ կը զոհէ ամէն ինչ՝ ընտանիք, ապագայ, անձնական հանգստութիւն։— Ամէն ինչ նորա ոտից ներքեւ կը դնէ։ Ինչպէ՜ս չսիրել զնա սրտին խորէն։
       Սաթինիկ կեանքի մեծ ճգնաժամի մէջ էր։