Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԴ
       Այս տարի Ս. Սարգսի կիրակին կարծես կ՚ընծայեր գարնան մի զուարթ աւուր լուսանկարը։ Արեւը պայծառ էր ու ջինջ եւ ոչ իսկ մեղմիկ հովի շունչ կը լսուէր։ Կէս օրէն վերջ Օրթագիւղ էինք, Վասիլեանի հարսանեաց հանդիսին։ Հարկ էր գիշերն եւս անդ անցընել։ Երեկոյեան դէմ ինքնին կ՚ըսէի. «Այս գիշեր կը կարգուի Արամ. Սաթինիկի համար սգոյ ժամեր են։ Պէտք չէ խեղճ կինը բոլորովին մինակ թողուլ. պատշաճ է երթալ զնա մխիթարել »։ Երթալու որոշումը տուի. երեք ժամ բացակայ մնալու արտոնութիւն ստանալով բարեկամէս, գնացի Բանկալթի։
       Յորմեհետէ տեղեակ էի Արամի խորհրդոցը, չէի ուզած այցելել տիկին Սաթինիկի, մտածելով, թէ գուցէ վրայ հասնիմ այնպիսի պահու մը, յորում ընտանեկան տեսարանք անախորժ ընծայեն օտարի մը ներկայութիւնն։ Ուրեմն առաջին անգամ էր այդ ցաւալի դէպքերէն վերջ, որ պիտի տեսնէի Տիկին Սաթինիկը։ Երբ հասայ տունը, կամաց մը բախեցի դրան, ինչպէս կը բախեն երբ տան մէջ կայ սիրելի հիւանդ մը, որոյ վիճակը ծանր է։ Դուռը բացուեցաւ կիսատ, ետին էր յոյն տանտէրը։ Բարի կինը զիս տեսնելով ուրախացաւ, ինչպէս կ՚ուրախանանք, երբ թախծութեան մէջ սիրելի անձ մը այցելութեան գայ մեզ։ Բարեւեցի անժպիտ դէմքով եւ հարցուցի, թէ կարելի՞ էր արդեօք երթալ Տիկնոջ մօտ։ Յոյն կինն սկսաւ ողբեր կարդալ յունարէն եւ ողբալով հանդերձ գնաց իմացնել գալուստս։ Քիչ վերջ եկաւ եւ առաջնորդեց ինձ ընդունելութեան սենեակն, ուր արդէն կրակը կը վառէր։ Քանի մը վայրկեան յետոյ Տիկինն եկաւ. գունատ էր, աչքերը կարմիր էին։ Հաւանօրէն շատ լացած էր եւ իմ գալուստս իմանալով, գնացած էր աչքերը լուալ։ Ձեռքն ինձ մատոյց, կարեկցութեամբ սեղմեցի։ Կրակարանին մօտ երկու թիկնաթոռներու վրայ նստանք. ուրիշ աթոռի մը վրայ յոյն կինը նստաւ։ Թէ՛ Տիկինը, ե՛ւ թէ ես լուռ էինք. ի՛նչպէս խօսք բանայինք, թէպէտ յայտնի էր, թէ ի՛նչ պիտի լինէր մեր խօսակցութեան առարկան։ Վերջապէս Տիկին Սաթինիկ լռութիւնը խզեց.
       —Այս գիշեր հարսնեւոր էք, այնպէս չէ՞։
       —Մտերիմ բարեկամներէս միոյն՝ Վասիլեանի, հարսանեաց հանդէսը կիսատ ձգեցի Ձեզ այցելութեան գալու փափաքով, եւ գիշերը պիտի վերադառնամ։
       —Շնորհակալ եմ, ուրիշ տե՜ղ։
       —Կը կարծէ՞ք, Տիկին։ Ո՛չ միայն ես, այլեւ մեր միւս բարեկամներն, որոնք զՁեզ ճանչնալով մեծապէս կը յարգեն Ձեզ, ո՛չ մին այսօր կ՚երթայ նորա մօտ։ Մենք զինքը այսուհետեւ կը ճանչնանք իբր մի վատ։
       Այժմ ճանապարհին հանդիպեցայ Շահնազարին. կրակ էր կտրած. —Ամէն յարաբերութիւն խզած եմ այդ վատին հետ , ըսաւ։
       —Չէ՛, մի՛ մեղադրէք զինքն ալ , ըսաւ , մեղաւորը ան չէ, ե՛ս եմ։ Կ՚զգայի, թէ օր մը չէ օր մը այս բանը պիտի ըլլայ։ Չէր կրնար ապրիլ ինձ հետ՝ շարունակ զրկուած մնալով ընկերութենէ, զուարճութենէ, բարեկամներէ, ծնողքէն, չէր կրնար խորտակել իր ասպարէզը։ Պէտք էր, որ ես այդ բաները առջի օրէն մտածէի, երբ ցոյց տուաւ զիս սիրելու նշանները. բայց խելքս կորսնցուցած էի, այնքան քաղցր կը հնչէր իր ձայնը։ Սիրտը խօսք չհասկնար, ի՛նչ ընեմ, գահավէժ մը զիս իրեն կը քաշէր։ Չեմ կրնար բացատրել, թէ ո՜րքան հրապուրիչ էր ինձ համար զոհել անձս իրեն։ Կ՚աղաչեմ, ներեցէք , աւելցուց , շատ խօսեցայ, բայց այն օրէն ի վեր առաջին անգամն է, որ բարեկամ մը կը տեսնեմ։
       Տիկին Սաթինիկ շատ յուզեալ էր եւ ձայնը մարեցաւ, անմիջապէս ելայ քիչ մը ջուր տուի. ձեռքս ձեռքին դիպաւ , իրենը կարծես կ՚այրեր, յոյն կինն անկիւն մը նստած հառաչանքներ կը հանէր, երբ Տիկինը կը խօսէր եւ մերթ ընդ մերթ կը կրկնէր «Ի քայմէնի իյինէքա, թի թին իռթէ սթօ քէֆալի»։ (Խե՜ղճ այրած կին, ի՜նչ եկաւ գլխուն)։
       —Այս բարի կինն է , ըսաւ , որ կը գթայ վրաս եւ զիս կը պահէ. չեմ գիտէր ի՜նչ պիտի ընեմ։ (Անտարակոյս չէր գիտէր Արամին ըրած կարգադրութիւնը. եթէ գիտնար, կը մերժէր Ութը տասը օր է խենդի պէս եմ , խեղճը քովէս չի բաժնուիր։
       Ակներեւ էր ինձ, որ Տիկինը քիչ շատ սփոփանք կ՚զգար, երբ կը խօսէր, ամենայն հաճութեամբ կը լսէի իրեն։ Իմ կողմանէ հարցումներ կ՚ուղղէի շատ զգոյշ կերպով. այդ հարցումները կը վերաբերէին անցեալ դէպքերու։ Տիկին Սաթինիկի անցեալին վրայ ունեցած տեղեկութիւններս շատ անկատար էին։ Այդ երեկոյեան խօսակցութենէ տեղեկացայ շատ բան, զորս արդէն հաղորդեցի առաջին գլուխներուն մէջ։ Շատ մութ կերպով անցաւ իւր ամուսնութեան օրերուն վրայ. ո՛ եւ է ցաւ չէր յայտներ նոյնիսկ այս պահուն, Քերովբէ էֆէնտիէն բաժնուած լինելուն։ Միայն թէ երբ յիշեց, որ ինչպէս զոհած էր իւր անձն եղբօրը սիրոյն, խեղճին աչքերը լեցուեցան։
       —Եւ սակայն , ըսաւ , ամիս մ՚է եղբայրս վերադարձած է Բարիզէն եւ ոչ իսկ մի անգամ զիս տեսնելու եկաւ։ Ինքն ալ զիս կ՚արհամարհէ։— Ինձ համար , աւելցուց , դժբախտութիւն մ՚է, որ չեմ կարող անցեալ քաղցր յիշատակներու մէջ իսկ մխիթարանք մը որոնել։ Աղջկնութեանս օրերու երազներն են միայն, որ անոյշ են ինձ։ Կ՚ըսեն, թէ կեանքը երազ մ՚է. սխալ է, երազները քաղցր են, իսկ կեանքը դառն, գէթ որչափ ես փորձած եմ։
       Չէի գիտեր ի՛նչ պատասխանէի, մխիթարանաց բառ մը չէի գտներ. ի՞նչ յոյս տալ իրեն. կ՚ըսեն, թէ յոյսը մինչեւ մահուան մէջ իսկ չի լքաներ զանոնք, ոյք հազիւ ունին մի քանի րոպէներ ապրելու, եւ սակայն Սաթինիկի համար չէր նշմարեր յուսոյ յեցարան մը։
       —Չեմ գիտեր ի՞նչ ընեմ , կ՚ըսէր։ —Մեռնի՞լ կը փափագիմ, բայց չեմ կարող ինքզինքս սպանել, ձեռքս առաջ չերթար , դեռ շատ երիտասարդ եմ։ Ա՜խ, թէ բժիշկ եղբայրս քիչ մը գութ ունենա՜ր։ Կը քաշուէի գիւղակ մը, հոն գրքերու, դաշնակի եւ պտոյտի մէջ կը մոռնայի սիրտս, երիտասարդութիւնս. հանդարտիկ կ՚սպասէի մահուան։ Եղբօրս սէրը մխիթարանքս կ՚ըլլար. բաւական էր, որ մերթ ընդ մերթ ինձ այցելութեան գար եւ զիս սիրէր։
       —Բայց, Տիկին, այդ անկարելի չէ , ըսի, վերջապէս գոհ մնալով, որ գտայ պատասխանելու կէտ մը։— Այդ մասին եթէ կը հաճիք, կրնաք վստահ լինել, որ հարկ եղածը կրնամ խօսիլ ձեր եղբօրը։
       —Ո՛չ, աշխատանքդ անօգուտ կ՚ըլլայ. նա պէտք էր բնազդում ունենար, եւ գէթ Արամին բաժանումէն վերջ պէտք էր զիս մեղքնար։ Ես աշխարհի համար, առանց բացառութեան, այլ եւս արհամարհելի կին մ՚եմ։ Քանի որ Արամ ինձ հետ էր, վիճակս այսպէս չէր, ամուսինէ բաժնուած կին մ՚էի, եւ ունէի ուրիշ ամուսին մը. գէթ այսպէս նկատուելու իրաւունք ունէի։ Իսկ այժմ, ի՞նչ եմ։ Գիտէք, թէ ի՜նչ եմ, փոքրիկ դէպք մը պատմեմ։
       Երեկուան վիճակս անբացատրելի է։ Տարօրինակ զուգադիպութիւններ կան մարդուս կեանքին մէջ։ Առաջին դժբախտութիւնս Ս. Սարգսի օրն էր. այն օրն էր, որ զիս պսակեցին. մի քանի տարի վերջ նոյն օրն էր, որ կը պատահէր ամենամեծ վիշտս։ Արամ յաջորդ օրը կը պսակուի ուրիշի մը հետ։ Սիրտս շատ լեցուած էր. կ՚ուզէի լալ եւ չէի կարող։ Արեւը մտնելու մօտ էր, ա՛լ կարող չէի նստիլ. աղաչեցի այս կնոջ՝ միասին քիչ մը երկննալ. ելանք դէպի Ֆէրի-Քէօյի ճամփան երթալ։ Աղուոր վերջալոյս մը կար, շատ յուզուած էի։ Մեզմէ մի քիչ վեր տեսայ քանի մը սիրուն մանկիկներ, որ կը խաղային. խանդաղատեցայ անոնց երջանկութեան վրայ, սկսայ զանոնք շոյել, սիրել, իրենց մայրերը դրան առաջ էին. տեսայ, որ զաւակներնին ետ կը կանչէին, իբր թէ բորոտ մը լինէի, վշտացայ, քայլերս երագեցի, բայց ոչ այնչափ, որ ետեւես չլսեմ՝ Գէշն է, գէշը։ Քիչ մը կանգ առաւ, կուրծքը կ՚ելնէր կ՚իջնէր։ —Կը տեսնէ՞ք , շարունակեց , անմեղ երեխաներուն անգամ կ՚ուսուցանեն զիս արհամարհել։ Արդեօք տունն ալ այսպէս չէ՞։ Փոքրիկ քրոջս ու եղբայրներուս ալ այսպէս չե՞ն սորվեցներ։
       Այս խօսքերուն վրայ տարաբախտ կինը լռեց։ Ճակատը ձախ ձեռքին մէջ դրաւ եւ գլուխը ծածկեց. արեւը մարը մտնելու վրայ էր. իւր յետին դեղնած նշոյլները կը զարնէին Սաթինիկի տժգոյն երեսին, ի՜նչ մելամաղձիկ, ի՜նչ գեղեցիկ էր այդ դէմքն իւր ցաւոց մէջ. կարծես Դիցիանոյի Մագդաղինէն էր։ Սենեակին մէջ խոր լռութիւն կար։ Զգացի, որ այլեւս այցելութիւնս չէի կարող երկարել. խեղճ կինը հանգստանալու պէտք ունէր թերեւս։ Ոտքի ելայ մեկնելու։
       —Չեմ կարող խնդրել, որ աւելի նստիք , ըսաւ Տիկին Սաթինիկ , վասնզի ուրիշ տեղ պիտի երթաք, շնորհակալ եմ. յուսամ, թէ զիս չէք մոռնար։
       Խոստացայ շուտով երթալ եւ իրեն լուրեր տանիլ. յուսալիր էի, որ գոհացուցիչ լուրեր տանիմ։ Խորհած էի երթալ գտնել բժիշկ եղբայրն, ծանօթանալ անոր հետ, բացատրել նմա քրոջը վիճակը։ Երիտասարդ մը, որ երկար ատեն Բարիզ ապրած է եւ անդ հիմնական ուսում ստացած, այդ երիտասարդն հաւանօրէն ազնիւ զգացումներ ունի։ Արդեօք կարելի՞ է այնքան անսիրտ լինիլ մինչեւ արհամարհելու քոյր մը, որ զինքը գորովալիր սիրով սիրած է ու կը սիրէ։
       Մեկնեցայ Բանկալթիէն եւ Օրթագիւղ վերադարձայ բաւական գոհ սրտով, վասնզի կը հաւատայի , թէ կարող պիտի լինիմ բարեփոխել այդ տարաբաղդիկ կնոջ աւաղուկ վիճակը։