Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա.
       Թուրքիոյ հայոց արդի գրականութիւնը հայրենի երկրէն հեռու, օտար հողի վրայ աշխարհ եկաւ. ու դեռ հոնկէ կը հետամտի իր բարգաւաճմանը։ Պարզենք այն պատճառները, որոնք մեզի վտարանդի գրականութիւն մը տուին։
       ***
       Վերջին չորս դարերուն մէջ թրքահպատակ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու մտաւորական կեանքին կեդրոնը գաղթավայր մը եղած է Կ. Պոլիս։ Օսմանցիները Հայաստան եւ Անատոլու իրենց տիրապետութիւնը որքան աւելի տարածեցին, իրենց մայրաքաղաքն ալ այնքան աւելի գերակշիռ ազդեցութեամբ մը իշխեց Թուրքիոյ ընդհանուր հայոց վրայ։
       Կ. Պոլիս Թուրքիոյ մայրաքաղաքը հռչակուելուն պէս սկսաւ հայերը իրեն քաշել բազմադիմի առաւելութեանց հրապոյրովը։ Երբ Ֆաթիհ Բիւզանդիոնին տիրեց, հոն շատ քիչ հայ գտաւ. չորս դար ետքը Կ. Պոլիս 125, 000 հայ բնակիչ ունէր։ Նոյն ատենը յոյներուն թիւը 124, 000ի կը հասնէր. եւ անոնք երկրին բնիկներն էին։
       Թուրքիոյ հայերը օսմանցիներուն մայրաքաղաքը իրենց ալ ազգային մայրաքաղաքը համարեցան հետեւեալ պատճառներով։
       Կ. Պոլսոյ առումէն յետոյ, Ֆաթիհ հոն հայոց համար կրօնական նոր իշխանութիւն մը ստեղծեց՝ Պատրիարքութիւնը։ Հայ ազգը իր եկեղեցական կազմակերպութեանը մէջ չէր ունեցած իշխանութիւն մը Կ. Պոլսոյ հիմակուան Պատրիարքութեան նմանող։ Երեք կաթողիկոսութիւն, որոնց գերագոյնը Էջմիածնի Մայր Աթոռը, կը ներկայացնէին հայոց եկեղեցական նուիրապետութիւնը։ Մինչեւ Յովակիմին պատրիարքացումը, հայոց Եկեղեցիին կրօնական ու վարչական իշխանութիւնները ի մի ձուլուած էին. հայկական պատրիարքութիւն մը՝ սկզբնաւորութիւնը եղաւ այդ կեդրոնացման քայքայումին։
       Նորահաստատ Պատրիարքարանը, իբր վարչական իշխանութիւն, հետզհետէ իր իրաւասութեանը ենթարկեց երեք կաթողիկոսութիւնները, ինքը զուտ կրօնականին մէջ Էջմիածնի ենթարկուելով։ Ու երբ հայոց հոգեւոր կեդրոնավայրը ուրիշ պետութիւններու իշխանութեանը ներքեւ անցաւ, այն ատեն Թուրքիոյ հայոց հետ Էջմիածնի յարաբերութիւնները շատ սահմանափակուեցան։ Առաքում միւռոնի, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն Պատրիարքարանէն վկայեալ վարդապետներու, ահա գլխաւորապէս ինչ որ Կաթողիկոսին իրաւունքը մնաց։ Իսկ Պատրիարքը մեծամեծ առաւելութիւններ վայելեց իբր սուլթանին հպատակ հայոց պետն ու գլուխը։ Իրեն տրուած իրաւունքներուն ընդարձակութեամբը, կառավարութեան հանդէպ ստանձնած պարտականութիւններուն մեծութեամբը, Պատրիարքարանը Հայաստանի ու ամէն հայաբնակ նահանգներուն վրայ հզօրապէս ներգործող իշխանութիւն մը հանդիսացաւ հետզհետէ։ Ու օրին մէկն ալ մինչեւ իսկ Եւրոպայի առջեւ յանուն Հայաստանի խօսելու ձեռնահասութիւնը պիտի ունենար։
       Պատրիարքարանին քով կը սկսէր բարձրանալ ազդեցիկ դասակարգ մըն ալ, որուն զօրութիւնը նահանգները պիտի զգային։
       Այդ դասակարգին ծագումը Հայաստանի քաղաքներէն ու գիւղերէն էր։
       Կ. Պոլիս գաղթող հայերը հոն պիտի կրնային հարստանալու շատ նպաստաւոր պայմաններ գտնել։ Հայաստան ծովեզերքէն հեռու է. իր առեւտրական մթերանոցը, ինչպէս եւ ներածութեան ու արտածութեան մեծ պողոտան, Պոլիսը եղած է։ Պոլիսը առեւտրական կեդրոն, հայը՝ վաճառական ժողովուրդ՝ բնականաբար այն տեղ պիտի վազէր։
       Իսլամադէն պատերազմիկ ցեղն ալ պէտք ունէր, իր հիմնած նոր կայսրութեան բարգաւաճումին համար, հայուն պէս ժողովուրդի մը. ուստի շատ դիւրութիւններ ընծայեց մայրաքաղաքին մէջ հայոց թիւը ստուարացնելու համար։ Պրուսայէն՝ Թուրքիոյ նախորդ մայրաքաղաքը՝ հայ գաղթականութիւն մը 1461ին Պոլիս տեղափոխուեցաւ Ֆաթիհ Մէհմէտին հրամանովը։ Նոյն աշխարհակալը 1475ին Խրիմէն եւ 1479ին Գարամանիայէն բազմաթիւ հայեր Պոլիս փոխադրել տուաւ։ Ֆաթիհին յաջորդները շարունակեցին անոր հայասէր քաղաքականութիւնը։ Երբ Եավուզ սուլթան Սէլիմ Դավրէժը 1513ին առաւ, հոնկէ շատ մը հայ արուեստագէտներ Պոլիս ղրկեց։ Պարսիկներու եւ թուրքերու պատերազմները, 1554—1577, հայ նորանոր գաղութներու Կ. Պոլիս հաստատման պատճառ եղան։ Այսպէս, հայերը մերթ իրենց սիրայօժար հաւանութեամբը, մերթ դժբախտ հանգամանքներէ բռնադատեալ, կ՚երթային սուլթաններուն մայրաքաղաքը, շէնցնելու, եւ իրենք ալ շէննալու։
       Հայերը իրենց խելքովը, ճարտարութեամբը, աշխատասիրութեամբը եւ դիւրաթեք ողնայարովը յաջողեցան երկրին վարչութեան մէջ մեծկակ տեղ մը գրաւել։ Ու օր մը իրենց սեփականութիւնը եղան փողերանոցը, վառօդարանը, արքունական ու պետական ճարտարապետութիւնը։ Լեցուեցան Դուռը, դատարանները, վարչական ամէն պաշտօնատունները, դեսպանատունները։ Եկան տիրապետող ցեղին բարձրակից եղան կայսրութեան գերագոյն խորհուրդին մէջ, իբր վարիչ նախարարներ։ Իրենց յանձնուեցաւ նոյնիսկ սուլթանական գանձարանին մատակարարութիւնը։ Միեւնոյն ատեն հայերը Կ. Պոլիս ամենահզօր դիրք մը գրաւեցին անկախ ասպարէզներու մէջ, որպիսիք են՝ բժշկութիւն, փաստաբանութիւն, ճարտարապետութիւն, սեղանաւորութիւն եւ այլն։
       Հայերը Կ. Պոլիս զօրանալով ու թուրք նախարարներուն, ինչպէս եւ պալատին հետ ալ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով, հզօրապէս կ՚ազդէին թէ՛ նահանգային գործերուն, եւ թէ՛ ազգին ընդհանուր վիճակին վրայ։ Կ. Պոլսոյ այս զօրութիւնը բնականաբար մայրաքաղաքին ամենամեծ տեղ մը պիտի տար հայոց կեանքին մէջ։ Պոլիսը, իբր վարչական կեդրոն, մահմետականներուն համար որքան կարեւորութիւն որ ունէր, այնքան ալ— եւ շատ մը պատճառներով թերեւս աւելին ալ— ունէր հայոց համար. ուստի եւ հայերն ալ գործնականին մէջ զայն իրենց մայրաքաղաքը նկատեցին։
       ***
       Կ. Պոլիս Հայաստանի կեանքին մէջ իր ստացած գերակշիռ ազդեցութեամբը դարձաւ եղաւ նաեւ ցեղային միութեան կեդրոն մը հայ ազգին համար։ Հայկական ամէն նահանգ իր առանձին կեանքովը կ՚ապրէր, առանց ընդարձակ յարաբերութեան մէջ գտնուելու ուրիշ նահանգի հետ։ Ակնը Վանէն, Մուշը Սիսէն, Խարբերդը Բաղէշէն շատ հեռու էին։ Ո՛չ առեւտրական, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ մտաւորական հարկ մը իրարու կը մօտեցնէր իրարմէ լեռներով ու ձորերով անջրպետեալ ճանապարհազուրկ քաղաքները։ Պատմութիւնն ու Եկեղեցին հայ կը պահէին իւրաքանչիւր քաղաքը, իւրաքանչիւր գեղը, առանց սակայն ընդհանուր հաղորդակցութիւն մը հաստատելու ամէնուն միջեւ։ Ծայրահեղ ապակեդրոնացում, ուր հոգեկան անտեսանելի կապ մը միայն մեզ իրարու կը զօդէր։ Բայց երբ Հայաստան ու Անատոլու հետզհետէ Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմեցին ու անոր կեդրոնին հետ սերտ յարաբերութեան մէջ մտան, հայերն ալ իրենց քաղաքներէն ու գեղերէն հոն գալով սկսան իրար գտնել, իրարու միանալ։ Ա՛լ Սեբաստիա, Կարին, Մարզուան, Ատանա չկային։ Հայերը այլ եւ այլ թաղեր բնակելով իրարու կը խառնուէին «ընդ հովանեաւ (այսինչ) սուրբ եկեղեցւոյն»։ Այդ բոլոր սրբահպատակ թաղերը Պատրիարքարանի մը շուրջը կը բոլորուէին։ Պատրիարքարանը կ՚ըլլար կեդրոնաձիգ զօրութիւն մը, որ, ինչպէս Պոլսոյ թաղերը, նոյն եւ նահանգներն ալ իրեն կը քաշէր։ Ազգային Միութիւնն էր, որ կը պատրաստուէր։ Սահմանադրութիւնը Միութեան պսակումն եղաւ։ Իւրաքանչիւր նահանգի հայութիւնը— նոյնիսկ Հայաստանէն դուրս նահանգներունն ալ— ազգային կեանքի իր տեղական ինքնուրոյնութիւնը պահելով հանդերձ, անդին Պոլիս ալ իր երեսփոխանը ղրկելով կը միանար Հայ—Ազգայնութեան մարմնին։
       Առանց վարանումի կ՚ընդունինք, որ եթէ Հայաստանի ոեւէ մէկ քաղաքը կեդրոնավայր հանդիսացած ըլլար մեր միութեան, տարակոյս չկայ թէ բարիքը շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար։ Պիտի յառաջդիմէինք աւելի ազգային զարգացմամբ։ Բայց երբ աչքի առջեւ կ՚ունենանք Թուրքիոյ վարչական կազմակերպութիւնը, կը զգանք թէ անհնարին էր, որ Հայաստանի ոեւէ քաղաք մը կարենար Պոլսոյ մենաշնորհը իրեն սեփականել։
       ***
       Երբ Պոլիս, այդ օտար գաղթավայրը, պարագաներու անդիմադրելի բերմամբը Թուրքիոյ հայոց քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին, ինչպէս եւ ազգային միութեան ալ կեդրոնը կը հանդիսանար, բնական էր, որ մեր մտաւոր զարգացմանն ալ կեդրոնավայրը դառնար, ու հոն ծնէր մեր նոր գրականութիւնը։
       Տպագրութեան գիւտը մեր ալ մտաւորական զարգացումը պիտի արագէր։ Դժբախտութիւնը այն եղաւ, որ քաղաքական հանգամանքները մեր գրականութիւնը, ինչպէս եւ մեր մտաւորական յառաջդիմութիւնը, խոտորեցուցին կանոնաւոր բնաշրջումի ընթացքէն։
       Հայոց մէջ տպագրութեան ծաւալումէն առաջ, Հայաստան իր վանքերովը մեր մտաւորական պէտքերը կը հոգար։ Իսկ երբ հայկական տառեր ձուլուեցան ու հայկական գրքեր տպագրուիլ սկսան, վանքերուն մատենագրական պաշտօնը այլեւս պիտի վերջանար, եթէ իրենք ալ տպարան չունենային։ Չունեցան. հետեւանքը յայտնի է։ Բայց աշխարհականներն ալ տպարան չունեցան Հայաստան։
       Ի սկզբան շատ դժուարութիւններ կային Հայաստան տպարան մը հաստատելու համար։ Շոգենաւին գիւտէն յետոյ մամուլի փոխադրութեան աւելի դիւրութիւն կար, բայց թուրք իշխանութիւնը չթոյլատրեց Հայաստան տպարանի հաստատութիւն։ Գիրք կամ թերթ Հայաստանէն դուրս կարելի էր տպագրել։ Ուրեմն եւ մեր գրականութիւնն ալ հո՛ն պիտի հիմնուէր, ուր մամուլ կար։
       Պոլսոյ հետ Իզմիր ալ տպարան կրցաւ ունենալ, ուստի եւ Իզմիրի հայերն ալ մասնակցեցան նոր գրականութեան մը ստեղծումին։
       Իսկ Մխիթար Աբբան ալ հարկադրուած էր իր հիմնած Միաբանութիւնը Հայաստանէն, մինչեւ իսկ Թուրքիայէն ալ դուրս տեղաւորել։
       Այսպէս ահա, օտար հողի վրայ մեր հին գրականութիւնը կը փնտռէր իր ասպնջարանը, եւ օտար հողի վրայ կը ծնէր մեր նոր գրականութիւնը։